Զապել Եսայան

Կեղծ հանճարներ

ԺԱ․

Տաճատ իրաւամբ տկար եւ ընկճուած կ՚զգար ինքզինքը. անսահման յուսահատութիւն մը յաջորդեց իր ինքնավստահութեան, խորին, թանձր յուսահատութիւն մը սեւ ամպի մը պէս կը մթագնէր իր հոգիին մէջ ճառագայթող բոլոր ըղձանքները եւ երազները. բայց ինքը վէսօրէն չուզեց անդրադառնալ որ իր հաւատքը դղրդուած էր ու բոլոր իր գէշ տրամադրութիւնները վերագրեց Հրանդ Մարտիկեանին գաղջ շնորհաւորութիւններուն եւ անոր խրախուսիչ բառերուն տակ իսկ ծածկուած տարտամ անհաւատութեանը իր հանճարին նկատմամբ։ Մեկնելէն ետքը մինչ Լիւքսէնպուրկի պարտէզէն կ՚անցնէր, գաւազանին ծայրովը ակօսներ բանալով ջղաձգօրէն գետնին աւազին մէջ, կը խորհէր այս բաներուն, գլուխը ծանրացած եւ իր ամբողջ հոգւոյն մէջ զգալով անիմանալի խլրտում մը. երբեմն իր մտածումին բոլորովին օտար բառեր կ՚արտասանէր մեղմօրէն, բայց անմիջապէս անդրադառնալով գլուխը կը ցնցէր, ճակատը կը կարկառէր դէպ առաջ եւ վերջալոյսին ստուերոտ եւ մանիշակագոյն մթնոլորտին մէջ կարծես անոր վրայ ուրուագծուող ուռեցքները կը ցցուէին, դէպի դուրս կը ձգտէին։ Երբեմն ալ շնչասպառ կը կենար, նայուածքը կորսուած հեռաւոր ծառուղիներու մշուշոտ խորութիւններուն մէջ, միտքը տարտամ եւ երազուն։

Ի՜նչչափ հաճելի պիտի ըլլար այդ ժամուն խորհիլ իր սիրելիին, իր Աննային վրայ, միտքը պայծառ եւ զերծ ո եւ է մտահոգութենէ. բայց ամէն անգամ որ իր մտածումը դէպի անոր կը սուրար, անիկա կը սանձուէր կարծես ուժգնօրէն Հրանդին պատկերովը որ մասնաւոր կերպով մը հեգնօրէն կը ժպտէր իրեն, կը տեսնէր անոր ճակատը կնճռոտած, յօնքերը վեր թառած, աչքերը կիսախուփ եւ բերնին մէկ անկիւնը միայն դէպ ի վեր ձգտուած։ Ասիկա Հրանդին յատկանշական ժպիտն էր. կէս մը կեղծ բռնազբօսիկ ժպիտ մը որ իրեն բարձրօրէն հեգնողի արտայայտութիւնը պիտի տար եթէ չը հակասէր յայտնի կերպով իր ճշմարտապէս միամիտ մարդու խառնուածքին հետ։

Բայց Տաճատ զայն առաջին անգամ ըլլալով տեսած էր եւ անոր մէջ ընդնշմարած էր տեսակ մը անփոյթ արգահատանք։ Այդ ժպիտին յիշատակը զինքը տանջեց. միւս կողմանէ զարմացաւ նաեւ որ ինքզինքէն զատ ուրիշի մը կարծիքին այդ աստիճանի կարեւորութիւն կ՚ընծայէր, ատիկա կ՚զգար որ իր կամքէն ուժով բան մըն էր եւ առաջին անգամը ըլլալով կը պատահէր իրեն. վայրկեան մը անկեղծօրէն ըմբոստացաւ իր տկարութեան դէմ, ուզեց ազատագրուիլ Հրանդին ազդեցութենէն, ուզեց որ անոր կարծիքը դասաւորուի անանուն ամբոխին կարծիքին հետ, թէ ինքը իր մեծութեան պատուանդանին վրայ ինքզինքը վեր զգայ, անմարդկային եւ վէսօրէն առանձին, բայց բոլոր այդ ջանքերը ապարդիւն մնացին. մարդը, գորովանքի եւ գովեստի կարօտ մարդը արթնցած էր իր հոգիին մէջ, ու երբ պտոյտէն ետքը իր ցուրտ սենեակին մէջ գտաւ ինքզինքը, զգաց խորապէս իր անփառունակ առանձնութիւնը, հիմակ իր աչքին անկարելի երեւցող դիրքի մը եւ հեռաւոր – օհ՜ ինչքան հեռաւոր այդ ժամուն – սիրելիի մը գաղափարին հետ։ Յանկարծ երեւակայեց սովորականներու, միջակներու կեանքը, տաք եւ հանգստաւէտ սենեակ մը, վառարանին մէջ ճարճատող կրակը, վարդագոյն լուսամփոփին տակէն մաղուող մեղմ լոյսը, ընդարձակ սեղան մը ու կնոջ մը շրջազգեստին շշնչիւնը, անոր տաք ու բուրումնաւէտ ներկայութիւնը. խարտեաշ եւ թուխ մազերու ոլորքներ երեւցան իր աչքին, ու ժպտող նայուածքներ. յիշեց ասդին, անդին տեսնուած կիներ, իր միտքը վայրկեան մը սեւեռեցաւ անոնցմէ մէկուն յիշատակին վրայ ու շրթունքները անոր անունը մրմնջեցին։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլար որ յանկարծ ադ մոռցուած կնոջ պատկերը կուգար կը կանգնէր իր դիմաց, պչրոտ եւ ժպտուն. ինքզինքին հարցուց թէ երբէք սիրած է՞ր զայն, խորհա՞ծ էր անոր, ու յիշատակները դրոշմուեցան, կենդանութիւն առին. անգամ մը, իր հօրը տան մէջ, սեղանին վրայ տետրակ մը կը թղթատէին. ինքը դեռ տղայ մըն էր գրեթէ այն ատեն, ու այդ կնոջ ձեռքը իր մատներուն հանդիպած էր. երկար ատեն անիկա կինը եղած էր իր նորահաս պատանիի անորոշ ցանկութիւններով բորբոքած երեւակայութեան մէջ, յետոյ անիկա մեկնած էր թաղէն ու ինքն ալ հետզհետէ մոռցած էր զայն, հիմա ի՞նչ առնչութիւն կար իր եւ անոր մէջ. ուզեց զայն վանել մտքէն, բայց անոր գաղջ մատներուն յիշատակը յամառեցաւ. կարծես այդ մատները սրտին դպան ու զայն արիւնեցին. ներքին ցաւագին ջերմութիւն մը կ՚զգար ու միեւնոյն ատեն բուռն կերպով վերստին արթնցան իր մէջ իր անչափահաս տղու անորոշ եւ տենդագին ցանկութիւնները. սակայն կամաց կամաց, այդ կնոջ պատկերը նախ որոշ եւ հալածող իր նայուածքին եւ ժպիտին սեւեռումովը, հետզհետէ ստուերոտ եւ տմոյն աւրուեցաւ, իր շագանակագոյն մազերուն կարմրորակ ոսկին մարեցաւ ու անոր պչրոտ եւ յանկուցիչ ժպիտը մնաց միայն, ծածանեցաւ երկար ատեն իր մռայլ հոգիին մէջ եւ հոն մեղմօրէն օրօրելով իր բուռն զգացումները, զանոնք փոխանցեց սիրոյ եւ անվերջ գորովանքի կարօտին։

Կէս գիշերին, դեռ իր պլպլացող մոմին առաջք, Տաճատ իր սրտին բոլոր ջերմութիւնը կ՚արտայայտէր երկար նամակի մը մէջ՝ ուղղուած իր սիրելի Աննային ու ինքն ալ կը զարմանար որ ամէն անգամ երբ կ՚ուզէր մտաբերել անոր սիւլուէթը, միւս խարտեաշ կինը կը ներկայանար իրեն։

Հետզհետէ յոգնած եւ ջլատուած գլուխը ծանր զգաց. հազիւ նամակը վերջացուցած, անկողին մտաւ, բայց երկար ատեն իր վրդովուած մտքին մէջէն, կէս քուն վիճակի մէջ, խառն ի խուռն անցան իր կեանքէն դրուագներ, դարձեալ մոռցուած եւ անհետացած կնոջ պատկերներ, իր գիրքէն էջեր, բառեր. յետոյ ամենուն վրայ հեգնող եւ անողոք Հրանդին ժպիտը, բերնին մէկ անկիւնը դէպ ի վեր ձգտուած, ու երկար ատեն տանջուեցաւ այսպէս, գորովանքի, զայրոյթի եւ ատելութեան զգացումներու մէջ տարուբերելով եւ իբրեւ մոռացութեան միակ միջոց կառչելով իր սիրուհիին անունին, թալիսմանի մը պէս, զայն կրկնելով մեքենաբար – Աննիկ, սիրելիս, սիրելիս, սիրելիս…։

Երբ առաւօտուն արթնցաւ, անդամները ծանր էին, գլուխը կ՚այրէր եւ չկրցաւ ոտքի ելնել. անհուն յոգնութիւն մը կ՚զգար իր ամբողջ էութեան մէջ եւ շրթունքը դողդղալով, մեքենաբար բառ մը կը մրմնջէին. յանկարծ անդրադարձաւ. այդ էր յոգնութիւնը, այդ բառը, իր սիրելիին անունը յաճախած էր իր միտքը ամբողջ գիշերը ու այդ բառը անցած էր իր տենդահար մարդու ամէն մղձաւանջներուն մէջէն, այդ անունը այլ եւս ծանր բանի մը պէս պարապ նշանակութենէ, անիմաստ զանգուածի մը պէս կը ճնշէր իր հոգւոյն վրայ։

Քիչ մը ետքը դարձեալ թմրութեան մէջ ինկաւ, կէս օրի մօտ միայն աչքերը բացաւ, սաստիկ տենդ ունէր, շրթունքը եւ բերանը չորցած էին, լեզուն խոշորցած կ՚զգար եւ աչքերը կը վիրաւորուէին վարագոյրներուն ետեւէն իսկ մաղուող լոյսէն. դուրսէն լսեց քաղաքին խուլ ժխորը, թրամվէյներուն թաւալումը եւ իրեն թուեցաւ որ անոնք հեռաւոր բաներ էին. բայց այդ իրմէ անջատ գոյութիւն ունեցող հսկայ կեանքը յիշեցուց իրեն որ մինակ էր, անկարող ոտքի ելնելու, դէպի աղմկալից կեանքը երթալու. իրեն թուեցաւ որ ամբողջ Բարիզ քաղաքը իր աղմուկովը կը ճնշէր իր վրայ, զինքը կը ճզմէր ու կը հեռանար։

Այսպէս պիտի մեռնիմ առանձին, խորհեցաւ նախ մեղմօրէն, յետոյ ինքզինքին վրայ գթալով, իր անձին, իր անդամներուն վրայ, իր ձեռքերը, մատները, իր աչքերը եւլն. մեծ համեմատութիւններ կ՚առնէին, մեքենաբար կը կրկնէր մտքէն. – խե՜ղճ աչքերս, խե՜ղճ գլուխս, խեղճ ինքզինքս… ա՜հ։

Յետոյ հետզհետէ սարսափը սպրդեցաւ հոգիին մէջ ու տժգոյն եւ նիհար սիլուէթ մը ուրուագծուեցաւ աչքին առջեւը. անիկա նախ Մանուկին սիլուէթն էր, սրածայր մօրուքով, մեծ տենդագին եւ երազող աչքերով, հիւծախտաւորի աչքեր, որոնք երբեմն դէպ ի ներս նայուածք մը ունէին կարծես, այնքան ուշադիր, սեւեռեալ էին եւ միեւնոյն ատեն բանի մը չէին նայեր։ Յետոյ Մանուկին պատկերին վրայէն տակաւ առ տակաւ ինքզինքը գտաւ, ինքզինքը տեսաւ, իր առողջ եւ հուժկու մարմինը հիւծած եւ վատոյժ, անկարող կրելու իր հանճարեղի խոշոր գլուխը, եւ ահաւասիկ այդ գլուխը կը տատանէր, կ՚օրօրուէր, յետոյ կ՚իյնար մէկ ուսէն միւսին վրայ չոր եւ ուժգին շարժումով մը ու անոր չարագուշակ եւ եղերական յանկերգով կ՚օրօրուէին իր մտածումները, երգ մը կ՚ըլլային, անժամանակ եւ վսեմ երգ մը որուն բառերը իր իսկ հասկացողութեան անմատչելի կը մնային եւ որոնց անիմանալի զգայնութիւնը հազիւ թէ դպչելով իր ուղեղին կ՚անցնէր կը կորսուէր անհունութեան մէջ։

Ու իր այս հիւանդագին վերացումներուն մէջ միայն երբեմն Տաճատ կը կարծէր լսել իր ոսկորներուն ճարճատիւնը որոնք կարծես իր ջերմութենէն սաստիկ տաքցած անկողնին մէջ, պիտի քանդուէին։

Ուշ ատեն ընդոստ արթնցաւ. իր դրանը կը զարնէին. Սուրէնն էր. իր անգործութիւնը պահ մը ձանձրախտէն ազատելու համար եկած էր Տաճատը տեսնելու. այդ ներկայութիւնը, ծանօթի մը ներկայութիւնը դրանը ետեւ, իրեն սիրտ տուաւ եւ ելաւ նստաւ անկողնին մէջ։

Սուրէ՛ն, բարեկամս, եղբայրս, հիւանդ եմ, ոտքի չեմ կրնար ելնել… ձայնը փղձկեցաւ յուզմունքէն. գնա՛ դարբին մը կանչէ, դուռը բանալ տուր։

Ջանք մը ըրէ Տաճա՛տ, կ՚ըսէր Սուրէնին ձայնը դրանը ետեւէն, ո՞վ դարձեալ վեց յարկ պիտի իջնէ, ելնէ։

Բայց Սուրէն ստիպուեցաւ կատարելու Տաճատին խնդիրքը. երբ վերջապէս անոր անկողնին մօտ եկաւ, իր երազուն եւ հեգնող աչքերը պահ մը պտտցուց Տաճատին տժգոյն եւ տենդահար դէմքին վրայ, ձեռքերը գրպաններուն մէջ, առանց բանի մը դպչելու եւ արդէն սարսափելով այն հարկադրութենէն որ կ՚իյնար իր վրայ, Տաճատը խնամելու կամ իր բարեկամներուն իմաց տալու. բայց իր ծուլութեանը խնայուեցաւ անակնկալ պարագայով մը. Բարսեղ Մանուկը չտեսնելով քանի մը օրէ ի վեր, քիչ ետքը եկած էր Տաճատէն տեղեկութիւն առնելու։

Այդ ոչինչ, եղբայր, ըսաւ Բարսեղ պարզութեամբ՝ երբ Տաճատ իր վիճակին բոլոր դժուարութիւնները ներկայացուց։ Ես կը հսկեմ քու մօտդ, դասի ժամերէն ետքը հոս կուգամ եւ բոլոր գիշերը հոս կ՚անցնեմ։

Անկէ երկու շաբաթ ետքը Տաճատ առողջացած էր եւ բաւական կազդուրուած. հազիւ թէ հիւանդագին տժգունութիւն մը դեռ կը յայտնէր իր անցեալ տկարութիւնը, միւս կողմանէ սակայն ապաքինման երկայն, անգործ ժամերը իրեն խորհուրդներ էին տուած, ինքզինքը աւելի պատրաստ կ՚զգար պայքարելու եւ տենդերու միջոցին իր գործին դրուագներէն յաճախումները մտքին մէջ անոնց նոր արժէք մը տուած էին. կը պատահէր նոյն իսկ որ իր գործին վրայ խորհած ատեն երբեմն չէր մտաբերեր այն ինչ որ գրած էր, այլ այն ինչ որ ներկայացած էր իր տենդերէն հրդեհուած մտքին մէջ. այդպիսով անոնց կարևորութեան հորիզոնը ընդլայնուած էր անսահմանօրէն և ինքզինքը աւելի վսեմ եւ մեծ կ՚զգար։ Բայց իր հիւանդութենէն, իր մարմնոյն խեղճութեանը վրայ տարտամ զգացում մը պահած էր եւ իր հիւանդութեան վաղորդայնէն մտքի եւ զգայարանքներու խանգարումները դառն եւ հեշտագին համ մը ձգած էին. երբեմն նոյն իսկ բարձրաձայն կ՚ողբար իր մարդկային տկարութիւններուն վրայ։

Ի՛նչ հիքութիւն, մեր մարդկային բնութիւնը, կ՚ըսէր խորհրդաւոր եւ խռպոտ ձայնով, խորհելով կիներու որոնք անցած էին իր կեանքին մէջէն առանց իրենց քղանցքին ծայրով իրեն դպչելու, բայց անոր շշուկին յիշատակը ու բուրմունքն ալ ձգելով յաճախ։

Ու այսպէս բոլոր մարդկային պէտքերու եւ հարկադրութիւններու համար, ապրելու հարկը, դրամ հայթայթելու ստիպողականութիւնը իր խեղճութեան, իր պզտիկութեան վրայ լացընել կուտային զինքը։ Այլ սակայն հետզհետէ ճարպիկ եւ խորամանկ կը դառնար. կ՚սկսէր պաղարիւնութիւնով մտածել ընելիք դիմումներուն վրայ, հաշուել անոնց յաջողութեան եւ անյաջողութեան պատահականութիւնները ու իր բոլոր այս կարգի մտածումներուն ալ օգնութեան կը հասնէին իր ներքին արժէքին վրայ ունեցած մեծ համարումը որ զինքը նախապէս կը զրահաւորէր ո եւ է մերժումի մը դէմ։

Իրիկուն մը Միւլլէր մտած ատեն հեռուէն Հրանդը տեսաւ. նախ չափազանց տժգունեցաւ եւ չուզեց յառաջանալ, բայց զսպելով իր ներքին զգացումները դէպ անոր մօտիկցաւ։

Ո՞ւր ես եղբայր, ըսաւ Հրանդ բարութեամբ ժպտելով ու կարծես մոռցած էր ընթերցումին տպաւորութիւնը. Տաճատին անօրինակ վարմունքը. յետոյ զինքը դէպի մէկ կողմ առնելով, որպէս զի ընկերները չիմանան, ըսաւ փսփսալով.

Քեզի համար դիմումներ ըրի, Անտօնը ըսած էր կացութիւնդ, ապարդիւն եղան մինչեւ հիմա. բայց երէկ նամակ մը գրեցի բարեկամի մը որ գրականութեան սիրող մըն է, եւ անձնուէր մը ջերմապէս յանձնարարեցի զքեզ. կը յուսամ որ արդիւնք մը ունենայ… պահ մը կեցաւ։ Այդ ժպիտը, հեգնող ժպիտը կարծես թէ պիտի ուրուագծուէր Հրանդին բերնին անկիւնը, բայց անոր դեղին, խելացի աչքերը լուրջ մնացին եւ անհունապէս միամիտ եւ բարի։

Եթէ ոչ ամսական մը, գոնէ մէկ անգամէն գումար մը կը յուսամ, ըսաւ խօսքը վերջացնելով, ինչ որ ալ ըլլայ արդիւնքը՝ ինծի լուր տուէք։

Տաճատին աչքին սրճարանին բոլոր լոյսերը կարծես աւելի փայլեցան, ծխախոտի ծուխերով հոծ մթնոլորտը, հեշտագին եւ գաղջ մթնոլորտի մը փոխուեցաւ, բոլոր կիները իրեն կը ժպտէին կարծես ու անոնց շպարին տակ անհամար համբոյրներէ թոռմած շրթունքներն անգամ թարմ եւ ցանկալի թուեցան եւ արժանի իր յաջողութիւնը աւետելու։ Հոգիին խորէն անսահման խայտանք մը զգաց եւ ասոնց բոլորը անմիջական նիւթական ապահովութենէն աւելի Հրանդին իրեն համար ցոյց տուած համակրութեան պատճառաւ որուն վրայ կասկածած էր ատեն մը եւ հիմա կ՚զգար թէ որքան կարօտ էր անոր։ Այդ միջոցին ինքզինքը կարող զգաց ամէն կարգի վատութիւններու՝ անոր համարումը չկորսնցնելու համար եւ աչքերը խոնաւ, ճշմարտապէս յուզուած կարգ մը շնորհակալութեան բառեր թոթովեց որոնք անհասկնալի մնացին, յետոյ լռեց, ձայնը խղդուած կոկորդին մէջ, վերացած, երջանիկ։

Ու մինչ Հրանդ տարտամ շարժում մը կ՚ընէր բողոքելու համար Տաճատին ցոյց տուած երախտապարտութեանը համար, Տաճատ վերջապէս ձայնը գտաւ եւ ջղային արագութեամբ ըսաւ.

Դուք պիտի գրէք իմ գիրքիս յառաջաբանը, այնպէս չէ՞։

Տաճատին համար ասիկա խնդիրք մը եւ շնորհք մըն էր միանգամայն որ կ՚ընէր Հրանդին։

"Կեղծ հանճարներ" ստեղծագործության մյուս մասերը

Յատուկ Երաժշտություն
Fides Tua
Տիգրան Համասյան

Fides Tua

Վարագույրից այն կողմ
Վարագույրից այն կողմ
Խաղա առցանց