Հակոբ Պարոնյան

Քաղաքավարութեան վնասները

3

***

Նահապետ աղան սուրհանդակին հասնելուն կը սպասէր, որպէս կ'ըսեն, չորս աչքով։ Մեծ յոյս ունէր սուրհանդակէն ստանալ գումար մը, որով պիտի վճարէր պզտիկ փոխոնակագիր մը։ Սուրհանդակն ուշացաւ։ Նահապետ աղան դիմեց ծանօթներուն եւ բարեկամներու եւ յաջողեցաւ փոխ առնելու գումարն, որուն պէտք ունէր։ Սիրտը հանդարտեցաւ։ Գրասեղանին առջեւ անցաւ եւ կը սպասէր, որ փոխանակագիրը ներկայացուէր իրեն։ Սակայն մարդուս չներկայանար միշտ այն, որուն կը սպասէ… չորս երեւելի վաճառականներ Նահապետ աղային սենեակը մտան։

Բարեւ, Նահապետ աղայ։

Աստուծու բարին։

Բարեւ, մուսիւ Նահապետ։

Աստուծու բարին։

Բարեւ, Նահապետ էֆենտի։

Աստուծու բարին։

Բարեւ, Նահապետ պէյ։

Աստուծու բարին։

Նահապետ աղան կը հրամցնէ հիւրերը աթոռներու վրայ բազմիլ եւ խահուէ ապսպրելու համար դուրս ելնելու միջոցին կ'աղաչուի հիւրերէն տեղը նստիլ։

Մեզի համար է նէ խահուէ, չենք ուզեր։

Արդէն խահուէ չեմ խմեր ես։

Ես ալ շատ խմեցի։

Ես ալ կերակուրի պիտի երթամ հիմա։

Գիտէ՞ք, Նահապետ աղայ, մեր հոս գալուն պատճառը։

Ի՞նչպէս գիտնայ։

Էֆենտի, ըսէ՛ք իրեն։

Մարդասիրական գործ մ՚է, որ հոս հրեց զմեզ։

Կրթասիրական նպատակ մը։

Ազգասիրական զգացում մը։

Զո՛ւտ մարդասիրական։

Կրթասիրական միանգամայն։

Եւ միանգամայն ազգասիրական։

Եւ կը յուսամ, թէ Նահապետ էֆենտին չպիտի մերժէ մեր առաջարկը։

Նահապետ պէյն ան տեղուանքը չէ։

Ո՜ւր էր, թէ ամէնքն ալ միւսիւ Նահապետին պէս ըլլային։

Նահապետ աղան աղայ է, բայց պէյի զգացումներ ունի։

Ինչո՞ւ պէյ չըլլայ։

Նահապետ աղային պէս ազգը սիրող մարդ խիստ քիչ կը գտնուի ազգին մէջ։

Նահապետ աղան, համեստ մարդ, կը շուարի եւ միայն ձեւերով եւ շարժումներով կը յայտնէ, թէ կը չափազանցեն։

Քանի՞ տոմսակ տանք Նահապետ աղային։

Ի՞նչ գիտնամ, առ նուազն տասը հատ տալու է։

Տասը հատը քիչ է։

Նահապետ պէյը տուող մարդ է։

Ի՞նչ տոմսակ է։

Պարահանդէսի տոմսակ է, Նահապետ էֆենտի։

Քանի՞ ղրուշ է հատը։

Մեծ բան մը չէ։

Չնչին գումար մը։

Ուրիշ ազգերուն տոմսակներուն պէս սուղ չէ։

Աղքատիկ ազգին աղքատիկ տոմսակ։

Քանի՞ դահեկան է։

Բան մը չէ։

Պզտիկ գումար մը։

Հատը մէկ ոսկի է…

Մէ՞կ ոսկի…

Այո, բայց պարտ է գիտնալ, թէ անգղիական ոսկի չէ, օսմանեան է։

Տուէ՛ք, տուէ՛ք տասը հատ Նահապետ աղային։

Տա՜սը հատ… կը ծաղրէ՞ք կոր զիս։

Կ'աղաչեմ, ատանկ մի՛ խօսիք… կը վիրաւորուինք… ինչո՞ւ ծաղրենք զքեզ։

Ազգասիրական գործ մը կատարելու համար միայն եկած ենք հոս։

Շնորհակալ եմ, բայց…

Բայցի մայցի գործ չկայ… տասը տոմսակ ձեզի համար քիչ է, շատ չէ…

Տասն ոսկի մէկ մեծ բան չէ։

Մանաւանդ երբ էֆենտիներուն պէս անձեր կը ներկայանան ձեզ. անոնք տասը տան նէ, դուն քսան առնելու ես, որպէսզի էֆենտիները պզտիկ չմնան ու քաջալերուին։

Շնորհակալ եմ, բայց իմ կարողութիւնս չներեր մէկ ոսկի տալ պարահանդէսի տոմսակին։

Չներե՞ր… ի՞նչպէս չներեր… մենք բիացայի մարդ ենք, գիտենք, թէ քանի տոմսակ առնելու կարող ես… տասը հատ առաջարկեցինք, որ չմերժուինք։

Չեմ կրնար…

Քուզո՛ւմ Նահապետ աղայ, պարապ խօսքեր մի՛ ըներ։

Ոտքդ պագնեմ, Նահապետ էֆենտի, երկար մի՛ ըներ, ուրիշ տեղեր ալ պիտի ենթանք, գործ ունինք։

Տո՛ւր տասը հատ…

Նահապետ աղայ, տո՛ւր տասը ոսկի։

Չեմ կարող… բայց խաթըրնուդ համար հատ մը առնեմ։

Հա՞տ մը… չվայլեցուցի շիտակը…

Մէ՞ն հատ մը… չորս հոգի ոտքդ գանք, եւ մէկ հա՞տ մը…

Միա՞յն մէկ հատ… մեզի թշնամանալու համար ասկից ուրիշ միջոց մը չէիր կրնար գտնել։

Մէկ հա՞տ… մէկ հատին խօ՞սքը կ'ըլլայ, երբ խեղճ, աղքատ եւ որբ տղայոց բարոյական զարգացման վրայ է խնդիրը։

Կարողութիւն չունիմ առնելու, կրկնեց Նահապետ աղան կարմրելով։

Պարապ խօսքեր։

Զմեզ ժամավաճառ կ'ընէք։

Չէի յուսար, որ ընդդիմանայիք մեր առաջարկութեան, մեր, որ գործերնիս ձգած ենք եւ տասնհինգ օրէ ի վեր ամէնուն խանութը, տունը, վաճառատունը կը պտտինք մուրացկանի պէս։

Ճանըմ, Նահապետ էֆենտին անանկ կ՚ըսէ, ամա կ՚առնէ, տասը հատ տո՛ւր։

Ճանը՛մ, դուք ալ սխալ կը հասկնաք կոր, Նահապետ աղան չեմ տար չըսաւ։ Ինչո՞ւ չպիտի տայ։

Երկու հատ կ'առնեմ, ըսաւ Նահապետ աղան` չկրնալով դիմադրել թախանձանաց հանգանակողաց, որ ազգին երեւելի վաճառականաց դասուն կը վերաբերէին։

Երկո՞ւ հատ։

Ըսել է, որ այսօր մեր խօսքը կոտրել ուխտեր ես։

Ինչո՞ւ ուխտեմ, ի՞նչ ըրի…

Տակաւին ի՞նչ պիտի ընես… տասը տոմսակ առ կ'ըսեն կոր նէ, կ'առնեն, էֆենտիմ, երկար չեն ըներ… սանքի մենք քուկին կարողութիւնդ չենք գիտեր կոր… բիացայի վրայ չենք ապրիր կոր մենք… մարդու հետ ալ տեսնուած չունինք… լեռնէն եկանք… բան մը չիյտենք։

Ատ ի՞նչ խօսքեր են… ինչո՞ւ բիացայի վրայ ապրած չըլլաք, ինչո՞ւ լեռնէն…

Ան ըսել է, էֆենտի՛մ…

Կ'ուզէք նէ, մէկ հատն ալ մի՛ առնէք… հարկաւ հաթըրնիս սեպող մէկը կը գտնենք…

Քիչ մ՚ալ դիմացինին հաթըրը նայելու է, Նահապետ աղաս։

Հաթըրնիդ գլխուս վրայ, բայց չեմ կրնար կոր հասկցնել, որ…

Շատ աղէկ, շատ աղէկ, հինգ ոսկի տուր նայիմ սըկեց, ալ ասոր ալ ըսելիք չունիս ա՛։

Հինգ ոսկիի մնալէն ետքը ալ խօսք չուզեր…

Տուր նայինք հինգ ոսկին։

Բայց…

Երթանք ալ, մնաք բարով, Նահապետ աղայ, աֆ կ'ընէք, որ ձեզի նեղութիւն տուինք…

Ինչո՞ւ կը բարկանաք։

Չբարկացանք, բայց ամէն բանին կարգ ու կանոնը կայ…

Ես անոր առնել կու տամ հինգ հատ… տուր հինգ տոմսակ ինձի… Նահապետ էֆենտի, տուր հինգ ոսկի ինձի…

Նահապետ աղային ճարը կը հատնի եւ կու տայ հինգ ոսկի։

Վերջապէս խօսքդ ըրիր, հինգ ոսկիէն աւելի չտուիր… վնաս չունի… շնորհակալ ենք։

Մնաք բարով, Նահապետ էֆենտի։

Երթաք բարով։

Մնաք բարով, միւսիւ Նահապետ։

Երթաք բարով։

Մնաք բարով, Նահապետ աղայ։

Երթաք բարով։

Մնաք բարով, հոճայ Նահապետ։

Երթաք բարով։

Հանգանակողները կը մեկնին, եւ Նահապետ աղան հազիւ կու գայ գրասեղանին առջեւ նստելու, փոխանակագիրը կը ներկայացուի երիտասարդէ մը։

Հրամմեցէ՛ք, կ՚ըսէ փոխանակագիրը գրասեղանին վրայ դնելով։

Փոխանակագիրն երեսուն եւ չորս ոսկւոյ էր։

Այո՛, կը պատասխանէ Նահապետ աղան, մէկ ժամէն եկէք, հիմա գործ ունիմ քիչ մը։

Մարդը կը հնազանդի։

Թերեւս մեր ընթերցողները զարմանան, թէ երեսուն եւ չորս ոսկւոյ փոխանակագիր մը վճարելու համար նեղութիւն կրող մարդ մ՚ի՞նչպէս կը հաւանի հինգ ոսկի տալ պարահանդէսի։ Բայց զարմանալու բան չկայ։ Նահապետ աղան չափազանց ամօթխած է, համեստ ու հեզահամբոյր, չուզեր եւ ոչ մէկուն սիրտը կոտրել. երբ իրմէ շատ աւելի մեծ անձնաւորութիւններ առաջարկութիւն մ՚ընեն իրեն, իբրեւ հրաման կ'ընդունի այդ առաջարկութիւնը, մանաւանդ երբ գործը կրթութեան ծաւալմանը նպաստելու վրայ է։ Նահապետ աղան հարուստ երեւալու համար բնաւ աշխատած չէր, որ համարձակութիւն տուած ըլլար այդ վաճառականաց` քաղաքավարութեամբ կողոպտել զինքը, եւ այդ վաճառականներն իսկ լաւ գիտեն, թէ Նահապետ աղան այն վաճառականներէն էր, որ իրենց իւղովը կը տապկուին, եւ աւելի լաւ գիտէին, թէ Նահապետ աղան առաջարկութիւն մերժելու մէջ ամէնէն տկար արարածն էր, ուստի ստակ փրցնելու համար իրմէ` որոշած էին անոր տկար կողմին վրայ յարձակիլ, ինչպէս յարձակեցան եւ յաջողեցան։

Բայց Նահապետ աղան, պատուաւոր վաճառական, այսինքն իւր ստորագրութիւնը յարգող վաճառական, այս անգամ վշտացաւ քիչ մը եւ հանգանակողաց ընթացքին մէջ ի նպաստ ազգին աւազակութեան նման բան մը տեսաւ։ «Այսչափ բռնութիւն բանեցնել, ըսաւ, չէր վայլեր այդ վաճառականաց, որ գիտեն իմ վիճակս. ապուշի տեղ դրին զիս եւ վարպետութեամբ հինգ ոսկիս առին. ասիկա շատ ամօթ բան է… ես ալ յանցանք ունիմ եա՛… «չեմ կրնար տալ» ըսելու էի եւ մերժելու էի… ըսի ա՛լ… մերժեցի ալ… չորսը մէկէն վրաս ինկան եւ ամչցուցին ինձի… պարահանդէսին ալ խէրն եմ անիծեր… անոնց ալ. աս չվայլեց… չէէէ. աս չեղաւ… ինձի պէս մարդ մը հինգ ոսկի տայ. հինգ ոսկի տանս մէկ ամսուայ ծախքն… ասոնց ըրածը պարզապէս թշնամութիւն է… Բայց աճապարենք հիմա հինգ ոսկի գտնել եւ փոխանակագիրը վճարել… անպատճառ վճարելու եմ այսօր… վաղուան չեմ կրնար ձգել… վարժուած չեմ ատանկ բաներու… արդէն անանկ առաջարկութիւն մ՚ընելու կարող ալ չեմ եւ պէտք չէ, որ կարող ըլլամ. մեծ ամօթ է… փոխանակագիր մ՚օրին վճարելու է…

Նահապետ աղան սենեակը կղպեց, դուրս ելաւ եւ կէս ժամէն դարձաւ։

Հինգ ոսկւոյ փոխառութիւնը յաջողցուցած էր։

Անցաւ գրասեղանին առջեւ միշտ մտազբաղ, երբեմն֊երբեմն միայն ձեռքը գրասեղանին կը զարնէր ըսելով.

Էշութիւն ըրի, աւանակութիւն ըրի, տալու չէի… չորսը մէկէն խաբեցին զիս… երթամ ետ ուզե՞մ սա հինգ ոսկիս… կու տա՞ն… կը վայլէ՞ որ ուզեմ… ետ չեն տար… ասոր աղէկը` մէյ մ՚ալ ասանկ բաներու ստակ մը չեմ տար, կը լմննայ, կ՚երթայ… տան ծախքն ալ պզտիկցնելու է քանի մ՚ամիսներ, որ հինգ ոսկւոյ կորուստը անզգալի ըլլայ… այո, սեպէ թէ գողցուցի… ալ չխորհինք ասոր վրայ… չխորհիլ ալ կ'ըլլա՞յ մի եա… հինգ ոսկի՜ է աս…

Դուռը բացուեցաւ եւ ներս մտաւ մարդը փոխանակագիր ի ձեռին։

Ստորագրեցէ՛ք… ահա երեսուն եւ չորս ոսկի։

Մարդը ստորագրեց փոխանակագիրն եւ առաւ երեսուն եւ չորս ոսկին։

Հի՜նգ ոսկի պարահանդէսի համար… հառաչեց Նահապետ աղան… ասիկայ թող դաս մ՚ըլլայ ինձի, որ ապագային չխաբուիմ… հի՜նգ ոսկի… հի՜նգ ոսկի… հինգ հատ դեղին ոսկիներ… դեղին, դեղին… կլորիկ ոսկիներ հինգ հատ… Նահապետ աղան տուաւ… պարահանդէսի համար… ես կ'ըսեմ կոր, ես կ'ամչնամ կոր… ինքնիրմէս կ'ամչնամ կոր… ուրիշ մը իմանայ նէ, կը խնդայ վրաս… ուրիշի զրուցելու չգար… ո՛ւհ, աւանակ ըսէ մէկը ինձի… կ՚ըսէ՜ եա՛… եւ իրաւունք ալ ունի… ես ի՜նչ աւանակ եմ եղեր… ի՜նչ աւանակ իշոյ եմ եղեր, որ հանեմ անասունի պէս, կովու պէս հինգ ոսկին անոնց տամ… իրաւ, Նահապետ, իշուն մեծն ես եղեր… ոսկի մը տուր… լմնցուր գործը… անոնց խօսքը ինչո՞ւ մտիկ ըրիր։

Նահապետ աղան բարկութեամբ տուն դարձաւ նոյն երեկոյ։ Կնոջը պատմեց գլուխն եկածը։ Կինն անկէ աւելի զայրացաւ։

Հինգ ոսկի տալ, պոռաց, պարահանդէսի… տղայոց քոսթիւմ կ'առնէիր այդ ստակով…

Իրաւունք ունիս, կնիկ, բան մ՚է, եղաւ։

Է, դուն իրաւացնէ ապուշ ես եղեր…

Իրաւունք ունիս։

Տղայոց քոսթիւմները ե՞րբ պիտի առնես։

Այս տարի քոսթիւմ մոսթիւմ չկայ։

Զատկին ի՞նչ պիտի հագնին հապա։

Ունեցածնին հագնին թող այս տարի։

Պատռտած հագուստներո՞վ պտտին։

Ի՞նչ ընենք։

Ինչո՞ւ պտտին անանկ։

Որովհետեւ քոսթիւմի ստակն պարահանդէսի տուինք, ծովը չնետեցինք ա վերջապէս, ազգին աղքատ տղաքներն անով պիտի կրթուին, կրթութեան գործին զարկ տուած եղանք։

Քանի մ՚օր ետք.

Այսօր միս չառիր, ի՞նչ պիտի ուտենք։

Ֆասուլեայ ուտենք քիչ մ՚ալ, որ սա հինգ ոսկին մոռնանք։

Տղաքները ֆասուլեայով կը կշտանա՞ն… անօթի կը մնան նէ։

Ի՞նչ ընենք, բան մ՚է, եղաւ…

Անօթի մնամ ուրեմն, որ քեյֆդ գայ ։

Ինչո՞ւ անօթի մնան… վաղը բալամուտ կ'առնենք քանի մը հատ։

Դուն հանէ ու հինգ ոսկի տուր, եւ հիմա տղաքներդ մերկ ու անօթի պահէ. Աստուած շնորհք տայ քեզ, մա՛րդ։ Ազգասիրութեան համար ալ ֆասուլեայ ուտելը բնաւ տեսած չունէի…

Յանցանքն իմս է, այո՛… իրաւունք ունիս դուն… ճիշտ է, ֆասուլեայ եւ բալամուտ… երեսս չբռնեց, չկրցայ չէ ըսել ու հանեցի հինգ ոսկին տուի։

Նահապետ աղան հինգ ոսկւոյ կորուստը դարմանելու համար ծխախոտի եւ օղիի յատկացուցած գումարէն զեղչելու ստիպուեցաւ հինգ ոսկին եւ տան ծախսուց մէջ փոփոխութիւն չմտցուց, որպէսզի ամէն երեկոյ վիճաբանութեան համար պատրաստ նիւթ չգտնուի տան մէջ։

***

Զաքար աղան ականջի սոսկալի ցաւ ունի, ամբողջ գիշեր կը չարչարուի սպասելով արշալոյսին, որ բժիշկի մը դիմէ։ Ականջի ցաւն, որպէս յայտնի է, շատ անգամ առաջ կու գայ անպարկեշտ խօսքեր, ստութիւններ եւ զրպարտութիւններ լսելէ։ Արեգական դուստրը` չդիմանալով Զաքար աղայի ականջին ցաւուն, կը պատահի երբեմն, որ բուն ցաւակիրն այնքան չզգար իւր ցաւն, որքան փափկասիրտ ոմն որոշեալ ժամանակէն առաջ կը հասնի, եւ Զաքար աղան լապտերը վառելով կ'երթայ զարնելու դեղարանի դռան մը, որու վրայ գրուած էր` «գիշերներն ալ բաց է»։ Չբացուիր դուռը։ Զաքար աղան վերստին կը բախէ այն սաստկութեամբ, որով կը ցաւէր ականջը։ Ոչ ոք ձայն կու տայ։ Կը տանջուի խեղճը` անկարող ոտքի վրայ կայնելու կամ նստելու, խօսելու կամ լռելու, կարագէ բախումներն` աստիճանաբար սաստկացնելով զանոնք։ Վերջապէս բարակ ձայն մը կը լսուի վերէն.

Ո՞վ է ան։

Հարցումն ընողն երեսնամեայ տիկին մը կը թուէր դէմքէն, զոր պատուհանէն ցոյց կու տար։

Ես եմ, կը պատասխանէ Զաքար աղան ճուալով։

Դուն ո՞վ ես։

Ես եմ… Զաքար աղայ, կ՚ըսէ` ցաւէն գլուխն երերելով։

Զաքար աղան ո՞վ է։

Խօսելու ժամանակ չունիմ, տիկին, ականջի ցաւ ունիմ սարսափելի։

Ականջի ցա՞ւ ունիք… առտուանց ասանկ կանուխ… ո՞վ կ՚ըսուիք դուք։

Էո՜ֆ… Զաքար աղա… տիկին, Զաքար աղա… եաւրո՛ւս… Զաքար, Զաքար… Զաքար կ'ըսեն ինձի… Նոյեմիին փեսան… Զաքար… Զաքա՜աաար։

Նոյեմին ո՞վ է… ինչ է նէ… սպասէ քիչ մը, հիմա կը բացուի։

Էֆենտիին ըսէք, որ շուտ մը վար իջնայ, կ'աղաչեմ։

Հիմա պիտի գայ, քիչ մը գործ ունի ձեռքը… սպասեցէք։

Տիկինը կը քաշուի` պատուհանը գոցելով, բայց Զաքար աղային ցաւը չքաշուիր։

Շուտ ըրէք, բացէք դուռը, կը պոռայ։

Քառորդէ մը դուռը կը բացուի։ Դեղարանի սպասաւորն կը սկսի աւլել։ Դեղագործը դեռ չերեւար։ Զաքար աղան ցաւէն հազար պատկերի կը փոխէ դէմքը` մերթ ընքուիները վեր առնելով, մերթ մէկ աչքը գոցելով, մերթ քիթը սղելով, մերթ ակռաները սխմելով, մերթ բերանը բանալով։ Կը պտտի դեղարանի մէջ` նայուածքն ուղղելով միշտ դեղարանի միջին դռան, ուսկից պիտի գար դեղագործն, որուն պիտի աղաչէր դեղ մը կաթեցնել ականջին։

Արեւը կը ծագի։ Քանի մը հիւանդներ եւս կու գան սպասելու բժշկի։ Միջին դռնէն կը մտնէ դեղագործը։

Էֆենտի, շուտ մը դեղ մը տայիք ականջիս։

Սպասեցէք, բժիշկը հիմա կու գայ։

Զաքար աղան աթոռի մը վրայ կը նստի` գլուխն ձեռաց մէջ, աշխարհ աչքին չերեւար, խօսելու կարողութիւն չունի։ Բայց կը թողո՞ւն մարդուս չխօսիլ, բռնի խօսիլ կու տան։

Կարծեմ ականջնիդ կը ցաւի, կ՚ըսէ հիւանդներէն մին։

Իբրեւ այո գլուխը կը ծռէ Զաքար աղան։

Շատո՞նց ի վեր կը ցաւի։

Իբրեւ ոչ գլուխը վեր կը վերցնէ Զաքար աղան։

Շա՞տ կը ցաւի։

Իբր շատ գլուխը կը շարժէ քանի մ՚անգամ Զաքար աղան։

Ինչէ՞ն առաջ եկաւ։

Պատասխան գլխու շարժմամբ տալն կարելի չէր. լռութիւնն քաղաքավարութեան հակառակ էր. ինչուդ պէտք մը պիտի դատապարտուէր քաղաքավարութենէ. ուստի Զաքար աղան, թէեւ ընկճուած ցաւին ներքեւ, ձեռքն ականջին վրայ կը սկսի խօսիլ.

Պէ աղբար, երէկ իրիկուն քիչ մը քրտնած էի… Վոսփորի թիւ 2 շոգենաւը մտայ…

Ներեցէք թիւ 2 շոգենաւը Հիսար կը հանդիպի՞ մի, ընդմիջեց հիւանդներէն մին։

Այո՛, կը հանդիպի։

Շատ ծանր կը քալէ ան շոգենաւն, կ՚ըսէ հիւանդներէն ոմն։

Ես ան շոգենաւը բնաւ չեմ մտներ, կը յարէ երրորդ մը։

Ես ալ մտած չունիմ, կ՚աւելցնէ չորրորդ մը։

Էյ, թիւ 2 շոգենաւը մտաք… յետո՞յ… կը հարցունէ ինչէն առաջ եկաւի հեղինակը։

Թիւ 2 շոգենաւը մտայ, Ղազարոս աղան ըսաւ, որ…

Խօսքդ մի մոռնար, Ղազարոս աղան ըսածդ սա մեր բարեկամ կօշկակա՞րն է, կը հարցնէ հիւանդներէն մին։

Այո՛։

Ի՞նչպէս եղան գործերը։

Ղազարոս աղային գործն աւրուա՞ծ էր որ… կը հարցնէ երկրորդը։

Մե՞ր Ղազարոս աղան, կը պոռայ երրորդը զարմացմամբ։

Աւրուած էր եա՛, կը պատասխանէ չորրորդը, անառակ փեսայի մ՚ինկաւ մարդը… Դերենիկին… տունն ինչ կար, չկար ծախեց։

Դերենի՞կը… սա՞ Դերենիկը… վայ անպիտան… Բարսեղին տղան… հայրը բարի մարդ էր…

Անանկ է նէ, մօրը ելեր է, կ՚ըսէ մին։

Մայրն ալ բարի կնիկ մ՚էր, էֆենտի՛մ, կը մրմռայ ուրիշ մը։

Խեղճ Ղազարոս աղա… կ՚ըսէ միւսը, ի՜նչ աղէկ կօշիկ կը կարէ, աժան եւ դիմացկուն…

Կօշիկը չկրնար ոտքի յարմարցնել, կը պատասխանէ ուրիշ մը, քանի մը խալիպներ ունի, միշտ անոնց վրայ կը ձեւէ եւ կ'ուզէ, որ բոլոր միւշտերիներուն ոտքերն իր խալիպներուն մեծութիւնն ու ձեւն ունենան։

Հիւանդաց այս խօսակցութեան միջոցին Զաքար աղան երկու ցաւ միանգամայն կը զգար. առաջինն` ականջի ցաւ, երկրորդն` ընդմիջման ցաւ։ Թո՛ղ չեն տար մարդուն, որ խօսի, ինչպէս որ քիչ մ՚առաջ թող չտուին, որ չխօսէր։ Բայց քաղաքավարութիւնը հրամայեց, որ համբերէր, եւ համբերեց, մինչեւ որ առաջին հարցման հեղինակն խօսք առնելով ըսաւ.

Բայց թողունք խալիպները եւ մտիկ ընենք Զաքար աղան։ Էյ Զաքար աղայ, ի՞նչ ըսաւ Ղազարոս աղան։

Ղազարոս աղան ըսաւ, որ, շարունակեց Զաքար աղան, շոգենաւին գլուխը նստինք, քիչ մը հով առնենք…

Խօսքդ մեղրով կը կտրեմ. քրտնած֊քրտնած շոգենաւին գլուխը կը նստուի՞ մի, աղբա՛ր, ըսաւ հիւանդներէն մին, որուն համակարծիք գտնուեցան նաեւ միւսները։

Չնստուիր ա՛։

Մեծ անխոհեմութիւն է։

Առողջապահական օրինաց տգէտ ըլլալ ըսել է։

Դուք հրաւիրած էք ձեր ցաւը։

Երկաթեայ ականջ մ՚անգամ քրտնած֊քրտնած հովին առջեւ դրուելու չէ։

Պարզապէս խենթութիւն է։

Շիտակն, յիմարութիւն է։

Զաքար աղային համբերութիւնն հատնելու վրայ է, քաղաքավարութիւնն կը լեցնէ անոր համբերութեան անօթն։ Կը սպասէ եւ յետոյ կը շարունակէ խօսքն ունկնդրաց հրաւէրին վրայ։

Քրտնած եմ, կը մսիմ, ըսի, եւ վարի սենեակն իջանք, նստեցանք…

Դարձեալ ընդմիջում։

Ապրիս… տեսա՞ր մի խելացիութիւնը։

Ներեցէք ուրեմն։

Խօսքերնիս ետ կ'առնենք։

Սանկ ըսէ… մենք կարծեցինք, որ շոգենաւին գլուխը նստեր ես։

Աղէկ որ Ղազարոս աղային խօսքը մտիկ չես ըրած. անմիտ մարդուն մէկն է Ղազարոս աղան։

Լուսահոգի եղբայրն ալ անանկ էր։

Ատոր կինն ի՞նչ եղաւ։

Կարգուեցաւ Համբարձումին տղուն հետ։

Սա Մանուկին աներձագի՞ն հետ, որ տուն մ՚ունէր…

Ան տունը չէրեցա՞ւ մի եա՛։

Շատոնց էրեցաւ, գետինը մոսիո Անթուանն առաւ։

Անթուանն ի՞նչ աղուոր աղջիկ ունի։

Շատ ալ աղուոր կը հագուի թշուառականը։

Անցեալ շաբթու ամազոն մը հագեր էր որ… ֆիտանի պէս…

Ամազոնները քանիի՞ կու տան կոր։

Խումաշը գիտէ, կէս ոսկիէն բռնէ՛ ու գնա։

Ղալաթիա Բերայէն աժան է։

Այո՛ ես զգեստներս միշտ Ղալաթիայէն կը գնեմ… սա բանթալոնս հինգ մեճիտիէի առած եմ։

Ես ալ բաճկոնս երկու մեճիտիէի առած եմ։

Բարտըսիւիս ութը մեճիտիէ տուի, բայց շատ աղէկ ապրանք է։ Թող որ ապրանքը ճանչցող բարեկամի մը հետ գնեցի։

Թող տուէք, սա մարդը լմնցնէ խօսքը… խօսեցէ՛ք, Զաքար աղայ։

Զաքար աղան որոշած էր արդէն չշարունակել խօսքը, զոր կ'ընդմիջէին, ուստի պատասխանեց.

Լմնցաւ իմ խօսքս… այսչափ էր…

Չէ, չէ… այսչափ չէր…

Քրտնած եմ, կը մսիմ, ըսիք ու «վարի սենեակն իջանք. նստեցանք», ըսիք… ի՞նչ ըրիք, նայինք, վարի սենեակը։

Ի՞նչ պատահեցաւ վարի սենեակը։

Ո՞վ կար վարի սենեակը։

Լմնցուցի, աղբարներս, լմնցուցի։

Ի՞նչ եղաւ վարի սենեակին մէջ, որ ականջիդ ցաւ մտաւ։

Պատուհա՞նը բաց էր…

Դռնէն հո՞վ կու գար կոր…

Մէկն ականջի՞դ զարկաւ։

Ինչո՞ւ չէք խօսիր, Զաքար աղայ։

Ցաւը պահողը դարման չգտներ, կ'ըսեն, մի՛ պահեր, ըսէ, թերեւս մենք ալ կրնանք քեզի դեղ մը յանձնարարել։

Բանի՞ մը բարկացաք, որ չէք ուզեր շարունակել։

Ամենեւին։

Սիրով մտիկ կ'ընէինք կոր… ինչո՞ւ կտրեցիր մէկէն ի մէկ. շարունակէ, շարունակէ, ցաւդ ալ կը մոռնաս։

Զաքար աղան վերստին առաւ խօսքին թելը։

Վարի սենեակն իջանք, նստեցանք… մեր քովի պզտիկ պատուհանը բաց էր, նոյնպէս բաց դիմացի պատուհանի…

Դարձեալ ընդմիջում։

Քուրան տէր … քուրան տէր…

Աղբար, մէկ հատը գոցէիր…

Քուրան տէրի մէջ կը նստուի՞ մի եա՛…

Տղայութիւն է։

Անմիջապէս գոցել տուի, շոգենաւէն ելայ, տուն գնացի, գիշերն սկսաւ ականջիս ցաւն, ահա այսչափ, ըսաւ եւ անուշ տեղը կապեց Զաքար աղան` ծածկել ջանալով բարկութիւնը։

Պաղեցուցած էք ձեր ականջը։

Այո, պաղեցուցած է։

Բան մը չէ, կ'անցնի։

Դեղագործն, որ դռան առջեւ կեցած էր, աւետեց, թէ բժիշկը կու գար։ Զաքար աղան պատրաստուեցաւ եւ ամէնէն առաջ ներկայացաւ բժշկին, երբ դեղարանը մտաւ սա։ Բժիշկը բարեբախտաբար քիչ ընդմիջեց իւր հիւանդին խօսքը, դեղագիր մը գրեց եւ վարձքն առաւ։

Զաքար աղան պատրաստել տուաւ դեղն եւ բարկութեամբ, զոր կը ջանար միշտ ծածկել ներկաներուն, դուրս ելաւ դեղարանէն` ինքնիրեն խօսելով.

«Աս ի՞նչ գէշ բան է թող չտալ մէկուն, որ խօսքը լմնցնէ. ամէն կողմէն դիտողութիւն մը, հարցում մը… մարդս ըսածն ալ կը մոռնայ, ըսելիքն ալ։ Զղջացայ, բարով խէրով չըսէի, որ ականջի ցաւ ունիմ. մեր գիտցածը մէկուն խօսքը մտիկ կ'ընեն, վերջն ալ իրենք կը խօսին։ Խօսողն որպէս թէ ես էի… ինձմէ աւելի խօսեցան ունկնդիրներս։ Մարդ Աստուծոյ, սպասէ, լմնցնեմ խօսքս, վերջն ալ դուն խօսէ։ Կարծես ականջիս ցաւն սաստկացաւ բարկութենէս… տէր ողորմեա… տէր ողորմեա… բերան բանալու չէի, բայց ան ալ թող չեն տար»։

Զաքար աղան բարկանալու իրաւունք պիտի չունենար, եթէ զգար, թէ ինքն ալ ունէր ուրիշի խօսքն ընդհատելու տկարութիւնը, տկարութիւն մը, որ, պզտիկ բացառութեամբ, գրեթէ ամէն հայու վրայ կ'երեւայ։ Ազգային ժողովներու մէջ, յանձնաժողովներու մէջ, ընկերութեանց մէջ, մեր ընտանեկան եւ առեւտրական կենաց մէջ ամէն օր ցոյց կու տանք այս տկարութիւնն, որ սովորութիւն դարձած է ի մեզ։ Ես ալ անհամբեր եմ, չեմ կրնար ներել մէկուն, որ խօսքը շարունակէ, յաճախ կ'ընդհատեմ անոր խօսքը, խնդրէն դուրս այլ եւ այլ հարցումներով, մինչեւ որ խեղճը կը մոռնայ ըսելիքն եւ ինձ կը հարցնէ.

Ի՞նչ պիտի ըսէի… ո՞ւր պիտի բերէի, կապէի խօսքը… ճա՛նըմ, ի՞նչ բանի վրայ էր խօսքերնիս… բան մը պիտի ըսէի, թոհաֆ տեղ մը պիտի բերէի կապէի…

Յետոյ կը սկսիմ իրեն օգնել, որպէսզի թոհաֆ տեղը գտնէ։ Չկրնար գտնել եւ կը մեկնի խոստանալով, թէ պիտի գայ զիս տեսնելու, երբ գտնէ խօսքին թելը։

Ըսել է թէ ընդմիջող մ՚եմ առաջին կարգի, բայց անանկ ընդմիջողներ կան, որոնց քով բնաւ նշանակութիւն չունիմ։ Ասոնց քով մարդս ոչ միայն խօսքին թելը կը կորսնցնէ, այլ ինքզինքն ալ։

Աստուած պահպանէ զձեզ եւ ձեր զաւակները այս տեսակ ընդմիջողներէն։

***

Հանդիպած էք անշուշտ մարդոց կամ կանանց, որ իրենց վերաբերեալ տխրառիթ կամ բերկրառիթ նոր դէպք մը մանրամասնօրէն պատմելու բնաւորութիւնն ունին, որոնց կը հանդիպին։ Իրենց բարեւ տուողին ձեռքէն կը քաշեն եւ «եկուր, քեզի հետ քիչ մը տեսնուինք» ըսելով նախ զբօսարան մը կը տանին զայն եւ յետոյ անոր գլուխը։ Շատ անգամ ալ իրենց ծանօթներուն կամ բարեկամներուն տուները կ'երթան միմիայն իրենց դէպքը պատմելու նպատակով։ Այս նկարագիրն չէ մեղադրելի, որովհետեւ մարդս, ինչպէս կ'ըսեն, կը բացուի` ուրիշի պատմելով իւր վիշտերը, որպէս նաեւ ինքզինքն երջանիկ կը զգայ` բարեկամին հաղորդելով ուրախութիւնն։ Բայց այն, որ մեղադրելի եւ քիչ մ՚ալ անբերելի է, սա է, թէ այս մարդիկ կամ կանայք, առ ի չգոյէ յիշողութեան, միեւնոյն դէպքը հազար անգամ կը պատմեն քեզ, միշտ իբրեւ առաջին անգամ։ Եւ ինչ որ ցաւալի է, ամէն անգամ այնպիսի ձեւով մը կամ այնպիսի սկզբնաւորութեամբ մը կու գան քեզի պատմելու, որ լեզուդ կը բռնուի, եւ քաղաքավարութեան հակառակ կը գտնես կտրել անոնց խօսքը անմիջապէս եւ ըսել «ինձի պատմեցիր ատիկա»։ Երբեմն ալ կարծելով, թէ ուրիշ նոր բան մը պիտի զրուցեն, թոյլ կու տայ, որ սկսին պատմել։ Սկսա՞ն անգամ մը պատմութեան, կաշիէ դէմք մը պէտք է` իրենց ըսելու համար, թէ «գիտեմ, պատմեցիք»։

Մարգրիտ հանըմն իւր աղջիկը, Թագուկ, նշանած է Մանուկ աղայի տղուն Բարթամին հետ։ Թագուկ պարկեշտ աղջիկ մ՚է, քիչ մը կարդալ, կտոր մ՚ալ գրել գիտէ։ Իբրեւ օժիտ, բացի հանդերձեղէնէ, սիւն մը տուն ունի։ Բարթամ երկաթագործ է, աշխատասէր երիտասարդ մ՚է. գինովութիւն չունի, խաղամոլութիւն չունի, ստակ չունի, տուն ալ չունի։ Իրեն ապառնի կնոջ նստած տան մէկ սեան վրայ պիտի բնակի կնոջը հետ։ Անանիա աղայ, ազգական Մարգրիտ հանըմին, միջնորդութեան դեր կատարած է այս նշանախօսութեան մէջ։

Մարգրիտ հանըմն օր մը շուկայ իջնալով` գրասենեակս կու գայ զուարթադէմ։ Հազիւ կը նստի աթոռին վրայ, ձեռքերը ծունկներուն վրայ կռթնցնելով կը ծռի եւ կ՚ըսէ.

Չիյտե՞ս, Թագուկն ալ նշանեցինք Մանուկ աղայի տղուն, Բարթամ էֆենտիին հետ։ Խսմեթը աս է եղեր։ Աղջիկս, իմին աղջիկս է տէի չեմ ըսեր, պարկեշտ աղջիկ մ՚է, քիչ մը կարդալ գիտէ, կտոր մ՚ալ կը գրէ։ Տունին մէկ սիւնն ալ իրենն է, ան ալ տանք պիտի, մեր կարողութեանը համեմատ հանդերձ ալ պիտի տանք։ Ի՞նչ ընենք։ Բարթամ էֆենտին ալ աշխատասէր տղայ մ՚է, կնիկ մը կրնայ պահել։ Գինով չէ, խաղամոլ չէ, եւ ասիկա մեծ հարստութիւն է էրիկ մարդու մը համար։ Ստակ չունի, տուն ալ չունի. թող չունենայ, աշխատութիւնն միշտ ստակ է, միշտ տուն է։ Աստուած Անանիա աղային գործերուն յաջողութիւն տայ. ան ըրաւ սա գործը. հող բռնէ, ոսկի դառնայ։ Ի՞նչ կ'ըսէք դուք։

Գոհ եմ։

Մնաք բարով։

Խահուէ մը։

Ժամանակ չունիմ։ Ուրիշ օր մը կը խմեմ։ Մնաք բարով։

Երթաք բարով։

Օր մ՚ալ Ղազարոս աղան երեսները կախած կու գայ գրասենեակս։ Բազմոցի մը վրայ կը նստի տխուր։

Բարի եկաք, Ղազարոս աղայ։

Բարի տեսանք, կը պատասխանէ հազիւ լսելի ձայնով մը։

Աղէ՞կ էք։

Աղէկութիւննիս մի՛ հարցներ, կ՚ըսէ եւ մէկ մեթրոյ երկայնութեամբ հառաչանք մը կ՚արձակէ։

Ի՞նչ ունիք։

Ի՞նչ պիտի ըլլայ. ամիս մ՚է, որ պառկած էի. այսօր ելայ, բայց քալելու ուժ չունիմ. սոսկալի թանչք մը. այնչափ արիւն գնաց, որ արիւն չմնաց վրաս։ Գործերս երեսի վրայ մնացին։ Գործելու կարողութիւն չունիմ… միւս կողմէն ծախք… ինչ ընեմ, չիյտեմ։

Բան մը չէ, կ'անցնի։

Ղազարոս աղան առած դեղերուն վրայ, բժշկին այցելութեան վրայ, կրած ցաւոց վրայ մանրապատում ճառ մը խօսելէն յետոյ կը մեկնի։

Երկու շաբաթ ետքը շոգենաւի մէջ կը հանդիպիմ Մարգրիտ հանըմին, որ տիկնոջ մը քով նստած կը խօսի։ Իրենց դէմը գնացի նստեցայ։

Ո՞ւր էք, չէք երեւար կոր, ըսաւ։

Ինչո՞ւ չերեւանք։

Քովս եկուր, քովս, քեզի ըսելիք ունիմ, շատ գոհ պիտի ըլլաս։

Նստելու տեղ չկայ քովը։

Ես տեղ կը բանամ քեզի, եկուր, հրամմէ։

Եւ կը սկսի ինձի տեղ շինելու։

Քանի մը տիկիններ եւ պարոններ ալ քիչ մը կը սղմուին կամ, աւելի բացայայտ կերպով բացատրելու համար, կը սղմուին, եւ կ'երթամ Մարգրիտ հանըմին քով նստելու՝ ներումն խնդրելով իրմէ եւ անոնցմէ, որ քովն էին, իրենց անհանգստութիւն պատճառած ըլլալուս համար։

Դուն խելացի մարդ մ՚ես, կ՚ըսէ Մարգրիտ հանըմը, շիտակ ալ զրուցող մարդ մ՚ես, սիրտդ ինչ է նէ, բերանդ ալ ան է. քուկին այս բնաւորութեանդ շատ հաւնած եմ։ Էֆենտիմ, մեր Թագուկը նշանեցինք Մանուկ աղայի տղուն, Բարթամ էֆենտիին հետ։ Խըսմեթը աս է եղեր։ Աղջիկս իմինս է տէի չեմ ըսեր, պարկեշտ աղջիկ մ՚է, քիչ մը կարդալ գիտէ, կտոր մ՚ալ կը գրէ։ Տունին մէկ սիւնն ալ իրենն է, ան ալ տանք պիտի, մեր կարողութեանը համեմատ հանդերձ ալ պիտի տանք։ Ի՞նչ ընենք, Բարթամ էֆենտին ալ աշխատասէր տղայ մ՚է, կնիկ մը կրնայ պահել։ Գինով չէ, խաղամոլ չէ, եւ ասիկա մեծ հարստութիւն է էրիկ մարդու մը համար։ Ստակ չունի, տուն ալ չունի. թող չունենայ, աշխատութիւնը միշտ ստակ է, միշտ տուն է։ Անանիա աղային գործերուն Աստուած յաջողութիւն տայ. ան ըրաւ սա գործը. հող բռնէ, ոսկի դառնայ… ձեր կարծիքն ի՞նչ է։

Շատ աղէկ ըրեր էք, շատ աղէկ։

Ի՞նչ ընենք, ամէն մարդ իր կարողութեանը համեմատ։

Գոհ եմ, շատ աղէկ ըրեր էք։

Բարթամ էֆենտին շատ երջանիկ պիտի ըլլայ։

Այո՛ այո՛։

Քիչ մ՚ալ խօսեցանք։ Շոգենաւը սուլեց։ Ելայ շոգենաւէն։

Զիս իւր քովն առնելու համար այնչափ աղաչանք ընող եւ ինձի տեղ բանալու համար թէ զինքն եւ թէ քովիններն անհանգիստ ընող կնոջ խօսքն կրնայի՞ ընդմիջել` ըսելով, թէ «անցեալները հաղորդեցիք ինձ այս ուրախալի լուրը»։ Մանաւանդ թէ կրնայի՞ ընդմիջել, երբ զիս շողոքորթող յառաջաբանով մը սկսաւ` ըսելով, թէ «խելացի մարդ մ՚ես, շիտակ զրուցող մարդ մ՚ես, սիրտդ ինչ է նէ, բերանդ ալ ան է, քուկին այս բնաւորութեանդ շատ հաւնած եմ»։ Ինձի այսչափ գովեստ կարդացող տիկնոջ մը խօսքը ի՞նչպէս կրնայի ընդհատել։

Հետեւեալ օրը Ղազարոս աղան դէմս կ՚ելնէ։

Եկուր, կ՚ըսէ, հոս քեզի խահուէ մը հրամցնեմ։

Ժամանակ չունիմ։

Ոտքդ պագնեմ, խահուէ մը։

Գործ ունիմ, սիրելիս։

Խաթերս համար։

Շատ աղէկ։

Կը մտնենք զբօսարանի մը մէջ։

Մեզի երկու հատ աղէկ խահուէ բեր։

Նոր ի՞նչ կայ, Ղազարոս աղայ։

Ի՞նչ պիտի ըլլայ, մեր գործը աստծոյ մնաց։ Քեզի չտեսայ, որ ըսէի, ան օրէ ի վեր չերեւցար, որ պատմէի… չէ նէ ըսի՞ մի քեզի… չէ, չէ… չըսի… փառք Աստուծոյ… խելքս գլուխս է տակաւին… չէ նէ ըսի՞ մի… հէ՞… չըսի, կարծեմ, չըսի։ Չըսի, էֆենտիմ չըսի, ցնդած չեմ ա՛։ Էֆենտիմ, ամիս մ՚առաջ… ամիսէ մը քիչ մ՚ալ աւելի` թանչք մ՚է կը բռնէ մեզի, անկողնոյ մէջ կը պառկեցնէ։ Արիւն մ՚է կը սկսի վարէն։ Այսօր կը դադրի վաղը կը դադրի, այսօր կը դադրի, վաղը կը դադրի ըսելով՝ վարէն պաղ ջուրեր կը զարնենք, գաղջ ջուրեր կը զարնենք, տաք ջուրեր կը զարնենք, վերէն դեղահատ կը կլլենք, փոշի կ՚ուտենք, վերջապէս վարէն դեղ, վերէն դեղ, շապ ալ դրինք, դարձեալ օգուտ մը չըրաւ։ Աղբիւր մը կտրած էր կարծես, կը վազէր ու կը վազէր։ Այսչափ արիւնհեղութիւն պարապ տեղը։ Վերջապէս արիւնս հատաւ, եւ հոսումն ալ դադրեցաւ։ Հիմա վրաս ուժ չկայ, որ քալեմ, կարողութիւն չունիմ, որ գործեմ. տունը ծախք կ'ուզէ, շուարեր մնացեր եմ։ Ահա ասանկ փորձանք մը եկաւ գլուխս… պատմա՞ծ էի ասիկա ես քեզի։

Սոյն վերջին հարցումը առաջ կու գար այն անտարբերութենէն, որով ունկնդրած էի իւր խօսքերուն։ Նա կը կարծէր, թէ պիտի յուզուէի իւր պատմութենէն, եւ երբ իւր պատմութեան ընթացքին մէջ յուզման նշան մը չտեսաւ վրաս, իրաւունք ունեցաւ քիչ մը կասկածելու իւր յիշողութեան սրութեանը վրայ։ Ուստի հարցուց` յետ աւարտման պատմութեան.

Պատմա՞ծ էի ասիկա ձեզի։

Ոչ, պատասխանեցի։

Ոչինչ պիտի շահէի, եթէ այո ըսէի, վասնզի նախ, երկրորդ անգամ մտիկ ընել տուած էր արդէն ինձի իւր արիւնահոսութեան պարագաները, երկրորդ՝ այո ըսելով պիտի հասկցնէի իրեն, թէ յիշողութիւնը շատ տկարացած է թանչքին պատճառաւ, որ մեծ տպաւորութիւն ըրած է իւր վրայ, երրորդ` ցաւ պիտի զգար` պարապ տեղը խահուէի ստակ վճարելուն վրայ. չորրորդ` պզտիկ նեղութիւն մ՚ալ պիտի զգար իմ գլուխս ցաւցուցած ըլլալուն համար։ Եւ այս ամէնը նկատողութեան առնելով պատասխանեցի.

Ոչ։

Կարծեմ քեզի տեսայ օր մը, բայց մոռցայ պատմելու, անանկ կը կարծեմ կոր… ինչ որ է, պատմեր եմ կամ չեմ պատմեր, խնդիրն անոր վրայ չէ, սա դժբախտութեան ի՞նչ կ'ըսես։

Ցաւալի բան, համբերելու է։

Գործէդ չմնաս, շնորհակալ եմ։

Մնաք բարով։

Երթաք բարով։

Տասնըմէկ օր ետքը, ուրբաթ երեկոյ մը. դէպ կը լինէր ինձ հեռուանց տեսնել Մարգրիտ հանըմը Բերայի կերպասու վաճառատան մը դռան առջեւ։ Խնդաց զիս տեսնելուն պէս եւ ձեռքով նշան ըրաւ, որ իրեն մօտենամ։ Անմիջապէս զգացի, թէ պիտի սկսէր իւր պատմութեան երրորդ հրատարակութեան։ Ո՞վ պիտի մտիկ ընէր։ Հնարք մը կը խորհէի գլխու ցաւէ մ՚ազատուելու համար։ Եւ գտայ։ Պէտքը մարդս հնարագէտ կ՚ընէ, կ'ըսեն։

Մօտեցայ իրեն եւ ձեռքը թօթուելով`

Իմացայ, իմացայ, ըսի, շատ գոհ եմ, շատ աղէկ էք ըրեր։

Ի՞նչ իմացար։

Նշանը, նշանը… Աստուած թեմամին հասցնէ։

Ուսկի՞ց իմացար։

Իմացայ։

Հոգիդ սիրես, ո՞վ ըսաւ։

Ինչո՞ւդ պէտք… շատ ուրախացայ, մնաք բարով։

Արեւուդ մեռնիմ, ո՞վ զրուցեց։

Մէկը զրուցեց… բարեւ ըրէք։

Սուտ կ'ըսես կոր։

Ինչո՞ւ սուտ ըսեմ, կեցէք բարով։

Ո՞վ պիտի ըսէ քեզի։

Ով ըսաւ նէ, ըսաւ… Բարթամ էֆենտիին ալ բարեւ ըրէք։

Շնորհակալ եմ… Չըսիր վերջապէս ըսողին անունը։

Օր մը կ'ըսեմ. մնաք բարով։

Խըյանեթ, մերաք տուիր ինձի… ո՞վ կրնայ ըսած ըլլալ… Մարիամ տուտուն ըլլալու է, կամ Ըսկուկ տուտուն… կամ Սողոմէ տուտուն… կամ Քաթիկ տուտուն… ըսողը կը ճանչնա՞մ ես։

Կը ճանչնաս, կը ճանչնաս… կեցիք բարով։

Շարունակեցի ճամբաս։

Կիւրակէ առաւօտ մ՚եկեղեցիէն ելած դէպի տուն կ'երթայի։ Ձայն մ՚ետեւէս զիս կը կանչէր։ Ետիս դարձայ։ Ղազարոս աղան էր, որ գաւազանի մը կռթնելով յամրաքայլ կու գար։

Խօսելու ժամանակ չտուի իրեն։

Իմացայ, աղբար, իմացայ… սա ի՞նչ մայասիլ է եղեր, որ այսչափ տկարացուցեր է քեզի… ինչո՞ւ դուրս կ'ելլաս կոր, քիչ մը հանգիստ ըրէ, մնաք բարով։

Տոքթո՞րը ըսաւ։

Ոչ։

Դեղագո՞րծը։

Ոչ։

Աւագերէ՞ցը։

Ոչ։

Ժամկո՞չը։

Ոչ։

Ո՞վ ըսաւ հապա։

Քեզի պէս մէկէ մը իմացայ… ինչո՞ւդ պէտք… քանի մը շաբաթ դուրս մ՚ելլեր, որ ինքզինքդ գտնաս։

Մեծ եւ արագ քայլերով հեռացայ։

Ամիսներ անցան։ Օր մը դարձեալ հանդիպեցայ տիկին Մարգրիտին։ Ուրիշ օր մ՚ալ նորէն տեսայ Ղազարոս աղան։ Ասոր ցաւակցութիւնս յայտնեցի, ադոր խնդակցութիւնս, ինքզինքս ազատեցի եւ կրցայ ազատ շունչ մ՚առնուլ` փառք տալով նախախնամութեան, որ ասանկ կարճ ու ազդու հնարք մը ներշնչեց ինձի գլխու ցաւէն փրկուելու համար։ Ուրիշ օր մը նորէն տեսայ տիկին Մարգրիտին։ Թէ այս անգամ ինչպէս վարուեցաւ հետս, յօդուածիս վերջը պիտի ըսեմ։

Թերեւս բնախօսաբար կամ հոգեբանախօսաբար արդարանան տիկին Մարգրիտն եւ Ղազարոս աղան, բայց յայտնի է, թէ իրենց արդարանալովն ինձի գլխու ցաւ չտուած չեն ըլլար. եւ գլխու ցաւն միշտ անտանելի ցաւ մ՚է, ուսկից ալ առաջ եկած ըլլայ այն, արեւէն կամ բնախօսութենէն, մարսըխէն կամ հոգեբանախօսութենէն։

Քիչ մ՚ատենէ յետէ սակայն ոմանց դէմ քիչ մ՚աւելի յանդուգն, աւելի կարճ եւ անկեղծ ճամբայ մ՚ալ գտայ` մտիկ չընելու համար, ինչ որ գիտեմ արդէն։ Երբ պատմողն այնպիսի անձ մ՚է, որմէ շահ մը չեմ ակնկալեր, պարզապէս կ'ըսեմ.

Գիտեմ այդ պատմութիւնը. եղբայր, պարապ տեղը մի՛ յոգնիր։

Եւ խեղճը կարմրելով կը հեռանայ։ Ինչո՞ւս պէտք, խղճմտանքով վարուէր թող… ինձի ալ մեղք է… քիչ մ՚ալ գթութիւն պէտք է։

Իսկ երբ խօսողն ազդեցութեան տէր կամ հարուստ ըլլայ, այն ատեն խնդիրը կը փոխուի եւ կ'երթայ մտնել մեր բարոյական ախտաբանութեան մասին մէջ շողոքորթ անուամբ, որ պիտի երեւայ Խիկարի յաջորդ թերթերուն միոյն մէջ։

Բայց երբ գտնուիմ ընկերութեան մը մէջ, եւ մէկն սկսի պատմութիւն մը, զոր գիտեմ, եւ որ երկու ժամուան մէջ հազիւ կրնայ լմննալ, փորի ցաւ կ'ունենամ եւ կը մեկնիմ։

Իսկ այն պարագային մէջ, ուր կը ներկայանայ քեզի մարդ մը, որ հակառակ քու յայտարարութեանդ, թէ պատմելիքը գիտես, կը սկսի ձեւով մը շարունակել իւր պատմութիւնը, յուսահատութիւն կու գայ վրաս եւ թոյլ կու տամ, որ պատմէ, միայն երբեմն֊երբեմն ըսելով.

Մանրամասնութիւնները անցիր։

Շատ անգամ ալ ամէն ջանք կը դնեմ, որ պատմութիւնը կարելի եղածին չափ կարճ ըլլայ։

Ահաւասիկ տիկին Մարգրիտին հետ վերջին տեսակցութիւնս, զոր յիշեցի քիչ մը վերը։

Վերջապէս չըսիր, թէ ուսկից իմացար։

Բաւական է, որ իմացայ։

Ասանկ եղաւ, ինչ ընենք, Թագուկն ալ նշանեցինք Մանուկ աղային տղուն, Բարթամ էֆենտիին հետ։

Շատ գոհ եղայ, շատ գոհ եղայ։

Իմին աղջիկս է տէի չեմ ըսեր, դուն ալ կը ճանչնաս Թագուկը…

Հարկաւ կը ճանչնամ… շատ աղէկ ըրիք… շատ աղէկ ըրիք… ուրիշ ինչ կայ, չկայ նայինք…

Բան մ՚ալ չկայ… պարկեշտ աղջիկ մ՚է… քիչ մը կարդալ գիտէ… կտոր մ՚ալ կը գրէ… մեզի պէս մարդուն աղջիկը ի՞նչ կրնայ սորվիլ։

Անցիր անոնք… ես չիյտե՞մ… դրացիդ ի՞նչ կ՚ընէ…

Ի՞նչ ընէ… մեր տունին մէկ սիւնը Թագուկին է… գիտէ՞իք ասիկա։

Գիտեմ, ճա՛նըմ, գիտեմ, մի՛ յոգնիր պարապ տեղը։ Տեսնուինք նորէն։

Տեսնուինք… ստիպողական գո՞րծ ունիք… մեր կարողութեանը համեմատ լաթ ալ պիտի տանք… չտա՞նք մի եա՛… տունին մէջ բաժին ունենալուն համար աղջիկս առանց օժիտի՞ կու տամ. Բարթամ էֆենտիին ալ մեղք է։

Կիրակի օրը տո՞ւնը պիտի ըլլաք։

Այո՛, Բարթամ էֆենտին ալ աշխատասէր մէկն է, կը ճանչնաք զինքը։

Մնաք բարով։

Հապա Անանիա աղան… հող բռնէ, ոսկի դառնայ։

Բարեւ ըրէք։

Թող չտուիր, որ պատմէի… կ'աճապարես կոր… գնա, անանկ է նէ. գնա. գործիդ արգելք չըլլամ… օր մը մեր տունը հրամմէ, խահուէ մը խմէ, քեզի մէկիկ֊մէկիկ պատմեմ, ինտոր եղաւ այս գործը…

Կու գամ, կու գամ։

Էո՜ֆ… երիցս էո՜ֆ։

Գթութիւն… գթութիւն… ո՛ տիկին Մարգրիտ… ո՞վ գիտէ քանիներ ինձի պէս չարչարեցիր ու կը չարչարես։

Ա՞ս ալ բնախօսական է… այս բնախօսութիւնը պարզապէս անկրթութիւն է։

Շուտ ընենք, վերջացնենք յօդուածը, որովհետեւ ձայն մը կը լսեմ, որ կ՚ըսէ.

Ինձի չհարցներ, չփնտռեր ա՛։

Ղազարոս աղային ձայնն է։

Գոցենք մեր գրասենեակն ու փախչինք։

***

Աբրահամ աղան անգիւտ անձ մ՚է խաղի մէջ. որչափ ալ կորսնցնէ, չբարկանար. պաղ արեամբ կը շարունակէ խաղն` առանց կծու ակնարկութիւններ ընելու իւր խաղակցին։ Աբրահամ աղային հակապատկերն է Տիմոթէոս աղան, որ սաստիկ կը բարկանայ, երբ բախտը իրեն չժպտի խաղի մէջ։

Աբրահամ աղան չէր ճանչնար Տիմոթէոս աղան, ոչ ալ Տիմոթէոս աղան կը ճանչնար Աբրահամ աղան, երբ օր մը զբօսարանի մէջ իրարու հանդիպեցան, եւ Տիմոթէոս աղան հրաւիրեց Աբրահամ աղան պեզիք խաղալու։

Աբրահամ աղա՛յ, եկո՛ւր, քեզի հետ բարթի մի պեզիք խաղանք։

Այսօր ժամանակ չունիմ։

Կ'աղաչեմ, բարթի մը խաղանք, ժամանակ կ'անցունենք։

Շնորհակալ եմ, թող մնայ այսօր։

Խաղանք, խաղանք… սա թուղթերը բեր, ծօ ։

Գործ ունիմ, չեմ կրնար խաղալ։

Շուտ մը կը լմննայ… շուտ ըրէ՛, ծո՛… աղէկ թուղթերէն բե՛ր։

Աբրահամ աղան չկրնար դիմադրել։

Մէյ֊մէկ խահուէի խաղանք, Աբրահամ աղա՛յ։

Շատ աղէկ։

Կտրէ՛, նայինք… դուն պիտի տաս… տուր, նայինք… խաղի մէջ ես բախտ չունիմ ամա, փորձենք…

Կը սկսին խաղալ։ Տիմոթէոս աղան անանկ շարժումներ եւ ձեւեր կ՚ընէ, որ բարկութիւն կը յայտնեն. երբեմն քթին տակէն կը մրմռայ եւ ծուռ֊ծուռ կը նայի Աբրահամ աղային, որ կը վաստկի խաղը։

Դուք վաստկեցաք… լաւ … տուր, նայինք։

Առէ՛ք։

Աս ինչ անճոռնի թուղթեր տուեր ես, աղբար, կարծես զատեր, զատեր, գէշ թուղթերը տուեր ես։

Դուք կտրեցիք։

Չեմ ըսեր, թէ ես չկտրեցի… խաղացէ՛ք։

Վերուցէ՛ք։

Աս ի՜նչ գէշ թուղթ կը քաշեմ կոր, աղբա՛ր։

Բիքա քոզ… քառասուն։

Աղէկ թուղթերը դուն ես առեր։

Չորս ասո… հարիւր…

Գիտեմ իմ բախտս։

Բիքա տամա, քառո ֆանթի… յիսուն։

Ասչա՜փ աղէկ թուղթ քաշել… առաջին անգամն է, որ կը տեսնամ կոր։

Երկու հարիւր յիսուն…

Վայ, շունշանորդի թո՛ւղթ, վայ…

Երկու հարիւր յիսուն…

Ո՞րչափ գրեցիր, աղբա՛ր… եօթը հարիւրի մօտեցեր ես… դեռ նոր սկսանք խաղալ, կ'աղաչեմ, ուշադրութիւն ըրէ…

Քու առջեւդ կը գրեմ կոր, եղբա՛յր… չորս ասո… հարիւր…

Վայ, թշուառական թո՛ւղթ, վայ… քսան, հելէ քսան մի բացինք… օրհնեալ է Աստուած։

Երկու հարիւր յիսուն։

Պէ աղբա՛ր, քիչ մը կամաց խաղա՛, որ ես ալ տեսնամ, ինչ է ան, զըւըր զըւըր երկու հարիւր յիսուն կ'ըսես, կը բանաս… Ինչո՞ւ համար երկու հարիւր յիսուն կ'ըլլայ կոր եղեր… ի՞նչ ըսել է… զաթը իմին թուղթս գէշ կու գայ կոր…

Հինգ հարիւր…

Տիմոթէոս աղան ձեռքի թուղթերը սեղանին վրայ կը նետէ եւ Աբրահամ աղային դառնալով`

Քեզի կամաց խաղա ըսինք, աղբար, մախսուս զիս բարկացնելու համար կ'ընես կոր… ես քեզի ընեմ նէ, յօշըդ կու գա՞յ։

Ի՞նչ կ'ընեմ կոր, աղբա՛ր…

Տահա ի՞նչ պիտի ընես, աղբա՛ր… ինչէ՞ն հինգ հարիւր կը բանաս կոր եղեր։

Ճանըմ, առաջ աղջիկ մը եւ պաճախ մը չունէի՞…

Ունէիր մի, չունէիր մի, ես ի՞նչ գիտնամ, աղբա՛ր… մարդուս գլուխը խելք կը ձգե՞ս կոր մի եա՛… իմ խաղի՞ս մի նայիմ, քուկինի՞դ մի նայիմ… աճելէով, հիյեթով խաղալ մը ունիս, կարծես քի բանակի մը գլուխ անցեր ես ու մեծ յաղթանակ կը տանիս…

Վերջէն պաճախ մը քաշեցի…

Ե՞րբ քաշեցիր, անանկ աճելէ կը խաղաս որ…

Վերջն ալ աղջիկ մ՚առի…

Ես չտեսայ… ինչ է նէ, աղբա՛ր, գրէ՛, ուզածիդ չափ նշանակէ՛… շատ աղէկ, աղբա՛ր… թուղթ ա՛ռ…

Աբրահամ աղան կը նեղուի եւ շուրջը գտնուողներուն կը նայի, որք շրթունք կը խածեն հասկցնելու համար իրեն, որ համբերէ։

Չխաղա՞ս, կը պոռայ Տիմոթէոս աղան, չխաղա՞ս… ինչո՞ւ ծանր կը խաղաս կոր։

Հազար, կ՚ըսէ Աբրահամ աղան։

Հազա՞ր, հազա՞ր… մութլախ աս թուղթին մէջ բան մը կայ… դուն թուղթերը կը ճանչնաս կոր, կ՚ըսէ Տիմոթէոս աղան եւ թուղթերը ուժով կը նետէ դէպի Աբրահամ աղան։

Ե՞ս կը ճանչնամ կոր թուղթերը…

Չեմ հասկնար, աղբա՛ր… չեմ նայիր կոր տէի, ուզածիդ չափ ալ գրեր ես…

Աւելի՞ գրեր եմ…

Ի՞նչ ըսեմ։

Ծօ՛, սա թուղթերը ժողվէ՛ ու բե՛ր… գրէ՛ պէ, ատամ, գրէ…

Խնայէ, ատա՛մ, խօսք մի՛ ըներ։

Գրէ պէ, ատա՛մ, գրէ՛, ըսինք ա՛…

Գրեմ, բայց…

( Ոտք ելնելով, պոռալով ) Գրէ՛ ըսինք, աղբա՛ր, գրէ՛ ըսինք… խօսքը չեն երկնցներ…

Անանկ մէկ շեշտով կ'ըսես կոր, որ…

(Աւելի պոռալով) Գէշ խօսք մը չըսինք ա՛, գրէ՛ ըսինք։

Ըսիք, բայց…

( Աթոռին վրայ ելնելով ) Գրէ՛, պապա՛մ, գրէ՛…

Չեմ ըսեր, թէ չըսիք… բայց չէր վայլէր, որ…

Գէշ խօսք մը ըսի՞նք, աղանե՛ր, դուք ըսէ՛ք… գրէ՛ ըսինք… ուզածիդ չափ գրէ՛ ըսինք… խօսքն այսչափ չեն երկնցներ… Աբրահամ աղա՛յ, Աբրահամ աղա՛յ, թէ որ դուն իմ տեղս ըլլայիր, ինչե՜ր չէիր ըներ արդեօք… զբօսարանը տակնուվրայ կը բերէիր… բայց ես չեմ բարկանար ձեզի պէս…

Աւելի՞ գրեցի։

Գրէ՛ ըսինք, այո՛լ։

Ինչո՞ւ ըսես, եղբայր։

( Զբօսարանի դռան առջեւ պոռալով ) Այս մարդը խօսք չհասկնար պէ… գրէ՛, ըսինք, այոլ, քուկին ձեռքէդ բռնող եղա՞ւ, մի՛ գրեր ըսող եղա՞ւ, ինչո՞ւ կ'երկնցնես խօսքը… Աբրահամ աղային խահուէ մ՚եփէ՛, ծո՛… վաստկեցար բարթին… խմէ՛ խահուէդ… անուշ ըլլա՛յ… շատ աղէկ կը խաղաք կոր… ես չիյտեմ կոր խաղալ… ի՞նչ ըսեմ տահա՛…

Մի՛ եփեր, ծո՛… փարթին չլմնցաւ տահա։

Չլմնցա՞ւ մի։

Եկուր, Տիմոթէոս աղայ, սա բարթին լմնցուր, կ'ըսեն ներկայ գտնուողները։

Պոշ բան է, աղբար, գիտեմ կոր` պիտի կորսնցնեմ… բայց ինչ է նէ, խաղանք. մեզի ուրիշ թուղթ բե՛ր, ծո՛…

Թուղթերը կը փոխուին։ Կը սկսին խաղալ։

Կ'աղաչեմ, որ կամաց կամաց խաղաս, Աբրահամ աղայ։

Շատ աղէկ։

Կտրէ՛։

Կտրեցի։

Հրամմեցէ՛ ք… խաղացէ՛ք։

Առէք։

Սա պոշ թուղթերը տանք, նայինք։

Հրամմեցէ՛ք։

Նայինք` այս անգամ ինչ քոզ պիտի բացուի։

Դեռ յայտնի չէ։

Կարծես, միշտ միեւնոյն թուղթերն են։

Քառո քոզ… քառասուն…

Կենէ սկսաւ։

Ութսուն…

Անգամ մը սկսի նէ, վերջը չբերեր որ…

Ինձի ալ, կարծես, քի ինատընա աղէկ թուղթ կու գայ կոր…

Ատանկ է, մէկ կողմին գէշ գայ նէ, միւս կողմին աղէկ կու գայ։

Հարիւր…

( Ձեռքերը բանալով ) Այս ո՜րչափ թուղթ, աղբար… այսչափ թուղթով մամիկս ալ կը խաղայ իմին…

Երկու հարիւր յիսուն… զարմանալի է այս թուղթը…

Ատանկ է… աճեմիին աղէկ թուղթ կու գայ կ'ըսեն, այն թուղթը ինձի գայ նէ, քսան չես կրնար գրել դուն։

Ճիշտ է…

Տիմոթէոս աղայ, սա թուղթը նետէ՛, կ՚ըսէ Տիմոթէոս աղային քովը նստողներէն մին։

( Թուղթերը նետելով եւ պոռալով ) Մի՛ խառնուիք, աղբար, մի՛ խառնուիք պէ, մի՛ խառնուիք պէ… զաթը ինձի գէշ կու գայ կոր, դուրսէն մի՛ ըսէք… մի՛ ըսէք պէ… մի՛ ըսէք պէ… մի՛ խառնուիք պէ… քանի՞ անգամ կ'ըսեն մէկ խօսքը, աղբա՛ր… մի՛ խառնուիք պէ… էո՛ֆ… ասոր համար է, որ բազմութեան մէջ խաղալ չեմ ուզեր ա՛։

Երկու հարիւր յիսուն…

Ի՞նչ երկու հարիւր յիսուն պէ, դուն ալ… թուղթը ես պիտի քաշէի…

Ես պիտի քաշէի…

Ի՞նչ շուտ երկու հարիւր ըրիր…

Յիսուն…

Խաղէն խապար չունիս, ամա աղօթք ըրէ՛, որ թուղթ կու գայ կոր։ Ինչո՞ւ համար առաջ յիսունը չբացիր, որ վերջէն ալ հինգ հարիւր ըսէիր… չիյտես կոր ամա… թուղթը կ՚օգնէ կոր…

Հինգ հարիւր…

Հինգ հարի՞ւր մի… ելէք քովէս քիչ մը, ճանըմ… քիթս կը մտնէք կոր նէ… ձեռքս չեմ կրնար կոր երկնցնել, որ թուղթ նետեմ. հեռացէ՛ք քիչ մը… անդին գացէ՛ք… էո՛ֆ… ի՞նչ հինգ հարիւր է, աղբա՛ր… հինգ հարիւրը ուսկի՞ց հանեցիր… քանի՞ աղջիկ ելաւ… քանի՞ պաճախ ելաւ… այս խաղին խելքս չպառկիր կոր, վէս ելա՜մ…

Երկու հարիւր յիսուն…

Վաթսուն մ՚ալ բանանք, նայինք…

Հարիւր…

Քսան ալ մէկ բանանք… ոհ, ոհ, ոհ… ասանկ չնչին թուանշաններով… աղբար, եկուր սա տեղերնիս փոխենք։

Փոխենք…

Թուղթ ա՛ռ…

Առէ՛ք… երկու հարիւր յիսուն…

Դեւ կայ այս թուղթերուն մէջ…

Հազար…

( Կից մը տալով սեղանին ) Վա՛զ անցիր, Աստուածդ սիրես նէ… ասանկ խայտառակութեամբ խաղ չխաղացուիր… աղբա՛ր, թուղթը ո՞վ տուաւ։

Դուն տուիր։

Անանկ է նէ թուղթը դուն պիտի նետէիր…

Ես նետեցի եա՞։

Ոչ, ես նետեցի։

Սխալ է։

Ես նետեցի։

Ո՛չ։

Այո՛։

Ո՛չ։ Ո՞վ նետեց, աղանե՛ր, դուք ըսէ՛ք։

Իրաւ որ մոռցանք։

Դուն նետեցիր, աղբա՛ր, իրաւունք ունիս, յանցանքն իմս է… իմս է, որ չգիտցած, չտեսած մարդուս հետ թուղթ կը խաղամ կոր…

Ինչո՞ւ ծանր խօսքեր…

Ի՞նչ ծանր խօսք, աղբա՛ր… յանցանքն իմս է, կ'ըսեմ կոր… ա՞ս ալ ծանր խօսք է։ Ես այս խաղը խաղալուն կերպը չեմ գիտեր կոր, լմնցաւ… վայ, շունշանորդի թուղթ, վայ, վայ, անիծից արմատ թուղթ, վայ, այսչափ ալ ձախորդութի՞ւն… կարծես կը հալածէ կոր զիս, աղբա՛ր… գետնին տակն անցնիմ, թէ որ մէյ մ՚ալ այս պեզիքը խաղամ նէ… աղբա՛ր, ես խաղի մէջ բնաւ չեմ բարկանար… բայց անանկ պարագաներ կան, որ մարդս ինքնիրմէ կ'ելլայ։

Շատ իրաւունք ունի Տիմոթէոս աղան, ըսաւ ներկաներէն մին, ինձի ալ գէշ թուղթ մ՚եկաւ օր մը, մազ մնաց, որ կռիւ պիտի ընէի…

Եթէ այս թուղթն ուրիշի մը գար, մեծ փոթորիկ մը կ'ելլէր այսօր հոս, յարեց ուրիշ մը։

Շատ քիպարութեամբ վարուեցաւ Տիմոթէոս աղան շիտակը, մրմռաց երրորդ մը։

Եթէ Տիմոթէոս աղային տեղ ուրիշ մ՚ըլլար, Աբրահամ աղան շատուց ծեծը կերած էր։

Շիտակը ես չեմ բարկանար, երբ կորսնցնեմ, պատասխանեց Աբրահամ աղան։

Հրամանքնի՞դ չէք բարկանար, հարցուց Տիմոթէոս աղան։

Այո՛։

Ետեւէ ետեւ երկու հարիւր յիսուն բանամ, հինգ հարիւրներ բանամ… հազար բանամ, ու չես բարկանար հէ՞… ճանըմ, ձգենք հիմա պարապ խօսքերը… բարթին լմնցա՞ւ։

Չէ՛ տակաւին։

Լմնցնենք ուրեմն… նորէն թուղթ տանք… դուն տո՛ւր… ոչ, ոչ… ինձի տո՛ւր, ես տամ… չէ, չէ… դուն տուր… հէ՞է… կեցի՛ր աս անգամ ես տամ… տո՛ւր, աղբա՛ր, տո՛ւր, դուն տո՛ւր… ի՞նչ կ՚ըսես…

Որոշումդ տո՛ւր։

Դուն տո՛ւր, ի՞նչ տամ, աղբա՛ր։

Որոշո՞ւմ, թէ թուղթ։

Տո՛ւր, թուղթը տո՛ւր։

Կտրէ՛։

Կտրեցի։

Առէ՛ք… կ'աղաչեմ միայն, որ չբարկանաք…

Չբարկանա՞մ… բարկացող կա՞յ։

Չիյտեմ… եւ եթէ պիտի բարկանաք, չխաղանք…

Մի խաղա՛ր, աղբա՛ր, մի խաղա՛ր, զաթը դուք ասանկ էք, երկու երեք քարթի կը խաղաք, կը վաստկիք, յետոյ կը փախչիք։ Ո՞վ բարկացաւ… ըսենք, թէ բարկացայ, ի՞նչ իրաւունք ունիս բռնանալու իմ վրայ, որ չբարկանամ. դուն իմ բարկութեանս քե՞յֆն ես… գնա սըկեց… զաթը քեզի պէս մարդու հետ խաղալը չվայլեր ինձի։ Անպիտա՛ն։

Աբրահամ աղան կը մտաբերէ Տիմոթէոս աղային ականջներէն քաշել, բայց քաղաքավարութիւնը կը կապէ անոր ձեռքերը եւ թոյլ չըներ, որ գործեն։ Ի՞նչ պէտք ունիմ, կը հարցնէ ինքնիրեն, նեղուելու նոյնիսկ այն բանին մէջ, որ զուարճացնելու սահմանուած է։ Ինչու այսչափ համբերեմ։

Ամէն յաղթող, ինչ բնաւորութեան տէր ալ ըլլայ, առաւել կամ նուազ աչք կը գոցէ պարտելոյն թերութեանց, եւ այս խաղին մէջ Աբրահամ աղան իւր համբերութեամբ միշտ victis հօnos ըսաւ Տիմոթէոս աղային։

Բայց Տիմոթէոս աղան չլռեր.

Տեսա՞ք, եղբայրնե՛րս, ի՞նչ գէշ թուղթ եկաւ, ես զարմացայ, թէ ինչպէս համբերեցի… ինձմէ չէր այդ համբերութիւնը… եթէ Աստուած նոյն պահուն համբերութիւն չներշնչէր ինձի… չէի կրնար դիմանալ… որչափ աղէկ կը խաղամ, այնչափ գէշ թուղթ կու գայ… կարծես թուղթերը վրէժ կը լուծեն ինձմէ… եւ երբ այս վիճակին մէջ Աբրահամ աղան «պիտի բարկանաս նէ, չեմ խաղար» կ՚ըսէ, իւր պայաղիութիւնը կը յայտնէ։

Ներեցէ՛ք, կարծեմ թէ պայաղի չեմ։

Ես քեզի պայաղի չըսի, պայաղիութիւնդ կը յայտնես ըսի։

Ներկայք կ՚ակնարկեն Աբրահամ աղային, որ ձայն չհանէ։

Մարդս քաղաքավարութիւնը ձեռքէ ձգելու չէ. եթէ դուն քիչ մը քաղաքավարութիւն կամ խիղճ ունենայիր, այնչափ երկու հարիւր յիսուն չէիր բանար… արժէքը խահուէ մ՚է, ամա մարդկութիւնը բարայի վրայ չէ… ինչ որ է… աս ալ խրատ մ՚ըլլայ ինձի… զաթը ձեզի պէս մարդոց բարեւ տալը յանցանք է։

Տիմոթէոս աղան այս ատենախօսութենէ ետքը, զոր զբօսարանի մէջ պտտելով կ'ընէր, դուրս կ՚ելնէ` նախատալի նայուածք մը նետելով Աբրահամ աղային։

Ի՞նչ տեսակ մարդ է այս, կ՚ըսէ Աբրահամ աղան ներկայից։

Ի՞նչպէս եղաւ, որ անոր հետ խաղացիր, պատասխանեց մէկը, մենք անոր բնաւորութիւնը գիտենք եւ բնաւ չենք խաղար հետը, շատ անկիրթ մարդ է։

Չըլլայ, որ ուրիշ անգամ խաղաս, ըսաւ ուրիշ մը։

Վերջապէս ներկայք հետզհետէ խօսք առին` հասկցնելու համար Աբրահամ աղային, որ այսչափով գոհ ըլլայ։

Բայց քիչ մը թողունք ասոնք եւ Տիմոթէոս աղային տանը դռան առջեւ երթանք ու մտիկ ընենք։

Ի՞նչ է աս վիճակը… տունին մէջ ոչ կարգ կայ, ոչ կանոն, ամանները չեն լուացուած, սենեակները չեն աւլուած, աս լամպան ի՞նչ գործ ունի հոս, բապուճներն ի՞նչ գործ ունին հոն, վարագուրը պատռած է, չէք կարեր, չոճուխին վարտիքները ինչո՞ւ հոս կախած էք, ինչո՞ւ համար պարապ տեղը կրակ կը վառէք կոր…

Ինչո՞ւ կը պոռաս կոր, ճանը՛մ, ի՞նչ եղար կենէ, պեզի՞ք խաղացիր դարձեալ, ի՞նչ ըրիր։

Բան մ՚ալ չխաղացի, պեզիք մ՚է, առեր, անցեր էք… մե՞ղք է ուզել, որ ամէն բան կանոնաւոր ըլլայ։

Ի՞նչ կայ անկանոն… չոճուխին վարտիքները քոնսոլի վրա՞յ դնենք։

Չիյտեմ… վերեմ պիտի ըլլամ ձեր ձեռքէն։

Տիմոթէոս աղա՛յ, Տիմոթէոս աղա՛յ, աս քաշուելու բան չէ։

Պապանձէ։

Հայրի՛կ, հայրիկ…

Լռէ՛, շո՛ւն…

Տղան կը սկսի լալ։

Լռէ՛, հիմա ականջներդ կը փրցնեմ հա՛։

Կինը կօշիկները կը հագնի եւ դուրս կ՚ելնէ։ Հետեւենք իրեն։

Շիտակ զբօսարանը կ'երթայ, ներս կը մտնէ եւ զբօսարանին տիրոջը ցած ձայնով հարցում մ՚ընելէն եւ անկից մեծ դժուարութեամբ պատասխան մը կորզելէն ետքը` կ'ուղղուի Աբրահամ աղային…

Խոսխոճաման մարդ ես եղեր… փրասայի պէս պեխեր ունիս, չե՞ս ամչնար դուն, չխպնա՛ծ, չե՞ս խպնիր, չամչցա՛ծ, չիյտե՞ս, որ իմ էրիկս կը բարկանայ, երբ որ կորսնցնէ խաղին մէջ եւ խելքն ալ կը կորսնցնէ, չխպնա՛ծ քեզի, իրաւունք չունի՞մ հիմա քու պեխերդ փրցնելու, պատասխան տո՛ւր։

Աբրահամ աղան արձան կը կտրի։

Սըւոր նայէ՛ մէյ մը… կարծես թէ ուրիշին կը խօսիմ, չպատասխանե՞ս, իշու չափ եղեր ես եւ խելքդ չե՞ս ըներ կոր, որ…

Սխալեցաւ, տիկի՛ն, սխալեցաւ, մէյ մ՚ա՛լ չըներ, կ՚ըսէ զբօսարանի տէրը։

Եթէ անգամ մ՚ալ իմանամ, որ հետը թուղթ խաղացեր ես, իրաւ, միսերդ կտոր֊կտոր կը փրցնեմ։

Մէյ մ՚ալ չըներ, չըներ. Աբրահամ աղա՛յ, բարտոն ըսէ՛ տիկինին։

Բարտո՛ն, տիկի՛ն, բարտո՛ն։

Այո՛լ, գիտէք կոր, քի կը բարկանայ, տունը տակնուվրայ կ՚ընէ նէ, քիչ մը սայղը ըրէ՛ք, մեղքցէ՛ք ինձի, ալ մեղք է, քա վա՛յ պանա։

Գնա՛, տիկի՛ն, գնա՛, հոգ մի՛ ըներ։

Աբրահամ աղան բերանը չբանար որովհետեւ մարդիկ կան, որ երբ բարկանան, չեն կրնար խօսիլ քիչ մ՚ալ կը նստի եւ յետոյ կը մեկնի, սակայն ուխտ կ՚ընէ, որ մէյ մ՚ալ մէկու մը հետ չխաղայ, մինչեւ որ թաղին թաղական խորհրդէն տրուած վկայագիր մը չներկայացուի իրեն։

"Քաղաքավարութեան վնասները" ստեղծագործության մյուս մասերը

Յատուկ Երաժշտություն
Շուշիկի
Կոմիտաս

Շուշիկի

Կոշիկները
Կոշիկները
Խաղա առցանց