Հակոբ Պարոնյան

Քաղաքավարութեան վնասները

4

***

Բարի էք եկեր, Բարսեղ աղայ, ո՞ր հողմը փչեց զձեզ դէպի մեր գիւղը…

Պզտիկ այցելութիւն մ՚ունէի ընելու…

Ընելու է… ընելու է… երբեմն֊երբեմն այցելութիւն ալ ընելու է… շատ աղէկ… շատ աղէկ… այս գիշեր հո՞ս էք։

Ոչ, կտոր մը պանիր հաց կերայ հոս, պիտի դառնամ… որովհետեւ տունը մինակ են…

Դառնալու է… դառնալու է… քանի որ տունը մինակ են… ես ալ ըլլամ նէ, կը դառնամ։

Դուրս մնալու սովորութիւնը չունիմ։

Ունենալու չէ… ունենալու չէ… դուրս մնալու սովորութիւնը աղէկ սովորութիւն մը չէ…

Այս խօսակցութիւնը, որ նոր սկսած էր Պոլսոյ թաղի մը նպարավաճառ֊գինետան մը մէջ, երեկոյեան ժամը տասնումէկին, ընդմիջուեցաւ երիտասարդէ մը, որ գինետունը մտնելով` Բարսեղ աղային վազեց եւ անոր ձեռքը թօթուելով`

Ի՜նչ բախտ, ի՜նչ բարեբախտութիւն, ի՜նչ երջանկութիւն, ըսաւ, այս իրիկուն զձեզ հոս գտնելը։

Բախտ է հապա, բարեբախտութիւն է հապա, երջանկութիւն է հապա, կրկնեց Բարսեղ աղային առաջին խօսակիցն, որու անունն Գաբրիէլ էր կարծեմ։

Պզտիկ, սըկէ շիշ մ՚օղի բեր մեզի, պոռաց նորեկը։

Յետոյ Բարսեղ աղային ծիծաղելով`

Իրիկուն է, ըսաւ, քանի մը հատ կը խմուի։

Կը խմուի, կը խմուի, կրկնեց Գաբրիէլ աղան։

Ես օղի խմելու սովորութիւն չունիմ, պատասխանեց Բարսեղ աղան։

Մէկ երկու հատը չվնասեր։

Երկու հատը բան մը չըներ։

Գինետան սպասաւորն բերաւ օղին եւ անոր վերաբերեալ աղանդերը։

Ասանկ հէ՞, Բարսեղ աղայ, կեցիր, ձեռքովս հատ մը հրամցնեմ ձեզի…

Հրամցնելու է եա՛, հրամցնելու է եա՛, Բարսեղ աղան մերն է։

Ես չեմ կրնար խմել, ներեցէք։

Շատ չպիտի խմենք…

Գիտեմ, բայց խմած չունիմ…

Մի՛ մերժէք, կ'աղաչեմ։

Չեմ կարող խմել։

Հատ մը… չես թունաւորուիր։

Մէկ հատը չթունաւորեր։

Չթունաւորեր, բայց վարժուած չեմ, խելքս կը դառնայ։

Միհրանիկ, մի՛ ստիպեր, խելքս կը դառնայ, կ՚ըսէ կոր։

Այս օղին թեթեւ է։

Բարսեղ աղայ, հատ մը խմէ, այս օղին թեթեւ է, կ՚ըսէ կոր։

Ոտւըներդ պագնեմ, մի՛ ստիպէք։

Անանկ է նէ, մի՛ ստիպեր, Միհրանիկ. ոտւըներդ պագնեմ, կ՚ըսէ կոր։

Մէկ հատով ի՞նչ կ'ըլլայ, եղբայր։

Ան ալ շիտակ է, Բարսեղ աղայ, դուն ալ հատ մը խմէ, մէկ հատով մարդ չմեռնիր։

Կարող չեմ տանելու նոյնիսկ մէկ կաթիլը։

Միհրանիկ, ա՛լ կարճ կապէ, մէկ կաթիլն անգամ խմելու կարող չէ եղեր։

Մէկ գաւաթը ախորժակ կը բանայ, օգտակար է։

Եկուր, Բարսեղ աղայ, գաւաթ մը խմէ, ախորժակ կը բանայ։

Զկրցինք հասկցնել ձեզի… նեղութիւն կու գայ վրաս։

Միհրանիկ, ա՛լ կրկնելու չէ։

Ըսել է, որ մեր բարեկամութիւնը կեղծ է եղեր, Բարսեղ աղայ։

Այդ խօսքը չեմ ընդունիր։

Չընդունիր ա՛, Բարսեղ աղան անանկ մարդ չէ։

Վնաս չունի, գաւաթ մը օղիին համար այսչա՜փ դէմ դնել… շիտակը չէի յուսար… թող ասանկ ըլլայ… թոյն ըլլար նէ, բարեկամութեան սիրոյն համար մարդ կը խմէր։

Բարսեղ աղայ, գաւաթ մը խմեցէք, որ վերջանայ խնդիրը։

Բարսեղ աղան կը հարկադրուի խմելու եւ երեսը ծռմռտկելով`

Ինտոր ալ կը խմեն, կ՚ըսէ ինքն իրեն, կարծես սիրտս էրեց։

Ձուկէն չառնէի՞ք կտոր մը, Բարսեղ աղայ։

Կ'առնեմ, պարոն Միհրան։

Երեք բարեկամները սկսան ազգային վարժարանաց վրայ խօսակցելու։ Յայտնի է, թէ մեր մէջ մէկ կամ երկու գաւաթ օղի խմուելուն պէս՝ խօսակցութիւնն ազգային վարժարանաց վրայ կ'իյնայ։ Զանոնք բարեկարգելու համար երեքն ալ մէյ֊մէկ տարբեր ճամբայ ցոյց տուին։ Երեքն ալ իրարու ճամբաները սխալ գտան, զիրար համոզելու աշխատեցան, չյաջողեցան, յուսահատեցան։ Միհրան շիշն առաւ եւ սկսաւ գաւաթները լեցնել։

Ալ չեմ խմեր, պոռաց Բարսեղ աղան, կ'ելլեմ, կ'երթամ։

Բան չմնաց շիշին մէջ. սա գաւաթներն ալ խմենք, երթանք, պատասխանեց Միհրան։

Բարսեղ աղայ, խնդիր մի՛ յարուցաներ, Աստուածդ սիրես, ամէն գիշեր կը խմենք կոր, սըւիկա, եւ, փառք տիրոջը, երկաթի պէս եմ, քեզմէ ալ քաջառողջ եմ… բանն ան է, որ մարդս տկար չստեղծուի… չէ նէ օղիէն մեռած մարդ չկայ։

Վարժուած չեմ կ'ըսեմ կոր, եղբայր։

Վարժուէ քիչ մը, ի՞նչ կ'ըլլայ։

Չէ, չէ, չէ, չեմ կրնար խմել։

Մէկ հատ մ՚ալ, լմնցաւ, գնաց։

Այս գաւաթն ալ կը խմեմ, ուրիշ չեմ խմեր։

Մի՛ խմեր։

Երեք բարեկամներն իրարու կենաց խմեցին։

Մեծապէս շնորհակալ եմ, Բարսեղ աղայ, որ խօսքս չկոտրեցիր, ըսաւ Միհրան` պատառաքաղով կտոր մը ձուկ երկնցնելով Բարսեղ աղային, որ օղին վար իջեցնելու կ'աշխատէր։

Բարսեղ աղան սիրտ կոտրող մարդ չէ, աւելցուց Գաբրիէլ աղան։

Եւ շիշը ջուրի բաժակի զարնելով`

Պզտիկ, լեցո՛ւր սա շիշը, պոռաց։

Ատ ի՞նչ է… մնաք բարով… ես կ'երթամ։

Կ'երթա՞ք, ըսաւ Գաբրիէլ աղան լուրջ դէմքով մը, շիտակը, աս չվայլեցուցի ձեզի, Բարսեղ աղայ։

Ինչո՞ւ։

Ըսել է, թէ ես պարզապէս շողոքորթ մ՚եմ հոս, որ ուրիշի ստակով օղի խմելու եկած եմ. ես բնաւորութիւն մ՚ունիմ, որ ինձի մէկ խմցնողին չորս կը խմցնեմ։

Ես չխմցուցի։

Դուք հիւր էք եւ որովհետեւ մեր թաղը գտնուած էք, մեր պարտքն է ձեզ յարգել մեր կարողութեան չափ։ Կը խնդրեմ տեղերնիդ նստեցէք։

Գաբրիէլ աղան իրաւունք ունի, ի՞նչ ըսեմ։

Մեր գիտցածն սա է, որ մարդ մը իւր բարեկամաց թաղին մէջ գտնուի նէ, ինքզինքը իւր բարեկամաց տրամադրութեան տակ կը դնէ։

Գիտեմ… բայց…

Հրամմեցէք, ըսաւ Գաբրիէլ աղան, օղիի գաւաթն Բարսեղ աղային երկնցնելով։

Շնորհակալ եմ, պատասխանեց Բարսեղ աղան՝ ակամայ ընդունելով գաւաթն։

Յետոյ գաւաթներն պարպեցին իրարու կենաց։

Բարսեղ աղան որուն աչքերը կարմրիլ սկսած էին, հազիւ յաջողեցաւ ըմպել երրորդ գաւաթը՝ հազար անգամ անիծելով այն այցելութիւնը, որու պատճառով հանդիպած էր այս փորձանքին։

Չես կարող խմել հա՞, ի՞նչ սատանան ես դուն, մեզմէ աղէկ կը խմես կոր եւ ինչո՞ւ չխմես, կնի՞կ ես, աղբա՛ր, թող որ կնիկները հիմա մեզմէ շատ կը խմեն կոր։

Ալ ըսելիք չունիմ, որովհետեւ չէք հաւտար կոր։ Ժամը քանի՞ եղաւ արդեօք։

Հոգ մի՛ ըներ, քանի ըլլայ նէ, ըլլայ, ձի կայ, կառք կայ, թրամուէյ կայ։

Գիտենք արդէն, թէ մեր մէջ երբ երեք չորս օղի խմուի, խնդրոց կարգին երկրորդ խնդիրը կ'ըլլայ թաղականներու ընթացքը. ուստի երեք բարեկամները ձեռք առին սոյն խնդիրն, որուն վրայ եւս քառորդի մը չափ վիճաբանեցան առանց զիրար հասկնալու. անմե՜ղ վիճաբանութիւն։ Միայն թէ Բարսեղ աղան, որուն, ինչպէս կ'ըսեն, գլուխը ցատկած էր օղին, կիրքով կը խօսէր։ Երբ կարգը չորրորդ բաժակին եկաւ, Բարսեղ աղան, որու գլուխը դառնալ սկսած էր, բնաւ ընդդիմութիւն չըրաւ, հաճութեամբ խմեց եւ սկսաւ ցած ձայնով սֆահանի վրայ հին պեսթէ մ՚ալ երգել։

Կը լսե՞ս կոր, պարոն Միհրան, ինչ աղուոր կ՚երգէ կոր Բարսեղ աղան։

Սքանչելի՜։

Բարսեղ աղայէն չէի յուսար ասանկ հրապուրիչ ձայն մը։

Ես ալ չէի կարծեր, որ Բարսեղ աղան այսքան աղուոր ձայն մ՚ունենար։

Բարսեղ աղային հաճոյ թուեցան բարեկամներուն այս խօսքերը. ծիծաղեցաւ, Միհրանիկը շոյեց ու Գաբրիէլ աղային ուսին զարկաւ։ Յետոյ վրան երկար դրուած զգայռական ձայնարկութիւն մ՚արձակեց եւ սպասաւորը կանչեց, որ շիշը լցնէ։

Շատ կ'ըլլայ, Բարսեղ աղայ, ըսին բարեկամները։

Ես չհրամցնե՞մ։

Շատ լաւ, կ՚ընդունինք։

Անանկ ալ եղաւ, անանկ ալ. շիշ մ՚ալ կը խմենք, կ'երթանք, ուշ մնացի։

Երթալու համար դեռ կանուխ է, ձի կայ, կառք կայ, թրամուէյ կայ, ըսաւ Միհրան։

Այո՛, այո՛, ձի կայ, կառք կայ, թրամուէյ կայ, կրկնեց Գաբրիէլ աղան։

Երրորդ շիշն ալ խմեցին։ Օղիի շոգին զուարթացուցած էր Բարսեղ աղան. մինչեւ ականջները կաս֊կարմիր կտրած` շարունակ կը խնդար եւ կը խօսէր։ Նստած տեղն երկու կողմ կ'երերար, հաւասարակշռութիւնը կորուսած էր, սակայն խելքը գլուխն էր, եւ կ'աշխատէր այնպէս ցոյց տալ, թէ որպէս թէ ինքն իւր կամօքն կ'երերար։

Միսաք աղայէն, ըսաւ սպասաւորն` շիշ մ՚օղի դնելով ասոնց սեղանին վրայ։

Քովերնիս եկուր, Միսաք աղայ, պոռաց Բարսեղ աղան։

Միսաք աղան իւր օղիի շիշն ու գաւաթը հետն առնելով եկաւ։

Միսաք աղայ, սա իրիկուն ալ ասանկ եղաւ, մեր բարեկամները մեզի օղի խմցուցին։

Շատ աղէկ ըրին, աշխարհս ունայն աշխարհ մ՚է, բարեկամներու հետ խնդալու, զուարճանալու է։

Խմենք ուրեմն։

Չորրորդ շիշն ալ պարպեցին։ Այնուհետեւ հատ մ՚ալ ինէ, չէք մերժեր ա՛ ըսելով, չորսն ալ վերստին մէյմէկ շիշ բերել տուին եւ բաւական տաքցուցին իրենց գլուխները։ Հինգերորդ շիշէն յետոյ Բարսեղ աղան հեծկլտալով կը զբաղէր։ Վեցերորդին` ալ չկրնալով նստիլ` ընկողմանած էր։ Եօթերորդ եւ ութերորդ շիշերուն ձեռնպահ մնաց։ Ժամը գիշերուան երկուքին կը մօտենար։ Միհրան սպասաւորը կանչեց, խմուած օղիին հաշիւը հարցուց։ Գաբրիէլ աղան խնդրեց, որ կէսուակէս վճարուէր։ Միհրան մերժեց եւ հաշիւը մաքրեց։

Բարսեղ աղան ի՞նչ ընենք, ըսաւ Գաբրիէլ աղան, տունը հիւանդ չունենայի, տունս կը տանէի։ Տունս մօտ ալ է, դիւրութեամբ կ'ըլլար։

Գիտէք, որ ասանկ բաներէն չեմ փախչիր ես, յայտնեց Միհրան, բայց ի՞նչ ընեմ, որ պառկեցնելու սենեակ չունիմ։

Շիտակը` ես կ'առնէի, տունս կը տանէի, յարեց Միսաք, եթէ այսօր տախտակ շփած ու յոգնած չըլլային տունը։

Բարեկամ մը տուն տանելը բա՞ն մ՚է, բայց եկուր, տես, որ հիւանդ ունիմ տունը։

Ձախորդութիւն… ի՞նչ կ'ըլլար, թէ որ սենեակ մ՚աւելի ունենայի։

Մերիններն ալ այսօր ելեր են տախտակ շփելու։

Սենեակ մ՚ալ աւելի ունենայի նէ։

Չէ՞ք կրնար մէկտեղ պառկիլ։

Կարելի՞ է. դուք կրնաք տանիլ. տախտակները շփուած են եղեր, ի՞նչ վնաս ունի։

Իրաւունք ունի Միհրան։

Դուք տարէք, աղբար, հիւանդին ի՞նչ չարիք կրնայ հասցնել խեղճը, ձեր տունը մօտիկ ալ է, հոս է։

Փափուկ կէտ մը կայ հոն… ամէն բան չըսուիր։

Մնաք բարով, ըսաւ Միսաք ու մեկնեցաւ։

Գիշեր բարի, Գաբրիէլ աղայ…

Երթաք բարով։

Գաբրիէլ աղան գինեպանին յանձնարարեց Բարսեղ աղան եւ աղաչեց, որ պառկելու համար տեղ մը պատրաստէ անոր։ Գինեպանը խօսք տուաւ, թէ հարկ եղած խնամքը կը տարուի իւր հիւրին։

Երբ պարպուեցաւ գինետունը, գինեպանն Բարսեղ աղային քովը գնաց, որպէսզի ձայն տայ անոր եւ վերի յարկը տանի պառկեցնելու. իսկ երբ գարշելի հոտ մ՚առաւ եւ երբ տեսաւ, թէ Բարսեղ աղային դէմքը թաթխուած էր դեղին բաղադրութեամբ մը, որուն մէջ կը տեսնուին վարունգի, ձուկի կտորներ, ծամուած լուբիայի խմորներ քարսոնով շաղախուած, ետ ետ գնաց գանելով, սպասաւորը կանչեց։

Բռնէ սըւոր ոտքերէն, հրամայեց։

Սպասաւորը վեր առաւ Բարսեղ աղային ոտքերը։

Ինքն ալ ձեռներէն բռնեց եւ մէկէն ի մէկ թողուց պոռալով`

Գարշելի մարդ։

Բարսեղ աղային թեւերն ու ձեռներն ալ ծեփուած էին այդ գարշահոտ բաղադրութեամբ։

Սպասաւորն հրամանի կը սպասէր` բարձրացուցած Բարսեղ աղային ոտքերը։

Գինեպանը քիթը բամբակով թխմելով եւ ձեռքերը ջնջոցով փաթթելով Բարսեղ աղային ձեռներէն բռնեց։ Վերուցին Բարսեղ աղան եւ գինետունէն դուրս ելնելով փողոցի մ՚անկիւնը ձգեցին։ Մէկուկէս ժամի չափ խորդաց Բարսեղ աղան եւ յետոյ ինքզինքը կանգուն գտաւ պատի կռթնած եւ դէմը մարդ մը, որ ձեռքովն զինքը բռնած կը հարցնէր.

Ո՞րու հետ էիր…

Անոր հետ։

Ան ո՞վ է։

Ան…

Անո՞ւնը։

Ձայն չկայ։ Բարսեղ աղան չէր կրնար աչքերը բանալ, ոտքի վրայ կը քնանար, գլուխը կուրծքին վրայ։

Գիշերապահը մեծ դժուարութեամբ յաջողեցաւ Բարսեղ աղային բերնէն յափշտակել Գաբրիէլ անունը։

Գիտեմ, գիտեմ, ըսաւ գիշերապահը։

Յետոյ.

Քալէ նայիմ հետս։

Անշուշտ դիւրին չէր Բարսեղ աղան այդ վիճակին մէջ Գաբրիէլ աղային տունը տանել, բայց գիշերապահն յանձնառու եղաւ, ի սէր մարդկութեան, ամէն դժուարութեանց եւ յաջողեցաւ Բագոսի այս տկար աշակերտը յանձնել Գաբրիէլ աղային, որ ապշած` ստիպուեցաւ ընդունիլ այս հիւրն եւ իւր սենեակը տանել ու պառկեցնել։ Քանի մը ժամ յետոյ Բարսեղ աղան արթնցաւ։ Ծարաւի էր։ Հասկցաւ, թէ իւր տունը չէր։ Կանգնեցաւ, խարխափելով գտաւ սեղանը. լեցուն բաժակ մը ձեռքն անցաւ, խմեց զայն ի մի ումպ, երեսը քիչ մը թթուեցուց եւ պառկեցաւ վերստին։ Առաւօտուն կանուխ արթնցաւ։ Չհանուած պառկած էր։ Տեսաւ, որ բարձն, որու վրայ դրած էր գլուխն, ու վերմակի վերին կողմը դեղնած էին։ Թիկնոցին թեւերուն, բաճկոնակին նայեցաւ, կարմրեցաւ։ Ընչացքը շտկել ուզեց, ձեռները օտար նիւթերու դպան։ Ձեռները գլխուն զարկաւ։ Չհամարձակեցաւ արթնցնել Գաբրիէլ աղան. վար իջաւ եւ դռնէն դուրս ելաւ յարմար եւ առանձին տեղ մը գտնելու եւ լուացուելու համար։

Միհրան եւ Միսաք` նոյնպէս կանուխ արթնցած գինետուն գնացած էին Բարսեղ աղային վրայ տեղեկութիւն առնելու համար։ Գինեպանը յայտնած էր անոնց, թէ շատ խնամք տարած էր իրենց հիւրին, թէ մաքուր անկողնոյ մը մէջ հանգիստ պառկած էր Բարսեղ աղան, թէ առաւօտուն ելած, մեկնած էր` շնորհակալութիւններ յայտնելով իրեն այն բարի ծառայութեանց համար, զորս մատուցած էր իրեն։ Գինեպանը չէր մոռցած նաեւ յաւելուլ թէ ինքն, իբրեւ գինեպան, պարտաւոր էր իր յաճախորդներն ամէն կերպով գոհացնել, թէ ոեւէ պատիւ չպիտի զլանար Բարսեղ աղային, եթէ յանձնարարուած իսկ չըլլար։ Միհրան եւ Միսաք շնորհակալութիւն յայտնելով մեկնած էին գինետունէն եւ փողոց մը դարձած էին, երբ տեսան Բարսեղ աղան, որ աղբիւրի մը առջեւ կեցած` թաշկինակով երեսը կը սրբէր։

Բարի լոյս, Բարսեղ աղայ, գիշերը ի՞նչպէս անցուցիք։

Շատ հանգիստ, շնորհակալ եմ, պարոն Միհրան։

Ես քեզի թող չէի տար երէկ գիշեր, բայց շատ պնդեցիր, գալ չուզեցիր նէ, ես ալ ձգեցի։

Շնորհակալ եմ, Միսաք աղայ։ Կ'երեւի, որ Գաբրիէլ աղան թող չէ տուած զիս։

Ի՞նչ…

Երէկ գիշեր ո՞ւր մնացիր։

Առտուն ինքզինքս Գաբրիէլ աղային տունը գտայ… շատ գէշ աւրուած եմ եղեր. Գաբրիէլ աղայի տունն ինտոր երթալս չեմ գիտեր կոր… վրաս գլուխս ալ աղտոտած եմ։

Ստամո՞քսդ աւրուեցաւ։

Այո՛։

Գաբրիէլ աղան կու գայ կոր։

Իրաւ որ մարդու երեսը նայելու կ'ամչնամ կոր, վերմակը, սաւանը, բարձը լուացուելու են այսօր։

Բարեւ ձեզ։

Աստծու բարին, Գաբրիէլ աղայ։

Ներեցէք Գաբրիէլ աղայ, չեմ գիտեր, ի՞նչպէս ներումն խնդրել։

Ներման բան չկայ, միայն թէ անձիդ վնաս մը չգայ. մեզի համար բան չկայ. չես կրնար վերցնել նէ, մի խմեր, եղբայր, մեղք չե՞ս։

Անանկ չէ՞, Միհրան աղայ։

Անանկ է։

Էշը, կ'ըսեն, չկերած խոտն ուտէ նէ, գլխու ցաւ կ'ունենայ, ըսաւ խնդալով Միսաք աղան։

Յետոյ ներումն խնդրեց, թէ իւր կամքէն անկախ պարագաներով բերնէն փախուցած էր այդ նմանութիւնը։

Մենք օղին քուկին կոկորդդ ի վար չթափեցինք ա՛. «չեմ կրնար խմել», կ'ըսես, կը լմննաս։

Բռնի ո՞վ կրնար խմցնել քեզի։

Իրաւունք ունիք։

Ես, ըսաւ Միհրան, մէկու մը վրայ չեմ իյնար, որ խմէ։

Ես ալ այն բնաւորութիւնն ունիմ։

Քու աղէկութեանդ համար կ'ըսենք կոր մենք։

Անանկ է եա՛, կ'ուզես նէ, տակառ մը օղի խմէ։

Դուք չէ՞իք, որ ստիպեցիք զիս խմելու։

Մենք ի՞նչ գիտնանք, որ դու վարժուած չես։

Մատւընիս չպիտի հոտւըտայինք ա՛։

Աս բան մը չէ, անգամ մը կը գինովնայ մարդ, ուրիշ անգամ կը զգուշանայ. ցաւալի կէտն այն է, որ…

Բարձը, վերմակը, սաւանը աղտոտեցի…

Ան ալ բան մը չէ, կը լուացուին, կը սրբուին. հօրս հետ, որ հիւանդ է, քեզի համար կռիւ ընելու ստիպուեցայ։

Հայրդ իմացե՞ր է, որ…

Իմացեր է հապա՞… դուն գիշերն ելիր ու խմէ խեղճ մարդուն… մէզը։

Մէ՞զը մի…

Բարսեղ աղան կը թքնէ։

Մէզը հապա… թքնելու բան չկայ, ինչ եղաւ նէ, մ ե զի եղաւ. բժիշկները պիտի քննէին այսօր այդ մէզը. երեք օր է, որ խնամքով կը պահէի սենեակիս մէջ սեղանիս վրայ` այս առտու բժիշկներուն ցոյց տալու համար։ Այնչափ բարկանայ… այնչափ բարկանայ, որ… իմ գիտցածս՝ մարդ մը օղի չկրնար տանիլ նէ, խմելու չէ. քո անձիդ ալ կը վնասես, եղբայր։

Բարսեղ աղան կը շարունակէ թքնել։

Իրաւունք ունի Գաբրիէլ աղան։

Չէ նէ եկուր տունս պառկէ, շաբաթներով կեցիր, գլխուս վրայ տեղ ունիս։

Միշտ կը թքնէ Բարսեղ աղան։

Իմս ալ գլխուն վրայ։

Ինչ որ է, եղածը եղած է, քալենք, հո՞ս պիտի կենանք։

Թքնելէ չդադրիր Բարսեղ աղան։

Մինչեւ շուկան մէկտեղ գնացին չորս բարեկամները, յետոյ իրարմէ բաժնուեցան։

Թի՛ւ, թի՜ւ, անկիրթ մարդիկ, պոռաց Բարսեղ աղան, երբ առանձին մնաց. բռնի օղի խմցուցին, ստամոքսս աւրեցին, մէզ խմելու պատճառ տուին եւ հիմա, փոխանակ ինձմէ ներումն խնդրելու՝ խրատ կու տան, որ մէյ մ՚ալ օղի չխմեմ։ Այդ գարշելի մէզը խմելս հապա… ով գիտէ, ինչ բաներ կային մէջը… թիւու… միայն մէզը կը ցաւին կոր, որպէս թէ հօրը հաղարջի օշարակը խմած ըլլամ… թող նորէն միզէ, էֆենտիմ, սա ալ դժուար բա՞ն մ՚է… ի՞նչ երես… չըսեր կոր, որ «այս ի՜նչ պզտիկութիւն եղաւ, խեղճ մարդուն մէզ խմելուն պատճառ եղանք, աս ի՜նչ ամօթ բան եղաւ…» ամենեւին, հօրս մէզը կ՚ըսէ, կ'երթայ. այսչափ անկրթութիւն չէի կրնար երեւակայել։ Թող հօրը մէզը յախճապակեայ ամանի մը մէջ լեցնէր ու վարդի փունջեր ալ դնէր այդ ամանին մէջ եւ ընդունելութեան սրահը մեծ հայելիին առջեւ դնէր. անպիտան…

Եւ թքնելով շարունակեց ճամբան։

***

Մելքոն աղան, խոնջած ցերեկուան աշխատութիւններէն, կարողութիւն չունի հետիոտն երթալ տունը, Սամաթիա, ուստի կ՚որոշէ թրամուէով երթալ եւ ինքզինքը կը նետէ թրամուէի կառքին մէջ, ուր մէկ մարդու համար տեղ մնացած էր միայն։ Հազիւ կը նստի Մելքոն աղան, եւ ահա միջին հասակով, գիրուկ անձ մը կը մտնէ կառքն եւ Մելքոն աղան տեսնելով՝

Շատ ուրախ եմ, կ՚ըսէ, ձեզի հոս տեսնելուս համար։

Ես ալ նոյնպէս, կը պատասխանէ Մելքոն աղան։

Ձեզի խօսելիք ունիմ. բայց նախ եւ առաջ կրնա՞ք արդեօք ինձի ալ ձեր քովն առնել, սանկ քիչ մը իլիշմիշ ըլլամ, սանկ պզտիկ տեղ մը բանաք նէ, բաւական է ինձի համար, ես կրնամ սղմիլ, արդէն պզտիկ մարդ մ՚եմ։

Մելքոն աղան իւր բարեկամին տեղ շինելու համար ասդին կը դառնայ, անդին կը դառնայ, աջ ծունկը ձախին վրայ կը դնէ, պզտիկնալու կը ջանայ։ Մելքոն աղային այս ճգանց միջոցին բարեկամն`

Ահ, ինքզինքդ ինձի համար անհանգիստ մի՛ ըներ, ես կրնամ հոս սղմիլ, կ՚ըսէ ու, որպէս թէ տեղ գտած է, Մելքոն աղային ծունկին վրայ կը նստի։

Անհանգիստ չըլլաք…

Ամենեւին, ամենեւին, դուք ձեր հանգիստը նայեցէք, կարծեմ թէ ձեզի քիչ մը անհանգիստ ըրի։

Ոչ։

Ձմեռ է հիմա, սըխ նստինք նէ, կը տաքնանք։

Այո՛։

Եթէ պէոյուղիւր եղաք, կ'աղաչեմ, ըսէ՛ք։

Ոչ, կը պատասխանէ Մելքոն աղան, որ հազիւ կրնայ շունչ առնել։

Ի՞նչ կայ, ի՞նչ չկայ, նայինք, Մելքոն աղայ։

Ոչինչ։

Տունը ի՞նչպէս են, չոճուխները աղէ՞կ են։

Խաթըրդ կը հարցունեն։

Ողջ ըլլան։

Մելքոն աղային ծունկերը կը սկսին թմրիլ. քրտինքը ճակտէն կը վազէ, ի՞նչ ընէ, քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ, որ մեր բարեկամները չվշտացնենք ոչինչ բաներու համար։

Վայ կիտի Մելքոն աղայ, վայ, ասանկ հէէ՜… զիրար պիտի տեսնենք եղեր թրամուէի մէջ, աղբար, րահաթ չնստի՞ս, սանկ ոտքերդ չերկնցնե՞ս…

Մելքոն աղան չպատասխաներ, ոտքի կ՚ելնէ եւ իւր տեղն բարեկամին կը յանձնէ։

Ի՞նչ, անհանգի՞ստ եղար։

Չէ, այսօր շատ նստեցայ տէ, ատոր համար ոտքի վրայ կայնիլ կ'ուզեմ քիչ մը։

Ատ ուրիշ, ես կարծեցի, որ պէոյուղիւր եղաք։ Էյ, Մելքոն աղայ, սա թրախոման մեր ազգին տունը կը քանդէ կոր, ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը, քանի կը մտմտամ կոր նէ, խելքս կը թռցունեմ կոր։

Իրաւունք ունիք։

Բայց այս խնդիրը խիստ կարեւոր բան մ՚է, ատանկ երեսի վրայ ձգուելու խնդիրներէն չէ։

Եւ Մելքոն աղային թեւը կը քաշէ ուժով, որպէսզի անոր զգացնէ խնդրոյն կարեւորութիւնը։

Այնպէս է, կը պատասխանէ Մելքոն աղան։

Եղբայր, մեր ազգին մէջ այս բանին կարեւորութիւն տուող չկայ, կը յարէ բարեկամն` ոտքերովն Մելքոն աղային ոտքերուն զարնելով։

Կը հասկնամ կոր, աղբա՛ր, կը հասկնամ կոր։

Այնպէս որ թրախոմայ տալու կարողութիւն չունեցող խեղճ աղջիկները տունը մնալու կը ստիպուին կոր… աս ի՞նչ սարսափելի բան է, աղբար, չպատասխանե՞ս…

Ի՞նչ պատասխանեմ…

Մահու եւ կենաց խնդիր մ՚է այս։

Բարեկամն ամէն խօսելուն կամ ձեռքովը Մելքոն աղային կուրծքին կը զարնէ, կամ ոտքովը անոր ոտքերուն վրայ կը կոխէ, կամ անդին կը հրէ, կամ ասդին կը քաշէ։ Եւ խօսք հասկցնելու այս եղանակն հազուադէպ չէ մեր ազգին մէջ։ Տեսակ մը պերճախօսութիւն, որ ունկնդիրները ծեծելու վրայ կը կայանայ։

Իրաւունք ունիս, ճանը՛մ, բայց ես ի՞նչ ընեմ։ Ըսածդ կը հասկնամ կոր։

Կը հասկնաս կոր, բայց անտարբեր կը կենաս կոր, պապամ, կ՚ըսէ Գասպար աղան եւ Մելքոն աղային թեւն ուժով կը սխմէ։

Կառքին մէջ գտնուողներն կը խնդան այս տեսարանի վրայ, բայց մեր բարեկամն չհասկնար եւ կը շարունակէ ծեծել Մելքոն աղան, որուն համբերութիւնը կը հատնի եւ կառքը Չեմպերլի֊Թաշ հասնելուն պէս ինքզինքը կառքէն դուրս կը նետէ։

Ի՞նչ ընէր Մելքոն աղան. կրնա՞ր ըսել բարեկամին, որ ըրածն քաղաքավարութեան դէմ էր, անկրթութիւն էր։ Ոչ։ Քաղաքավարութիւնը բացարձակ կերպով կը դատապարտէ անկիրթ ըսելը, ուստի Մելքոն աղան անկիրթ երեւալէն լաւ համարեց ծեծ ուտելը։

Այս տողերը գրողն ալ օր մը այս տեսակ երկու պերճախօսներու մէջտեղը գտնուեցաւ դժբախտաբար, եւ մազ մնաց, որ ոսկորներն ջարդուբուրդ ըլլային, եթէ գթասիրտ մէկն վարպետութեամբ չազատէր զայն։

Բայց այս պերճախօսներէն աւելի սարսափելիները կան։

Պատմենք։

***

Սեդրաք աղան կօշկակարի մը խանութը կը մտնէ։

Բարեկամ, կ՚ըսէ կօշկակարին, զոյգ մը կօշիկ կ'ուզեմ ապսպրել։

Շատ աղէկ։

Կօշիկներուն քիթը նեղ ըլլալու չեն։

Հիմակուան մոտայէն չէք ուզեր ըսել է։

Միայն կ'ուզեմ, որ ոտքս կօշիկի մէջ կարենայ շարժիլ. նեղ ոտքի աման չեմ ուզեր, որովհետեւ նասըր ունիմ։

Գլխուս վրայ, ձեզի անանկ կօշիկ մը շինեմ, որ թէ մոտայի համաձայն ըլլայ, եւ թէ ձեր ոտքերը չսխմեն։

Եթէ կարենաս գոհ ընել զիս, միշտ քու խանութը կու գամ։

Վստահ եղէք։

Կօշկակարը Սեդրաք աղային ոտքի չափը կ՚առնէ եւ կ՚իմացնէ, թէ քանի մ՚օրէն պատրաստ պիտի ըլլան կօշիկները։

Սեդրաք աղան քանի մ՚օրէն կ'երթայ կօշկակարին։

Պատրա՞ստ են կօշիկներս։

Այո՛, պատրաստ են։

Կօշկակարին աշակերտը Սեդրաք աղային կը ներկայացնէ կօշիկները։

Եղբայր, կ՚ըսէ Սեդրաք աղան, ասոնք պզտիկ են։

Ընդհակառակն, մեծ են։

Ասոնց քիթերը նեղ են։

Չեմ կարծեր, շատ լայն քիթերն այսօր մաքպուլ չեն. կ'աղաչեմ, անգամ մը ձեր ոտքն անցունէիք սա կօշիկները։

Սեդրաք աղան կը նստի։ Կօշկակարին աշակերտը քառակուսի տախտակ մը կը դնէ Սեդրաք աղային ոտքերուն տակը։ Սեդրաք աղան կը ձեռնարկէ նոր կօշիկներն հագնելու։ Կօշիկները կ՚ապստամբին։

Ոտքդ ուժով կոխէ՛, կը պոռայ կօշկակարն։

Ոտքի վրայ ել ու այնպէս կոխէ, կ՚ըսէ կօշկակարին քալֆան։

Ուժով ոտքդ գետինը զարկ, կը խրատէ կօշկակարին աշակերտը։

Ծօ՜, սա փոշիէն ցանէ քիչ մը կօշիկներուն մէջ, որ Սեդրաք աղային ոտքերը դիւրութեամբ սահին ու մտնեն, կը հրամայէ կօշկակարն պզտիկ աշակերտին։

Հրամանը կը կատարուի։

Կօշիկներն հաստատամիտ են։

Էո՜ֆ, քրտնեցայ, պէ ատա՛մ, կ՚ըսէ Սեդրաք աղան` երեսը թթուեցնելով, քեզի քառասուն անգամ ապսպրեցինք, որ մեծ ըլլան, լայն ըլլան, երկար ըլլան։

Կ'երեւայ, որ ոտքերդ ալ քրտնած են եւ անոր համար…

Չէ, քուզո՛ւմ, չէ, ճա՛նըմ… կօշիկները նեղ են։

Անգամ մը հագնիս նէ, կը բացուին։ Լայն ոտքի ամաններն աւելի կը վնասեն նասըրներուն։

Չեմ կրնար կոր հագնիլ։

Կօշկակարն քալֆայովն եւ աշակերտներովն Սեդրաք աղային օգնելու կ'երթայ։ Երկու հոգի Սեդրաք աղային թեւը կը մտնեն. կօշկակարը Սեդրաք աղային մէկ ոտքը կը բռնէ եւ կ'աշխատի կօշիկին մէջ դնել։ Ամբողջ կօշկակարեան խումբը կը քաջալերէ Սեդրաք աղան.

Հա՛, հա՛, կը մտնայ կոր…

Քիչ մ՚ալ համբերութիւն…

Քիչ մ՚ալ հաստատամտութիւն…

Օ՛ն, քաջալերուէ…

Վա՛յ, վա՛յ, վա՛յ…

Քիչ մը դիմացիր, էֆենտիմ…

Անգամ մը մտնայ նէ…

Ոտքս կոտրէին նէ, աւելի աղէկ էր…

Հա՛, հա՛, քիչ մնաց…

Քիչ մ՚ալ ճահտ ընես նէ, կը լմննայ, կ'երթայ։

Յոգնեցար նէ, քիչ մը յոգնութիւն առ տէ…

Չեմ ուզեր, պէ ատա՛մ, թող տուէք հանեմ ոտքս, ճիյերս սզլամըշ կ'ըլլայ կոր…

Բան մը չէ, կ'անցնի։

Հարիւր անգամ ալ ապսպրեցի, որ ես մոտայ չեմ ուզեր, ոտքերուս հանգստութիւնը կ'ուզեմ…

Կոխէ ոտքդ…

Ի՞նչպէս կոխեմ, ճանըմ, չէք հասկնար կոր, որ ոտքերս կ՚էրին կոր, կարծես թէ կրակի մէջ կոխած եմ… թող տուէք, Աստուածնիդ սիրէք, սա ի՞նչ խօսք չհասկցող մարդոց հանդիպեցանք։

Քիչ մ՚ալ ղայրեթ ըրէ՛, էֆենտի։

Ղայրեթնիդ ալ գետնին տակը անցնի, կօշիկնիդ ալ… թող տուէք ոտքս, վազ անցայ։

Բարկանալու իրաւունք չունիք, Սեդրաք աղայ…

Չունիմ, աղբար, չունիմ, դուք իրաւունք ունիք բարկանալու, թող տուէք, սա ոտքս քաշեմ։

Կօշկակարն ուժով բռնած է Սեդրաք աղային ոտքէն, որուն ինը տասներորդ մասը մտած է կօշիկի մէջ։

Շատ բծախնդիր էք, Սեդրաք աղայ։

Սեդրաք աղան կը զգայ, թէ գերի բռնուած է, ուստի անձնատուր կ՚ըլլայ կօշկակարին, որ իւր խումբովը կը յաջողի կօշիկներն անցնել իւր յաճախորդին ոտքերուն։

Տեսա՞ր, ինչպէս աղէկ եղաւ… ոտքի վրայ կայնէ քիչ մը. ո՜հ… մինչեւ տուն երթաս նէ, ոչ ցաւ մը կը մնայ, ոչ բան մը… սանկ քալէ՛, նայիմ։

Ի՞նչպէս քալեմ, ճա՛նըմ, նասըրներս կը ցաւին կոր… հանեցէք սըւոնք։

Քիչ մը խօսք մտիկ ըրէ, Սեդրաք աղայ, մինչեւ տուն գնայ, ոտքերդ պիտի վարժուին ու…

Քիչ մը լայնկեկ շինէիք նէ, չէ՞ր ըլլար։

Չըլլար, Սեդրաք աղաս, չըլլար, ամէն խանութ նամուս ունի, մենք մեր խանութին պատիւը չենք կրնար կոտրել անանկ մեծ, լայն ու տձեւ կօշիկներ կարելով. ամէն մարդ իր գործը գիտէ։

Աղէկ, աղէկ, ի՞նչ պիտի տանք։

Ոսկի մը ու մեճիտիէ մը։

Առէ՛ք։

Շնորհակալ եմ։ Մեզի մի՛ մոռնաք, Սեդրաք աղայ։

Սեդրաք աղան այդ կօշիկներով դուրս կ՚ելնէ կօշկակարին խանութէն, նասըրներու ցաւէն ամէն քայլափոխին հառաչելով, երբեմն ալ արտասուելով։ Կը զգայ վերջապէս, թէ չպիտի կրնայ շարունակել ճամբան, զբօսարան մը կը մտնէ, բազմոցի վրայ կը նստի եւ կօշիկները հանել կ'ուզէ։ Չյաջողիր։ Սրճարանին սպասաւորը կը կանչէ եւ կ՚աղաչէ, որ կօշիկներն քաշէ։ Սպասաւորը բոլոր ուժը կը սպառէ, կարելի չէ կօշիկները հանել։ Իմաց կը տրուի կօշկակարին, որ քալֆային ընկերակցութեամբ կը հասնի ու մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի ազատել Սեդրաք աղան իւր ոտքերուն ձեռքէն։ Սեդրաք աղան կը հագնի հին կօշիկները, զորս կօշկակարի խանութէն հետն առած էր, եւ կը հանգստանայ։

Բնաւ սըխըի չէք գար կոր, Սեդրաք աղայ, կ՚ըսէ կօշկակարը, ձեւաւոր եւ ճաշակաւոր բան մը հագնելու համար քիչ մը ակռան սխմելու է մարդս. ինչ որ է, տուէք սա կօշիկներն ինձի, վաղը ես զանոնք աղուոր խալըպի մը զարնեմ տէ, ղրկեմ ձեզի։

Շատ աղէկ, կը պատասխանէ Սեդրաք աղան ու խահուէ մը խմելուն պէս կը մեկնի։

Հետեւեալ օրը Սեդրաք աղան շուկայ կ'երթայ, ապայէ լաբճին մը ու լաստիկ մը կը գնէ, կը հագնի ու գործին կ'երթայ։

Դիտողութիւնները կը սկսին.

Սա Սեդրաք աղան շատ թոհաֆ մարդ է։

Ապտալ է պարզապէս։

Տիւանէ ըսէք սըւոր, երթայ։

Ես ալ տեսայ, ապա լաբճին մը անցուցեր է ոտքը, վրան ալ լաստիկ հագեր է…

Խայտառակութիւն է։

Ինչ մեղքս պահեմ, հետը պտտելու կ'ամչնամ կոր։

Թող գիւղ մը երթայ, նստի, էֆենտիմ։

Ատ ոտքերով ընկերութեանց մէջ մտնել կարելի չէ։

Այս դիտողութիւններն Սեդրաք աղային ականջը կը հասնի։ Սեդրաք աղան կը համոզուի, թէ քաղաքավարութիւնը չհակառակիր նասըրի, բայց սարսափելի թշնամի է ապա լաբճինի: Սեդրաք աղան կը ստիպուի հանել լաբճինները եւ ընդունել մոտային համաձայն կօշիկներն ու անոր հարուածներն։

***

Ծնունդի կամ Զատկի առթիւ բարեկամաց եւ ազգականաց այցելութիւններ կ՚ընդունիք։

Շատ անգամ կը պատահի, որ երեք կամ աւելի անձանց այցելութիւններն միանգամայն ընդունիք։

Սովորութիւն ունիք ասոնց խահուէ կամ անուշ կամ օշարակ կամ օղի հրամցնել։

Տանն աղջիկն ափսէ ի ձեռին կը մտնէ սենեակը։

Որո՞ւ հրամցնէ նախ եւ առաջ։

Բնականաբար ամէնէն տարիքոտին։

(Բնականաբար ամէնէն հարուստին)։

Աղջիկն կ՚ուղղէ իւր քայլերն դէպի ճերմակ մազերն, Աբիմելէք աղան։

Աբիմելէք աղան չընդունիր անուշեղէն նախապատւութիւնը ու`

Առաջ Գաբրիէլ աղային տուր, կ՚ըսէ։

Աղջիկն կը ներկայանայ Գաբրիէլ աղային, որ կը ղրկէ զայն Համբարձում աղային։

Աղջիկը կը տնկուի Համբարձում աղային առջեւ, որ նշանացի Գաբրիէլ աղան ցոյց կու տայ անոր։

Աղջիկը կը սկսի ճամբորդութեան, Աբիմելէք աղայէն Գաբրիէլ աղային, Գաբրիէլ աղայէն Համբարձում աղային, Համբարձում աղայէն Աբիմելէք աղային։ Ճամբորդութիւնը կը կրկնուի քսան անգամ, խեղճ աղջկան թեւերուն վրայ կար եւ կարողութիւն չմնար ափսէն տանելու. այցելուք այս ճամբորդութեան միջոցին յարգանքներ կը փոխանակեն իրարու հետ։

Կ'աղաչեմ, առէ՛ք։

Կը խնդրեմ, հրամմեցէ՛ք, Գաբրիէլ աղային տո՛ւր, աղջի՛կս։

Չեմ ընդունիր, Աբիմելէք աղային տա՛ր, աղջի՛կս։

Ոտքերնիդ պագնեմ, մի՛ ընէք, աղջիկը յոգնեցուցիք. Համբարձում աղային հրամցո՛ւր, աղջի՛կս։

Աստուած չընէ, ես ո՞վ եմ, որ ձեզմէ առաջ առնեմ. Գաբրիէլ աղային գնա՛, աղջի՛կս։

Չեմ առներ, չեմ առներ. պարապ տեղը մի՛ գար, աղջի՛կս։

Աբիմելէք աղան առնելու է նախ եւ առաջ։

Մոռցանք ըսելու, թէ այցելուաց մէջ չորրորդ մ՚ալ կայ, որ դասատու է եւ ուսումնական խորհրդէն վկայական ալ ունի։

Կարելի չէ, որ ընդունիմ, կը վայլէ՞ ինձի, որ ձեզմէ առաջ հրամցուիմ, Համբարձում աղան պէտք է որ…

Իմի՞ն խօսքս կ'ըլլայ. տէր ողորմեա, ճուրճինայի՞ պիտի ելլանք. ամէն բան կարգով, կանոնով ըլլալու է. Աբիմելէք աղային տո՛ւր, աղջի՛կս, Աբիմելէք աղան այսօր, Աստուած տայ, երեսուն հազար ոսկու տէր է, ես անոր ծառան պիլէ չեմ կրնար ըլլար որ։

Ատ ի՞նչ պարապ խօսք է, Համբարձում աղայ, դուն պատուաւոր մարդ մ՚ես…

Ատա՛մ, պատուաւորութիւնը ստակով կ'ըլլայ հիմա, անանկ չէ՞, պատուելի։

Անանկ է, էֆենտիմ։

Գաբրիէլ աղային տուէ՛ք անանկ է նէ, ան ալ թաղական է։

Յոգնեցուցիք աղջիկս, էֆենտի՛մ…

Իրաւ է։

Մեղք է զաւալլըն։

Վնաս չունի, վնաս չունի, չյոգնեցայ ես, կը պատասխանէ աղջիկն շունչ կտրած։

Անուշ չպիտի՞ առնէք այսօր, հրամմեցէ՛ք, կ՚ըսէ տան տէրը։

Վերջապէս Աբիմելէք աղան կը հաւանի նախապատւութիւնն ընդունիլ եւ

երկար պատմութեամբ մը պարզելէ յետոյ այն պատճառներն, որոց համար կ'ուզէր ամէնէն վերջը ուտել անուշն, կը բարեհաճի դգալ մ՚անուշ առնելու եւ աւուր պատշաճի բարեմաղթութիւններն ընելէ յետոյ անուշն ուտելու։

Կարգը Համբարձում աղային է։

Շնորհաւոր նոր տարի, Կիրակո՜ս աղայ։

Շնորհակալ եմ, կը պատասխանէ տան տէրը։

Եւ բարի կաղանդ։

Շնորհակալ եմ։

Եւ աստուածայայտնութիւն Տեառն մերոյ։

Ողջ ըլլաք։

Ուտիք է մեզ ութ օր եւ անձրեւաբեր հողմունք։

Այո՛։

Համբարձում աղան ալ կը կատարէ իւր պաշտօնն, թէեւ կը մոռնայ Գերմանիոյ կայսեր գահակալութեան տարեդարձը յիշելու։

Գաբրիէլ աղան դգալն անուշամանի երկնցնելով կը սկսի բարեմաղթութեանց։

Շնորհաւոր նոր տարի եւ բարի կաղանդ եւ աստուածայայտնութիւն։

Շնորհակալ եմ։

Աստուած շատ տարիներու հասցնէ խնդութեամբ։

Բարեկամօք հանդերձ։

Աստուած քետեր չցցունէ։

Ամէն։

Աստուած քեար պերեքեթ տայ։

Ամէն։

Տէր Աստուած Ձեր տունը շէն պահէ։

Ողջ ըլլաք։

Փեսաներ առնէք, հարսներ առնէք։

Շնորհակալ եմ։

Թագերը, պսակները պագնէք։

Շնորհակալ եմ։

Թոռներ ունենաք։

Աստուծով։

Թոռներու թոռներ ունենաք։

Աստուած լսէ։

Թոռներու թոռներուն թոռներն տեսնաս։

Շնորհակալ եմ։

Հիւանդութիւն եւ ցաւ չտեսնաք։

Ամէն։

Խոր ծերութեան հասնիք։

Դուք ալ։ Անուշ ըլլայ, Գաբրիէլ աղայ։

Շնորհակալ եմ, Կիրակո՛ս աղայ, հող բռնես, ոսկի դառնայ։

Հրամմեցէ՛ք, պատուե՛լի։

Պատուելին պարզ թեմեննահ մ՚ընելով հազիւ թէ գդալին կը դպչի, ափսէն աղջկան ձեռքէն կ'իյնայ, եւ պատուելիին վրան գլուխը կ'անուշանայ եւ կը ջրանայ։

Հիւրերն իրար կ՚անցնին։

Վախցա՞ր, օրիորդ։

Մի՛ վախնար, աղջի՛կս։

Գինիի մէջ քիչ մը կրակ մարեցէք եւ թող տուէք, որ խմէ։

Խեղճ աղջիկ։

Մենք պատճառ եղանք։

Թեւէն արիւն առէ՛ք։

Թաքլաք մը նետել տուէ՛ք։

Ժեռոտելի բաստիլներն տուէ՛ք։

Սինկերի կարի մեքենայ մը չունի՞ք։

Վախցա՞ք, օրիորդ։

Չէ, չէ, չվախցայ, բայց կը ցաւիմ, որ…

Ցաւելու բան չկայ, օրիո՛րդ, ասանկ օրեր շատ կը պատահին, ասանկ փորձանքներ։

Գնա՛, հանգստացի՛ր, օրիո՛րդ։

Աղջիկն դուրս կ՚ելնէ։ Դիւրին է գուշակել, թէ ինչ կ՚ըսէ մտքէն։

Պատուելի՛, մահանայով տուշ ըրիր հէ՞…

Քիչ մը թրջեցաւ վրան։

Ժեռոտելի բաստիլէն քսեցէք վրան։

Կը չորնայ, կը չորնայ։ Մնաք բարով, պատուելի։

Երթաք բարով, էֆենտի՛մ։

Մնաք բարով, պատուելի՛։

Երթաք բարով, պեյըս։

Կեցիք բարով, պատուելի՛։

Երթաք բարով, էֆենտի՛ս։

Ա՜հ, աս քաղաքավարութեան ձեռքէն մեր քաշածը… մանաւանդ դասատուներուն քաշածը։

Բայց աս ալ բան մը չէ, աւելի սարսափելիները կան։

Մտիկ ըրէ՛ք։

***

Վաճառական մ՚ես։ Եւ ես չեմ մեղադրեր զքեզ վաճառական ըլլալուդ համար, որովհետեւ մեղաւորը դու չես, այլ այն, որ զքեզ վաճառականութեան առաջնորդեց։ Չեմ ալ նախատեր զքեզ, այլ, թող ներուի ինձ անաչառաբար խօսիլ, կը վարուիմ հետդ այնպէս, որպէս պիտի վարուէի քսակահատի մը հետ, այսինքն քեզի հետ գործ ունեցած ժամանակս կը զգուշանամ, որ չխաբուիմ, ոչ թէ խրատուելով Վովնարկի սա խօսքէն, թէ «վաճառականութիւնը խաբէութեան արհեստն է», այլ յենլով անձնական փորձառութեանս, որ յանդգնութիւն կու տայ ինձ բարձրաբարբառ խոստովանիլ այսօր, թէ հարիւր վաճառականներու մէջ երկու վաճառական ճանչցած եմ միայն, որ սուտ չեն խօսիր… բայց արի, տես, որ այս երկու վաճառականներն ալ բնաւ չեն խօսիր։

Վաճառական մ՚ես, ըսինք, եւ ամչնալու պատճառ մը չունիս։ Առաւօտուն կանուխ վաճառատունդ կ'երթաս, որոգայթներդ կը լարես եւ ամէն բան կը նիւթես, որպէսզի չփախցնես որսն, որուն կը սպասես ժամէ ժամ։ Մեծ վաճառական մ՚ես, աւելորդ է ըսել, թէ մեծ խաբեբայ մ՚ես. ուստի վաճառատանդ մէկ անկիւնը քաշուած` աչերդ կը սեւեռես վաճառատանդ դռան, ուսկից պիտի գայ որսն։ Քանի մի ժամեր կու գան, կը հոլ ովին, կը սահին, կ՚անցնին, կ'երթան, եւ ահա յաճախորդ մը կ'երեւայ դռան առջեւ։ Անմիջապէս ոտքի կ'ելնես, կը վազես դիմաւորելու յաճախորդդ եւ բազմոցիդ վրայ բազմեցնելու։ Խահուէ կը հրամցնես իրեն, կը շողոքորթես, կը շոյես զինքն, կը քծնիս իրեն, չափազանց յարգանքներով կը շրջապատես զինքն եւ մէկ ժամ շարունակ սուտ կը խօսիս։ Գրագիրդ ալ ուրիշ սուտերով հաստատութիւն կու տայ սուտերուդ։

Յաճախորդդ քիչ մը պարարտ է, երեք֊չորս հազար ոսկւոյ գնում մը պիտի ընէ։ Այլ եւ այլ ապրանաց օրինակներ կ'ուզէ, ցոյց կու տաս` գովեստներ կարդալով անոնց վրայ, միայն թէ դափնեայ պսակներ չես բոլորեր ապրանացդ ճակտին վրայ։

Այս ապրանքը հրապարակի վրայ չգտնուիր, մասնաւորապէս մեզի համար ապսպրած ենք։

Շատ ընտիր ապրանք է, կը յարէ գրագիրդ, որուն հետ փոխասաց կ'ըլլաս։

Սքանչելի ապրանք մ՚է, նմանը չկայ։

Ո՜ւր էր, թէ քանի մը հազար հակ ունենայինք այս ապրանքէն։

Ապրանք մը, որու գոյնը չշրջիր։

Ապրանք մը, որ հազար անգամ իսկ եթէ լուացուի, չփոխեր իւր գաղափարը։

Սկզբունքի տէր ապրանք մը։

Եւ հաստատ սկզբունքի տէր, որովհետեւ բնաւ չպատռիր։

Հարիւր տարի կրնայ գործածուիլ։

Ի՞նչ կ'ըսէք, տէր իմ… հարիւր տարի՜… հարիւր յիսուն տարի, երկու հարիւր տարի, երեք հարիւր տարի…

Ծիծաղ. Շիրիմ մը կանգնեցէք սա ապրանքին վրայ, ո՜վ հարուստներ…

Շատ պատուական ապրանք է։

Եւ ամէն մարդու ալ չենք ցուցներ սա ապրանքը։

Զձեզ մեր վաճառատան վարժեցնելու նպատակով է, որ հանեցինք այս ապրանքը։

Ներեցէք մեզի` ձեզի աղաչելու, որ չըսէք ուրիշին, թէ այս ապրանքը մեր վաճառատունէն առիք։

Ասոր նման հազար ու մէկ խօսքերով վերջապէս կը յաջողիք դու եւ գրագիրդ հաւնեցնել ապրանքներդ։ Կարգը կու գայ սակարկութեան։

Վերջնական գին մը պիտի զրուցեմ։

Մեր էֆենտիին սովորութիւնն է` միշտ վերջնական գին մը զրուցել։

Սակարկութենէ չեմ ախորժիր։

Մեր էֆենտին բնաւ չախորժիր սակարկութենէ։

Թերեւս աղէկ բան մ՚ըլլայ սակարկութիւնը, բայց իմ նաթուրայիս հակառակ է։ Շատ խօսք չեմ սիրեր։

Մեր էֆենտին շատ խօսիլ չսիրեր։

Ուստի, մէկ խօսքով, այս ապրանաց համար պիտի վճարէք երեք հազար ութ հարիւր մէկ քառորդ ոսկի եւ երկու դահեկան։

Սխալեցաք, էֆենտի, սխալեցաք, չորս հազար ոսկիի մեզի ապրանք եղած են անոնք։

Ի՞նչ կ'ըսես։

Սխալ հաշիւ ըրիք, էֆենտիս, սխալ, կեցիք, ցոյց տամ այդ ապրանաց հաշիւներն, զորս Եւրոպայէն մեր գործատանէն ընդունած ենք։

Գրագիրն շինծու հաշուեցոյցեր կը բերէ եւ կը նետէ առջեւդ։ Դուն ալ որպէս թէ կը քննես եւ կը խոստովանիս սխալած ըլլալդ։

Սխալ հաշիւ եմ ըրեր։

Չորս հազար հարիւր մէկ քառորդ ոսկի պիտի ըսէիք։

Ինչ որ է, անգամ մը բերնէս ելաւ, խօսքս ետ չեմ առներ ես։

Գրագիրը բարկանալ կը կեղծէ եւ իւր գրասեղանին առջեւ կ'երթայ` քթին տակէն մրմռալու.

Երեք հարիւր ոսկի վնասի՜լ` խօսքն ետ չառնելու համար։

Այո՛, բերնէս ելաւ, կը վճարէք այդ գումարն եւ կ'առնէք ապրանքները։

Մեզի պէս ապուշներն ամէն օր կը խաբեն ասանկ. եթէ ես այս վաճառատան մէջ գրագիր չըլլայի, միշտ հոս պիտի գայի ապրանք գնելու, կը մրմռայ գրագիրը։

Էֆենտի, կը պատասխանէ յաճախորդը, ես ալ վերջնական գին մը պիտի տամ այն ապրանաց համար. երեք հազար եօթը հարիւր քսան ոսկի պիտի վճարեմ։

Որսը բռնուեցաւ։ Հինգ հարիւր ոսկի կը շահիս. կ'ուրախանաս յաղթանակիդ վրայ, բայց անմիջական հաւանութեան մը գայթակղութիւն պատճառելու հաւանականութիւնը մէկ կողմէ եւ քանի մ՚ոսկի աւելի փրցնելու անգթութիւնը միւս կողմէն կը հարկադրեն զքեզ զարմացական եղանակով մը պատասխանել յաճախորդիդ.

Տղա՞յ ես, աղբար, ապրանքը չճանչցար…

Այդ ապրանքն ամէն մարդու հանելու չէ, կը մրմռայ գրագիրն։

Ներեցէ՛ք, մարդ խաբելու համար նստած չենք հոս։

Քսան ոսկի եւս տամ, կ՚ըսէ յաճախորդը։

Քսան ոսկիի խօսքը կ՚ըլլա՞յ… կ'ուզէք նէ, տարէք ապրանքներն եւ բարայ մը մի՛ վճարէք. բայց խնդիրն անոր վրայ չէ, ապրանքին արժէքը տալու էք։

Տասն ոսկի աւելի տամ։

Հասած է ժամն համաձայնութիւն գոյացնելու եւ ոսկիներն առնելու. հետեւապէս կը սկսիս կարճ, բայց ազդու ատենաբանութիւն մը, որով կ՚ընդունիս ինչ֊ինչ զիջումներ ընելու, եւ ահա ճիշտ այս միջոցին կարճ, բայց ազդու մարդ մը կը մտնէ վաճառատունդ։

Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելոց։

Օրհնեալ է յարութիւն Քրիստոսի։

Ի՞նչպէս էք, աղէ՞կ էք։

Փառք Աստուծոյ, Ենովք աղայ։

Տիկինը ի՞նչպէս է։

Աղէկ է։

Օրիորդներն աղէ՞կ են։

Աղէկ են։

Ողջ ըլլան. տղադ ի՞նչպէս է։

Շատ աղէկ է։

Մա՞յրդ։

Գէշ չէ։

Մեծ մա՞յրդ։

Հանգիստ է։

Փեսան ի՞նչ կ՚ընէ։

Ի՛նչ ընէ։

Ձեզի՞ է։

Չէ։

Դուք փեսին տո՞ւնն էք։

Չէ։

Ո՞ւր էք հապա։

Մեր տունը։

Շատ աղէկ, շատ աղէկ… Խահուէ մը ապսպրել տայիր ինձի, որովհետեւ յոգնած եմ։

Շատ աղէկ։

Չե՞ս ըսեր, մեր պզտիկ շունը եաւրուլամիշ ըրաւ երէկ գիշեր։

Կ՚ընէ եա՛։

Մէկ հատը ձեզի պիտի տանք։

Շնորհակալ եմ։

Բայց քիչ մը մեծնան տէ, անանկ։

Շատ լաւ։

Յաճախորդն մեկնելու շարժումներ կ՚ընէ. նշանացի կը պատասխանես իրեն, որ քիչ մը համբերէ։ Կը բարկանաս, բայց քաղաքավարութիւնը չներեր, որ Ենովք աղան վռնտես։

Ի՜նչ ալ աղուորիկ լակոտներ են։

Այո՛։

Սա պիտի հարցնէի ձեզի, թէ ի՞նչպէս մեծցնելու է ասոնք։ Մայրերին տկար ու հիւանդոտ է, կաթ չունի… տունէն ըսին, որ պիպըռոն առնենք ու անով կաթ տանք։

Այո։

Կ'ըլլա՞յ մի։

Չիյտեմ։

Ձեր թաղը սանկ շուն մը չկա՞յ, որ գայ, մեզի մնայ ու սա լակոտները պէսլեմիշ ընէ։ Քուզում, կ'աղաչեմ, աշխատինք ու ազատենք սա խեղճերը… պիպըռոնի խելքս չպառկիր իմին։ Ասդին, անդին հարցնէիք ու փնտռէիք ասանկ շուն մը…

Շատ լաւ, կը նայինք։

Հիմա նայէիք։

Հիմա գործ ունիմ, անկարելի է։

Աս ալ գործ է, սեպապ է։

Գլուխս քերելու ատեն չունիմ այսօր։

Ե՞րբ կը նայիք։

Ստիպողական գործեր ունիմ, երբ նայելիքս անգամ որոշելու ժամանակ չունիմ։

Ժամանակ անցունելու չի գար, անանկ բան մ՚է, որ…

Գործ ունիմ, Ենո՛վք աղայ։

Անանկ բան մ՚է, որ ուշացնելու չգար… մէկ հատը քեզի պիտի ըլլայ։

Քառորդէ մը կու գամ, կ՚ըսէ յաճախորդն ու վաճառատունէն դուրս կ՚ելնէ։

Է՜ոֆ, է՜ոֆ, է՜ոֆ, կը հառաչես ինքիրմէդ։

Լակոտներն անանկ ալ սատանայ են, որ տեսնելու բան է։

Այո՛։

Ուրեմն գարար տանք ու լմնցնենք։

Այո՛։

Պիպըռոն չըլլար։

Չըլլար։

Ստնտու շուն մը գտնելու է։

Այո՛։

Ուրիշ ճար չկայ։

Չկայ։

Կա՞յ մի եա՛։

Չկայ։

Չէ, թէ որ կայ նէ, ըսէ՛։

Չկայ, Ենովք աղայ, չկայ, չկայ, չկայ։

Բարկացա՞ք։

Չբարկացայ, բայց…

Բարկանալու իրաւունք չունիք, ես ձեր սպասաւորը չեմ, ձեզմէ շահ մ՚ալ չեմ ակնկալեր, խահուէ մը խմեցի, կ'ուզէք նէ, անոր ալ բարան կու տամ, հոշ կելտին, սեֆա կելտին։

Չէ…

Գիտնալով, որ շուներէն կ՚ախորժիս, ուզեցի քեզի շուն մը հետիէ ընել, դուն շնորհակալ ըլլալու տեղ օտապաշըի թաւըր կը բռնես ինձի։

Չէ, Ենովք աղայ։

Հէր քուշուն էթի ենմեզ, աս ալ սորվէ, չես գիտեր նէ։

Ենովք աղան բարկութեամբ կը մեկնի։

Դուն ալ յաճախորդիդ դարձին կը սպասես։

Երեք ժամէն ետքը յաճախորդդ կու գայ։

Այսօր ստակ չունիմ, քանի մ՚օրէն պիտի գամ ապրանքներն առնելու։ Մնաք բարով։

Եկուր, ո՞ւր կ՚երթաք… խօսք մ՚ունիմ… վայրկեան մը… ինձի նայէ՛… աղայ… էֆենտի… բարեկամ… չգա՞ս… եկուր տէ, դարձեալ գնայ… չենք ուտեր քեզի…

Խե՞նթ է, որ ետ դառնայ։

Կը զգաս դժբախտաբար, թէ յաճախորդդ ուրիշ վաճառականի մը հետ համաձայնած է աւելի գոհացուցիչ պայմաններով։ Քիչ մը գրագրիդ դէմ կը բարկանաս եւ յետոյ կը սկսիս հայհոյութիւններով փաթտել Ենովք աղայի գլուխը։

Դառնանք այժմ ուրիշ տեսարանի մը։

"Քաղաքավարութեան վնասները" ստեղծագործության մյուս մասերը

Յատուկ Երաժշտություն
Առանց քեզ ինչ կոնիմ
Սայաթ Նովա

Առանց քեզ ինչ կոնիմ

Կոշիկները
Կոշիկները
Խաղա առցանց