Զապել Եսայան
Երբ այլևս չեն սիրեր
Վերջին ակնարկը
Յակոբճան աղա իմանալով որ այդ օրը Եւփիմէին տարեդարձին օրն է, մոռնալով իր սուգը եւ մոռնալով ամէն պատշաճութիւն, ընդուներ էր Երանիկ հանըմին հրաւէրը ու որոշեր էին իրենք իրենց զուարճանալ։
Քանի օրերէ ի վեր երկու գործաւորուհիները չէին աշխատէր ու պարտք պարտքի վրայ կը դիզուէին, որովհետեւ Յակոբճան աղա չունէր Խաչիկի սիրաբուխ առատաձեռնութիւնները եւ երկու կիները, նոյն իսկ առօրեայ ծախքերու համար մէծ դժուարութիւններու կը հանդիպէին։ Բայց զանազան կարգի նրբահամ մէզէներէ՝ Յակոբճան աղա հետը բան մը չէր բերեր եւ Երանիկ հանըմ որ այնքան ծակաչք եղեր էր Խաչիկին նկատմամբ, որ արհամարհեր էր մասնաւորապէս անոր չքաւորութիւնը, ընդհակառակը մեծ լայնսիրտութիւն մը կը յայտնէր վարպետին նկատմամբ։
Կը վախնայ որ մեզ կը վշտացնէ, կ՚ըսէր Եւփիմէին երբ վայրկեան մը կ՚անդրադառնային նոր կացութեան վրայ։ Յետոյ, վերջապէս որոշեցին քաջութեամբ փարիլ աշխատութեան եւ սպասել. ապագան յոյսերով լեցուն էր, ի՜նչ փոյթ այսօրուան քաշած նեղութիւններնին։
Բայց ի՛նչքան դժուարութիւններու յաղթել հարկ եղած էր այդ երեկոյթին պէտք եղածը ճարելու, ծայրը ծայրին բերելու համար։ Անհրաժեշտ էր նաեւ նոր հագուստ մը շինել Եւփիմէին՝ անոր գեղեցկութիւնը իր լրումին մէջ յայտնելու համար ու Երանիկ հանըմ ջանք չխնայեց. նոյն իրիկունն իսկ երբ լամբաները կը վառէին՝ դեռ ճարելիք բան կար, դեռ պակաս կար լրացնելիք, բայց վերջապէս երբ Եւփիմէ օղիին սեղանը կը շտկէր, մայրը անոր հասակն ի վեր նայելով ըսաւ գոյունակութեամբ։
Եւփիմէ՛, Աստուած տուն շինողին, աղջիկ կարգողին հետ է… թուքով մուրով ճարեցինք ամա ամէն բան կարգին է…
Մութը իջնալէն քիչ ետքը Յակոբջան աղա եկաւ երկու երգեցիկ տղոցմով, որոնք տօն օրերը շարական եւ գիշերները թրքական երգեր կ՚երգէին։ Ուրիշ հրաւիրեալ չունէին, բայց իրենց երեկոյթին շքեղութիւն տալու համար բոլոր լոյսերը վառեր էին եւ տունը իր բոլոր պատուհաններով լուսազարդուած էր։ Քանի ժամերը կը սահէին, կ՚անցնէին, այնքան երեկոյթը կ՚ոգեւորուէր. երգողներուն ռնգային եւ ծեքծեքուն ձայնը երկարաձգուելով յուզումը կը բարձրացնէր սրտերու մէջ։ Եւփիմէ իր նոր շինած վարդագոյն շրջազգեստի մէջ թագուհիի մը պէս փքացած, նստեր էր մէկ կողմ ձեռքը ձեռքին, ու իր կայծկլտուն աչքերը կը պտտցնէր Յակոբճան աղաին ու երգող տղոց վրայ։ Մարտիկ տային մուշտակը հագած բազմեր էր անկիւնը եւ վերջնականապէս համակերպած կ՚երեւէր իրաց նոր վիճակին եւ եթէ երբեմն կը խորհէր որ եղածը անհամ բան մըն էր, անմիջապէս իրեն հրամցուած նրբահամ մէզէ մը իր հայեցակէտը կը տեղափոխէր։
Ատա՜մ, ինչո՜ւս պէտք, ինչ կ՚ուզեն՝ ան ընեն…
Երանիկ հանըմ անհանգիստ ու տենդագին կը պտուտքէր ամէն կողմ, հաճոյակատար եւ սիրալիր, բայց ջղագրգռուած, որովհետւե մտադիր էր այն իրիկունն իսկ խօսք բանալ վարպետին՝ աղջկանը հետ ամուսնութեան մասին եւ գործը բանի մը կապել. որքան որ վստահած էր թէ Յակոբճան աղա խորապէս հրապուրուած էր եւ, իբր գիտակ կին, ապահով էր թէ այդ վատուժ եւ անկարող մարդը չէր կրնար դիւրաւ ազատիլ այդպիսի հրապուրանքէ։ Սակայն եւ այնպէս կ՚ուզէր անոր բերնէն խօսք առնել եւ գործը վերջացնել. մինչեւ այն ատեն իրենց մասին խօսող չէր եղած, պարկեշտ մարդիկ համարուած էին ու ամէնքն ալ ներքնապէս կը տանջուէին այն բոլոր բանբասանքներուն համար որոնց ծանրութեան ներքեւ կը զգային ինքզինքնին. ամէնքն ալ տարբեր տարբեր տեսակէտներով կը զգային թէ իրենց ճամբաներէն շեղած են, թէ մոլորումի մը մէջ են, բայց կը զգային միանգամայն որ այլ եւս կարելի չէր ետ դառնալ։ Այս զգացումը, հանրային կարծիքին եւ ինքզինքին հանդէպ անարժան դարձածի զգացումը թէեւ կը պղտորէր ամէն մէկի հաճոյքը, բայց այդ բանէն իսկ խուսափելու համար կարծես հետզհետէ աւելի սանձարձակ կերպով մը առաջ կը մղուէին։ Իսկ Խաչի՜կը… այնքա՛ն կատարելապէս մոռցած էին զայն, ինչպէս եթէ բնաւ գոյութիւն ունեցած չըլլար եւ հետեւաբար ո եւ է խղճահարութիւն չունէին այն չարիքին համար զոր անոր կը պատճառէին։
Կէս գիշերը մօտեցած էր. երբեմն, տային զոյգ վարագոյրներուն մէջտեղէն կը նայէր դուրսը՝ անսալով իր հին սովորութեան, որովհետեւ եազմաճիներու համար օդին պայծառ կամ պղտոր ըլլալը մեծ նշանակութիւն ունի։ Դուրսը կ՚անձրեւէր մեղմօրէն, բայց ամպի սեւ վէտվէումներու ընդմէջէն ցանցառ աստղեր կը պլպլային ու կը մարէին. դրացի տուներուն լոյսերը մարեր էին եւ միայն իրենցը կը պսպղար մութ փողոցին մէջ լուսեղէն հետք մը ձգելով. երգող երիտասարդները հետզհետէ աւելի եռանդով կը ձգէին իրենց ձայները ու Յակոբճան աղա, շրթները խոնաւ, թուշը իւղոտ, աչքերը կծկումէն մանրացած, կը նայէր Եւփիմէին գինովի անգիտակից եւ անպատկառ նայուածքոմ։ Յանկարծ, սոսկալի շառաչիւն մը ընդոստ ոտքի հանեց ամէնքը։
Աստուածամա՜ր… գոչեց Երանիկ հանըմ ու ոտքերուն առջեւ ընդունեց հովը ներս խուժելով մարեց լամբերէն մէկը եւ ահա խուճապէ բռնուած ամէնքն ալ փախան սենեակէն. երկրորդ շառաչիւն մը, երրորդ մը… քարկոծուած տունը կը թնդար իր ամէն կողմերէն… դրացիներ արթնցած կը գոչէին, չհասկնալով եղածը. Եւփիմէ մոմի պէս ճերմկցած, երկու ձեռքով սիրտը բռնած, ապշահար աչքերով կը նայէր մօրը որ ա՛լ աւելի սարսափած, կ՚աղաղակէր էրիկ մարդոց.
Ոտքերնիդ պագնեմ, հասէ՛ք, բան մը ըրէ՛ք… տունս պիտի կործանէ։
Ամէնքն ալ հասկցեր էին թէ որո՛ւն գործն էր ասիկա եւ այդ իսկ պատճառով թերեւս, սարսափէ պապանձած ու քարացած կը մնային. փողոցին մէջ սակայն, ժխորը կը շատնար, մարդիկ հասեր էին եւ ահա մեծադղորդ աղմուկով զարկին դրանը։
Աս ի՜նչ տուն է պէ՜… կը գոչէր Յակոբճան աղա՝ ինքզինքը զայրացած ցոյց տալով, կեցի՛ր նայիմ…
Ու մէկ կողմ հրելով Եւփիմէն՝ կը ջանար խոհանոցին ճամբէն ու պարտէզի դռնէն փախուստ տալ։ Եւփիմէ հասկցաւ բոլոր վտանգը ու ծառացաւ Յակոբճան աղաին դէմ։ Անիկա այս սոսկալի կացութեան մէջ վերջապէս գտեր էր իր պաղարիւնութիւնը եւ իր բնածին կորովը ու թէեւ նողկանքով կը նայէր վարպետին երկչութեանը վրայ, բայց չէր ուզեր զայն ձեռքէ հանել. զգալով անոր բոլոր ցածութիւնը ու հոգեկան ստորնութիւնը, արագ հակակշիռ մը ըրաւ եւ գիտակցեցաւ իր գերազանցութեան ու այդ վայրկեանէն իսկ տէրը դարձաւ անոր։ Իր գերագրգռուած աչքերը սեւեռած անոր խուսափուկ նայուածքին, Եւփիմէ իր վարդագոյն հագուստը մէկ ձեռքով հանգրիճած կողին վրայ, միւսով կ՚արգիլէր Յակոբճան աղաին փախուստը. անիկա այլեւս չէր զիջեր կատուազգիի ճկունութիւններով վարպետը համոզելու. այլ բռնի կը զսպէր ու կը կեցնէր զայն իր ամուր դաստակին ջլապնդուած կորովովը։
Հէլպէթ բան մը կայ մէջերնիդ քի եկեր է խաղքութիւն հանելու, ըսաւ վերջապէս Յակոբճան աղա, յանդիմանական շեշտով…
ՉԷ՛, վարպե՛տ սո՞ւտ պիտի ըսեմ։
Յանկարծ իր կանացի աչքերը փայլատակեցան, ծռեցաւ Յակոբճան աղային ականջին ու յուզումնալի ձայնով՝
Շիտակը կ՚ուզես նէ երկու ոսկի առնելիք ունի, ատ է եղածը…
Յակոբճան աղա կեղծ նայուածքով մը նայեցաւ Եւփիմէին, պահ մը վարանեցաւ որոշումի մը վրայ եւ յետոյ ուսերը ցնցեց անփութութեամբ…
Տային վերջապէս թաղին գօմիսէրին ձայնը առնելով փութաց դուռը բանալու եւ տեսնելով որ Խաչիկ ոստիկաններէ բռնուած էր, դռանը առջեւ կեցաւ եւ կը նայէր անոր յուսահատական ոգորումներուն. ամէն պատուհաններու եւ ամէն դռներու առջեւ լոյս բերուած ըլլալով՝ փողոցին մէջ ցորեկի պէս կը տեսնուէր եւ թաղեցիները իրենց տուները քաշուած ականատես կ՚ըլային այս հրեշային եւ անհաւասար պայքարին։ Չորս հինգ ոստիկաններ կը ջանային զսպել Խաչիկը եւ ուրիշներ անխնայ կը ծեծէին զայն. արիւնը կը վազէր անոր ճակատէն, վիզէն, ձեռքէն, հագուստները պատռեր էին եւ կապուտցած միսերը կը ցցուէին դուրս, վէրքոտած եւ արիւնոտ՝ անիկա խելայեղօրէն կը պայքարէր եւ անմիջապէս որ մէկ ձեռքը ազատ էր՝ իր վիրաւորած բռունցքով կը հարուածէր իր կարգին ու ոստիկանները կը սուլէին, պահապանները այսահարներու պէս կը կանչէին ու ամբողջ թաղը լեցուած էր չարագուշակ ու քստմնելի ժխորով մը։
Եւփիմէ եւ Յակոբճան աղա, իրենց կարգին ապահովուելով, երբ դրանը առջեւ եկաւ, Խաչիկ այլեւս շնչասպառ, գլտորած էր գետին, ու ցեխերուն մէջ ոստիկաններուն ներբաններուն ներքեւ կը տապլտկէր՝ անգամ մըն ալ նայելու համար Եւփիմէին, որուն ներկայութիւնը ընդնշմարած էր։ Հիմակ այլեւս սթափեր էր եւ կը զղջար ըրածին՝ ո՛չ թէ հարուածներ ընդունելուն, այլ Եւփիմէն վախցուցած, անոր սիրտը կոտրած ըլալլուն համար. ու կ՚ուզէր իր վերջին նայուածքին մէջ դնել իր բոլոր խղճահարութիւնը եւ ինքզինքը անոր հանգիստին զոհելու իղձը… այն պահուն որ վերջապէս յաջողեցաւ իրանին վրայ գլուխը բարձրացնելով նայիլ Եւփիմէին, Յակոբճան աղա անոր ականջէն բան մը կը փսփսար ու Եւփիմէ անպատկառօրէն եւ պչրանքով կը ժպտէր անոր…
Վա՜յ… վա՜յ… վա՜յ…
Սոսկալի, եղերական աղաղակ մը վայեց Խաչիկին հոգիին մէջ ու իրեն թուեցաւ որ աշխարհ լեցուած է այդ վայիւնով. ակնթարթի մը մէջ զարմանալի հակազդեցութիւն մը առաջ եկաւ Խաչիկին խոշտանգուած էութեան մէջ. անոր հոգւոյն մէջ թափանցեցին շատ մը բաներ միանգամայն, որոնց արգելք եղած էր մինչեւ հիմա իր թանձր մարմինը. անոր հոգին կարծես թեւեր ստացաւ, վերացականացաւ ու նոր ոլորտի մը մէջ մտաւ. անպատմելի եւ խռովիչ դղրդիւնով մը անիկա գիտցաւ անիրաւ տեղը չարչարուելու ըմբոստութեան հետ, այդ չարչարանքը կամովին կրելու ամենաքաղցր եւ գրեթէ հեշտագին յուզումը գիտցաւ մարդոց անպատմելի վատութիւնը ու այդ գիտակցութեան առթած ազնուական դառնութիւնը բայց մանաւանդ, աչքերը սեւեռած Եւփիմէի ճերմակ եւ սուր ակռաներուն, որոնք ժպիտով մը բացուած լեցուն եւ կարմիր շրթներուն մէջտեղէն անտարբերութեամբ կը խնդային, յանկարծ գիտցաւ թէ ի՜նչ անսպասելի, ի՜նչ դաւաճան, ի՜նչ անգիտակից վայրագութեան կարող է կին մը երբ այլեւս չի սիրեր։