Զապել Եսայան
Կեղծ հանճարներ
Ը․
Անկէց քանի մը շաբաթ ետքը՝ Տաճատ Չարըքեան մտահոգ կ՚իջնար Ռիւ տէ զէքօլէն. հակառակ ծայրայեղ խնայողութիւններուն՝ իր երկու հարիւր ֆրանքի գումարէն մէկ ոսկի դրամ մնացած էր. հազիւ թէ շաբթուան մը ապրուստը, ասկէ զատ դեռ ոչ մէկ բարեկամ չունէր որուն վրայ կարենար հաշուել. իր յանձնապաստան խրոխտութիւնները իրմէ պզտիկները խրտչեցուցած էին եւ իրմէ մեծերուն արհամարհանք ներշնչած էին։ Սուրէն Սահակեան միայն կուգար երբեմն զինք տեսնելու եւ կամ իրեն կը մօտենար Միւլլէր սրճարանին մէջ, պարզապէս իր dilettanteի հեգնող եւ չարամիտ բնազդներուն գոհացում տալու, ճարտարօրէն մղելով Չարըքեանը որ իր Եսին, իր հանճարին վրայ խօսի։ Տաճատ՝ հակառակ իր վսեմ կուրութեանը, երբեմն կ՚անդրադառնար Սուրէնի սեւ եւ գեղեցիկ աչքերուն մէջ բոցավառող ուրախութիւններուն, ամէն անգամ որ իր հոգիին մէկ նոր էջը բանար անոր, բայց ասոնք վաղանցիկ եւ յանկարծական տպաւորութիւններ էին որ կը կորսուէին իր անսահման ինքնավստահութեան մէջ։
Քանի մը օր առաջ Տաճատ բարոյապէս եւ նիւթապէս ընկճուած՝ յանկարծ մտադրած էր իր գիրքը սկսելու եւ զայն ծանուցած էր Միւլլէրի մէջ Անտօն Եարաեանին եւ Սուրէն Սահակեանին։
Ձեզի միայն կ՚ըսեմ, ըսած էր իր խղդուկ ձայնովը եւ այնպիսի շարժումով մը որ իր վայելուչ հասակին հանդիսաւոր եւ գրեթէ թատերական բան մը կուտար. ձեզի միայն կ՚ըսեմ, այնպիսի գիրք մը պիտի ըլլայ ասիկա որուն պէս դեռ չէ գրուած եւ չպիտի գրուի. անիկա կոչուած է տիեզերական դեր մը կատարելու, անիկա ապահով պիտի փոխէ արուեստական եւ իմաստասիրական մինչեւ ցարդ գոյութիւն ունեցող ըմբռնումները, անիկա ամբողջ իմ Եսս պիտի ըլլայ, իմ Հոգիս։
Անկարելի է արտայայտել այն շեշտը որ ունեցած էր Եսս եւ Հոգիս արտասանած ատեն. առաջին անգամ ըլլալով՝ Սուրէն անոր սովորաբար աննշան աչքերուն մէջ ցոլք մը տեսած էր, անհանգստող եւ վրդովիչ բան մը՝ ինչպէս երբեմն ունին յիմարներուն աչքերը։
Մանուկ որ այս միջոցին հոն կը գտնուէր եւ իր հիւանդութենէ ծանրացած գլուխը երկու ափերուն մէջ առած մտիկ կ՚ընէր, հիացումով եւ գրեթէ ջերմեռանդութեամբ կը նայէր Տաճատին։ Անտօն Եարաեան շարունակական ծամածռութիւններով անհասկնալի բառեր կը մրմնջէր, եւ միայն Սուրէն ուշադիր եւ հետաքրքրուած մտիկ կ՚ընէր Տաճատին։
Երբ, վերջապէս, Չարըքանին ձայնը խղդուելով չկրցաւ շարունակել եւ յուզմունքէն տժգոյն, գմբեթաձեւ ճակատը ցցելով, որուն վրայէն մազերը օրէ օր աւելի ետեւ կ՚ընկրկէին, մեկնեցաւ սրճարանէն, Սուրէն իր ընկերներուն դառնալով ըսաւ լրջօրէն։
Այս տղան հիւանդ է։
Հիւա՞նդ, կրկնեց Մանուկ զարմանքով։
Այդ օրէն Մանուկ լեցուած էր Տաճատին համար այնպիսի հիացումով մը որ իր նկուն հոգիին համար ծանր կուգար եւ կարծես աստիճան մը թեթեւնալու համար հանդպածին կը պատմէր լսածը։
Այնպիսի գիրք մը՜… վայ սատանա՛յ, որուն պէս ոչ ոք չէ գրած մինչեւ ցարդ։ Ոմանք կը խնդային, բայց շատերը սկսած էին շահագրգռուիլ։ Տաճատ Չարըքեան տիպար մը կ՚ըլլար հետզհետէ Բարիզի հայ ուսանողութեան մէջ եւ զարմանալին այն էր որ այս անգամ ալ իրեն ընծայուած արժէքը բանի մը համար էր որ դեռ գոյութիւն չունէր։
Այդ օրը սակայն ինքը դեռ չէր գիտեր թէ ի՞նչ կը խորհէին իր վրայ. կը մտաբերէր խնայողութեամբ անցուցած մռայլ օրերը եւ անորոշ ապագան բոլորովին կը տարտղնէր իր մտածումները իր կրի-բէրլ հագուստը սկսած էր գունատիլ եւ տարօրինակ տպաւորութւն մը կ՚ընէր աշնանային անթափանց մթնոլորտին մէջ։ Օրական ապրուստէն զատ ձմեռային զգեստներու կարեւորութիւնը օրէ օր կը շեշտուէր. ա՜հ, որքա՜ն հեռու էր այդ միջոցին իր շքեղ Եսին վրայ մտածելէ. մտքովը մանրակրկիտ հաշիւներ եւ ենթադրութիւններ կ՚ընէր այնպիսի ճարտարութեամբ մը՝ որ անհրաժեշտութիւնը ամենէն վերացական մտքերուն ալ կը ներշնչէ։ Նոյն միջոցին նոր հրատարակուող թերթի մը ցրուիչները սկսան վազվռտել ամէն ուղղութեամբ, օրուան յօդուածագիրներուն անունները գոչելով։
Յօդուած մը՜… Օգթավ Միւպօէն… Լօրան Թայյատէ՜ն…։
Տաճատ անբացատրելի տգիտութիւն մը ունէր օրուան գրական մարդերուն վրայ. բոլոր համբաւները զինքը կը վիրաւորէին եւ որովհետեւ չէր կրնար անոնց անունները աւրել ամենուն մտքէն, ինքը կը գոհանար զանոնք չճանչնալով, բայց ցրուիչները կը գոչէին եւ ասիկա իրեն այնպիսի սրտի սեղմում մը պատճառեց որ պահ մը կեցաւ։ Նոյն միջոցին Քօլէժ տը Ֆրանսի առաջքը կը գտնուէր։ Անձնական կառքերը փողոցը խճողած էին, երկու երիտասարդ կիներ, պերճօրէն հագուած՝ իջան Քօլեժի սանդուղներէն եւ կառք մտան. մանիշակի եւ ֆուժէռի թեթեւ բուրմունք մը վայրկեան մը ծածանեցաւ օդին մէջ. դասախօսութիւն մը վերջացած ըլլալու էր, որովհետեւ պահ մը ետքը խառն բազմութիւն մը աշխարհիկներու, ուսանողներու հանդարտօրէն տարածուեցաւ մարմարեայ սանդուղներուն վրայ. ոմանք իրարու հետ կը խօսակցէին եւ կը դանդաղէին, ոմանք հապճեպով կ՚երթային դէպ ի Պուլվար Սէն-Միշէլ գրեթէ դիմաւորելով պչրող կիները որոնք իրենց երեկոյեան պտոյտին համար դուրս ելած էին եւ կ՚արտաշնչէին քրէմներու, բրնձափոշիի եւ զանազան օծանելիքներու հոտեր. այդ զուարթ, գրեթէ անփոյթ եւ ժպտուն բազմութեան մէջ ասդին անդին օտար ուսանողուհիներ, չափազանց համեստ զգեստներով, կարծես կամովին տգեղութեան դատապարտուած, լեցուն գրքապանակը թեւերուն տակ, բազմութիւնը ճեղքելով կ՚անցնէին եւ կ՚երթային՝ անտարբեր շուրջի պերճանքին, զուարթութեան եւ հաճոյքներուն։ Տաճատին աչքերը սեւեռեցան պզտիկ ծերունիի մը վրայ, համեստ եւ աննշան երեւոյթով, քիչ մը կորաքամակ որուն ճերմակ մազերը կէս բոլորակ մը կը շինէին ծոծրակին վրայ, գլանաձեւ գլխարկին ներքեւէն. կարմիր rosaceը միայն այդ մթին եւ համեստ երեւոյթին վրայէն կը ցայտէր. շատերը ետեւ դարձան եւ մրմնջեցին.
Բրօֆէսէօրը…։
Գեղեցիկ, մասնաւորի կառք մը յառաջացաւ սանդուղներուն առաջքը, բայց ծերուկը ձեռքովը նշան մը ըրաւ կառապանին, իր գրքապանակը յանձնեց եւ ճկուն շարժումներով յառաջանալով բազմութեան մէջ խառնուեցաւ։
Տաճատ ապշած կը նայէր եւ կը խորհէր. ինքը ի՜նչ վսեմ շարժումով մը պիտի մտնար կառքը եւ պիտի անցնէր ամբոխին մէջէն։ Այս Բարիզցիները շատ անօրինակ են, մտածեց, եւ անհասկանալի բոլորովին։
Որի՞ կը նայիս այդպէս ապշած երեւոյթով, ըսաւ ծանօթ ձայն մը ետեւէն։
Տաճատ դարձաւ. Բարսեղ կեցեր էր հոն՝ ահագին Շասի մը ձեռքը։
Ո՞ւր այսպէս, կրկնեց դարձեալ երբ տեսաւ որ Տաճատ չէր պատասխաներ։
Պտոյտի, ըսաւ վերջապէս Չարըքեան յուզմունքէն ալ աւելի խղդուկ ձայնով մը։ Եւ երկուքը մէկ յառաջացան դէպի Լիւքսէնպուրկի պարտէզը։ Դժուարաւ անցան Պուլըվառ Սէն-Միշէլի հետզհետէ հոծ ամբոխին մէջէն, երբ պարտէզ մտան՝ Տաճատ տկարութիւն մը ունեցաւ. ծունկերը կրթոտեցան եւ մօտակայ նստարանի մը վրայ նստեցաւ յոգնած։
Ա՜խ… վերջապէս… Բարիզը զիս կը սարսափեցնէ՜… ես չեմ կրնար հոս ապրիլ։ Շրթունքները կը դողդղային եւ չափազանց տժգոյն էր, աչքերուն կոպերը կարմրած էին ակնոցներուն ներքեւէն։
Ես չեմ կրնար, չեմ կրնար, թօթովեց կրկին, անգիտակցաբար, մոռնալով Բարսեղին ներկայութիւնը, ես ի՞նչ պիտի ըլլամ այս դժոխքին մէջ։
Բարսեղ անխօս կեցած էր անոր դիմաց եւ վերջալոյսի արեւէն աչքերը թարթափելով բերանը կը ծռէր մէկ կողմին, իրեն սովորական եղող վաղեմի ծամածռութեամբ մը. ու քամակն ալ կը հակէր հետզհետէ արմուկովը Շասիին կռթնած, թիկնեղ իրանը դէպ առաջք, ճիշդ այնպէս ինչպէս ժամանակաւ կ՚սպասէր քարափին վրայ որպէս զի բեռեր դնէին իր կռնակը։
Տաճատ այդ տարօրինակ երեւոյթը տեսնելով ինքզինքին եկաւ. յանկարծ ամչցաւ իր տկարութենէն եւ ուզեց դարմանել զայն ու կեղծ ձայնով մը հազիւ թէ մրմնջեց.
Ալ չեմ կրնար մնալ հոս, որովհետեւ, կը տեսնա՞ս, անկարելի է այս քաղաքին մէջ աշխատիլ… այս պայմաններով, եւ ես այնքան ընդարձակ ծրագիրներ ունիմ։
Բարսեղ ուժգնօրէն, գրեթէ կոպտութեամբ պատասխանեց.
Անկարողի արդարացում է այդ… այնչա՜փ մարդիկ կ՚աշխատին այս քաղաքին մէջ։
Այո՛, բայց ոչ այս պայմաններով։
Վերջին բառը ծանրացաւ Տաճատի բերնին մէջ. անմիջապէս գաղափար մը անցեր էր մտքէն ու սիրտ առած ոտքի ելաւ։
Բաւական ատեն Լիւքսենպուրկի ծառուղիներուն մէջ պտուտկեցան խօսակցելով։ Տաճատ՝ կեանքերնուն մէջ առաջին անգամ նիւթական դժուարութիւն կրող մարդերու անճարակութեամբ խնդիրը սկիզբէն սկսաւ. նախ խօսեցաւ իր ծրագիրներուն, իր գրքին վրայ, յետոյ անցաւ այսչափ ընդարձակ եւ կարեւոր ծրագրով գործ մը գլուխ հանելու դժուարութեանց եւ ժամանակին սղութեան վրայ, յետոյ յայտնեց թէ եթէ դեռ երկու հարիւր ֆրանքի չափ գումար մը ունենար, չպիտի յուսահատէր, օ՜հ բնաւ, ի՞նչ կար արդէն յուսահատելու, յաջողութիւնը յայտնի եւ ակներեւ չէ՞ր ամենուն համար, անոնք որ կը տարակուսէին…։
Կը հասկնա՞ս բարեկամ, ամէն երկրի մէջ եւ ամէն մեծ մարդու համար տարակուսողներ եղած են, բայց ի՞նչ է այդ տխմարներուն կարծիքը հանճարին համար որ արեւի պէս պայծառ կը ծագի վերջապէս օր մը՜…։
Կամաց, եղբայր, ինծի կը թուի թէ խոհեմութիւն չէ այդպիսի պատրանքներ ունենալ ինքզինքին վրայ, ես գրականութենէ չեմ հասկնար, իմ խելքս շատ քիչ բանի կը հասնի, բայց ինծի այնպէս կուգայ որ… դժուար, շատ դժուար բան է…։
Ա՜հ, կը տեսնե՞ս, Բարսեղ, ընդմիջեց Տաճատ զինքը, անոր համար որ դուք նկարիչներդ գաղափարական մարդիկ չէք, դուք չէք հասկնար գաղափարին ամենակարողութիւնը. ինչ որ ես իմ հոգիիս խորը կ՚զգամ վսեմ եւ հզօր, դուն ի՞նչպէս կրնաս սահմանել քու թանձր գոյներովդ եւ չոր գիծերովդ, քու տաղանդդ որոշեալ գիծերու եւ երանգներու գերին է…։
Այլ սակայն լոյսը եւ ստուերը… ա՜հ…։
Տաճատ անհամբեր եւ տարտամ շարժում մը ըրաւ։
Ծառը միշտ ծառ մըն է եւ ոչ ուրիշ բան, մինչդեռ…։
Բարսեղ այնպիսի միամիտ ապշութեամբ մը նայեցաւ իր աչքերուն մէջ որ Տաճատ յաղթական, իր սուր մօրուքը ցցեց. բթամատին եւ ցուցամատին ծայրերով ակնոցը տեղաւորցուց քթին վրայ եւ շրթունքներու մասնաւոր մրմունջով մը, որ իրեն յատուկ էր, ծիծաղեցաւ քանիցս։
Երբ արեւը մայրը մտաւ, գաղջ եւ հաճելի մթնոլորտը յանկարծ ցրտացաւ. հեռուէն ծառերը տերեւազուրկ սեւ եւ մերկ ցցուեցան ստուերոտ հորիզոնին վրայ. Տաճատ եւ Բարսեղ սարսռացին։
Եկու միասին թէյ մը խմենք, ըսաւ Բարսեղ։
Ճամբան՝ առանց ընկերի մնացած աղջիկներ կը կառչէին իրենց։ Տաճատ զզուանքով մէկ կողմ կը հրէր զանոնք եւ իր մեծ մարդու ճակատը կը ցցէր խրոխտութեամբ, ոմանք անախորժ կատակներ եւ վիրաւորիչ խօսքեր կ՚ուղղէին իրենց։
Ինչո՞ւ այդպէս կը վարուիս այդ խեղճերուն հետ, ըսաւ Բարսեղ բարութեամբ։
Զիս կը զզուեցնեն, ա՛հ չափազանց կը գրգռուին ջիղերս, ես կիները չեմ սիրե՛ր…։
Բոլոր կինե՞րը, հարցուց Բարսեղ հեգնելով։
Այդ ջղային, դիւրագրգիռ, անկայուն նկարագրով եւ կարողութիւնով երիտասարդին մօտ՝ Բարսեղ իր հուժկու եւ կորովի անձովը, զայն պաշտպանելու պէտք մը կ՚զգար բնազդմամբ։ Քանի մը շաբաթուան Բարիզի կեանքը՝ զինքը փոխած եւ աւելի յստակ վստահութիւն մը ներշնչած էր իր անձին եւ բարեխառնած էր իր բնական երկչոտութիւնը եւ կասկածոտութիւնը, եւ հիմա երբ Տաճատին վրայ կը նայէր, այն տարտամ հիացումը չկար իր զգացումին մէջ որ նախապէս գեղեցիկ եւ վայելուչ երիտասարդը՝ հանճարին պատրանքով լուսապսակուած՝ ներշնչած էր իրեն, առանց կարենալ բոլորովին զայն դատելու՝ կը նախզգար անոր բուն հոգեկան եւ մտաւորական վիճակը եւ Սուրէնին անոր մասին ըսած խօսքերէն ալ լուսաբանուած՝ ներողամտութեամբ եւ կարեկցելով կը նայէր Տաճատին վրայ եւ այս զգացումին մէջ հետաքրքրութիւն ալ կար։
Օր մը Տաճատի կանանց համար ունեցած ժուժկալութեանը վրայ խօսելով, Սուրէն ըսած էր չարամտութեամբ.
Այս թիփը ճանցուած étiqueté թիփ մըն է. այս Հանճարեղները Տիւլսինէ մը կ՚ունենան որ զիրենք կը զրահաւորէ ուրիշ կիներու դէմ։
Բարսեղ այդ միջոցին Սուրէնին խօսքերուն վրայ կը խորհէր, երբ զարմանքով տեսաւ որ Տաճատին աչքերը, ակնոցին ներքեւէն կը վարագուրուէին երազանքով։
Միակ կին մը, ըսաւ վերջապէս խղդուկ ձայնով մը՝ որ յուզմունքէն գրեթէ խռպոտ կը դառնար, միակ կին մը կարող էր իմ սիրտս գրաւել եւ այդ իտէալ կինը գոյութիւն ունի, որուն գաղափարը զիս կ՚առաջնորդէ իմ ընդգրկած դժուարին ասպարէզիս մէջ։
Եւ այդ կինը հոս կը գտնուի՞, կը ճանչնա՞մ։
Տաճատ ըմբոստ շարժում մը ըրաւ եւ հեռաւոր անհունութիւնը ցուցուց տարտամօրէն։
Այդ կինը շատ հեռուն է … շատ հեռո՜ւն։
Քիչ մը ատեն բազմութիւնը ընդհատեց իրենց խօսակցութիւնը եւ գրեթէ իրարմէ հեռացան։ Կէյ-Լիւսաք փողոցին վրայ միայն կրցան իրարու քով գալ։ Տաճատին դէմքին վրայ դարձեալ տխրութիւն եւ հոգը կ՚երեւէր, իր աչքերը գրեթէ մարած էին եւ կակուղ գլխարկին ներքեւէն մատները սանտրի պէս բացած մազերուն մէջ կը մխրճէր եւ դէպի ետեւ կը մղէր. շարժում որ մեծ մտահոգութիւն կը նշանակէր իր վրայ. Բարսեղ աչքին ծայրովը կը դիտէր զինքը եւ մտքով կը հաշուէր թէ կրնա՞ր այդ երկու հարիւր ֆրանքի գումարը փոխ տալ Տաճատին որուն պէտք ունենալը յայտնած էր քիչ մը առաջ. իբրեւ լաւ եւ ուղիղ ընկեր, առանց ժամանակ ձգելու որ Տաճատ այդ դիմումը ընէ, ինքը առաջարկեց այդ փոխատուութիւնը։
Երկու հարիւր ֆրանքը կրնայ երեք ամիս քեզի բաւել, մինչեւ այն ատեն կը ջանաս որ միջոց մը գտնաս, այսինքն թէ բարեկամաբար խօսելով, պէտք չէ հաշուես գիրքիդ վրայ… ինծի կը թուի թէ ատի հեռաւոր յաջողութիւն մըն է, առ այժմ նայէ որ միջոցը գտնաս գոնէ հարիւր ֆրանքի ամսական մը կապել տալ քեզի… եւ աշխատիս… կը տեսնա՞ս բարեկա՛մ, աշխատութիւնը կը նուիրագործէ ամէն բան, ապա թէ ոչ կը դառնաս այն շատ մը անուանական ուսանողներէ մէկը, որոնք դրամ կ՚առնեն եւ փոխարէն բան մը չեն ըներ… այդ պայմաններուն մէջ մուրացկանութիւն է… կ՚ընդունիմ. երբ մարդ բացարձակ վստահ չէ ինքզինքին վրայ, դարձեալ աւելի աղէկ է տասնըհինգ տարի բեռնակրութիւն ընել… բայց քու պարագադ տարբեր է, վստահութիւնը չէ որ կը պակսի քեզի…։
Տաճատ արհամարհանքով ուսերը թօթուեց։
Որովհետեւ միջոցը ունիս այդ երկու հարիւր ֆրանքը փոխ տալու ինծի, անոր համար կը յանդգնիս խորհուրդներ տալ. այդ տոկոսով անմարսելի է, բարեկամս։
Բարսեղ այս խօսքերէն չվիրաւորուեցաւ եւ աւելի փղձկուած բարութեամբ նայեցաւ ընկերոջը։
Մի՛ նեղանար իմ խօսքերուս, բնականաբար ազատ ես ուզածդ ընելու, ես միշտ պատրաստ եմ քեզի այդ երկու հարիւր ֆրանքը փո՛խ տալ… եւ քեզի յայտնել միջոցը անով երեք ամիս ապրելու Բարիզի մէջ. թերեւս այս վերջին տոկոսը աւելի մարսելի ըլլայ, չէ՞։
Այլ եւս առանց խօսելու քալեցին մինչեւ Գլօտ-Պէռնառ փողոց ուր Բարսեղ կը բնակէր. հոն հասնելնուն Տաճատ չուզեց ընկերոջը սենեակը ելնել, բայց Բարսեղին ստիպումներուն վրայ տեղի տուաւ։
Բարսեղ վեցերորդ յարկը բակի վրայ պզտիկ սենեակ մը կը բնակէր որուն բոլոր կարասիներն էին երկաթէ մահճակալ մը, որուն վրայ խոտէ անկողին մը դրուած էր, ճերմակ փայտէ սեղան մը լրագիրներով ծածկուած, եւ աթոռ մը. ապակիները ծածկուած էին ծակոտկէն գորշագոյն վարագոյրներով որոնց նախնական գոյնը ճերմակ ըլլալու էր։
Բարսեղ աթոռը հիւրին հրամցուց եւ ինքը նստեցաւ անկողնին վրայ, եւ որովհետեւ Տաճատ դեռ քէն ըրած ըլլալու երեւոյթը ունէր, ըսաւ անոր կորովի ձայնով մը.
Ես ուղիղ եւ պարզ մարդ մըն եմ, ես դեռ երկար ատեն թերեւս բեռնակիր մնամ. պէտք չէ ինծի վշտանալ, այդ լաւ բան չէ. ինչ որ ըսի քիչ մը առաջ եթէ մտիկ ընէիր, վնաս չէր հասներ քեզի, բայց կ՚ըսեն, հանճարեղ մարդիկ տարբեր կ՚ըլլան։
Այս վերջի խօսքերէն շողոքորթուած եւ մանաւանդ երկու հարիւր ֆրանք ունենալու գոհունակութենէն սրտապնդուած՝ Տաճատ ներեց Բարսեղին եւ բաւական զգացնելէն ետքը անոր իրմէ վար ըլլալը, ըսաւ վերջապէս խնդալով։
Հիմա ըսէ՛ տեսնենք, ի՞նչ միջոցով կարելի է երկու հարիւր ֆրանքը երեք ամիս տեւեցնել. կը խոստովանիմ թէ այս կարգի նիւթերու մէջ բոլորովին անկարող եմ։
Համեստութիւնդ գնահատելի է, եղբայր, թերեւս լաւ է երբեմն ինքզինքը անկարող զգալ… բայց գանք մեր նիւթին, ահաւասիկ կը բաւէ որ ըսեմ քեզի թէ ես ինչպէ՜ս կ՚ապրիմ…
Կը կարծե՞ս թէ ես կրնամ քեզի պէս ապրիլ, ըսաւ Տաճատ իր շուրջը նայելով։
Բարսեղ այս անգամ վիրաւորուած լուռ մնաց եւ իր կզակը հզօր, անկիւնաւոր, ոսկրուտ ցցուեցաւ սպառնական, բայց անմիջապէս ինքզինքը գտաւ եւ ոտքի ելնելով իբր թէ հարկադրէր Տաճատը իր ձեւով ապրելու, ըսաւ խիստ եւ կտրուկ ձայնով մը.
Մեր կացութեան մէջ եղող ուսանող մը պէտք չէ քառասուն ֆրանքէ աւելի եռամսեայ վարձք վճարէ. քառասուն ֆրանքով այսպիսի սենեակ մը կունենաս եւ այդ կը բաւէ քեզի, օրը մէկ ու կէս ֆրանք կը յատկացնես սնունդիդ. առաւօտուն մէկ սու հաց եւ մէկ սու կաթ կամ շոքոլա, բաւական է. ցորեկին աշխատութեան ատեն շատ ժամանակ չունիս կորսնցնելիք, չորս սուի տապկուած գետնախնձոր կը գնես, կամ խոզենի կամ կաթով սուրճ. երկու սու հաց եւ երկու սու կարագ կամ պտուղ, քեզի կը մնայ մէկ ֆրանք որով շատ լաւ կրնաս ընթրել ուսանողի ճաշարաններու մէջ. ասիկա քեզի կ՚ընէ ամսական քառասունը հինգ ֆրանք, եռամսեայ հարիւր երեսուն եւ հինգ, որուն վրայ աւելցուր քառասուն ֆրանքի տան վարձքը, կ՚ունենաս հարիւր եօթանասունը եւ հինգ ֆրանքի պիւտճէ մը եւ դեռ քեզի կը մնայ քսան եւ հինգ ֆրանք՝ զուարճութեան, նամակադրոշմի եւն։ Այսպէս կ՚ապրին Բարիզի գործաւորուհիները, ֆրանսացի աղքատ ուսանողները, շատ մը պզտիկ պաշտօնեաներ, ես անմիջապէս հարցուցի եւ գիտցայ. պատճառ մը չկայ որ մենք ալ այդպէս չապրինք։
-Է՛հ, թրամուէյի, կառքի ծախքերը եւ դեռ…։
Կը քալես, բարեկամ, կը քալես եւ մնացեալը կը մոռնաս, առ այժմ հիմա խնդիրը քեզի համար այդչափը ապահովելն է, քեզի պէտք է տարեկան ութը հարիւր ֆրանք եւ հարիւր ֆրանք զգեստի։
Օ՜հ, բաւական է գոչեց Տաճատ ինքզինքէն ելած…։
Բարսեղ առանց զինքը մտիկ ընելու, բաճկոնակը բարձրացուց, գօտին քակեց եւ անոր ծալքերուն մէջ պահուած քսակ մը հանելով, մէջէն տասը ոսկի դրամ առաւ եւ դրաւ սեղանին վրայ, Տաճատին առջեւը. յետոյ աճապարանքով սկսաւ թէյը պատրաստել մինչ Տաճատ ջղային շարժումներով կ՚երթեւեկէր սենեակին մէջ դժգոհ, վիրաւորուած եւ երբեմն խրոխտ երեւոյթով։