Акоп Паронян
Կսմիթներ
2
***
28 յունուար 1878
Ժամանակաւ իմաստասէրին մէկը ըսած է. «Քի՛չ խօսէ ու շա՛տ մտիկ ըրէ»:
Թէպէտ եւ որոշ չգիտցուիր, թէ իմաստասէրն ո՛ր պարագայի մէջ ըսած է այդ խօսքը, բայց կը կարծուի, թէ տասը կանգուն երկայնութեամբ յօդուածներ գրող խմբագիրներէն մէկուն ըսած ըլլայ. հաւանական է նաեւ, որ պարտատէրն իրմէ ստակ ուզելու գացած ըլլայ եւ անոր ըսած ըլլայ. կրնայ ըլլալ, որ… բայց ի՞նչ փոյթ մեզ, որու ուզէ, թող անոր ըսած ըլլայ, բաւական է, որ այդ խօսքը շատ իրաւացի խօսք մըն է, որովհետեւ շատ խօսողները բան մ՚ալ չեն խօսիր, ամէնէն շատ խօսողներն ամէնէն քիչ խօսողներն են, ասիկա այնչափ յայտնի ճշմարտութիւն մ՚է, որ դեսպան մ՚անգամ չկրնար ուրանալ:
Ուրիշ իմաստասէր մը մեր իմաստասէրին այս խօսքին շատ հաւնելով` քայլ մ՚ալ ինք առաւ եւ ըսաւ.
«Բնաւ մի՛ խօսիր ու շարունակ մտիկ ըրէ»:
Եւ թատրոնին վարագոյրը գոցուեցաւ:
Վեցամսեայ լռութեամբ ազգին եւ կառավարութեան մեծ ծառայութիւններ մատուցանելէ ետեւ` եթէ այսօր ընթերցողացս կը ներկայանամ` չկարծուի թէ խնդալու դիտաւորութեամբ է, որովհետեւ խնդալն արգիլուած է` իբրեւ վնասակար հասարակաց բարոյականութեան. այլ կսմթելու ու միմիայն տեսածներս պատմելու նպատակաւ Մասիսի ստորոտը կ՚իջնամ այսօր, աղաչելով մեր ընթերցողները, որ խնդալէ զգուշանան եւ զաւեշտ բառը բնաւ չարտասանեն:
Այս յայտարարութիւնն ընելէ ետեւ պզտիկ դէպք մը պատմելով կը կնքենք մեր յառաջաբանն, որ կնքուած զինադադարին պէս անհասկնալի բան մ՚եղաւ:
Երկու բարեկամ ճաշարանի մը մէջ կը ճաշէին անցեալ շաբթու:
Մանչուկ, հոշապ մը բեր, ըսաւ մին:
Հոշապը հայերէն չունի՞, հարցուց միւսը:
Զաւեշտաջուր, պատասխանեց ընկերը:
Անանկ է նէ` մի՛ խմեր, հասարակաց բարոյականութեան վնասակար է եղեր, ըսաւ բարեկամը:
Ահա այսպէս վնասակար ճանչցուած են այն ամէն բաները, որ քիչ մը զաւեշտով խառնուած են:
***
Ընթերցող, դիպուածը անանկ բերաւ, որ ես ալ, շատ մը վառվռուն հայ երիտասարդաց պէս, քրիստոնեաներէն զինուոր առնուելու խօսքին վրայ հիւանդանամ եւ երկու ամիսի չափ տունէս դուրս չելլամ. բայց երբ անցեալ շաբթու իմացայ, որ Բ. Դռնէն պատրիարքարան գրուեր է այդ զինուորագրութեան առայժմ ետ մնացած ըլլալը, դիպուածը անանկ բերաւ, որ վրաս քաջութիւն մը գայ եւ քիչ մը դուրս ելլեմ:
Աստուա՛ծ իմ, մայրաքաղաքս որչափ փոփոխութիւն կրած է:
Ոչ թէ բան մը ծախելու, այլ բարեկամներէս մին տեսնելու համար, առջի օր ոսկերիչներուն շուկայէն անցնիլ հարկ եղաւ:
Բարեկամս փնտռելու միջոցին` երկայնահասակ մարդուն մէկը երկայնահասակ խաչ մ՚ի ձեռին առջեւս ելաւ. իսկոյն գլուխս բացի եւ ինչպէս որ օրէն է, երեսս խաչակնքեցի: Հազիւ թէ երկու քայլ առի, երկու կարճահասակ մարդ ձեռւընին մէյ մէկ բուրվառ բռնած դիմաւորեցին զիս. խաչ մ՚ալ հանելով երկրպագութիւն ըրի եւ ճամբաս շարունակելու չմնաց, քշոցներով երկու երեք հոգի դէմս ելան: Մէկ կողմ քաշուելով Հայր մեր մը կարդացի, վրան ալ աղուոր մը «Տէր, եթէ զշրթունս իմ բանաս» մը աւելցուցի եւ սկսայ ինքնիրմէս մտածել, թէ ոսկերչաց շուկային մէջ ե՛րբ եւ որո՛ւ արդեամբ շինուեր են շարժական մատուռները: Ժամ մը ետքը հարցունելով տեղեկացայ, որ այս մատուռները սլաւութեան հակառակ ըլլալով թշնամւոյն մօտենալը տեսնելնուն պէս` Պոլիս գաղթեր են:
Ճամբաս շարունակեցի դէպի Սիրքեճի: Աստուա՜ծ իմ, այս որչա՜փ աւանակ, որչա՜փ կով, որչա՜փ ձի… մարդս ինքզինքն ախոռի մէջ կը կարծէ… գաղթականէն աւելի անասուն… եւ որչա՜փ աժան… քսաննոց թուղթի պզտիկ էշ մը, մինչդեռ ֆինո մը կամ Վանայ կատու մը գնել ուզես` վեց հարիւրնոց թուղթէն պակաս չես կրնար առնել:
Շիտակը խօսելով, աժանութեանը չկրցի դիմանալ, կատուի տեղ պզտիկ էշ մը առի եւ տուն տանելով, սենեակս դրի: Հետեւեալ օրը մեծ զարմանօք տեսայ, որ մուկ մը եւ կատու մը բռներ է. ուստի եւ տուներու մէջ պահուելու արժանի խոնարհ անասուն մ՚է: Միայն մէկ յանցանք մ՚ունի, բազմոցներու եւ բարձերու մէջ խոտ չձգեր, կ՚ուտէ կոր… այնչափ անօթի է խեղճը: Իր ընթացքէն չկրցի գուշակել, թէ` սլաւութեան հակառա՛կ է, թէ՛ համամիտ: Ուստի որոշեցի որ Նիկողոս մարգարէին դիմեմ օր մը եւ սանկ պզտիկ գուշակութիւն մ՚ընել տամ:
Ընթե՛րցող, առիթէն օգուտ քաղէ. ասանկ աժանութիւն քսան տարին անգամ մը կը պատահի: Ես օգուտ քաղեցի եւ պարծանօք կրնամ ըսել, թէ Արեւելեան խնդիրէն ուրիշները ինքնօրինութիւն, անկախութիւն եւ… թիւն վերջաւորութեամբ ուրիշ բաներ վաստկեցան, ես ալ գոնէ իշու մը տէր եղայ, եւ կարծեմ թէ պատմութիւնն ալ քիչ մը կարեւորութիւն կու տայ այս բանին:
Խաղաղութեան հրեշտակը վերջապէս եկաւ Չորլուէն… շոգեկառքով:
Ամէն մարդ կ՚ուրախանայ, բայց ես չեմ ուրախանար, որովհետեւ հրեշտակներու վրայ համակրութիւն չունիմ. որովհետեւ անոնք անոր ասոր հոգին առնելու համար կու գան, կ՚երթան:
Այս անգամուան հրեշտակը հոգի չպիտի առնէ, դրամ պիտի առնէ եղեր:
Գոնէ սա հրեշտակը համոզէինք ու թղթադրամ քշէինք:
***
Թայմզ կ՚ըսէ.
«Ռուսիա իր յապաղումներովը մեծ սխալ կը գործէ»:
Ես կ՚ըսեմ.
«Անգղիոյ` յապաղմամբ գործած սխալին հետ մրցելու համար է»:
Թագուհին սռնակապի պատուանշանը տալ ուզեր է Լորտ Պիքոնսֆիլտի, բայց նա չէ ընդուներ:
Եթէ ես ըլլայի Լորտ Պիքոնսֆիլտի տեղ` կ՚առնէի սռնակապն ու բաչաներս կը կապէի:
***
Ձեզի բան մը ըսե՞մ. հրապարակի վրայ պիլեթներէն աւելի սուտ կը պտտի կոր, բայց բարեբախտաբար այս սուտերէն մէկ քանին Թերսհանէի պիլեթներուն պէս մարդ չընդունիր կոր:
Կը յիշէ՞ք, անցեալները երկերկու քսաննոց թուղթ տուինք Չէքմեճէի մօտերը շինուած ամրութեանց համար. արդ, հիմա կ՚ըսեն թէ` Ռուսիա առաջարկած է եղեր, որ այդ ամրութիւնները աւրուին, եւ մենք ալ նորէն երկերկու քսաննոց թուղթ պիտի տանք եղեր անոնց աւրուելու ծախուցը համար:
Ես այս զրոյցին չհաւատացի, մանաւանդ անոր համար չհաւատացի, որ Ռուսիա այս առաջարկութիւնը չըրած` անձրեւները զանոնք աւրեցին:
Ըսելիքս սա է, որ ամէն խօսքի հաւատք ընծայելու չէ:
31 յունուար 1878
Աչւընիս լո՜յս… ինչպէս որ սովորութիւն եղած է, կռուին հաշտութիւն պիտի յաջորդէ, ինչպէս որ հաշտութեան ալ նորէն կռիւ պիտի յաջորդէ:
Երկու հոգի մեր կողմէն, երկու հոգի ալ մեր բարեկամ Ռուսիոյ կողմէն քիչ օրէն Ադրիանուպոլսոյ մէջ հաշտութեան նախնական սկզբունքը պիտի պատրաստեն եղեր:
Նախնական սկզբո՜ւնք… դեռ ինչե՜ր պիտի լսենք, Աստուա՜ծ իմ… բնագիտութեան, քիմիաբանութեան նախնական սկզբունքը լսած էինք, բայց հաշտութիւնը լսած չէինք:
Դասագի՞րք պիտի շինեն այս մարդիկը, ի՞նչ պիտի ընեն. արդեօք գեր. Խորէն եպիսկոպոսի հրատարակած քրիստոնէականներուն պէս նախ Նախնական հաշտութիւն ու վերջն ալ Կրթական հաշտութի՞ւն մը պիտի հրատարակեն:
Իմ խելքս չհասնիր, միայն սա կը տեսնամ, թէ համառօտ հաշտութիւն մը պիտի հրատարակենք առայժմ, եւ եթէ ժողովրդեան կողմէն լաւ ընդունելութիւն գտնէ, այն ատեն ընդարձակ հաշտութիւն մը պիտի հրատարակուի:
Սպասենք:
***
Վայրկեանէ վայրկեան հիւրերու կը սպասենք, թէ՛ ցամաքէն ու թէ՛ ծովէն… պալոնով գալիք հիւր չունինք:
Մէկ երկու օրէ ի վեր զրոյց կը պտտի, թէ` Անգղիոյ նաւատորմիղը նեղուցէն մտեր է, թէ նորէն ելեր է, թէ ետքը դարձեալ մտեր է, թէ վերջը նորէն ելեր է: Եթէ այս զրոյցներուն ամէնն ալ իրաւ են, ըսել կ՚ըլլայ, թէ Անգղիոյ նաւատորմիղին հրամանատարը հրահանգ ընդունած է իր կառավարութենէն, որ պարապ չնստի ու նեղուցէն մէյ մը մտնէ, մէյ մը ելնէ:
Տար Աստուած, որ սա նաւատորմիղին սպասելու տեղ մը որոշուէր ու մենք ալ գլխու ցաւէն խալսէինք:
Ընթե՛րցող, տարիէ մը ի վեր է այս նաւատորմիղին խնդիրը գլուխնիս ուռեցուց:
Նաւատորմիղը նախ եւ առաջ Պեշիքա եկաւ: Իր գալուն հետեւեալ օրը խորհրդարանին մէջ հարցում մ՚եղաւ. նաւատորմիղը ինչո՞ւ Պեշիքա գնաց:
Լորտ Տերպի կարծելով, թէ նաւատորմիղին Պեշիքա սպասելը աղէկ տպաւորութիւն չըրաւ ժողովրդեան, հրաման ըրաւ, որ Մալթա երթայ, եւ գնաց:
Հետեւեալ օրը ա՛ռ քեզի հարցապնդում մ՚ալ.
Նաւատորմիղը ինչո՞ւ Մալթա գնաց:
Լորտ Տերպին այս հարցապնդումին վրայ նորէն Պեշիքա ղրկել տուաւ նաւատորմիղը:
Նորէն հարցում մը.
Ինչո՞ւ նաւատորմիղը Պեշիքա գնաց:
Ա՛լ մարդուս համբերութիւնը կը հատնի, մարդի՛կ, ըսես իրենց, սա նաւատորմիղը ձերն է, նաւատորմիղ ըսածդ ալ մարգագետնի մէջ չպահուիր, այլ ծովու վրայ. տեղ մը որոշեցէք ու հոն մնայ: Այս չըրին, այլ միայն հարցապնդումով մարդը շուարեցուցին մինչեւ հիմա:
Շատ հաւանական է, որ այս անգամ ալ հարցապնդումներ եղած ըլլան, թէ ինչո՛ւ նեղուցէն մտեր է, թէ ինչո՛ւ նեղուցէն ելեր է. Լորտ Տերպիի ալ ճարը հատնելով, իրեն ուղղուած հարցապնդումին համեմատ՝ նաւատորմիղին մէյ մը նեղուցէն ելնելու, մէյ մը մտնելու հրաման ղրկած ըլլայ, եւ այս է պատճառը, որ նաւատորմիղը մէյ մը ներս կը մտնէ, մէյ մը դուրս կ՚ելնէ կոր:
Տեսնենք, սա կատակերգութեան վերջը ո՛ւր պիտի երթայ:
***
Չմոռնանք ըսելու, որ Անգղիոյ նաւատորմիղին պէս մենք ալ չերքեզներն ունինք, որոնց համար չենք կրնար կոր բնակելու տեղ մը գտնել:
Եւրոպայի կողմէն դուրս ելնեն անոնք, կ՚ըսեն: Կառավարութիւնը Եւրոպայի կողմէն բերել կու տայ եւ Ասիոյ կողմը կը ղրկէ:
Ասիոյ կողմն ալ չենք ուզեր, կ՚ըսեն:
Ո՞ւր ղրկենք:
Եւրոպայի եւ Ասիայի կողմերը մի՛ ղրկէք տէ, ուրիշ ո՛ր կողմ կ՚ուզէք նէ` ղրկեցէք: Փառք Աստուծոյ, տեղ չկայ չէ՛ եա:
Զարմանալին հոն է, որ օսմ. երեսփոխանական ժողովն ալ չկրցաւ իւր վերջին նիստերէն մէկուն մէջ որոշում մը տալ այս մասին:
Լսածնուս նայելով` մեր ազգէն ալ քանի մը կրօնաւոր ամեն. ս. պատրիարքին երթալով, աղաչեր են աղաչել Բ. Դուռը, որ հայաբնակ գիւղերն ալ չղրկուին:
Ըստ մեզ` այս առաջարկութիւնը պարապ բան է:
Կառավարութիւնն իսկ եթէ ղրկել ուզէ` չերքեզները չեն երթար, ինչու որ հայաբնակ գիւղերուն մէջ գողնալու բան չմնաց: Իսկ եթէ կայ` այն ատեն ալ քիւրտերը չեն թողուր, որ չերքեզները մօտենան, որովհետեւ իրենց շահուն կը դպչի…
***
Դիւանագէտներ, թագաւորներ, կայսրեր, ամէնքը միաբերան «Քրիստոնէից վիճակին բարւոքում» կ՚ըսեն, ի վերայ այսր ամենայնի ես իմ վիճակիս մէջ բարւոքում մը չեմ կրնար կոր տեսնել։ Արդեօք ինձի՞ այնպէս կու գայ կոր, որովհետեւ կ՚ըսեն` թէ մարդս որչափ ալ երջանիկ ըլլայ, դարձեալ իր վիճակէն դժգոհ կ՚ըլլայ. արդեօք նախանձելի վիճա՞կ մ՚ունիմ, կ՚ըսեմ կոր երբեմն ինքնիրմէս, սա մտածութեամբ` թէ դիւանագէտները իմաստուն մարդիկ են, եւ հարկաւ, իմ վիճակս ինձմէ աղէկ գիտեն:
Բայց ոչ, սկեպտիկութիւնը մէկդի, իմ վիճակս պուլղարի մը վիճակէն աղէկ չէ:
Եթէ այդպէս է, քրիստոնեայ չես: Քանի որ քրիստոնէից վիճակի բարւոքում կ՚ըսեն եւ քու վիճակդ չեն բարւոքեր, ըսել կ՚ըլլայ թէ` կա՛մ վիճակդ բարւոքելու պէտք չունի, կա՛մ քրիստոնեայ չես:
Իմ վախս ալ ան է. վիճակիս բարւոքումը իրենց ըլլայ, քրիստոնէութիւն մը ունէի` գոնէ ան մէջ չխաղայ. թերեւս ապագային պէտք կ՚ըլլայ… Ռուսիոյ:
***
Տոքթոր Ա…ը կը տեսնէ՞ք կոր:
Բնաւ տեսած չունիմ, կ՚երեւայ որ պահւըտած է:
Ինչո՞ւ:
Վախէն:
Չերքե՞զ է, որ վախէն պահւըտի:
Չերքեզ չէ, բայց չերքեզներէն աւելի մարդ մեռուց այս ձմեռ:
Մեծ. Համբարձում էֆ. Ալաճաճեան.
Տիրասէր բառը, որ հայոց համար յաճախ կը գործածես, սահմանադրութեան եւ ազատութեան դարուս մէջ խիստ անախորժ կը հնչէ կոր ականջիս, որովհետեւ գերիներու, ստրուկներու եւ շուներու համար կը գործածուի ընդհանրապէս այդ քու սիրած բառդ:
Ներեցէք համարձակութեանս, բայց կը խնդրեմ, որ եթէ կարելի է, պզտիկ զոհողութիւն մը ընելով` այդ բառը չգործածէք այսուհետեւ հայոց ազգին համար:
Որով մնամ առաջուան պէս
Յ. Յ. Պարոնեան
***
Ւ՞նչ է, ի՞նչ կայ, ի՞նչ կ՚ըլլանք կոր, ի՞նչ է եղեր:
Բան մը չէ, պուլղար աղջիկ մը:
Ո՞ւսկից առիք:
Աճի Չեշմէի մահալլեպիճիին խանութէն:
Մահալլեպիճին աղջի՞կ ալ կը ծախէ կոր:
Ոչ, չերքեզ մը յափշտակեր է եղեր ու…
Անկարելի է:
Տանիմ ըսելնի…
Սուտ է:
Ըսելնիքէն քա…
Սխալ է:
Քանի մը պուլղարներ տես…
Զրպարտութիւն է:
Տեսեր ու առեր են:
Չեմ հաւտար:
Ինչո՞ւ:
Մեղայ ըսէ, իսլամ մը անանկ բան կ՚ընէ՞, տղա՞յ ես:
Ինչո՞ւ:
Քասթանպոլուի երեսփոխան Մուսթաֆա էֆենտին անցեալ նիստին մէջ ըսեր է, թէ չերքեզները իսլամ ըլլալով, ոճրագործութիւններ չեն կրնար ըրած ըլլալ, հետեւաբար իրենց վրայօք պտտած զրոյցները զրպարտութիւն են:
Եթէ այդպէս է, չեմ պնդեր, թերեւս աղջիկը գողցած է զչերքեզն:
***
Միտքս բան մը կայ, չմոռցած հարցունեմ:
Ո՜վ դուք, որ դրամանիշ կ՚առնէք, վերջը ի՞նչ կ՚ընէք այդ դրամանիշները. ես առածներս կը պահեմ կոր, որովհետեւ մարդ չառներ կոր:
Երէկ Թերսհանէի դրամանիշը չէր անցներ. Ինչո՞ւ. Որովհետեւ կեղծն է հրատարակուեր եղեր: Այսօր ալ Թաթաւլայինը չեն ընդուներ. Պատճա՞ռ. Որովհետեւ կեղծն է տպուեր: Վաղն ալ Շիրքեթի եւ կամ ուրիշ տեղի մը դրամանիշը չպիտի քալէ. Ինչո՞ւ. Որովհետեւ կեղծը պիտի ելնէ:
Ճաթելու կէտը այն է, որ կեղծը ելած ըլլալուն համար իսկն ալ չեն ընդունիր, չընդունելէն զատ կեղծն իսկէն կամ իսկը կեղծէն զանազանելու համար դիւրութիւն մ՚ալ չեն ցցուներ, որ ես ալ քովս գտնուածներուն կեղծ ըլլալը կամ չըլլալը հասկնամ: Սատանան առնէ մեղքերնին, բայց ինձ այնպէս կը թուի, թէ` դիտմամբ չեն ցցուներ կեղծին ու իսկին մէջի տարբերութիւնը, որ իրենց հանածներն ալ չընդունին:
Եթէ այս ընթացքը յաջողի, վաղը ես ալ յանուն Մասիսի տպարանի 50. 000 ղուրուշի դրամանիշ պիտի հանեմ շրջաբերութեան. եւ ամէնքը քշելէն ետքը` «էֆենտիմ, ատոնց կեղծն են շիներ» ըսելով, մէկն ալ չպիտի ընդունիմ:
Եւ մինչեւ հիմա չընելս կարծեմ քիչ մը անխոհեմութիւն է:
***
Հիմա հարցուր ինձի թէ` մինչեւ հիմա ի՛նչ ըրեր եւ ի՛նչ կ՚ընես:
Առաքեալին ըսածը կ՚ընեմ կոր. «Լալ ընդ լացողս, խնդալ ընդ խնդացողս»:
Ըսենք թէ` Մուստաֆա էֆենտին կը տեսնեմ, որ տխուր նստեր ու կը մտմտայ, ես ալ դիմացը կը նստիմ տրտում տխուր ու կը սկսիմ մտմտալ: Անդին կ՚երթամ, կը տեսնեմ, որ Եանչո աղան Բեթքոյին հետ ձեռք ձեռքի տուած կը պարեն կամացուկ մը Բեթքոյին քովը կ՚երթամ ու «ձեռքդ ինձի տուր» կ՚ըսեմ, ձեռքէն կը բռնեմ ու կը սկսեմ պարել:
Իսկ եթէ մէկը տեսնէ զիս` եւ հարցունէ, թէ ինչո՞ւ կ՚ուրախանաս, կը պատասխանեմ. ուրախանալու բան մը չունիմ, խնդացողներու հետ խնդացած ըլլալու համար է, որ կ՚ուրախանամ:
Տեսնե՛նք, առաքեալը ի՛նչ վարձատրութիւն պիտի ընէ ինձ` իւր խօսքը կէտ առ կէտ գործադրած ըլլալուս համար:
***
Լրագրաց մէջ նաւատորմիղի վերաբերեալ ծանուցում մը կարդացի՞ր, ընթերցող. Պեշիքայի ու Կ. Պոլսոյ մէջտեղ նաւատորմիղ մը կորսուած է, գտնողին մեծ պարգեւ պիտի տան եղեր:
Մինչեւ այսօր այդ նաւատորմիղին ո՛ւր ըլլալը չգիտնալնուն վրայ կը զարմանամ կոր. ես ծանուցումը կարդալուս պէս ո՛ւր ըլլալը իսկոյն գտայ:
Ըսե՞մ ձեզի, թէ ո՛ւր է այդ կորսուած նաւատորմիղը, պարգեւը առնել կու տա՞ք ինձի:
Այո՛, ըսէ՛, եւ շո՛ւտ ըսէ:
Չերքեզներուն քովն է:
5 Փետրուար 1878
Անգղիական նաւատորմիղը վերջապէս գտնուեցաւ:
Կղզիներուն առջեւը եկեր նստեր է… առաջ գալու կ՚ամչնայ կոր:
Ինչո՞ւ եկաւ այս նաւատորմիղը:
Հանգիստ եղիք, չարութիւն ընելու համար եկած չէ, բարութիւն ընելու համար ալ եկած չէ, միմիայն Արեւելքի մէջ իւր պատիւը կոտրել չտալու համար եկած է եղեր:
Անգղիոյ կառավարութեան ըսեր են եղեր թէ` եթէ քու նաւատորմիղդ Պոլիս չկարենաս մտցնել, մեծ պզտիկութիւն կը հրաւիրես վրադ:
Է՜հ, ընթերցո՛ղ, մէկը քեզի ասանկ խօսք մը ըսէր նէ` հարկաւ դուն ալ պզտիկ մնալ չէիր ուզեր ա՛:
Կ՚ըսուի թէ Գաղղիոյ եւ Իտալիոյ կառավարութեանց ալ նաւատորմիղները քիչ օրէն պիտի գան, որպէսզի անոնք ալ պզտիկ չմնան…
Ի՞նչ հարկ կայ աս ու ան պզտիկ ձգելու… թոյլ տալու է որ մեծնան:
Գոնէ Ռումանիան, Սերվիան ու Սեւ Լեռն ալ` պզտիկ չմնալու համար` նաւատորմիղի տեղ տասնական կտոր կառք ղրկեն:
Ռուսիան ալ ըսած է եղեր, թէ` ի՛նչ նպատակով որ Անգղիոյ նաւատորմիղը ներս մտաւ, նոյն նպատակով ես ալ պիտի մտնամ:
Դո՛ւն ալ հրամմէ:
Ով դուք, որ ուրիշի քով երբեմն պզտիկ մնացած էք, եւ որ կեանքերնուդ մէջ բնաւ մէկու մը քով պզտիկ իյնալ չէք ուզեր, ելէ՛ք ամէնքնիդ ալ հոս եկէք:
Ըսելիք մնա՞ց:
***
Օսմ. երեսփոխանական ժողովոյ առժամանակեայ կերպով դադրելուն վրայ ի՞նչ կարծիք ունիք:
Ես շատոնց ի վեր, ատոր բացուած օրէն ի վեր, կը գուշակէի, որ այս ժողովն օր մը կա՛մ երեք ամսուան համար պիտի գոցուի եւ կա՛մ բոլորովին պիտի խափանի:
Հարցուր հիմա ինձի թէ` ի՞նչպէս կը գուշակէիր:
Ի՞նչպէս կը գուշակէիր:
Որովհետեւ, կ՚ըսէի ինքնիրմէս, Թատրոնիս մէջ ոչ թէ նախարարի մը` այլ օտաճիի մը դէմ եթէ երկու խօսք ընէի` իսկոյն ամիս մը կը դադրեցնէին Թատրոնը. իսկ եթէ քիչ մը ծանր կոխէի` կը խափանէին զայն: Ասոնք ինքնիրենս ըսելէս ետքը սա եզրակացութիւնը կը հանէի, թէ՝ քանի որ այս երեսփոխաններէն ոմանք չերքեզներուն դէմ, նախարարներուն դէմ ծանր ու երկար ճառեր կը խօսին, անպատճառ լրագիրնին պիտի գոցուի օր մը: Մինչեւ անգամ կ՚ըսէի մտօքս, թէ ասոնց տարեկան երկու հարիւր թուղթ ալ տրուելու չէ, որպէսզի յաջորդ երեսփոխաններն ազատախօսութեան եռանդնին քիչ մը չափաւորեն` մեզնէ օրինակ առնելով:
***
Մինչդեռ կառավարութիւնք զօրք, նաւատորմիղ եւ այլն կը ղրկեն հոս իրենց շահն ու պատիւը պաշտպանելու համար, Չամուրճեան մեծիմաստ պատուելին ալ բառատորմիղ մը կը ղրկէ Փունջին գեր. Նար֊Պեյի Նախնական եւ Կրթական Քրիստոնէականները որպէս թէ պաշտպանելու համար:
Չամուրճեան պատուելին ո՛րչափ ալ կեղծէ թէ՝ գեր. Նար֊Պեյի Քրիստոնէականներուն պաշտպան հանդիսացած է, զինք ճանչցողները չեն խաբուիր. եւ գիտեն թէ` այդ Քրիստոնէականներուն վնասելու նպատակով է, որ մեծիմաստ Պատուելին զանոնք կը պաշտպանէ ըստ առածին թէ` Պատուելիէն պաշտպանուած գրքերը դպրոցներէն կը մերժուին:
Կ՚ըսեն թէ` Պատուելին շատոնց ի վեր առիթի կը սպասէ եղեր գեր. Նար֊Պեյին չարիք հասցնելու համար. սատանան ներկայացուց առիթը, Պատուելին ալ չփախցուց զայն:
Կ՚ըսուի նաեւ թէ գեր. Նար֊Պեյ միտք ունի դատ բանալ եւ իր Քրիստոնէականներուն տպագրութեան ծախքը Պատուելիէն պահանջել:
***
Երկու տող ալ բժշկական:
Աւետիս անոնց, որոնց որովայնը խիստ պինդ ըլլալով, զօրաւոր լուծողական դեղերու կարօտութիւն ունին:
Այս օրերս անանկ զօրաւոր լուծողական դեղ մը գտնուեր է, որ ծայրայեղ որովայնապինդ մարդոց անգամ ազդեցութիւն կ՚ընէ կոր: Այս դեղը հակառակ իր զօրութեան, շատ ալ աժան է, այնքան աժան, որ պէտք չունեցողն ալ կրնայ առնել:
Արդ, այս դեղը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ կովու միս, որ այս օրերս օխան ի գին 100 փարայի կը ծախուի գրավաճառներու քով… մսավաճառներու քով պիտի ըսէի:
100 փարայ տալով, մարդ կրնայ տասը քսան հոգիի լուծում տալ, մինչդեռ եթէ դեղագործի երթաս՝ 8֊10 ղրուշ պիտի տաս մէկ հոգւոյ համար, եւ այն դեղն ալ շատ անգամ օգուտ չըներ: Իմ ըսած դեղս անանկ երկու երեք անգամ լուծում տուողներէն չէ, այլ շաբաթներով, ամիսներով եւ եթէ առաջքը չառնես՝ տարիներով կը քշէ…
Աղքատաց համար աղուոր առիթ… ձեռքէ փախցունելու չգար:
***
Տեսարանն է Էմին֊Էոնիւ:
Յոյնին մէկը բազմութեան մէջ իւր ձեռքը սխալմամբ քովինին բաճկոնին գրպանը տանելով` ժամացոյց մը առնելու միջոցին կը բռնուի:
Իսկոյն ոստիկան մը կը հասնի:
Ինչո՞ւ կը բռնէք կոր, ի՞նչ ըրի ես, կը պոռայ յոյնը:
Առանց ամչնալու կը պոռա՞ս կոր ա՜լ:
Ինչո՞ւ չպիտի պոռամ, թող տուէք օձիքս, ի՞նչ ըրի ես…
Ի՞նչ պիտի ընես, սա մարդուն ժամացոյցը կը գողնայիր կոր, անոր համար բռնեցինք:
Անանկ է նէ` ասոնք ինչո՞ւ չէք բռներ կոր, ըսաւ գողը, շուրջը գտնուած չերքեզներն ու պաշըպոզուքները ցուցընելով:
Լռէ՛:
Թո՛ղ տուէք օձիքս, ճանը՛մ, ես ալ կամաւոր եմ:
Քալէ՛:
Աս ի՞նչ անիրաւութիւն է… հաւասարութիւն կ՚ըսեն եւ խտրութիւնը չեն վերցըներ:
***
Ոչ ոք կարէ երկուց տերանց ծառայել:
Մենք շատ ժիր մարդիկ ըլլալու ենք, որ այսօրուան օրս երկու տէրերու կը ծառայենք, եւ անանկ տէրերու, որոնց բնաւորութիւնն իրարու ա՛յնքան ներհակ են, որքան որ ջուրը կրակին կամ որքան որ Արեւելեան Մամուլը Չամուրճեան պատուելիին: Օրինակի համար, եթէ մին հոս եկուր ըսէ` միւսը` անդին գնա կ՚ըսէ, եթէ անդիինը ել ըսէ, ասդիինը նստէ կ՚ըսէ: Ասոնց որի՛ն հրամանը կատարել, որի՛նը չկատարել, ո՛րն ընդունիլ, ո՛րը մերժել…
Ծառայել֊ կ՚ըսեմ նէ` անոնց սպասաւորութիւն կ՚ընենք ըսել չեմ ուզեր, սխալ չհասկցուի. ըսել կ՚ուզեմ թէ` եւ ոչ մէկուն սիրտը կոտրելու համար՝ հետերնին անուշութեամբ կը վարուինք, ինչպէս որ քաղաքավարութիւնն ալ այսպէս կը պահանջէ:
Մին ինձի կ՚ըսէ.
Գնա սա մարդուն ըսէ, որ հոս գայ:
Հազիւ թէ կ՚երթամ ըսելու` միւսը ետեւէս կը կանչէ ու կը հրամայէ.
Գնա՛, ըսէ սա մարդուն, որ հոս չգայ:
Հիմա դուն իմ տեղս եղիր ու գործ տես նայիմ:
Ի՞նչ ընեմ, ես ալ երկուքին ալ խօսքը հաւատարմութեամբ տեղը տանելու համար կ՚երթամ այդ մարդուն կ՚ըսեմ.
էֆենտիմ, նախ եկուր, յետոյ մի՛ գար, ու նոր հրահանգի սպասէ:
Ես ալ քու տեղը ըլլամ նէ` ո՛րը քեզի աւելի շահաւոր է` ան կ՚ընդունիմ, միւսը կը մերժեմ:
Ահա դժուարութիւնն ալ հոտ է: Եթէ երկուքէն որին աւելի շահաւոր ըլլալը գիտնայի, ըսածդ մինչեւ հիմա կ՚ընէի. առայժմ երկուքէն ալ վնասէ ուրիշ բան մը տեսած չունինք:
Ի վերայ այսր ամենայնի, ինձի այնպէս կը թուի, թէ քանի մը տէր ալ աւելի ըլլայ նէ` պիտի կարենամ ծառայել:
Ձեզի ի՞նչպէս կը թուի:
***
Պարոն Կլատսթընին պէս ես ալ ամէն օր մէյ մէկ հարցում պիտի ընեմ:
Պատասխան տուէք…
Մայրաքաղաքիս բոլոր կառավարները ազգային քաղաքապահ զինուո՞ր գրուած են, թէ քաղաքապահ զինուորները կառավար եղած են:
Քանի մը օր առաջ յիսունի չափ կառք տեսայ իրարու ետեւէ, որոնց վարիչներն էին քաղաքապահ զինուորները:
Մէկէն ի մէկ ապշեցայ մնացի, քանզի, թէպէտ եւ ձիաւոր զօրք տեսած էի, բայց կառավար զօրք տեսած չունէի: Թերեւս, կ՚ըսէի ինքնիրենս, այս խումբերը նոր կազմուած ըլլան:
Ի՞նչ ընելու համար:
Պատերազմական հմտութիւն չունենալովս հանդերձ՝ վերջապէս որոշում տուի, թէ կառքով պատերազմի չերթցուիր, անպատճառ ուրիշ բան մը ըլլալու է, եւ կառքին ետեւէն գացող մէկու մը հարցուցի.
Ո՞ւր կ՚երթան այս կառքերը:
Չգիտեմ:
Ինչո՞ւ չգիտես:
Անդին գնա, պէ մա՛րդ:
Ինչո՞ւ անդին երթամ:
Ես ցաւ չունիմ տէ, երկու սահաթ կայնիմ քեզի խօ՞սք հասկցնեմ:
Ինչո՞ւ ցաւ ունիս:
Երկար ըրիր:
Ինչո՞ւ երկար ըրի… ըսէք կ՚աղաչեմ, այս կառքերը ո՞ւր կ՚երթան կոր:
Էֆենտիմ, մուհաճիր կը կրեն կոր:
Մուհաճիր կու գայ, մեր կառքերը կ՚առնեն, մուհաճիր կ՚երթայ, մեր կառքերը կը գործածուին, վիրաւոր կու գայ, մեր կառքերը կ՚ուզեն, վիրաւոր կ՚երթայ, մեր կառքերը կը տանին. հաց կու գայ, մեր կառքերը կու գան կ՚առնեն, հաց կ՚երթայ դարձեալ մենք կը տանինք. հասկցա՞ր հիմա:
Հասկցայ, շնորհակալ եմ. աղէկ ա՛, առուտուր բացուած է ձեզի… ձրի չէք աշխատիր կոր ա՛… ձրի ալ ըլլայ նէ` ի՞նչ վնաս ունի եղեր… նեղ օրերու մէջ ամէնքնիս ալ հայրենեաց օգնելու ենք:
Անանկ է եա՛…
Դուն ո՞ւր կը նստիս կոր. կառքը ո՞ւր պիտի տանիս վերջը:
Պեյօղլու:
Կառքը անանկ ալ պարապ պիտի երթայ անանկ ալ, ես ալ նստիմ մէջը ու Բերա ելլամ նէ` վնաս մը ունի՞ քեզի:
Աս ո՞րչափ եաղլը միւշտերիներու հանդիպեցանք այսօր:
Հայրենեաց օգնելու է, տղա՛ս:
Ըսելու չմնաց, մարդը ծուռ ծուռ երեսս նայելով գնաց:
Վերջապէս անձնուիրութիւն ու զոհողութիւն չկայ սա արապաճիներուն քով:
***
13 Փետրուար 1878
Բարեւ:
Բարի եկար, պարոն Խիկար, այսօր գործի չգացի՞ր:
Չգացի, երթալիք ալ չունիմ:
Ինչո՞ւ:
Գործ չմնաց որ երթամ, վարպետս ճամբայ տուաւ:
Ի՞նչ պատճառի համար:
Աղէկ ծառայած ըլլալուս համար, ինչու որ ճամբայ տուած օրն ըսաւ, թէ քու մատուցած ծառայութիւններէդ մեծապէս շնորհակալ եմ: Ուստի փափաքելով, որ քեզի մեծ վարձատրութիւն մը ընեմ, որոշեցի որ քովէս հեռանաս եւ աչքս չտեսնայ քեզի:
Հիմա ինչո՞վ կը զբաղիս:
Օրուան խնդիրներով:
Խօսէ՛:
Եթէ քիչ մը համարձակ խօսելու ըլլամ՝ չես վռնտեր ա՛:
Մի՛ վախնար:
Ըստ իմ խոնարհ կարծեաց` օրուան կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն ալ աս է, թէ քանի որ առանց պարտքեր դիզելու ապրիլը անկարելի է մեզ, գոնէ իմաստութեամբ վարուելով պարտք չի վճարելու գիտութիւնը սորվեցնենք մեր զաւակաց:
Ատ ալ գիտութի՞ւն է, պարտքդ չես տար, կը լմնայ կ՚երթայ:
Այնպէ՛ս չէ, վարժարանի հոգաբարձութիւններն ալ ձեզի պէս կարեւորութիւն չեն տուած այս գիտութեան եւ շատ սխալած են:
Ինչո՞ւ:
Անոր համար որ, եթէ ֆրանսերէնի կամ անգղիերէնի տեղ այս գիտութիւնը սորվէին մեր երիտասարդները` իրենց պարտատէրերը տեսնալնուն պէս չէին շուարեր մնար, չէին սկսեր թոթովել, այլ համոզիչ խօսքերով գոհ կ՚ընէին իրենց պարտատէրերը:
Բայց պարտք չվճարելու գիտութիւնը սորվեցնելու տեղ, եթէ պարտք չդիզելու արհեստը սորվեցնենք` աւելի աղէկ ըրած չե՞նք ըլլար:
Ոչ, պարտք չվճարելը աւելի շահաւոր է… այս պարտք չվճարելը նոր բան մը չէ, Քրիստոսէ իբր չորս հարիւր տարի առաջ է. քրիստոնէութենէ շատ հին է… բայց ինչ օգուտ, որ քրիստոնէութիւնն այսօր կը պաշտպանուի եւ պարտքերնին չվճարողները երեսի վրայ կը ձգուին… Ով որ ամպերուն վրայէն անցած է, տեսած է հարկաւ Սթրեբսիատը, որ կ՚աղաչէ Սոկրատայ, որ պարտքը չհատուցանելու արհեստը իրեն ուսուցանէ:
Թող այդ Սթրեբսիատը աքսիոն հանէր:
Ըսել է թէ` շատ հին ատեններու մէջ ալ պարտք չվճարել կայ եղեր, մինչդեռ մեր խմբագիրներէն ոմանք կը պնդեն, թէ իրենց միջոցաւը տարածուեցաւ այդ գիտութիւնը:
Ասանկ ալ գիտութիւն լսած չունէի:
Սոկրատի պէս մարդու մը դիմելով` անկէ խորհուրդ հարցունելը կը հաստատէ, թէ այդ գիտութիւնը կարծուածին չափ դիւրին բան մը չէ:
Իմ խելքս չի հասնիր դրամական գործերու, Մալիյէն գնա՛, անկեց կատարեալ տեղեկութիւն կ՚առնես:
Ուրիշ ի՞նչ ունիս:
Սա ցաւալի լուրն ունիմ, որ Էրզրումի մէջ քանի մ՚ամիսէն մարդ չպիտի մնայ:
Ո՞ւր կ՚երթան կոր:
Լեւենթի թղթակցին նայելու որ ըլլաս, ամիսը բնակիչներէն տասը հազար հոգի թիֆոյէն կը մեռնին եղեր: Քաղքին մէջ ութսուն հազար հաշուելով, ըսել կ՚ըլլայ թէ` ութ ամսուան մէջ Կարինը բոլորովին պիտի պարպուի:
Լեւենթի գրածին մէջ սուտ չկա՞յ:
Կարելի՞ է որ չըլլայ, բայց ո՞րչափ կայ, խնդիրը հոն է:
Երկու զերոյ զեղչենք:
Գէշ չըլլար, որովհետեւ Լեւենթին ըրածը քիչ մը անգթութիւն է կարծեմ. գրիչը ձեռքը առնել եւ ամիսը տասը հազար հոգի ջարդել:
Մեզի վերաբերեալ ի՞նչ լուր ունիս:
Ձեզի վերաբերեա՞լ մի… գարիին գինը բարձրանալու վրայ է:
Գարին ի՞նչ վերաբերութիւն ունի մեզի, թո՛ղ աւստրիացիները մտմտան, որ գարեջուր կը խմեն. թո՛ղ ձիերը մտմտան…
Մենք ալ մտմտանք, որովհետեւ խահուէի տեղ գարի կը գործածէինք, հիմա ի՞նչ պիտի ընենք:
Աստուած ողորմած է:
Ուրիշ ի՞նչ ունիս:
Քսակ մը լեցուն Թերսխանէի կեղծ պիլեթ ունիմ:
Քաղաքական…
Քաղաքակա՞ն… քաղաքական սա ունիմ, որ սա կռիւը լմննալէն վերջը դիւանագէտներուն իւրաքանչիւրին մէյ մէկ մեհեան պիտի կառուցանեմ ամէնուն արձաններն այդ մեհեաններուն մէջ պիտի կանգնեմ, եւ գլուխս բացած, անոնց երկրպագութիւն պիտի ընեմ: Ասոնք մեր գիտցած ու ճանչցած չաստուածներէն շատ վեր են: Աստուածներուն կենդանիներ կը զոհէին. ասոնց մարդ կը զոհենք ու հարիւր հազարներով կը զոհենք: ԵսĠասոնցմէ վախցայ: Մնաք բարով:
Ի տեսութիւն:
***
15 Փետրուար 1878
Դեսպանախորհուրդն ո՞ւր պիտի գումարի:
Լորտերու ժողովին մէջ Լորտ Տերպի ըսեր է, թէ այս խնդիրը քայլ մ՚առաջ գնացած չէ:
Թուրքիոյ պէս, կ՚ըսեն հիմա մեր թշնամիները:
Բայց ինչո՞ւ այս խնդիրը քայլ մ՚առաջ գնացած չէ մինչեւ այսօր, կամ եթէ գնացած չէ, գոնէ քայլ մը ետ ալ գնացած չէ. ուր որ էր` հոն կեցած է, խնդիրը ի՛նչ յանցանք ունի. անդամալուծեցին խեղճը. ի՞նչպէս կրնայ շարժիլ:
Ըստ մեզ` խնդիրը ուր որ է, դեսպանախորհուրդը հոն գումարելու է:
Ո՛չ, Ռուսիան կ՚առաջարկէ եղեր գումարել այնպիսի երկրի մը մէջ, որ Արեւելեան խնդիրէն բնաւ շահ չունենայ:
Եւ չե՞ն կրցած մինչեւ հիմա անանկ երկիր մը գտնել:
Ո՛չ:
Հայաստանի մէջ գումարեն թող, որ առայժմ բնաւ շահ մը չունենալէն զատ բաւական վնաս ալ տեսաւ:
***
Շաբաթս աքսորանաց շաբաթ է:
Արտահանայ հրամանատար Հիւսէին Սապրի փաշան մշտնջենաւոր բերդարգելութեան դատապարտուեր է:
Որչափ աղէկ կ՚ըլլար եթէ սա մարդը Արտահանայ հրամանատար չըրած բերդարգելութեան ղրկուէր… իր երեսէն այսչափ վնաս չէինք տեսներ:
Անգամ մը խաբուեցանք, եւ վնասուեցանք, երկրորդ անգամ չվնասուելու համար հիմակւընէ խոհեմութիւն ձեռք առնելով, ապսպրելու ենք բանտապահներուն, որ աղէկ հսկողութիւն ընեն վրան, որպէսզի միգուցէ Արտահանայ պէս այս բերդն ալ պարպելով մեկնի…
Բերդերու մէջ պահուելու որչափ մարդիկ բերդեր պաշտպանելու ղրկեցինք…
***
Անգղիական նաւատորմիղին Կղզիներուն առջեւէն ելնելուն ու Իզմիտի ծովածոցը երթալուն պատճառը իմացա՞ք:
Անցեալ օր գրած էինք ա՛, Ռուսիոյ բանակը քիչ մը ետ քաշել տալու համար չհեռացա՞ւ:
Առջի օրը անանկ էր, բայց այսօր անանկ չէ: Իզմիտի ծովածոցը Կղզիներէն աւելի յարմարութիւն ունի եղեր նաւատորմիղը պահելու…
Ով Անգղիա, հպատակներդ պաշտպանելո՞ւ համար ճամբայ հանեցիր նաւատորմիղդ, թէ նաւատորմիղիդ յարմար տեղ մը փնտռելու համար:
Եթէ այս վերջինին համար է, Անգղիոյ հպատակներն այսօրւընէ Իզմիտ երթալու են, որովհետեւ հոն աւելի յարմարութիւն ունին պաշտպանուելու: Ա՛լ նաւատորմիղն իրենց ետեւէն չպիտի գայ, այլ իրենք նաւատորմիղին ետեւէն պիտի երթան:
***
«Նախ եւ առաջ պէտք է գիտնալ, թէ Դարդանելն որո՛ւ ձեռք պիտի մնայ»:
Այսպէս կը խօսի Պիսմարք իշխանը. այսինքն որո՞ւ ձեռքը Դարդանելի վրայ պիտի մնայ:
Այս խնդիրն ալ նոր երեւան ելաւ:
Մենք` ներկայ պատերազմը քրիստոնէից վիճակին բարելաւութեանը համար կարծելով, ինչպէս որ դարձեալ այնպէս կը կարծենք, եւ Դարդանելին ալ քրիստոնեայ ըլլալը մեր մտքէն անցած չըլլալով, ասանկ հարցումի մը բնաւ չէինք սպասեր, եւ այնպէս համոզուած էինք, թէ անո՛ր ձեռքը պիտի մնայ` որու ձեռք որ մնացած էր մինչեւ այսօր:
Մեր կարծիքը ծուռ, մեր համոզումը սխալ է եղեր: Պիսմարք իշխանին խօսքէն աս կը հասկցուի, որ Դարդանելն ալ այս օրերս կնքուեր ու քրիստոնեայ է եղեր…
Զրոյց կը պտտի, թէ մեր նաւատորմիղն ալ կը համոզեն եղեր, որ քրիստոնեայ ըլլայ:
Թէպէտեւ այս զրոյցն անհաւատալի է, բայց այնպիսի դարու մը մէջ, ուր ամէն մարդ կրօնի ազատութիւն կը վայելէ, անյուսալի բան մ՚ալ չէ:
***
Մարդ Աստուծոյ, բերանդ բաց ու երկու խօսք ալ ինձի հետ ըրէ:
Քեզի հետ ի՞նչ խօսիմ, կնի՛կ:
Ի՞նչ պիտի խօսիս. Թագուկ տուտուին էրիկը ամէն օր իր կնկանը նոր լուրեր կը բերէ, կը նստի հետը կը խօսի բոլիթիքայի վրայ, դուն բան մը չես ըսեր, հազար ու մէկ խօսքեր կը պտտին կոր… Մոսկոֆը եկեր է եղեր, նորէն գացեր է եղեր, ինկիլիզին տօնանման ատաներուն առջին է եղեր…
Էքմեքճին այսօր ալ հաց չբերաւ:
Վերջէն Իզմիտ գացեր է եղեր…
Էքմեքճի՞ն…
Չէ, ճանըմ, տօնանման, հիմա ալ Պուրսայի ջուրերը պիտի երթայ եղեր:
Միսն ալ քսաներկուքի ելեր է…
Մոսկոֆն ալ նորէն պիտի մտնայ եղեր…
Ինչո՞ւդ պէտք քուկին, կնի՛կ, դուն տանդ գործերը նայէ:
Ինչո՜ւ չպիտի խառնուիմ եղեր… Ինկիլիզը մեզի խաբեր է եղեր… կ՚ըսէք թէ` կնիկները խաբող կ՚ըլլան. տե՛ս…
Դարձեալ անանկ է եա…
Ճանըմ, ի՞նչ կ՚ուզեն կոր ասոնք:
Ճանըմ, սեպէ քի տուներնիս միսաֆիր մը եկաւ տէ, խահուէ մը հրամցուցինք, խահուէն խմելէն ետքը` գինի ալ բերէք կ՚ըսէ: Գինին կու տանք, խնձոր ալ բերէք կ՚ըսէ: Խնձոր կու տանք, կերակուր հանեցէք կ՚ըսէ: Կերակուր կը հանենք, կը նստի կ՚ուտէ, ատկէ վերջը` սոֆրային թախըմը ինձի տուէք կ՚ըսէ:
Քա Տէր ողորմեա, աս ի՞նչ տեսակ միսաֆիր է. ես ըլլամ նէ` չեմ տար, թող ելնէ երթայ:
Ո՛չ կ՚ելնէ, ո՛չ ալ կ՚երթայ, քիչ մը ատեն ձեր տանը մէջ պիտի մնամ կ՚ըսէ:
Չեմ ընդունիր, մէյ մ՚ալ տունս մի՛ գար կ՚ըսեմ ու հետը չեմ տեսնուիր: Աս ի՞նչ է, ամէն մարդ միսաֆիրութեան կ՚երթայ:
Ամէն միսաֆիր մէկ չըլլար ա:
Հիմա աս մոսկոֆը սոֆրայի թախըմ չունի՞ եղեր:
Ունի ամա, կ՚ուզէ կոր. ես մինչեւ որ ձեր տունը միսաֆիրութեան եկայ նէ` շատ ծախս ըրի կ՚ըսէ կոր:
Թող չի գար, մե՞նք տաւեթ ըրինք:
Կնիկ, խելքդ չհասնիր ըսի եա՛, կարճ կը կապեն:
Սա ֆիստանցուս վաղը չմոռնաս, նայէ՛ որ խումաշը աղէկ ըլլայ:
Միւս ֆիստանդ ի՞նչ եղաւ:
Միւս ֆիստանս պատառ պատառ եղած է, բռնուելու տեղ չունի, շատ գէշ վիճակի մէջ է… ֆիստանիս վիճակը քիչ մը բարւոքելու է որ…
Պարապ տեղը ծախս մի՛ ըներ հիմա, անոր ալ վիճակը կը բարւոքի… գումարուելիք քոնկրէին մէջ:
Սրամիտ տղայք միշտ կը սիրուին:
Հայր մը առջի գիշեր իր վեց տարու տղան դէմն առնելով, Քրիստոնէականէ մը սկսաւ հարցումներ ընել անոր:
Շատ մը բաներ հարցնելն ու պատասխաններն առնելէ ետքը` հայրը հարցուց.
Ըսէ նայիմ, տղաս, Քրիստոսը սպաննողները որո՞նք էին:
Քրիստոսը սպաննողնե՞րը մի:
Այո՛:
Քրիստոնէականիս մէջ անանկ բան չկայ, հայրիկ:
Թող չըլլայ, քրիստոնեայ մը այսչափ բանը չգիտնայ` կ՚ըլլա՞յ մի:
Քիւրդերն սպաննած ըլլալու են, հայրիկ, չերքեզներն ալ անոր հագուստները կողոպտած ըլլալու են:
Ապրիս, տղաս, սըկէ օղի մը բե՛ր, ըսաւ հայրը, եւ Քրիստոնէականը գոցեց:
***
17 Փետրուար 1878
Ի՞նչ մեղքս պահեմ, ես այս հաշտութեան պայմաններէն ալ բան մը չեմ հասկնար կոր:
Հաշտութեան պայմանները` որք նախ Քըզանլըք պիտի որոշուէին, քիչ մը ետքը Ադրիանուպոլիս պիտի ստորագրուէին, քիչ մ՚ալ ետքը Այ֊Ստեֆանո պիտի կնքուէին, մինչեւ այսօր ո՛չ կնքուած են, ո՛չ ալ մկրտուած:
Արդեօք Քըզանլըքի, Ադրիանուպոլսոյ ու Այ֊Ստեֆանոյի օդը կ՚աւրէ՞ կոր հաշտութեան պայմանները, արդեօք հիմա քաղաք մ՚ալ հաշտութեան պայմաններուն համա՞ր փնտռելու պիտի ստիպուինք:
Ի՞նչ դժուար սակարկութիւն է այս, Աստուած իմ: Իմ գիտցածս ու տեսածս՝ սակարկութիւն մը երկու խօսքով լմննալու է:
Օրինակի համար.
Տուր ձեռքդ ինձի:
Առ:
Գարատաղի անկախութիւն:
Շատ աղէկ:
Սերվիոյ ալ անկախութիւն:
Ատոր ալ բան մը չեմ ըսեր:
Ռումանիոյ ալ անկախութիւն:
Ձեր ըսածը ըլլայ:
Պուլղարներու ինքնօրինութիւն:
Դէմ կեցած ունի՞նք:
Չերքեզներու եւ քիւրդերու ալ հայութիւն:
Ատոր ալ բան չենք ըսեր:
Մնաք բարով:
Երթաք բարով:
Լմնցաւ, գնաց:
Քըզանլըքէն մինչեւ Այ֊Ստեֆանո հաշտութեան պայմաններ…
Իմ կարծեօքս, հաշտութեան պայմաններուն վրայ հաշտութենէն ետքը պիտի բանակցին, եւ այս բանակցութիւնը մեր կարծածէն աւելի երկար պիտի տեւէ, եւ այն ատեն միայն պիտի վերջանայ՝ երբ մէկ հացը հարիւրնոց թուղթի մը առնուլ սկսինք:
***
Քանի մ՚օրէ ի վեր պտտած զրոյցները:
Կնիկ, ստրազթոյթէ:
Ի՞նչ ըսիր:
Ստրազթոյթէ, ստրազթոյթէ:
Ատ ի՞նչ է, ատ ալ նո՞ր հանեցիր:
Բարի եկար ըսել է… քաք բաժիւայեթի… քաք բաժիւայեթի…
Ա՞ս ինչ ըսել է…
Քեյֆդ աղէ՞կ է. քաք բաժիւայեթի, քեյֆդ աղէ՞կ է, քաք բաժիւայեթի…
Բաչա պիտի առնէիր երէկ:
Տենկի եեսթի, տենկի եեսթի, տենկի եեսթի…
Ինչո՞ւ չառիր բաչան:
Քագտա բահոթ, քագտա բահոթ…
Ճանըմ խենթեցա՞ր, ի՞նչ եղար:
Ստրազթոյթէ, ստրազթոյթէ:
Այս գիշեր ուտելիք չունինք:
Թող չունենանք, բաւական է որ… տենկի եեսթի, քագտա բահոթ… ստրազթոյթէ:
Տա տենկի եեսթին ձգէ՛ ու գնա՛ բան մը առ ուտենք:
Կնի՛կ, կեցի սըւոնք սորվիմ, որ վաղը միւս օր բարեկամները հոս գալու ըլլան նէ` քանի մը փարայ վաստկինք: Քաք բաժիւայեթի, բարի եկաք, քաք բաժիւայեթի, բարի եկաք:
Մինչեւ հիմա խելքդ ո՞ւր էր…
Աճելէի եկաւ, կնի՛կ, այսչափ շուտ գալիքը մտքէս չէր անցներ:
Ասկից վերջը սորվիս ու ստակ պիտի վաստկիս հէէ՜… վայ գլխուդ…
Մի՛ վախնար դուն, անոնք շուտ չեն երթար:
***
Պիսմարք բարեկամնիս կը պնդէ, որ Դարդանելի խնդիրը խիստ մեծ ու ծանրակշիռ է…
Գերմանիոյ գործին չգար եղեր, որ Դարդանելի բանալին Ռուսիոյ ձեռքը անցնի եւ ուզածին պէս բանայ ու գոցէ անոր դռները:
Աղէկ ա՛, ասոր դիւրին ճամբան կայ, բանալին թող դարձեալ մեր ձեռքը մնայ, եւ առաջուան պէս, ձեր ուզածին պէս բանանք գոցենք, կամ ո՛չ բանանք, ո՛չ ալ գոցենք:
***
Ամուսնութեանց թիւն օր քան զօր նուազելու վրայ ըլլալով, քարթալցիներն ասոր առաջքն առնելու համար դիւրին ճամբայ մը գտեր են. երիտասարդները ծեծելով կ՚ամուսնացնեն կոր:
Երիտասարդին մէկը Քարթալ տան մը մէջ սենեակ մը վարձեր կը բնակի եղեր: Այս տանը տիրուհին կ՚ուզէ եղեր աղջիկը այս երիտասարդին տալ: Երկու շաբաթ առաջ կիրակի գիշեր մը յիշեալ տունը հիւրերով կը լեցուի:
Ճանըմ, թագաւոր աղան ո՞ւր է, ինչո՞ւ չի գար, փեսայ ըլլալիք մարդը այսչափ ուշ մնալո՞ւ է մի:
Ուր է նէ` հարկաւ հիմա կու գայ:
Ժամը երկու կ՚ըլլայ, երիտասարդը տուն կու գայ պառկելու:
Օ՜օ՜, հրամմեցէք, թագաւոր աղայ, սանկ նստեցէ՛ք, ո՞ւր մնացիք, եղբայր:
Քիչ մը գործ ունէի այսօր, ներեցէ՛ք. հիմա ալ սենեակս պիտի քաշուիմ, որովհետեւ մինչեւ ժամը եօթը գիր ունիմ:
Ի՞նչ կ՚ըսէք, թագաւոր աղա՛յ, մեզի կը ծաղրէ՞ք կոր:
Ծաղրելու ի՞նչ կայ:
Բազմութենէ չես ախորժիր նէ` մենք կ՚երթանք:
Բազմութիւնը ի՞նչ վնաս ունի իմ գիր գրելուս:
Քահանան հիմա պիտի գայ:
Քահանան ի՞նչ գործ ունի…
Տէր ողորմեա՛, պսակը ո՞վ պիտի ընէ:
Ի՞նչպէս պսակ… հարսնի՞ք ունիք:
Ճանըմ, ինչո՞ւ ասանկ կը խօսիք, դուք չէ՞ք կարգուիր կոր:
Ե՞ս մի… խապար չունիմ:
Խապար չունի՞ս մի:
Ամենեւին:
Չաթ… բաթ…
Խապար չունի՞ս մի…
Ինչո՞ւ կը զարնէք կոր…
Չաթ… բաթ…
Այ, այ, այ…
Խապար չունի՞ս հէ…
Ծօ՛ Կարապետ, ինչո՞ւ կեցեր ես, դուն ալ չզարնե՞ս… Մարկոս, Թորոս, զարկէ՛ք…
Այ, այ, այ, այ… թող տուէք, պիտի մեռցնէ՞ք զիս… խապար ունիմ, ունիմ, փեսայ պիտի ըլլամ, մոռցեր էի…
Հարսին ձեռքէն բռնէ՛ նայիմ:
Բռնեցի:
Սանկ եկուր նայիմ:
Եկայ:
Առջեւդ նայէ:
Նայեցայ… օֆ… օֆ… ոսկորներս ջարդուեցան…
Մինչեւ ցմահ տէ՞ր ես, կը հարցնէ քահանան:
Չեմ, չեմ, կը պոռայ փեսան:
Չե՞ս մի…
Բաթ… քիւթ… բաթ…
Խաման կը տեսնա՞ս կոր…
Տէր եմ, տէր եմ, մինչեւ ցմահ տէր եմ… մահւընէս ետքն ալ տէր եմ, դեռ ըսելիք ունի՞ք:
Ապրիս, տղաս… ճանըմ, փեսանիս հում տղայ չէ ամա, զինքը գլխէ հանողներ կան:
Պսակի արարողութիւնը կամ լաւ եւս ծեծի արարողութիւնը կը լմննայ: Սքանարել ա՛լ կայնելու կարողութիւն չունենալով, բազմոցի մը վրայ կ՚իյնայ, կը պառկի: Հետեւեալ օրը կանուխ կ՚ելնէ բողոք մը կը գրէ ու կրօն. ժողովոյ կը ներկայացունէ խնդրելով, որ սա ծեծի պսակը լուծեն:
Քարթալի քահանան պատուաւոր կրօնական մ՚է, եւ մինչեւ հիմա ալ ապօրինաւոր գործի մը մէջ գտնուած չըլլալով, կը յուսացուի, որ այս պսակի պատասխանատւութիւնը ուրիշի մը վրայ ծանրանայ:
Տեսնենք, կրօն. ժողովնիս քանի տարի պիտի զբաղուի այս խնդրով:
***
18 Փետրուար 1878
Արեւելեան խնդիրը կարծես իւր քաղաքական կերպարանքը մերկացաւ ու ճաշակի վերաբերեալ խնդիր մը դարձաւ. իւրաքանչիւր կառավարութիւն իւր ճաշակին համեմատ կ՚ուզէ ձեւել, կտրել զայն. միայն մեր ճաշակը ձայն չունի…
Առակով խօսինք:
Ինչպէս որ ես իմ բալթոս լայն կ՚ուզեմ, դուն քուկինդ նեղ կ՚ուզես, ուրիշ մը երկար կ՚ուզէ, ուրիշ մը կարճ, այնպէս ալ կառավարութիւնք կ՚ուզեն, որ այս Արեւելեան բալթոն լայն, նեղ, կարճ եւ միանգամայն երկար ըլլայ:
Որո՞ւ ճաշակը պիտի գոհացնենք:
Ամէնուն ալ:
Եւ գիտէ՞ք հազար հոգիի ճաշակը կրող բալթոյ մը ձեւելը որչա՛փ դժուար է…
Գիտեմ որ գիտէք, հաշտութեան պայմանները կնքելու չափ դժուար է:
Եւ դարձեալ գիտէ՞ք, հազար հոգիի ճաշակով ձեւուած բալթոյ մը ի՜նչ այլանդակ եւ խելքէ մտքէ չանցած հագուստ մը կ՚ըլլայ:
Մենք հոս հաշտութեան պայմանները կնքելու զբաղած ատեննիս, մեր պաշտպան Անգղիան ալ քար մը կը գլտորէ:
Կը փափաքի՞ք, կ՚ըսէ, որ սա Արեւելեան խնդիրը միանգամ ընդմիշտ լուծուի:
Այո, կը փափաքինք:
Եթէ կը փափաքիք` Կիրիտն ու Միտիլլին ինձի տուէք. Մակեդոնիան, Թեսաղիան ու Եպիրոսն ալ Յունաստանի տուէք. Եգիպտոսն ու Թունուզը անկախ հրատարակեցէք, լմննայ երթայ:
Ահա Անգղիոյ ճաշակը:
Միւս կառավարութեանց ճաշակներուն վրայ երկար բարակ խօսելու հարկ չկայ:
Վերջապէս, ընթերցո՛ղ, սեպէ թէ աս Արեւելեան խնդիրն այաք բաչասի է: Հիմա աս բաչան անանկ վարպետութեամբ եփելու է, որ, թերպիէով սիրողն ալ ուտէ, թերպիեսիզ սիրողն ալ ուտէ, քացախով սխտորով ուզողն ալ ուտէ, քացախով սխտորով չուզողն ալ ուտէ, լիմոնով սիրողն ալ ուտէ, լիմոնով չսիրողն ալ ուտէ:
Ատ ըլլալո՞ւ բան է:
Եթէ այսպէս է, հաշտութեան պայմաններն ալ կնքուելու բան չէ, ա՛յլ է թէ մէկ մարդու քմացը համեմատ եփուի բաչան:
***
Իրաւ է, որ խղճմտանքը վերցած է աշխարհէս…
Սա Սերվիոյ ու Գարատաղին ելնել` պատերազմական ծախք ուզելնուն ի՞նչ կ՚ըսէք:
Շիտակը խօսելով, եթէ ես ըլլայի` երեսս չէր բռներ:
Սիրվիան ու Գարատաղը գրեթէ մեր կառավարութեան զաւակներն էին. մենք իրենց հետ այնպէս վարուեցանք` ինչպէս որ կը վարուի հայր մը իր զաւակաց հետ: Մեզի դէմ ոտք ելնելնին ու ձեռք վերցնելնին հերիք չէր, հիմա ալ ելեր ստակ կ՚ուզեն, մտքերնէն ըսելով.
Հայր, մենք քու խօսքդ մտիկ չըրինք, քեզի դէմ ապստամբեցանք, սուտ ըսինք, խօսքերնիս չբռնեցինք, ծեծեցինք, ծեծուեցանք, վերջապէս քու կոկորդդ սխմեցինք, ուստի քու պարտքդ է հիմա մեզի ստակ տալ:
Ասոնք պարզապէս ստակ վաստկելու ելեր են, եղբայր:
Իսկ մենք չենք կարծեր, որ կառավարութիւնն ստակ տայ ասոնց. որովհետեւ եթէ ունենար, աւելի իր հնազանդ հպատակացը կու տար, քան թէ անհնազանդ զաւակացը:
Մենք հոս անօթութենէ մեռնինք, անդին Սերվիան ու Գարատաղն ոսկիներով խաղան:
***
Պարտ անձին կը համարիմ ընթերցողացս ծանուցանել, որ հանգիստ ըլլան, եւ մտքերնէն բան մը չանցունեն Ռուսիոյ բանակին ու Անգղիոյ տորմիղին Պոլսոյ առջեւ գտնուելուն վրայ. ատոնք բարեկամաբար եկած են:
Կրնամ ըսել, որ մեր մտքէն չարութիւն կ՚անցնի, անոնց մտքէն չանցնիր:
Այս տողերը գրելու հարկ ալ չկայ, որովհետեւ եթէ Դարդանելի նեղուցը վեց անգղիական զրահաւոր չկլնէր, Ռուսիա մայրաքաղաքիս այսչափ չէր մօտենար, ինչպէս որ Անգղիան ալ իր վեց զրահաւորները Դարդանելէն չէր անցուներ` եթէ Ռուսիան մեզի այսչափ չմօտենար: Եւ որովհետեւ մին բարեկամութեամբ մօտեցաւ մեզի, միւսը չէր կրնար իր բարեկամութիւնը չյայտնել ու մեզմէ հեռու մնալ: Ի՞նչ կ՚ուզէք, այսօրուան օրս բարեկամներու մէջ մնացինք:
Աստուած զմեզ իրարմէ չբաժնէ, բարեկամութիւննիս հաստատ եւ անսասան պահէ, մեր բարեկամաց երկար օրեր պարգեւէ, անոնց մէկ օրը հազար ընէ. մէկտեղ աղէկ օրեր անցունենք… Աստուած Աւստրիայի ալ ասանկ բարեկամներ շնորհէ…
***
Աղեքսանդրիայէն կը գրեն թէ` եգիպտական արժէթուղթ ունեցողները ժողով մ՚ընելով, պատուիրակներ ընտրեցին, որպէսզի Եգիպտոսի ելմտական վիճակը դեսպանախորհրդին ներկայեն:
Նախ եւ առաջ` Եգիպտոսի ելմտական վիճակը դեսպանական խորհրդին ներկայանալու բան չէ… որովհետեւ Եգիպտոսի ելմտական վիճակը քրիստոնեայ չէ, որ բարւոքմանը աշխատուի:
Երկրորդ` դեսպանախորհուրդը գլխաւորաբար Փարիզի դաշնադրութեան վերաբերեալ խնդրոց զբաղելու պաշտօն ունենալով` եւ Եգիպտոսի ելմտական վիճակը Փարիզի դաշնադրութեան մէջ նշանակուած չըլլալով, Եգիպտոսի ելմտական վիճակը դեսպանախորհրդին ներկայանալու իրաւունք չունի:
Երրորդ` Եգիպտոսի ելմտական վիճակը եթէ աղէկ չէ, իբրեւ հազուագիւտ մէկ վիճակ մը` աւելի Փարիզի արուեստահանդէսին ներկայանալու է, քան թէ Պատէնի դեսպանախորհրդին:
Չորրորդ` եթէ օր մը դեսպանախորհրդոյ մ՚առջեւ ելմտական վիճակ մը ներկայանալ հարկ ըլլայ, Եգիպտոսի ելմտական վիճակը թո՛ղ տեղը հանգիստ նստի. մեր ելմտական վիճակը նախ եւ առաջ պիտի ներկայանայ հոն` իբրեւ մեծ եղբայր Եգիպտոսի ելմտական վիճակին…
***
Աղէկ միտքս ինկաւ:
Վարդովեան էֆենտիի եւ Օրթագիւղի Թատրոնի խմբին ելմտական վիճակները չեմ կարծեր, որ Եգիպտոսի ելմտական վիճակէն աղէկ ըլլան:
Պատիւ ունեցայ գիշեր մը Օրթագիւղի Թատրոնը երթալու:
Ներկայացումը Քաթերին Հովարտ էր: Դերասանաց թիւը հանդիսականաց թիւէն աւելի էր. հետեւաբար դերասանները կը քաջալերէին զհանդիսականս, մինչդեռ ասոնց պարտքն էր զանոնք քաջալերել:
Դերասանաց ընթացքէն կռահեցի, որ դժգոհ էին, եւ սակայն հաստատամտութեամբ կը շարունակեն իրենց ներկայացումներն ու վնասները:
Կ՚երեւայ, որ ներկայացուած խաղերը գիւղացւոց ճաշակին չեն համապատասխաներ. եթէ վիսթի կամ բրեֆայի վերաբերեալ ներկայացումներ տրուին, թէ՛ դերասանները կը վաստկին, թէ՛ հանդիսականները եւ թէ՛ դպրոցը:
Վերջէն իմացանք, որ Օրթագիւղի Թաղ. Խորհուրդն առաջարկեր է թուղթ խաղացողներուն, որ գոնէ շաբաթը անգամ մ՚ալ ի նպաստ գիւղի վարժարանին վիսթ խաղան:
Եթէ այս առաջարկութիւնն ընդունուի, Թատրոնին դռները կը գոցուին եւ գեղացիք ալ յակամայս թատրոն երթալէ կը խալսին: