Zapel Yesayan

Քողը

2

Զէհէր հանըմ իր բոլոր հնարամտութիւնը ի զուր գործածելէ ետքը հաւաներ էր Իպրահիմի աղջիկը կնութեան ուզելու իր տղուն համար, թէ՛ գոհ, թէ՛ դժգոհ էր այս ընտրութենէն. արդեօք իր կտրիճ տղուն, իր գեղեցիկ եւ արժանաւոր տղուն կարելի չէ՞ր բարձր աղջիկը առնել որ կարենար փեսան մղել դէպ առաջ. անցնելով զայն արագօրէն բոլոր աստիճաններէն մինչեւ փաշայութիւն։

Իր տղան արժանի չէր արդեօք այդպէսի բաղդի մը. անիկա կաղնիի պէս շուք կուտար ուրիշներու վրայ, անիկա իր ձիուն վրայ յաղթանակի երեւոյթ ունէր եւ երբ սրարշաւ կ՚անցնէր մեծամեծներու ճերմակ պալատներուն առաջէն՝ գետինը կը թնդար իր ձիուն սմբակներուն ներքեւ եւ կարծես կը բաբախէր սիրտի մը պէս։

Քանի՞, քանի՞ բարձր տեղերէ, աղջիկներ երազած ըլլալու էին այդպիսի սպայի մը վրայ, ու քանիներ վանդակներու շուքին ետեւ՝ շուշանի պէս ճերմակ, բարձր եւ ճկուն, կ՚սպասէին այդ երազուած ձիաւորին։

Զէհէր հանըմ իր միտքը կը պտտցունէր վաղեմի ծանօթներու վրայ ու յանկարծ իր մտածումները կ՚ամպոտէին, կը սեւնային…։ Իրաւ է որ այդ բարձր տեղերէ առնուած աղջիկները պատուհաս կը դառնային յաճախ. ինքը եւ տղան անոր գերին պիտի դառնային. անոր շփացած պուպրիկի սին փառատենջ քմահաճոյքներուն պիտի զոհուէին. իր տղուն իր առիւծին կը վայլէ՞ր կնոջ ոտքերուն առաջ մնալ ու անկէ հրամանի սպասել փոխանակ զայն իր հրամաններու ներքեւ պահելու, սէ՞ր էր այդ պայմաններուն մէջ սէրը, տղուն ուրախութիւնները հարամ պիտի ըլլային. կը տեսնէր տղան խաղալիք բարձր ազդեցութիւններու, իր յառաջացումին ամէն մէկ աստիճանը ձեռք բերուած դառնութեամբ, ստորնացումներով, եւ ահա յանկարծ իր Չէրքէզուհիի վեհ հոգին կ՚արթննար ու կ՚ըմբոստանար։

Չէ, չէ՛, ինչ որ ինք կրեր էր, բաւական էր, ու հիմակ որ այդ տղմուտ եւ լպրծուն միջավայրէն հեռացեր էր ինքը, ի՞նչ սրտով իր զաւակը պիտի մղէր այդ դժոխքին մէջ։

Չէ՛, լաւ է որ իր տղուն կէօնիւլը խոնարհ էր. անիկա իր աչքերը իր հասակէն վեր չէր հաներ. անիկա այդ աղջիկը կ՚ուզէր ինչպէս տղայ մը խաղալիք մը կ՚ուզէ ու պէտք էր գոհացնել զայն։

Զէհէր հանըմ պահ մը կը մտածէր Ատիլէի վրայ տարտամ արհամարհանքով մը որուն մէջ բարեացակամութեան երանգ մը կար. անիկա կը մտածէր Իպրահիմի աղջկան վրայ ինչպէս գողտր եւ ընտանի անասունի մը վրայ։ Ատիլէ կարեւորութիւն չունէր իր աչքին եւ հազիւ թէ նշանակութիւն կը ստանար իրեն համար Ալի Հասանի ուշադրութիւնը գրաւած ըլլալուն համար։

Զէհէր հանըմ… մտածեց նաեւ գերբնական միջոցներու դիմել իր զաւկին խելքը խզելու համար այդ անշուք աղջիկէն. նոյնիսկ օր մը սեւ էրթիւ առաւ վրան, սեւ բէչէով ծածկեց երեսը՝ երթալ խորհրդակցելու համար պառաւ պիւիճիի մը հետ որ հարկ եղած թըլըսըմներու կուտար մէկու սէրը կապելու կամ քակելու համար, բայց վերջ ի վերջոյ ետ կեցաւ այդ այցելութենէն. ինչ որ գրուած էր, թո՛ղ ըլլար. Ալլահին տրամադրութիւններուն դէմ երթալ մեղք էր, եւ յետոյ այդ խոնարհ պայտարի աղջիկը, ինչքան ալ ամուսնութեամբ իբր իր տղուն օրինաւոր կինը բարձրացած պիտի ըլլար. չէ՞ մի որ իրականութեան մէջ պիտի մնար հնազանդ աղախին մը, զոր նաեւ հարկ եղած օրը արձակելու կարելիութիւնը կար։

Սալաճաքի բարձունքին վրայ, իր առանձնացած տնակին մէջ ծերունի Իպրահիմ կը շարունակէր ապրիլ՝ իրր տաժանելի կեանքը խաղաղութեան մէջ։ Իր հաւատարիմ կինը որ իր երիտասարդութեան առաջին սէրը եւ առաջին բարիքը եղած էր եւ որուն հետ քով քովի քալած էր կեանքի դերբուկներէն, կը խնամէր զինքը մեծ անձնուիրութեամբ։

Համեստ սենեակը միշտ ժպտուն եւ հաճելի էր կատարեալ մաքրութեան պատճառաւ որուն միակ զարդը կը կազմէին պատուհանին վանդակներուն ծակերէն ներս սպրդող արեւին ճառագայթները որոնք քմայքով կը խաղային գետնին վրայ։

Երկար ժամեր, Իպրահիմ իր նուաղած աչքերը սեւեռելով այդ խուսափուկ եւ ոստոստուն կէտկիտումներուն, կը մնար առանց մտածումի. երբեմն աշխարհիս մէկ ծայրէն սուրացող հովի ալիք մը յանկարծակի օրօրելով պարտէզի ծառերը, տերեւազարդ ճիւղերու շուքեր արագօրէն կ՚անցնէին այդ արեւի արատներուն վրայէն երազի մը պէս։

Օրը քանի մը անգամ մուէզզինին քաղցրալուր եւ կրօնաշունչ հրաւէրէն մղուած, կինը տնական գործերը ընդհատելով կը մտնար սենեակ եւ իր նամազը կը կատարէր, որուն ամուսինը միայն իր աչքերով կրնար հետեւիլ. սրբազան խօսքի ծուէնները կը թափառէին ծերունի հիւանդին գալարուած շրթներուն վրայ, իր հոգին կը վերանար, երկնային ոգի մը կը թեւածէր կարծես միջոցին մէջ, եւ մահուան համակերպութիւնը օրէ օր աւելի կատարելապէս կը գրաւէր իր կարկամած մարմինը։

Իր հոգին ջինջ ու պարզ էր ակէն նոր բղխող առուակի մը պէս ու ինքզինքին մեղադրելիք բան չունէր. իր յիշատակները նոյնքան վճիտ էին. մեծ եւ սասանեցնող փոթորիկներ անցեր էին իր երկրին վրայէն բայց ինքը մի՛շտ, ճշմարիտ Իսլամի պայծառատեսութեամբ որոշեր էր չարիքը բարիքէն եւ իր հոգին երբեք չէր պղտորուեր այնքան ուրիշներու նման։

Ամենակարող Ալլահը որ մարդիկը կը դատէր ոչ միայն իրենց արարքներէն այլ նաեւ իրենց թագուն դիտաւորութիւններէն, վստահ էր որ գոհ պիտի ըլլար իրմէն։ Տեսակ մը փառասիրութիւն մը գգուէր զինքը մտածելով իր ամբողջ կեանքի միջոցին ունեցած արդարադատութեան, ողջմտութեան եւ իմաստութեան։ Իբր պարզ պայտար սկսած էր իր կեանքը եւ այնպէս ալ կը վերջացնէր, պատերազմի օրերու մէջ առիւծի պէս կռուած էր, բայց խաղաղութեան միջոցին գառնուկի նման հեզ եւ բարեհամբոյր դարձեր էր։ Միակ նուիրական զայրոյթ մը կը գոռար իր հոգւոյն մէջ, այն ալ իր հայրենիքին պատառ, պատառ կորսուելուն ցաւն էր։ Իր մէջ կար երբեմնի Իսալմներու հերոսական եւ վեհանձն ոգին եւ ինք միշտ ապրած ըլլալով խոնարհ խաւերու մէջ եւ գրեթէ առանձնացած, այդ ոգին անեղծ մնացած էր եւ պայծառ ճաճանչով մը կը բոցավառէր հարկ եղած րոպէին։

Գեղեցիկ ձայն ունէր իր կինը ու նամազէն ետըք իր ծերունի ամուսինը մխիթարելու համար Գուրան կը կարդար, ինչպէս ժամանակաւ օրօրած էր իրենց երջանկութիւնը տարփաւէտ եւ գորովագին երգերով։ Մթնշաղի տարտամ եւ ստուերոտ պահերուն երբ գիշերին մերձաւորութիւնը խորհուրդով կը պատէր իրենց միամիտ հոգիները, այդ ձայնը յստակ եւ եղանակաւոր կ՚արտասանէր ամէնասուրբ բառերը։

Այս պարզ, կրօնական, մաքուր մթնոլորտին մէջ խօլ ծաղիկ մըն էր Ատիլէ եւ իր հօրը ամենամեծ ուրախութիւնը։

Երբեմն ինքնամփոփման լռին րոպէներուն, գարնան սիւքի մը պէս կը մտնէր սենեակ եւ իր թարմ ու հնչուն ծիծաղներով կը վանէր տխրութիւնը։

Պապաճիիմ… ահաւասաիկ քեզի ծաղիկներ, վայրի ու գունաւէտ ծաղիկներ…

Ատիլէ կը նստէր հօրը անկողնին եզերքը, քօղը կը ձգէր ուսերուն վրայ եւ կը նայէր ծերունիին խորունկ գուրգուրանքով։

Ու Իպրահիմ իր աղջկան համար կը գտնար վաղեմի խօսքերը որով անոր խանձաւորուրը կապած էր, որով զայն օրօրած էր։

Իմ մինի մինիս, իմ աղաւնիս, աչքիս լո՜յսը… բայց ահա Ատիլէ անհանգիստ եղնիկի մը պէս կ՚ոստնուր, իր ճռուողիւնով կը լեցնէր սենեակը եւ պարտէզ մեկնած պահուն մօրը յանդիմանութիւններուն կը պատասխանէր չարաճճիօրէն երգելով երբ արդէն բաւական հեռացած էր։

«Աննէս ալ ինծի քեզի չի տար կոր.

«Պարապ տեղը կէօրիւճի ալ մի՛ ղրկեր,

«Ամա՜ն, ամա՜, ամա՜ն։

Մայրը կը զայրանար ու գլուխը կը շարժէր դժգոհութեամբ։

Ա՜խ, աս աղջիկը, ի՞նչ պիտի ըլլայ այսպէս։

Անմիջապէս Իպրահիմ Ատիլէի կողմը կը բռնէր։

Դեռ ափ մը ջուր ճայիլ է, դեռ մանկութիւն կայ հոգիին մէջ։

Անիկա կ՚ուզէր որ իր ժպտուն ներողամտութիւնը աղջկանը մասին, փոխանցեր նաեւ մօրը որ կը յամառէր դժգոհ մնալ իր վայրէնի, իր անզուսպ աղջիկէն։


Երբ օր մը տարէց եւ յարգելի երեւոյթով կին մը իրենց եկաւ յայտնելու համար որ Ալի Հասան իրենց աղջիկը կնութեան կ՚ուզէր, այր ու կին տատամսոտ մնացին։ Ո եւ է մեծամտութիւն չէր կուրցներ զիրենք, ծնած ու ապրած ըլլալով խոնարհ խաւի մէջ բայց միանգամայն վայելած ըլլալով իրենց առաքինութեան եւ տարիքին ընծայուած յարգանքը, ո եւ է սին եւ ունայնամիտ ձգտում չունէին իրենց աղջկան միջոցաւ ոստնելու իրենցմէ բարձր գտնուած շրջանակի մը մէջ։ Ընդհակառակը այդ խնամիութեան գաղափարն իսկ զիրենք անհանգիստ կ՚ընէր ու երկար ատենէ ի վեր խաղաղ եւ անվրդով ապրած մարդոց նման մը զգուշանային իրենց կեանքին մէջ ո եւ է փոփոխութիւն մտցնել։

Բայց խըսմէթի դէմ ալ երթալ չէր ըլլար ու այր եւ կին մտատանջ էին չկրնալով որոշումի մը յանգիլ։ Քանի մը օրէն պատկառելի կէօրիւճին իր սեւ մետաքսեայ պիւրիւմով պիտի երեւար ճամբուն ծայրէն. ի՞նչ պատասխան պիտի տային։

Յաճախ մայրը, իրենց կեանքին մէջ այս նոր մտած մտահոգութեան պատճառներէն գանգատելով բոլոր յանցանքը կը բեռցնէր աղջկանը վրայ։

Ա՜խ ան անզուսպը, անպիտան աղջիկը, եթէ եկող գացողին աչքին չերեւար, եթէ ինքզինքը աղէկ պահէր. ուրկէ ուր զինքը նշմարած պիտի ըլլային։

Ծերուկ Իպրահիմ իր խաղաղ դէմքը կարկառած, աչքերը տենդոտ, մտիկ կ՚ընէր, բայց միեւնոյն ատեն տարտամ ժպիտ մը կը լուսաւորէր իր թուխ դէմքը։

Այս անակնկալ դէպքը պատճառ եղած էր որ ամենախիստ հսկողութեան ներքեւ մտնար Ատիլէ։ Իրեն արգիլուեցաւ պարզ գեղջկուհիի մը պէս այլեւս թափառիլ իրենց եւ դրացի պարտեզներու մէջ. այլ եւս մայրամուտին չէր կրնար երթալ հորէն ջուր կրել տուն. իր մօրը հետ միայն դուրս պիտի ելլէր տնակէն եւ այն ալ քօղարկուած՝ աւելի պատշաճ խստութեամբ։ Իր պարմանուհիի արդուզարդը փոփոխութիւն կրեց, վարդագոյն, դեղնորակ էնթարիները պիտի կրէր միայն տանը եւ պարտէզին մէջ իսկ դուրս ելլելու համար մայրը իր սեւ պիւրիւմներէն մէկը յարմարցուց անոր բարակ հասակին այլեւս անիկա չէր կրնար երեւալ ո եւ է մարդկային արարածի իր թեթեւ, ծածանող եւ թափանցիկ ճերմակ քօղով որ հազիւ թէ գլուխը կը ծածկէր միայն։


Արշալոյսը նոր ծագեր էր եւ տնակին երկրորդ սենեակը, գետինը փռուած անկողիններու մէջ մայր ու աղջիկ կը քնանային տակաւին։ Սուր եւ ջինջ երգը աքաղաղի մը թրթռաց երկարօրէն ու կաթնային սպիտակութեամբ լոյսը կարծես սարսռաց մեղմութեամբ, շահպրակի եւ վարդի պարատ բուրմունք մը արեւին առաջին ջերմութենէն արտաշնչուած, անցաւ օդին մէջէն. բայց պատուհանին վանդակին ծակտիքներէն լոյս եւ բուրմունք սպրդեցան ներս. մեղմօրէն եւ երկարօրէն ծառերու սօսաւիւնը կը փսփսար հեռուներէն

Ատիլէ աչքերը բացաւ եւ արեգակին առաջին ճառագայթները լոյս տուին անոր նայուածքին. իր գրեթէ մանկական եւ ճկուն մարմինը հեշտօրէն ձգտուեցաւ թեթեւ վերմակին ներքեւէն. յանկարծ հաճելի եւ վրդովեցուցիչ մտածումներ խուժեցին գլխուն մէջ. աչքերը կրկին գոցեց զանոնք լաւ ըմբռնելու, անոնցմով տոգորուելու համար եւ խռովքի տենդագին սարսուռ մը անցաւ իր հոգիին մէջէն։

Գիտէր որ իր անձին շուրջ ամուսնութեան խնդիր մը կար. գիտէր նաեւ որ մէկը զինքը տեսեր ու հաւներ էր եւ զինքը կնութեան կ՚ուզէր. աստիճան մըն ալ կը գուշակէր թէ ով էր նշանածը բայց ո եւ է ստուգութիւն չկար. դեռ ոչ մէկը իրեն խօսեր էր այդ մասին եւ գիտէր նաեւ թէ, այդպէս լռութիւն պիտի պահէին իր ապագայ ամուսնի անուան, վիճակին, տարիքին վրայ մինչեւ վերջին այն օրը՝ երբ նիքեահէն վերջ անիկա պիտի գար իր քօղը բանալու։

Այս անստգութիւնը ոչ կ՚ահաբեկէր զինքը ոչ ալ բուռն հետաքրքրութիւն կ՚արթնցնէր, այլ տեսակ մը հաճելի շփոթութիւն, անկայուն եւ գողտր զգայականութիւն մը. իր բոլոր զգացումները արթնցեր էին ամուսնութեան այս հաւանականութեան առաջ եւ կինը ծնած էր արդէն իր մէջ. իր կիրքերով, յուզումներով եւ պչրանքներով։

Իր շրթներուն կուգային յաճախ աշուղի մը բառերը որ ճամբուն վրայ երգեր էր օր մը. «Եթէ ծաղիկ ես, ծաղկած ես, եթէ պտուղ ես, հասունցած ես»։

Եւ հիմա բնական էր որ բարի եւ սիրագեղ անցորդ մը գտնուէր որ իր կեանքի ճամբուն վրայ հանդիպելով իրեն՝ քաղէր զինքը ծաղիկի մը նման։

Նորատեսակ գեղեցկութիւն մը փափկացուցեր ու ազնուացուցեր էր իր դիմագիծերը. ցանկալի դառնալու փափաքը յղկեր ու լրացուցեր էր կազմութեան մէջ եղող աղջկան իր թերութիւնները։ Ատիլէի նայուածքը պահելով հանդերձ նախկին ջերմութիւնը, տոգորուեր էր տեսակ մը քաղցր տխրութեամբ։ Թեթեւ հինայով շիկացած շագանակագոյն մազերուն խոպոպիքները աւելի ոլոր, աւելի փայլուն էին ու անոնց մէջ, կարծես, վերջալոյսը ճաճանչ մը մոռցեր էր, իր սովորաբար թխորակ եւ գունոտ այտերը նոր թափանցկութիւն մը ստացեր էին, որուն ներքեւէն կը զգացուէր վեհանձն եւ եռանդուն արիւնի արագ շրջանը։ Տարփաւէտ եւ տարտամ յուզում մը մեղկօրէն շնորհալի կը դարձնէր անոր շարժումները եւ իրեն կուտար անմատչելի հուրիի երեւոյթը։

Երբ անիկա դուրս կ՚ելլէր իր մօր հետ իր նուրբ ու մատղաշ իրանը պարփակած սեւ հագուստին մէջ, որ գլխուն գիծը կաղապարելով եւ վիզին պարապին վրայ ծփալով հաճելի կորութեամբ մը կը յանգէր ուսերուն եւ կ՚իջնար մինչեւ քղանցքները, մէջքին նրբութիւնը ուրուագծելէ ետքը, անիկա խուսափող եւ գգուանուշ թռչունի մը սեւ ու հեռաւոր թռչունի մը զգայնութիւնը կը ներշնչէր եւ անիկա ունէր միայնգամայն բարերար եւ ցանկալի ոգիի մը աննիւթականութիւնը որ իր սիլուէթին խուսափող երազի մը խռովքը կուտար։

Ատիլէ այդ առաւօտուն, քունէն նոր արթնցած, միտքը կը պտտցնէր հին եւ նոր բաներու վրայ. փոքր հասակէն վարժուած էր խորհելու ամուսնութեան վրայ ոչ թէ կրօնական շփոթ խորհրդաւորութեամբ, այլ շատ բնական պարզութեամբ. իր միտքը ընտանի էր այդ գաղափարին եւ անոր կը սպասէր իբր անխուսափելիօրէն կատարուելիք իրողութեան մը. անիկա իր կեանքին մէկ հանգրուանը պիտի ըլլար, ինչպէս հետզհետէ մայրութիւնը ուրիշ հանգրուաններ պիտի հասցնէր զինքը։ Այն օրէն որ սիրոյ զգացումին կարելիութիւնը փթթէր էր հոգւոյն մէջ, իր սէրը եւ գորովանքը թափառեր էին անորոշ եւ հեռաւոր իտէալնիրու շուրջ ու նիքեահին օրուան կը սպասէին կանգ առնելու համար մարդկային էակի մը վրայ։

Այլ սակայն, ամուսնութեան գաղափարը, ինքն ալ չէր գիտեր ինչո՞ւ կը կապուէր անմիջապէս թիկնեղ եւ հուժկու երիտասարդի մը պատկերին հետ. անիկա իր հօրը բարեկամներէն մէկուն որդին էր, դրացի ձիադարման մը, որ երբեմն կուգար խօսելու իր հօրը հետ։ Իրենց գեղջկական կեանքի պարզութիւնը, թոյլատու եղած էր որ փոքրիկ հասակի մէջ իրարու հետ խաղալէ ետքը, չափահասութենէ ետքն ալ շարունակէին իրենց բարեկամութիւնը։

Ամառուան հեղցուցիչ եւ հեշտաւէտ իրիկուն մը, Ճէմիլ աճապարանքով եկաւ զօրանոցէն հրաման մը բերելու Իպրահիմին. յետոյ սեմին վրայ նստաւ յոգնութիւն առնելու համար, իր լայն կուրծքը հեւալով կ՚ելեւեջեր ու դէմքը ողողուած էր քրտինքով։ Ատիլէ գնաց գաւաթ մը բերելու եւ վերադարձին, իր աչքերուն վրայ հակած քօղին բանուածքներուն ընդմէջէն տեսաւ երիտասարդին ճակատը, սեւ մազերու փունջ մը, անոր յոգնութենէ նուաղած աչքերը եւ տեսաւ նաեւ Ճէմիլի ջղուտ եւ առնական բազուկը որ դէպի իրեն կ՚երկարէր գաւաթը առնելու համար. վայրենի եւ բարկ հոտ մը, անոր արագօրէն շոգիացող քրտինքին մէջէն տարածուելով կը պարուրէր իսլամուհին։ Ատիլէ անբացատրելի վախ մը զգաց. իր նեարդերը թրթռացին սարսռալով իրեն թուեցաւ որ այդ բազուկը երկնցած էր ոչ թէ գաւաթը առնելու այլ զինքը յափշտակելու համար։ Ճէմիլի ներկայացուցած ուժի եւ յոգնութեան խառն արտայայտութիւնը, անոր աչքերը, որոնք ոչ թէ տաքէն այլ իր տեսքէն կարծես մոլորուած էին զինքը խռովեցին. ուզեց փախչիլ, բայց Ճէմիլ անհամբերութեամբ գաւաթ առաւ եւ այդ պահուն անոր տենդագին եւ կոշտացած ձեռքերուն հպումը իր փափուկ մարմինը դողացուց։

Ատիլէ գնաց հեռուն, բայց հազիւ թէ քանի մը քայլ առած էր, երբ ետ դարձաւ եւ աչքերը յառեց իր վաղեմի ընկերոջը որ շրթունքը գաւաթին եզերքին դպցուցած, թէ՛ ջուրը կը խմէր եւ թէ՛ իրեն կը նայէր։ Ատիլէ նալըններուն ծիծաղուն աղմուկը անգամ մըն ալ ոստոստեց չոր հողին վրայ, բայց կրկին կեցան, կրկին ետեւ դարձաւ եւ ինքզինքը զգալով բաւական հեռու, պչրանքով եւ հեգնութեամբ ժպտեցաւ Ճէմիլին… ձիադարմանը ոտքի ելաւ, դեդեւցաւ իր սրունքներուն, աչքերը շլացան վերջալոյսի ցոլքրէն եւ ձեռքովը տարտամ սպառնալիք մը ըրաւ պչրող եւ խուսափող աղջկան։

Անկէց ետքը եւս տեսակ մը անհանգստութիւն, անբացատրելի խպնոտութիւն մը պատճառ եղան որ Ատիլէ զգուշանայ Ճէմիլի հանդպելէ. մանկութեան պարզութիւնը անհետացեր էր այլ եւս. անիկա իր մէջ կինը կը տեսնէր եւ ինքն ալ անոր մէջ այրը։ Ատիլէ չէր խորշեր անկէ, բայց բնական զգացումով մը, կանացի ինքնապաշտպանութեան բնազդով կը զգուշանար անոր նայուածքին ներքեւ ըլլալէ. բայց եւ այնպէս, ամէն անգամ որ ամուսինի մը մասին կը խորհէր Ճէմիլի ուժեղ եւ պարտասած պատկերը. անոր տարփանքէ խոժոռացած նայուածքը ու երկարած բազուկը կը ներկայանար իր մտքին։

Այսպէս էին, ու այսպէս ամուսնացեր էին իրեն բոլոր ծանօթ աղջիկները, այսպէս ամուսնացեր էր նաեւ մայրը, ներքին եւ անսասան համակերպութիւն մը այսպիսի ամուսնութիւն մը գաղափարին հետ կը հաշտեցնէր զինքը ու նաեւ տեսակ մը վայրագ ու խռովիչ բանաստեղծականութիւն կուտար կեանքի այս հանգամանքներուն։

Բայց քանի օրէ ի վեր Ճէմիլի պատկերը աւրուեր էր Ատիլէի մտքին մէջէն, որովհետեւ քաջ եւ գեղեցիկ ձիաւոր մը, որ ա՛յնքան կը նմանէր հօրը այցելութեան եկող սպաներէն մէկուն, երեւցեր էր պարտեզին ցանկապատէն անդին, դիմացի մարգագետիններուն վրայ. քաջ եւ գեղեցիկ սպայ մը, որուն ասպանդակները ձիուն կողերը կը ծեծէին եւ ձեռքը կը զսպէր արաբականի մը սանձը, կենդանիին խօլ եւ ոստոստուն վազքի միջոցին։

Մօրը հետ պարտէզն էին. երեկոյեան զով հովէն իր դեղնագոյն էնթարիին քղանցքը կ՚ելեւեջէր եւ քօղին ծայրերը կը թռչկըտէին ճերմակ թռչուններու պէս. օրուան սաստիկ տաքուն յաջորդեր էր յանկարծական զովութիւն մը եւ հողը, ծառերը, մարգագետինը թանձր շոգի մը կ՚արտաշնչէր որ մշուշի մը պէս կը ծածանէր եւ յամրօրէն կը բարձրանար անօսրանալով. վերջալուսային ցոլքեր մաղուելով այդ մառախուղին մէջ վարդագոյն երանգ մը կուտային անոր։ Ձիաւորը կը յառաջանար այդ լուսեղէն ամպին մէջէն, անիկա հեքեաթներու մէջ նկարագրուած հերոսի մը կը նմանէր. համազգեստին ոսկեղէն եւ արծաթեան երիզները կը պսպղային, սուրը կը շողար ու անիկա կուգար ոստոստելէն իր եռանդուն ձիուն վրայ, կարծես ընդառաջ թանկագին ու անօրինակ որսի մը… ու Ատիլէ զգաց, ներքին անբացատրելի գիտակցութիւնով մը, որ այդ որսը ինքն էր. սիրտը ուժգին կը բաբախէր եւ այնպիսի հեւք մը կը զգար կուրծքին մէջ որ կը նմանէր բռնուած թռչունի մը թեւաբախումներուն։ Եթէ ձիաւորը իրեն մօտենար, անշուշտ թէ՛ խելայեղօրէն պիտի փախչէր, բայց թէ՛ նաեւ որքա՜ն պիտի ցանկար բռնուիլ եւ անոր զօրեղ ձեռքին մէջ խաղալիք մը դառնալ… ու ձիաւորը կը մօտիկնար, անիկա ձիէն իջաւ ցանկապատին առաջ, սանձին մէջ կազմուած հանգոյց մը քակելու համար. երիվարին տաքցած մարմինէն բարձրացող շոգին, երեկոյեան զով օդին մէջ նշմարելի, նոյնպէս կը լուսաւորուէր արեւին ճաճանչներէն. ձիուն թրթռուացող ռունգերը աւելի ճերմակ եւ աւելի թանձր շոգի մը կ՚արձակէին որ կը բարձրանար վարդագոյն մշուշին մէջ առանց անոր խառնուելու։

Անսահմանելի եւ անկայուն բան մը ամբողջ բնութիւնը եւ արարծները կը ներդաշնակեցնէր իրարու հետ, երկրէս բարձրացած էին կարծես ու լուսեղէն ամպերու մէջ կը սաւառնէին։ Ատիլէի դեղնագոյն էնթարին կը ծփծփար եւ երբեմն ալ փաթթուելով սրունքներուն, իր նուրբ իրանը կը կաղապարէր. սպան մոռցեր էր ձին ու անոր սանձին հանգոյցը. անոր բոցեղ աչքերուն լոյսը ծակելով մառախլապատ միջոցը՝ կը հասնէր Ատիլէի, զայն կը հմայէր, զայն կ՚անշարժացնէր եւ անոր բոլոր կամքը ու կորովը կը խզէր։

Շո՛ւտ, շուտ… Ատիլէ՛, ներս եկուր։

Մայրը տեսեր էր վերջապէս ձիաւորը ու աղջիկը կը հեռացնէր անկէ ինչպէս աղէտէ մը։

Անկեց ետքը շատ անգամներ Ատիլէ տեսեր էր քաջ եւ գեղեցիկ ձիաւորը ցանկապատէն անդին, դիմացի մարգերուն վրայ ուր ճերմակ, շէկ եւ թուխ կովեր կ՚արածէին. վերջալոյսներուն անոնց երկար եւ յուզուած բառաջիւնը կը դղդէր իր հոգին, երգ մը, նոր երգ մը կ՚երգէր իր հոգիին մէջ իր աչքերուն եռանդը ու շրթներուն կարմիրը նուաղեր էին ու տխուր անստուգութիւն մը զինքը կը տանջէր. հապա եթէ նիքեահին օրը իր քօղը բացողը այդ ձիաւորը չըլլա՜ր… ու Ատիլէ խանգարուած երեւակայութեան մէջ Ճէմիլի սեւ բազուկը կ՚երկննար դէպի ինքը. զինքը կորզելու համար սէգ ու քաջ սպային գորովանքէն։

Այլ սակայն երբեմն ալ իր երազանքները կ՚երթային իր ցանկութեան ուղղութեամբ. իր աչքերը կը ժպէին սիրազեղ եւ տարփաւէտ նայուածքներու. կը տեսնէր իր ամուսնական սենեակի վանդակապատ պատուհանը ուրկէ յասմիկի եւ ճերմակ վարդի բուրմունք մը կը սպրդէր ներս եւ ուր կը սպասէր իր սիրելիին. սրնթաց ձիու մը պայտերուն ձայնը գետնին վրայ եւ ահա հեւքը շնչասպառ կենդանիին ու իր սիրականը կուգար, սպայի համազգեստին մէջ շքեղ, սուրը կախած քովն ի վար եւ սիրտը տենջացող իր համբոյրին։

Ինչպէ՜ս կը սիրէր արդէն իր ձիաւորը։

Մէկ ոստումով Ատիլէ ելաւ անկողնէն ու այնքան աղմուկ հանեց որ մայրը արթնցաւ, շուտով պզտիկ կրակարանը փոխադրեցին քովի սենեակը ուր հայրը արդէն արթնցած իրենց կը սպասէր ու մինչ այր ու կին առաւօտեան խահուէ կը խմէին, ինքը տխուր, վիզը ծռած նստեր էր հօրը անկողնին եզերքը ու խորասուզուած էր մտատանջութեան մէջ։

Իպրահիմ եւ կինը սկսան վերջապէս մտահոգ ըլլալ Ատիլէի մասին, որովհետեւ հասկցան որ անիկա սիրոյ ցաւէն բռնուած է։ Ու երբ կէօրիւճին անգամ մըն ալ եկաւ Ալի Հասանի կողմէ, առանց ետեւ առաջ նայելու, իրենց աղջկան ամուսնութեան հաւանութիւնը տուին։

Be the first who will comment on this

Other parts of "Քողը"

Yatuk Music
Al Ailughs
Komitas

Al Ailughs

Portrait of a Woman
Portrait of a Woman
Play Online