Zapel Yesayan
Քողը
3
Ամիսներ անցեր էին. Ատիլէ՝ քաղքենիի իր նոր դիրքին բոլորովին ընտանեցած էր Ոսկեղջիւրի թաղերէն մէկուն մէջ, եռայարկ, կարմիր ներկուած, փայտաշէն տան մը մէջ, ճերմակ վանդակներուն ետեւ, կիսաստուերի մէջ շղարշուած, անիկա կը սպասէր իր սպային, ինչպէս երազած էր երբեմն. իր բոլոր իղձերը կատարուեր էին ու նիքեահին օրը իր քօղը առաջին անգամ բացողը իր սիրական ձիաւորը եղած էր։
Ինչպէ՜ս գեղեցիկ էր Ալի Հասան այն օրը… յարատեւ կերպով այդ պատկերը կը ներկայանար Ատիլէի, երբ ամուսնոյն բացակայութեանը՝ անոր վրայ կը խորհէր. կը մտաբերէր անոր պաշտօնական համազգեստը, լայն կուրծքը որուն վրայ պատուանշաններու ոսկին եւ արծաթը զինքը շլացուցին, երբ առաջին անգամ, Ատիլէ երեսը ու գլուխը բաց դէմ առ դէմ գտնուեցաւ այր մարդու մը հետ, խպնոտութեան անդիմադրելի զգացում մը հարսնուկի մը պէս զինքը կարմրցուց. երկուքն ալ լուռ էին։
Ինքը կը զգար գլխուն վրայ ոսկեթելերով զարդարուած տիատէմը որ կը դողդղար ու իրեն կը թուէր որ պիտի իյնար. փեսան այնքան մօտ կեցած էր իրեն որ կ՚զգար անոր գաղջ շունչին փայփայանքը այտին վրայ. ճշմարիտ ծաղիկներու բուրումը, խնկամաններու մէջերէն սլացող կնդրուկի ցից ծուխերուն հետ զինքը կարծես կը շղարշէին. դուրսէն կը լսէր արեւելեան նուագածուներու երկարաձգուող ու մելամաղձոտ երգերը ու հեռուներէն իրեն ականջին կուգար թմբկահարութեան մը բաբախուն աղմուկը… հարսնեւորներու ժխորը, հարէմին մէջ փակուած կիներու ճռուողիւնը, օշարակներու եւ քաղցրեղէններու չափազանցութենէն յառաջ եկած իր թեթեւ սիրտ խառնուուքը, տեսակ մը անկարողութեան կը մատնէին զինքը։ Այդ միջոցին Ատիլէ կը փափաքէր անհետանալ չքանալ… ու իրեն կը թուէր որ երբեք իր աչքերը չպիտի կարենար բարձրացնել դէպ ի իր տէրը, իր ամուսինը… բայց ահա խօլ եւ սանձարձակ զուարթութիւն մը մտրակեց զինքը. կարծես հոգին կ՚արձակուէր իր կապանքներէն. իր վայրենի բնութիւնը կը խնդար իր մէջ. Ատիլէ գլուխը բարձրացուց մէկէն ու աչքերը կայծկլտուն երջանկութիւնով սեւեռեց իր փեսին վրայ. կը տեսնէ՞ր զայն ամբողջովին այդ պահուն. ի՜նչ փոյթ. տարտամ ու գորովագին զգացում մը վերացուց զինքը ու անհունօրէն երջանիկ էր, ինքզինքը ստրուկի մը պէս նսեմ, խոնարհ, եւ սին զգալով, իր փառաւոր, իր շքեղ սպային քով։
Ալի Հասան փափկութեամբ ու վեհանձնութեամբ վարուեցաւ իր հետ ամուսնութեան առաջին օրերուն եւ բոլորովին գրաւեց կնոջը սէրը որ մեծապէս տոգորուած էր հնազանդութեան եւ բացարձակ համակերպութեան զգացումով, գոհ էր որ կեսուրը խիստ էր իրեն նկատմամբ ու զինքը կը պահէր գոց վանդակներու ետեւ։ Ամբողջովին նուիրուած ըլլալը իր տիրոջը, առանց որ իր զգացումներուն եւ մտածումներուն մէջ օտար ո եւ է երանգ մտնէր, վայելք մըն էր իրեն համար։
Անուս աղջիկ էր ու իր քաղքենիի դաստիարակութիւնը անխնամ. անիկա բան մը չէր սորված նոյն իսկ ընթացիկ ձեւակերպութիւններէն, սովորութիւններէն. հնազանդելու եւ խոնարհելու իր ձգտումին մէջ. յաճախ պարզ աղախինի երեւոյթներ կ՚ստանար մանաւանդ իր կեսրոջը հանդէպ՝ որուն գիտակ, արհամարհոտ եւ ատելափառ կնոջ ազդեցութիւնը կ՚ահաբեկէր զինքը։ Ատիլէ չկրնալով ըմբռնել Զէհէր հանըմի բո՛ւն զգացումները, անստուգութեան մէջ կ՚իյնար իր անհատական արժէքին նկատմամբ ու կարծես կը համաձայնէր որ ինքը արժանի չէր Ալի Հասանի. երբ մանաւանդ բարեկամուհիներ այցելութեան կուգային, նոր հարսին անճարակութիւնը տառապանք մը կը դառնար. որքա՜ն պիտի ուզէր որ Զէհէր հանըմը չամըչնար իրմէն, որքա՜ն պիտի ուզէր որ իր շարժուձեւերը ստանային այն սեթեւեթները որոնք իրեն թէ հիացում եւ թէ նախանձ կ՚ազդէին ուրիշ դեռատի աղջիկներու վրայ։
Ու ինքը կը տանջուէր այդ բոլորին իր անձին համար յայտնած արհամարհանքէն ո՛չ թէ ինքզինքին համար, այլ Ալի Հասանի համար. կարծես ամէնքը ըսել կ՚ուզէին. «Ա՞ս է այդ աղջիկը»։ Ու կեսուրը չէր քաշուեր բնաւ ու իր տհաճութիւնը կը յայտնէր ու իր բարեկամուհիներուն հետ կը համաձայնէր որ իր տղան կախարդուած էր անշուշտ. աչքերը կապուած էին։
Բայց իր ամուսնոյն ներկայութեան Ատիլէ վերստին կը գտնէր իր բոլոր զուարթութիւնը եւ երիտասարդական աւիւնը. իր աչքերը լոյս կը ստանային, իր այտերը կը գունաւորուէին. կարծես ներքին հուր մը կը վառէր իր հոգիին մէջ ու կը լուսաւորէր իր էութիւնը պայծառ լոյսով մը։ Իր սիրականին սէրը կը կրէր յուզուած շփոթութեամբ մը ու իր անսահման գորովանքին մէջէն հեշտագին խոնարհութեամբ մը կը զգար անոր տիրական հրայրքը։
Ալի Հասան, յոգնած պատահական եւ անստոյգ հանդիպումներէ, մեծ երջանկութիւն մը զգացեր էր իր ամուսնական կեանքին մէջ, անիկա կը սիրէր իր կինը, թէեւ իր գերազանց մարդու ինքնագիտակցութեամբ բայց կատարեալ համարումով. գիտէր որ այդ պարզ եւ անուս աղջիկը որ այնքան յօժարակամ կը ճկէր իր եւ մանաւանդ մօրը քմահաճոյքներուն, Իպրահիմի աղջիկն էր, ու աներոջը համար ունեցած յարգանքը բացառիկ շուք մը կուտար իր կնոջը. որովհետեւ բնազդով կը զգար որ անիկա իր հօրը պէս կարող էր օր մը բարձրանալու վեր, շատ վեր, ու արտասանելու այնպիսի խօսքեր, որոնց նմանները անկարող էին իրենք արտասանել։
Բայց երբ իր ցանկութիւնը մարեցաւ հետզհետէ, երբ սկսաւ նուազ անհամբերութեամբ տուն դիմել, աստիճանաբար մոռցաւ նաեւ իր կնոջ մասին զգացած յարգանքը։
Ազատամիտ մարդ էր ինքը ու նոր միտքեր դղրդեր էին իր Իսլամի խստութիւնները կնոջ նկատմամբ. իր ընկերներէն ոմանք Եւրոպացի կիներու հետ ամուսնացեր էին ու ճանչցեր էր անոնց ազատ եւ համերաշխ կենցաղը. ինքն ալ միջոց մը մտադիր էր Քրիստոնեայ կին մը առնել, իր տան մէջ մտցնելու համար այն նոր եւ թարմ օդը որուն կը տենչար իր երիտասարդի ձգտումներով։ Իր նեղսրտութեան րոպէներուն դժգոհութեամբ կը մտածէր թէ՝ ճակատագիրը տարբեր կերպով տնօրիներ էր իրեն համար։ Ատիլէի խոնարհութիւնը ու քաղցրութիւնը ծաղրելի ու անտանելի կը թուէին իրեն, մինչ սիրոյ առաջին օրերուն այդ օտար ամուսնութիւններուն անպատեհութիւնները կը տեսնէր միայն եւ խորապէս կը զգար որ այդ երեսը բաց, ու ամէն տեղ մտնող ելլող կիներուն հետ երբե՛ք չպիտի ունենար այն նուրբ եւ անսահմանելի զգացումը որ իր քօղարկուած եւ ընկերներուն աչքերէն հեռու պահուած կինը կը ներշնչէր իրեն։ Նոյն իսկ սիրոյ առաջին թափին մէջ, վագրի պէս նախանձոտ դարձեր էր ու դժգոհութեամբ կը յիշէր որ առաջին անգամ Ատիլ պէյ ալ տեսեր էր իր կինը։
Բայց վերջապէս իր բոլոր զգացումները կը մեղմանային. տակաւ առ տակաւ Ալի Հասան սկսաւ յիշել ամուրիի կեանքին զուարճութիւնները. օր մը անդիմադրելի կերպով փափաք զգաց երթալ տեսնելու Եւրոպացի կին մը որ զինքը այնքա՛ն խնդացուցած էր ժամանակին. երգեցիկ սրճարանները սկսան իր վարժ քայլերը հրաւիրել. սակայն եւ այնպէս չէր դադրած իր կինը սիրելէ ու անոր քով անցուցած միջոցը կը նկատէր իր կեանքին երջանկագոյն ժամերը։
Զէհէր հանըմ նախ տհաճութեամբ դիտելէ ետքը իր տղուն կնոջը նկատմամբ ունեցած բոլորանուէր սէրը, հաճոյքով անդրադարձաւ որ անոր հրայրքը տկարացաւ։ Հարէմի փակ եւ դատարկ սենեակներուն մէջ ձանձրոյթը իր գորշ մշուշը կը դնէր, ամէն բան սկսեր էր գունատիլ. բազմոցներուն կարմիր թաւիշը, ոսկեդրուագ կարասիներուն ջնարակը, արհեստական ծաղիկներուն երանգները կը կորսնցնէին հետզհետէ իրենց փայլն ու հրապոյրը, ու այդ հետզհետէ թառամող եւ փոշիացող շրջանակին մէջ՝ Ալի Հասանի աչքերը նոյն խանդավառութեամբ չէին տեսներ իր կինը։
Հետզհետէ մօրը նենգաւոր եւ յամառ գանգատները իրենց պտուղը տուին, Ալի Հասան բարեացակամութեամբ խորհուրդներ տալէ ետքը Ատիլէի, սկսաւ սրտնեղութեամբ զայն յանդիմանել։
Ինչո՞ւ այդպէս ձեռքերդ ծալլած կը մնաս, կարծես թէ աղախին ես։
Ատիլէի մանկունակ աչքերուն մէջ ցաւի եւ անկարողութեան արցունքները կը փայլէին. ինքն ալ չէր գիտէր թէ ի՞նչպէս վարուէր, ի՞նչպէս շարժէր. զգաց որ ամւսինը արհամարհոտ կը դառնայ օրէ օր. այլեւս իրենց մտերմական խօսակցութիւնները շատ կարճ էին. Ալի Հասան իրեն չէր հաղորդեր իր հոգերը եւ յոյսերը, այլ միայն մօրը՝ որուն հետ երկար, առանձին խօսակցութիւններ կ՚ունենար ու ինքը դուրսը կը մնար, իբր թէ օտար ըլլար։
Եւ ահա յանկարծ Ատիլէ զգաց դառնօրէն իր դասակարգին յատուկ թշուառութիւնը. հակառակ իր խոնարհութեան եւ համակերպութեան արտասովոր ձայն մը լսեց իր հոգիին մէջէն. Ալի Հասանի արհամարհոտ յանդիմանութիւններէն աւելի զինքը խարազանեցին կեսրոջը ատելավառ եւ կծու ակնարկութիւնները. մէկէն ի մէկ ըմբռնեց որ անիրաւ են իրեն նկատմամբ ու իր սէրը եւ իր անսահման գորովանքը ոչնչի տեղ կը դնէն, չեն ուզեր հաշուի առնել զայն երբ ինքը այդ սանձարձակ սէրէն մղուած պատրաստ էր մեռնելու անոնց համար։
Ներքին խոր դրդում մը զինքը սթափեցուց իր լռին համակերպութենէն. ինք ալ չէր գիտեր թէ ի՞նչ է այդ դրդումը, չէր զգար որ ատիկա մարդկային արժանապատուութեան սրբազան զգացումն էր, կ՚ուզէր նոյն իսկ զայն մեղմացնել, զայն ճնշել ու լռեցնել, բայց եւ կը զգար որ իր ջանքերը ապարդիւն էին. իր աչքերը հետզհետէ բացուեցան իրական կացութեան. ուզեց ելնել իր որսացուած անասունի դերէն. ուզեց որ իր կամքը եւ իղձերը իրենց դերերը կատարեն ամուսնական կեանքին մէջ. յիշեց իր հօրը եւ մօրը ներդաշնակ կենցաղը ու անով ամրապնդուած կազմեց հետզհետէ իր կնոջական արժանապատուութիւնը. բայց ինչ որ շատ դիւրին պիտի ըլլար առաջին օրերուն, այլեւս դժուար էր. իր խակութեան հետեւանքով կորսնցուցեր էր բոլոր պատեհութիւնները. հիմակ այլեւս կը զգար որ ամուսնոյն եւ կեսրոջը տիրապետութիւնը անխզելի է, թէ ինքը ո եւ է կերպով չի կրնար ներգործել անոնց վրայ, թէ ինքը կապկպուած է շղթաներով եւ բանտարկուած է ընդունուած սովորութիւններու ցանցի մը մէջ։
Երբ իր ծնողքին այցելութեան կ՚երթար, ինչ որ կը պատահէր շատ ցանցառօրէն. իրեն կ՚ընկերանար պառաւ աղախին մը որ հանըմի ձեւեր կ՚առնէր Սալաճաքի համեստ տնակին մէջ։ Իսլամական սքանչելի պարզութեամբ, առանց գայթակղելու, Իպրահիմի կինը կը մեծարէր զայն եւ ամէն անգամ, վերադարձին, Ատիլէ կը զգար որ իր տան ծառան անգամ արհամարհոտ էր իրեն նկատմամբ. անիկա Զէհէր հանըմին կը հաղորդէր համեստ տնակին սովորութիւններէն մանրամասնութիւններ, ցաւելով կը յիշեցնէր որ Ալի Հասանին արժանի աղջիկ չէր այդ պայդարին աղջիկը ու հակակրութեան ցանցը ալ աւելի սեղմ կը զգար Ատիլէ իր շուրջը։
Ոչ մէկ օր, անիկա իր ներքին ցաւերուն ու իր հոգերուն վրայ խօսած էր ծնողքին. բայց Իպրահիմ զգացեր էր որ իր աղջկան երջանկութիւնը հետզհետէ կը մարէր մտահոգութեանց մէջ եւ իր խաղաղ դէմքին վրայ տխրութեան ստուերը երեւցեր էր այն օրէն ի վեր։
Իրիկուն մը Ատիլէ, ամուսնոյն երկար ժամեր սպասելէ ետքը, բազմոցին վրայ պառկեցաւ. հազիւ թէ կը մրափէր երբ ընդոստ արթննալով սանդուղներուն վրայ լսեց Ալի Հասանի սուրին աղմուկը. ոտքի ելաւ, մազերը շտկեց եւ սրտատրոփ սպասեց։ Զոյգ մը մոմերու պլպլացող լոյսին մէջ տեսաւ անոր հասակը ու քարացած մնաց։ Անոր դէմքը մոլորուն արտայայտութիւն ունէր, աչքերը տենդահար մարդերու աչքերուն կը նմանէին. գօտին թուլցեր էր ու սուրը կը քաշքշուէր գետնին վրայ խլեակի մը պէս։
Սիրակա՜նս, հոգիս, ինծի՞ սպասեցիր։
Զինուորականին ուժեղ կուրծքը ճնշեց Ատիլէի ուսերը որ դէպ ի ետ ընկրկեցան, բայց երկու վայրագ բազուկներ սեղմեցին դեռատի կինը ու անիկա նողկանքի եւ սոսկումի խառն զգացումով մը զգաց ամուսնոյն գինովութիւնը։
Ո՛չ, ո՛չ, հեռու գնա…
Ատիլէ բռնուած թռչունի մը պէս յուսահատ ջանքեր կ՚ընէր, իր անզօր ձեռքով ետ կը մղէր զայն ու զզուանքով դէմքը անդին կը դարձնէր։
Յանկարծ կոյր եւ վայրագ զայրոյթ մը բռնկեցաւ Ալի Հասանի երակներուն մէջ. մէկ ճիգով բարձրացուց կինը ու գետին նետեց զայն. ու սենեակին մէջ խելայեղօրէն պտուտկելով սկսաւ հայհոյութիւններ ընել։
Սա լիրբին նայեցէ՛ք, սա՛ անհարազատին նայեցէ՜ք… ափ մը ցե՛խ, որ ուզած ատենս կրնամ ճզմել ներբանիս տակ արհամարհելի ու չքոտի արարա՛ծ, ինքզինքդ բա՞ն մը կարծեցիր, որովհետեւ քէֆիս եկաւ քեզի մինչեւ ինծի բարձրացնել։
Անոր մոլորած աչքերուն առջեւ կարմիր ու դեղին բոցեր կը պարէին ու զայրոյթը կը հրահրուէր կնոջը լռութենէն, պիտի ուզէր որ անիկա աղաղակէր, ճչար, բայց անոր անշարժութիւնը ու լռութիւնը զինքը կը մտրակէին նախատինքի մը պէս։
Աւելի սաստիկ, հետզհետէ աւելի խելայեղ, բարկութիւնը կը գոռար անոր օղիէ գերագրգռուած ուղեղին մէջ. աչքերը դարձան, այլեւս իր շարժումներուն տէրը չէր, մղձաւանջային տարտամութիւն մը զինքը կը պարուրէր. ուժգին հարուածներու աղմուկը իր ականջին կը հասնէր առանց զինքը սթափեցնելու, կարծես իր բազուկները չըլլային այդ հարուածները տուողը։
Փոթորիկէ մը աւերուած շուշանի պէս, Ատիլէ ֆիզիքական եւ բարոյական ցաւէն ինքնակորոյս, իր պատռտած հագուստներուն մէջ կ՚զգար բիրտ հարուածներէն վիրաւորուած մարմինը ու անսահման զգացում մը անէութեան՝ կը գրաւէր իր հոգին. ո՛չ լաց, ո՛չ աղաղակ, իր հպարտութեան զգացումը լռած էր այլեւս ու ցաւագին զարմացումով կ՚ադրադառնար որ մահուան եւ սիրոյ զգացումները հեշտագին սարսուռի մը պէս կ՚անցնէին իր երակներէն։
Երբ Ատիլէ բոլորովին սթափեցաւ, խոր լռութիւն մը տիրէր տան մէջ. արշալոյսը դեռ չէր ծագած, բայց քաֆէսներուն ետեւէն գիշերը կ՚անօսրանար եւ կը տժգունէր. այդ պահուն իր կացութեան սոսկումը զինքը պատեց ու ցրտօրէն կրցաւ մտածել պատահածին վրայ. թէեւ դեռ ներողամտութեան վարանք մը կար իր մտածումին մէջ Ալի Հասանի նկատմամբ, բայց հետզհետէ զգաց որ կարծր եւ անդիմադրելի զգացում մը կը տիրանար իրեն ու կը մերժէր հաշտութեան ոեւէ եզր։ Խռպոտ եւ շնչաց հեւք մը իր մտածումը ընդհատեց եւ խորհեցաւ որ անիկա Ալի Հասանը ըլլալու էր որ գինովներու յատուկ խռովուած քունով կը քնանար անկողնին վրայ նետուած, առանց հանուելու։
Հետեւեալ օրը իր կեսրոջ խոժոռ եւ յանդիմանական դէմքէն խուսափելով, Ատիլէ իր սենեակին մէջ առանձնացաւ. կեանքը կը սկսէր տխուր եւ լեղի դառնալ իրեն համար. խոշտանգուած մարմինը անտանելի ցաւեր կը պատճառէր իրեն, տենդը կը չորցնէր շրթունքը ու լալու փափաք մը կը կարծրացնէր իր կուրծքը եւ կոկորդը. անիկա արցունքներ կուլ տալով եւ ցաւագին մարմինը քաշքշելով կը պտուտկէր սենեակին մէջ երբ կեսուրը երեւցաւ։
Ո՞ւր ես, ի՞նչ ես եղեր. նազըդ որի՞ է։
Հիւանդ եմ, Աննէ՛, հեծկլտաց Ատիլէ ու մէկ անգամէն յորդառատ արցունքներ ժայթքեցին իր աչքերէն։
Անիկա կուլար բոլոր մարմնովը ցնցուելով, մանկան պէս բարձրաձայն ու այնպիսի սրտառուչ անկեղծութեամբ մը որ ձայնը կը թրթռար երկարօրէն ողբական եւ յուսահատ։
Միջոց մը կեսուրը լուռ մնաց. հանդիսաւոր կեցուածքով կը մրթնած էր պատին ու չէր գիտեր ինչպէ՞ս պատասխանել ցաւի այս արտայայտութեան. յուզմունքի ալիք մը կը բարձրանար իր հոգւոյն մէջ ու զինքը կը մղէր գթասիրտ խօսքի մը, գորովագին շարժումի մը որ պիտի ամոքէր ու մոռցնել տար Ատիլէի՝ իր ցաւը, բայց այս ինքնաբուխ զգացումը վիժեցաւ ու նախկին պալատականի հոգիին մէջ հպարտութեան եւ փառասիրութեան չար դեւը գոռաց։
Նախ ինքն ալ չէր հաւատար իր շրթներէն ելած խօսքերուն ճշդութեան, բայց հետզհետէ տարուեցաւ անոնց կիրքէն ու իր սեւ աչքերը վառեցան անհաշտ ատելութեամբ։
Ալչաք արարա՜ծ, ամբարտաւան, ուղուրսըզ աղջիկ, ուրկէ՞ ուր իմ սեմէս ներս մտար ու դժբախտութիւն բերիր մեզի… այս յարկին տակ, մինչեւ այսօր լաց ու հառաչանք չէր լսուած ու հիմա քու պատճառաւդ սգաւոր տուն է դարձեր, նազըդ որի՞ է… փոխանակ ինքզինքդ փառաւորուած զգալու՝ դուն տղուս քէֆը հարամ կ՚ընե՜ս… դուն իրեն պարտական ըլլալով բացարձակ հնազանդութիւն, գլուխ կը բարձրացնե՛ս… բայց դուն չես գիտեր թէ ի՛նչպէս պիտի ջախջախուի այդ գլուխդ…
Աւելի ուժեղ, աւելի հեծեծագին Ատիլէի լացը կը պատասխանէր Զէհէն հանըմի ձայնին։
Վա՜խ, վա՜խ, վա՜խ… մեղք իմ կտրիճ զաւակիս. մեղք իմ առիւծիս… դուն չե՞ս մտածեր որ ինչպէս եկար, այնպէս ալ կ՚երթաս. թէ բաղդը քեզիպէսներուն համար հեղեղի մը կը նմանի՜… անմիտ ու անշո՛ւք արարած, դուն չէ՞ս խորհիր որ տղուս ոտքին փոշին չե՛ս, ուրկէ՞ ուր սորվեցար գլուխ բարձրացնել, շատ սերո՛ւնդ…
Ատիլէի լացը լռեց… կեսրոջ հրացայտ աչքերուն սեւեռեցան ուրիշ աչքերը մատղաշ եւ վայրենի կենդանիի աչքեր…
Ես պայդար Իպրահիմի աղջիկն ե՛մ…
Ինչո՞ւ կ՚արտասանէր այդ խօսքերը եւ ինչո՞ւ կը փառաւորուէր իր հօրմով, ինքն ալ չէր գիտեր, բայց իր ձայնին մէջ կար այնպիսի շեշտ մը ուրկէ Զէհէր հանըմ ազդուեցաւ ու անոր սրտին կարծրութիւնը թուլցաւ. մինչ Ատիլէ կը կրկնէր հեկեկալով,
Ես պայդար Իպրահիմի աղջիկն եմ։
Բայց անիկա այդ պահուն զգաց որ շրթները կը պաղէին, մեքենաբար ու թոթովելով կը ճգնէր կրկնել այդ բառերը, բայց այլեւս լեզուն չհնազանդեցաւ իր ջանքին, արագ սարսուռ մը անցաւ կռնակն ի վար, գլուխը դարձաւ, սրունքները դեդեւեցին ու երբ կը պատրաստուէր դէպի բազմոցը երթալ, կռնակն ի վար ինկաւ, արմատէն կտրուած ծառի մը պէս։
Օ՛ֆ, օ՜ֆ… այս ինչ ձիւն էր եկաւ գլուխս, այդ անիծուած աղջկան պատճառած հոգը, պատճառած ծախսը վերջ չունի՜… տղուս հանգիստ խոռվուած է… անիկա գիշերը քուն չունի, ցորեկը խաղաղութիւն չունի… ասոր վերջը ո՞ւր պիտի երթայ։
Ատիլէ հիւանդ պառկած էր ու Ալի Հասան՝ խղճահար իր վարմունքին համար. մեծ գուրգուրանքով կը խնամէր զայն եւ այլեւս ականջ չէր կախեր մօրը յարատեւ տրտունջներուն։
Բժիշկը լրջութեամբ խօսած էր ամուսնոյն հետ եւ այս վերջինը չէր գիտեր ի՞նչպէս դարմանել իր ըրածը։ Հետզհետէ Զէհէր հանըմ տեսնելով որ իր անտարբերութիւնը խորթ կը թուէր տղուն, մտահոգ երեւցաւ, նաեւ անկեղծօրէն փափաքեցաւ որ Ատիլէ առողջանայ, մտածելով որ հիւանդութիւնը զայն աւելի շահեկան կը դարձնէր Ալի Հասանի աչքին։
Հակառակ որ հիմակ տղան շատ կը շփացնէր կինը, իր փորձառու կնոջ հոտառութեամբ կը զգար որ բան մը կար որ անդարմանելի կերպով խզուած էր անոնց մէջ եւ թէ այդ կարգի կռիւներ, եթէ ոչ նոյն ուժգնութեամբ բայց յաճախակի՝ տեղի պիտի ունենային անոնց մէջ. եւ այդ անհամաձայնութեանց վերջնական արդիւնքը գուշակել դիւրին էր։
Երբ Ալի Հասան անհամբեր ու շնչասպառ, զօրանոցէն տուն կուգար, մայրը կը գտնէր յաճախ Ատիլէի քով եւ երախտապարտութեամբ աչքերը կը լեցուէին, խորապէս կը սիրէր անիկա իր կինը ու անգիտակցութեան մը րոպէին անոր հետ ունեցած բիրտ վարմունքը պատճառ մը չէր համարեր ցրտութեան. ընդհակառակը, զայն շատ աւելի կը սիրէր, զայն ցաւցուցած ու վիրաւորած ըլլալով, կարծես աւելի տիրացած էր անոր եւ այս զգացումը այնպիսի սրտազեղում մը կը պատճառէր իրեն որ նոյն իսկ երբ հեռու եղած ատեն կը յիշէր, հոգին կը թուլնար ու սիրոյ տենդը նորոգ խոյանքով մը կ՚անցնէր իր էութեան մէջէն։
Երբ Ատիլէ առողջացաւ, Զէհէր հանըմ միջոց մը լաւ վարուեցաւ հետը. ուրիշ կարգի ծրագիրներ կ՚ուրուագծուէին իր հնարամիտ կնոջ մտքին մէջ, շատ լաւ կը ճանչնար մարդկային տկարութիւնները եւ վարժ էր զանոնք վարուելու այս կամ այն ուղղութեան. հասկցաւ թէ ինչպէ՞ս պիտի յաջողէր իր տղան Ատիլէէն բաժնելու եւ այլեւս պատեհ չհամարեց իր հարսին հետ գէշ վարուիլը, քաղցրօրէն կը յանդիմանէր զայն այդպիսի դէպքեր տեղի տուած ըլլալուն համար եւ երբ Ատիլէ ինքզինքը արդարացնելու համար կ՚ըսէր թէ այն օրը Ալի Հասանի գինովութենէն էր որ խորշած էր, Զէհէր հանըմ լրջօրէն եւ հանդիսաւորապէս կը պատասխանէր։
Ի՜նչ կ՚ուզէ ըլլա՜յ… ի՜նչ կ՚ուզէ ընէ, էրիկ մարդ է անիկա։
Ատիլէ երկար օրեր մնաց շատ տժգոյն եւ տխուր. մասնաւոր մտասեւեռում մը զինքը փոխն ի փոխ կ՚անցնէր յոյսի եւ տարակոյսի տագնապներէն. իր նոր ապաքինած հիւանդի աչքերուն մէջ տենդագին կենսունակութիւն մը կար եւ միեւնոյն ատեն սրտառուչ խոնաւութիւն մը. իր ձայնը առեր էր հեծկլտանքի բեկբեկ եւ մելամաղձոտ շեշտը. իր գեղջուկի ձեռքերը նիհարցեր ու ճերմկեր էին ու մատները կը բարակնային հիւծախտաւորներու մատներուն պէս։ Յաճախ հոգիին խորէն հառաչանք մը մինչեւ շրթները կը բարձրանար եւ մտահոգ կը մնար՝ քանի մը րոպէ սրտին ցաւը մտիկ ընելով։
Իրեն օգնելու համար հեռաւոր թաղի մէջ բնակող կեսրոջը մէկ բարեկամուհին դեռատի աղախին մը ղրկած էր իրենց. երկու երիտասարդ կիները առաջին չէին սիրած զիրար, որովհետեւ Ատիլէ անտանելի գտեր էր նորեկին համարձակութիւնը, հեգնող ակնարկները եւ ճարպիկ աղջկան բանիմաց նենգութիւնները։ Մագպուլէ ունէր նաեւ դիւային շնորհ մը որ առանց գեղեցկացնելու հրապուրիչ կը դարձնէր զինքը. անոր ճկուն շարժուձեւերը, դիտմամբ փախուստները եւ կիսաբաց դռներէ արձակած ճիչերը ու քրքիջները կը խնդացնէին Ալի Հասանը որ Մագպուլէի հետ կը կատակէր եւ անով կը հետաքրքրուէր։ Երբեմն ալ չափը կ՚անցնէր մանաւանդ երբ Ալի Հասան խմած ըլլար եւ Ատիլէ ժամեր ու ժամեր կը հանդուրժէր այդ կնոջ ներկայութեան իր սենեակին մէջ։
Առաւօտ էր, եւ Ալի Հասան նոր մեկներ էր տունէն երբ Մագպուլէ Ատիլէի սենեակը մտաւ ծառայելու համար։ Յանկարծ Ատիլէ կեցաւ աղախինին դիմաց ու խստութեամբ ըսաւ անոր։
Ես այլեւս չեմ ուզեր որ երբ պէյը այս սեմէն ներս մտնա՛յ, դուն որ եւ է պատճառաւ երեւաս իրեն։
Գլխուս վրայ, հանըմս…
Մագպուլէ կը շարունակէր սենեակը կարգի բերել եւ միւս կողմէ կը լսէր հազիւ զսպուած լկտութեամբ։
Ո՛չ, ես այլեւս երբէ՛ք, երբէ՛ք այդպիսի բան չեմ ուզեր…
Ատիլէ շուարեցաւ ու քանի մը անգամ կրկնեց արգելքը յանդիմանական շեշտով մը, արիւնը կ՚եռար երակներուն մէջ եւ տաք ալիք մը բարձրացաւ մինչեւ այտերը, մինչեւ ճակատը ու քունքերուն մէջ զգաց արագ եւ զօրաւոր թնդիւններ. միեւնոյն ատեն մտածեց. «Իրաւ է որ գեղեցիկ չէ՛, բայց իրաւ է նաեւ որ շէյթանի հրապոյր մը ունի» ու ցաւագին մտածում մը գալարեց զինքը հոգեկան խոր ցաւով։
Ո՞ւր է Մագպուլէն։
Պէ՜յս պատասխանեց Ատիլէ հեկեկագին ձայնով մը, պէտք չունինք իր ծառայութեան, ես քու աղախինդ չե՞մ, ինչ որ ուզես ինծի ըսէ։
Կանչէ՛ Մագպուլէն։
Պէ՜յս… արցունքներ խէղդեցին Ատիլէի ձայնը ու սկսաւ հեծկլտալ։
Օ՜ֆ… օ՜ֆ… կեանքը դառնահամ սկսաւ դառնալ, Ատիլէ՛… զուարթութիւնդ երկչոտ թռչունի մը պէս թռաւ գնաց, ու դուն ճզղած տղու մը պէս անտանելի դարձար… դուն չեն ուզեր կանչել Մագպուլէն, ես իրեն կ՚երթամ։
Երբե՜ք, երբե՜ք այլեւս ոտքը չպիտի դնէր այդ անիծեալ սեմին վրայ… Ատիլէ աճապարանքով կը հագուէր ու իր ցաւատանջ մտածումով ամբողջ գիշերը թափառելէ ետքը կսկծալի հաւանականութեանց շուրջը, հիմայ կը խուսափէր կարծես իր ցաւէն, կը խուսափէր իր դժոխային չարչարանքէն։
Առաւօտը նոր ծագեր էր, աշնանային զովութիւն մը սարսուռով կը համակէր իր անձը, քամին կը փչէր տանիքին վրայ ու նեղ փողոցներէն սուրալով կ՚անցնէր բուի պէս վայելով։ Ատիլէ կ՚ուզէր մեկնիլ ո եւ է մէկը չտեսած, ո եւ է մէ՛կը, այդ անիծեալ էակներէն որոնց իւրաքանչիւրին կեանքի նպատակն էր կարծես իր երջանկութիւնը փշրել. իր աչքերը լալէն կուրցեր էին, ու շրթները ողբալէն տժգուներ. բայց որո՞ւ հոգն էր՝ ու կարծես լրացնելու համար իր տառապանքը ու իր կրած նախատինքները նոյն յարկին ներքեւ, իր քովի սենեակին մէջ Ալի Հասան հարճ առեր էր այդ նորեկ աղախինը…։ Գիտէր, շատ լաւ գիտէր թէ ինչպէս պիտի պախարակէին իր փախուստը, որքան անմիտ ու բան չգիտցող պիտի նկատէին զինքը… բայց ինքը, Ատիլէ, պայտար Իպրահիմի աղջիկը, այդպիսի բանի մը չէր կրնար հանուրժել, ե՜րբեք, ե՜րբեք…
Ոչ իսկ կը մտաբերէր թէ պատահածը սովորական եւ առօրեայ դէպք մըն էր, ոչ իսկ կը խորհէր թէ առանց այդ համեմատութիւնները տալու այդ դէպքին՝ կարելի էր լռութեան եւ համակերպութեան մէջ խղդել իր ցաւը. այլ ընդհակառակը իրեն կը թուէր որ այդպիսի չարչարանք ոչ մէկ կին չէր կրած, ու այդպիսի գիշեր ոչ մէկ Իսլամուհի չէր անցուցած։
Ուրուականի մը պէս անշշուկ սահեցաւ սանդուխներէն ու խելակորոյս փախստականի պէս անցաւ փողոցներէն. հազիւ թէ ինքնամփոփումի րոպէ մը կրցաւ ունենցալ շոգենաւին մէջ որ զինքը դէպի Սալաճաք կը տանէր։ Անիկա հագեր էր սեւ պիւրիւմ մը եւ երեսը ծածկեր էր անթափանց եւ նոյնպէս սեւ փէչէով. անիկա ոչ մէկ րոպէ իր երեսը բացաւ մինչ քանի մը ցանցառ թրքուհիներ հետաքրքրուած իր լռութենէն, հարցումներ կ՚ուղղէին իրեն…
Ճահիլ է, բայց սիրտը ցաւած է, բարունակի մը կը նմանի որ կարկտահար եղած ըլլայ կ՚ըսէր կին մը իր քովինին։
Ա՜խ… ա՜խ… որուն որ սիրտը կը վառի անիկա կը հասկնայ, կ՚ըսէր պառաւ մը, փորձառու շեշտով մը։
Ի՞նչ ցաւով սիրտդ կը ցաւի, կը հարցնէր երիտասարդ կին մը սրտառուչ մտերմութեամբ մը…
Ու բէչէին ներքեւէն անընդհատ Ատիլէի աչքերը կ՚արտասուէին։
Ցուրտ էր եւ առաւօտեան քամին կը մտրակէր զինքը։ Փոթորկալի եւ մոլեգին ամպեր կը կուտակուէին երկնքին վրայ. շոգենաւին կտաւները կը ծեծուէին ու կը շառաչէին կարծես մօտալուտ եւ աղետալի ժամեր ազդարարելով։ Թանձր եւ դառնագին տխրութիւն մը կը ծածանէր քաղաքին վրայ ու Ատիլէի կը թուէր որ ամբողջ աշխարհ իր սուգը կը բռնէր։
Սալաճաքի բարձունքին վրայ Իպրահիմի տնակին մէջ, կեանքը միջոց մը ալեկոծուելէ ետք ստացեր էր իր խաղաղ եւ կայուն հանդարտութիւնը, բայց այդ խաղաղութիւնը առերեւոյթ էր եւ բոլոր հոգիները վրդովուած մնացեր էին Ատիլէի կրած նախատինքով ու ցաւով։
Այր ու կին երկու ծերունիները ինքզինքնին արտայայտելէ ետքը իսլամի վայել սակաւապետութեամբ այլեւս կը լռէին ու թէեւ յարատեւ կերպով կը խորհէին իրենց աղջկանը դժբաղդութեանը վրայ, բայց այլ եւս պատշաճ չէին համարեր այդ մասին խօսիլ ու իրենց հոգեկան տրամադրութիւնները ի յայտ բերել։ Մռայլ, խոժոռ եւ անփոփոխելի տխրութիւն մը յաջորդեր էր երբեմնի ժպտուն պարզութեան ու այդ լռին մելամաղձութեան մը բոլորին հոգիները հաղորդակից էին անսահմանելի նրբութեամբ մը…
Ատիլէ շատ փոխուած էր. հիւանդագին նիհարութիւն մը այլափոխեր էր անոր դէմքը որուն վրայ աչքերուն լոյսը կը նուաղէր. վիշտի եւ յուսախաբութեան ծալք մը վաղահասօրէն կը թառամեցնէր իր այտերուն փափկութիւնը ու իր թխորակ մորթին տակէն արիւնը վառեր, վառեր ու հատեր էր կարծես, այնքա՛ն գունատեր էր, դիակնային տժգունութիւնով մը։
Երբեմն, ծայրայեղ խնամքով քօղարկուած, կը պտտկէր պարտէզին մէջ, ուր ծառերը տերեւաթափ կ՚ըլլային եւ իրենց մերկացած ճիւղերը կը ցցէին հիւսիսային հովերէն դողդոջելով. յամր եւ անխուսափելի քայքայումը զինքը շրջապատող բնութեան՝ կ՚արծարծէր իր տխրութիւնը եւ աչքերը տաժանքով կը պտտցնէր իր շուրջը։ Երբե՜ք, այլեւս չէր դառնար այն կողմը ուր առաջին անգամ իր սիրականը երեւցեր էր… մարգագետինը թառամեր էր եւ այլեւս չկային անոր թաւշեայ դալարին ծանրագին գորգի մը պէս պիտակող ճերմակ եւ գունագեղ ծաղիկները. այլեւս դեղնած եւ չոր ձողերը երբեմնի դալարագեղ բոյսերուն՝ ստեւներու պէս կը ցցուէին ցանցառօրէն կարծրացած հողին մէջէն, ուր դեգերող արօտականները հայրենաբաղձ բառաչիւններով գալիք գարունները կ՚երազէին։ Ու արեւը երբ երեւնար, մթին եւ հոծ ամպերու մէջերէն կը լուսաւորէր իր ճերմակ եւ ջերմութենէ զուրկ ճառագայթներովը այս ոգեւորող բնութիւնը։
Երբեմն ալ Ատիլէ կը նստէր դրանը սեմին վրայ ու կզակը ափին կրթնցոււցած՝ կը խորէր երկարօրէն, ո՛չ մէկ թշնամական զգացում, ո՛չ մէկ դառնութիւն չէր մնացած իր մէջ։ Օրերու ընթացքին Ալի Հասանի նկատմամբ իր ունեցած քէնը եւ իր կրած նախատինքին յիշատակը մեղմացեր էին, բայց կ՚զգար որ, հակառակ ամէն բանի, իրարմէ բաժնուած էին. քանի որ շատ մը օրեր անցեր էին ու անիկա ոչ մէկ ջանք ըրեր էր իրեն մօտիկանալու, հաշտութիւն առաջարկելու. ինչպէ՛ս, հլու եւ հնազանդ, թէեւ գլխիկոր, պիտի մտնէր վերստին ամուսնոյն հովանիին ներքեւ, փարախի մէջ մտնող ոչխարի մը նման, ինչպէ՜ս, խռովքի եւ տարփանքի ժամերու մէջ կարօտով կը յիշէր զայն, անոր բրտութիւնները, անոր հարուածներն իսկ եւ իր հոգին ծարաւի էր անոր սիրոյն։
Երբ այսպէս, վիզը ծուռ, նայուածքը մոլորուն, կ՚երազէր, յաճախ իր մօտ կ՚զգար Ճէմիլին ներկայութիւնը, անոր հեւքոտ շնչառութիւնը եւ բոցավառ աչքերը կը հետապնդէին զինքը, խանգարելով իր հոգիին ցաւագին ներդաշնակութիւնը։ Ատիլէի նոր կացութիւնը արծարծեր էր Ճէմիլի յոյսերը եւ յաւականութիւնները, եւ երիտասարդ ձիադարմանը իր յամառ սիրով կը տանջէր զինքը։
Ո՛չ, ո՛չ… ըսեր էր Ատիլէ կտրուկ եւ վճռական շեշտով՝ անգամ մը երբ Ճէմիլ խօսք բացեր էր իրեն իր զգացումներուն մասին ու հիմակ ամէն անգամ որ զայն կը զգար իր շուրջը, գլուխը կը բատձրացնէր ցանկապատէն անդին, կը տեսնար անոր արեւակէզ դէմքը, մոլար աչքերը, մազերու սեւ փունջը ճակտին վրայ ու ահաբեկած, անոր համր աղերսանքին կը պատասխանէր գլուխը շարժելով մերժողաբար։
Այդ պատճառաւ էր որ Ճէմիլ սեւ յուսահատութենէ բռնուած՝ կը թափառէր երեկոները գինետունէ գինետուն. ու վերադարձին՝ Ատիլէ քունէն արթննալով կը լսէր անոր գոռ եւ վայրենի ձայնը որ տարերային ուժգնութեամբ մը կը բարձրանար ու կը հասնէր մինչեւ իր ականջին։
«Անօրինակ ցաւի մը մէջ ինկած եմ.
«Որ ոչ կը քնացնէ զիս եւ ոչ կ՚սթափեցնէ
«Ու օրէ օր իմ վիշտ կ՚աճեցնէ՜…
Հակառակ իրեն Ճէմիլի հրայրքը զինքը կը խռովէր, մինչ իր սիրոյ եւ հեշտանքի գիշերներու բոլոր յիշատակները, այդ տարփաւէտ եւ տրտում երգերով կենդանացած, նոր իրականութեամբ մը կ՚անցնէին տեսիլքի պէս իր չարչարուած մտածումին մէջէն։
Իպրահիմ, թէ՛ հոգեկան, թէ՛ ֆիզիքական մեծ ցնցում կրեց Ատիլէի պատահած դժբախտութեան վերահասու ըլլալով ու իր հպարտ եւ արժանաւոր հոգին ըմբոստացաւ իր աղջկան միջոցաւ եւ իրեն եղած նախատինքին դէմ. սրտմտութեամբ եւ հետզհետէ արհամարհանքով մը խորհէր այդ երիտասարդ սպային վրայ, որ չէր գիտցած գնահատել Ատիլէի պէս քնքուշ եւ սիրագեղ կին մը։
Զայրոյթով կը մտաբերէր որ իր աղջկան միամիտ եւ անսեթեւեթ պարզութիւնը. պայծառ զուարթութիւնը հրապուրելէ ետքը այդ պղտոր զուարճութիւններէ յափրացած զինւորականը՝ վերջապէս զայն ձանձրացուցեր էր… ուրեմն, իբր հա՞րճ ընդուներ էր իր աղջիկը, իր, Իպրահիմի աղջիկը…
Եթէ կարենար իր կարկամած սրունքներուն վրայ կանգնելու ու երթալ այդ ապականուած երիտասարդութեան երեսին նետել իր բոլոր զգացած նողկանքը… եթէ կարենար երթալ ու յայտնել անոնր որ իրենց հայրերը ու հաւերը աւելի զօրաւոր եւ յաղթական եղած էին միշտ, որովհետեւ պողպատի պէս կարծր եւ անընկճելի էր իրենց վեհանձնութիւնը եւ առաքինութիւնը… բայց ինք անկողնին գամուած թշուառ մըն էր ինք, որ թշնամիին աչքերուն մէջ նայած էր առանց իր արտեւանունքը քթթելու, ինք որ իր զայրոյթի րոպէներուն առիւծ դարձած էր, հիմակ շղթայուած ու անզօր կը մնար՝ ինչպէս մեռելը իր գերեզմանին մէջ ու չէր կրնար երթալ հաշիւ պահանջել իր մէկ հատիկ աղջկանը եղած նախատինքին։
Իպրահիմ այլեւս հաշտութիւն չէր ուզեր. ան ո՜չ, այլ վերջնական խզում. ինչո՞ւ աղջիկը կապուած կը պահէին, ինչո՞ւ այդ վատ զինուորականը չէր արձակէր զայն. առաջին օրէն իսկ Ճէմիլի միջոցաւ «փուսուլա» մը ղրկելով՝ այդ պահանջքը դրեր էր իր փեսին։
«Ես, Իպրահիմ, կ՚ուզեմ որ իմ աղջիկս արձակես»
Ու ո՛չ մէկ պատասխան։
Իպրահիմ, իր հիւանդութեան տաժանելի շրջանին մէջ, առաջին անգամը ըլլալով՝ դառնացաւ իր վիճակին վրայ։ Իր անդամները աւելի ծանր թուեցան իրեն, մահը կամայական ու հեռաւոր. անիկա դառնօրէն զգաց որ անհետացող սերունդի մը յետամնաց մէկ անդամն էր. ինչո՞ւ իր աչքերը բաց կը մնային, ինչո՞ւ իր շրթները չէին պաղեր մահուան սառնային համբոյրով։ Իր դիակնացած անդամներուն վրայ որոնք շարժում եւ ուժ կորսնցուցեր էին, գլուխը կ՚՚ապրէր միայն եւ իր իմացականութիւնը կը մնար յստակ ու կորովի տառապելու ու զայրանալու համար։
Իր շատ թուխ եւ ճերմակ մօրուքով շրջանակուած դէմքին վրայ աչքերը ցաւագինօրէն կը տառապէին՝ ամէն անգամ որ իր նուաղած նայուածքը հանդիպէր Ատիլէի։
Օ՜ֆ, օ՜ֆ… ամենակարող Ալլա՜հ, ինչո՜ւ կեանքը դառնահամ պտուղի մը նման է։
Դարձեալ «մուէզզին»ի բարեպաշտիկ կոչին՝ իր կինը կուգար «նամազ»ը ընելու, որուն կ՚ընկերանար ծերունին իր նայուածքով. բայց իր դողդոջուն շրթներուն վրայ սրբասուն բառերը կը կորսնցնէին կարծես իրենց իմաստը ու իր հոգիին խաղաղութեան հետ մարեր էր նաեւ այն աստուածային ոգին որ իր տաժանելի կեանքը կը թեթեւցնէր։
Վերջին երկրպագութիւնները ընելէ ետքը, պառաւը պահ մը ծալլապատիկ կը նստէր փսիաթին վրայ ու ամէնքն ալ լուռ կը մնային, խորասուզուած առանձին մտածումներու մէջ։
Օ՜ֆ… օ՜ֆ… ճակատագիրը սեւ է… կ՚ըսէր վերջապէս պառաւը, պատասխանելով իր սիրելիներու վրդովմունքին։
Դարձեա՛լ, մայրամուտին, երբ Ատիլէ սեմին վրայ նստած, երեսը ափին մէջ կը խոկար, Իպրահիմին կինը Գուրան կը կարդար ու երկար ատեն անոր երգող եւ տխուր ձայնը կը հնչէր երկարաձգուելով հեծեծագին ելեւէջի մը մէջ։