Акоп Паронян
Խիկար
Օրագրութիւն Խիկարի
ՕԳՈՍՏՈՍ
1 օգոստոս
Երուսաղէմի պարտուց ո՞րքան լաւ կը լինէր, եթէ պարտուցին տեղ միաբանութեան բառն գրուած ըլլար բարձման ի նպաստ հանգանակութեան խնդիրն յառաջիկայ ուրբաթ օրն ալ չպիտի կրնայ ներկայացուիլ Ազգ. ժողովոյ պատկառելի գրասեղանին, որովհետեւ Ազգ. վարչութիւն այս ամսին տեղեկութիւններ ունի քաղելու։
2 օգոստոս
Երուսաղէմի պարտուց վանուց ըսէ սըւոր, վանկերուն թիւն միեւնոյնն է բարձման յօգուտ հանգանակութեան խնդիրն Ազգային ժողովոյ պատկառելի յաջորդ նիստին ալ չպիտի կրնայ ներկայացուիլ, որովհետեւ պատրիարքարանն այս մասին իւր տեղեկութիւններն ամբողջացուցած չէ։
***
Երուսաղէմայ միաբան գէր. Տ. Երեմիա եպիսկոպոս, ս. Յարութեան տաճարին մէջ վարդապետ ձեռնադրեր է երեք աւագ սարկաւագ։
(Արեւելք)
Տժբախտութիւնն այն է, որ պարտուց հետ վարդապետներն ալ կ'աւելնան Երուսաղէմի վանուց մէջ, գոնէ սա վարդապետաց յաւելման առաջքն առնուէր, որ անոնց բարձման համար ալ յանձնաժողովներ կազմելու հարկին մէջ չգտնուէինք։
4 օգոստոս
Գարուն եւ Աշուն …
Կը վաճառուի Կ. Պոլիս Պահճէ քաբու ջրավաճառ Յակոբ աղայ Աղամալեանի քով։
Հեղինակն է պ. Տիգրան Պ. Սէթեան։ Պատիւ կամ առիթ չունեցանք տակաւին տեսնելու Գարունն եւ Աշունն, սակայն կարդացինք լրագրի մը մէջ անոր ծանուցումն, զոր կը փութանք տառագրել աստ մեր դիտողութիւններով։
Սոյն գրքոյկն կը բաղկանայ իննսուն եւ վեց երեսներէ եւ բաժանուած է կրկին մասերու։
Գրքոյկի մ՚իննսուն եւ վեց երեսներէ բաղկացումն եւ կրկին մասերու բաժանումն երաշխաւորութիւն մը չեն անոր հեղինակին արժանեաց։
Ա. «Գարուն», որ կը բովանդակէ երեսուն եւ հինգ կտոր տաղեր, որոնց առաջին չորս տաղերը հեղինակին կատարելութեան հասակին առաջին արդիւնքն են։
Եթէ գարունը հեղինակին կատարելութեան հասակն է, ըսել է թէ ամառն, աշունն եւ ձմեռն հեղինակին թերակատարութեան եղանակներն կը կազմեն։ Բայց հեղինակի մը գարունութիւնն եւս գրաւական մը չէ նորա տաղանդին. որքան հեղինակներ գարնան եղանակին մէջ ձմեռած են։
Նախաբանն Վահրամի ուղղեալ ուղերձ մ՚է։
Նախաբանները երկար տարիներէ ի վեր Վահրամի կը դիմեն։ Շատ հեղինակներ կը կարծեն, թէ կը բարձրանան, եթէ ականաւոր անձանց ուղերձներ գրեն. մինչդեռ, ըստ իս, բարձրանալու նպատակաւ ի գործ դրուած ասանկ փոքր ջանքերն են, որ կը տապալեն շատ հեղինակներ։ Նախաբանէն ալ ուրեմն պէտք չէ դատել գրքոյկին արժանիքն։
Տաղերու մեծ մասը, բնական եւ հոգեկան առարկայից կը վերաբերին…
Տաղերը կրնան վերաբերիլ շատ առարկաներու, սակայն հանճարն է, որ կը փայլի միշտ, նոյնիսկ ամէնէն չնչին առարկայից վրայ չափուած տաղերուն մէջ. ուստի ես չեմ կրնար հաւատալ, որ բնական եւ հոգեկան առարկայիg վերաբերեալ տաղերն միշտ գեղեցիկ եւ ընտիր ըլլան։
Եւ մի քանին ազգային ծանուցեալ քերթողներու ուղղեալ տաղերն են…
Ազգային ծանուցեալ քերթողներու հետ թղթակցութիւնն արգիլեալ չէ եւ ոչ մէկ բանաստեղծի. սակայն ես բնաւ չեմ ախորժիր այն տաղերէն, որ ծանուցեալ անձանց կ՚ուղղուին։
Օրհներգ մ՚առ Հիւկո եւ ընդունելութեան գաղղիերէն պատասխանագիր… Օրհներգ մ՚ալ առ սուրբ Աստուածածին, հատ մ՚ալ առ Հոգին Սուրբ հարկ էր գրել, գոնէ պատշաճից օրինաց դէմ չմեղանչելու համար։
Բ. Մասն է Աշուն, որ կը սկսի Արտօսրով մը…
Տ ա ՜ր Աստուած, որ ծիծաղով չվերջանար։
Կը պարունակէ տասն եւ մէկ կտոր դամբանական տաղեր, Մ. Պեշիկթաշլեանի եւ այլոց յիշատակին եւ ողբացեալ «Նահատակի» մը…
Միշտ ուրիշներուն կամ ուրիշներուն յիշատակին ուղղեալ։
Եւ ի վերջոյ հոգեխօս նամակ մ՚առ հեղինակն…
Եւ այսքան նամակներու մէջ մեզի բնաւ բարեւ չկայ։
Ահաւադիկ Գարուն եւ Աշունին ծանուցումն, որ ինչպէս յայտնի է, ուղերձներու ցանկ մը միայն կը ներկայացնէ մեզ եւ բնաւ չխօսիր բանաստեղծին այն տաղերուն վրայ, որ երբեմն հրատարակուած էին ազգային լրագրաց մէջ եւ որ ախորժակով կարդացուած էին։
Տարակոյս չկայ, թէ այս ուղերձներն այն անձանց, որոնց ուղղուած են` ճաշակին յարմար պիտի գան միայն, որովհետեւ ես, օրինակի համար, որ քանի մ՚ատենէ ի վեր սովորութիւն ըրած եմ աղերսագիր անուանել ուղերձն, բնաւ հաճոյք չպիտի զգամ կարդալով տաղեր` որ միոյն տաղանդին վրայ, միւսին գեղեցկութեանը վրայ եւ ուրիշի մը գանձին վրայ գովեստներ կը պարունակեն։ Այս ուղերձներն, ըստ իմ խոնարհ կարծեաց նամակով մ՚իրենց հասցէին ուղղուելու են եւ բնաւ ելնելու չեն հրապարակ։ Ասոնք են մեր դիտողութիւններն Գարուն եւ Աշունի ծանուցումին վրայ. եթէ գրքոյկն կարդալէն յետոյ զգանք մեր սոյն դիտողութեան աւազի վրայ հիմնուած ըլլալն` թոյլ պիտի տանք, որ կործանին անոնք. իսկ եթէ տաղերու մէջ գովեստ մ՚ալ մեզի համար գտնելու պատիւն ունենանք` բնականաբար պիտի փութանք յանձնարարել տաղասէր ընթերցողաց, որ հաճին երկերկու օրինակ գնել Աշուն եւ Գարունէն ։
10 օգոստոս
Բերայի գերեզմանատան յանձնախումբն մեծ գործունէութեամբ կը կատարէ իւր պաշտօնը։
Կ'ըսուի, թէ այս յանձնախումն կանոնագիր մ՚ալ պատրաստած է մեռելներու համար, այնպէս որ ամէն ննջեցեալ չպիտի կրնայ, առաջուան պէս, իւր ուզած տեղը պառկիլ, եւ մանաւանդ իւր ուզած ժամանակը մեռնիլ։ Մեռնողները պարտաւոր պիտի ըլլան տուրք մը վճարել իրենց կարողութեանը համեմատ եւ այն ալ մեռնելէն առաջ։ Լաւ փոսերն հարուստներու պիտի յատկացուին, իսկ աղքատներն չպիտի կրնան իրենց ոտքերն երկնցնելով հանգիստ պառկիլ, իրենց փոսին երկայնութեանը պիտի հաւասարեցնեն իրենց հասակը։ Միջին դասու համար ալ զատ թաղ մը պիտի սահմանուի, եւ այս թաղին օդն բարձր դասուն օդին չափ առողջարար չպիտի լինի բնականաբար։ Այս մասին ուրիշ շատ զրոյցներ եւս կը լսուին, բայց մենք կանոնադրութիւնն չտեսած՝ չենք ուզեր կարծիք յայտնել։ Չմոռնանք աստ յիշելու` թէ լրագիրք ոմանք ամենամեծ գովեստով կը խօսին յանձնախումբին վրայ եւ համոզուած են արդէն՝ թէ Բերայի գերեզմանատունն իւր մեռեալներովն օրինակելի տիպար մը պիտի հանդիսանայ ուրիշ գերեզմանատուներու։
Մենք ալ կը մաղթենք եւ կ'աղօթենք, որ յանձնախումբին քրտնաթոր վաստակներն առատօրէն պսակուին, եւ ազգն ալ մխիթարուի տեսնելով՝ որ եթէ ոչ իւր վարժարաններն, գոնէ իւր գերեզմաններն բարեկարգ վիճակի մէջ կը գտնուին։
13 օգոստոս
Մեր մտերիմներէն մին դիտել կու տայ մեզ՝ թէ Խիկար միշտ միեւնոյն զեղծմանց կ՚ուղղէ իւր նետերն։
Իրաւունք կ'ունենար մեր մտերիմն, եթէ միշտ միեւնոյն զեղծումներն չկրկնուէին ամէն օր։
17 օգոստոս
Քանի մը ամիս առաջ լրագիր մը պատուաստի ուսումն կը յանձնարարէր մեզ։ Երկու ամիս առաջ հեղինակ մը կը պնդէր, թէ մարդուս ամէնէն օգտակար գիտութիւնն գրական փիլիսոփայութիւնն է։ Յետոյ ուրիշ մը սկսաւ պոռալ` թէ ուղեղի ուսման անծանօթ մարդն կենդանիէն բնաւ տարբերութիւն չունի եւ ախոռի մէջ կապուելու արժանի է։ Ասոր յաջորդեց լեզուագէտ մ՚որ ամէն օր կ'ողբայ սանսքրիթն չգիտցողներն։ Առողջաբան մ՚ալ անդիէն կ՚աղաղակէ, թէ ակռաներն պահպանելու մասին տոքթոր Կալիբի հրատարակած տետրակը մեծ կարեւորութիւն ունի ուսանողաց համար։ Տնտեսագէտ մը արտասուք կը թափէ Կարնոյ չգիտեմ ո՛ր վարժարանին մէջ տնտեսագիտութեան դաս չգտնուելուն համար։ Բանաստեղծն կը փափաքի, որ իւր տաղերն բերնուց սորվինք եւ ճաշէն ետքը բարձր ձայնով արտասանենք։ Մին՝ եթէ կ'ուզէք մարդ ըլլալ, կ՚ըսէ. Ուղեւորութիւնս կարդացէք, անպիտաններ. ուրիշ մը իւր հնարած մազի ներկին գտած ընդունելութեան վրայ երկար ատենաբանութիւն մը կ՚ընէ. անդիէն գործակատար մը կը հրաւիրէ զմեզ, որ մեր կեանքն ապահովելու համար իրեն տասն ոսկի տանք ամիսն եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն…
Անհատ մ՚ասոնց ո՞ր մէկին հասնի։ Ես պատուաստի ուսումը չաւարտած` ստիպուած եմ հաւաբուծութիւն սորվիլ, որ օգտակար գիտութիւն մ՚է եղեր, եւ հաւաբուծութիւնն չլմնցուցած պիտի ստիպուիմ ակռաներուս ուսման, բաթաթեսի մշակութեան, սանսքրիթի եւ քիչ մ՚ալ ատաղձագործութեան պարապիլ, որովհետեւ ատաղձագործութիւնն ալ նետուելու բան չէ, կ'ըսեն։ Բայց ասոնց մէջ ալ չպիտի կրնամ խարիսխ նետել, որովհետեւ պիտի կարդամ լրագրի մը մէջ ուրիշ գիտութիւն մ՚որ ասոնցմէ առաջ ուսանիլ հարկ է ազգասէրի մը։ Վերջապէս մինչեւ որ գերեզման մօտենամ, այս ծանուցումներէն չպիտի կրնամ պրծիլ։ Ի՞նչ ընեմ, Պ. Ժուրտէն ։
***
Հրազդան Օրուան կեանքը վերնագրով յօդուած մը կը հրատարակէ այսօր Արեւելքի մէջ եւ Պ. Նորայրի եւ նորա Տիկնոջ կեանքը կը նկարագրէ։
Յօդուածին վերեւն կրնար Պ. Նոյրայրի կեանքը դնել։ Օրուան կեանքին տեղ, Գիշերուան կեանք ալ կրնար դնել։
Յօդուածն Վիպասանական ձեւով կը սկսի. «Յունիսի վերջին օրերն էին 1879 տարւոյ, երբ տեսանք Պ. Նորայրի Բառագրքին առաջին թերթը։ Հաշուեցինք այդ օրը, թէ երկու տարիներ հազիւ կը բաւէին աւարտելու համար Բառագրքին ամբողջ տպագրութիւնն»։
Իմ ճաշակիս համաձայն լինելու համար` սոյն յօդուածն հարկ էր սկսիլ այսպէս.
1879 տարւոյ յունիսն մերձ էր իւր վախճանին։
Արեւն տակաւ֊տակաւ ծալլելով իւր անզօր ճառագայթներն, անբիծ կուսի մը նուաղեալ դէմքն կը պատկերէր. եւ հրաժեշտ տալով իւր աթոռոյն` մեղմիկ կը սահէր կ'իջնար ամպածրար լեռանց ետեւէն իւր ապարանքն մտնելու եւ հանգչելու համար անդ։ Իւր փոխանորդն, լուսինն կ'ըսեմ, ինչպէս ամէն փոխանորդներ, իւր գլխաւորին աթոռն յափշտակելու համար կը սկսէր ինքզինքն ցոյց տալ, սակայն աստանդական ամպեր մերթ ընդ մերթ կը նսեմացնէին լուսնին երեսն եւ թոյլ չէին տար, որ կարենար լուսով ճաճանչել ծովն։ Խոր լռութիւն մը կը տիրէր, եւ այս խոր լռութեան մէջ էր, որ տեսանք Պ. Նորայրի Գաղղիերէն Հայերէն Բառագրքին առաջին թերթն, վարդի թերթն, որ շուրջ կը սփռէր եւ կը ծաւալէր իւր քաղցր բոյրն եւ… ի՞նչ վնաս ունի եւ… թոյրն։
«Դեռ աչքերուս առաջ պատկերացած կը տեսնեմ, կը շարունակէ Պ. Հրազդան, Միլվուայի Անկումն տերեւոցի հիւանդ երիտասարդը։ Դեռ ականջիս կը հնչէ ականջի հնչելն պաղէն յառաջ կու գայ կոմսուհւոյ մը մելամաղձիկ շեշտը Բովերո ճէովինէ, հէք երիտասարդ ըսելով»։
Հէ՜ք ականջներ…
«Այն ատեն դեռ տղայ էինք…»։
Ա՞յն ատեն ալ դեռ տղայ էիք… բայց ե՞րբ պիտի մեծանաք դուք։
«Անծանօթ էր մեզ մարդկային սիրտն. ի՞նչպէս կրնայինք որոշել հոգւոյ վիշտերն մարմնոյ ցաւերէն»։
Կ'երեւի թէ Պ. Հրազդան տրամածանօթութեան մէջ քաջ չէ։ Բայց մենք կը հասկնանք. կոմսուհին ալ Բառագիրք մը հրատարակելու երկունք ունեցեր է։
«Հեղինակներ… գոհ չեն ըլլար քիչ փառքով. իրենց սրտերուն մէջ կը սնուցանեն փառասիրութեան մեծագոյնը։ Անմահ լինել, այն է իրենց սրտի գեղձումն։ Ինչո՞ւ համար ըլլանք այնչափ անգութ, որ խռովենք զիրենք այդ անուշ երազներու մէջ, թող մոռնան պահ մը կենաց դառնութիւնները, թող արբենան պահ մը հաշիշով եւ երազեն»։
Համամիտ չեմ Պ. Հրազդանին։
«Շատ անգամ ներելի է մեզ, փորձառութեան օգնութեամբ ճշտել թուաբանական հաշուով, թէ ո՞յք կորնչական են, ո՞յք անմահ։ Այդ հաշիւներուն յենած կրնանք հաւատալ թէ դարերը գէթ շատ երկար ատեն իրարու պիտի փոխանցեն Նորայր անունը իբր այն սիւներէն մին, որոց վրայ անքոյթ եւ ապահով պիտի հանգչի հայ լեզուն եւ իւր հետ հայ անունը»։
Ահա նոր Պետրոս մը, նոր քար մը, նոր վէմ մ՚որու վրայ հաստատել կը փափաքի Հրազդան հայ լեզուին հիմերն, որ աւազի վրայ դրուած չեն արդէն, եւ ես չեմ ուզեր բնաւ հաւատալ, որ դարերն իրարու փոխանցեն Նորայր անունն, ըստ որում Հրազդանի հաւատքն ունենալու համար հարկ է փափաքիլ, որ հայ գրականութիւնն շարունակէ արդի ողբալի վիճակն։
«Ո՞վ ի մէնջ արդեօք երախտապարտ չպիտի մնայ այս համեստ անուան»։
Խիկար տակաւին պէտք չզգաց երախտապարտ մնալու այս համեստ անուան, զոր կը յարգէ։
Երախտագիտութիւնն երախտիք վայելելէն ետքը կու գայ, եւ այն օրէն յորում իւր Բառարանէն բարիք տեսնելու բախտն պիտի ունենայ, երախտագիտական զգացումներն պիտի փութայ յայտնել, այսինքն այն օրէն, յորում Պ. Նորայրի բառարանին մէջ փնտռուած բառին համանիշ հայերէն բառն գտնելու պիտի արժանանայ։
«Ո՞րքան բառեր, ո՞րքան բացատրութիւն, որոնց գոյութիւնն չէինք գիտեր, որոնեց Նորայր եւ գիւտ մ՚ըրաւ մեր լեզուին համար»։
Պ. Հրազդանի կը մնայ օգուտ քաղել Նորայրի այնքան բացատրութիւններէն եւ այնքան բառերէն, զորս կը փափաքէինք հրատարակուած տեսնել Արեւելքի մէջ… եւ չենք կարծեր, որ այնքան բառերն եւ այնքան բացատրութիւններն, եթէ կան իրօք, Արեւելքի մէկ սիւնակն կարենան գրաւել։
Պ. Հրազդան կը վերջացնէ իւր յօդուածն ըսելով.
«Նորայր այն անունն է, որուն երախտապարտ պարտինք մնալ»։
Այո՛, բայց Ազգային ժողովոյ մէջ հարցապնդում ընելու է, եւ ժողովոյն որոշմամբն պաշտօնապէս երախտապարտ մնալ պարտք է։
10 սեպտեմբեր
Երէկ կատարուեցաւ Սամաթիոյ ազգային վարժարանաց պարգեւաբաշխութեան հանդէսն։
«Վաթսունի չափ քննիչք հաստատած են, թէ անցելոյն հետ բաղդատմամբ յոյժ յառաջադէմ վիճակ մ՚ունեցեր են աշակերտք այս տարի»։
Վաթսունի չափ քննչաց կողմէ տրուած վկայութեան վրայ կասկածելու պատճառ մը չունինք։ Տեսնուած չէ քննիչ մը, որ հարցաքննութեան մը ներկայ գտնուի, հոն աղէկ մը ուտէ, խմէ եւ յետոյ քննչաց տետրակին մէջ արձանագրէ, թէ անցելոյն հետ բաղդատմամբ յոյժ յետամնաց վիճակ մը ունին աշակերտք։ Եւ նախ անքաղաքավարութիւն է ասանկ վկայութիւն մը տալն, երկրորդ` այդ քննիչն եւ ոչ մէկ դպրոցէ մը կը հրաւիրուի յաջորդ տարին։
Քսանըհինգ տարիէ ի վեր շարունակ կ'ըսենք. «Անցելոյն հետ բաղդատմամբ մեր վարժապետներն հսկայաքայլ յառաջդիմած են»։
Չեմ գիտեր, թէ անցելոյն մէջ ի՞նչ կ՚ուսանէին աշակերտք, արդեօք փայտ կտրելու դասագի՞րք կը կարդային, թէ ձկնորսութիւն կը սորվէին։
Քիչ մը անկեղծ ըլլանք, պոլսեցի եղբարք իմ ի շողոքորթութիւն, եւ խոստովանինք, թէ Պոլսոյ թաղային վարժարաններն, քիչ բացառութեամբ, ողբալի վիճակի մէջ կը գտնուին տակաւին. եւ զայս խոստովանելէն ետքը, աշխատինք զանոնք բարեկարգ դրից բարձրացնել։ Անցեալն, որ ոչ լեզու ունի եւ ոչ բերան, բասրելով, պարսաւելով ի՞նչ կը շահինք…
11 սեպտեմբեր
Տարօրինակ երազներ բաւական խնդացուցին զիս երէկ գիշեր։
Տեմոսթէն անունով կառավարի մը կառքով ճաշարան մը գնացի եւ տեսակցութիւն մ՚ունեցայ խոհարարի մը հետ, որուն անունն էր Սոկրատ։ Եւ այս կառավարն ու այն խոհարարն բնաւ չէին կարմրեր ունենալնուն համար անուններ` որ չէին համապատասխաներ իրենց պաշտօնին, եւ այնպիսի վարք մ՚ունէին, որ իրենք զիրենք Տեմոսթէնին ու Սոկրատին արժանի յաջորդներ կը կարծէին։
Զարմանալի են մարդիկ երազներու մէջ…
Անունն Սոկրատ, արուեստը խոհարար…
Նմանօրինակ պարագայի մէջ անունս կը փոխէի ես անմիջապէս։
Բայց միթէ ամէն մարդ ինձի պէս կը խորհի՞. միթէ դուք ալ չլսեցի՞ք, թէ քանի մը հարուստներ, որ հազիւ կրնան անսխալ խօսիլ իրենց մայրենի լեզուն, ազգային գիշերօթիկ վարժարանի մ՚ուսմանց ծրագիր պատրաստելու վրայ են։
Եւ այս հարուստներն ուխտ ըրած են իրենց մէջ չընդունիլ դասատուներ։
Երկաթէ, ափիոնէ, բուրդէ, լեղակէ, ոսկորէ եւ կտաւէ շինուած ուսմանց ծրագիրներով չեն կարող իրենց ազգասիրութեան յագուրդ տալ այդ հարուստներն, որ այնքան երկար ատենէ ի վեր արգելքներ կը յարուցանեն Կեդրոնական վարժարանի բացման դէմ։
14 սեպտեմբեր
Բանաստեղծք ոմանք, երբ կորուսնեն իրենց կինն, զոր իրենց հոգւոյն հատորն կը կոչէին եւ որուն զոհել կը կարծուէին նոյնիսկ իրենց կեանքն, անմիջապէս հնգավանկ ոտանաւոր մը կամ տաղ մը կամ քերթուած մը կամ դիւցազներգութիւն մը կը հրատարակեն եւ կը վազեն ուրիշ կնկան մը հետ կարգուելու, այսինքն հոգւոյ երկրորդ հատոր մը գնելու։
Երանի բանաստեղծից ոմանց, որ հնգոտն տաղով մը գիտեն սփոփանք եւ մխիթարութիւն գտնել իրենց ցաւոց։
Այս բանաստեղծից ոմանց հոգին ո՞րքան հատորներ ունի։ Ասոնց սէրն ո՞րքան շուտ կը ծնի եւ որքան վաղ կը մեռնի։ Միթէ բանաստեղծի մը սէրն իւր առարկային հող դառնալն տեսնելու պէս մոխի՞ր դառնալու է…
Ըստ այսց բանաստեղծից ոմանց պուէտ մը կրնայ քսան կնկան հետ ամուսնանալ եւ ամէնուն վրայ մէյ֊մէկ տաղ գրելով զանոնք սիրած ըլլալ, որպէս Պօղոս զՎիրգինիայ։
Այս տեսակ բանաստեղծութիւնն ըստ իս ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ յանգաւոր վայրենութիւն։
ԱՌԱԿ
ԾԵՐՆ ԵՒ ՄԱՀԸ
Եզովբոս կը պատմէ, թէ աղքատ ծերունի մը փայտ կտրելու համար անտառ կ'երթայ օր մը։ Բեռ մը կտրելով շալակը կ՚առնէ եւ գիւղը դառնալու համար ճամբայ կ՚ելնէ։ Բեռան ծանրութիւնը մէկ կողմէն, արեւու ջերմութիւնն միւս կողմէն որովհետեւ հովանոց չունի եղեր կը յոգնեցնեն խեղճն, որ բեռն վրայէն նետելով կը պոռայ. «Օ՛ մահ, եկո՛ւր, առ հոգիս եւ ազատէ զիս»։ Մահն որ այն ատենները կանչուելուն պէս կու գար եւ հիմակուանին պէս նազլը չէր անմիջապէս կը ներկայանայ ծերունւոյն եւ կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ զիս կանչեցիր»։ Ծերունին կը պատասխանէ. «Կանչեցի, որ սա Խիկարը կարդաս ինձի քիչ մը»։ Մահը կը կարդայ Խիկարն ։ Այն օրէն ծերունին կը զօրանայ, աւելի ծանր բեռներ կը տանի առանց յոգնելու, բնաւ չկանչեր մահը, ոչ թէ միայն մահը չկանչեր, այլ նաեւ մահէն կը կանչուի եւ չերթար, մինչեւ որ հարիւր յիսուն տարեկան խոր ծերութեան մէջ կը ննջէ։
Խիկարի տարեկան գինն է երկու արծաթ մեճիտ ԿԱՆԽԻԿ։
Դիմել Մեհմետ բաշայ խան, թիւ 18 գրասենեակը։
ԻՐԵՐԱԳՈՎ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՊԷՏՔԸ
Մեծապէս հրճուեցանք այն գովեստներէն, զոր մեր բարեկամներէն ոմանք բարեհաճեր էին Խիկարի հրատարակութեան առթիւ ընել մեր տաղանդին վրայ։ Քանի քանի անգամներ բերկրութեամբ եւ ախորժանօք կարդացինք այն տողերն, որ մեր տաղանդին համար գովեստ կը պարունակէին. քառասուն անգամ կարդացինք այն գովեստները, զորս վարպետութեամբ մեզ ծանօթ եւ անծանօթ ազգայնոց ալ կարդալ տուինք։ Շնորհակալ ենք մեր բարեկամաց անկեղծ զգացումներէն եւ կը խոստանանք այժմէն, թէ մենք ալ պիտի գովենք զիրենք երբ առիթն ներկայանայ կամ եթէ չներկայանայ իսկ։
Պ. Գրասէր Ատոմ ալ, որ Երկրագունդի առաջին թուոյն մէջ ըսելով հանդերձ թէ «Գրեալ էր, որ Երկրագունդի տնօրէնութիւնն ինձ յանձնուի» թէեւ Երեմիային մէջ չկարդացի գուշակութիւն մը, որ յայտնէր թէ Երկրագունդի տնօրէնութիւնն Պ. Գրասէր Ատոմի պիտի յանձնուի 1884֊ին գովեստով խօսած էր Երկրագունդի նախորդ տնօրէնին, իմ վրայ, եւ յայտնած էր թէ Երկրագունդի նախորդ տնօրէնն առաջին գրիչներէն մին է։ Մեծ ուրախութեամբ կարդացի, սիրելիդ իմ Ատոմ, գրչիս մասին ձեր համակրական զգացմանց անկեղծ արտայայտութիւնը։ Շնորհակալ եմ ձեր ազնիւ զգացումներէն։ Դուք մեծ մարդ էք, անհուն հանճարի տէր քերթող մ՚էք եւ ձեր մուսաներն դիւանագիտական լեզուն ալ կը խօսին։ Եթէ առաջին գրիչներէն մէկն եմ, որքան աւելի քան զառաջին, առաջին գրիչներէն մէկն պարտիք ըլլալ դուք, օ՛, սիրելիդ իմ Ատոմ, դուք, որ ձեր մէկ յօդուածով կարծեաց մէջ անմիջական փոփոխութիւն յառաջ կը բերէք։ Որքան բարձր էք դուք, որ գողտրիկ բառերով եւ անոնց գեղեցիկ հիւսուածքով գեղատեսիլ հատուածներ կը յօրինէք ի զմայլումն եւ ի յափշտակումն հոգւոյ, մտաց, սրտի, ականջին եւ մանաւանդ աչաց։ Ընդունեցէ՛ք, կ'աղաչեմ, իմ փոխադարձ գովեստներս եւ վստահ եղէք, որ միշտ երախտապարտ պիտի մնամ ձեզ։ Ապերախտ չեմ ես Նորայրի պէս, որ ձեր գովեստներն յափշտակելէ յետոյ զլացաւ ձեր տաղանդէն ու հանճարէն երկու տող… պսակ։ Շատ լաւ ըրիք անոր այս ապերախտութիւնն հրապարակ հանելով։ Եւ ի՜նչ պատասխան տուաւ ձեզի։ Պատասխան մ՚որ բնաւ գոհացուցիչ չէ։ Ինքզինքն բառարանին տուած է եղեր եւ այդ պատճառով ժամանակ չէ ունեցեր ձեր Գրական եւ իմաստասիրական շարժումն գովելու, եւ թէ բառարանն ամբողջացնելէ յետոյ պիտի գովէ եղեր զձեզ։ Ո՜հ, խե՜ղճ Գրասէր, բառարանին լմննալուն սպասէ, որ գովաբանուիս եւ փառաբանուիս։ Միթէ Պ. Նորայր չէ՞ր կրնար, եթէ ուզէր, իւր զբաղմունքէն քանի վարկեան գողնալ զքեզ գովելու համար։ Կրնար, բայց չուզեց։ Աղօթք ընէ թող Նորայր, որ քեզի պէս հեզահամբոյր եւ համեստ գրասէրի մը հետ է գործը, եթէ Եւրոպայի մէջ պատահէր այս դէպքը մենամարտութեան հրաւէր կ'ընդունէր։ Ի՜նչ կը նշանակէ մէկէ մը գովեստ կորզել եւ չհատուցանել. կամ առած գովեստները ետ տալու է եւ կամ անոնց փոխարէն գովեստ կարդալու։
Ա՜հ, սիրելիդ իմ Ատոմ, ինչո՞ւ կը դրուատես դուն ալ այն անձը, որմէ դրուատուելու մասին երաշխաւորութիւն առած չես կանխաւ… դաս մը ըլլայ այս դէպքը։ Գոնէ ապագային մէջ չխաբուելու համար, եկուր ընկերութիւն մը կազմենք եւ իրերագովութեան վերաբերեալ կանոնագրութիւն մը խմբագրենք։ Այդ ընկերութեան դու նախագահէ՛, եւ վերցո՛ւր, կ'աղաչեմ, այդ անպատեհութիւններն, որ իրերագովական խնդիրներէ կը ծագին ամէն օր։
Ես ալ վերջապէս համոզուեցայ, թէ առանց գովեստի ապրիլ կարելի չէ խումբ մը մարդոց, ուստի կարգ եւ կանոն մը դնենք, որպէսզի ամէն մարդ ըստ կանոնագրութեան զիրար փառաւորէ։
Գիտցի՛ր, սիրելիդ իմ Ատոմ, եթէ հակառակիս այս ընկերութեան կազմութեան, գիտցիր, որ պիտի ստիպուիս առաջուան պէս ինքզինքդ գովել։
ՀԱՄՈՎ ՀՈՏՈՎ
Շնորհակալութեամբ ստացանք արժ. Գարեգին Վ. Սրուանձտեանցի մէկ նոր երկասիրութիւնն՝ որոյ առաջին թերթերն քիչ մ՚անհամ թուեցան մեր քմաց։
Այգեստանին արժ. սոխակն իւր երգերն կը սկսի նախ ներբող մը գեղգեղելով առ վսեմ. ասպետ Աստուածատուր Ջունթ` որոյ արդեամբք ի լոյս ընծայուած է արժ. մեկենասեալին համով հոտով գործն։ «Բարերարութիւնն, կ՚ըսէ Մանանայի հեղինակն առ Մանանայի հեղինակին Մեկենասն, աղբիւրի կը նմանի թէեւ բնաւ չնմանիր եւ կը յաւելու, թէ վսեմ. ասպետ Աստուածատուր Ջունթ այդ աղբեր ակն եղած է իրեն, թէ վսեմ. ասպետն, որ Համով Հոտովի տպագրութեան ծախքն հոգալ բարեհաճեր է, ոսկւոյ տաղանդին հետ կը կշռէ նաեւ գրական տաղանդն, թէ պատիւ կը բերէ ազգին, թէ նշանակիր է պատուեալ ի պետութեանց եւ կը վերաբերի պատուաւոր արանց դասուն, թէ Աւստրիոյ կայսրութեան երկաթի թագին ասպետ, հանդերձ ազնուականութեամբ պսակուած է անձին արժանեօք եւ թէ եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն»։
Դիտելի է, թէ վսեմ. ասպետ Ջունթ Համով Հոտովի տպագրութեան ծախքն հոգալէն ետքը չէ, որ սկսաւ ոսկւոյ տաղանդին հետ կշռել նաեւ գրական տաղանդն, պատիւ բերել ազգին, եւ պատուաւոր արանց դասուն վերաբերիլ։
Սոյն առաջին երգէն յետոյ գրական արժ. հնահաւաքն կը հրատարակէ մի քանի նամակներ, որոց մէջ պ. Ս. Մանդինեան կը յայտնէ, թէ Սրուանձտեանց իբրեւ մատենագիր արդէն պատուաւոր եւ արժանաւոր տեղ կը բռնէ մեր մատենագրութեան պատմութեան մէջ. պ. Դելփեան` թէ Սրուանձտեանցի գրքոյկներն անգին գանձեր են. Հ. Ս. Տէրուիշ եան` թէ Սրուանձտեանցի հրատարակութիւններն մեծ կարեւորութիւն ունին անոնց համար, որ համեմատական լեզուաքննութեան հետամուտ են, եւ պ. Գ. Խալաթեանց` թէ Սրուանձտեանց իւր թանկագին ժողովածուներով գերազանց ծառայութիւն կը մատուցանէ ազգին։ Այս նամակներն հրատարակած ժամանակ արժ. հեղինակն չմոռնար անոնց հեղինակաց վրայ ծանօթութիւններ տալ եւ ըսելու.
«Ս. Մանդինեան վկայեալ մանկավարժ է, յաջողակ գրագէտ եւ ծանօթ իւր համբաւով «…»։
«Հ. Ս. Տէրուիշեան վերապատուելին քաջածանօթ է ազգային բանասիրաց… հայերէն գործածեալ քանի բառից բաղդատական եւ քննական ընտիր յօդուածներով»։
«Պ. Գ. Խալաթեան այժմ կը վարէ պ. Մ. Էմինի բաց թողած բարձր պաշտօնը»։
Սակայն ինքզինքն գովելու նպատակաւ չհրատարակեր այդ նամակներն, այլ պարզապէս պատիւ մ՚ընելու համար միայն անոնց հեղինակաց։
Իւր անձնական գործերն կարգադրելէ յետոյ հեղինակն կը սկսի վերջապէս իւր Համով Հոտովն, որ չորս ճաշակի բաժնուած` Քանի մի քաղցրութիւններ, Վասպուրական եւ իւր գաւառներն, Հեքիաթներ եւ Գեղջկական երգեր կը պարունակէ։
Առաջին ճաշակով արժանապատիւ հեղինակն իւր գրչին յատուկ հրապոյրով եւ քերթողական խանդ ու եռանդով կը պարզէ ընթերցողին առջեւ տեսարաններ, որ կենդանի գոյներով նկարուած են եւ որ մերթ լեռներ, բլուրներ կը ներկայացնեն, մերթ հիանալի ծովակ մը, մերթ անտառներ, մերթ հին յիշատակաց աւերակներ ի տես կը հանեն։ Գրական եւ տեղագրական տեսակէտով առաջին մասն գեղեցիկ է, թէեւ հեղինակին գրիչն երբեմն կը թռչի հոն, ուր հազիւ շարժիլ պէտք է եւ դանդաղ կը քայլէ հոն, ուր վազել հարկ է։
Երկրորդ ճաշակով կը ծանօթացնէ ընթերցողն Վասպուրականի եւ անոր գաւառաց, երկրագրական առատ տեղեկութիւններ տալով անոր։
Երրորդով կը պատմէ մեզ Հեքիաթներ, որք, ինչպէս կը խոստովանի ինքն, հայոց մամիկներու անգիր մատեաններէն գաղափարուած են։
Չորրորդին մէջ գիւղացիներն են, որ խումբեր կազմած այլ եւ այլ երգեր կ'եղանակեն ու կը պարեն։
Արժ. հեղինակին այս երկասիրութիւնն եւս, ի բաց առեալ անոր առաջին թերթերն, տարակոյս չկայ, թէ ամէն ազգայնոց ընթերցման արժանի է, սակայն այսպիսի գործեր, որ այլ եւ այլ նիւթոց հաւաքածոյ են, գրական հանդէսներու մէջ հրատարակուելու են մաս֊մաս, որպէսզի ամէն բանասէր, աշխարհագիր եւ գրագէտ ազգայինք կարդան զանոնք առանց ձանձրանալու եւ օգտուին։
ԿԱՐԵՒՈՐ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ՊԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆԸ
Լրագրաց մէջ կը կարդանք, թէ ազգային բժիշկ մը` չեմ գիտեր որո՞ւ դեղարանին մէջ յաջողութեամբ կը լուայ եւ կը մաքրէ եղեր իրեն դիմողներուն ստամոքսը։
Աւելորդ է ըսել, թէ ի՛նչ օգտակար ծառայութիւն մը կը մատուցանէ այս գործիքն մահկանացուաց։
Աւելորդ չէ սակայն ըսել, թէ որքան գործիքներ կը պակսին դեռ, գործիքներ, որ օգտակարագոյն ծառայութիւններ կրնային մատուցանել հայ մահկանացուած, եթէ ունինք դեռ հայ մահկանացուներ, եթէ դեռ չանմահացան անոնք։
Օրինակի համար. գործիք մը այսինչ յօդուածագրին սիրտը լուալու համար գործիք մը այնինչ խմբագրին միտքը լուալու համար. գործիք մը ազգային առկախ մնացած հաշիւները լուալու եւ մաքրելու համար. գործիք մ՚Երուսաղէմի վանքը լուալու եւ անոր պարտքը մաքրելու համար. գործիք մը մաքրելու համար ազգայինս ոմանս այն արատէն, զոր քսած են ինքեանք իրենց վրայ, ընդունելով գովեստներ, որոնց բնաւ արժանի չէին, գործիք մը մաքրելու համար ընդհ. ժողովն այն երեսփոխաններէն, որ կը հոտեցնեն ատեանը, գործիք մը… բայց այս գործիքներուն վերջը չգար, մաքրուելու եւ լուացուելու կարօտ ազգայնոց թիւն այնքան ստուար է, որ եթէ գործարան մը մեզի համար միայն աշխատէր՝ քանի մը տարուան մէջ միլիոնատէր կ'ըլլար։
Սպասելով, որ այն գործարանն հաստատուի, կ'աղաչենք այդ բժշկին, որ առ այժմ գոնէ սա Մշակին բերանը քիչ մը մաքրէ։
Հ. Գ. Հաստատուելու վրայ է, թէ բերանի ապականութիւնն ստամոքսի պարապութենէն յառաջ կու գայ։