Levon Shant

Լեռան աղջիկը

Նուագ երկրորդ

ԼԵՌՆԱԴԱՇՏԸ

***

Պայծառ արեւ էր, երբ աչքըս բացի,

Ընկերներըս խոր կննջէին դեռ։

Վրանին առջեւ երկու արձակ ձի

Ցօղաթուրմ խոտը ախորժով կուտէր։

Հսկայ ծերուկ մը երկու քայլ անդին

Նստեր կխորհէր ձեռքը ծնոտին։

Դուրսէն բիւր ձայներ, ճռվողիւն, դայլայլ

Եւ սուր բզզիւն մը անվերջ, անյայլալ

Համանուագ մը կդաշնակէին։

Ես չդիմացայ, ցա տկեցի տեղէս.

Աղբիւրն հարցուցի ծերուկ տանտերէս.

Ան քանի մը բառ պոռաց անմէկին

Ու աղջիկ մը նեսր վազեց կարմըրած,

«Գնա՛ ետեւէն»՝ ծերը մռմըռաց։

***

Ի՜նչ սիրուն օր էր, ի՜նչ կապոյտ եթեր.

Շուրջըս շող ու ցօղ, թարմութիւն ու զով.

Հոն բնութիւնը կարծես լըուացուէր՝

Չորցուիլ կուզէր զեփիւռի շնչով։

Ես կքալէի արբշիռ ու արագ՝

Լեռան ջինջ օդը ծծելով անհագ.

Աղջիկը թեթեւ առջեւէս կերթա

Մանրիկ, ոստոստուն քայլուածքով կայտառ։

Ա՜, իր նուրբ ճկուն մէջքը կանացի.

Եւ թիկունքէն վար սեւ գիսակը ճոխ՝

Օձի պէս սողուն ու աչքի կառչող։

Զո՜ւր հետը խօսիլ հեղ մը ջանացի.

Գլուխը հակեց շարժումով մը վես,

Ցնցում մը ըրաւ, թըռաւ առջեւէս։

***

Եւ ես խելահեղ ինկայ ետեւէն,

Կարծես գրգռուած իր վազքէն համառ.

ՀԱսայ ու ամուր բռնեցի թեւէն,

Առանց գիտնալու, թէ ինչու համար։

Անոր արեւոտ այտերը սիրուն

Հազիւ էր պագեր տասնըհինգ գարուն.

Եւ ի՜նչ թարմ մարմին, եւ ի՜նչ հրապոյր,

Ինչպէ՜ս նրբակազմ, ինչպէ՜ս կենսաբոյր։

Ես պահ մը անթարթ նայեցայ իրեն,

Մինչ ինքն ամչկոտ հայեացքը անուժ

Հառեց աչքերուս վարանքով անուշ,

«Անունըդ», ըսի. ժպտեցաւ նորեն.

Եւ հանկարծ խլեց թեւը ձեռքերես

Ու փախաւ լեռան երէի մը պէս։

***

Անհետ եղաւ ան ժայռերու ետեւ,

Իսկ ես միայնակ մնացի շուար.

Կրծքիս տակ բան մը կճմլէր թեթեւ,

Անկանոն շունչըս արագ կհեւար.

Ու սիրտըս ամուր մուրճի մը նման,

Զարկ կուտար պինդևպինդ. խենթեցեր էր ան։

Անշուշտ անսովոր իմ շտապ վազքէս

Այսպէս շնչասպառ, հուզուած էի ես։

Մտքիս մէկ խորշէն կըսէին սակայն,

մոր ոյդ բնական պատճառէն տարբեր

ուրիշ նոր բան մը հոգիս էր թափեր,

Նոր բան մը ճմլող, թարմ ու դուրեկան□

Մինչեւ որ թուլցան զարկերը սրտիս

ու ես հոգեզմայլ նայցեայ չորս դիս։

***Նոր էր ամէն բան հոն ինծի համար.

Այդ չքնաղ վայրի բնութիւնն ազդու,

Այդ շուրջանակի լեռներն անհամար,

Որոնք թեւևթեւի հենած իրարու

Սկսիլ կուզեն շուրջպար մը հսկայ,

որ համրատատան կերթայ ու կուգայ.

մեր նեղ, ցից սարը, որ դաշտին դիմաց

Բեմ մը կկարծես կանանչով գորգած։

Դիւցազնի բեմ մը, որուն բարձունքէն

Ամէն առաւօտ վարդ արշալոյսին

Բիւրաւոր զուարթ ձայներ միասին

Բնութեան գեղը կճառեն կերգեն։

Ի՜նչ հիացումով եւ յոյզով եռուն

Ներկայ եմ եղեր այդ ներբողներուն։

***

Լեռնային վայրի բնութեան նման,

Նոր էր ու բուռըն վարած կեանքերնիս.

Անցեալի՛ յուշեր, եկէ՛ք օգնութեան,

Երգե՛նք միասին ինչ քաղցր էր սրտիս։

Երբ առաւօտը գաղտուկ ժպտալէն՝

Լեռան ու երկնի համբոյրի վայրէն՝

Ցոյց տար դալկահար, քնատ աստղերուն

Քունէն կարմըրած այտերն իր սիրուն,

Երբ Արագածի չորսևճիւղ գագաթին

Թուխևթուխ ամպերը խորունկ հորանջով

Ճերմակ մահիճնուն ելլէին նազով.

Եւ երբ արթննար օդը հանդարտին

Թռչուններու սուր առաջին երգէն,

Մենք ալ կելլէինք հովուի վրանէն։

***

Մեր ուրախ, անզուսպ բարձր երգերուն

Աղբիւրն իր հեզիկ ձայնը կխառնէր,

մինչ իր սառնորակ հոսանքը ծիծղուն

Քունի համբոյրը այտէս վար կառնէր։

Հեռո՜ւն լեռներէն հտպիտն արձագանք

Ճշտիւ կկրկնէր իւրաքանչիւր վանկ։

Մենք, արբած լեռան մաքուր, գաղջ օդէն,

Հողի ու ծաղկի գրըռիչ հոտէն,

Շարջելու տենչ մը կզգայինք հանկարծ։

Դէ՜, շիտակ այն սեպ, ժայռոտ բլրէն վեր.

Ետեւնուս հող, քար վար կգլտորվէր

Խուլ թնդիւնով մը, թափով մը անդարձ,

Մինչ խումբը հեւքով շեշտ առաջ կերթա

Գագա՛թը միայն առնելու դադար։

***

Ապա կերթայինք ու ջոկին մէջէն

Շուտ կթամբէինք մեր նախընտրած ձին.

Եւ դալարագեղ լեռան թեք լանջղն

Ձին ճամփայ կիյնար միշտ հլու սանձին։

Ա՜խ, երբ ան կատղած, բերնին հորդ փրփուր,

Ճոխ բաշը հովին, աչքերուն մէջ հուր,

Պինչերուն շոգի, շեշտ կսլանար

Ոտքերն ու կորւծքը գետնին հավասար,

Կարթըննար մէջըս վայրի բնազդներ.

Կուզէի բան մը, որ փշրեմ ջարդեմ,

Կուզէի կռվիմ սուլող հովին դէմ,

Որ ականջիս տակ ծաղրըս կհանէր։

Այն պահուն ձիէս, չէ՛, տարբեր չէի,

Ե՛ս ալ, իրեն պէս, կվրնջէի։

***

Կամ իրիկունը, երբ թոյլ ցոլքերով

Արեւը երկրիս հրաժեշտ կուտար,

Եւ երբ լեռները իրենց ստուերով

Պինդ կփաթթէին հովիտը դալար.

Երբ հովիւները փչելով շուին՝

Դէպի վրանը ետ կքշէին

Մայող, բառաչող հոտերն ու տավար,

Մենք՝ թմրութիւննիս վանելու համար՝

Դէպի վտակը կերթայինք շտապ.

Լեռան ցատկռտող ջուրերը հստակ

Ա՛լ կփրփըրէր մեր զարկերուն տակ.

Մինչ մենք դեռ երկար, թէեւ ուժաթափ,

Իր հոսանքին դէմ կուտայինք պայքար,

Որ կարկաչելով վրանիս կուգար։

***

Վտակին մօտիկ ժայռ մը կայ ցցուած,

որուն դէմ հովը իզուր կսպառնայ.

Լողանալէ վերջ՝ զով ու թարմացած

Հո՛դ կժողւուինք՝ այդ ժայռին վրայ։

Ճիշտ մեր ձախ կողմէն մասիսն ամեհի

Լեռան մը ուսէն շեշտ մեզ կնայի.

Աջէն Արագած՝ հակած Արային՝

Ո՜վ գիտէ, ինչեր կպատմէ հինևհին։

Այրարատ դաշտը կփռուի մեր դէմ,

Որ պինդ պարուրուած իր գորշ ծածկոցով

Քուն մտնել կուզէ. ի՜նչ մշուշի ծով։

Ետիս ալ ձորի մութն է ձառադէմ,

ուր Ազատ խոր, խուլ, անձաւներուն մէջ

Կկռուի անդուլ իր կռիւն անվերջ։

***

Եւ մենք անձնատուր մեզ շրջապատող

Դարերու վկայ այդ արձաններուն,

Կմնանք անշարժ, լուռ ու սրտադող՝

Մութին մէջ գամած աչքերնիս հեռո՜ւն։

Հին, հոգնած դարեր, ծեր ուխտերու պէս,

Կուգան ու դանդաղ կանցնին առջեւէս։

Բայց, տեսար, վէճ մը մեր մէջ կփրթի՝

Անմիտ յորդում մը տենչայոյզ սրտի.

Գալիք օրերու քողը կպատռի

Մեր անփորձ մտքի հանդուգըն ճիգէն.

Ի՜նչ պատկեր, ի՜նչ կեանք կժպտի տակէն,

Եւ ա՛լ՝ վարդերանգ յոյսերու գերի՝

Պինդևպինդ կհավտանք, սո՜ւր հպարտութիւն,

Թէ պիտի չացնին մեր կեանքն ապարդիւն։

Be the first who will comment on this

Other parts of "Լեռան աղջիկը"

Yatuk Music
Song of the Aisors
George Gurdjieff

Song of the Aisors