Levon Shant
Լեռան աղջիկը
Նուագ երրորդ
ԼԵՌՆՈՒՀԻՆ
***
Այս կեանքը սրտիս նո՛ր էր ճշմարիտ,
Նո՛ր իր լեռնական պարզութեամբը վեհ,
Նո՛ր իր ինքնաբուխ յոյզերովն անմիտ,
Նո՛ր իր գեղովը, որ մարդ կթովէ։
Նաեւ հոն մեզի նո՛ր էր ծերունին,
որ անշարժ նստած կխորէր ինքնին
Աշխոյժ տարիքին իր ուժն ու գործեր
Եւ կռիւները, որ ան վարած էր
Քաջ թշնամուն դէմ երես առ երես,
«Չէ՛, ան ատենը ուրիշ էր աշխարհ»,
ու խոր թախիծէն ծերը կդողար։
Է՜հ, ինծի համար նոր էր վերջապէս
Այն լեռան վարդը՝ վայրի ու չքնաղ՝
Իր աղքատ, պարզուկ ձորձերուն մէջն ալ։
***
Բայց քիչևքիչ վարժիլ սկսանք նորեն
Վսեմ բնութեան գոյն ու ձեւերուն.
Կապոյտը երկնի, կանաչը դապտէն,
Ոսկի դեղինը ամէն իրիկուն
Եւ արշալոյսի երկինքը բոսոր
Մոլոր աչքերնուս ալ չէր անսովոր։
Դեռ չորս հեղ արեւ գլխնուս չանցած
Հոն մեզ անծանօթ տեղ չէր մնացած։
Կաթէ ջրվեժը պաղ, փրփըրադեզ,
Դաշտակի ծայրի գոս ժայռը խոժոռ,
Հարեւան բլրի գլուխը խոշոր,
Նոյնիսկ մամռապատ քարերը դեզևդեզ,
Որ մտերմօրէն վար կնայէին,
Ա՜հ, ո՜րքան, ո՜րքան սրտիս մօտ էին։
***
Հովուի վրանն ալ արդէն օտար չէր,
Կարծես հին ծանօթ էինք մենք իրար.
Լեռան աղջիկը ալ դուրս չէր փախչէր
Ու մեր հարցերուն պատասխան կուտար։
Երբ իր ամըչկոտ ձայնը երերուն
Գար երազանքիս հիւսվեր թելերուն՝
Կդիտէի ես գորովով անանց
Իր մութ աչքերուն խաւարն անթափանց,
Իր խիտ խոնքերուն կամարը կրկին,
Որ մացառներ են կարծես ձորափէն
Ու ձորին վրայ ստուեր կթփեն
Եւ թուխ այտերը, որ կբռնկին,
Եւ վարդ շրթունքին զոյգ թերթերը թաց,
Ուր չար համբոյր մը կար միշտ պահվըտած։
***
Ա՜հ, այն ատենը տասնըութ տարուան
Բոց մը կշրջէր երակներուս մէջ.
Դեռ ամբողջ կեանքս էր սպասո՛ւմ միայն
ու էութիւնըս՝ երազանք ու տենչ։
Եւ երբ պատահէր, որ թռչնակն անմեղ
Թափէր ծառերէն սիրայորդ գեղգեղ,
Ընկերուհիին շուրջը հածելով
ոստոստէր, երգէր իր սէրն ու գորով,
Ես կրծքիս խորը՝ նախանձէն ուռած,
Կզգայի բուռըն՝ ու յուզիչ իղձեր.
Հովը ականջիս լոկ սէր կհծծէր.
Եւ ես լալու չափ յուզուած, գրգռուած
Կուզէի սիրուիմ, կուզէի սիրեմ
Ու թռչնակին պէս, ոստոստեմ երգեմ։
***
Կզգայի սիրտըս լի էր ու զեղուն՝
Լի յորդելու չափ իր շրթունքներէն՝
Ինչպէս անապակ գինի՛ն փրփըրուն,
որ դուրս կթափի իր ներքին եռէն։
Ու գանգիս տենդոտ անուրջներուն մէջ
Սիրոյ պատկերներ կուգային անվերջ.
Պատկերներ օդէ, պատիր, մանկական,
Բայց անբիծ, անգին ու իդեական։
Այդ անուրջները հոգիս կօրրէին,
Երբ բախտըս ինծի գլորեց շիտակ
Լեռան աղըկան պարզ վրանին տակ.
Ա՜յ, այդ աղջիկը՝ քնքուշ լեռնուհին՝
Որ ինչպէս իր սեպ սարերն հարազատ,
Պարզ էր, գեղանի, խրոխտ ու ազատ։
***
ու կմնայի ես հաճախ մինակ
Լեռներու դստեր հրապոյրին քով.
Լո՜ւռ կնստէի հին վրանին տակ
Ընթերցանութեան նուրբ պատրուակով։
Բայց ի՞նչ ընթերցում. ո՞վ է այն տղան,
Որ լուրջ զբաղի, երբ բոց կտեղան
Զոյգ մը կանացի աչքեր հմայիչ
ու հայացքըդ վեր կքաշեն քիչևքիչ։
«Լիր արքան» ծունկիս կնիրհէր անուշ,
Անտարբեր ձեռքով ես հազիւ երբեք
Սուտ կշրջէի թերթերը մէկևմէկ։
Չէ՛. կկարդայի ժողոված խելքս ու ուշ,
Բայց ո՛չ խեղճ գրքիս տողերն անկենդան,
Այլ սեւ, կախարդիչ աչքերն աղջըկան։
***
Եւ ինքը գիտէր, կշիկնէր հանկարծ,
Վրանէն կելլէր, կդառնար նորեն,
Եւ իմ հալածող հայեացքէս գերուած՝
Ժպիտ կթափէր նուրբ շրթունքներէն։
Մերթ ալ նստելով իր աշխատանքին
Մեր գորշ վրանի լայն մուտքի կողքին՝
Երգ մը կսկսէր, ձիգ երգ մը սարի,
Ինքն ալ, իր երգն ալ շատ պարզ ու վայրի։
Իր անուշ ձայնը մերթ խուլ կորոտար,
Ինչ լեռան վայրագ, փոթոռկոտ հովեր,
Մերթ կթրթըռար հնչուն ու երեր,
Ըսես, զեփիւռը ձորէն ձայն կուտար.
Հանկարծ կժայթքէր, ջրվեժ մը կարծես,
Մէկ ալ կմարէր, յոյսի լոյսին պէս։
***
Նիւթն ալ ու երգն ալ տխուր էր, քինոտ.
«Բուռըն ջերմ սիրով կսիրէ Մարոն
Դրացի լեռան ամէնէն սրտոտ,
Ամենէն կտրիճ տղան մրահոն։
Բայց այդ սուրբ սէրը պէտք է խոր պահուի.
Երկու ցեղերն են իրար թշնամի։
Մարոն չգիտէ. դեռ լուսաբացին
Անգլուխ դի մը գետէն հանեցին
Հօտի պահապան գամփռներն հուժկու։
Վարձկան հովիւը չճանչցաւ այդ դին,
Մարոյի հայրը ճանչցաւ իր որդին.
Եւ կատղած երդում կերաւ ահարկու,
Թէ պիտի լուայ բազկովը կթոտ
Իր հարազատին վատ մահն ու ամօթ։
***
Դեռ իր աչքերը ուժ ունին այնքան,
Որ իր վրէժի նշանը գտնեն.
Ու ծեր ձեռքերը պիտի չդողան,
Երբ հրացանի բլթակը քաշեն։
Նա՜. ժայռի տակէն գնդակը թռաւ,
Այն ի՜նչ կտրիճ էր, որ թաւալ ինկաւ։
Ետ կուգայ ծերը խեթ, դաժան ու քեն,
Արիւնոտ բան մը կախուած է ձեռքէն։
Մարոն հորը դէմ կվազէ արգա՝
Գեշ բնազդով մը սիրտը թունդ ելած,
Եւ սարսափահար կանգ կառնէ հանկարծ
Դէմքը մահատիպ, աչքերը վայրագ։
Մազերէն կախուած հորը ձեռքէն ցած
Իր սիրականի դէմքըն է ճանչցած»։
***
Այսպէ՛ս կերգէր ան նստած քովնդի՝
Գողտրիկ գլուխը ցնցելով աշխոյժ.
Ու ճակտին տակէն նայուածք մը գաղտնի
Դէպ իմ անկիւնս նետելով զգոյշ։
Դիւթելու իղձը ան ո՞ւր էր ուսէր.
Եւ ինչո՞ւ գերել, գրաւել կուզէր։
Բայց ո՞ւրկէ ուսան աստղերը խայտալ,
Մեզի աչք ընել, պչրիլ ու խնդալ.
Ո՞ւրկէ սորվեցաւ գետակը զուարթ
Փրփուրէ քող մը ձգել իր վրայ.
ան ինչո՞ւ կեռայ, ինչո՞ւ կգոռայ,
Ինչո՞ւ կքծնի ափերուն հպարտ.
Ծիածանն ինչո՞ւ կամար կկապէ,
Երբ երկինք գոհար ու շող կթափէ։
***
Մենք իրարու հետ քիչ կխօսէինք.
Հարց մը կամ կատակ, միշտ ալ ժպտերես.
Մերթ ցոյց կուտայի ես մէկիկևմէկիկ
Քանի մը սիրուն պատկեր գրքերէս։
Ու մօտը նստած ծունկըս իր ծունկին՝
Լի հեշտանքով մը անուշ, անմեկին՝
Պատկերին միտքը կբացատրէի,
Ա՜, ես այդ պահուն բանաստեղծ էի։
Ան դէմքէս կախուած՝ կունկնդրէր անձայն.
Ու գոհ, միամիտ ժպիտ մը հանկարծ
Կելլէր շրթունքին, կարծես, իբրեւ վարձ
Իմ այդ սրտագին գւերութեան։
Եւ այդ ժպիտն էր քնքուշ ու գոհար,
Որ խօսքիս նոր ուժ ու հումոր կուտար։
***
Եւ քիչևքիչ զգալ սկըսայ շուտով,
որ իմ գերութեան անտեղեակ հոգիս
Արդեն կապուած էր աննիւթ շղթայով.
եւ կապանք մը որ՝ թեւ տուտար կեանքիս։
Նոր բան մը ըկաճէր սրտիս մէջ արագ՝
Հորդ ու թրթըռուն հուզում մը կրակ
Եւ խուժ ալիք մը կեանքի խորունկէն
Զգացումներըս զրկած էր ամէն։
Ու հարց կուտայի վարանքով համակ,
Թէ արդեօք ա՞ս էր, որ կանվանեն սէր,
Որուն խեղճ սրիտըս անժուժ կսպասէր,
որով գինովնալ կըղձայի անհագ։
Հարցիս պատասխան գլուխըս չէր տար,
Միայն ալ ուժգին սիրտըս կթնդար։
***
Ու կհոսէին օրերը զուարթ
Գոհար հուզումով ու ոսկի կեանքով.
Մինչդեռ լեռնային բնութիւնն հպարտ
Կգգուէր մեզի խանդաղատանքով։
Է՛հ, թող չմոռնամ այն օրերն անդարձ,
Երբ պատանեկան սիրտըս կեանք առած
Բնութեան, սիրոյ ծոցին մէջ անհուն՝
Գալիք կեանքի մը յոյսերով զեղուն՝
Կթափահարէր լանջիս տակ ուռած.
Երբ գործ տեսնելու անհագուրդ տենչէս,
Բիւր նպատակներ կստեղծէի ես.
Երբ այդ հյոյզերուս բովին մէջ զտուած՝
Սոսկալի անէծք կուտայի իմ դէմ,
Սկզբունքներըս թէ երբեք դաւեմ։
ՆՈՒԱԳ ՉՈՐՐՈՐԴ
ԼԵՌՆԱՂԲԻՒՐԻՆ ՔՈՎ
***
Է՛հ, այդ օրերը շատ արագ անցան
Ժիր, պատանեկան կեանքիս վրայէն.
Ինչպէս ամպերուն մէջէն ցիրուցան
Կանցնի ասուպը դէմքիդ ժպտալէն։
Միայն վառ յուշեր անուշ ու քնքուշ
Կրծքիս խորքերը ծածկած եմ զգոյշ. ^
Ճիշտ այդպէս տղան կապէ իր քով
Յարի մէկ ընծան անհուն գգուանքով։
Ո՜ւր է Գեղարդը իր լեռներուն հետ
Եւ ո՜ւր իմ արդի անկիւնս անկենդան.
Բայց մի՛շտ, երբ գրչէս հանգերը խոյս տան
Ու խոնջ հայեացքըս՝ կարօտով հաւէտ՝
Արդի հարեւան լեռներուն գամուի,
Ես ձե՛զ կխորհիմ, լեռներ հայրենի□
***
Վայրկեանի մը պէս, թռեր էր արդեն
Երկու շաբաթուան միջոցը սիրուն.
Ու վճռուեցաւ, որ երկու օրէն
Տանք հրաժեպտնիս այդ պերճ լեռներուն։
Մեկնելու վրայ ես չէի խորհէր,
Ուրիշ նոր հարց մը իմ միտքըս կօրրէր.
Արդեօք աղջիկն ալ կըմպէ՞ր սիրտը դող
Այս երբեցնող յուզումէս հորդող։
Ժպիտն էր դիւթիչ, բայց միշտանթափանց,
Աչքերն ալ մութևմութ, վար քաշող ու խոր,
Ինչպէս անահտակ անդունդն ահաւոր,
Ուր միայն խելքըդ կդառնայ անսանձ։
Եւ այս անորոշ ծփումն ու յոյսեր
Ա՛լ կհրահրէր թէ հուրքըս, թէ սէր։
***
Չէ՛. չէի կրնար հանդուրժել բնաւ,
Որ սէգ լեռնուհին մընար անտարբեր.
Պահանջոտ էի, գուցէ անիրաւ,
Բայց հպարտ հոգիս մերժում չէր տանէր։
Եւ գիտէի ալ, որ այդ աղկըան
Քունը կտրած էր, իմ քունիս նման.
Գիտնալը բաւ չէր, եւ պատրաստ էի
Կեանքիս օրերէն փունջ մը փետտէի,
միայն լսէի իր իսկ շրթունքէն,
Թէ իր միամիտ, անբիծ, կոյս սրտին
Իմ նայուածքներըս խռովք կազդէին՝
Խռովք եւ անուրջ՝ որ կեանք կբերեն,
Թէ երբ ծունկ ծունկի մինակ մնայինք՝
Խորին հեշտանք մը ու դող կզգար ինք□
***
Վերջին օրն էր, ան, վերջին իրիկոն.
Աղբիւրին վրայ ժայռի մը հենած՝
Նստէր էի ես մինակ ու նկուն,
Մասիսի խօսուն ակնարկին դիմաց։
Մօր գիրկը վազող գունդը ոսկեհեր
Իր մարող լոյսի ցօլքերով երեր
Կթափէր գոհար, մարգըրիտ անգին,
Մասիսի ծերուկ, ալեզարդ գանգին։
Արեւմուտքն ամբողջ արիւն էր կտրած,
Ուր կլողային դեղնորակ բոցեր.
Հոգնած արեւը դէմքը կգոցէր.
Ես կդիտէի մտացի՜ր, կոտրա՜ծ
Բնութեան պայծառ երանգներն այն պերճ,
Որ աչքերուս դէմ կփոխուէր անվերջ։
***
Հանկարծ մօտիկէն շրշիւն մը թեթեւ
ուր իր խորքրերէն կյուզուի հոգիս։
Աշխոյժ շարժումով կդառանմ ետեւ
ու ջերմութիւն մը կվառի դէմքիս։
Ճանչցած էի ես քայլերը կոյսին.
Աղբիւրը կուգար հին կուժ մը ուսին։
Լուռ սպասեցի լարումով անհուն,
Մինչեւ ան կուժը լեցուց, ու խոհուն
Թեք տուաւ զգոյշ լեզ կապած քարին,
Ու, այծեամի պէս, ճարպիկ ու արագ
Դէպի այն ժայռը նետուեցաւ շիտակ,
Ուր նստած էի անշարժ ու լռին։
Եւ նազանքով մը անմեղ ու գող տրիկ
Ժպտեցաւ դէմքիս, նստեցաւ մօտիկ։
***
Կամաց մը վրաս ծռելով քովէս
Բաց մոռցած գիրքըս սկսաւ թերթել,
Լացող ուռենու թամր ոստերուն պէս՝
Գրիկըս թափեցան վարսերը թելևթել։
Աչքերուս դիմաց կեռար խռովքով
Կէս մը սքողուած կուրծքը կուրծքիս քով։
Ու կխօսէինք, բայց ի՞նչ՝ չգիտեմ։
Է՜հ, ի՞նչ կխօսին նստած իրար դէմ
Զոյգ աղբիւրները անվերջ կարկաչով.
Միայն կզգայի, որ շունչըս նորէն
Ետ կուգա անոր մազերուն խորէն
Ու շրթունքներըս կայրէր իր տենչով□
Չգիտեմ ի՜նչպէս՝ հանկարծ ծռեցայ,
Դողդող շրթունքով այտին հարեցայ։
***
Ցնցում մը ըրաւ ու անշարժ մնաց.
Դէմքին վրայէն սիւքի մը նման
Սահեր էր անցեր համբոյրըս կամաց.
Կարծես հմայուէր, քարացեր էր ան։
Իսկ ես խելահեղ, ու բնազդորէն,
Իսպառ բորբոքուած վայելքի հուրէն,
Ուզեցի մէջքը շղթայեմ ամուր
Զոյգ բազուկներուս շղթայովը կուռ.
Բայց ան դիւրաթք, ճկուն օձի պէս,
Թեւերուս մէջէն դուրս սողաց հանկարծ.
Կէս մը բարկացած, կէս մը սիրարծարծ
Թախծոտ հայեացքը սահեցուց դէմքէս՝
Անհետ ըլլալով ժայռերու ետին.
Ապուշ անձկութեամբ նետուեցայ գետին□
ՆՈՒԱԳ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ
ԼԵՌՆ Ի ՎԱՐ
***Վրանին մութը կուրծքըս կճնշէր,
Եւ հուր կշնդէր բարձը այտերուս.
Կայրէի. տոկալ՝ ալ կարելի չէր.
Ցատկեցի տեղէս ու վրանէն դո՜ւրս։
Ու կշրջէի քայլելով մոլոր.
Առջեւըս հօտը փռուած էր բոլոր.
Ոչխարներն անհոգ մտեր էին քուն
Խռնած իրարու՝ պառկածու կանգուն։
Եւ հանկարծ մէկը խորունկ շունչ կառնեէր
Խուլ հառաչա՛նք մը, որ դուրս կպոռըկար
Վշտոտ, ճնշուած կուրծքէ մը տկար։
Հօտի չորս կողմն ալ հսկայ գամփռներ
Միշտ իրենց պարտքին պատրաստ աչալուրջ՝
Նստած էին լուռ, միշտ արթո՛ւն, միշտ լուրջ։
***
Հեռուն ձայն չկայ. անշշո՜ւնջ, հանդա՜րտ։
Հո՛ն մելամաղձոտ պայծառ լուսնին տակ
Վեհ Արագածի տխուր, ալեզարդ
Մտածկոտ դէմքը կերեւայ հստակ։
Դեռատի լեռներ երուկ սարին քով.
Մրադկային ձեւեր առած կատակով,
Հազիւ պահուտած կղս ստուերին մէջ՝
Իրար են գրկեր գգուանքով անվերջ։
Մինչ հովտին թանձըր մթութեան մէջէն
Բիրտ, անրջային դէ մքեր այլանդակ՝
Միշտ փոփոխուելով հազար ձեւի տակ
Իրար տհրեն, իրար կկանչեն
ու նախանձաբեկ կծաղրեն հտպիտ
Ջահիլ լեռներուն սէրը միամիտ։
***
Բայց մ էկէն դադրեց հոգիս դիտելէն.
Ու նորէնևնորէն մտաբերեցի.
Աղջկըան վերջին նայուածքը խորէն,
որ կարծես ընդմիշտ հառած էր ինծի։
Եւ զգացի, որ մանուկ էի դեռ,
Մինչ գիտէ՞ք կոյսին արժանին ո՞վ էր,
Ոչ թէ ինծի պղս երազող տղայ,
ԱՄյլ լեռնցի մը, ուրկէ կդողայ
Երեն անտառէն, արջը խոր ձորէն,
Որ կեսգիշերին ցգլուխ զինուած՝
Հովի պէս թեթեւ նժոյգը սանձած՝
Կուգայ սիրուհին կառնէ վրանէն
ու կրծքին սեղմած կտանի հեռուն.
Եւ մարդոց աչքին իր կինն է առտուն։
***
Նուաստութեան մը զգացումն ահեղ
Սկսաւ սիրտըս որդի պէս կրծել.
Է՜՜՜հ, շնչին մարդու տեղը չէր այնտեղ,
Հոն ո՛ւժ, գո՛րծ պէտք էր, եւ ո՛չ երազել։
Բայց մերթ ալ ինծի այնպէս կթուէր,
Թէ այդ նայուածքը սէրն էր կարեվր.
Այդպէ՛ս կնայի եղնիկն անկասկած
Որսորդի նետէն վիրավոր ինկած։
Այդ նայուածքը լուռ, կարծես, կաղաչէր,
Որ չխաղայի իր հետ այդ քնքուշ,
Բայց վտանգաւոր կատակն անզգոյշ.
Եւ արդեօք իրաւ սա կատակ մը չէ՞ր.
Ցօղի կատակ մը վարդի վառ կրծքին,
Որ շուտ կցնդի արեւածագին։
***
Այդ նայուածքը, ա՜հ, ինծմէ գոկթ կուզէր.
Գթալ իր անհոգ անդորրը կեանքին
Ու չներշնչել ապարդիւն յոյզեր,
Որոնք ծաղկէ զուրկ լոկ փուիշ կծլին։
Եւ ես վարանած այդ հայեացքին դէմ
Կփռուիմ գետին հողը կդիտեմ։
Լալու փափագ մը կոկորդըս կուգայ,
ու սիրտըս կրծող կսկիծ մը կզգայ։
Հանկարծ արցունքը կհորդի աչքէս,
Լարումս ալ թուլնալ կսկսի քիչևքիչ.
Մեղմիկ անխռով նիրհ մը ամոքիչ
Կուգայ կկախուի թաց թերթերունքէս.
Եւ խո՛ր կննջեմ՝ ցօղով արցունքով
Թրջած խոտին մէջ, ոչխարներուն քով։
***
Մեղմ ու գեղգեղուն ձայն մը սրինգի
Հայթեց սկանջըս եւ ես արթնցայ.
Հովը երեսըս շոյեց մեղմակի՝
Ընդոստ շարժումով ելայ նստեցայ։
Լուսինը արդէն անհետ էր եղեր.
Ճերմակ, կապտագոյն նուրբ ժապաւեններ
ձիգևնեղ շերտերով փռուեր էր երկար,
ուր լոյսի առջի ցօլքը կերերար։
Հովիւը ելած՝ սրինգը բերնին
Արօտ կքշէր հօքը արթնցած,
Որ կխլրտէր ու կամացևկամաց
Սուր մայուններով կեանք կուտա օդին։
Հեռուն կլսուէր խուլ ձայն մը կերկեր.
Լոյսը բացուելու արդէն մօտիկ էր։
***
Շուտ ընկերներս ալ ցատկեցին ոտքի.
Ամէն բան կապած պատրաստ էր արդէն.
Արեւը չելած իջնէինք պիտի
Այդ թարմ ու դալար մեր սարահարթէն։
Հապճեպ հըրաժեշտ տուինք աղմըկուն՝
Հիւրասէր ծերին եւ իրեններուն.
Եւ վերջին անգամ, երբ ես կարկամած
Աղջկըան դէմքին նայեցայ կամաց,
Մեր հայեացքները իրարու զարկին,
ի՜նչպէս խորունկ էր ու ի՜նչպէս յուզիչ
Իր ջերմ ակնարկը, իր ժպիտը ջինջ.
Կարծես կգգուէր, ու կըսէր մէկին.
«Է՜, թող. ամէն մարդ իր ճամփով, եղբա՛յր.
Բաժնուինք սիրով ու յիշենք իրար»։
***
Ու բաժնուեցանք, ան կեցած էր լուռ։
Արահետը ձախ ծռեցաւ հանկարծ.
Վերջին նայուածք մը նետեցի տխուր
Եւ աղջիկն աչքէս կորուսի անդարձ։
Սուր խայթ մը ու ցաւ կզգայի ներսէս.
Ալ կասկած չկար, սիրած էի ես։
Բայց հազիւ հպած այդ սուրբ փորձութեան,
Թողեր կերթայի, անջա՛տ յաւիտեան։
Իսկ այդ անջատման լեղի բաժակէն
Դուք ձեր կեանքին մէջ ըմպա՞ծ էք երբեք.
Հեռացա՞ծ էք դուք ծա՜նր, սրտաբե՜կ
Այն սիրուն, կանանչ, գողտրիկ բլրակէն,
Ուրկէ մէ՛կը լուռ կհետեւի ձեզ
Եւ երբ ձեր սիրտը կպայթի կարծես□
***
Է՜հ, քանի՜ տարի անցած է հիմա
Այդ անհոգ կեանքիս երազ օրերէն.
Եւ որքա՜ն հեռու կապրիմ ակամայ
Իմ սրտիս մօտիկ չքնաղ վայրերէն։
Բայց գիշերները նեղ սենեակիս մէջ՝
Երկար հոգնելէս կամ ձանձրոյթէս վերջ՝
Հաճախ կերազեմ Գեղարդի օպան,
Կյիշեմ հատևհատ ամէն չնչին բան։
Ու աչքերուս դէմ կծնի պայծառ
Լեռան աղջըկան պատկերն անարատ,
Իմ անբիծ սրտիս յոյզերն այն առատ
Եւ վայրի սիրուս բերկրանքը անճառ,
Է՜հ, քա՜ղցր վայրեր, վայրկեաննե՜ր անգին
Իմ պատանեկան անրջոտ կեանքին։