Հակոբ Պարոնյան

Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Գ, Դ, Ե

Գ.
ՔԱՍԸՄ ԲԱՇԱ

Երկաթեայ դիմակ մը պէտք է մարդուս այս թաղը պտըտելու համար։ Փողոց մը մտա՞ր, նոյն փողոցին մէջ բնակող կիներն ու աղջիկներն պատուհաններու առջեւ կը վազեն եւ քու գալդ տեսնելով՝ իրարու հետ խօսիլ կը սկսին.

Տիկի՛ն, սա դիմացէն եկողը կը ճանչնա՞ս ։

Չեմ ճանչնար, բնաւ տեսած չունիմ ։

Այս փողոցին մէջ մէ՞կը կը փնտռէ արդեօք ։

Ո՞վ գիտէ ։

Վայելուչ երիտասարդ մ ՚ է ։

Ի՜նչ աղուոր մազեր ունի ։

Ասոր մազերուն աղուորութիւնն ալ ո՞ւր է, սատանայ կնմանի ։

Ապուշ ֊ ապուշ նայուածք մ ՚ ալ ունի …

Ասկից զատ օձիքին վրայ ալ երկու մատ եղ կայ, շոգենաւի մէջ մեքենագո՞րծ է, ինչ է ։

Ոտքդ պագնեմ, ատ ի՞նչ մեծ ոտք ունի ։

Կամա՛ց խօսէ, քա, կմօտենայ կոր ։

Թո՛ղ մօտենայ ։

Աչքերն ալ պատուհաններուն վրայ է ։

Աս ի՞նչ անշնորհք մարդ է ։

Նոյն փողոցէն ելա՞ր, խնդիրը կսաստկանայ. իգական սեռն անպատճառ եւ անպատճառ կ ՚ ուզէ գիտնալ, թէ ո՛վ ես դուն, թէ մազերդ ինչո՛ւ աղուոր չեն եւ թէ օձիքիդ վրայ ինչո՛ւ երկու մատ եղ ես դրած, եւ մինչեւ որ ասոնք չհասկնայ՝ քունը չտանիր ։

Բայց թողունք իգական սեռն պատուհաններու առջեւ եւ մենք մեր գործին նայինք։

Ինչպէս որ առանց փուշի վարդ չըլլար, այնպէս ալ առանց կոյանոցի Քասըմ բաշա չըլլար, եւ եթէ վարդը սիրողն անոր փուշն ալ սիրելու է՝ Քասըմ բաշա նստողն ինչո՞ւ անոր կոյանոցն չյարգէ, մանաւանդ որ սոյն կոյանոցն եթէ Փարիզ փոխադրուէր՝ տարին մէկ միլիոն ֆրանգ հասոյթ կբերէր … ։ Շահու անսպառ աղբիւր մ ՚ է այս կոյանոցն Եւրոպայի մէջ, բայց Թուրքիոյ մէջ ինչպէս տաղանդն ու հանճարն՝ նոյնպէս այս կոյանոցն քաջալերութիւն չգտներ եւ շատ անգամ հալածման ենթակայ է … թող զրուցեն թէ Թուրքիոյ մէջ շահու աղբիւրները ցամքած են …

Եկուր սա նեղ փողոցէն վեր ելնենք եւ Հայոց թաղը մտնենք, որ Եէնի չէշմէ կկոչուի ճիշտ այն գիրքերուն պէս, որոնք հարիւր յիսուն տարի առաջ տպուած են եւ Նոր տպագրութիւն կկրեն իրենց երեսը ։

Սոյն թաղին մէջ ութսունըհինգ հայ ընտանիք կայ, որ չորս հարիւր յիսուն հոգի կպարունակէ։ Ասոնց մէջ բնաւ բարեպաշտ չգտնուիր, վասնզի երբ եկեղեցի երթաս՝ ուրիշ մարդ չես գտներ հոն, բայց միայն Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետն։ Այս Հայրապետն երեսը միշտ ծամածռած է. կ ՚ երեւի որ շատ բարկացած է թաղեցւոյն, որ իւր քրիստոնէական պարտաւորութիւնները չճանաչեր։ Ոմանք կ ՚ ըսեն թէ թաղեցին տեղւոյն տէմիր պաշ քահանային հետ աղէկ չըլլալով՝ ուխտ ըրած է եկեղեցին ոտք չկոխել. տէմիր պաշ քահանայն ալ ուխտ ըրած է եկեղեցիէն դուրս ոտք չկոխել. սակայն զարմանալի է, որ մեր ազգայինները երբ գինեպանի մը բարկանան՝ բնաւ ուխտ չեն ըներ գինետունը ոտք չկոխելու … ։

Եկեղեցւոյն դէմը դպրոց մը կայ Ս. Մեսրոպեան վարժարան անուամբ։ Սբ. Մեսրոպը հոն բաւական կտանջուի, առաւօտէ մինչեւ երեկոյ աշակերտներու արօրօդ կկերցունէ, անոնց քալել կսորվեցունէ, անոնց վարտիքը կքակէ եւ կկապէ։ Խե՜ղճ Ս. Մեսրոպ, եթէ տան մը մէջ սպասուհի երթար՝ չորս հարիւր դահեկան ամսական կ ՚ առնէր … Մայրերն զաւակ բերելնուն պէս՝ Ս. Մեսրոպին կյանձնեն զանոնք որ դաստիարակուին։ Թաղականները առաջին տարին ճիգ մը ըրին եւ դպրոցը քիչ շատ բարեկարգեցին. այս տարի հոգնութիւն կ ՚ առնեն՝ որպէսզի գալ տարի նորէն սկսին գործելու ։

Հոս կբնակի Պ. Խ. Սարաճ, որ իւր թաղակիցներուն ուսման փափագ ներշնչելու համար յօդուածներ կհրատարակէ Հայրենիք ի մէջ եւ որոնց վերնագիր ընտրած է Դպրոց եւ ազատութիւն ը. կ՚երեւի որ թաղեցին նախապատիւ կսեպէ այն գրութիւններն, որոնք իրենց գլուխ ունին Բագոս ը։ Այս երիտասարդն եկեղեցւոյ քով հիմնած է թանգարան մը, ուր երբեմն կմտնէ եւ փոշիները թոթ ուելով դուրս կելնէ անկէ այն յուսով, որ թաղին տղայները կարդալ սորվին եւ օր մը գան կարդան հոն։ Թող Պ. Սարաճ այս յուսով ինքզինքը խաբէ ։

Թաղիս փողոցները այնչափ նեղ են, որ մարդս անցած ժամանակը կկարծէ թէ քօրսէ հագած է, շունչ առնելու համար նեղութիւն կզգայ ։

Տուներն այնչափ սիրով գրկած են զիրար, որ ո՛չ արեւն եւ ո՛չ անձրեւը կարող են իրենց ազդեցութիւնը ներգործել փողոցէն անցնողներուն վրայ ։

Թաղային կռիւները պակաս չեն, եւ ամենամեծ քաջութիւն կսեպուի հոս կռիւ հանելէն ետքը կանոնաւոր կերպով յետ քաշուիլը ։

Երբ օտարէն յարձակում մը տեղի ունենայ՝ այրերը յետ կքաշուին եւ ասպարէզը կմնայ գեղեցիկ սեռին, որ գրեթէ ամեն կռիւներու մէջ յաղթանակը կտանի ։

Զբօսանքի տեղ չկայ. թաղէն քիչ մը հեռու կայ Օգ մէյտանի ի դաշտը, ուր Սէրը միշտ կպտըտի հոն յաճախողներուն մէջ տեղը ։

Փողոցներէն ճանճ մ ՚ անգամ չանցնիր, վասնզի ան ալ գիտէ, որ բամբասանքի պիտի ենթարկուի ։

Գեղեցիկ սեռը աշխատասէր է, կար կկարէ, գիշերներն անքուն մնալով կաշխատի եւ աղուոր հագուիլ կսիրէ, բայց հագուստը վայլեցնելու մէջ միշտ երջանիկ չէ ։

Հոս շատերը մարդուս մօրուքին կխնդան, վասնզի այրերուն մեծ մասը սափրիչ են. մաս մ ՚ ալ կայ որ միշտ տխրադէմ է, վասն զի դարբին է եւ երկաթի հետ կաշխատի մինչեւ երեկոյ եւ փափուկ խնդիրներու մէջ մտնել չուզեր։ Երկու մասն ալ աշխատասէր եւ գործունեայ են՝ երբ ածելիի եւ կռանի վրայ է խնդիրը, իսկ երբ իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան վրայ խօսք բացուի՝ այն ատեն անդամալոյծ կկտրին եւ պրոպատիկեայ աւազանին մէջ նետուելու փափաք ալ չեն զգար ։

Քասըմ բաշայի օդը շատ աղէկ է բժիշկներու համար. քանի անգամ որ քօլերա եղած է մայրաքաղաքիս մէջ՝ Քասըմ բաշայի մէջ ծնունդ առած է եւ ուրիշ թաղի մէջ մեռած է։ Շատ աղքատ բժիշկներ այս թաղին օդին շնորհիւ մեծ հարստութիւններ դիզած են ։

Այս թաղին օդը ամառուան եղանակին մէջ միշտ լուծում կպատճառէ։ Թուրքօ ֊ ռուսական կռիւէն առաջ Արեւելեան խնդրոյն լուծում տալու համար դեսպանախորհուրդն այս թաղին ստորոտն ըրաւ իւր նիստերը ։

Այս թաղին մէջ օրէնք մը կայ, որով աղքատներուն խստիւ արգիլուած է հիւանդ ըլլալը. հարուստները միայն իրաւունք ունին հիւանդանալու։ Անցեալներն աղքատ մը դիպուածով հիւանդացաւ եւ թաղականին դիմեց, որ թուղթ մը առնէ ու Փրկիչի հիւանդանոցը երթայ։ Թաղական խորհուրդն նկատելով, որ այս աղքատն օրինաց դէմ վարուելով յանդգնած է հիւանդ ըլլալու՝ զայն պատժելու նպատակաւ ամբողջ վեց ամիս մերժեց անոր թուղթ տալ։ Աղքատին ճարը հատնելով՝ տեղէ մը տասը դահեկան ճարեց ու թաղականին տալով յաջողեցաւ անկէ թուղթ մը առնելու եւ այդ թուղթով Փրկիչ մտնելու։ Այս օրէնքը շատ արդար է։ Թաղականը մօտերս ծանր տուրք մը պիտի սահմանէ եղեր բոլոր այն աղքատներուն համար, որ կհամարձակին օրէնքն ոտնակոխ ընելով հիւանդանալ ։

Այս թաղին գետն է այն նշանաւոր ականն, որ Բերայէն կը վազէ եւ այս թաղէն անցնելով ծովը կթափի։ Այս գետին վրայ զբօսարաններ շինուած են, ուր կ ՚ երթայ թաղեցին՝ քիչ մը օդ առնելու եւ ծխախոտ ու կլկլակ քաշելով ժամանակ անցունելու։ Այս գետը կրնայ նաւարկելի ըլլալ, միայն թէ ճամբորդներուն քիթը կտրելու է եւ կամ քիթը կտրած ճամբորդներ ճարելու է ։

Դ.
ՊԷՇԻՔԹԱՇ

Սըսսսթ… ձայն մի՛ հաներ, վերարկուդ կոճկէ՛, ձեռներդ ալ ննջեցեալի մը պէս կուրծքիդ վրայ դի՛ր եւ բարեւ բռնէ. աջ կողիդ մի՛ նայիր, ձախդ ալ մի՛ դառնար. գլուխդ վեր մի՛ բռներ. վար ալ մի՛ բռներ. ետեւդ մի՛ նայիր, առջեւդ ալ մի՛ նայիր. ահա ասոնք են իմ հրահանգներս Պէշիքթաշի մէջ քալելու համար. ասոնք են ահա այս թաղին փողոցի կանոնադրութեան յօդուածներն, որ մինչեւ ի վերաքննութիւն՝ սահմանադրութեան յօդուածներու պէս գործադրուելու են գոնէ փողոցներու մէջ։ Իսկ եթէ այս շրջանակը նեղ գտնես, ինչպէս Պատրիարքները սահմանադրութեան շրջանակն, եւ անկէ քիչ մը դուրս ելնել ուզես, ինչպէս Պատրիարքները սահմանադրութեան շրջանակէն՝ խստապահանջ չեմ ըլլար եւ թոյլ կու տամ քեզի, որ գոնէ առջեւդ նայիս, որ չիյնաս, վասնզի եթէ իյնաս եւ երկու ոտներդ ալ կոտրես՝ ոչ ոք կու գայ ձեռներէդ բռնելու եւ քեզի օգնելու. դու քեզի օգնէ որ, կ՚ըսեն այս թաղին պարոնները, Աստուած քեզի օգնէ, եւ այն վիճակի մէջ թող կու տան զքեզ, որ Աստուած քովդ գայ, ձեռներէդ բռնէ եւ Վէզիր խանը տանի զքեզ ոտներդ կապել տալու համար։ Ժամանակաւ Ինքնօգնութիւն բառը չկար մեր ազգին մէջ. նոյն ֊ իսկ Ինքնօգնութեան հեղինակն անպատճառ Պէշիքթաշ բնակած ըլլալու է եւ հոն զգացած ըլլալու է այսպիսի գիրք մը յօրինելու եւ հրատարակելու պէտքը։ Արդ առջեւդ նայէ, որ չիյնաս եւ ողջ առողջ ելնենք սա թաղէն ։

Սա նեղ փողոցէն վեր ելնենք ու եկեղեցին մտնենք, վասնզի շատ թաղերու մէջ անպատճառ նեղ փողոցէն անցնելու է եկեղեցի երթալու համար ո՞վ ապաքէն նեղ ճանբան միշտ արքայութիւն կտանի։ Ժամանակաւ այս թաղին մէջ ժողովուրդը մեծ ջերմեռանդութիւն ունէր իւր քալբաք ին մէջ. քալբաք ներուն վերնալէն ի վեր ժողովրդեան մէջ բարեպաշտութիւնն ալ վերացաւ։ Կրօնական ժողովը, տղայական խնդիրներով զբաղելով տղայական որոշումներ տալու տեղ՝ պարտաւոր էր ժողովուրդը եկեղեցասիրութեան վարժեցնելու համար անոր գլուխը քալբաք անցունել։ Տե՛ս սա եկեղեցին, ի՜նչ ճաշակով շինուած է. այլ ի՞նչ օգուտ, մէջը հաւատացեալէն աւելի փոշի կայ եւ փոշիներէ մաքրուելու համար դրան քով գոնէ մէկ վրձին ալ չկայ։ Թաղականներն ո՞ւր են… քահանաներն ի՞նչ կ՚ընեն, քարոզիչն ո՞ւր է…։ Մի՛ հարցուներ. քահանաները իրենց քարոզչին հետ շաբաթը հինգ անգամ կռիւ կ՚ընեն եւ վեց անգամ կը հաշտուին։ Թաղեցւոյն ժողովրդեան մասը քահանայներու կողմը կբռնէ, իսկ ազնուական մասն՝ քարոզիչինը։ Ի՞նչ է ասոնց կռւոյն պատճառը։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ կրօնականներու կռւոյն պատճառն. կա՛մ իրենց յուսացածին չափ մարդ չմեռնիր եւ կամ հարսանիք ու կնունք չըլլար, որով իրենց պիւտճէ ին հաւասարակշռութիւնը կկորսուի։ Միթէ ասոնց պիւտճէն հաւասարակշռելու համար ամեն օր մեռնելո՞ւ է, ամեն օր կի՞ն մ՚առնելու է, ամեն օր զաւա՞կ ունենալու է։ Այո՛, եթէ այս անկարելի է՝ Գերմանիայէն ելմտագէտ մը բերելու է, որ կանոնաւորէ ասոնց պիւտճէն ։

Այս թաղն ալ ունի երկու վարժարաններ, որոնց մէջ օր մը մեր թոռներու թոռները պիտի կրթուին՝ եթէ պէշիկթաշցին յաջողի մինչեւ նոյն օրը բարեկարգել իւր դաստիարակութեան շէնքերը։ Պէշիքթ աշցին, իւր վարժարանները կանոնաւորելու համար, քսան տարիէ վեր դասատու կփոխէ, հոգաբարձու կփոխէ, գրասեղան կփոխէ, տնտես կը փոխէ, գրիչ կփոխէ, թաղական կփոխէ, գիրք կփոխէ, եւ դարձեալ չյաջողիր. թող անգամ մ՚ալ դպրոցին աշակերտները փոխէ, տեսնենք ի՞նչպէս կ՚ըլլայ. եթէ դարձեալ յուսացած արդիւնքը չտեսնուի՝ այն ատեն հարկ կ՚ըլլայ թաղեցւոյն փոխել իւր… իւր… լաթե՞րը… ոչ, իւր… գլուխը։ Այս թաղին մէջ կբնակի Իւթիւճեան, Մասիսի խմբագրապետը, որ կարող է այդ վարժարաններու տնօրէնութիւնն իւր վրայ առնել եւ թաղին զաւակներուն դաստիարակութեանը աշխատիլ, սակայն կը վախնայ խեղճն, որ ասանկ պաշտօնի մը գլուխ անցնելուն պէս՝ քանի մը ամիսէն իւր տունը պիտի քարկոծեն. Պէշիկթ աշցին ասոր փորձը տուած է դժբախտաբար։ Իւթիւճեան այս քարկոծումէն չէր վախնար՝ եթէ Մասիսի եկամուտը ներէր շաբաթը մէկ անգամ նոր ապակիներ անցունել իւր տանը պատուհաններուն։

Մասնաւոր վարժարան մը կայ հոս, որ աշակերտներուն Հայոց պատմութիւն միայն կկարդացունէ։ Մէկ դասագիրքը երկու անգամ կկարդացունէ. աշակերտն զայն լմնցնելուն պէս՝ Փափազեանի Հայոց պատմութիւն մը կտրուի իրեն. աս ալ երեք անգամ կարդալէն ետքը Սուրէնեանը կկարդայ. ասոնց կյաջորդեն միւս Հայոց պատմութիւն ները, զորս երեքական անգամ կկարդայ իրարու ետեւէ։ Աստուած քառասուն տեսակ Հայոց պատմութիւն տուած ըլլալով մեզի՝ խեղճ աշակերտները դեռ չկրցին անոնց ամենը կարդալ լմնցնել, որ մենք ալ տեսնէինք, թէ այս դասատուն Հայոց պատմութիւն ֊ էն վերջը ի՛նչ դասագիրք պիտի տայ աշակերտներուն։ Այս դասատուն, կ ՚ ըսեն, միայն քանի մը հարուստ ծնողներ կհրաւիրէ քննութեան ։

Պէշիկթաշի մէջ մաս մը կայ, որ վաճառականութեամբ կամ արհեստով կապրի, մաս մ ՚ ալ կայ, որ չգիտցուիր ինչպէս կապրի, մաս մ ՚ ալ կայ, որ պարտք դիզելով կապրի, մաս մ ՚ ալ կայ, որ շաբաթականով կամ ամսականով կապրի։ Այս վերջինն ամենէն մեծ մասն է, որ մեծ վարժութիւն ըրած է՝ գետինը ծռելով գետնէն … բա՞ն մը առնելու … ո՛չ, գետնէն բարեւ առնելու եւ տալու։ Այս մասին բերանէն բնաւ չպակասիր սիկառան եւ ծառայ եմ ը։ Եթէ օր մը հարիւր անգամ ծառայ եմ չըսէ՝ հետեւեալ օրը պաշտօնէն կհանուի։ Այս խեղճերը պաշտօնէ չզրկուելու համար վարժապետի մը երգ մը շինել տուած են ծառայ եմ նաքարաթով եւ ամեն իրիկուն սեղանը չնստած այդ երգը կերգեն։ Միջագիւղ ալ կերգեն նոյն երգը Շիրքէթի Խայրիլէյի մէջ պաշտօն վարող երիտասարդներն, որոնք Միջագիւղի ազգայիններուն կէսը կկազմեն ։

Ով որ այս թաղը կ ՚ երթայ՝ պարտաւոր է արատ հանող փոշիէն քիչ մը հետը տանելու, վասնզի քիչ մարդ կայ, որ այս թաղը մտած ըլլայ եւ վրան արատ քսուած չըլլայ. հոս արատն առատ է ։

Անցեալ դարէ մնացած փաստաբաններ կգտնուին հոս եւ որոնք Աստուծոյ վերաբերեալ դատերը կփաստաբանեն։ Ասոնք ժողովրդեան կողմէ վաւերացուած փաստաբաններ ըլլալով՝ Պէշիկթաշի ճարտասանները կհամարուին ։

Աղաչելու եւ պաղատելու այնքան վարժուած են, որ երբ այդ խղճուկ բարեւներով դէմդ կելնեն՝ կստիպուիս կամ պաշտօն մը կամ քսակդ անոնց տալ. ասոնք երբ ուզեն՝ իրենց աչերէն արտասուք ալ կհանեն ։

Երիտասարդութիւն չկայ հոս. երբ ազգային խնդրոյ մը համար խորհրդակցիլ հարկ ըլլայ՝ Սամաթիայէն կամ ուրիշ թաղէն մարդ կկանչեն. իսկ եթէ թաղն տեղէն առնես տանիս՝ ժողովուրդը ձայն չհաներ. այնքան խաղաղասէր է ։

Ինքզինքն ազնուական կարծող մասն առանց գինետուն կամ նպարավաճառի մը խանութը հանդիպելուն շիտակ տուն կ ՚ երթայ. իսկ մնացած մասերը գինետուն ալ կ ՚ երթան զբօսարան ալ եւ նարտ կամ թուղթ կխաղան կիրակի օրերը մինչեւ երեկոյ։ Ոմանք ալ գիշերները մէյմէկ տուն հաւաքուելով բրէֆա կխաղան ։

Ասոնք, երբ փողոցի մէջ գտնուին՝ իրենց բարեկամը չտեսնելու կզարնեն եւ բարեւ տալու կը վախնան, որ չըլլայ թէ իրենց բարեկամին խահուէ մը հրամցնելով քսան փարա վատնեն ։

Ընկերականութիւնն հոս այնչափ յառաջ գացած է, որ երկու դրացի զիրար չեն ճանչնար եւ միջագիւղցիին կհարցնեն, թէ ո՛վ է իրենց քովի տունը նստող ընտանիքն ։

Պէշիկթաշցին այն աստիճան քաջասիրտ է, որ չորս պէշիկթաշցի կարող է մէկ մուկի դէմ կռուելու։ Ամեն անգամ որ Լա պէլ Էլէնի ներկայացում տրուած է՝ Այաքս ներու դերերը կատարելու համար պէշիկթաշցի դերասաններ փնտռուած են ։

Այրերը հոս շաբաթն երկու անգամ շապիկ կփոխեն։ Երբ ազգասիրութեան վրայ խօսք բացուի՝ կ ՚ ըսեն նախ բաղնիք եւ ապա ազգ։ Ասոնք, քիչ բացառութեամբ, ժամերով սափրիչներու առջեւ կնստին, եւ ածիլուելէն առաջ երեք ժամի չափ մազխիլով կփետտեն իրենց բեխերուն ծայրերն եւ կլոր ձեւ մը կու տան անոնց ։

Դառնանք իգական սեռին ։

Գեղեցիկ սեռն փողոցը քալած ժամանակը գետինը չնայիր, այլ երկինք, եւ աս ալ թերեւս իւր պարանոցն ցոյց տալու համար։ Կիները հոս մեծ ազդեցութիւն ունին իրենց էրիկներուն վրայ, որոնք միշտ կիներուն ետեւէն կքալեն ըստ աւետարանին՝ թէ թողցէ այր զհայր եւ մայր իւր եւ երթիցէ զհետ կնոջ իւրոյ ։ Կիներն այրերու հնազանդելու տեղ՝ այրերը կիներու կհնազանդին։ Պէշիկթաշի կիները գեղեցիկ են, տան տիկին եւ տնաշէն. հոս բրնձի փոշին շատ յարգ չունի։ Պարզասիրութիւնն ալ քիչ յարգ ունի. վասն զի Պէշիքթաշի թաղն Բէրայի շատ մօտ ըլլալով՝ թաղիս իգական սեռը շաբաթը գոնէ մէկ անգամ Բէրա կ ՚ երթայ եւ նոր ձեւը կ ՚ առնէ տունը կբերէ ։

Այս թաղին կիներն այրերէն աւելի ազգասէր են, բայց օրուան մեծ մասն իրենց հագուստ ձեւելու եւ կարելու յատկացուցած ըլլալով՝ ժամանակ չեն գտներ աղջիկներու վարժարանն անգամ մը աչքէ անցունելու ։

Պզտիկ աղջիկներուն գալով՝ ասոնք փողոցէն անցնողներէ չտեսնելու եղանակով մը պատուհաններուն առջեւը կնստին, եւ քովի տունը զարնուելուն պէս՝ իրենց գլուխը պատուհանէն դուրս կհանեն եւ դուռը զարնողը գլխէն մինչեւ ոտները քննելէն ետեւ վազելով վար կ ՚ երթան, եւ իւրաքանչիւրն իրեն մօրը կ ՚ իմացունէ, թէ այս կազմով, այս հասակով, այս գոյնով մէկը եկաւ դրացւոյն տունը։ Մայրերն շնորհակալութիւն յայտնելով այս փոքր դեսպաններուն՝ նորէն վեր կը ղրկեն զանոնք, որ աղէկ մը մտիկ ընեն, թէ ի՛նչ կխօսուի դրացւոյն տունը եւ իրենց իմացունեն ։

Պէշիկթաշցին գարնան ֆուլեալըք կ՚երթայ եւ ամառն Օխլամուր ըսուած զբօսավայրն, ուր կիրակի օրերը օգգապազ կխաղան եւ անբարոյական խօսքեր ընելով բարոյականութիւն կքարոզեն հանդիսականներուն, որոնց մէջ պատուաւոր այրեր եւ կիներ գտնուելէն զատ վեց եօթը տարու տղայներ ալ պակաս չեն. իսկ ձմեռը տան մէջ կփակուի կնստի, մինչեւ որ անունի տօնախմբութիւններն սկսին։ Այս տօնախմբութիւններն սկսելուն պէս ա՛լ տուն նստիլն արգիլուած է. ամեն գիշեր անունի երթալու է, մինչեւ առաւօտ գոնէ օխա մը օղի եւ հինգ օխա գինի խմելու է, որ սիրտը հանգիստ ըլլայ ։

Թաղիս օդն ոչ ծանր է եւ ոչ թեթեւ, ոչ ուրախութիւն կպատճառէ եւ ոչ տրտմութիւն, անտարբերութիւն կպատճառէ ։

Այս թաղին մէջ երեք հարիւր յիսունի մօտ հայ տուն կայ, բայց այս տուներուն մէջ քանի՞ մարդ կայ. աս ալ տեղւոյն Թաղական խորհուրդէն հասկնալու է ։

Թաղիս ներքին բերքն է խել մը գլուխներ. տօղրամաճի պաշի, քէրէսթէճի պաշի, չամաշըրճի պաշի, համամճի պաշի. այս գլուխները արքունական շինութիւններու մէջ կգործածուին։ Նշանաւոր է նաեւ այս թաղին քօյուն պաշին ։

Ե.
ՔԱՐԱԿԷՕՄՐԻՒՔ ԵՒ ՍԱԼՄԱԹՕՄՐՈՒՔ

( Միացեալ թաղ

Շուտ ըրէ, բարեկա՛մ, բարեկամներուդ ես քեզ մեղայ ըսէ, գնա՛ խոստովանանք եղիր, հաղորդուէ՛ ու ծնողներուդ վերջին ողջոյնդ տուր. եթէ ողջ առողջ դառնանք՝ բան մը կորսնցուցած չենք ըլլար, իսկ եթէ մեռնինք՝ չենք տանջուիր, թէ ինչո՛ւ չկատարեցինք մեր քրիստոնէական, ընտանեկան եւ բարեկամական պարտաւորութիւնները… բարեկամներու մնաք բարով չըսած մեռնիլը մեծ անքաղաքավարութիւն է։ Թերեւս հարցունես ինձ, թէ ի՜նչ հարկ կայ այս պատրաստութիւններն ընելու, պատերա՞զմ պիտի երթանք։ Ո՛չ, բարեկա՛մ, պատերազմ չպիտի երթանք, այլ Խաս ֊ գիւղ բանող շոգենաւներէն մէկուն մէջ պիտի մտնենք ։

Ո՛չ, ո՛չ, ես այդ շոգենաւները չեմ մտներ ։

Տղայութիւն պէտք չէ, մի՛ վախնար ։

Ուխտ ըրած եմ չմտնելու ։

Կնիկ մի՛ ըլլար, աշխարհիս վրայ ամեն բան մեզի համար է. քաջալերուէ՛, նետուէ նայիմ սա շոգենաւին մէջ, մահէն վախցողը մարդ ըսուելու չէ արժանի։ Օ՛ն անդր, քաջալերութիւն, հապ օ՛ն յառաջ ։

Ահա շոգենաւուն մէջն ենք … Հոս նստէ՛. քաջութեամբ նստէ, ծունկերդ շատ մի բանար, որ սա խեղճ մարդն ալ նստի … ծունկերո՞ւդ վրայ եկան նստեցան. վնաս չունի, համբերէ … Բայց տե՛ս կռնակս ալ կ ՚ ելնեն կը նստին։ Հոգ չէ, խեղճ բեռնակիրները հոգի չունի՞ն։ Շունչս կտրիլ սկսաւ։ Բան մ ՚ ալ չես ըլլար, կը վարժուիս։ Շոգենաւն ո՛րչափ ծռեցաւ, մէջը ջուր առնել սկսաւ, պիտի խեղդուինք։ Բան չկայ, ամեն բան տեսնելու չէ։ Ահա եկանք Պալատ, պատրաստուէ՛ որ ելնենք, սակայն կամաց կոխէ նաւամատոյցին ոչ չփլի … ։ Եբրայեցիներու շուկայէն պիտի անցնինք հիմա, ժամացոյցդ եւ քսակդ պահպանէ՛։ Ահա քեսմէ քայեա կոչուած զառիվերը, ուսկից վեր ելնելու համար գոնէ չորս կանգուն երկայնութեամբ շնչառութիւն ունենալու է։ Զառիվերին գլուխը հասանք. Սալմաթօմրուքն է հոս։ Մեծ փողոցին վրայի զբօսարանը թաղին ազգային զբօսարանն է։ Տես, քարերուն վրայ հինգ տեսակ Ազգ. լրագիրներ դրուած են, որոնց երեսը նայող չկայ. թանգարան մ՚ալ կայ, որուն տէրն է սոյն թաղին Գրասիրական ընկերութիւնն, որ վեց տարեկան ըլլալով՝ ակռային վախն անցուցած է եւ օր ըստ օրէ աճելու վրայ է։ Աս ընկերութեան նպատակն է լրագրով, գիրքերով եւ կիրակնօրեայ դասախօսութիւններով թաղին մէջ ընթերցասիրութիւն տարածել։ Այս զբօսարանին մէջ կգտնուին դիւանագէտներ, որոնք ամեն օր կքննադատեն կամ Պիսմարքի ընթացքը կամ Կլատսթընի աշխարհավարութիւնը։ Յառաջանանք դէպի Քարակէօմրիւկ։ Այս գինետունները քանի մը ամիս առաջ գոցուած էին, իսկ հիմա նորէն բացուեցան՝ դեսպաններու շնորհիւ։ Թաղեցիները շնորհակալութեան ուղերձ մը կստորագրեն դեսպաններու տալու համար, վասնզի խեղճերը իրիկունները Պալատու գինետունները կ ՚ երթային խմելու եւ գիշերուան ժամը չորսին հազիւ կրնային իրենց տուները մտնելու, որով իրենց ընտանիքներէն յանդիմանութիւններ կլսէին։ Զրոյց կպտըտի, թէ թաղեցին պիտի պնդէ եղեր, իրիկունները կանուխ տուն երթալը դիւրացնելու համար, որ իւրաքանչիւր տան քովը պզտիկ գինետուն մը բացուի ։

Այս թաղին փողոցներուն թիւը երեսունը մէկի կհասնի. բայց ասոնց մէջ կան անանկ փողոցներ, որոնցմէ անցնելու համար կատարեալ մարմնամարզութիւն գիտնալու է. առանց ասոր, կա՛մ գլուխդ կկոտրես կամ թեւդ եւ կամ ուրիշ մէկ կողմդ։ Փողոցներ կան, որ Կ. Պօլսոյ առումէն ի վեր նորոգուած չեն եւ նորոգուելիք ալ չունին ։

Ահա Քարակէօմրիւկի եկեղեցին, որուն անունն է Ոսկեբերան եւ ուր կայ հրաշագործ Աստուածածին։ Ուխտատեղի է, ջերմեռանդ եւ բարեպաշտ ուխտաւորները պզտիկ Չարխափան կ ՚ անուանեն այս աղօթից տունը։ Զաւակ չունեցող այրերն ու կիները հոս ուխտի կու գան, շատ զաւակ ունեցողներն ալ հոս ուխտ կ ՚ ընեն։ Պարապ պտըտողները, հիւանդութենէ ելնողները, իրենց սպասաւորներուն իրաւունքը ուտողները, իբրեւ աւանդ առնուած ադամանդները ուրիշի ծախողները, որբեւայրիներուն ստակը կլանողներն ընդհանրապէս հոս ուխտի կու գան ։

Այս տեղի քահանաներն ալ քիչ ֊ շատ ուսած են հրաշագործութիւն եւ երբեմն ֊ երբեմն պզտիկ հրաշքներ ալ կգործեն։ Ջերմեռանդի մը կողմէ Աստուածածնայ պատկերին նուէր տրուած զուտ ոսկիէ գօտի մը երկու օրուան մէջ ոսկեզօծ պղնձի փոխուեցաւ. ուրիշի մը նուիրած խաս թէլփէչէն ալ սիմ ի այլափոխուեցաւ ։

Երբեմն ինքնիրմէ ասանկ այլակերպութիւններ տեղի կ ՚ ունենան այս եկեղեցւոյն մէջ, այլակերպութիւններ՝ որ ուրիշ եկեղեցիներու մէջ ալ պակաս չեն ։

Թաղիս քարոզիչն ալ կտրուկ մարդմ ՚ է, շատախօսութիւն չսիրեր. շատ անգամ պաշտօնական գրութիւններն եւ երբեմն ալ աւետարանը կհամառօտէ եւ այնպէս կկարդայ, ունկնդիրներուն ձանձրոյթ չտալու համար ։

Թաղական խորհուրդը մօտերս պիտի որոշէ, որ օրինաւոր տետրակ ունենայ եկեղեցական անօթներու, որպէսզի անոնք ալ հրաշքով չփոխուին կամ երկինք չհամբառնան։ Մեծ զգուշութիւն եւ խնամք պէտք է այն թաղերը, ուր հրաշքներ կգործուին ։

Սոյն միացեալ թաղն, որ կբաղկանայ Քարակէօմրիւկ, Սալմաթօմրուք, Սուլթան Համամ, Պզտիկ եւ Մեծ Մալթա թաղերէ՝ ունի հինգհարիւր յիսունը չորս տուն հայ։ Ամենէն բազմամարդն է Սալմաթօմրուք, որ ունի չորս հարիւր քսան եւ ութը տուն, մէկ եկեղեցի, մէկ նախակրթարան, մէկ ուսումնարան եւ աղջիկներու վարժարան մը։ Յիշեալ դպրոցներուն մէջ կան հարիւր երեսուն եւ ութ աշակերտ եւ ութսունը չորս աշակերտ ուհի կամ աշակերտ անոյշ կամ աշակերտա դուխտ ։ Վեց տարեկանէն վեր աշակերտ կամ աշակերտուհի չընդունուիր, վասնզի այս տարիքին մէջ հոն կսորվին հայերէն, տաճկերէն, ֆրանսերէն, անգղիերէն, գերմաներէն, սլավերէն, եբրայերէն, թուաբանութիւն, տրամաբանութիւն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, կրօնագիտութիւն, գծագրութիւն, երաժշտութիւն, բնագիտութիւն, քիմիաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, մարմնամարզութիւն, հոգեմարզութիւն. հոս ընթերցանութիւնը իրենց մօրն արգանդին մէջ կ ՚ ուսանին։ Թաղեցին իւր վարժարաններուն այս հրաշալի յառաջադիմութիւնն պարտաւոր է Ուսումնական Խորհրդոյն, որ բնաւ հոգ չըներ նոյն ֊ իսկ եթէ աչերովն ալ տեսնէ, որ մսավաճառ մը վարժարանի տնօրէնութիւն կամ հոգաբարձութիւն կ ՚ ընէ ։

Ժողովուրդը մեծ մասամբ տգէտ է, եւ տգիտութիւնն պաշտպանութիւն գտնելով՝ օր ըստ օրէ յառաջ կ ՚ երթայ։ Եթէ այս վարժարանին մէջ գիտութեան տեղ տգիտութեան դասեր աւանդուէին՝ առաջին կարգի վարժապետանոց մը կ ՚ ըլլար տգիտութեան ։

Իրենց վիճաբանութեան եղանակին վրայ թեթեւ գաղափար մը տալու համար՝ կհրատարակենք հոս վիճաբանութիւն մը, որ երկու հոգւոյ մէջ տեղի ունեցած է.

Բարեկա՛մ, այս տեսուչն մեր զաւակներուն ապագայն կսպաննէ ։

Ո՛չ, այս տեսուչն մեր զաւակներուն ապագայն կշինէ. երէկ լալընճի Ահմէտ աղան վարժարաններու այցելութիւն մը ընելով՝ շատ գոհացուցիչ գտեր է զանոնք ։

Բայց երէկ պօզաճի Տիմիթրօն կպնդէր, թէ այդ մարդն այդ պաշտօնին մարդ չէ ։

Սխալ է, պօզաճին կիրք ունի մեր տեսուչին դէմ, որ իրիկուններ պօզա չխմեր ։

Խորհուրդ մը ընենք եւ սա տեսուչը փոխենք. մեղք է մեր զաւակներուն ։

Ատանկ բան չըլլար, դուն քու նստած խանութիդ վարձքը չես կրնար վճարել եւ կելնես ազգային գործերուն մէջ կմտնես ։

Ես քեզի պէս ուրիշին իրաւունքը չեմ ուտեր, դուն ինձի աղէկ նայէ՛ ։

Բերանդ ժողվէ՛, հիմա աթոռը գլխուդ կիջեցնեմ, հա՛ անպիտա՛ն ։

Դուն ալ ասկէ վերջը եկո՛ւր տէ, մեր տունէն կնկանդ համար շապխա առ ։

Անցեալ շաբթու չէ՞ր որ երկար բանթալօնս առիր եւ Քարակէօմրիւկ ուխտի գացիր ։

Քուկին ինչ վատ ըլլալդ ամեն մարդ գիտէ ։

Վատը դու ես … ։

Ծեծկւուքը կսկսի, ապտակ եւ կից փոխանակուիլ կը սկսին ։

Երրորդ մը կու գայ եւ կմիջամտէ … ։

Բանթալօնի մը համար կը վայլէ՞ որ … ։

Վա՛տ ըսաւ ինձի ։

( Ականջն ի վար ) Դու ալ այդ աւանակին խօսքին կարեւորութիւն մի՛ տար ։

Ան ալ ինծի անպիտան ըսաւ ։

( Ականջն ի վար ) Ամօթ է, այդ իշուն խօսքերուն կարեւորութի՞ւն կու տաս։ ( Բարձր ) Հաշտուեցե՛ք, եղբայր էք դուք… բայց այս բանթալօնի խնդիրը ի՞նչպէս ծագեցաւ ։

Վարժարանի վրայ խօսք բացուեցաւ … ։

Վարժարանին բանթալօ՞ն պիտի հագցունէիք, ինչ պիտի ընէիք որ … ։

Չէ, տեսուչը … ։

Առնենք, եղբայր, առնենք, տեսուչին բանթալօն մը առնենք, ի՞նչ կ ՚ ըլլայ եղեր ։

Չես հասկնար, եղբա՛յր, խնդիրը վարժարաններու վրայ էր ։

Վարժարաններո՞ւ համար կը վիճաբանէիք ։

Այո՛ ։

Դուք երկուքնիդ ալ աւանակ էք եղեր … վարժարանի մը համար իրարու սիրտ կոտրել ի՞նչ պիտի ըլլայ. ես ալ կարծեցի, որ օգտակար բանի մը համար կը վիճէիք … ա՛յ աւանակներ ։

Վիճաբանողներն այս դիտողութիւնն իրաւացի կգտնեն, կզղջան, որ չնչին խնդրոյ մը համար զիրար վիրաւորած են, կպագտուին, կհաշտուին եւ ուխտ կ ՚ ընեն, որ մէյ մ ՚ ալ վարժարանն իրենց բերանը չառնեն ։

Թաղականի կռիւները հոս պակաս չեն։ Երբ թաղական խորհրդոյ ընտրութեան ձեռնարկուի՝ մարդուն մէկը Դիոգինէսի լապտեր մը կ ՚ առնէ երեք հազար հոգիէն ինը հոգի գտնելու համար, եւ դարձեալ չյաջողիր։ Թաղական ըլլողն կա՛մ վեց ամիսէն հրաժարական կու տայ եւ կամ իւր անկողինը Թաղական խորհրդարանը կփոխադրէ ։

Սալմաթօմրուքի մէջ կան քանի մը մարդեր, որոնք մեծ գործ մը տեսնելով անմահանալու համար իրենց շանը պոչը կը կտրեն ։

Քսանի չափ հարուստներ կան, որոնք ազգային բարենպատակ գործերուն համար իրենց քսակն չեն խնայեր։ Ասոնցմէ տասն եւ ութ հատը անցեալ տարի իմանալով, որ Դպրոցասիրաց Արեւելեան ընկերութիւնն իրենց պարահանդէսի տոմսակ պիտի ղրկէ՝ անմիջապէս տեղ մը հաւաքուեցան եւ որոշեցին թաղը ոտք չկոխել, մինչեւ որ պարահանդէսը տրուի ։

Հոս ալ ուրիշ թաղերու պէս շատ մը ընկերութիւններ կազմուած են եւ կործանուած են։ ա բ գ ֊ ի ընկերութիւնը հաստատուած օրն՝ թաղեցին կյուսար, որ հիմնական կերպով սկսուած սոյն ընկերութիւնն աա բբ գգ պիտի գար ախչ, բծպ, գկջ, դհռ ֊ ն, եւ բա, բե, բի, կարդալով՝ օր ըստ օրէ յառաջ պիտի երթար… Ընկերութիւնն այսօր իւր անունն իսկ մոռցած է։ Ուրիշ քանի մը ընկերութիւններ ալ կազմուեցան, բայց անոնք եւ օ ֆ ֊ էն սկսած ըլլալով՝ խիստ կարճատեւ կեանք ունեցան։ Հիմայ ճ մ յ ֊ էն ընկերութիւն մը հաստատելու միտք ունին։ Այդ ընկերութիւնները որքան որ անուն չունին այսօր՝ դրամագլուխ մը ունին, որ կազմուած է քսանը մէկ հատ երկաթուղւոյ բաժնետոմսէ, վաթսունը վեց եւ երեք քառորդ արծաթ մէճիտէ, քսան բարայէ, տասն ոսկիէ, երկուք ու կէս ոտք ունեցող թիկնաթոռէ ու մէջը պարապ մէկ մելանի շիշէ։ Այս դրամագլուխը կպահպանեն քանի մը անձեր ազատ եւ անկախ ո՛ եւ է պաշտօնական եւ ոչ ֊ պաշտօնական երաշխաւորութենէ եւ պատասխանատուութենէ, եւ թաղեցին կխպնի երթալ այդ անձերէ ստորագրութիւն առնել ։

Պզտիկ մաս մը կայ այս գիւղին մէջ, որ երբեմն կշարժի, երբ … երկրաշարժ ըլլայ։ Բայց մեծ մասն անշարժ ըլլալով՝ լուսաւորութիւնը կկաղայ հոն ։

Իգական սեռը արականէն աւելի պարկեշտ է։ Աղէկ հագուելու բնաւ հոգ չտանիր. ամեն օր ալ չհագուիր, տարին անգամ մը կհագուի, մնացած օրերը գիշերազգեստով պատուհանին առջեւ կնստի եւ ֆէս կհիւսէ։ Ասոնց համար տօնի օր չկայ. չորս տարին անգամ մը կ՚երթան եկեղեցին, որ իրենց քթին քովն է, եւ իրենց քիթն ալ մեծ չէ, որ եկեղեցւոյն հեռաւորութիւնն պատճառ բռնեն։ Ասոնք լալըն կհագնին եթէ չորս տարին անգամ մը եկեղեցի երթան։ Այս թաղի կիներուն հայերէն խօսակցութիւնն ուրիշ թաղի կիներուն խօսակցութենէն կզանազանի սա կէտին մէջ, որ ուրիշ թաղի կիներն հայերէնի մէջ տաճկերէն բառեր կխառնեն, մինչդեռ ասոնք տաճկերէնի մէջ հայերէն բառեր խառնելով յառաջ կտանին մայրենի լեզուն։ Ասոնք կարող են Մշակի մէջ հայերէն յօդուածներ գրել ։

Այս թաղն առողջ օդ մ ՚ ունի. եւ եթէ թաղեցին գէշ օդի մը մէջ աշխարհ գալու ստիպուէր՝ մեռած պիտի ծնէր ։

"Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ" ստեղծագործության մյուս մասերը

Յատուկ Երաժշտություն
Սամարիա
Էլեն Յոլչյան

Սամարիա

Կոստանդնուպոլիս
Կոստանդնուպոլիս
Խաղա առցանց