Hakob Paronyan
Քաղաքավարութեան վնասները
2
***
Գամիկ աղայ, այս իրիկուն կերակուրը մէկտեղ ուտենք։
Շնորհակալ եմ, Մարկոս աղայ, բայց չեմ կրնալ գալ, որովհետեւ ուրիշ տուն մը հրաւիրուած եմ։
Կ'աղաչեմ։
Կը խնդրեմ։
Խօսքս մի՛ կոտրեր։
Մի՛ ըներ։
Չէ մի՛ ըսեր։
Մի՛ ստիպեր։
Ի՞նչ կ'ըլլայ, մէկտեղ ժամանակ կ'անցունենք քիչ մը։
Աղէկ, բայց…
Բայցս ալ ի՞նչ է, երթանք։
Որովհետեւ այսչափ կը ստիպես կոր, ես ալ չեմ մերժեր. երթանք։
Կեցցե՛ս, Գամիկ աղայ, շնորհակալ եմ։
Ես ալ շնորհակալ եմ։
Այս խօսակցութիւնը տեղի կ'ունենար Բերա մեծ փողոց, գինետան մ՚առջեւ։
Մարկոս աղան հրաւէրն ընդունել տալուն պէս բարեկամին ձեռքէն բռնեց եւ գինետունը տարաւ։
Մասթիքա՞յ կը խմէք։
Ո՛չ։
Անանկ է նէ, տիւզ կը գործածէք։
Ո՛չ,
Րո՞մ։
Ո՛չ։
Ըսել է` գոնեաք կը խմէք։
Ո՛չ։
Ի՞նչ կը խմէք ուրեմն։
Ոչինչ. չիյտէ՞ք, քանի մը տարի կայ, որ ես ըմպելիք չեմ գործածեր։
Ըմպելիք չե՞ս գործածեր։
Ո՛չ։
Ոտքդ պաքնեմ։
Ո՛չ։
Իրա՞ւ կ'ըսես։
Ինչո՞ւ սուտ խօսիմ։
Աստուածդ սիրես։
Չեմ խմեր։
Կատա՞կ կ'ընես հետս։
Ի՞նչ հարկ կայ կատակ ընելու։
Հիմա մասթիքայ չե՞ս խմեր դուն։
Ո՛չ։
Տի՞ւզ։
Ո՛չ։
Րո՞մ։
Ո՛չ։
Գոնեա՞ք։
Ո՛չ։
Ինչո՞ւ կ՚ապրիս կոր ուրեմն, կը պոռայ յաճախորդներէն մին` լեցնելով գաւաթը։
Կը խմէ, կը խմէ, կատակ կ՚ընէ կոր, կը պատասխանէ Մարկոս աղան։
Չեմ խմեր, Մարկոս աղայ։
Ամօթ է, աղբա՛ր, չխմել կ'ըլլա՞յ, լսուա՞ծ բան է, նստողները վրանուս խնդացունե՞նք պիտի։
Սովորութիւն չունիմ, եղբայր, ինչո՞ւ կը ստիպէք։
Կնիկ ես, ի՞նչ ես, պէ մա՛րդ, օղին չխմուի՞ր, կ՚ըսէ մին։
Բերնին համը ի՞նչ գիտէ անիկա, կը յարէ ոմն։
Պարզ մարդ մ՚է, կ՚ըսէ երրորդ մը։
Ճգնաւոր, կը պոռայ ուրիշ մը։
Հա՜, հա՜, հա՜, օղի չխմեր եղեր, վայ, ապուշ, վայ, կը թոթովէ գինեմոլ մը խնդալով։
Կը խնդրեմ, Գամիկ աղայ, վերջացնենք սա խաղը, կ՚ըսէ Մարկոս աղան։
Ի՞նչ ընեմ։
Գաւաթ մը միայն խմէ։ Մեզի շիշ մը մասթիքայ բերէք։
Գաւաթ մը կը խմեմ խաթերդ համար։
Շնորհակալ եմ. ժամանակին յարմարելու է. չխմողի վրայ կը խնդան Հոս, թող որ չխմելն ալ պաղ բան մ՚է։
Շատ աղէկ։
Հրամմեցէ՛ք։
Կենդանութիւն։
Անուշ։
Գամիկ աղան կը ստիպուի քանի մը գաւաթ եւս խմել` գայթակղութիւն չպատճառելու համար հարբեցողաց մէջ։
Ժամը տասներկուքին կը մօտենայ։ Գամիկ աղան անօթի է. ամէն երեկոյ սորված է ընթրել առ առաւելն ժամը կէսին։
Ելլենք, Մարկոս աղայ, եթէ կը հաճիք, կ՚ըսէ Գամիկ աղան։
Դեռ կանուխ է։
Տասներկուքին մօտեցաւ։
Առածը չիյտե՞ս. միսաֆիր էւ սահիպինին գուզուսու տուր։
Գիտեմ, բայց…
Իմ կըտաս չլմնցաւ դեռ։ Ճիշտ երկու շիշ պիտի ըլլայ։
Շատ աղէկ։
Մարկոս աղան կը շարունակէ իւր կըտան եւ Գամիկ աղան իւր անօթութիւնը։
Ժամը մինչեւ քանի՞ն պիտի նստինք հոս, Մարկոս աղայ։
Ինչո՞ւ կ'աճապարես կոր, բարեկա՛մ, նստինք, խօսինք, տուն երթանք` ի՞նչ ընենք հիմա. այս ատեն կերակուր կ՚ուտուի՞, անասունները կ՚ուտեն հիմա… ի՞նչ… անօթի՞ ես դուն։
Չէ՛, չէ՛, բնաւ չէ։
Եթէ անօթի ես, երթանք։
Չէ, այս ատեն կերակուր կ՚ուտուի՞։
Շիտակ զրուցէ՛, կ'աղաչեմ. ես կ'ուզեմ, որ էյլենմիշ ըլլաս դուն, ֆերահլանմիշ ըլլաս… չէ նէ, ի՞նչ հասկցայ… ես կ'ուզեմ, որ հիւրս քեյֆլենմիշ ըլլայ… երթանք, թէ որ անօթի ես…
Չէ՛, չէ՛, բնաւ չէ։
Կը կրկնեմ, եթէ անօթի ես, երթանք։
Չէ, այս ատեն կերակուր կ՚ուտուի՞։
Կը կրկնեմ` շիտակ զրուցէ՛, կ'աղաչեմ. ես կ'ուզեմ, որ էյլենմիշ ըլլաս դուն, ֆերահլանմիշ ըլլաս, չէ նէ, ի՞նչ հասկցայ… ես կ'ուզեմ, որ հիւրս քեյֆլենմիշ ըլլայ. երթանք, թէ որ անօթի ես։
Անօթի չեմ։
Խօսէ՛ ուրեմն, բան մը պատմէ՛, արձանի պէս ինչո՞ւ մունջ կեցեր ես։ Կենդանութիւն։
Անուշ անմահութիւն։
Հատ մ՚ալ քեզի տամ։
Չէ, գլուխս կը դառնայ կոր։
Խօսէ նայիմ։ Կենդանութիւն։
Անուշ։
Գործ մ՚ունէիր նէ, ի՞նչ ըրիր ան։
Ո՞ր գործը։
Որն ըլլայ նէ, ըլլայ, գործ մ՚ըլլայ տէ, մերամ ժամանակ անցունել չէ՞ մի։
Անանկ է եա՛։
Չխօսի՞ս, աղբար. գիշերներն ի՞նչպէս ժամանակ կ'անցունէք կոր, ցերեկներն ի՞նչ կ'ընէք կոր, առտուները ինչո՞վ կը զբաղիք կոր։
( Մեկուսի ) Անօթութենէ մարելիք կու գայ կոր վրաս։
Ի՞նչպէս եղաւ նայինք այդ գործը։
Մելքոնի՞ն գործը։
Հա, Մելքոնին գործը. ( մեկուսի ) պարէ գիտնա՞մ…
Մելքոնը յանցաւոր էր այդ գործին մէջ. ( մեկուսի ) ժամ մ՚առաջ երթայինք ու սեղան նստէինք։
Իրա՞ւ կ'ըսես, վայ անպիտան, վայ, վայ, Մելքոնէն չէի յուսար. ( մեկուսի ) պարէ ճանչնա՞մ։
Չար տղայ է։
Անպիտա՜ն. պատմէ, նայինք։
Երկար է պատմութիւնը։ ( Մեկուսի ) Գայլի մը պէս անօթի եմ։
Թող երկար ըլլայ, ատա՛մ։ ( Մեկուսի ) Սըւիկա քիչ մը խօսիլ տամ, որ բացուի. կը նեղանայ կոր զաւալլը մարդը։
Հիմա չեմ կրնար պատմել։ ( Մեկուսի ) Անօթի փորանց։
Կենդանութիւն անանկ է նէ։
Անուշ։ Ժամը մէկ է։
Շատ աղէկ, կ'երթանք։ Սա հաշիւս մաքրեմ։
Մարկոս աղան հաշիւը մաքրելու կը զբաղի. Գամիկ աղան ինքզինքը գինետունէն դուրս կը նետէ եւ փողոցին մէջ կը սպասէ Մարկոս աղային, որ վերջին գաւաթները կը խմէ մի ըստ միոջէ։
Գամիկ աղան քառորդի մը չափ կը սպասէ փողոցին մէջ եւ յետոյ գինետան սեմին վրայ կ՚ելնէ ու կը կանչէ Մարկոս աղան։
Մարկոս աղայ, ուշ մնացինք։
Կու գամ կոր։
Գամիկ աղան քառորդ մ՚ալ կը սպասէ. համբերութիւնը հատնելու վրայ է, կ'ուզէ մեկնիլ, բայց քաղաքավարութիւնը չթողուր։ Ուստի նորէն կը կանչէ.
Մարկոս աղայ, Մարկոս աղայ, երթանք։
Հիմա։
Գինովներուն հիման առնուազն քառորդ ժամ է։
Մարկոս աղայ, երկար ըրիր։
Եկայ։
Գինովներուն եկան պիտի գամ է։
Մարկո՛ս աղայ։
Կ'աղաչեմ, քիչ մը… ներս եկուր, մէկտեղ ելլենք։
Չեմ գար։
Եկո՛ւր։
Ո՛չ։
Կը բարկանամ։
Բայց պիտի երթանք։
Այո՛։ Ահա եկայ։ Կարծեմ քեզի սպասցուցի քիչ մը։
Վնաս չունի։
Քեզի տեսայ, չիյտես, ո՛րչափ գոհ եղայ, այս իրիկուն քեյֆս քեզի պարտական եմ. ոտքի վրայ հատ մը կը տնկե՞ս։
Չէ՛, երթանք։
Շատ աղէկ, երթանք։ Կենդանութիւն։
Անուշ։ Երթանք։
Այո՛, երթանք։
Երկու բարեկամները ճամբայ կ'ելնեն եւ քանի մը փողոց դառնալէն յետոյ տուն կը հասնին։
Վա՛յ, Գամիկ աղա՛յ, հրամմեցէ՛ք ըսելով հիւրը վեր կը հրամցնէ Մարկոս աղային տիկինն, որ խնդումերես եւ քիչ մ՚ալ սիրտը չվիրաւորուի շատախօս է։
Գամիկ աղան հիւր բերի, տիկի՛ն։
Շատ աղէկ ըրիր, վայ Գամիկ աղայ, վայ։
Բարի եկաք, կ'ըսեն Մարկոս աղային աղջիկներն Գամիկ աղային ու անոր ձեռքը կը թօթուեն։
Գամիկ աղան աչքերով սեղան կը փնտռէ։
Վայ, Գամիկ աղայ, վայ, է՛, տահա ինտո՞ր ես, նայինք։
Փառք Աստուծոյ, տիկի՛ն, դուք ինտո՞ր էք։
Ձեզի տեսանք, աւելի աղէկ եղանք, վայ, Գամիկ աղայ, վայ, դուն ալ հոս պիտի գաս եղեր։
Սա րախըի թեփսին շտկեցէք, կը հրամայէ Մարկոս աղան։
Վայ, Գամիկ աղայ, վայ, բնաւ մտքէս չէր անցներ, որ Գամիկ աղան մեզի հիւր պիտի գայ այս գիշեր. ո՞ր հովը փչեց ասանկ, վայ, Գամիկ աղայ, վայ, էյ ինտոր էք, նայինք, ի՞նչ կ'ընէք կոր, շիտակը հաւատալիքս չգար կոր, որ դուք հոս էք, վայ, Գամիկ աղայ, վայ… էյ խօսէ, նայինք… մեզի չտեսնելէն ի վեր ի՞նչպէս ժամանակ կ'անցունէք կոր. աֆերի՛մ, Մարկոս աղա՛յ, շատ աղէկ ըրեր ես, որ Գամիկ աղան բերեր ես. վայ, Գամիկ աղայ, վայ։ Գամիկ աղային օղի մը տուէք. շատ բան, շատ բան, վայ Գամիկ աղայ, վայ, մեզի տեսնալ պիտի գաս եղեր աս գիշեր, որո՞ւ մտքէն կ'անցնէր, աֆերիմ, Գամիկ աղաս… օղի մը տուէ՛ք, աղջիկնե՛ր։
Օղի չեմ խմեր։
Հատ մը խմէ, կ՚ըսէ Մարկոս աղան։
Չէ՛, Մարկոս աղայ։
Վայ, Գամիկ աղայ, վայ… տահա ի՞նտոր էք, նայինք, չօլուխ չոճուխը ի՞նչպէս է…
Աղէկ են։
Աղէկ ըլլան, վայ, Գամիկ աղայ, վայ։
Գամիկ աղայ, կ՚ըսէ Մարկոս աղան, դուն մեր թեքլիֆսիզ հիւրն ես. մեզի մի նայիր, եթէ անօթի ես, ըսէ՛, ուտենք, մեզի համար հոգ չէ։
Քա ճանըմ, կեցի հելէ, քիչ մը երեսը տեսնանք, ան ալ հանգստանայ քիչ մը, ու վերջը կ՚ուտենք, Աստծոյ տուածէն հարկաւ բան մը պիտի գտնենք ուտելու, անօթի չպիտի մնանք եա՛. ամա ի՞նչ ընենք, Գամիկ աղան կերակուրներուս չպիտի հաւնի եղեր, միսաֆիր ումտուղունու եմեզ պուլտուղունու եր, հա՜, հա՜, հա՜, անանկ չէ՞ մի. ամա, Գամիկ աղայ, շիտակը զրուցէ՛, դուն շիտակը խօսող մարդ մ՚ես, հա՜, հա՜, հա՜, վայ, Գամիկ աղայ, վայ։ Է, վայ, Գամիկ աղայ, վայ, Գամիկ աղան եապանճի չէ քի, վախնամ, որ երթայ, ուրիշ տուներ մեր կերակուրը աւրէ. Գամիկ աղան թեքլիֆսիզ է, այսօր չպիտի ճանչնանք զիրար եա՛. ոտքդ պաքնեմ, Գամիկ աղայ, իրաւունք չունի՞մ մի, ամա… ասանկ հէէ՛, Գամիկ աղայ, այս գիշեր հոս պիտի գաս եղեր. բարի եկար, հազար բարի, ամէն օր հրամմէ՛, մեր դուռը բաց է, է, տահա ինտո՞ր էք, նայինք, ի՞նչ կայ, ի՞նչ չիկայ, նայինք, դրացիներնիդ ի՞նչպէս են, Եպրոս հանըմը ի՞նչպէս է, Մաքրուհի հանըմը նշանուեցա՞ւ մի… Թորոս աղան գործ մը գտա՞ւ մի… հաւերը մորթեցի՞ք մի, ո՞ր մէկը հարցնեմ, չիյտեմ քի. քեզի տեսայ նէ կարծես քի գանձ մը գտայ, վայ, Գամիկ աղայ, վայ, այս գիշեր պիտի գաս եղեր. ինչո՞ւ համար օղի չես խմեր կոր, Գամիկ աղայ… մի՛ խմեր, ես զօռ չեմ ըներ, ինտոր կ'ուզես նէ, անանկ ըրէ, քեյֆդ նայէ, սանկ հանգիստ նստէ, կ'աղաչեմ, կռնակդ բարձին տուր… կ'ուզես նէ, յենուէ, էնթարի մը բերեն, բապուչ բերեն… ասանկ հա, վայ, Գամիկ աղայ, վայ, էհ, ապրիս, ողջ մնաս։
Կնիկ, թող չես տար, որ քիչ մ՚ալ ես խօսիմ։
Տէր ողորմեա, բերանդ ո՞վ բռնած է… վայ, Գամիկ աղայ վայ, շատոնց է տեսած չունիմ տէ, ուրախութենէս ինչ ընելիքս չեմ գիտեր կոր… անօթի ես նէ, նստինք սեղան։
Գէշ չըլլար։
Գամիկ աղան երկար շունչ մը կ՚առնէ։
Աղջիկնե՛ր, պրիզոլան կրակի վրայ դրէք, ձուկն ալ տապկեցէք…
Ոհ, ոհ, ոհ, ըսաւ ինքն իրեն Գամիկ աղան, ասկից վերջը կերակուր պիտի եփուի, ու պիտի ուտենք։
Վայ, Գամիկ աղայ, վայ, մինչեւ որ կերակուրը պատրաստուի, կրնաք քանի մը գաւաթ օղի խմել. ախորժակնիդ կը բացուի։
Շնորհակալ եմ, Մարկոս աղան թող խմէ։
Պրիզոլան հիմա կ'ըլլայ։ Հիչ չպիտի մոռնամ այս գիշերուանը. վայ, Գամիկ աղայ, վայ։
Սեղանի զանգակը կը զարնէ։
Կը ցատկէ Գամիկ աղան եւ ճաշի սենեակը կ՚իջնէ։ Չմոռնանք հոս յիշել, թէ հարբուխը Գամիկ աղային ակռաներուն երեք քառորդը յափշտակած է։
Պրիզոլային սա կտորն առէք, Գամիկ աղայ, կ՚ըսէ Մարկոս աղան։
Գամիկ աղան կ՚առնէ միսն եւ սպառազինուելով դանակով ու պատառաքաղով` իւր բոլոր ուժովն կ'աշխատի յօշոտել միսն։ Դանակը չկտրեր. ակռաներն, որ արդէն կորուսած են իրենց մեծամասնութիւնն, կարողութիւն չունին կտրելու. Գամիկ աղային անօթութեան վրայ բարկութիւնն ալ կը բարդուի, եւ սակայն քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ, որ մսի խոշոր կտորներն առանց կոտորակելու կլլէ եւ ցամաք հացով փորը կըշտացնելու աշխատի։
Գամի՛կ աղաս, պրիզոլայէն չէ՞ք ախորժիր, կը հարցնէ տիկինը։
Շատ կ՚ախորժիմ, կ՚ուտեմ կոր, կերայ, շնորհակալ եմ. պիտի ուտեմ, հոգ մի՛ ընէք։
Գինի հրամմեցէ՛ք։
Կը խմեմ, շնորհակալ եմ։
Գինին քացխած է, եւ քաղաքավարութիւնը թող չտար, որ հիւր մը տան տիրոջը յայտնէ ասանկ ճշմարտութիւններ։ Գամիկ աղան չուզեր խմել. տիկինը կը ստիպէ։
Իմ խաթերս համար սա բաժակը պիտի խմես։
Գամիկ աղան կը ստիպուի խմելու։
Բաժակ կ'առաջարկեմ Գամիկ աղայիս կենդանութեանը։
Գամիկ աղան կը ստիպուի խմել երկրորդ բաժակն ալ։
Մարդս ոչ միայն իւր թերութիւններն, այլ իւր սեղանին թերութիւններն ալ չտեսներ եղեր։
Գամիկ աղան անօթի փորանց քացախ կը խմէ, մինչեւ որ վերջապէս ձուկը կը բերուի սեղան։ Դանակներն, պատառաքաղներն ու պնակները կը փոխուին։ Գամիկ աղան պատառաքաղով ու դանակով ձուկ կերած չէ կեանքին մէջ, մատները կը գործածէ անոնց տեղ։ Բայց այսօր քաղաքավարութիւնը պարտ կը դնէ վրան` տան տիրոջը սովորութեան սովրիլ։ Ե՞րբ պիտի սովրի եւ ե՞րբ պիտի ուտէ։
Չէք ուտեր կոր, Գամիկ աղայ, կ՚ըսէ Մարկոս աղան, կարծեմ չախորժեցաք մեր կերակուրներէն։
Քաւ լիցի։ Կ՚ուտեմ կոր։
Ձուկը գէշ չէ եղեր։
Աղէկ է։
Վայ, Գամիկ աղայ, վայ։ Միայն թէ փուշը քիչ մը շատ է, ըստկելը դժուար է։
Ինձի համար բան մը չէ։
Մի՛ քաշուիք, կ'աղաչեմ։
Հոգ մի՛ ընէք։
Իմ կենդանութեանս բաժակ մը չէ՞ք խմեր։
Ի՞նչպէս չխմէ, քառասուն տարին անգամ մը մեզի կերակուրի եկաւ տէ… վայ, Գամիկ աղայ, վայ, իրաւ որ շատ գոհ եղայ ձեր գալէն։
Գամիկ աղան երրորդ անգամ կը կլլէ քացախը։
Երրորդ կերակուրը կը բերուի. սերկեւիլով միս։ Գամիկ աղան բնաւ չախորժիր այդ կերակուրէն, բայց ուտել ձեւացնելով պանիր ու հացով կը կշտանայ։
Կերակուրէն յետոյ խահուէ կը բերուի, եւ Մարկոս աղան կը սկսի, օգնութեամբ տիկնոջն, չորս ժամ շատախօսութեամբ գլուխն ուռեցնել իր հիւրին, որ կը սկսի մրափել նստած տեղը։
Պառկելու համար սենեակ մը ցոյց կը տրուի Գամիկ աղային։ Հազիւ կը մտնէ անկողին, մլուկները վրան կը յարձակին եւ կը ստիպեն զինքն ելնել, ճրագ վառել եւ տեսնել, թէ մլուկներն ոչ թէ միայն անկողնոյն մէջ բանակատեղի հաստատած են, այլ պատերուն վրայ եւս կ'ելնեն ու կ'իջնեն։
Գամիկ աղան մինչեւ առտու կը տքնի։ Ի՞նչպէս։ Ամէնուս յայտնի է, մարդ չկայ, որ կենաց մէջ գոնէ անգամ մը մլուկներու բանակին մէջ չիյնայ։
Հետեւեալ առաւօտ Մարկոս աղան եւ տիկինն կը հարցնէին Գամիկ աղային.
Ի՞նչպէս անցուցիք գիշերը։
Շատ հանգիստ։
Մլուկ կա՞ր։
Չկար։
Ի՜նչ քաշեցի ես, մինչեւ որ մլուկները սատկեցուցի նէ, կը պատասխանէր տիկինը։
Մնաք բարով, ձեզի նեղութիւն տուի։
Ատ ի՞նչ խօսք է, այս գիշեր ալ հրամմեցէ՛ք, դարձեալ հրամմեցէ՛ք, Գամիկ աղայ։
Գլխուս վրայ։
Տունը բարեւ ըրէ՛ք։
Լաւ։ Մնաք բարով։
Երթաք բարով։
Վայ, Գամիկ աղայ, վայ, ըսաւ տիկինը վերջին անգամ եւ դուռը գոցելով ներս մտաւ էրկանը հետ։
Գալով Գամիկ աղային` հսկայաքայլ կ'երթար մրմռալով.
«Գիտեմ ես, մարդու տուն մնալն ասանկ է, մարդս իւր տունին մէջ միայն կրնայ հանգիստ ըլլալ. զօռով օղի խմէ, մինչեւ ժամը երեք անօթի փորանց քացախ խմէ, բերնիդ յարմար կերակուր մի՛ գտներ, ցամաք հացով կշտացի՛ր, պարապ խօսքեր մտիկ ըրէ՛, այնուհետեւ մինչեւ առտու քնատ մնացի՛ր. ինչո՞ւ համար. քաղաքավարութեան համար։ Այս քաղաքավարութեան տակէն պարզապէս էշութիւն կ՚ելլէ կոր։ Իրենց ըսելու էի. ես տասներկուքին կերակուրս կ՚ուտեմ, օղի չեմ խմեր, շատախօսութենէ կը ձանձրանամ, քացախ խմելու սովորութիւն չունիմ, ձեր դանակները չեն կտրեր կոր, միսաֆիրի համար անանկ փշոտ ձուկ չեն առներ, սերկեւիլով միսն ուտուելու կերակուր չէ, ձեր սենեակը լեփ լեցուն մլուկ է, չէ՞ք ամչնար դուք, մինչեւ առտու չկրցի քնանալ, մեղք չէ՞ ինձի… շիտակը ձեզի չվայլեցուցի, որ հիւր մ՚ասանկ տանջէք, աւանակի տեղ դրիք զիս… կամ մարդու տեղ չդրիք զիս… ձեր ըրածը անկրթութիւն է, այո՛, այո՛, եւ մեծ անկրթութիւն է… կամ այսպէս վարուելու չէին հետս… կամ բացէ ի բաց զրուցելու էի, թէ ձեր ըրածը պարզապէս էշութիւն է …»։
Վայ, Գամիկ աղայ, վայ…
***
Մելիտոս աղայ, ամօթ եղաւ, գիշեր մը չկրցինք էֆենտիին երթալ։ Այս գիշեր երթանք, քանի մը ժամ կը նստինք, կը դառնանք։
Գիշեր մը կ'երթանք, կնիկ։
Հետեւեալ երեկոյին Մելիտոս աղան տուն կը դառնայ եւ ձէթի հազարնոց շիշը, զոր Պոլիս լեցուցած էր, կնոջը կու տայ։
Մելիտոս աղայ, ամօթ եղաւ, այս գիշեր երթայինք էֆենտիին։
Կնիկ, յոգնած եմ, այնքան մտմտուք ունիմ, որ զբօսնելու, ժամանակ անցունելու ախորժակ չունիմ։
Երրորդ երեկոյին Մելիտոս աղան տուն կը դառնայ։
Մելիտոս աղայ, ա՛յ մեծ ամօթ եղաւ, այս գիշեր անպատճառ երթալու
ենք էֆենտիին. կտոր մը կը նստինք, կ'ելլենք, կու գանք։
Այս գիշեր թող մնայ։
Չորրորդ երեկոյին։
Մելիտոս աղայ, այս գիշեր ալ չերթանք նէ, ա՛լ բարեւը կտրելու է անոնց հետ։
Կ'երթանք գիշեր մը, կնիկ, կ'երթանք, յոգնած եկայ, թող տուր, որ շունչ առնեմ։
Կ'ուզես գնա՛, կ'ուզես` մի՛ երթար, մէյ մ՚ալ բերանս չեմ բանար։
Եւ եղեւ երեկոյ հինգերորդ։
Մելիտոս աղայ։
Ի՞նչ կայ, ի՞նչ կայ, ի՞նչ կայ։
Ալ այս գիշեր պիտի երթանք, այնպէս չէ՞։
Երթանք, երթանք, որ խալսիմ ձեռքէդ։ Երթանք, ամէն գիշեր երթանք, լմնցայ նէ… էո՜ֆ…
Կերակուրնիս ուտենք…
Երթանք։
Ելնենք…
Երթանք ըսինք ա՛։
Երթանք…
Քանի՞ անգամ կ'ըսեն։
Քիչ մը նստինք…
Նստինք։
Ելլենք, գանք։
Ելլենք, գանք. ուրի՞շ…
Կերակուրնիս ուտենք, շտկուինք, շտկռտուինք, դուն ալ շապիկդ փոխէ, էֆենտիին տունը մեծ մարդեր կու գան, խաղք չըլլանք։
Կերակուրնիս ուտենք, շտկուինք, շտկռտուինք, ես ալ շապիկս փոխեմ, էֆենտիին տունը մեծ մարդեր կու գան, խաղք չըլլանք… լմնցա՞ւ։
Գէ՞շ կը խօսիմ կոր։
Գէշ չես խօսիր կոր։
Քեզի համար կ'ըսեմ կոր։
Ինձի համար կ'ըսես կոր, լմնցո՛ւր։
Սա բարկանալու բան մը չեմ տեսներ կոր ես. այս գիշեր երթանք, ըսի. այս գիշեր երթանք ըսելը յանցանք է նէ, մեղայ։
Բարկանալու բան չկայ, իրաւունք ունիս… լմնցնենք ալ, այս գիշեր պիտի երթանք։
Կը նայիմ, որ պարապ տեղը կը բարկանաս։
Կը բարկանամ։ Ամէն իրիկուն է աս. երթանք, այս գիշեր երթանք, երթանք այս գիշեր, այս գիշեր չերթանք նէ, չըլլար… գլուխս ուռեցաւ, հատա լմնցայ նէ… Քանի օրուան կեանքս մնաց… երթա՜աաաաաաանք… կը լմնցնեն ա՛լ։
Կինը կը պատրաստէ սեղանը, կը բերէ կերակուրները։ Կ՚ուտեն, կ'ելնեն սեղանէն, այցելութեան հագուստները կը հագնին եւ ճամբայ կ'ելնեն։
Էֆենտին, որու տունը կ՚երթային Մելիտոս աղան ու կինն, Մելիտոս աղային կնոջ ազգականն է։ Ընդհանրապէս կանայք, որ հարուստ ազգական եւ աղքատ ամուսին ունին, իրենց հարուստ ազգականին վրայօք կը խօսին իրենց ամուսնոյն շաբաթը առնուազն չորս անգամ երկու ժամ։ Եւ ի՞նչ խօսքեր։ Աւասիկ.
«Էֆենտիին գորգը ի՜նչ աղուոր է, սրահն անանկ զարդարած է, որ դրախտ կը նմանի. ինչո՞ւ քուկին բանթալոնիդ ձեւն աղէկ չէ, էֆենտիին բանթալոնները միշտ ձեւաւոր են… էֆենտին յիսուն շեքի փատ է առեր առաջի օրը… էֆենտիին ոսկէ շղթան ո՜րչափ հաստ ու երկայն է… էֆենտին խոհարարը փոխեր է… գաղղիացի խոհարարուհի մը պիտի առնէ եղեր… էֆենտին ամէն օր կառքով կ'երթայ գործին գլուխը… էֆենտին… մեր էֆենտին շաբաթը երեք անգամ կ՚ածիլուի. տուն մ՚ալ պիտի գնէ եղեր… էֆենտիին սեղանին վրայ ամէն իրիկուն ձուկ պիտի ըլլայ… էֆենտին առանց ձուկի չըլլար… էֆենտիին կինը կռոն շրջազգեստ մը հագած էր, որ կը վառէր կոր կարծես… էֆենտիին ձին անձնական տկարութիւն ունի եղեր քիչ մը…» (բանաւոր պատճառ մը, որով ազգային երեսփոխան մը կրնայ բացակայ գտնուիլ ժողովէն)։
Այս կանայք կը պնդեն նաեւ, որ գոնէ ամիսը մէկ անգամ իրենց ամուսինները տանին իրենց հարուստ ազգականին տունը։ Կ'երեւի թէ կանայք փառաւորուիլ, իրենց ամուսիններուն վրայ ազնուականութեան կամ կրթութեան առաւելութիւն մ՚ունենալ կը կարծեն` իրենց հարուստ ազգականին տունը տանելով իրենց ամուսիններն եւ ըսելով լռելեայն.
Տես, ես հարուստ ազգական ունիմ, դուն ի՞նչ ունիս, զիս յանդիմանելու մա՞րդ ես, լաթերդ լուալու, կերակուր եփելու, տախտակ շփելու կնի՞կ եմ ես, ճանչցիր արժէքս եւ ըստ այնմ վարուէ հետս։ Եւ եթէ նորէն զիս տանջես, գիտցած եղիր, որ ամէն բան կը պատմեմ էֆենտիին եւ պատժել կու տամ զքեզ։
Կ'երեւի դարձեալ, թէ Մելիտոս աղան ալ այս` լռութեամբ արտասանուելիք խօսքերը լռութեամբ չլսելու համար էր, որ չէր ուզեր երթալ էֆենտիին տունը, բայց խօսքը, որպէս կ'ըսեն, կարճ կապելու համար հաւանած էր երթալու եւ ճամբայ ելած էր։
Հետեւինք ուրեմն իրենց։
Գիտցած ըլլաս, որ շատ չեմ նստիր, ըսաւ Մելիտոս աղան կնոջն, երբ մօտեցան էֆենտիին տունը։
Բախեցին եւ բացուեց։
Հրամմեցէ՛ք, տիկին, ըսաւ յարգանօք տանն սպասաւորն եւ տիկնոջ թեւը մտնելով սանդուխէն վեր հանեց։
Մելիտոս աղան սանդուխին առաջին աստիճանի վրայ նստեցաւ եւ հանեց իւր ոտքի ամանները, որ քանի մի կարկտանք ունէին։ Յետոյ վեր ելաւ` զգացուած սպասաւորի կողմէն իրեն եղած պարզ ընդունելութենէն եւ մտաւ ընդունելութեան սենեակը։
Էֆենտին քանի մը բարեկամաց հետ թուղթ կը խաղար։ Մելիտոս աղային տիկինն էֆենտիին տիկնոջը քովը նստած էր։ Վահրամն ալ, էֆենտիին տղան, հազիւ երկու տարեկան, սենեակին մէջ կը պտտէր վանկեր շինելով։
Երբ Մելիտոս աղան ներս մտաւ, էֆենտիին կինը գլուխը կէս սանթիմեթրոյ ծռեց, որպէս թէ հիւրին բարեւն առնելու համար. էֆենտին չտեսնել կեղծեց Մելիտոս աղան։
Մելիտոս աղան քիչ մ՚ալ զգացուեցաւ եւ մրմռաց քթին տակէն. «երթանք. երթանք, ահա եկանք»։
Էֆենտիին բարեկամներն քաջալերուած անշուշտ այն պաղութենէն, զոր էֆենտին ցոյց տուաւ Մելիտոս աղային, սկսան իրենց մէջ խօսիլ.
Ի՞նչ անկիրթ մարդ է։
Ո՞վ է այդ վայրենին։
Կօշիկները վարը ձգեր է։
Անասուն կը նմանի։
Մելիտոս աղան կ'իմանայ այս խօսակցութիւնն, բայց քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ, որ կլլէ այդ ծանր խօսքերն, որովհետեւ ցած ձայնով կ՚արտասանուին անոնք. ըստ քաղաքավարութեան ոչ ոք իրաւունք ունի բողոքել իրեն ուղղուած այն հայհոյութեանց դէմ, որք առաջին ձայնով չեն երգուիր։
Թղթի խաղը կը շարունակուի. էֆենտին մերթ ընդ մերթ հետեւեալ հարցումները կ՚ուղղէ Մելիտոս աղային տիկնոջ.
Ի՞նչպէս էք, նայինք։
Աս ո՞ւր է, չէք երեւար կոր։
Հանգի՞ստ ես։
Մելիտոս աղան, որ բազմոցի վարի կողմը նստած էր եւ ամէն պատրաստութիւն տեսած էր կանխաւ էֆենտիին կողմէ գալիք հարցմանց քաղաքավարութեամբ եւ ակնածութեամբ պատասխանելու համար, ակն ունէր էֆենտիին բարեւին գալստեան։
Մելիտոս աղային կինն երբեմն երբեմն ակնարկութիւն կ'ընէր էրկանն, ակնարկութիւն, որ կը թարգմանուէր այսպէս.
Ինչո՞ւ միս֊մինակ նստեր ես, քովերնիս չգա՞ս։
Եւ Մելիտոս աղան այս ակնարկութեան կը պատասխանէր այնպիսի նշաններով, որ կը նշանակէին. գետնին տակը անցնիս, որ բռնութեամբ հոս բերիր զիս։
Եւ ահա Վահրամն բառեր թոթովելով Մելիտոս աղային կը մօտենայ, Մելիտոս աղային գիրկը ելնել կ'ուզէ։ Մելիտոս աղան կը գրկէ Վահրամն եւ կը սկսի տանտանա՜ տանտան տանտա՜ն տանի։
Հայրական սէր… Ի՜նչպէս հայրերու կամքը կը ջախջախես։
էֆենտին Մելիտոս աղային գրկացը մէջ Վահրամին խաղալն տեսնելով`
Օ՜օ, ըսաւ, Մելիտոս աղա՞ն ալ հոս է եղեր։ Ե՞րբ եկաւ, չիմացայ գալը, ինչո՞ւ մէկ ծակը քաշուեր նստեր ես, չմօտենա՞ս։
Ես ալ հոս եմ, տիկնոջ հետ եկայ, գալս չիմացաք, հոս հանգիստ եմ, կը պատասխանէ Մելիտոս աղան։
Իրաւ, ինչո՞ւ մինակ նստեր էք, մեր քովը եկէք, նստեցէք, կ'ըսեն էֆենտիին բարեկամներն, որ քիչ մ՚առաջ անկիրթ եւ վայրենի պատուանուններով պատուած էին Մելիտոս աղան։
Վահրամը Մելիտոս աղային պեխերը կը քաշէ, մատն անոր աչքին կը խոթէ եւ կ'ուզէ, որ տանտանա ընէ զինքը։
Մելիտոս աղան կը յոգնի, բայց չի կրնար գետինը ձգել, որովհետեւ թող չեն տար։
Ի՞նչպէս։
Շատ բան, շատ բան, Վահրամը որքան կը սիրէ կոր Մելիտոս աղան, չնայի՞ս անկէ բաժանուիլ չուզեր կոր, կ՚ըսէ Վահրամին մայրը։
Բոլոր տղաքները կը սիրեն Մելիտոս աղան, կը պատասխանէ Մելիտոս աղային կինը։
Ձանձրութիւն տուաւ քեզի, գետինը ձգէ, Մելիտոս աղայ, կ՚աւելցնէ Վահրամի մայրը։
Ձանձրութիւն չը՛տար ինձ, կը պատասխանէ Մելիտոս աղան, որ թեւերն վերցնելու կարողութիւն չունի։
Տէր ողորմեա, ինչո՞ւ ձանձրութիւն տայ… տղու մը ձանձրութիւնն ի՞նչ պիտի ըլլայ. արդէն Մելիտոս աղան խենթ կ'ըլլայ տղայոց համար։
Ես խենթ կ'ըլլամ տղայոց համար, կը կրկնէ Մելիտոս աղան հեւալով։
Վահրամը ցատկել, ցատկռտել կ'ուզէ։
Մելիտոս աղան կը գոհացնէ Վահրամին կամքը։
Յոգնեցար, Մելիտոս աղայ, վար ձգէ, կ՚ըսէ նորէն Վահրամին մայրը։
Չյոգնեցայ, հոգ մի՛ ընէք, տիկին, կը պատասխանէ Մելիտոս աղան շնչասպառ եւ մեկուսի կ՚անիծէ ժամն, յորում էֆենտիին տունն ոտք կոխեց։
Խահուէ կը բերեն։
Մելիտոս աղայ առիթէն օգուտ քաղելով Վահրամը քովը կը նստեցնէ։
Վահրամը կը սկսի լալ բարձրաձայն։ Մելիտոս աղան կը ստիպուի նորէն գրկել Վահրամն եւ խահուէն այնպէս խմել։
Վահրամ հանգիստ չկայնիր, կը շարժի, եւ խահուէն կը թափուի Մելիտոս աղային շապիկին վրայ։
Վա՜հրամ, Վա՜հրամ, կ՚ըսէ մայրն, ատ ի՞նչ ըրիր։
Վնաս չունի, վնաս չունի, կը պատասխանէ Մելիտոս աղան` ի ներքուստ ակռաները կրճտելով։
Միջադէպը կը փակուի։
Վահրամ կ'ուզէ Մելիտոս աղային կռնակն ելնել։
Կը հնազանդի Մելիտոս աղան։
Վահրամ կը կամի, որ Մելիտոս աղան ոտք ելնէ։
Կը յօժարի Մելիտոս աղան։
Վահրամ կը փափաքի, որ Մելիտոս աղան քալէ։
Մելիտոս աղան կը յամառի։
Վահրամ կը սկսի պոռալ։
Սըւոր ձայնը կտրեցէք, կը պոռայ էֆենտին։
Եւ Մելիտոս աղան կը սկսի քալել։
Շատ բան, շատ բան, չթողուց մարդն, որ քիչ մը նստի, կը մրմռայ էֆենտին։
Արդէն Մելիտոս աղան ալ կ'ախորժի կոր տղաքներէն, էֆենտի, կ՚ըսէ Վահրամին մայրը։
Կ'ախորժի կոր, բայց յոգնեցաւ։
Այսչափ ալ խենթենալ տղայոց համար, զարմանալի՜ բան, կ՚ըսէ ինքն իրեն էֆենտիին տիկինը։ Վահրամը քեզի տանք, առ, գնա։
Կ'ըլլայ, կը պատասխանէ Մելիտոս աղան ճանապարհորդելով սենեակին մէջ։
Յոգնեցար նէ, ձգէ, Մելիտոս աղայ։
Ո՛չ։ ( Մեկուսի ) Աներեսներ, չէ՞ք հասկնար կոր, թէ յոգնած եմ։
Աղէկ, ես ըլլայի նէ, թեւերս կը բրդէին… Մելիտոս աղան ուժով է եղեր, շիտակը կը զարմանամ կոր։
Մելիտոս աղան, որուն, ինչպէս ըսինք, ուսերուն վրայ բազմած էր Վահրամ, որոտման ձայներ կը լսէ։ Կարեւորութիւն չտար, որովհետեւ քաղաքավարութեան հակառակ է ամէն բան լսելը։ Քիչ մը ետքը ծոծրակին վրայ տաք տաք անձրեւ գալը կը զգայ։ Բարկութենէ կը կատղի, դուրս կը տանի բեռը եւ սպասուհւոյն կը յանձնէ։
Վահրամ աշխարհ տակնուվրայ կ՚ընէ, կը պոռայ, կը կանչէ, կու լայ։ Սպասուհին իր պարտքը կը կատարէ` հարկ եղած լաթային փոփոխութիւններ մուծանելով Վահրամին լաթերուն մէջ։ Վահրամ բարկացած է սակայն, քըհ կ՚ըսէ Մելիտոս աղային, կ՚ապտակէ զայն պզտիկ թաթիկներովը, Մելիտոս աղան թող չտար. սպասաւորները կը հրաւիրեն Մելիտոս աղան քանի մը ապտակ առնելու, որպէսզի տղան լռէ, եթէ ոչ, կ'ըսեն էֆենտին տղուն ձայնը առնելուն պէս կը սրդողի։
Վահրամ կ՚ապտակէ Մելիտոս աղան եւ կ'ուզէ, որ խոհարարն ալ քանի մ՚ապտակ հանէ Մելիտոս աղային։ Եւ խոհարարը կը ստիպուի թեթեւ կերպով ապտակել Մելիտոս աղան։ Բայց վերջապէս խոհարարի ապտակն, որքան ալ թեթեւ ըլլայ, կ'երեւի, թէ ծանր եկած է Մելիտոս աղային, որ քանի մ՚ապտակ առնելէն ետքը ըսաւ.
Ատ ի՞նչ է, կը ցաւեցնես կոր։
Տղա՞յ ես, ապտա՞կ կ'ըսեն անոր։ Տղան լռեցնելու համար սանկ երեսդ կը քերեմ կոր։ Թող տուր, Աստուածդ սիրես, քանի մը անգամ ալ զարնեմ, որ լռէ սա չարաճճին։
Տիկինին իմաց տուէք, ես կ'երթամ կոր։
Դեռ կանուխ է, այս ատեն կ'երթուի՞։
Մելիտոս աղային համբերութիւնը կը հատնի, վեր կ՚ելլէ, դուռր կը բանայ, սենեակը կը մտնէ ու` «ներեցէք, ձեր հրամանովն երթանք, որովհետեւ վաղը առտու կանուխ պիտի ելլեմ», կ՚ըսէ։
Մելիտոս աղայ, կանուխ է դեռ, կը պատասխանէ էֆենտիին կինը։
Ոչ, ժամանակ է։
Դուք գնացէք, տիկինը թող նստի քիչ մ՚ալ։
Կ'աղաչեմ։
Տիկինը թող չեմ տար, այս գիշեր թող հոս մնայ։
Դուն գնա, ես վերջը կու գամ, կ՚ըսէ կինը։
Շատ աղէկ, կը պատասխանէ Մելիտոս աղան շեշտով մը, որու հաւատարիմ թարգմանութիւնն է։
Առնելիքդ ըլլայ։
Եւ Մելիտոս աղան տուն կը դառնայ եւ կը սպասէ տիկնոջը գալստեան, որ վրէժը լուծէ։
Երեք ժամ յետոյ տուն կու գայ կինն ու վեր ելլելով`
Մելիտոս աղայ, զարմանալի մարդ մ՚ես, տեղ մը չես կրնար նստիլ։ Ինչո՞ւ աճապարեցիր։
Ինչո՞ւ աճապարեցի։
Քիչ մ՚ալ նստէիր, մէկտեղ կու գայինք։
Հոգիս բերանս բերին…
Գէ՞շ եղաւ, ժամանակ անցուցինք քիչ։
Անցուցի՞նք. տղան խաղցուցինք, խահուէն վրաս թափեցին, իշու պէս ուսերուս վրայ առի Վահրամիկ պեյը եւ պտտցուցի, վրաս մնտռեց, վերջն ալ ապտակ կերանք… ա՞ս էր ժամանակ անցնել ըսածդ. ի՞նչ անկիրթ մարդ են յղեր ասոնք, ատա՞նկ կը մեծցնեն տղայ։ Եթէ ես անքաղաքավար մէկն ըլլայի, քանի մը խօսք կ'ընէի իրենց. անպիտաններ… էշութիւնն իմս էր ա՛… ինչ որ է, եղաւ. տուներնիդ հիւր եկած եմ, չըսէ՞ք սպասաւորներուդ որ տղան վար տանին…
Դուն ալ երկար կ'ընես, Մելիտոս աղայ։
Երկա՞ր մի կ'ընեմ. տուներնին հիւր գացած եմ, նստեցնեն զիս, «ի՞նչպէս ես, աղէ՞կ ես, Մելիտոս աղայ» ըսեն, ես ալ՝ «փառք Աստծոյ, աղէկ եմ, դուք ինտո՞ր էք», ըսեմ, «շնորհակալ ենք», ըսեն, «սանկ նստէ» ըսեն, «հանգիստ եմ» ըսեմ, սիկարայ հրամցնեն, «չեմ ուզեր» ըսեմ, «նստինք, շէնք շնորհք խօսինք». ասոնց ո՞րը եղաւ. գացի, չգացի, տղան ձեռքս տուին, եւ չորս ժամ շարունակ տղան կրեցի… աւանակ մը գտան ա՛, հոգերնի՞ն է… ինչ ըսեմ ես իմ բնաւորութեանս, որ երեսս չբռներ, չեմ խօսիր ու ետքը ինքզինքս կ՚ուտեմ. ազնուականութիւն չունին, չունին։
Մի՛ ըսեր ատանկ խօսքեր, էֆենտիին ականջը կ'երթայ։
Թո՛ղ երթայ։
Կը բարկանայ։
Թո՛ղ բարկանայ։
Ինչո՞ւ բարկանայ… չտեսա՞ր գորգը, մեծ հայելիները։
Ինչո՞ւս պէտք, գորգ ունեցողը, մեծ հայելիներ ունեցողն անկի՞րթ ըլլալու է անպատճառ։
Ըսել կ'ուզեմ, որ ատանկ մեծ մարդոց հետ իյնալն աղէկ չէ։ Արդէն եղածն ի՞նչ է որ… տղան քիչ մը խաղցուցիր… Ի՞նչ վնաս ունի… մէկ բանը կ'առնես, կ՚անցնիս, դուն ալ… ումուր կ'ընես։
Մելիտոս աղան չպատասխաներ, բայց մինչեւ առաւօտ չկրնար քնանալ բարկութեանը պատճառով։
***
Մերկեր աղան ճշտապահ մարդ մ՚է։ Տասն եւ մէկին տուն կը դառնայ, կը հանուի, գիշերազգեստը կը հագնի եւ կէսին սեղան կը նստի։
Սեղանէն կ՚ելնէ, խահուէն կը խմէ, զաւակները կը սիրէ, կը համբուրէ, տիկնոջ հետ սքանպիլ մը կը խաղայ եւ կ'երթայ քնանալու։ Կենացը մէջ գինետուն մտած չէ բնաւ։ Ընկերութեան հետ հաշտ չէ, ոչ հիւր կ'ընդունի, ոչ ալ հիւր կ'ըլլայ։ Արի, տես սակայն, որ մարդս իւր անձին իշխանը չէ։
Մերկեր աղան օր մ՚երեկոյեան ժամը տասնմէկ ու կէսին տանը դռան առջեւ աթոռ մը կը դնէ եւ կը նստի զաւակը գրկած։ Նոյն միջոցին մարդ մը, որու հետ սերտ բարեկամութիւն չունէր, կ'անցնի եւ բարեւելէն յետոյ Մերկեր աղան` կ՚ըսէ անոր.
Սա քուկին ասանկ դռան առջեւ նստիլդ բան մը ձգեց միտքս։
Եւ Մերկեր աղային դիմացը կանգնած` կը սկսի պատմութեան։
Ժամանակաւ, կ՚ըսէ, համետագործ Բարաղամ աղայ մը կար։ Համետագործ կ'ըսեմ նէ, խօսքը, խորաթան տեղը, շուքը ծանր, տեսքոտ, խելացի մարդ մ՚էր։ Լուսերու մէջ պառկի։ Հիմակուան համետագործներուն պէս չէր. տունը երթայիր նէ քառասուն տեսակ կերակուր կը հանէր, տեսակ տեսակ անուշեղէններ. աղած ձուկեր, ընտիր օղի, գինի, մանաւանդ գինին, բնաւ չեմ մոռնար, լուսերու մէջ պառկի, սպասաւոր, աղախիններ, այնպէս որ կը կարծէիր, թէ ամիրայի մը տունը կը մտնէիր։ Համետագործ, բայց հիմակուան դերձակներէն աւելի վարպետ եւ երջանիկ։ Ատանկ համետագործ չկայ հիմա. դիմացը ելլայիր նէ, քաշուելով կ'ելլայիր. բարի մարդ էր սակայն, ձեռքէն եկած բարիքը կ'ընէր. բարեպաշտ մարդ ալ էր, լուսերու մէջ պառկի. ուսկի՞ց ալ միտքս եկաւ, քսան տարուան բան է պատմելիքս։
Պատմածիդ նայելով բարի մարդ է եղեր Բարաղամ աղան։
Բարին ալ խօ՞սք է, կ՚աւելցնէ Ղուկաս աղան. այս է պատմիչին անունը։
Այսինքն շէնքով շնորհքով մարդ է եղեր, կը յարէ Մերկեր աղան։
Շէնքով շնորհքովին խօ՞սքը կ'ըլլայ։
Այսինքն ծանր մարդ։
Ի՞նչ ծանր, ի՞նչ ծանր… ի՞նչպէս հասկցնեմ քեզի. ծանր, բայց հիմիկուան թեթեւներուն պէս ծանր չէ։
Այսինքն ազդեցիկ մարդ։
Ողջ ըլլալու էր ու քեզի ցուցնելու էի, որ մարդ տեսնայիր։ Մարդ էր, մարդ, կը յարէ Ղուկաս աղան` քթին ծակերուն քթախոտ թխմելով երկու մատներով։
Մերկեր աղան կը գուշակէ, թէ պատմիչին պատասխանելն պատմութեան աւելի երկարելուն պիտի նպաստէ, ուստի միտքը կը դնէ բառ մ՚անգամ չարտասանել։
Այո Բա… ափշո՜ւ… Բա… փսո՜ւ փսո՜ւ… րաղա…փսո՜ւ սո՜ւ… ղամ աղան… փսո՜ւսո՜ւ… այս Բարաղամ աղան, կը շարունակէ Ղուկաս աղան` գունաւոր թաշկինակով մը քիթը սրբելով եւ հնչեցնելով զայն այնպիսի ահագնագոչ ձայնով մը, որու նմանն վերջին դատաստանին ահագին օրը լսել կ'երեւակայէր Մերկեր աղան։
Բարաղամ աղան… եեփսուուուո՜ւ…
Մերկեր աղան թէեւ չախորժիր իւր բարեկամէն, ոչ ալ անոր երկարապատում ճառէն եւ քիթէն, կը զգայ սակայն, թէ քաղաքավարութեան համաձայն չէ, որ ինքը աթոռի վրայ նստած ըլլայ, եւ հիւրն ոտքի վրայ կայնի. ուստի կէսբերան կ՚ըսէ Ղուկաս աղային.
Ներս չէ՞ք հրամմեր քիչ մը։
Ղուկաս աղան անմիջապէս տունը կը մտնէ, ըսելով.
Կ'ըլլա՞յ մի եա՛… ժամանակն ուշ չէ՞ մի… ի՞նչ կ՚ըսես… տղաքս չե՞ն սպասեր… ձեզի ալ կոտրել չեմ ուզեր… սանկ քիչ մը նստիմ… առաջուց ըսեմ սակայն, որ շատ չեմ նստիր, չէէ։
Մերկեր աղան հիւրին հետ վեր կ՚ելնէ։
Ղուկաս աղան կը նստի բազմոցի վրայ, մէկ գրպանէն ծխախոտի տուփը կը հանէ, միւս գրպանէն քթախոտի տուփը կը հանէ, բարձին վրայ կը դնէ, ուրիշ գրպանէ մը թաշկինակը կը հանէ, քովը կը դնէ, քովի գրպանէն համրիչը կը հանէ, ձախ կողմը կը դնէ, ետեւի գրպանէն ճերմակ եւ ծալուած տոպրակ մը կը հանէ, ձախ կողմը կը տեղաւորէ, առջեւի գրպանէն զմելին կը հանէ, թաշկինակին վրայ կը նետէ, ներսի գրպանէն պզտիկ ծխափող մը կը հանէ եւ բարակ թելի մը ծայրն քիչ մը բամբակ դնելով ծխափողին մէջէն կ՚անցունէ եւ զայն մաքրելու սկսելով հանդերձ ձեռք կ՚առնէ խօսքին թելն ալ։
Այս Բարաղամ աղան, ինչպէս ըսի, աղէկ մարդ մ՚էր, թէեւ քիչ մը խիստ էր։ Մարդս ալ քիչ մը խիստ ըլլալու է, թուլբերան մարդիկը պարապ մարդիկ են, անանկ չէ՞ մի… Մերկեր աղա՛յ, մարդ հրամցնողը օղի կը հանէ, ո՞ւր է նայինք օղին, տիկինին ալ չտեսանք… տիկինը ո՞ւր է։
Կերակուրի պատրաստութիւն կը տեսնէ, որովհետեւ ես ժամը կէսին կ՚ուտեմ։
Շատ աղէկ կ'ընէք, շատ աղէկ կ'ընէք, ես ալ անանկ կ'ընեմ։ Կեցցես, սիրած մարդս ես։ Ես ինչո՞ւ կը սիրեմ քեզի։
( Մեկուսի ) Ուր էր, թէ սիրած մարդդ չըլլայի, ու կորսուէիր երթայիր։
Որովհետեւ գիտեմ, որ դուն ալ կը սիրես ինձի. սէրը երկու կողմէն ըլլալու է, կ՚ըսեն նախնիք, ախ… այս նախնեաց խօսքերուն մէջ շատ աղուոր խօսքեր կան, մարգարիտի պէս խօսքեր կան, բայց մենք չենք ճանչնար… Հրաման ըրէք, օղի բերեն, Մարկոս աղայ, սա ի՞նչ է, տրտում, տխուր նստի՞նք պիտի… այս իրիկուն քիչ մը տխուր կ'երեւաս կոր… ինձի անանկ կ'երեւաս կոր, չէ նէ… ինչո՞ւ տխուր ես… մարդս աշխատելու է, որ միշտ ուրախ ըլլայ, մինչեւ անգամ ակամայ ուրախ, բռնի ուրախ… ցաւ մը ունիս նէ, ըսէ ինձի, բացուէ, ի՞նչ վնաս ունի… բարեկամ ենք…
Այս միջոցին տանտիկինը կը մտնէ սենեակն եւ էրկանը դէմքէն առած հրահանգաց համաձայն` կատարեալ պաղութեամբ կը բարեւէ Ղուկաս աղան։
Ներեցէք, տիկին, մինչեւ այսօր հոս չգալուս համար, շատոնց կը փափաքէի տեսնել ձեզի, բայց ժամանակները… ժամանակները… կը հասկնաք ա՛… չէ նէ, մենք Մերկեր աղային հետ եղբօր պէս ենք, գրեթէ ամէն օր մէկտեղ ենք. այս իրիկուն ալ չէի գար, բայց չկրցի դիմանալ Մերկեր աղայի թախանձանաց. օձիքս թող չտուաւ, անպատճառ ներս պիտի գաս, ըսաւ. Մերկեր աղային խօսքը կը կոտրե՞մ ես։
Եւ պատուհանը բացաւ, փողոցը նետեց թելն, որով ծխափողին կորկը մաքրած էր։
Տիկինը վար իջաւ։ Քանի մը վայրկեանէն յետոյ օղի բերին։
Մէյ֊մէկ հատ ճնկենք, ըսաւ Ղուկաս աղան եւ գաւաթն մինչեւ բերանը լեցունելով մէկ ումպով պարպեց։
Մերկեր աղան չ է զոքութիւն պահեց։ Ղուկաս աղան գաւաթ մ՚ալ տնկեց։
Այս Բարաղամ աղան…
Սեղանը պատրաստ է, պոռացին վարէն։ Ղուկաս աղան գաւաթ մ՚ալ խմեց։
Կը ներէք Ղուկաս աղայ, տղաքը, գիտէք ա՛, վարժուած են կանուխ ուտելու, անօթի չեն կրնար սպասել։
Ինչո՞ւ սպասեն։ Էֆենտիմ ինչո՞ւ… հրամմեցէք, իջնանք, միայն թէ մէկը գտնայինք ու մեր տունը ղրկէինք, որ չսպասեն ինձի։
( Մեկուսի ) Եկուր տէ՛, մի՛ ճաթիր։
Զքեզ չկոտրելու համար է, որ հրաւէրդ ընդունեցի. չէ նէ, ես ուրիշին տունը կերակուր կերած մարդ չեմ։ Մէյ֊մէկ հատ ալ խմենք… գինի ունի՞ս, հարկաւ ունենալու ես… Բաշա Լիմանի՞ է։
Բան մը կ'ընենք։ ( Մեկուսի ) Համբերելու է, ուրիշ ճար չկայ։
Ինչո՞ւ այս գիշեր սանկ տխրութեան պէս բան մը կայ վրադ։
Ոչինչ։
Մէյ֊մէկ հատ ալ խմենք։
Ես չեմ խմեր։
Ես կը խմեմ քեզի համար։
Կերակուրը պատրաստ է, կը կրկնեն վարէն։
Ղուկաս աղան օղին հետն առած վար կ'իջնայ, սեղանը կը բազմի եւ, որպէս տանտէր, սեղան կը հրամցնէ Մերկեր աղան, անոր կինն ու զաւակները։ Սեղանի վրայ ինչ֊ինչ կարգադրութիւններ կ՚ընէ. «դուն քիչ մ՚ասդին եկուր», կ՚ըսէ միոյն, «դուն ալ քիչ մ՚անդին գնա», կ՚ըսէ միւսին, «քիչ մ՚առաջ եկուր», կ՚ըսէ մէկալին, «ջուրի սրուակը իմ առջեւս դրէք, ճրագն անդին տարէք, որ արգելք չըլլայ ձեզի, աղցանը քիչ մ՚անդին քշեցէք, կերակուրը քիչ մ՚ալ ասդին բերէք, գինին իմ քովս տուէք, հրամմեցէ՛ք նայինք», կ՚ըսէ եւ մսի լայնածաւալ կտոր մը կ՚առնէ առջեւը։
Ջրկիր մը կը ղրկուի Ղուկաս աղային տունը` իմաց տալու համար, թէ Մերկեր աղային տունը կ՚ընթրէ Ղուկաս աղան։
Դիւրին է երեւակայել, ինչ որ կը զգար Մերկեր աղան այս արարողութեանց միջոցին. մերթ կը մտաբերէր հիւրին թեւէն բռնել ու փողոցը նետել զայն, բայց քաղաքավարութիւնը կը հակառակէր այս օրինակ երթաս բարովին ։
Ինչո՞ւ գինի չենք խմեր կոր, կը հարցնէ Ղուկաս աղան քանի մը կտոր միս կլլելէն ետքը եւ ջուրի բաժակ մը գինիով լեցնելով կը խմէ եւ յետոյ իւր սեղանակիցներուն կը մատռուակէ։
Շնորհակալ ենք, կը պատասխանեն տան տէրն ու կինն` առնելով հիւրէն մատռուակեալ բաժակները։
Ղուկաս աղան սեղանի վրայ խօսելու սովորութիւն չունի. կ՚ուտէ եւ կ՚ուտէ, կը խմէ ու կը խմէ, մերթ ընդ մերթ երկար ո՜հ մը կ՚արձակէ սրտին խորէն եւ նորէն կը սկսի ուտելու ու խմելու։ Միայն երբեմն֊երբեմն Մերկեր աղային դառնալով կ՚ըսէ.
Բարաղամ աղան ալ ի՜նչպէս միտքս ինկաւ այս գիշեր։
Մերկեր աղան բարկութեանը պատճառաւ հազիւ երկու երեք պատառ բերանը կը դնէ, կինն առն բարկութիւնը տեսնելով` կը կորսունէ ուտելու ախորժակը եւ կը սկսի Երուանդը, պզտիկ տղան, յանդիմանել։ Խե՜ղճ տղայք, երբեմն կը պատժուին ուրիշներու յանցանաց համար։
Կ'աղաչեմ, տղան մի՛ ջախեր, տիկին, բան մ՚ըրած չունի տղան, գառնուկի պէս նստեր է, կ՚ըսէ Ղուկաս աղան։
Ի՞նչպէս գառնուկի պէս նստեր է, հանգիստ չկենար։
Իրաւունք ունիս, բայց վերջապէս տղայ է, կը պատասխանէ Ղուկաս աղան` գինիի շիշին յատակն ցոյց տալով իւր բաժակին։
Մերկեր աղան կը կատղի։
Ուրիշ գինի չունի՞ք, Մերկեր աղայ։
Ոչ։
Աղէկ որ չունիք, բաւական խմեցինք այս գիշեր. զարմանալի բնաւորութիւն մ՚ունիմ. բարեկամիս տունն ըլլամ նէ, առանց քաշուելու կ՚ուտեմ, չեմ քաշուիր։
Երուանդ, թեւդ քաշէ, կ՚ըսէ Մերկեր աղան։
Տղան կը սկսի լալ։
Երուանդ, լռէ՛, հիմա ոտքերուս տակ կ'առնեմ ու…
Աս ալ ա՞յս գիշեր ելաւ, Մերկեր աղայ, ի՞նչ ըրած ունի… վայ մեղքին… ես ջախեցի եա՛, հերիք է։
Պապանձէ՛, Երուանդ։
Տէր ողորմեա, տէր ողորմեա, երկու կտոր միս կերայ, կռնակս գնաց։
Սա խնձորէն կ՚ուտէ՞ք, տիկին, կ՚ըսէ Ղուկաս աղան` խնձոր մը տալով տիկնոջ։
Երուանդ, լռէ՛, կը կրկնէ Մերկեր աղան` քիչ մ՚ալ բարձրացնելով ձայնը։
Երուանդ ալ բարձր ձայնով կը սկսի լալ։
Մերկեր աղան երկու թեթեւ ապտակ կը հանէ տղուն։ Տղան հեկեկանօք կու լայ։ Մայրն կը գրկէ տղան եւ սեղանէն կ՚ելնէ բարկութեամբ։
Ղուկաս աղան, որ այս միջոցին իւրաքանչիւր խնձորն կիսագունտի բաժանելով կ'ուտէր, տանը տիկնոջ բարկութեամբ սեղանէն ելնելու վրայ Մերկեր աղային կը դառնայ ու կ՚ըսէ.
Կարծեմ տիկինը բարկացաւ քիչ մը, իրաւունք ալ ունի. տղայ է, կու լայ, լալով կը մեծնան անոնք. մեր տղաքն ալ շատ կու լան։
Ես չեմ ուզեր, որ լան։
Ի՞նչ օգուտ։
Ես կը կատղիմ, աս է բնաւորութիւնս. ամօթ չէ եա՛։
Ինչո՞ւ ամօթ ըլլայ. իմ ըսելիքս ալ սա է, որ ինչո՞ւ պարապ տեղը տիկինն ալ վշտանայ։
Վնաս չունի։
Վեր երթանք, ու հաշտեցնեմ ձեզի։
Չկռուեցանք, որ հաշտուինք։
Քալէ դուն, քալէ։
Ձգէ, եղբայր, կատակի ժամանակ չէ։
Քալէ դուն, քալէ… պարապ բան է ձեր ըրածը, տիկնոջ սիրտը առ, մեղք է։ Ձեզի չհաշտեցուցած` սըկէ հունա չեմ կրնար երթալ ես։
Ղուկաս աղան բազուկները տարածելով` փա՜ռք քեզ Աստու ած մը կ՚արտասանէ մեծաձայն, սեղանէն կ՚ելնէ եւ ընկերակցութեամբ Մերկեր աղային կը մտնէ սենեակն, ուր տան տիկինն Երուանդն գրկաց մէջ քնացնելու կ'աշխատէր։
Տիկին, կ՚ըսէ Ղուկաս աղան բազմոցին վրայ նստելով, այս գիշեր քիչ մ՚անհանգիստ եղաք։ Վնաս չունի։ Մերկեր աղան ալ քիչ մը նեղսիրտ է։ Ի՞նչ ընենք, տուն չկայ, որ խօսք չըլլայ. սանկ քովէ քով նստեցէք, նայիմ։
Որպէսզի խնդիրը չմեծնայ, այր եւ կին քովէ քով կը նստին։
Ո՜հ, տեսա՞ք մի հիմա… ի՞նչ մեղքս պահեմ, գինի մ՚ըլլար նէ, կը խմէի։
Կը ցաւիմ, որ չունինք, կը պատասխանէ Մերկեր աղան։
Կատակ ըրի ես. արդէն չեմ կրնար աւելի խմել որ… սա Բարաղամ աղային պատմութիւնը չկրցինք լմցնել։ Կեցիր սա սիկարս պլորեմ անգամ մը։
Տէր Աստուած, դուն համբերութիւն տուր ինձի, որ կարենամ դիմանալ սա մարդուն անհոգութեան, կ՚ըսէ ինքնիրեն տան տէրը։
Խահուէնիս ալ խմենք։
Ի՞նչ անհոգ մարդ է, Աստուած իմ, կ՚ըսէ տիկինն իւրովի։
Քթախոտ մ՚ալ քաշեմ նախ։
Քթախոտը կը քաշէ եւ այնպէս հնչմամբ մը կը փռնգտայ, որ Երուանդ կը ցնցուի մօրը գրկաց մէջ եւ կը սկսի լալ։
Ի՞նչ եղաւ այս գիշեր այս տղուն, կը պոռայ հայրն` ոտքը գետին զարնելով։
Ինչո՞ւ կը պոռաս, Մերկեր աղայ, կը պատասխանէ կինն աղերսալի ձայնով մը, ի՞նչ յանցանք ունի տղան։
Փռնգտալին կը յաջորդէ հազալ։
Աստուծմէ գտնաս, մա՛րդ, կ՚ըսէ ինքնիրեն Երուանդին մայրը, պզտիկս ալ պիտի արթնցնէ. կորսուիմ, երթամ սըկեց։
Եւ իրօք պզտիկն ալ, որ օրօրոցի մէջ կը քնանար, կը սկսէ լալու։
Ինչո՞ւ չես լռեցներ տըւոնք, տիկին։
Մի բարկանար, Մերկեր աղայ, կ՚ըսէ Ղուկաս աղան, ես օտարական չեմ, տղայ են անոնք, թող լան, ես անհանգիստ չեմ ըլլար, կ'աղաչեմ, ինձի համար հոգ մի՛ ըներ, չէ նէ, կ'ելլամ, կ'երթամ հաա… խըյանեթ, ես քեզի եղբօր տեղ դրած եմ, ինչո՞ւ անանկ կ'ընես։ Թող տուր, որ սա Բարաղամ աղան պատմեմ քեզի։
Այս միջոցին դուռը կը զարնուի։ Մերկեր աղային տղան կը բանայ դուռն եւ վեր կու գայ վազելով։
Ո՞վ է, Գաբիկ։
Երկու մարդ եկեր են, Ղուկաս աղան կ'ուզեն։
Մերկեր աղան եւ կինն կ'ուրախանան այս լուրին վրայ եւ Ղուկաս աղային երթաք բարով ըսելու նախապատրաստական ձեւեր եւ շարժումներ ցոյց կու տան, մինչդեռ Ղուկաս աղան դէպի պատուհան կ'երկննայ եւ գլուխը դուրս հանելով կը հարցնէ.
Ո՞վ է ան։
Բարիկուն, Ղուկաս աղայ, կը պատասխանէ վարէն հաստ ձայն մը։
Դո՞ւք էք, Կիրակոս աղայ։
Բարիկուն, Ղուկաս աղայ, կը պոռայ վարէն ուրիշ մը։
Օ՜օ, դո՞ւք ալ եկեր էք, Զաքար աղա… իրաւ… իրաւ, այս գիշերուան համար խօսք տուած էի ձեզ, բայց Մերկեր աղան թող չտուաւ, որ գայի… վեր հրամմեցէք, վեր հրամմեցէք, սանկ քիչ մը նայինք, Մերկեր աղան օտարական չէ, սեպէ, թէ աս ալ իմ տունս է։
Մերկեր աղան երկար ա՜խ մը քաշեց. կինն տղան, զոր արդէն գրկած էր, քովի սենեակը տարաւ, Գաբիկն ալ իւր պզտիկ եղբայրը գրկեց եւ մօրը հետեւեցաւ։
Երկուքն ալ պապա մարդեր են, ըսաւ Ղուկաս աղան, երբ Մերկեր աղային հետ մենակ մնացին. Կիրակոս աղան զուարճախօս ալ է, թէեւ բերանը մաքուր չէ. Զաքար աղան ըսես նէ, կամացուկ կամացուկ կը խնդայ. բրեֆայի ընկերներս են։
Երկու նորեկները ներս մտան եւ բարեւեցին Մերկեր ու Ղուկաս աղաները։
Ի՞նչպէս էք, նայինք, ինչ կայ, ի՞նչ չկայ։
Սանկ, պատասխանեց Զաքար աղան։
Նանկ, յարեց Կիրակոս աղան կտրուկ կերպով մը։
Վայրկեան մը ներեցէք ինձի, ըսաւ Ղուկաս աղան նորեկներուն եւ Մերկեր աղային դառնալով` աւելցուց. կարճ կապենք այսօր, ուրիշ օր մը երկար բարակ կը պատմեմ քեզի Բարաղամ աղան…
Վայ, հո՞ս ալ Բարաղամ աղայ, պոռաց Կիրակոս աղան։
Աղբար, քառասուն անգամ ալ ես մըտիկ ըրած եմ, յարեց Զաքար աղան։
Մերկեր աղան չիյտէ։ Այս Բարաղամ աղան ճիշտ քեզի պէս իրիկուն մը դրան առջեւ աթոռի վրայ նստած էր։ Մէյ մ՚ալ կը տեսնէ, որ սիրած բարեկամներէն մին կ'անցնի. ոտք կ՚ելնէ, խնդումով քիչ մը կը խօսակցի հետը ոտքի վրայ անշարժ եւ յետոյ բարեկամին երթաք բարով կ՚ըսէ ու նստիլ ուզելով կռնակի վրայ իյնալ մը կ'իյնայ, որ ոտքերը կը տնկուին, ֆէս ը մէկ կողմ կ'երթայ, հողաթափներն օդի մէջ գլտորելով գետինը կ'իյնան։ Էհ, որո՞ւ քով հոգի մնաց որ. խնդալէն կը ջարդուէինք, Աստուած լուսաւորէ հոգին. ես երկու կողերս բռնած, կռնակս պատի տուած՝ խնդալէն մարելիք եկաւ վրաս. դիմացի տուներէն կնիկներն ըսես նէ, Աստուած լուսաւորէ հոգին, անանկ քահքահով կը խնդային, որ փողոցը կը թնդացնէին։ Ողորմած հոգին, Տէր Աստուած ի դասս սրբոց դասեսցէ, գլուխը վեր առաւ սանկ եւ չորս կողմը նայելով ինքն ալ
սկսաւ խնդալ` «ամէն գործին մէջ խէր մը կայ» ըսելով։ Սպասուհին սեղանը պատրաստած ատեն` աթոռին մէկը պակսեր է, եւ դռան առջին տեսնելով զայն առեր, տարեր է։ Լուսահոգին, Տէր Աստուած ի դասս հրեշտակաց ընկալցի, կարծեր է որ… հա՜, հա՜, հա՜… կարծեր է որ հա՜, հա՜, հա՜… քանի կը յիշեմ, չեմ կրնար խնդալս բռնել. կարծեր է, որ աթոռը տեղը դրած է։ Ասանկ մարդ մ՚էր Բարաղամ աղան, Աստուած ողորմի հոգուն։ Մերկեր աղան հարկադրուեցաւ խնդալու պէս ընել։
Էյ, ընկերներ, ձեր միտքը կը հասկնամ, ըսաւ պատմիչն նորեկներուն դառնալով, դուք ըսել կ'ուզէք, որ պզտիկ բրեֆա մը դարձունենք։
Մերկեր աղան կայծակնահար եղաւ։
Եկէք, նայինք, յարեց Ղուկաս աղան՝ նստելով սեղանին առջեւ, որ սենեակին մէջտեղը դրուած էր։
Կիրակոս եւ Զաքար աղաներն ընդունեցին հրաւէրն։
Զաքար աղան գրպանէն հանեց խաղի թուղթերը։
Մօտեցէք, Մերկեր աղայ, քովերնիս եկէք, որ չնեղուիք մենակ, ըսաւ Զաքար աղան։
Հոգ չէ, պատասխանեց Մերկեր աղան ծիծաղով մը, որ կծու էր եւ բարկութիւն կը յայտնէր։
Երեք բարեկամներն սկսան խաղալ եւ Մերկեր աղան մրափել, որովհետեւ կանուխ պառկելու սովրած էր։
Ատ ի՞նչ պիտի ըլլայ, Մերկեր աղայ, կը քնանա՞ք կոր, արթնցէք, կ՚ըսէ Ղուկաս աղան։
Չէ, չեմ քնանար կոր, սանկ…, կը պատասխանէ Մերկեր աղան արթննալով եւ նորից գոցելու ստիպուելով արտեւանունքն, որոյ վրայ ծանրացած էր քունը։
Խաղը կը շարունակուի։
Կը շարունակուի նաեւ քունն, որ Մերկեր աղային գլուխը կ՚երերցնէ` մերթ մէկէն ի մէկ դէպի անոր կուրծքն իջեցունելով գլուխն եւ մերթ բարձրացնելով։ Կը տանջուի Մերկեր աղան, կամք կ՚ընէ չքնանալու։ Քունը կը յաղթէ կամքին, եւ Մերկեր աղան վերստին կը փակէ աչքերը։
Աս չեղաւ, Մերկեր աղայ, կ՚երկրորդէ Ղուկաս աղան միզէր մը խաղալով։ Գնա, եղբայր, տեղդ պառկէ, մենք քեզի անհանգիստ ընելու չեկանք հոս, գնա՛, հանգստացիր, մենք օտարական չենք. եթէ տեղդ չպառկիս, հիմա կ'ելլենք, կ'երթանք հա՜, գիտցած ըլլաս։ Գիշերները նստելու սովորութիւն չունիս, ամօթ բան մը չէ ասիկա… գնա, պառկէ տեղդ…
Վնաս չունի, կ՚ըսէ Մերկեր աղան` աչքերը բանալ փորձելով եւ չյաջողելով։
Ինչպէս վնաս չունի… ես չեմ ուզեր, որ անհանգիստ ըլլաս։ Քեզի բան մ՚ալ ըսեմ. ես գացած տեղս թէ որ քիչ մը սանկ պաղ ընդունելութիւն գտնամ նէ, կ'առնեմ, կը քալեմ. ես անանկ բաները սիրտս կը դնեմ, հասկցա՞ր. անոր համար կ'ըսեմ, որ կամ գնա պառկէ, կամ քիչ մը ջուր խմէ, որ քունդ փախչի։
Պատասխան չընդունիր Ղուկաս աղան, վասնզի քնացած էր. Մերկեր աղային գլուխը մէկ մ՚ասդին, մէկ մ՚անդին, երերալէն յետոյ բարձին վրայ հանգչած էր։
Ժամը մինչեւ իննուկէս կը խաղան երեք ընկերներն։ Յետոյ քիչ մ՚ալ կը խօսին եւ կ'արթնցնեն Մերկեր աղան, որ մնաք բարով ըսեն իրեն։
Ներեցէք, Մերկեր աղայ, կ՚ըսէ նախ Ղուկաս աղան, այս գիշեր ձեզի անհանգիստ ըրինք քիչ մը։
Որչափ որ նեղութիւն տուինք նէ, ներեցէք, կ՚երկրորդէ Զաքար աղան։
Մեզի համար քնատ մնացիք, կ՚երրորդէ Կիրակոս աղան։
Անհանգիստ չեղայ, կը պատասխանէ Մերկեր աղան։
Մէյ֊մէկ խահուէ խմենք պիտի ըսէի, բայց ժամանակն ուշ է, կ՚ըսէ Ղուկաս աղան։
Այո, այո, ուշ է, երթանք, կը պատասխանեն ընկերները։
Երթանք, կը կրկնէ Ղուկաս աղան եւ ընկերներուն դառնալով` խօսք կու տա՞ք վաղը գիշեր հոս գալու, որ ձեզի քատայիֆ մը շինեմ։
Մերկեր աղան կայծակնահար կ'ըլլայ երկրորդ անգամ։
Մերկեր աղան ալ կամաց֊կամաց կը վարժեցնենք գիշերները նստելու. այո, այո, վաղը խորհինք ու բան մ՚ընենք գիշերը։ Բայց, Մերկեր աղայ, մենք լապտեր չունինք… կարծեմ կ՚անձրեւէ կոր, հովանոց ալ չունինք… լաստիկներս ալ չհագայ… տեսա՞ր մի հիմա ըրածս։
Մերկեր աղայէն առ աս գիշեր ու վաղը տուր, կ'ըսեն ընկերները։
Ուրիշ ճար չկայ։
Մերկեր աղան կը մատակարարէ Ղուկաս աղային, ինչ որ պէտք էր անոր անձրեւէն պահպանուելու համար։ Ղուկաս աղան շնորհակալութիւն կը յայտնէ եւ կ՚իմացնէ միանգամայն, թէ Մերկեր աղային սիրոյն համար յանձնառու պիտի ըլլայ հետեւեալ գիշեր կանուխ Մերկեր աղային տուն երթալ եւ քատայիֆ մը եփել։
Վերջապէս կը մեկնին հիւրերն եւ Մերկեր աղան աւուր պատշաճի հայհոյութիւններ ընելով դուռը կը կղպէ, ճրագներն կը մարէ եւ պառկելու սենեակը կը մտնէ` ինքն իրեն խօսելով բարձրաձայն. «Աս ալ գլուխս եկած չէր, աս ալ տեսանք. այսչափ անկրթութիւն, այսչափ աներեսութիւն ոչ տեսած ունէի, ոչ լսած. տասներկու ժամ անհանգիստ եղիր, որպէսզի աղաները զուարճանան. ոտքս կոտրէր, ու դուռը չնստէի. վաղն իրիկուն ալ գայ պիտի ու քատայիֆ պիտի եփէ եղեր. դուռը բանամ նէ, ներս կու գայ։ Անհոգ, անհոգ, անհոգ մարդ։
Ի՞նչ կը մրմռաս, ճա՛նըմ, կ՚ըսէ կինն` անկողնոյն մէջ մէկ կողմէն միւսը դառնալով եւ գլուխը վերմակին մէջ խոթելով։
Ի՞նչ մի կը մրմռամ, դուն հանգիստ քնացար ա՛, մէյ մը ինձի հարցուր քաշածս։
Մի՛ պոռար, տղաքները պիտի արթնցունես։
Չպոռա՞մ մի… ինչո՞ւ չեկար քիչ մը նստելու, որ ես ալ քնանայի կտոր մը։
Ինչո՞ւս պէտք։
Ինչո՞ւդ մի պէտք։
Քեզի ըսէ։
Ինձի՞ մի ըսեմ։
Քունս պիտի փախցունես, Տէ՜ր ողորմեա, լմնցուր ալ, մէկ բանը չեն երկնցներ։
Չե՞ն մի երկնցներ։
Քունս կը փախցունես կոր, կ՚ըսէ կինն միւս կողմը դառնալով։
Քունդ կը փախցնե՞մ կոր մի…
Մերկեր աղան ինքնիրեն շարունակելով երկար մենախօսութիւնն` անկողին կը մտնէ։ Չկրնար քնանալ։ Մինչեւ առաւօտ անկողնու մէջ մէկ մ՚ասդին մէկ մ՚անդին դառնալով կ՚անիծէ ու կ՚անիծէ Ղուկաս աղան։ Եւ միշտ կը կրկնէ. «վաղը գիշեր ալ քատայիֆ պիտի եփէ եղեր»։ Սա աներեսը, անպիտանը մազ մնաց, որ պիտի ճաթեցնէր ինձի… ես ալ յանցանք ունիմ ա՛։ Բռնէ ականջէն, փողոցը նետէ, լմննայ, երթայ. համբերելու բան չէ որ… իմ տունս քազինո՞ է… թող կորսուին, ուրիշ տեղ խաղան իրենց բրեֆան… թէ որ իմանամ, որ մէկու մը կաթուած իջեր է, պիտի ըսեմ, որ աս աներեսը անոր տունը գացեր է Բարաղամ աղայէն սկսելով… վա՛յ, աներես, վա՛յ… Բարաղամ աղայով մը անանկ մը քթէս բռնեց, որ… իրաւ, լմնցնենք ալ, մոռնամ գոնէ սա խայտառակին ըրածն. քանի կը խօսիմ կոր նէ, վրաս դող կու գայ կոր։
Եւ Մերկեր աղան կը սկսի արագ քայլերով դառնալ սենեակին մէջ։