Հակոբ Պարոնյան
Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ
ԼԳ, ԼԴ
ԼԳ.
ՖԷՐԻ ԳԻՒՂ
Այս գեղին մէջ պատուական գարեջուր կշինուի. ազգային գործերու վերաբերութեամբ գիւղացիին թմրութիւնն յառաջ եկած է այս ըմպելիքէն, զոր շատ կխմէ ։
Քահանայ մը կայ, որ կկարդայ այս եկեղեցիին մէջ եւ կարդացած ժամանակը երբեմն յետեւը կնայի եւ եկեղեցւոյն մէջ մարդ մը տեսնելուն պէս գանձանակը կ ՚ առնէ եւ կարդալով կսկսի պտըտցունել գանձանակն։ Եկեղեցւոյն մէջ այս քահանայէս զատ մարդ տեսնելը հրաշքի կարգ անցած է ։
Հազիւ յիսուն֊վաթսուն տուն կայ հայու։ Վարժարանին մէջ աշակերտները կկարդան Քերական, Սաղմոս եւ Նարեկ ։
Բէրայէն հոս կ ՚ երթան կենդանիները գարեջուր խմելու, եւ մեռեալներն ալ թաղուելու. վասնզի հոս փոխադրուած է Բէրայի գերեզմանատունը։
Օդն այնքան աղէկ է, որ ամեն կիրակի մեծ բազմութեամբ ամեն թաղերէ հոս կը դիմեն, քիչ մը օդ եւ շատ գարեջուր առնելու համար ։
ԼԴ.
ԵԷՆԻ ԳԻՒՂ
Կամաց կամաց ազնուականներու բնակարան կդառնայ այս գիւղն եւ աղքատներու քաւարան։
Գեղացին կաշխատի իւր վարժարանն եւ եկեղեցին կանոնաւորութեան մէջ պահելու, եւ կյուսացուի, որ իրեն նպատակին հասնի ։
Պճնասիրութիւնն հոս մեծ դեր կխաղայ։ Կիները Պէօյիւք Տէրէյի կիներուն հետ մրցելու համար ամեն զոհողութիւն կ ՚ ընեն, եւ այրերն ալ իրենց քսակները միշտ բաց կը պահեն՝ գոհացնելու համար իրենց կիներուն պահանջումները։ Կիները օրը չորս անգամ հագուստ կփոխեն, վասնզի նորաձեւութիւնն այս գիւղիս մէջ ամսէ ամիս չփոխուիր, այլ երեք ժամը մի անգամ ։
Բամբասանքն հոս ֆրանսերէն տեղի կ ՚ ունենայ ։
Չեն պակսիր հոս ազգասէր եւ ուսեալ տիկիններ, որք կխորհին ազգին վրայ … բրինձի փոշի էն ետքը ։
Այրերն երեկոները տուն մը կհաւաքուին եւ վիսթ ով կզբաղին։ Կիներն ալ պարելով, կամ պտոյտ ընելով, կամ դաշնակ զարնելով, կամ երգելով, կամ վիպասանութիւն կարդալով կզբօսնուն։ Տնական գործերն աղախիններու յանձնուած են ։
Օդը մաքուր է ։ Թէրճէմանը Էֆքեար ի Տնօրէն Պ. Ճիվէլէկեան Բերայէն հոս կու գայ երբեմն մաքուր օդ առնելու Թէրճէման ը Հաքիքաթ ին լեզուին փչելու համար ։
Գիւղիս մէջ քառասուն տուն կայ Հայու, չորս հարիւր գլխարկ կնկան եւ երկու հազար զոյգ կօշիկ ։