Հակոբ Պարոնյան

Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Ա.
ՄԻՋԱԳԻՒՂ

Նախ եւ առաջ հարկ է գիտնալ, որ այս գիւղը մտնելու համար քանի մը դժուարութիւններ կան խօսքս պատուաւոր մարդերու համար է եւ ո՛չ գողերու համար իսկ անկէ ելնելու համար դժուարութիւններն աւելի մեծ են. արեւելեան խնդրոյն ձեւով շինուած գիւղ մ ՚ է։ Եթէ նաւամատոյցին ճամբայէն մտնել ուզես՝ վեց հոյակապ ճեմիշներու հոտը քթիդ ուշադրութիւնը կգրաւեն, եւ անմիջապէս կը համոզուիս, որ Միջագիւղ բնակողի մը համար պզտիկ քիթ մը մեծ փորձանք է։ Եթէ լերան կողմէ իջնել փորձես՝ փրկանքդ հետդ տանելու ես, որ եթէ գողերէ բռնուիս՝ կարենաս օձիքդ ազատել։ Իսկ եթէ Պէշիկթաշի կողմէն գաս՝ աչերդ թաշկինակով մը կապելու ես, որ հովն անցեալ տարուան հրդեհէն մնացած մոխիրներն աչերուդ չփչէ։ Այս գիւղին մէջ մտնելու ապահով ճանբան օդապարիկով հոն իջնելն է, կ ՚ ըսեն, իսկ ինձի համար հոն մտնելու ամենէն ապահով ճամբան հոն բնաւ չմտնելն է ։

Այս գիւղին մէջ հինգ հարիւր քսան տուն կայ հայու. սակայն ասոնց մէջ կան տուներ, որք երկու եւ երեք ընտանիքներէ բնակուած են։ Եթէ գործերն այսպէս շարունակուին՝ քսան ընտանիք մէկ տան մէջ պիտի բնակին եւ վիճակագիրները տուն համրելու տեղ սենեակ պիտի համրեն ։

Երկու եկեղեցի կայ. միոյն անուն Աստուածածին է, իսկ միւսինը Լուսաւորիչ։ Գիւղիս Աստուածածինը սահմանադրական չէ, ամեն այցելուները միեւնոյն եղանակով չընդունիր. հարուստ այցելու մը տաճարէն ներս մտնելուն պէս՝ ժամակոչ եղբայրները իրար կ ՚ անցնին աթոռ մը գտնելու եւ հիւրին քովը դնելու համար. իսկ երբ այցելուն աղքատ է՝ հրաման կ ՚ ընդունի գետնի վրայ աղօթելու։ Հարուստները Ս. Զատկին կամ Ծնունդին միայն կու գան եկեղեցին, եւ շատ անգամ ալ անձամբ չկրնալով ներկայ գտնուիլ՝ իրենց այցետոմսը կղրկեն եկեղեցին ։

Այս եկեղեցւոյն վերնատունէն ամեն տարի տեղ կծախուի կամ վարձու կտրուի թէպէտեւ լրագիրներու մէջ ծանուցում չըլլար. արդէն հարուստ տիկինները ամբողջ վերնատունը ծախու առած են, եւ տօնի օրերը մէյ ֊ մէկ պահապան կնիկ կղրկեն հոն, որպէս զի իրենց տեղը պաշտպանեն օտար կիներու յարձակումներու դէմ։ Արդեօք ժամանա՞կն է յիշել Աւետարանին այս խօսքը. Տուն իմ տուն աղօթից կոչեսցի, եւ դուք արարիք զսա այրս աւազակաց ։ Լուսաւորիչը ժողովրդական է, այր եւ կին՝ խառն կմտնեն տաճարն, բայց Լուսաւորիչն, այրերուն վրայ վստահութիւն չունենալուն համար թերեւս, եկեղեցւոյն աջ կողմն այրերուն տուած է եւ ձախն կիներուն … Ո՞վ կարող է պնդել, թէ մեր երեսփոխանական ժողովն ալ այնպէս վարուած չէ. թո՛ղ չարամիտներն պարզամիտ ժողովրդեան հաւատացնել ուզեն, թէ երեսփոխանական ժողովն միայն կիները ներս առած է եւ այրերը դուրս ձգած է. ես չեմ հաւատար ։

Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյն դէմն է Թարգմանչաց վարժարանն, որ շատ կանոնաւոր խեղճութեան մէջ կգտնուի, եւ եթէ ոչ իւր խեղճութեամբը, գոնէ իւր կանոնաւորութեամբը կարող է ազգային Վարչութեան նախանձը շարժել։ Շատերը կզարմանան, թէ ասանկ հարուստ թաղի մը վարժարանն ինչո՞ւ աղքատ մնայ։ Ես չեմ զարմանար։ Վարժարանն անոր համար աղքատ է, որովհետեւ թաղին մէջ հարուստներ կան ։

Գիւղիս մէջ կայ Հռիփսիմեանց վարժարան մը, որ խնամակալուհի տիկիններու տնօրէնութեան տակ կկառավարուի եւ յոյս կու տայ, որ օր մը ուսեալ եւ կրթեալ աղջիկներ դուրս պիտի տայ։ Սոյն վարժարանին սանուհիները բաւական յաջողութեամբ կը թարգմանեն գրաբարէ աշխարհաբար, եւ եթէ Սովելոց Յանձնաժողովոյ ատենադպիրին գրաբար նամակները չեն կրնար լուծել՝ յանցանքն իրենց չէ, վասնզի իրենց դասատուն անգամ շատ անգամ ըղեղը կպատառէ՝ այդ նամակներէ իմաստ մը հանելու համար ։

Պ. Շաշեան, որ Հայաստանի մէջ սովու պատճառած աղէտքներուն վրայ ժողովրդեան գութը շարժելու եւ անկէ նուէր հաւաքելու նպատակաւ նամակներ կհրատարակէ լրագիրներու մէջ՝ հասարակութեան անհասկանալի լեզուով կխմբագրէ իւր սաւառնաթեւ նամակները, որպէսզի մեր ազգայիններն իրենց եղբայրներուն տառապանքներն իմանալով չտխրին եւ չլան։ Այս տեսակով Պ. Ատենադպիրն ազատ էր լատիներէն ալ խօսիլ ժողովրդեան … ։

Աղջիկներու վարժարան մ ՚ ալ կայ, զոր Ազգանուէր Հայուհեանց ընկերութիւնը բացած է՝ աղքատ աղջիկներու ձրի դաստիարակութիւն տալու համար։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն կմաղթենք սոյն ընկերութեան ազնուասիրտ տիկիններուն, որ ամեն ջանք ի գործ կդնեն իրենց նպատակին հասնելու համար … Եթէ այս կիներն այր, եւ իրենց այրերը կին ըլլային՝ անշուշտ Թարգմանչաց վարժարանն այսպէս դժբախտ տեսնելու դժբախտութիւն չէինք ունենար ։

Լուսաւորչեան վարժարանն գոհացուցիչ է առ այժմ, սակայն միշտ հսկումի պէտք ունի, որ անընդհատ յարատեւէ իւր կանոնաւորութեանը մէջ ։

Հայկական կրթարան անուամբ գիշերօթիկ եւ ցերեկեայ վարժարան մը, որու տնօրէնն է Պ. Գուրգէն, ամեն արգելքներու եւ ձախորդութիւններու դէմ դնելով՝ այսօր խիստ կանոնաւոր վիճակի մէջ մտած է։ Ահա գիւղիս ամենէն մեծ շէնքն եւ մարդը ։

Հոս է Բարեսիրաց ընկերութեան թատրոնն, որու անունն անշուշտ հազար անգամ կարդացած ես փողոցի պատերուն վրայ։ Այս թատրոնի մէջ կներկայացուէին ժամանակաւ անմահ Պէշիքթաշլեանի եւ մահկանացու Հէքիմեանի ողբերգութիւններն, որոնց նմաններն այժմ պարգեւաբաշխութեան օրերը վարժարաններու մէջ կներկայացուին ի մեծ ձանձրութիւն հանդիսականներու։ Այս թատրոնին մէջ է, որ այժմ շատերը ատենաբանութիւններ կ՚ընեն ժողովրդեան օգտակար նիւթերու վրայ։ Անուրանալի ճշմարտութիւն մ՚է, որ Միջագիւղ ամեն թաղէ առաջ սկսած է լուսաւորեալ ազգերու նմանիլ աշխատելու եւ… չյաջողելու… քանի որ նմանիլը՝ ըլլալ չէ. միշտ պիտի յիշեմ կապիկին առակը ։

Այս թաղը խաղաղասէր է. պատրիարքներու փոփոխութիւններու ժամանակ բնաւ կարծիք յայտնած չէ։ Օր մը եկեղեցւոյն մէջ լսուած չէ. յիշուի, չյիշուի։ Կ ՚ երեւի, որ միջագիւղցին եկող պատրիարքէն ալ գոհ է, գացողէն ալ, կամ ո՛չ եկողէն գոհ է եւ ոչ ալ գացողէն։ Նոյն ֊ իսկ թաղային գործերուն մէջ ալ չէզոքութիւն կպահէ. ուրիշ թաղերու մէջ շաբաթը մէկ անգամ թաղականի կռիւ կծագի, հոս մինչեւ հիմա ատանկ բան մը պատահած չէ։ Հոս ելնող թաղականներէն հաշիւ փնտռելու գէշ սովորութիւն ալ չկայ. գեղացին իրարու վրայ մեծ վստահութիւն ունի ։

Պզտիկ երիտասարդութիւն մը կայ, որ ընկերութիւններ կազմելով լուծելով՝ ազգին իրական ծառայութիւններ կփափաքի մատուցանել։ Մինչեւ հիմա հարիւր ընկերութիւն կազմուած եւ հարիւր յիսուն ընկերութիւն լուծուած է. իսկ հիմայ կայ Արհեստական ընկերութիւն մը, որ հաստատ քայլերով ճամբայ կ ՚ առնէ եւ որուն նպատակն է Հայաստանի մէջ արհեստ տարածել ։

Գիւղիս ազգայինները քանի մը դասերու կբաժանուին ։

Դաս մը կայ, որ միայն դիւանագիտական խնդիրներով կզբաղի։ Այս դասն երբ գինետուն մտնէ եւ իւր առջեւ ունենայ օղիի շիշը՝ կփափաքի գիտնալ, թէ Կլատսթըն ի՛նչ խօսած է Արեւելեան խնդրոյն վրայ, թէ Պիսմարք ի՛նչ ընթացք պիտի բռնէ, թէ Քումանտուրիոս ի՛նչ գրած է Ղէոր դ իոսին, եւ մինչեւ որ ասոնց գոհացուցիչ պատասխանները չառնէ՝ գինետունէն դուրս չելներ ։

Միւս դասը դիւանագիտական խնդիրներէ ձանձրոյթ կզգայ. իրեն համար գիտնալու առաջին խնդիրն այն է, թէ օղիի վրայ աղած ձո՞ւկ ուտելու է, մի՞ս թէ պտուղ. ահաւասիկ իրեն համար բարենորոգման խնդիր … ։

Դաս մ ՚ ալ կայ, որ ամբողջ օրեր վարսավիրայի խանութներու առջեւ կպտըտի, որոշում տալու համար, թէ ի՛նչ ձեւ տալու է մազերուն, որ օրիորդին հաճելի երեւնայ եւ իւր առջեւէն չվռնտուի ։

Թեթեւ դաս մ ՚ ալ կայ, որու վրայ թեթեւութիւնը ծանրացած է. երբ ծանրացած է, կ՚ըսեմ, թեթեւութեան քանակութիւնը կ՚երեւակայէք անշուշտ. այս դասը կիրակի օրերը նաւամատոյցին վրայ կսպասէ, որ օրիորդ կամ տիկին ***ին հետ բարձրաձայն երկու բառ ֆրանսերէն խօսի ։

Դաս մ ՚ ալ կայ, որ առեւտուրի մէջ կորուսածն խաղի մէջ վաստակելու համար խորամանկութիւն կխորհի. հարուստներն ալ ունին այս ախտը, բայց անոնք բամբասանքէ զերծ են, վասնզի ինչոր ախտ է աղքատի համար՝ անմեղ զբօսանք կհամարուի հարուստի համար ։

Պզտիկ բացառութեամբ թէ՛ այրերն եւ թէ կիները պճնասէր են։ Չափէն աւելի կարեւորութիւն կու տան հագուստներու, հետեւապէս այն, որ շքեղ հագուած է՝ կատարեալ մարդ է. իսկ այն, որ պարզ հագուած է՝ մարդ կոչուելու արժանի չէ։ Ուր որ ալ ըլլայ, երբ կտեսնես կին մը, որ հովահարով մը դէմքը կհովհարէ, նոյն ֊ իսկ ձմեռուան ամենասաստիկ ցուրտ օրերուն մէջ. որ երեսները մէյ մը աջ մէյ մը ձախ կդարձունէ կէս ծիծաղով. որ մէջքը միշտ կկոտրտէ եւ երկու րոպէին անգամ մը գլուխը կը շտկէ. որ ձեռնոցները կը հանէ, նորէն կը դնէ, շրջազգեստը կշտկէ, չհաւնիր, կը կանգնի, նորէն շտկելու ջանք կ ՚ ընէ, երբեմն բերանը բանալով դիտմամբ կխնդայ, որ ակռաները ցոյց տայ եթէ չխնդար՝ գիտցիր, որ բերանին մէջ ակռայ չկայ հասկցիր, որ այդ կինը միջագիւղցի է. իսկ երբ անոր քովը աղէկ հագուած երիտասարդ մը գտնուի ու հետը խօսակցի, երբեմն ֆրանսերէն բառեր գործածելով, այդ կնկան սիկարա հրամցունէ եւ քթին մէջ մտնելու չափ մօտենայ անոր՝ հազար ոսկիի գրաւ դիր, որ ատոնց երկուքն ալ միջագիւղցի են. եթէ կորսնցնես հազար ոսկին՝ եկուր ինձմէ առ ։

Արեւէն չայրելու համար՝ իգական սեռն, քիչ բացառութեամբ, երեսը բրինձի փոշի կը քսէ. բայց Միջագիւղի լուսինն արեւու չափ կիզիչ ըլլալուն պատճառաւ՝ գիշերներն ալ կը գործածէ այն փոշին, որուն ոմանք սկսած են հիմա թոմաթէս խառնել ։

Սիրասուն օրիորդները կամ տիկիններն երբ տուն մը այցելութեան երթան՝ սանդուխին երկրորդ աստիճանէն կերկնցնեն իրենց ոտներն եւ սպասաւորներու քաշել կու տան իրենց կօշիկներն, որպէս զի պզտիկ ոտներն ամենուն ցոյց տան. իսկ երբ ոտները մեծ ըլլան՝ սպասաւորներուն քաշել կու տան իրենց ձեռնոցները. շատ մը կիներ ալ իրաւամբ քաշել տուած են իրենց ակռաները, որովհետեւ մեծ էին անոնք եւ մեծ ցաւ կպատճառէին … գեղեցկութեան ։

Տիկիններէն ոմանք կոմսուհիներու կամ մարքիզուհիներու նմանելու համար ամեն հնարք ի գործ կդնեն։ Երբ զաւակ մը բերեն աշխարհ՝ իսկոյն ստնտուի մը կյանձնեն զայն, վասն զի ազնուականութեան դէմ է, որ կին մը իւր զաւակին կաթ տայ։ Արդեօք պիտի գա՞յ այն օրն, ուր սպասուհիներն բերեն իրենց տիկիններուն բերելիք զաւակներն ալ, որպէս զի փափկասուն տիկիններն ծննդաբերութեան ծանր գործէն ալ խալսին … ։

Միջագիւղցին ուրիշ թաղեցիներու բաղդատմամբ աւելի քաղաքավար է։ Խնդում երես ունի. եթէ երբեմն տխուր տեսնես զինք՝ պատճառն թաղին ազգային վարժարանն է ։

Գիւղիս կլիմայն չէզոք է. ո՛չ բարիք կը գործէ եւ ո՛չ չարիք. բնակիչներն ալ իրենց կլիմային պէս են ։

Կան երիտասարդներ, որ ինքզինքնին միշտ բարձր դրից մէջ կգտնեն. եթէ ասոր պատճառը փնտռուի՝ դիւրին է համոզուիլ, որ այդ երիտասարդներն այդչափ բարձր չը պիտի կարծէին զիրենք՝ եթէ օդէն աւելի թեթեւ չըլլային։ Դժբախտաբար մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալուն գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կլուծուի։ Ծանրերը միշտ գետնաքարշ կմնան եւ թեթեւները վեր կելնեն։ Այս գիւղին մէջ կան երիտասարդներ՝ որոց գլուխն եթէ չուան մը անցունենք՝ կրնանք զանոնք թռուցիկի պէս բարձրացունել … օդին մէջ ։

Աւելորդապաշտութիւն չկայ այս գիւղին մէջ. ( ոսկին այս հաշուէն դուրս է ). մանաւանդ թէ պակասապաշտութիւն կտիրէ հոս։ Ամենէն աւելի պաշտուող կուռքը նորաձեւութիւնն է ։

Զբօսանքը շատ կսիրեն հոս. եթէ տան մը մէջ պարն սկսի՝ առ նուազն վեց օրէն կը վերջանայ. իսկ երբ ազգային խնդրոյ մը վրայ խօսք բացուի՝ կէս ժամէն աւել չտեւեր ։

Ներքին բերքն է ելակ եւ բամբասանք։ Ելակն ամեն տարի առատ չըլլար. իսկ բամբասանքն, որ շատ անձրեւէն կամ շատ երաշտութենէն վախ չունի՝ ամեն տարի առատ հունձք կու տայ։ Շատ տեղերէն հոս կու գան՝ այս ապրանքէն գնելու համար ։

Արտաքին բերքն է գողեր եւ ծովեզերքին վրայ շուներու դիակներ ։

Բ.
ՔՈՒՄ ՔԱԲՈՒ

Կ. Պօլսոյ մէջ երկու Քում Քաբու կայ ներքին Քում Քաբու եւ արտաքին Քում Քաբու, ինչպէս Մասիսի մէջ երկու տեսակ լուր կայ ներքին լուր եւ արտաքին լուր։ Մասիսին լուրերուն արտաքինը ներքինէն որոշելու համար, երբեմն ուշադրութիւն պէտք է, վասն զի շատ անգամ Ամերիկայի մէջ կնկան մը երեք զաւակ մէկէն բերելուն լուրը Մասիսի մէջ ներքին լուրերուն տակը կկարդացուի. ինչպէս որ ուրիշ լրագիրներու մէջ շատ անգամ պատահած եմ հացագործի մը էշն, որ երբ փողոցի մէջ զռայ՝ ներքին լուրերու մէջ կ ՚ անցնի, իսկ երբ Պատրիարքարանի մէջ երգէ՝ ազգային լուր կ ՚ ըլլայ։ Իսկ Քում Քաբուներու մասին այս շփոթութիւնները չկան. ներքինն երբէք արտաքինին մէջ եւ արտաքինն ալ բնաւ ներքինին մէջ տեսնուած չէ։ Բայց որովհետեւ առաջին անգամն է որ ներքին Քում Քաբուն երթալ պտըտիլ կ ՚ ուզես՝ ես յանձն կ ՚ առնեմ քեզի առաջնորդել ։

Ժամը մէկ ու կէս է. Մահսուսիյէյի շոգենաւն ալ ճիշդ մէկ ու կէսին կամուրջէն կը մեկնի Քում Քաբու երթալու համար։ Վազէ, բայց կաղաչեմ ուշադրութիւն ըրէ՛, որ ծովը չիյնաս, երկաթեայ կամուրջէն փայտեայ կամուրջն անցած ատենդ. կխնդրեմ, որ վերարկուդ ալ խնամքով կոճկես, վասն զի կամուրջին վրայ կան տեսակ մը մարդեր, որ գրպանդ կխառնեն եւ ինչ որ գտնեն հոն՝ կ ՚ առնեն … այս տեսակ մարդերու գաւառներու մէջ քայմագամ անունը կու տային անցեալները թուրք լրագիրները։ Ժամը երկու զարկաւ, եւ շոգենաւը տակաւին տեղէն չշարժիր. համբերէ՛, հիմա կմեկնի. մեր երեսփոխանական ժողովն ալ ատեանը ժամը ճիշտ վեցին պիտի բացուի կծանուցանէ, եւ ատեանը ութին կբանայ։ Ահա նաւապետը երեւցաւ… վեր ելիր նստէ՛, որ հով առնես… նաւապետն ահա վարտիքը կապեց. ձեռներն ալ լուանալուն պէս կմեկնիք…։ Շուտ ըրէ՛, աճապարէ՛ հովանոցդ բաց… շատ թրջեցա՞ր… վնաս չունի. ուրիշ անգամ երբ շոգենաւը սուլել պատրաստուի՝ հովանոցդ բաց որ շոգիէն չթրջուիս… աչքդ լոյս, ճանբայ ելաք… Սարայ պուրնուն դառնալնուդ պէս… բայց ինչո՞ւ կայնեցաք. կարծեմ ածուխը հատաւ… Նաւապետն ինչո՞ւ չեն արթնցներ որ պէտք եղածը նայի… նաւաստիներն ո՞ւր են… ահա հոս են, սքանպիլ կխաղան. անոնք իրենց տեղէն չեն երերար՝ մինչեւ որ հրաման չառնեն իրենց նաւապետէն, որ չարթննար՝ մինչեւ որ իրեն ձայն չտրուի նաւաստիներէն, որ իրենց տեղէն չեն երերար մինչեւ որ… ( կրկնէ տասն անգամ ) ։ Ահա ճանբորդներն, որ շարժելու միտում ունենալ կը թուին … Եթէ ածուխ չկայ՝ փառք Աստուծոյ հողմ կայ. հողմը կարող է ածուխին պաշտօնը վարել. բայց առագաստ չկայ … ։ Ինչո՞ւ ապշած էք, պարոն ճանբորդներ. բացէ՛ք ձեր հովանոցները հողմին առջեւ, որ շոգենաւը շարժի … Ո՛չ, ո՛չ, համբերեցէք. ահա նաւակ մը, որ Քում Քաբու կ ՚ երթայ. չուան մը ձգեցէք որ շոգենաւն քաշէ. այդ թիավարները բարի անձեր են, ձեր խնդիրքը չեն մերժեր, մանաւանդ թէ ձեր ուզածն ալ ինքնօրինութիւն չէ։ Տեսէք ի՛նչ եռանդով թի կքաշեն … կէս ժամէն Քում Քաբուի նաւամատոյցը կհասնիք։ Վերջապէս հասաք … ։

Բարեկամ, ձախ կողմդ դարձիր, բայց երկաթուղւոյ գծին վրայէն մի՛ քալեր։ Հիմա աջ կողմ դարձիր եւ սա նեղ փողոցէն ներս մտի՛ր. քիչ մը քալելէդ ետքը ինքզինքդ կը գտնես բարձր շէնքի մը առջեւ, ու երկու մարդ քու թեւերէդ կը բռնեն եւ այդ շէնքէն բռնութեամբ ներս կը հրեն զքեզ։ Մի՛ վախնար, բան չկայ։ Ձախակողմեան սանդուղխէն վե՛ր ելիր եւ բոլոր սենեակները պտըտէ՛, մէջը մարդ չես կրնար տեսնել։ Ինչո՞ւ. վասնզի բոլոր սենեակներուն դռներուն վրայ հետեւեալը գրուած է. առանց գործոց ներս մտնելն արգիլեալ է ։ Ժամը չորս է, բայց այս արգելքն խղճի մտօք կյարգուի։ Քում Քաբուի մէջն ես, բարեկամ, եւ այդ շէնքն ալ Պատրիարքարան է. Պատրիարքարան ըսուելուն բուն պատճառն ալ անկանոն ընթացք մը ունենալն է։ Պաշտօնեաները կը սկսին գալ. զքեզ բռնող երկու մարդերն կ ՚ առաջնորդեն քեզի սենեակ մը՝ ուր սեւ աչերով, սեւ ընքուիներով, կլոր եւ սիրուն դէմքով մարդ մը անուշութեամբ քու որպիսութիւնդ, թաղդ, տարիքդ եւ արհեստդ հարցունելէն ետեւ կ ՚ ըսէ.

Պարո՛ն, երեք տարուան ազգային տուրք պիտի վճարէք, եօթանասունըհինգէն՝ երկու հարիւր քսանեւհինգ դահեկան ։

Ներումն կխնդրեմ. եթէ գիտնայի որ ազգային տուրքդ վճարած չէիր՝ կյորդորէի զքեզ Պատրիարքարանի փողոցէն չանցնելու. բայց որովհետեւ անգամ մը մտած ես հոն՝ պարտքդ տալու ես առանց վշտանալու, վասն զի իւր պարտքը վճարելու անհոգութիւն ընողներուն համար Պատրիարքարանն ասկէ աւելի դիւրին ճամբայ չէր կրնար գտնել ։

Պատրիարքարանէն դուրս ելնելուդ պէս՝ դիմացի դռնէն ներս մտիր. Մայր եկեղեցին է այն։ Այս եկեղեցւոյն մէջ ժամանակաւ ամեն օր Ս. Պատարագ կմատուցուէր, իսկ հիմա շաբաթը հազիւ մէկ անգամ պատարագ կ ՚ ըլլայ հոն։ Քսանը եօթը քահանայ ունի այս եկեղեցին, որոնք Եէնի Քաբուի եւ Կէտիկ բաշայի եկեղեցիներու մէջ ալ պաշտօն կը վարեն. սակայն չկարենալով իրենց օրական ապրուստը ճարել որովհետեւ շատ կ ՚ ուտեն շատ անգամ իրենց ծուխերուն տուները կմնան, անոնց ննջեցելոց հոգւոյն համար կ ՚ ուտեն կխմեն։ Ասոր համար է, որ շատ անգամ եկեղեցւոյն մէջ քահանայ չգտնուիր։ Մայր Եկեղեցւոյ բակը երկու գերեզման կտեսնես. ասոնց միոյն մէջ թաղուած է Տատեան Պօղոս ամիրայ եւ միւսին մէջ կքնանայ Պէզճեան Յարութիւն, որ երկու հազար դահեկան ամսական կտակած է Մայր Վարժարանին, հազար դահեկան ամսական արտաքին Քում Քաբուի վարժարանին եւ յիսուն դահեկան ամսական բանտի եկեղեցւոյն. ափսո՜ս որ ազգային լրագիրներուն համար եւ Պատրիարքարանի փոշիներուն մաքրուելուն համար բան մը չէ կտակած ։

Եկեղեցւոյն քովն է թաղին վարժարանը, որ համբաւաւոր եղած է իւր յարուցած վէճերովը։ Դասատուները շաբաթը մէկ անգամ կփոխուին հոս. ամեն օր նոր դասատու եւ նոր դրութիւն։ Չար լեզուները կ ՚ ըսեն, թէ այս վարժարանին մէջ ամենէն աւելի յարգ եւ պատիւ գտնող դասատուներն անոնք են, որ աշակերտներուն շատ թուղթ, գրիչ, մելան եւ մատիտ սպառել տալու դրութիւնն կյարգեն, եւ այս դրութիւնը շատ հաճելի է եղեր Հոգաբարձութեան անդամներուն ։

Մենք չենք ուզեր հաւատալ, բայց հաւատացողներուն ալ հաւատքը հերքելու չափ զօրաւոր փաստեր չունինք դժբախտաբար։ Աստուած չընէ, եթէ հոգաբարձուներէն մէկն դերձակ ըլլար՝ աշակերտները շաբաթը մէկ անգամ նոր հագուստ հագնելու պիտի ստիպուէին։ Իսկ եթէ մէկն ալ սափրիչ ըլլար՝ անպատճառ հետեւեալ տողերը Ներքին Կանոնագրութեան մէջ պիտի անցնէին. « Աշակերտները պարտաւոր են օրը երեք անգամ կտրել տալ իրենց մազերը »։

Ո՜վ անձնանուիրութիւն, գոնէ անգամ մը քու երեսդ տեսնելու պատիւը պիտի չունենա՞նք։ Տրտմիլ պէտք չէ. կեդրոնական զբօսարանը գնա քիչ մը որ բացուիս։ Աջդ դարձիր, եւ դէմդ կելնեն երեք զբօսարան. մէջ տեղի զբօսարանը մտիր, ուր սեղանի մը վրայ դրուած պիտի տեսնես ազգային քանի մը լրագիրներ, որոնց վրայ դրուած կան օղիի շիշեր եւ գաւաթներ։ Թաղին բոլոր ազգասէրները հոս կյաճախեն եւ օղի խմելով ազգային կենսական խնդիրներու վրայ կխօսին։ Ողջ ըլլան։ Անդին քանի մը երիտասարդներ նստած, պրիճ եւ բրեֆա կխաղան. ողջ ըլլան ու խաղան։ Ասդին քանի մը անձեր ջերմ վիճաբանութեան մը բռնուած են. ասոնք թաղական խորհրդոյ անդամներ են եւ անանկ բարկութեամբ իրարու երես կպօռան, որ կարծես թէ ասոնցմէ մին եկեղեցիէն բան մը ծախած եւ ստակը ծոցը դրած է… առանց իւր ընկերներուն իմաց կամ բաժին տալու։ Ուրիշ մը բարձր ձայնով խաղ կկանչէ. վերջապէս խառնակութիւնը կթագաւորէ հոն։ Սակայն այս կեդրոնական զբօսարանը դարձեալ շատ կանոնաւոր է այն ամեն բաներէն, որ կեդրոնական անունը ունին, ինչպէս կեդրոնական վարչութիւն, կեդրոնական սնտուկ, կեդրոնական վարժարան, որ տակաւին չբացուեցաւ ։

Եթէ այս զբօսարանէն չախորժեցար՝ ծովու վրայ կառուցուած եւ Աճեմ ֊ տաղի ըսուած զբօսավայրը գնա՛. հոն հանդարտ գլուխով կրնաս նստիլ, վասն զի հոն թաղական խորհուրդ չկայ, եւ հետեւապէս, կռիւ ալ չկայ։ Գլուխդ վեր առ եւ սա պատուհանէն ներս նայէ՛. տե՛ս սա կինը, որ աղքատ ըլլալուն պատճառաւ Բուտրա չէ կրցած առնել եւ ալիւր կքսէ երեսներուն. խե՜ղճ կնիկ…։ Քալէ՛… նայէ. սա գեղեցիկ աղջիկը հաքիքճի ին հետ կխօսի դրան առջեւ. ի՞նչ կխօսի արդեօք… անշուշտ Հայկական խնդրոյն վրայ չխօսիր. կարմիր ներկ առած է առջի օրը եւ վճարելու դրամ չունի խեղճը… ի՜նչ խեղճութիւն։ Ահա քանի մը հայ երիտասարդ ձկնորսներ գինետունէն ելած՝ երգելով կու գան. մի՛ վախնար, ասոնք մարդու չեն դպչիր, պատուաւոր կարծուած անձերէն շատ պատուաւոր են ասոնք, որ ստախօսութիւն, նենգութիւն եւ նախանձ բնաւ չունին։ Ճանբադ շարունակէ՛, եւ ահա Աճեմ֊տաղի կոչուած զբօսավայրը հասար։ Նստէ քիչ մը եւ եկող պարոններն եւ օրիորդները դիտէ։ Ա՛ռ քեզի օրիորդ մը, որուն շրջազգեստը իյնալու վրայ է, կ՚երեւի որ աղէկ կապած չէ… ահա կին մը. որ կուրծքը բացած՝ տղուն կաթ տալով կամաց կամաց կու գայ խնդալով… ասդին նայէ՛, հարիւր տեսակ գոյն կայ սա կնկան հագուստներուն վրայ։ Երիտասարդները կսկսին գալ։ Քում Քաբուցին մեծաւ մասամբ հոս կյաճախէ, ուր շատ մը նշանտուք ներ եւ խօսկապ ներ տեղի կ ՚ ունենան ոչ ֊ պաշտօնապէս։ Երկու սեռերն հոս նշանացի կխօսին իրարու հետ՝ երբ իրարմէ հեռու մնան, իսկ ականջէ ականջ կխօսին՝ երբ իրարու մօտ լինին. բնութիւնը կարծես երբեմն ականջն աղջիկներու այտերուն վրայ դրած է, վասն զի երբեմն երիտասարդները այտերուն վրայէն կխօսին, իրենց խօսքն դիւրաւ լսելի ընելու համար։ Այս տեսակ խօսակցութիւնն շատերը քիչ մը տարօրինակ գտնելով՝ չեն ուզեր իրենց ընտանիքը հոն տանիլ ։

Եթէ նեղուեցար հոս՝ Պասմախանէ կոչուած զբօսարանը գնա՛ … տե՛ս այրերու եւ կիներու բազմութիւնը։ Աջ կողմդ նայէ՛, էրիկ կնիկ իրարու հետ կռուի բռնուած են … էրիկը փայտով կսպառնայ կնկանը՝ որ ապտակ կցցունէ էրկանը … երկու տարու տղայ մ ՚ ալ անոնց քովը նստած կու լայ … կինը թաշկինակով շրջազգեստը կսրբէ. կարծեմ տղան մօրը գիրկը միզած է եւ պատճառ տուած է վիճաբանութեան։ Ընտանիքներու մէջ պզտիկ տղայներու մէզը մեր երեսփոխաններուն հարցապնդումին կնմանի, միշտ վէճ կյարուցանէ ։

Եկուր քիչ մ ՚ ալ աղջիկներու վարժարանն երթանք, որ Լուսաւորչեան կկոչուի եւ զոր, Տէր Սուքիաս քահանայն կառուցած է 186 8 ֊ ին, ազգէն օգնութիւն մուրալով։ Սոյն վարժարանն ժամանակաւ երեք հարիւրի չափ աշակերտ ունէր, իսկ հիմա որ տէր Սուքիասէն առնուած եւ թաղական խորհրդոյ յանձնուած է՝ հազիւ ութսուն աշակերտ ունի։ Կկարծուի որ հայերը չեն ուզեր աղջիկ զաւակ ունենալ, աղջիկներու կանոնաւոր վարժարան մը չունենալնուն համար ։

Այս թաղին մէջը կան Մէզպուրեան, Սուրէնեան եւ Ագռանեան վարժարաններ, որոց առաջին երկուքը երկու սեռէ աշակերտներ կ ՚ ընդունին, իսկ վերջինը միայն իգական սեռէն կ ՚ ընդունի … Շիտակը խօսելով՝ հայրերն եւ մայրերը անհոգութիւն չեն ըներ այս վարժարաններու տղայ հասցնելու համար։ Այս մասնաւոր վարժարաններուն ալ յաջողութիւն մաղթենք, քանի որ թաղային վարժարաններէ յուսահատած ենք ։

Թաղիս այրերը մեծաւ մասամբ արհեստաւոր եւ պատուաւոր մարդեր են, որ ժամանակաւ ազգային խնդիրներու մէջ մեծ դեր կխաղային, իսկ քանի մը տարիներէ ի վեր իրենց թաղային վարժարանին վէճերովը կզբօսնուն ։

Ասոնք գրեթէ ընդհանրապէս սբիրիթիւալիսթ են, ամենքն ալ օղի կխմեն, միայն թէ օղիին տիւզ տեսակէն կգործածեն։ Այս տեղի ժողովուրդն այնպէս համոզուած է, թէ օղին տեսակ մը ջուր է, որ տխրութեան վրայ թափուելուն պէս՝ ուրախութեան կփոխէ զայն։ Տիւզը տարբեր եղանակներով կգործածուի հոն. ոմանք առանց ջուրի կխմեն. քիչ մը ջուր դնողներ ալ կան. են որ առաջ քիչ մը ջուրով կլուան իրենց բերանը եւ վերջը կխմեն օղին. ոմանք գաւաթով կխմեն, իսկ ոմանք շիշով, եւ մէկ քանիներ ալ տակառով։ Գաւաթով խմողները կծաղրուին ինչպէս օմէօբաթ բժիշկներն ալօբաթ ներէն ։

Թէ՛ այրերը եւ թէ կիները շատ կսիրեն բաղնիքը. ձմեռը տաք բաղնիքներէն դուրս չեն ելներ, ամառն ալ ծովու բաղնիքներէն։ Ամենքն ալ սագէ մը աւելի յաջողակութեամբ կլողան, բայց չափազանց տնտեսագէտ ըլլալնուն պատճառաւ՝ մինչեւ որ ութը ինը ժամ ծովու մէջ չմնան՝ բաղնեպանին վաթսուն բարա վճարելու համար դժուարութիւններ կհանեն։ Խնայողութեան համար վեց ամիս Մեծ Պահք կբռնեն եւ լուբիայով ու ձէթով կ ՚ անցունեն իրենց օրերը ։

Առաջուան ջերմեռանդութիւնն անյայտ եղած է այս թաղէն եւ անոր յաջորդած է անտարբերութիւն աղօթքի մասին։ Կիրակի առաւօտ մը գնա Մայր Եկեղեցին. ժողովուրդէն մարդ չպիտի տեսնես հոն. եթէ քահանայ մը տեսնես՝ մոմ մը վառէ եւ դուրս ելիր։ Կիները միայն Ս. Զատկին կամ Ս. Ծնունդին օրերը կ ՚ երթան եկեղեցին, եւ այն ալ ոչ թէ աղօթելու համար, այլ իրարու հագուստներու վրայ դիտողութիւն ընելու, աղջիկներն մանչերու նշանելու եւ երբեմն ալ եկեղեցւոյն մէջ զաւակ բերելու համար ։

Իգական սեռը թուղթ բացող կնիկներու ալ կհաւատայ, պակլա նետող խաթուններուն ալ. եթէ կին մը հորի դոյլ կորուսնէ՝ թուղթ բացողներու կդիմէ կորուսած դոյլը գտնելու համար Թասօնիի՞ դիմելու էր. եթէ աղջիկ մը իւր սիրականը կորուսնէ՝ պակլա նետել կու տայ։ Այս նախապաշարումները շատ տուներու մէջ դեռ կտեսնուին ։

Իգական սեռը հոս պճնասէր չէ, հագուստի մասին շատ դրամ չմսխեր. տարին անգամ մը Բէրա կելնէ եւ Լուի Ֆիլիբի ժամանակէն մնացած գլխարկ մը կ ՚ առնէ քառապատիկ գնով եւ յետ կը դառնայ. ասոր կ ՚ ըսեն, հնաձեւութիւն նորաձեւութեան … ։ Հագուստ վայելեցնելու համար ալ երկու ֊ երեք ժամ հայելիին առջեւը մնալ չուզեր, հագուստն միմիայն իւր անձը պաշտպանելու համար կը հագնի, եւ ասոր համար է, որ երբեմն գուլպաները սխալմամբ ձեռներուն կ ՚ անցունէ եւ ձեռնոցներն ոտներուն։ Ո՜րչափ երիտասարդներ կան, որ ասանկ աղջիկներ կփնտռեն։ Աշխատասէր են. առաւօտէ մինչեւ երեկոյ կա՛մ կար կկարեն, կամ լաթ կլուան եւ կամ տախտակ կսրբեն. տեսակ մը աղջիկներու կամ կիներու պէս ծունկ ծունկի վրայ դրած պատուհանին առջեւ չեն նստիր շաբաթներով ։

Այս թաղին մէջ կբնակի Պ. Մինաս Քաբամաճեան, ազգային երեսփոխան եւ Լոյս հանդէսին խմբագիր, որ խմբագրական տաժանելի ասպարէզին մէջ ազգին կծառայէ իւր լուրջ եւ զաւեշտական յօդուածներով եւ սակայն դարձեալ պէտք եղած քաջալերութիւնը չգտներ։ Հոս կբնակի նաեւ ազգային երեսփոխան եւ Հայրենիքի խմբագիր Պ. Մկրտիչ Մելիքեան, որ խմբագրական ծանր բեռան տակ կճնշուի։ Չգիտեմ թէ այն ժողովուրդն, որ Հայրենիք մը չէ կարող ապրեցունել, իրաւունք ունի՞ Հայրենիք պօռալու … ։ Հոս ծնած է Գերապատիւ Մատթէոս եպիսկոպոս Իզմիրլեան. Պատրիարք կ ՚ ուզէ ըլլալ եւ չի կրնար ։

Այս թաղին սահմանն է արեւելքէն օղի, արեւմուտքէն գինի, հիւսիսէն քօնեաք, հարաւէն րօմ. կկարծուի թէ Նոյ նահապետ Քում Քաբուցի էր ։

Կառավարութիւնն ոչ սահմանադրական է, ոչ ալ միապետական. անհոգութիւնն է, որ կը վարէ թաղին գործերը ։

Նշանաւոր է Մայր Եկեղեցւոյ ջրհանկիրներու խումբը, որ կտրիճ երիտասարդներէ կազմուած է եւ մեծ պատիւ վաստակած է իւր ճիւղին մէջ։ Եթէ հարուստ ըլլայի՝ ամբողջ թաղ մը կրակի կու տայի՝ այս կտրիճներու վազելը տեսնելու համար ։

Քում Քաբուն շատ խոնաւ է, բայց Քում Քաբուցին շատ առողջ է։ Խոնաւութիւնը միմիայն անոնց լաթերուն վնասած է, եւ եթէ երբեմն Քում Քաբուցի մը տեսնես, որ բորբոսած հագուստով կը վազէ՝ հասկացիր, որ ատոր պատճառն խոնաւութիւնն է ։

Մոռցանք յիշելու, որ այս թաղին մէջ հազար երկու հարիւր տուն հայ կայ եւ երկու հազար չորս հարիւր գինետուն, այսինքն տուն գլուխ երկու գինետուն. բայց թաղեցին այս թիւէն գոհ չըլլալով՝ բողոքած է, եւ իւր բողոքն ալ նկատողութեան առնուելով որոշուած է հազար գինետուն եւս աւելցունել ։

"Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ" ստեղծագործության մյուս մասերը

Յատուկ Երաժշտություն
Սիմֆոնիկ պատկերներ
Ղազարոս Սարյան

Սիմֆոնիկ պատկերներ

Կոստանդնուպոլիս
Կոստանդնուպոլիս
Խաղա առցանց