Акоп Паронян
Երկու տերով ծառա մը
Արարված երկրորդ
ՏԵՍԻԼ Ա
ԿՈՄԻԿ, ԲԻՐԱԲ
ԿՈՄԻԿ(կը քաշկռտէ զԲիրաբ) Եկո՛ւր, եկո՛ւր:
ԲԻՐԱԲՀանգիստ թո՛ղ զիս:
ԿՈՄԻԿԲայց եկո՛ւր նստինք, որ կերածնիս մարսեցնենք:
ԲԻՐԱԲՁգէ՛ որ նստիմ:
ԿՈՄԻԿ(աթոռի վրայ կը նստեցնէ մայրը) Մայրիկ, կենացս մէջ ասանկ ուրախ գիշեր մը անցուցած չէի:
ԲԻՐԱԲԴէմքերնուդ վրայ կը փայլի ունեցած ուրախութիւննիդ, բայց, թէ որ տէրդ գայ ու քեզի այսպէս զուարթ տեսնէ, ի՞նչ կ՚ըսէ:
ԿՈՄԻԿՈ՞ր տէրս:
ԲԻՐԱԲՔանի՞ տէր ունիս:
ԿՈՄԻԿԵրկու, երկու:
ԲԻՐԱԲՏարօրինակ բան մ՚ալ այս է:
ԿՈՄԻԿԿը սխալիք, մայրիկ. ես մարդ տեսեր եմ, որ տասը ծառայ ունի, ես որ երկու տէր ունիմ, տարօրինա՞կ բան է, չէ, չէ…:
ԲԻՐԱԲԵթէ իմանան քու տէրերդ, որ երկու զատ֊զատ մարդիկներու կը ծառայես, ի՞նչ կ՚ըսեն:
ԿՈՄԻԿԵս յիրաւի երկու տէր ունիմ, բայց թէ որ երկուքը մեկըզմէկու հետ խառնեմ, հազիւ թէ ամբողջ տէր մը կրնամ կազմել:
ԲԻՐԱԲՇատո՞նց ի վեր է, որ երկու տէր ունիս:
ԿՈՄԻԿԱյո, մէկը շատ հին է, պապէս մնացած, իսկ միւսը` նոր, եւ Մարգրիտի հայրն է:
ԲԻՐԱԲԽելքս չհասնիր, բայց…
ԿՈՄԻԿՄի վախնար, մայրիկ. անանկ մէկ վարպետութեամբ մը կը ծառայեմ, որ` ոչ մէկը եւ ոչ միւսը կրնան մարդս, խմենք. եթէ հարուստ մէկն ըլլայի, զուարթ ըլլելու համար ամէն օր առտւընէ մինչեւ իրիկուն գինի կը խմէի: Այս Պորտոյի գինին մարդս կը քաջալերէ` գիտէ՞ք: Չեմ գիտեր, բայց գինի չխմած ինքզինքս հիմակուան պէս քաջասիրտ չէի գտնար. (Թէոփիլէ կը մտնէ) ի՜նչ ցնծութիւն. (Ուժգնակի) ի՜նչ ուրախութիւն. եթէ այս միջոցին օրիորդ Մարգրիտը դէմս ելլէ, իսկոյն վիզը կը պլլուիմ, համբոյրներ կ՚առնում իր վարդակարմիր այտերէն (Տէրը կը տեսնէ) եւ… եւ… եւ… (Կ՚ելլայ) եւ…
ԲԻՐԱԲԻնչո՞ւ չես շարունակեր:
ԿՈՄԻԿՔաջալերութիւնս կորուսի:
ԲԻՐԱԲԻ՞նչ է։
ԿՈՄԻԿԼռէ՛:
ԲԻՐԱԲԸսէ՛, ըսէ՛:
ԿՈՄԻԿՏէ՛րս է, տէ՛րս է:
ՏԵՍԻԼ Բ
Թէոփիլէ եւ նոյնք
ԹԷՈՓԻԼԷԱյս ո՞րքան ուրախ կը տեսնեմ զքեզ, Կոմի՛կ:
ԿՈՄԻԿՏէ… տէ… տէ…ր:
ԲԻՐԱԲԱնանկ խոժոռադէմ մէկն է, որ զաւակս վախցուց, եւ լեզուն կորոյս:
ԹԷՈՓԻԼԷ (բարկութեամբ) Ի՞նչ կայ, ինչո՞ւ պապանձեր ես:
ԿՈՄԻԿՏէ… տէր…. պա… պա… պատիւ ունիմ ձեզի ներկայացնելու իմ մէկ հա… հա… հատիկ մա… մա… մայրս:
ԹԷՈՓԻԼԷՏիկին, ձեր զաւա՞կն է այս:
ԲԻՐԱԲԱյո՛, պարո՛ն:
ԹԷՈՓԻԼԷԲայց քեզի չնմանիր:
ԲԻՐԱԲՈչ. իրեն կը նմանի:
ԹԷՈՓԻԼԷԻնչո՞ւ չես պատասխաներ:
ԲԻՐԱԲՎասնզի կարողութիւն չունի:
ԿՈՄԻԿՏէր, պատասխանելու բան մը չկայ:
ԹԷՈՓԻԼԷՔեզի կը հարցնեմ, թէ ինչո՞ւ այնչափ այլայլած ես, պատճառը ըսէ՛:
ԿՈՄԻԿՊատճառը այն է, որ ուրիշ անգամներ երբ զիս կանչելու ըլլայիք, իսկոյն կը, պատրաստուէի ձեզի պատասխանելու. բայց այս անգամ յանպատրաստից դիմացս ելաք, եւ ըսելիքս մոռցայ:
ԹԷՈՓԻԼԷԱյսքան վախկո՞տ ես:
ԿՈՄԻԿՁեր կերպարանքը չգիտեմ թէ ինչո՛ւ համար այսչափ վախ տուաւ ինձի:
ԲԻՐԱԲ(մեկուսի) Թէ որ արջ մը ըլլար, զաւակս այսքան չէր վախնար:
ԹԷՈՓԻԼԷՉեմ ուզեր, որ դիմացս ելած ժամանակդ ասանկ տեսնամ քեզի, կ՚ուզեմ որ համարձակ ըլլաս եւ ամէն հարցումներուս շուտով պատասխանես, ապա թէ ոչ կը վռնտեմ զքեզ:
ԿՈՄԻԿՉէ… չէ, տէ՛ր միշտ համարձակութեամբ պիտի պատասխանեմ:
ԹԷՈՓԻԼԷԵրուանդը տեսա՞ր:
ԿՈՄԻԿԱյո՛, տէր:
ԹԷՈՓԻԼԷՈ՞ւր:
ԿՈՄԻԿԻ գոգն Մարգրիտի:
ԹԷՈՓԻԼԷԽեղճ տղայ. բոլոր իր ստացուածքը վտանգի մէջ կը դնէ Մարգրիտի համար. շա՞տ կը սիրէ Մարգրիտը:
ԿՈՄԻԿԻ՞նչ կ՚ըսէք, տէր, Մարգրիտի վրայ ունեցած սէրը այնպիսի սաստկութեամբ բորբոքած է իր սրտին մէջ, զոր մարելը անհնար է:
ԲԻՐԱԲԱյո՛, զաւակս իրաւունք ունի. վասնզի մենք խմելու անգամ ջուր չենք կրնար գտնել:
ԿՈՄԻԿԴու ի՞նչ կը ծախես:
ԹԷՈՓԻԼԷԵս ալ գիտեմ ասանկ ըլլալը, բայց ի՞նչ ընելու եմ զինքը սիրոյ ճիրանէն ազատելու համար. վասնզի կը սիրեմ զինքը, եղբօրորդիս է. մինչդեռ վրայ հոգ տանիմ. բայց ի՛նչ ընելու եմ այսպիսի պարագայի մը մէջ: Ի՞նչ խելք կը տաս ինձի, Կոմի՛կ:
ԲԻՐԱԲ(մեկուսի) Զաւակս խելք տալու ալ սկսեր է: Աստուած հետն ըլլայ:
ԿՈՄԻԿԻ՞նչ խելք կրնամ տալ, մինչեւ որ Երուանդի սրտին մէջ ունեցած սէրը իմ սրտիս մէջ չփոխադրենք, անկարելի բան է, որ կարենանք Երուանդը ազատել:
ԹԷՈՓԻԼԷԻ՞նչ ըսել կ՚ուզես:
ԿՈՄԻԿՁեզի հաւատարիմ ըլլալս յայտնելու համար, ի՛նչ ընեմ, ես պիտի ստիպուիմ Մարգրիտն սիրել, որպէսզի Երուանդը ազատի: Եւ այս բանիս համար ժամ առաջ ձեռնամուխ ըլլալու ենք, վասնզի Երուանդը քանի մը շաբաթէն կրնայ գերեզման իջնալ:
ԹԷՈՓԻԼԷԻ՞նչ կ՚ըսես:
ԿՈՄԻԿԱյո՛, տէր. ես շատ ջանացի Երուանդը համոզելու, իսկ նա Մարգրիտը յիշելուն պէս խելքը կը կորսնցնէ եւ…
ԹԷՈՓԻԼԷՈւրեմն կարելի եղածին չափ կ՚աշխատիմ ես զինքը Մարգրիտի գրկէն յափշտակելու: (Բարկութեամբ) Երթամ զինքը առնեմ ու տանս մէջ բանտարկեմ, Մարգրիտն ալ խայտառակ ընեմ… բայց… անգթութիւն մըն է… որքան անագորոյն մէկը ըլլալու է, որ կարենայ երկու փափկասնունդ էակներու ասանկ գազանաբար վարուիլ: Չէ՛… չէ, երթամ պարոն Անտոնի նամակ մը գրեմ եւ հասկցնեմ իրեն ամէն բան. անիկա ալ իր կողմէն պէտք եղած տնօրէնութիւնները կատարէ, եւ ասանկով կրնանք Երուանդը ազատել. մնաք բարով, տիկին. դու ալ հոս սպասէ, որ նամակը առնես տանիս: (Կ՚երթայ):
ՏԵՍԻԼ Գ
Անտոն, Բիբաբ, Կոմիկ
ԱՆՏՈՆ(փատի մը կրթնելով կամաց կամաց կը գայ)
ԿՈՄԻԿԱռ միւսն ալ:
ԲԻՐԱԲԱյ՞ս է միւս տէրդ:
ԿՈՄԻԿԱյո՛:
ԲԻՐԱԲԵրկուքն ալ մէկզմէկէ ցած:
ԿՈՄԻԿՉէ, ասիկա միւսէն բարձր է:
ԲԻՐԱԲԵս երթամ, ինչո՞ւ իս սպասեցնել կը տաս, կը վախնամ աս մարդէն:
ԿՈՄԻԿԿայնէ, ասոր ալ ներկայացնեմ զքեզ:
ԱՆՏՈՆՄիշտ անհանգիստ, միշտ հիւանդ. ի՞նչ պիտի ըլլի վիճակս: Հո՞ս ես, Կոմիկ:
ԿՈՄԻԿԱյո, տէր:
ԱՆՏՈՆ(կը նստի) Անկողինէն հիմա՛ ելայ. շատ տկար եմ. չգիտեմ թէ պատճառը ինչ է: Լուր մը ունի՞ս:
ԿՈՄԻԿՈչ լուր ունիմ եւ ոչ մուր. միայն մայր մը ունիմ, որ պատիւ յանձին կը համարիմ զայն ներկայացնելու ձեր մեծութեանը:
ԲԻՐԱԲԲարի լոյս, պարոն:
ԱՆՏՈՆԱստուծոյ բարին, տիկին. ինչպէ՞ս էք:
ԲԻՐԱԲ(առ Կոմիկ) Ի՞նչ ըսեմ:
ԿՈՄԻԿ(բարկութեամբ) Աղէկ եմ, չըսե՞ս:
ԲԻՐԱԲԱղէկ եմ։
ԿՈՄԻԿՕ՜շ, այսչափ տարիներէ ի՛ վեր միայն բարի լոյս մը սորվեր ես. ես ալ ամէն տեղ քեզ կը գովեմ, ըսելով թէ իմ մայրս ուսումնական է, ճարտասան է, եւ դուն…
ԲԻՐԱԲԵրկար կ՚ընես, Կոմիկ, ահա ըսի որ աղէկ եմ:
ԱՆՏՈՆ(առ Բիրաբ) Ի՞նչ կը խօսիք մէկզմէկու հետ:
ԲԻՐԱԲ(առ Կոմիկ) Ի՞նչ ըսեմ:
ԿՈՄԻԿՏեր, լուսահոգի հօրս համար կը խօսինք:
ԱՆՏՈՆԱղէկ ատեն գտեր էք: Քիչ մը առաջ Մարգրիտի հետ էի եւ քու վրայօք շատ գանգատներ կ՚ընէ. կրնա՞ս ըսել ինձի պատճառը:
ԿՈՄԻԿ(մեկուսի) Միշտ պատճառ կը հարցնէ: Պատճառը այն է, որ չեմ ձգեր զինքը անծանօթ երիտասարդներու հետ խօսակցի:
ԱՆՏՈՆՈրո՞ւ հետ կը խօսակցի:
ԲԻՐԱԲ (առ Կոմիկ)Ես երթամ:
ԿՈՄԻԿ(առ Բիրաբ) Կայնէ՛:
ԱՆՏՈՆԲայց ի՞նչ երկար խօսք է, որ լմննալիք չունի, կը բարկացնէք զիս, առաջ իմ հարցումներուս պատասխան տուր եւ վերջը խօսէ մօրդ հետ:
ԲԻՐԱԲ(առ Կոմիկ) Երթամ, երթամ:
ԿՈՄԻԿԼռէ՛:
ԱՆՏՈՆՉըսե՛ս, որո՞ւ հետ կը խօսի:
ԿՈՄԻԿԵրուանդին հետ, շատ կը սիրէ Երուանդը. միշտ անոր վրայ կը խորհի, անոր վրայ կը խօսի. գրեթէ անոր համար կ՚ապրի, եկո՛ւ տե՛ս որ Երուանդը չսիրեր զինքը:
ԱՆՏՈՆԵրուանդը չսիրե՞ր Մարգրիտը:
ԿՈՄԻԿՈչ, մանաւանդ թէ կ՚ատէ:
ԱՆՏՈՆՈւրեմն ճար մը մտածելու եմք Մարգրիտը ազատելու համար:
ԿՈՄԻԿԳիշեր ցորեկ մտածմունքս այն է. բայց բան մը չկրցի գտնալ: Դուք որ իր հայրն էք, Մարգրիտը մեկուսի առնելու էք, եւ իրեն խրատ տալու էք, որ այսպիսի տղայական զուարճութիւններէն ետ քաշուի. իսկ եթէ մէկը սիրել կ՚ուզէ, ահա ես պատրաստ եմ. քանի որ Երուանդը չսիրեր զինքը, ձեր աղջիկը թշուառութեան վիհը կ՚իյնայ եւ կը տկարանայ օր քան զօր. վասնզի, ինչպէս որ կ՚ըսէին նախնիք, սէրը երկու կողմէն ըլլալու է: Ահա իմ խորհածս եւ գտածս:
ԱՆՏՈՆԲայց Մարգրիտը կ՚ուզէ՞ քեզ սիրել:
ԿՈՄԻԿԻնչո՞ւ համար չպիտի ուզէ: Ես մարդ չե՞մ:
ԱՆՏՈՆԴո՛ւ ալ մարդ ես. բայց…
ԿՈՄԻԿՏէր, ես ձեր աղջկանը բարութիւն մը ընելու համար յանձն կ՚առնում այսպիսի ծանր պաշտօն մը. եթէ չէք ընդունիր… դուք գիտէք…:
ԱՆՏՈՆԻ՞նչպէս կրնայ ըլլալ, որ Երուանդը իմ աղջիկս չսիրէ. անցեալ օր զինքը տեսի եւ այնչափ քաղաքավարութեամբ վարուեցաւ հետս, ինչպէս որ ծառայ մը կ՚ընէ իր տիրոջը:
ԿՈՄԻԿՁեզի հետ քաղաքավարութեամբ վարուիլը երբեք չարգելուր, որ ձեր աղջիկը ատէ:
ԱՆՏՈՆՈւրեմն բան մը խորհինք որ…
ԲԻՐԱԲԵս ալ կը խորհիմ քիչ մը:
ԿՈՄԻԿԲարեկամներուս ալ կ՚ըսեմ, թո՛ղ անոնք ալ քիչ մը մտածեն:
ԱՆՏՈՆԱյո՛. (Առ Կոմիկ) դուն գնա Երուանդը ինձի կանչէ՛:
ԿՈՄԻԿՇատ աղէկ, տէր (Կ՚երթայ):
ԱՆՏՈՆԴու ալ գնա Մարգրիտը կանչելու:
ԲԻՐԱԲԼաւ. ծառայ եմ:
ՏԵՍԻԼ Դ
ԱՆՏՈՆՏարօրինակ բաներ, Մարգրիտը իր հոգին կու տայ Երուանդի համար, եւ Երուանդը իր ատելութիւնները Մարգրիտի համար. անհաւատալի դէպք: Բանի մէջ բան կայ: Ինչ որ ըլլայ հարկաւ ետքէն պիտի հասու ըլլամ: Հիմա երկուքն ալ կը գան եւ կը խօսիմ իրենց հետ. ահա Երուանդը կը գայ:
ՏԵՍԻԼ Ե
Երուանդ եւ նոյն
ԵՐՈՒԱՆԴԾառայ եմ, տէ՛ր:
ԱՆՏՈՆՇատ կը բաղձայի ձեզի հետ առանձին տեսութիւն մը ընելու:
ԵՐՈՒԱՆԴՇնորհակալ եմ:
ԱՆՏՈՆՆախ ձեզի բան մը պիտի առաջարկեմ, որուն ոչ չպիտի ըսէք:
ԵՐՈՒԱՆԴ(մեկուսի) Արդեօք Մարգրիտը ձեռքէս առնէ՞ պիտի: Տէր, խօսեցէ՛ք:
ԱՆՏՈՆԸնտանիքի մը երջանկութիւնը պիտի խռովէք, եթէ առաջարկելիքս չընդունիք: Իմ աղջիկս Մարգրիտը…
ԵՐՈՒԱՆԴ(մեկուսի) Ես գիտէի որ նորա համար պիտի խօսի, ի՞նչ պիտի ըսէ արդեօք:
ԱՆՏՈՆԳիտէք որ ձեր վրայ սաստիկ սէր ձգած ըլլալուն ըրածը չգիտեր, եւ դուք, պարոն, կը մերժէք իւր սէրը։
ԵՐՈՒԱՆԴԵ՞ս, ո՛չ երբեք, ի բոլոր սրտէ կը սիրեմ զինքը:
ԱՆՏՈՆԲայց Կոմիկը ինձի ըսաւ, որ դուք չէք սիրեր զինքը:
ԵՐՈՒԱՆԴԽաբեր է ձեզ. այն ձեր ծառան Մարգրիտը ինձի հետ տեսնալուն պէս առիւծ կը կտրի եւ չթողուր որ խօսակցինք. կը սիրեմ Մարգրիտը եւ սիրելէն չպիտի դադրիմ:
ԱՆՏՈՆԿոմիկը ասանկ բաներ ընէ՜, բնաւ չէի յուսար:
ՏԵՍԻԼ Զ
Մարգրիտ և նոյնք
ՄԱՐԳՐԻՏ(հօրը ձեռքը պագնելով) Հա՜յր:
ԵՐՈՒԱՆԴ(Մարգրիտի ձեռքը պագնելով) Օրիորդ:
ԱՆՏՈՆԻ՛նչ կ՚ըսես, Մարգրիտ, կը սիրե՞ս Երուանդը:
ՄԱՐԳՐԻՏՈ՜հ, (Երուանդի վիզը պլլուելով) կը սիրեմ Երուանդը:
ԵՐՈՒԱՆԴՏէ՛ր, (Ի ծունկ իջանէ) վերջ տուր մեր թշուառութեանց:
ՄԱՐԳՐԻՏՀայր, (Ի ծունկ իջանէ) կարելի եղածին չափ շուտ:
ԱՆՏՈՆԵլէ՛ք, անմե՛ղ էակներ. (Առ Երուանդ) քեզի կը տամ Մարգրիտը, քուկդ է:
ՄԱՐԳՐԻՏԻն՜չ երջանկութիւն:
ԵՐՈՒԱՆԴԱնյուսալի էր այսքան շուտ: Այն գազան Կոմիկը, որ կ՚ուզէր մեզ զատել, մեր ժամ առաջ միանալուն պատճառ եղաւ:
ԱՆՏՈՆԱյո, երթամ զինքը գտնամ եւ աղէկ մը ծեծելէն զկնի վռնտեմ զինքը, չար ծառայ. (Ձեռքերէն կը բռնէ) երթանք, զաւկըներս մէկտեղ. ձեզի ալ կը հրամայեմ, որ Կոմիկը տեսնալնուդ պէս չարաչար պատժէք զինքը:
ՄԱՐԳՐԻՏԻն՜չ ուրախութիւն:
ԵՐՈՒԱՆԴՈ՜ սէր…: (Կ՚երթան):
ՏԵՍԻԼ Է
ԿՈՄԻԿ(ծամելով, եւ ձեռքը փետրէ աւելով մը կ՚աւլէ) Աղէկ ճամբայ բանեցուցի Երուանդը Մարգրիտէն զատելու համար. մէկ տէրս մէկ կերպով համոզեցի, միւսը ուրիշ կերպով. կը յուսամ, որ պիտի յաջողիմ: Ին՜չ երանութիւն ինձի համար, որ 30 տարիէ ի վեր ծառայութեան փափուկ պաշտօնը կը վարեմ, եւ հիմա Մարգրիտն ինձի կնութեան առնում: Երուանդի համար բաւական զրպարտութիւններ դիզեցի Անտոն տիրոջս. Թէոփիլէ տիրոջս ալ Մարգրիտը բամբասեցի. հիմա երկու կողմն երէկ լրացուց իր վաթսուներորդ տարին: Բայց հիմա ի՛մ հարսանիքիս վրայ խորհիմ եւ ապա մօրս վրայ: Բազմոցները աղէկ մը սրբեմ, որ տիրոջս աչքը մտնամ. մէկը կը գայ:
ՏԵՍԻԼ Ը
Թէոփիլէ եւ նոյն
ԹԷՈՓԻԼԷԼմնցուցի նամակը. ամէնն ալ մանրամասնաբար գրեցի եւ կը յուսամ, որ պարոն Անտոնը իր տունը չընդունիր ասկից ետքը Երուանդը:
ԿՈՄԻԿՇատ աղէկ, տէր. նամակը հիմա կը տանիմ:
ԹԷՈՓԻԼԷՄի ուշանար, որ ժամ առաջ զատեմ առնեմ Երուանդը. բնաւ զինքը չտեսայ այսօր. Մարգրիտի հետ ըլլալու է դարձեալ:
ԿՈՄԻԿԱյո, տէ՛ր, միշտ մէկտեղ են:
ԹԷՈՓԻԼԷԱյն անառակ աղջիկը խեղճ տղուն կորստեանը պատճառ պիտի ըլլայ:
ԿՈՄԻԿՀոգ մի՛ ընէք, տէր, այս նամակաւ կրնաք յաջողիլ։
ԹԷՈՓԻԼԷ(նամակը սեղանի վրայ կը ձգէ) Նամակը հոս կը ձգեմ, առանց ուշանալու տար (Կ՚երթայ):
ԿՈՄԻԿՇատ աղէկ, տէր:
ՏԵՍԻԼ Թ
Բիրաբ եւ նոյն
ԲԻՐԱԲԴարձեա՞լ գործի վրայ ես:
ԿՈՄԻԿԵր՞բ դատարկ տեսար զիս:
ԲԻՐԱԲԻ՞նչ լուր ունիս:
ԿՈՄԻԿԲերկրալի լուրեր ունիմ քեզի հաղորդելու. Մարգրիտն ինձի կնութեան պիտի առնում. Երուանդն ալ հայր:
ԲԻՐԱԲ(զարմանքով) Երուանդը հա՜յր:
ԿՈՄԻԿԱյո՛, այո՛, հայր պիտի ըլլայ ինձի. չե՞ս ուզեր:
ԲԻՐԱԲԲայց ի՞նչպէս։
ԿՈՄԻԿՕ՜ֆ երկար կ՚ընես… քու էրիկդ պիտի ըլլայ:
ԲԻՐԱԲԿը հաւանի՞ արդեօք. եթէ ընդունի զիս կնութեան, գէշ չըլլար: Բայց ի՞նչպէս յուսամ, վասնզի ես ծեր եմ:
ԿՈՄԻԿԻ՞նչ վնաս ունի. Երուանդը արդէն հնութիւնը շատ կը սիրէահա կ՚երթայ կը լմննայ:
ԲԻՐԱԲԿնիկներուն հիներն ալ տակաւին պատիւ ունին եղեր:
ԿՈՄԻԿԱնշուշտ:
ԲԻՐԱԲԳէշ չպիտի ըլլայ, խելքս հասաւ:
ԿՈՄԻԿԱռաջ ես Մարգրիտը առնեմ, ետքն ալ դու Երուանդին հետ կը կարգուիս: Հարսանեաց համար գնա անուշեղէններ ծախու առ, որպէսզի դու ալ քու կողմէդ Մարգրիտի ընծայ մը ըրած ըլլաս:
ԲԻՐԱԲՇատ աղէկ, ես երթամ առնելու. բայց իմ գործս ալ լմնցուր:
ԿՈՄԻԿՀոգ մի ըներ:
ԲԻՐԱԲԻ՞նչ գիտնամ, նայինք, մեծ է զօրութիւն Աստուծոյ (Կ՚երթայ):
ՏԵՍԻԼ Ժ
Անտոն, Երուանդ, Մարգրիը թեւ թեւի տուած եւ նոյն
ԿՈՄԻԿԻ՜նչ կը տեսնեմ, Մարգրիտը Երուանդին թեւը մտած: Ա՜հ, աս ո՜րքան թշուառ եմ ես:
ԱՆՏՈՆ(առ Կոմիկ) Անիծեալ, քեզ մինչեւ հիմա հաւատարիմ ծառայ մը կը ճանչէի. բայց հիմա ամէն գործերուդ հասու ըլլալով, իմացայ որ վատթարին մէկն ես:
ՄԱՐԳՐԻՏՔանի որ կը յիշեմ ինձի ըրածները, այնպէս կու գայ ինձի, որ առնեմ զինքը գազաններու առջեւը նետեմ:
ԵՐՈՒԱՆԴԲայց ինձի ըրածները, ա՜հ, թշուառական, երկու կտոր ալ ընեմ քեզ, դարձեալ չեմ կշտանար:
ԿՈՄԻԿ(միշտ լուռ, աւելը ձեռքէն կ՚իյնայ)
ԱՆՏՈՆԱնխիղճ մարդ, ասանկ գաղտնի դարան կը լարես երկու անմեղ էակները կորսնցնելու համար:
ՄԱՐԳՐԻՏԱյո, հայր։
ԵՐՈՒԱՆԴԵթէ մի ըստ միոջէ պատմելու ըլլամ լմնցնել:
ԿՈՄԻԿ (մեկուսի) Որչափ ալ բարեկամ ունիմ:
ԱՆՏՈՆԻնչո՞ւ լուռ կը կենաս:
ԿՈՄԻԿԻ՞նչ ընեմ, տէր:
ԱՆՏՈՆՊատասխան տուր ըսածներուն:
ԿՈՄԻԿԲոլորն ալ զրպարտութիւն է:
ԱՆՏՈՆ(նամակը կը տեսնէ կ՚առնէ) Այս ի՞նչ է, նայիմ, ինձի համար է, այո՛ (Կը բանայ). Մեծապատիւ տէր, եղբօրորդիս Երուանդը ձեր աղջիկին վրայ սէր ձգած ըլլալուն ողորմելի վիճակի մէջ կը գտնուի, ուստի կ՚աղաչեմ, որ զինքը չընդունիք ձեր տունը. ստորագրութիւն՝ Թէոփիլէ:
ԵՐՈՒԱՆԴՈ՜վ Աստուած:
ՄԱՐԳՐԻՏԻ՞նչ կը նշանակէ աս:
ԵՐՈՒԱՆԴԿոմիկին հարցուցէք:
ԱՆՏՈՆԻ՞նչ կը նշանակէ այս նամակը:
ԿՈՄԻԿՏէ՛ր, նամակը դուք կարդացիք եւ նշանակութիւնը ինձի՞ կը հարցնէք. ի՞նչ գիտնամ ես:
ԱՆՏՈՆԱս ալ քու սատանայութիւնդ է. (Ականջէն կը բռնէ), անբան անասուն:
ՆԵՐՍԷՆԿոմի՛կ, Կոմի՛կ:
ԿՈՄԻԿԲանս բուսաւ, հիմա միւս տէրս ալ պիտի գայ. աս որքան թշուառ եմ ես:
ԱՆՏՈՆԻ՞նչ էր պատճառը, որ այս երկուքը բաժնել կ՚ուզէիր մէկզմէկէ:
ՆԵՐՍԷՆԿոմի՛կ, Կոմի՛կ:
ԿՈՄԻԿԱս ալ բնաւ մտքէս անցած չէր:
ԱՆՏՈՆՈ՞վ է քեզ կանչողը:
ԿՈՄԻԿՍա… սա… տանան (Ձեռւըներովը երեսը կը ծածկէ):
ԵՐՈՒԱՆԴՇատ կ՚ուզէի որ այս վիճակի մէջ տեսնամ զքեզ:
ՏԵՍԻԼ ԺԱ
Թէոփիլէ եւ նոյնք
ԹԷՈՓԻԼԷ(Երուանդը Մարգրիտի հետ կը տեսնայ կ՚ապշի) Մեր ծառան տեսա՞ք:
ԱՆՏՈՆՈ՞վ է ձեր ծառան:
ԹԷՈՓԻԼԷԿոմիկը. Կոմի՛կ։
ԱՆՏՈՆԴու ալ խե՞նդ ես, ի՛նչ ես. Կոմիկը ի՛մ ծառաս է:
ԹԷՈՓԻԼԷԿատակ ընելու ատեն չունիմ, ըսէք ինձի եթէ տեսաք զինքը:
ԱՆՏՈՆԻ՞նչպէս կրնայ ըլլալ որ…
ԹԷՈՓԻԼԷՍիրտս կը նեղէք, կարեւոր գո րծեր ունիմ, պիտի երթամ, ըսէ՛ք:
ԱՆՏՈՆ(առ Կոմիկ) Երեսդ բաց, ձեռքերդ վար ա՛ռ:
ԹԷՈՓԻԼԷԱյո՛, ահա իմ ծառաս, ի՞նչ իրաւունքով ականջէն բռներ էք:
ԱՆՏՈՆԻմ ծառաս է:
ԹԷՈՓԻԼԷՉէ՛, իմս է:
ԱՆՏՈՆ(առ Կոմիկ) Որո՞ւ ծառան ես:
ԿՈՄԻԿՁեր ծառան եմ:
ԹԷՈՓԻԼԷԲայց ես…
ԿՈՄԻԿԱյո՛, ձեր ծառան եմ:
ԱՆՏՈՆՀիմա կը հասկնամ. ինձի ալ կը ծառայես, պարոն Թէոփիլէի ալ. չեմ ուզեր, որ ասկից ետքը իմ տունս գաս, կորիր գնա՛ (Կը հրէ). բայց եկուր հանէ՛ հագուստները եւ անանկ գնա:
ԿՈՄԻԿՏէ՛ր:
ԱՆՏՈՆՇուտ եղիր, հանէ՛:
ԿՈՄԻԿ(կը հանէ վրայի հագուստը) Բայց առանց հագուստի…:
ԹԷՈՓԻԼԷԵս ալ չեմ ուզեր, որ աչքիս երեւաս, կորի՛ր ( Կը հրէ ):
ԵՐՈՒԱՆԴՀօրեղբայր իմ. ինձի համար ալ բաւական զրպարտութիւններ ըրած է ձեզի. բոլորն ալ սուտ են, եւ ես օրիորդ Մարգրիտը կը սիրեմ, ինչպէս որ ան ալ զիս:
ԹԷՈՓԻԼԷՇատ աղէկ: (Առ Կոմիկ) Վայրենի գազան, (Կ՚երթայ):
ԱՆՏՈՆ (առ Կոմիկ) Անբան անասուն (Կ՚երթայ):
ԵՐՈՒԱՆԴ(առ Կոմիկ) Է՛շ, աւանա՛կ (Կ՚երթայ):
ՄԱՐԳՐԻՏ(խղճալով) Կը խղճամ քու վրադ. բայց ինչո՞ւ: Զիս թշուառացնէիր պիտի, եթէ հայրս չիմանար քու սատանայութիւններդ: Անիծեալ, տխմար, ապուշ (Կ՚երթայ):
ՏԵՍԻԼ ԺԲ
ԿՈՄԻԿ(առանձին) Քիչ մը առաջ մէկը իմ ծառաս է, կ՚ըսէր ինձի համար, միւսն ալ իմ ծառաս է կ՚ըսէր, հիմա երկուքն ալ զիս թողուցին. ո՜հ թշուառութեանս: (Բիրաբը կամաց կամաց գալով դռան առջեւ կը կենայ ձեռքը սակառ մը) Ի՞նչ ընեմ, ո՞ւր երթամ:
ՏԵՍԻԼ ԺԳ
Բիրաբ եւ նոյն
ԲԻՐԱԲԱս շաքարեղէններն ալ որչափ ծանր են:
ԿՈՄԻԿԵթէ մայրս գայ ու զիս ասանկ մերկ տեսնայ, ի՞նչ պիտի ըսէ արդեօք:
ԲԻՐԱԲ(իւրովի) Անկարելի բան. վասնզի Երուանդը հիմա տեսայ, երեսս անգամ չնայեցաւ. ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ, որ իրեն հետ ամուսնանամ:
ԿՈՄԻԿԽեղճ մայրս կը յուսար, որ Երուանդը պիտի առնէր իրեն ամուսին: Ո՜հ թշուառութեանս. Երուանդին Մարգրիտը առնելը ինձի ալ վնաս տուաւ մօրս ալ. ինչ աղէկ կ՚ըլլար, թէ որ Մարգրիտը ես առնէի եւ մայրս ալ Երուանդը առնէր, ասանկով երիտասարդ հայր մը պիտի ունենայի. բաղդը կը ծիծաղի զիս:
ԲԻՐԱԲ(Կոմիկը կը տեսնէ) Զաւակս, դարձեալ գործի վրայ չէ. վասնզի զգեստները հաներ է. Կոմիկ, ի՞նչ լուր ունիս, հարսնիքները ե՞րբ պիտի կատարուին, ես շաքարեղէնները առի:
ԿՈՄԻԿ(չպատասխաներ)
ԲԻՐԱԲԻնչո՞ւ լուռ կը կենաս, գործերդ աւելցուցի՞ր, ի՞նչ ըրիր, որ ասանկ կը խորհիս:
ԿՈՄԻԿԲան մը չկայ:
ԲԻՐԱԲՀարսանեաց հանդէսը ե՞րբ պիտի կատարուի:
ԿՈՄԻԿԿատարուեր լմնցեր են. Երուա՛նդը առաւ Մարգրիտը:
ԲԻՐԱԲԲայց Երուանդը իս կ՚ուզէր առնել ըսիր, խաբեցի՞ր զիս:
ԿՈՄԻԿՔեզ խաբելու համար չըսի, բայց անանկ եղաւ. ասկից ի զատ երկու տէրերս ալ իս վռնտեցին:
ԲԻՐԱԲԵւ ի՞նչպէս:
ԿՈՄԻԿԻ՞նչպէս պիտի ըլլայ, հազիւ թէ մէկ տիրոջս հրամանները կատարելու ետեւէ էի, միւս տէրս ալ սկսաւ կանչել զիս. մէկուն այո՛, միւսին ո՛չ ըսելով, իմացուեցաւ, որ երկու տէրանց ծառայողներէն մէկն ալ ես եմ. մէկը գայլի կերպարանք մտնալով կարծես կ՚ուզէր զիս ուտել. միւսն ալ առիւծի նման բզիկ բզիկ ընելու կը ջանար զիս. ականջս կը քաշէր, ապտակ կ՚իջեցնէր իմ նազելի այտերուս, ասդիս անդին կը հրէր. նոյն միջոցին քեզ կը յիշէի. ահա ասանկ խաղք խայտառակ ըլլալէն զկնի` զգեստներս ալ առին վրայէս եւ հիմա ասանկ մնացի. այս վիճակը շատ ողորմելի վիճակ մըն է. առաջ ինչ էր նէ դարձեալ ծառայ մըն էի, այլ հիմա…
ԲԻՐԱԲԱնփետուր աքաղաղ դարձեր մնացեր ես:
ԿՈՄԻԿԻ՞նչ ընենք:
ԲԻՐԱԲԻ՞նչ պիտի ընենք, հիմա ազատ ես, վասնզի տէր բան չունիս, ազատ ես, ինչ որ ուզես կրնաս ընել. մի՛ մտածեր, ի՛նչ ընենք, եկուր շաքարեղէնները ուտենք գոնէ:
ԿՈՄԻԿԻրիկուան ուտելու հաց ունի՞նք:
ԲԻՐԱԲՀաց չկայ. ես արդէն հաց չէի ուտեր, որ հարսնիքի գիշերը շատ ուտենք:
ԿՈՄԻԿՇաքարեղէնները գնա ծախէ՛ եւ հաց ծախու առ:
ԲԻՐԱԲՉեմ կրնար ծախել:
ԿՈՄԻԿԲայց ի՞նչ ընելու ենք այս իրիկուն:
ԲԻՐԱԲԱնօթի մնալու ենք. ահա այս է երկու տէրանց ծառայութիւն ընողներուն վերջը. իմ թշուառութեանս ալ պատճառ եղար (Կ՚երթայ):
ԿՈՄԻԿ(կը կենայ գլուխը ծռած ու կամաց կամաց լալով կ՚երթայ ըսելով) Այս ի՞նչ դժբախտութիւն է գլուխս եկաւ: