Զապել Եսայան
Երբ այլևս չեն սիրեր
Տագնապը
Խաչիկ անձնատուր եղեր էր իր յուսահատութեան եւ քանի՛ օրերը կ՚անցնէին, ա՜յնքան այդ յուսահատութիւնը դառն ու դաժան կը դառնար. անոր խոժոռ դէմքին վրայ այլ եւս երբեք ժպիտը չէր երեւար ու անիկա կ՚անցնէր փողոցներէն հետզհետէ աւելի խորասուզուելով իր մռայլ տրամադրութիւններուն մէջ։ Ո՞ւր կ՚երթար, ի՞նչ կ՚ընէր… ոչ ոք գիտէր, ինքն ալ չէր գիտէր. կ՚երթար մօտակայ դաշտերը եւ բլուրները, կարծես փախչելով իր սեփական ցաւէն. կարծես կը փափաքէր որ օր մը, վերջապէս մոլորելով իր ամենօրեայ ճամբաներէն՝ ուրիշ ճամբաներու մէջ իյնար, հեռանար իր դժբաղդութեան սեւեռակէտէն ու այլեւս չգտնար իր ծանօթ թաղերը, ուր ամէն մէկ փողոցի անկիւն, ամէն մէկ պատուհան, ամէն մէկ քար, կա՛մ իր ցաւը կը հեգնէր եւ կամ զայն կ՚աղաղակէր բարձրագոչ։
Եկան օրեր երբ եղերական ձայներ, ոճիրի հրաւէրներ պաշարեցին զինքը. զառանցական գիշերներու մէջ ելաւ կանգնեցաւ, խարխափելով գնաց մինչեւ դուռը եւ փնտռեց ինքնիրեն թէ ի՞նչ անդիմադրելի բնազդ զինքը կը մղէր դէպի հոն դէպի իր սիրականը որ այլեւս չէր սիրեր զինքը։ Երբեմն ալ վատթարացած, տժգոյն եւ դաժան, յօնքերը պռստած իր սեւ եւ խիստ աչքերուն վրայ, հոգեկան թուլութիւններու անձնատուր եղաւ. անիկա ճաշակեց գաղտնաբար արտասուելու, հեծեծանքները խեղդելով արտասուելու խորունկ եւ տխուր քաղցրութիւնը եւ երբ զգաց թէ իր սիրտը ճնշուած էր ահագին եւ ճմլող բեռի մը տակ, գիտակցեցաւ որ շա՜տ, շա՜տ տառապելու այդ կարողութիւնը կը յայտնաբերէր իր խառնուածքին հզօր ազնուականութիւնը։ Այս պատճառաւ էր թերեւս որ անիկա անմիջապէս չմղուեցաւ ո եւ է գաղթակղութիւն ընելու, ինչպէս կը սպասուէր իրմէն. անիկա ինքզինքին անարժան համարեց երթալ նոյն իսկ իր նախկին նշանածին ցուցադրել իր մեծ վիշտը ու գոռ եւ բռնաւոր հպարտութիւն մը բարձրանալով իր խորտակուած երազներուն մէջէն զօրավիգ եղաւ իրեն, զինք կազդուրեց ու պահպանեց ծայրայեղ վարմունքներէ։
Բայց երբեմն իր հոգին ու մարմինը կը տկարանային. կարծես ուրիշ անձ մը կը ցցուէր յանկարծ իր տառապանքով մաքրագործուած էութեան մէջէն ու անիկա էր կարծես բուն իսկ ինքը. ընտանի էր ասոր կերպերուն, բառերուն, հայոյութիւններուն. գէշ օրեր էին ատոնք։ Առաւօտէն մինչեւ իրիկուն Խաչիկ, որ այլ եւս հրաժարած էր որ եւ է աշխատութենէ, քէօռ գինով, կը հայհոյէր ու կը խմէր մինչեւ որ գինեպանները զինքը վտարէին իրենց կրպակներէն. վա՜յ անոր, որ համարձակէր հեռաւոր ակնարկութիւն մը ընել իր վիշտին, իր սիրած աղջկան, առանց ասոր ալ կռիւ կը փնտռէր արդէն, ակռաները կը կճրտացնէր ու այնպիսի կատաղութիւնով մը լեցուն կ՚ըլլար որ ամէնէն խապատայիները հեռու կը կենային. յաճախ սակայն, ինքը կ՚ըլլար նախայարձակը ու այս շան կռիւներէն հագուստները պատռտած, աչքերը մոլորուն, շրթները սպառնալիքներով դողդողջուն, ձեռները պատրաստ հարուածելու, կ՚անցնէր փողոցներէն՝ արձակելով իր եղերական, դժնդակ ու երկարաձիգ նաղարան, չարագուշակ վայիւն մը պէս։
Շատերը մանաւանդ իր արհեստակիցները կը մեղքանային զինքը եւ մեծ համբերութեամբ կը կրէին իր էրած սրտով մարդու կռուազանութիւնները, հայհոյութիւնները եւ նոյն իսկ հարուածները. սրտառուչ համերաշխութեամբ մը զինքը կը պարուրէին խնամքով եւ գորովանքով, իսկ տարէցները կը փորձէին զայն մխիթարել.
Խաչի՛կ, օղլում, ամենուն գլխէն տաք ու պաղ անցեր է. սիրտդ կէնիշ բռնէ, քեզի պէս կտրիճին թող ձեռքերը պագնեն՝ անանկ աղջկան տան… ան չէ եղեր ուրիշ մը. անուշ աչքը մէկ դէմքի վրայ չվառիր եա՜… պուճախ, պուճախ ինչեր կան տահա… խըսմէթ չէ եղեր ըսէ, վէսսէլա՜մ։
Անիկա կոյրի, հոգեվարքի, գինովի տարտամ եւ չտեսնող նայուածքով մը կը նայէր խօսակցին, գլուխը կը շարժէր եւ եթէ ո եւ է զգացում թափանցէր իր հոգիին, հակազդեցութիւնը այնքան ուժգին կ՚ըլլար որ ամբողջ մարմնովը կը դողար ու ակռաները իրար կը զարնուէին։
Այս խորունկ եւ անմխիթարելի վիշտին հանդէպ ամենքը ալ շուարեր մնացեր էին եւ նոյն իսկ օտարները, ոմանք զինքը մեղքնալով, ոմանք ալ իր զայրոյթներէն սոսկալով, բան մը ըրած չէին անցած դարձածի մասին։
Յակոբճան աղայի կինը երեք շաբաթէ ի վեր մեռած էր արդէն ու կիրամուտքին իսկ Տիկին Երանիկ ու աղջիկը գացեր էին վարպետին տունը, անոր զոգանչին օգնելու պատրուակաւ։ Սկիզբները ոչ ոք անբնական գտաւ ասիկա, նոյն իսկ մեռնողի մայրը հանդուրժեց իրենց ներկայութեան. անոր անյատակ ու խորապէս վշտագին հոգին արդէն այլեւս չէր հետաքրքրուեր աշխարհային իրերով եւ անցուդարձերով ամէն ատենէ աւելի ինքն իր վրայ կզկտուած, անիկա իր կսկիծով մորմոքուն, նոյն իսկ այլ եւս արցունք չունէր թափելիք։ Մխիթարութեան բոլոր աղբիւրները չորցեր էին իրեն համար ու նոյն իսկ Աստուած կը բացակայէր իր հոգիէն, որովհետեւ հակառակ իր հինաւուրց ջերմեռանդութեան, հաւատքը կը խախտէր ու անիկա կը հեծեծէր երբեմն ոխերիմ շեշտով մը։
Աստուա՜ծ, դուն ի՞նչ ուզեցիր ինծի պէս խեղճ կնիկէ մը, ես ի՞նչ էի ըրեր քեզի որ ինծի ասանկ կրակներու մէջ էրէցի՜ր… ինչի՞ս կ՚ապրիմ կոր, ինտո՞ր կ՚ապրիմ կոր… ա՜խ, ա՜խ… չոր գլուխս մոռցար, կէնճ ու կանաչ զաւակներս առիր ձեռքէս… ինչո՞ւ տուիր, ինչո՞ւ առիր, ա՜խ… ա՜խ…
Երբ սգաւոր մօրը ձայնը բարձնանար, Երանիկ հանըմ կը փութար քովը, կը ջանար զայն մխիթարել։
Ո՞վ քեզի բան կ՚ըսէ, տուտո՛ւ, ցաւդ ծովի պէս մեծ է… ահա, անիկա պարտք մը ունէր, կատարեց, լուսերուն մէջ պառկի, մենք անոնց պիտի երթանք, ամէնքս ալ այդ ճամբուն ճամբորդն ենք. քանի մը տարի առա՜ջ, քանի մը տարի ե՜տք, ի՞նչ ֆարղ ունի… աշխարհս թագաւորներուն չէ մնացէր, ժամ մը առաջ տեղաւորուողը, ազատեր է։
Բայց տուտուն կը մերժէք այս մխիթարանքը. չէ՛, չէ՛, ինքը ինչո՞ւ ամէնէն առաջ ադ ճամբան չէր բռներ։
Աչքերս քէօռնա՜ն. եավրո՛ւմ… արցունք թափելով հալեցայ, լմնցայ… սիրական աղբարդ առիր պառկեցար, ինծի ինչո՞ւ մինակ ձգեցիք հոս…
Այն ատեն Երանիկ հանըմ գերագոյն ջանքեր կ՚ընէր աւելի մեծ դժբաղդութիւններ գտնելու կը ճգնէր, որպէս զի անոնց բաղդատական սաստկութեամբը ամոքէ անմխիթար պառաւը, ու ակնարկելով աքսորի մէջ մեռած երիտասարդի մը, փորձառու եւ գիտակ կնոջ լրջութեամբ, կ՚ըսէր եռանդով։
Նորէն, դուք առիք հիւանդնիդ նստեցաք, հոգով մարմնով նայեցաք, բաղաղ բարձի վրայ աչքերը գոցեց, ձեռքովնիդ սուրբ հողը դրիք, ամէն կարգ ու կանոնը պակաս չըրիք։ Միհրդատին մայրը հոգի չունի՞ որ ամէն տաղաւարի գերեզմանատուն կ՚երթայ, ուրիշներուն մեռելները կ՚առնէ կը նստի… գէշէն գէշը կայ, տուտո՛ւ, տահա ինչէ՜ր, ինչէ՜ր կան աս աշխարհիս վրայ… ամէն բան մեզի համար է…։
Յակոբճան աղա մեռելին երկրորդ օրն իսկ իր սովորական խաղաղութիւնը գտեր ու զբաղեր էր գործէրով. երկար ատեն գործերը սակաւ ըլլալէ ետքը, յանկարծ բացուեր էին ո՞վ պիտի մեղադրէր զինքը… լացող ողբով փոր չկշտանար։
Իրիկուընէ իրիկուն, ա՛լ տաղտկացած զոգանչին տխրութենէն եւ հեծեծանքներէն մինակ կը ձգէր զայն եւ Երանիկ հանըմին ու աղջկանը հետ կը քաշուէին պարտէզին վրայի սենեակը, օղիին ափսէն շտկուած կ՚ըլլար. կը խմէին ու հետըզհետէ կը զուարթանային…։ Առաջին օրերը Յակոբճան աղա զօրով խմեր էր օղին, պնդեր էին բարեկամները, որպէս զի անոր վիշտը փարատի, ու անիկա խմեր էր լռին ու աչքերը խոնարհած. բայց եւս իր մանր աչքերը կը բարձրանային ու կը ժպտէին։ Եւփիմէին ներկայութիւնը տանը սուգը տեւական տօնի մը կը փոխէր. ան ի՜նչ աչքեր էին… օ՜ֆ, օ՜ֆ… ու խօսքով կատակներուն յաջորդեցին ձեռքի կատակնէր, ամիսներէ, տարիներէ ի վեր Յակոբճան աղա ցաւի ցեցի մէջ էր մնացեր ու հիմակ, հակառակ իր աւշային խառնուածքին ծուլութեանը, տարթանքի անզուսպ խոյանքներ կ՚արթնցնէին զինքը։ Նոր արիւն մը շրջան կ՚ընէր կարծես իր երակներուն մէջ. իր պաղ եւ աննշան աչքերը կը քաղցրանային ու սովորաբար դանդաղ միտքը այնքան սուրցած էր ո եւ է առիթ չէր փախցներ ակնարկութիւն մը ընելու, խօսք մը նետելու։
Շաբաթ մը մայր ու աղջիկ, Յակոբճան աղան պարուրելէ ետքը այնպիսի հրապուրանքի ցանցի մը մէջ, ուրկէ աւելի կորովի մարդիկ իսկ դժուարաւ իրենց հոգին կ՚ազատեն ելան տուն դարձան։ Ձեւի համար, նորէն բանելու, գործ ուզեցին եւ առանց ուշադրութիւն ընելու տայիին դիտողութիւններուն, սպասեցին։ Յակոբճան աղա չէր կրնար այլ եւս իրեցմէ բաժնուիլ։ Առաւօտէն մինչեւ իրիկուն սապէս նապէս կ՚անցնէր բայց հազիւ թէ մութը կը կոխէր անոր ոտքերը կ՚էրթային դէպի Եւփիմէին տունը. այլ եւս հոգ չէր ընէր ո եւ է պատրուակ փնտռելու իր այցելութեանց. մայր ու աղջիկ առաջուց օղիին ափսէն կը շտկէին, կը դնէին մէջտեղ ու երբ վարպետը կուգար, կը խմէին եւ կը զուարճանային. առաջին օրերը իրենց քրքիչները զսպեցին, բայց հետզհետէ անոնց շեշտը բարձրացաւ, դուռ դրացի իրար անցան։ Տային թէեւ նախապէս դժկամակեցաւ, սակայն հետզհետէ տեղի տուաւ ու դուրսը, իր ընկերներուն աչքին դիրք մը բռնելու համար չէր դադրէր գանգատելէ եւ պախարակելէ, քոյրն ալ վարպետն ալ։
Կնիկ ըսածդ աճայիպ է՜… ի՞նչ խելքի կը ծառայէն, ո՞վ գիտէ…
Վարպետը քրոջդ աղջիկը պիտի առնէ եղե՜ր… անանկ կ՚ըսեն կոր.
Տային իբր արհամարհանքի գերագոյն արտայայտութիւն մէկ կողմ կը դառնար. կը թուքնէր եւ ոտքը վրան կը քսէր.
Թո՜ւ… շէքէրը շան բերան ինկեր է. աղջկանը մեղք չէ՞… վարդի ֆիտան կ՚ըլմանի…։
Բայց ամենէն աւելի զայրացեր ու փրփրեր էին թաղին կիները, կարծես հասարակաց վնաս մը կար այդ ամուսնութեան մէջ, անոնք ալ մեղադրէին թէ՛ մէկ եւ թէ՛ միւս կողմը։
Հայտէ՛, կը գոչէին արհամարհանքով, ամօթ չէ՞… տահա կնկանը պատանքը չէ պատռած…
Կրկին ամուսնութիւնը թէեւ օրէնքով արտօնուած, միշտ անարժան եւ անվայել բան մը համարուած է ժողովուրդին մէջ ու ասիկա անանկ խորունկ զգացում մըն է որ Եւփիմէ ու մայրը թէեւ կը զայրանային իրենց դէմ ըսուածներուն համար, բայց արդարացի կը գտնէին, խորհելով թէ իրենք ալ իրենց կարգին այսպէս պիտի վարուէին, արդէն սկսած էին ընկրկումի շարժում մը ուրուագծել, բայց ա՛լ ուշ էր. ասչափ խօսուելէն ետքը Եւփիմէն ո՞վ կ՚առնէր, ու քանի՛ կը զգային թէ աս ու ան իրաւունք ունին, այնքան աւելի անպատկառօրէն կը մխրճուէին զայթակղութեան մէջ։
Իրիկուն մը, Խաչիկ որ իր գէշ օրերէն մէկուն, գէշ մէկ ժամուն մէջ կը գտնուէր, անսպասելի կերպով իմացաւ պատահածը. հովարտային մէկը գինետուն մտնելով եւ Խաչիկը գտնալով հոն գրեթէ նստարանին վրայ գլտորած, գնաց մօտը, դրդեց զայն ու անոր քնատ աչքերուն մէջ նայելէն, որոնք օղիէն թէ վիշտէն մարած էին, ըսաւ յանկարծ…
Ծօ՛, Խաչի՛կ, քուկինիդ տունին առաջքէն անցայ, հարսնի՞ք ունին ի՞նչ ունին, վերէն վար տունը լուսերու մէջ կը վառէր կոր։
Գինետան մէջ պահ մը խոր լռութիւն տիրեց ու ամենուն աչքերը ուղղուեցան դէպի Խաչիկը՝ սոսկալի պոռթկումի մը սպասելով. բայց անիկա իր ծանր ու ընդարմացած գլուխը կրկին դրաւ սեղանին վրայ. ոչ իսկ հառաչանք մը արձակեց. իր խռպոտ եւ հեւացող շնչառութիւնը կարծել կուտար թէ կը քնանայ. պահ մը ետքը զայն մոռցան ու ամէն մէկը զբաղեցաւ իր տէրտը մարեցնէլ օղիի մէջ. ժամ մը անցաւ, էերեւս աւելի. շատերը արդէն մէկնած էին, կը մնային գինետան մէկ քանի հաւատարիմները. ոմանց դէմքերը մռայլ ու խոժոռ էին, բայց մէկ երկուքին զուարթութիւնը աղմուկով եւ եռանդով կը լեցնէր սրահը. երբեմն մոռցուած անկիւնէ մը խորունկ եւ սրտագին հառաչանք մը կ՚արձակուէր, «օ՜ֆ… օ՜ֆ…» երբեմն ալ թրքական երգի ծուէն մը դողդողալով կ՚երկարաձգուէր ծուխով եւ անախորժ հոտերով տոգորուած սրահին մէջ։
Յանկարծ, Խաչիկ, զսպանակէ մը մղուածի պէս ելաւ, կանգնեցաւ, ուզեց քալել, բայց իր թուլիկ սրունքներուն վրայ դեդեւեց ու մէկ կողմին ծռած՝ լորձունքոտ բերանը անհասկնալի վանկեր թոթովեց. բայց անիկա իր առաջին տկարութեան յաղթահարելով, իրանը օրերելէն կանգնեցաւ, մէջքին գօտին սեղմեց, աչքերը շրջեց զառանցող մարդու պէս ու նետուեցաւ փողոց… անիկա կը քալէր, ինչպէս կը քալէն երազի մէջ. կզակը սեղմած, բռունցքները պնդացուցած ու ամբողջ էութիւնը պրկած գերագոյն ճիգի մը մէջ. ու անիկա կ՚երթար առանց գիտնալու թէ ո՞ւր, առանց գիտնալու թէ ի՞նչ բանի, բայց անիկա կ՚երթար. համոզուած որ այլեւս աշխարհիս վրայ ոչ մէկ տեսակ ուժ չէր կրնար զինքը կեցնել…