Լևոն Շանթ

Երազ օրեր

Գիշերօթիկի մը յուշատետրէն

«ՕՐԸ ՕՐԻՆ»

Յունիս 8, Դելիջան

Արթնցածիս պէս պատուհան վազեցի։ Թէեւ արեւը բաւական բարձր էր, սակայն սենեակս դեռ բոլորովին շուքի ու զովութեան մէջ էր։ Տուներնիս լեռան լանջին է փակած, ուրկէ քանի մը ծերունի ծառեր իրենց ստուերներուն ուռկանը վրանիս կնետեն։

Մեզի կից տուն չկայ, կատարեալ կղզի մը, որը գրկող ծովը առատ դալարն է։ Իսկ մեզի ամէնէն մօտիկ եղող բնակարանը ուրիշ պզտիկ ամառանոց մըն է, մերինին պէս ճերմակ, մերինին պէս նոր ու մերինին պէս մեկուսի։ Ճիշտ իմ երազած վայրերէ մէկը, գիւղին ծայրը, կռնակը անտառին, զառիվայրի կուրծքին, բնութեան ծոցը։

Ինը երկար ամիսներ դպրոցի չորս պատերուն մէջ ճգնելէն ետքը՝ ի՜նչ ուրախութիւն է զգալ ժայռերուն դրացնութիւնը պատշգամին դէմ, գետակին երաժշտութիւնը ձորի խորքէն պատուհանիդ տակ եւ ծառերուն փսփսուքը սենեակիդ վրան։

Իսկ երեկ իրիկուան իմ Դելիջան հասնիլս ուղղակի նկարելու բան էր։ Հազիւ վար ցատկեցի փոստի սայլակէն, որ ինքզինքս պաշարուած գտայ երեք զոյգ բազուկներով։ Հօրեղբայրս իր վաթսուն տարիներու ծերութեամբ վիզս փաթթուած կխնդար. հօրեղբօրս կինը կուլար յուզումէն. իսկ պարոն Մկրտիչը իր ոսկրոտ ձեռքին մէջ դաստակս պինդ մը սեղմած՝ ոչ մէկ կերպ բաց ձգելու տրամադրութիւն ցոյց չէր տար. քիչ մը հեռուն ալ կեցեր էր Հոռոբսին, որ չհամարձակելով մօտենալ՝ բերանը բաց կժպտէր՝ ցուցադրելով մէջընդմէջ ակռաներու զոյգ շարք մը. մինչ իմ նախորդ ամառուան մտերիմ շնիկս՝ աւելի համարձակ՝ հագուստներս կհոտւտար անհանգիստ պոչը շարժելով։

Դեռ այսօր ալ մինչեւ կէսօր տնեցիք ինծմէ հազիւ կարօտնին առին։ Հօրեղբայրս չէր ձգեր, որ քովէն հեռանամ։ Ինծի կարդացնել տուաւ հօրմէս ու ընդհանրապէս Վանէն ստացած բոլոր վերջին նամակներս։ Չնայելով որ քառասուն տարիէն աւելի է Թիձլիս կկենայ, հո՛ն է գործի ու դիրքի տէր դարձած եւ հոն ալ ամոսնացած, բայց եւ այնպէս միշտ թարմ ու խոր կարօտով կյիշէ Վանը, որ սովորաբար «մեր դրախտը» կանուանէ։

Ճաշէն ետքը գացի գիւղ Միքայէլը գտնելու. դուրս եկաւ, որ ՆորևԲայազիտ է գացեր. մե՜ղք. ընկեր մը կունենայի, մանաւանդ տեղացի ալ էր։

Վերադարձին մեր տան մօտերը արքունի մեծ ճամփուն վրայ երկու կին տեսայ, որ թեւևթեւի դէպի ինծի կուգային։ Մէկը տարիքը առած ու վայելչատես տիկին մըն էր, թեւակիցը տասնեօթի շուրջ թարմ ու աղուոր աղջիկ մը։

Անոնք ալ ինծի կդիտէին։ Երբ իրարու մօտեցանք՝ աղջիկը սկսաւ շեշտակի աչքերուս մէջ նայիլ. ես կարմրեցայ եւ հայեացքս փախցուցի։ Անցնելուս պէս հետաքրքրութիւն մը ունեցայ ետ նայելու, բայց ինքնասիրութեանս չձգեցի ու ճամփաս շարունակեցի։

Դէպքը ինքնըստինքեան ոչինչ ու անարժէք, բայց ինծի սաստիկ զայրացուց։ Ի՜նչ հիմար բնաւորութիւն է. ի՞նչ կայ այսպէս կարմրելու, երբ աղջիկ մը աչքը աչքերուս կնետէ։ Տարօրինակ հակասութիւններ կան հոգեկան կազմիս մէջ. մէյ մը ամչկոտ եմ, տղայամիտ ու անհամարձակ, մէյ մըն ալ հանկարծ՝ հասուն, հանդուգն ու անզուսպ. կարծես ոչևմէկ գիծը միւսին չի բռներ։

Յունիս 9

Առտուն դեռ շատ կանուխ էր, որ ելայ պատշգամ։ Հազիւ ինծմէ քանի մը տասնեակ քայլ անդին արքունի խճուղին է ու գետը, որոնք ձորին մէջ թեւևթեւի տուած կվազեն դէպի Աղստեւի դաշտը։

Օդը մաքուր էր ու հստակ՝ աղջկան մը առաջին համբոյրին պէս, զով ու թարմ՝ քունէն նոր ելած ծովու առաջին ժպիտին պէս։ Թոքերս կեանք կներշնչէին։

Պատշգամի երկու կողմէն դէի վար հակուած ծառերուն խումբը հովի իւրաքանչիւր քմահաճոյքէն իրարու գիրկ կնետուէին ու կփսփսային երեւակայութիւն գրգռող փսփսուքով մը։ վարը խոտերուն ու թփերուն մէջ ծղցիդը սիրերգ մը կծղրտար, որ ո՛չ ծայր ունէր, ո՛չ վերջ. անդին գետն էր, որ մտածկոտ մարդու մը նման անընդհատ կկրկնէր միեւնոյն երգին միեւնոյն կտորը։ Ամառնային համանուագ մը։

Եւ ես գրաւուած՝ անձնատուր էի ամբողջովին բնութեան այդ ծիծաղկոտ երաժշտութեանը, երբ հանկարծ մօտէն բարձր ու զուարթ քրքիջ մը հոգիս իր կողմը քաշեց. բնութեան երգին մէկ կտո՞րն էր։ Այն կողմ դարձայ ու մեծ եղաւ զարմանքս, երբ երեկուան աղջիկը ճանչցայ։ Միայն այն տարբերութեամբ, որ հագուած էր շատ պարզ եւ փոխանակ տարիքոտ կնոջ մը, հետը երիտասարդ սպասուհի մը ունէր։

Անշուշտ նշմարած էր ինծի. գոնէ ես այդպէս կարծեցի, թէեւ աղջիկը առանց մեր կողմն անգամ նայելու՝ թռչկոտելով ու բարձրևբարձր եւ ռուսերէն շաղակրատելով ու խնդալով՝ ձորէն վար աներեւոյթ եղաւ իր ընկերուհիին հետ։

Մոլորուն նայուածքով կհետեւէի իրեն մինչեւ աչքէս կորուսի, թէեւ դեռ երկար կլսուէր իր հնչուն ծիծաղը եւ առոյգ ձայնը, որ հետզհետէ սկսաւ թուլնալ եւ վերջնականապէս հալեցաւ գետի կարկաչին մէջ։ Ի՜նչ կենսուրախ աղջիկ է. եւ ո՞վ է արդեօք։

Հոռոբսին թեյ բերաւ։ Կերպ մը նկարագրեցի երկու աղջիկները եւ հարցուցի, թէ կճանչնա՞յ։

- Հասկցա՛, մեր դրացիներն են. տե՛ս, այն տունը կնստին. և ըսաւ մեր տունէն քիչ մը աւելի վեր երեւցող միակ ամառանոցը մտնանիշ ընելով։և Քոյր ու եղբայր են ու մայր մը. պզտիկ քոյր մըն ալ ունին։ Մեր տիկինը լաւ կճանչնայ. աղեկ մարդիկ են, միայն աղջիկը քիչ մը□

- Է՞. և հարցուցի հետաքրքիր։

- Շատ է ուսումնարանի պէս. և լրացուց իր խօսքը խնդալով։

- Ի՞նչ. ուսումնարանը գէ՞շ է. չէ՞ որ ես ալ ուսումնարանէ կուգամ։

- Դուն մանչ ես. ուրիշ է. աղջիկներուն շատ ուսումն ու շատ բացուիլը աղեկ չի գար։

Թեյամանը վերցուց ու հեռացաւ։ Իսկ ես սկսայ մտածել, ո՛չ թէ Հոռոբսիի կանանց կրթութեան աննպաստ փիլիսոփայութեանը, այլ պարզապէս իր տուած տեղեկութիւններուն վրայ։ Եւ քիչևքիչ ընկղմեցայ անրջանքի մէջ։

Այդ աղջիկը երեկ ու այսօր երկու հանդիպումներուն ալ տարօրինակ տպաւորութիւն մը ըրաւ վրաս։ Միւս կողմէն կրթուած է եղեր, գեղեցիկ է ու իմ անմիջական դրացուհին այս գեղեցիկ բնութեան ծոցը։ Երազանքիս մէջ ինծի այնպէս կթուի արդէն, որ բուռն կերպով կսիրեմ այդ աղջիկը. եւ երեւակայութիւնս պահ մը շատ հեռուները կսաւառնի օդային սիրոյ թեւերուն վրայ։ Այսպէս է իմ դիւրազգաց բնաւորութիւնս։ Մէկ կողմէն զգացումներս հոյակապ շէնքեր կկերտեն ոչինչէն, այսինքն երբ մէջտեղը ոչինչ չկայ, մինչդեռ միւս կողմէն մշտապէս դժգոհ եմ ու հիասթափ եղածէն ու իրականէն։ Գիտեմ, բաւական է քիչ մը մօտիկէն շփուիմ այդ աղջկան, որ իսկոյն պատռի հմայքին քողը։

Անձկոտ անձրեւի սպասող մթնոլորտին մէջ հովերու քմայքէն ամպեր կխռնին. փայլակ ու որոտ։ Բայց նոյն հովերը կփչեն նորէն, ամպերը կցրուին, լոյսերը կցնդին եւ նորէն խաղաղ ու միակերպ կապոյտն է կեանքիս երկնքին վրայ։

Յունիս 11

Հօրեղբայրս այսօր Թիֆլի, վերադարձաւ՝ գործերը ձգել չի կրնար։ Տունը ամենքն ալ կոտրրտուած են քիչ մը։ Իսկ ես ճշմարիտը խօսելով իր մեկնումէն այնքան ալ դժգոհ չեմ. թեւերս չափ մը աւելի ազատութիւն կստանան. կդառնամ տան էրիկևմարդը. քանի որ պարոն Մկրտիչը տան մէջ իր սեփական ձայնը չունի եւ ամէն բանի մէջ կկրկնէ իր քորջը ըսածը։ Մինչդեռ հօրեղբօրս կինը, կտեսնեմ, որ իմ խօսքերուս մասնաւոր կարեւորութիւն կուտայ։

Երկու օր է կկարդամ Շիլլերի «ԴոնևԿարլոսը»։ Ի՜նչ շքեղ տիպար մըն է այ Մարքիզ Պոզան, այդ անձոնւէր հայրենասէրը, այդ խմորուած մեծ մարդը. եւ անոր փաթթուած այդ իդեական անփորձ երիտասարդը, սիրոյ ու կեանքի առաջին շփման տակ ոգեւորուած ազնիւ ԴոնևԿարլոսը։ Կսիրեմ ես այ դմարդիկը՝ այդ երկու գաղափարական տիպարները. եւ կարծս նոր չէ, որ անոնց հետ կծանօթանամ. անոնց ձայնն ու խօսքը կարծես հինէն իմ հոգիիս մէջ կհնչէր։

Իրիկունը ուշ ատեն երկար կշրէի մեր տան դիմացը կանանչներուն վրայ։ Մութ գիշեր էր։ Ծառերուն տակը բանտուած գաղջ ու բուրումնալից օդը հափրեցուց ինծի. մանաւանդ դունևԿարլոսի ազդեցութիւնն ալ դեռ բոլորովին վրայես անցած չէ։

Միտքս աշխատիլ սկսաւ. ու ապագայի ծրագիրներս վերակենդանացան։ Ծննդավայրս եմ արդէն գործի ու աշխատանքի վրայ, ո՛չ թէ հիմիկուան պէս միայն ստացող մը, պատրաստուաղ մը։ Ու կխրիմ, կխրիմ ծրագիրներուս նրբութիւններուն ու մանրամասնութիւններուն մէջ։

Երկի՜նք, ի՜նչ սուրբ իղձեր կան կրծքիս տակ, ի՜նչ ոգեւորութիւն կտենչամ եւ ի՜նչ անձնամոռ լեցուն կեանք։ Բայց ունենալո՞ւ եմ արդեօք։ Ո՞վ գիտէ։ Գուցէ իմ կեանքս ալ այս անրջանքէն անդին պիտի չանցնի։ Գուցէ այս բոլորը անփորձ ու դեռ թամր տարիքի ցնորքներ են լոկ, որուն պիտի յաջորդէ սանձուած հասունութիւնը. եւ ես ալ պիտի դառնամ այն հարիւրաւորևհազարաւոր միջակևհասարակ էակներէն մէկը, որոնք ամէն տեղ կվխտան, որոնք միայն կուտեն ապրելու համար եւ կապրին միայն ուտելու համար։

Եւ այս բոլո՛րը, որ հիմա աշխարհը աչքիս գեղեցիկ կցուցնէ եւ որ կեանքիս խորհուրդ ու հրապոյր կուտայ, այս բոլո՛րը, որ զգացումներուս մէջ ազնւութիւն կթափէ եւ սրտիս գաղափարականի ծարաւկ կուտայ, ա՜, այս բոլորը գուցէ ցնդի պիտի կեանքիս մատղաշ օրերուն հետ։ Չէ՞ որ ամենքն ալ ականջիս այդ երգը կկրկնեն. գուցէ եւ իրաւունք ունին. միթէ իմ անփորձութիւնս այդքան մարդոց փորձառութենէն աւելի վե՞ր է։

Եւ ինչո՞ւ կպահաջնեմ, որ ուրիշներէն տարբեր, ուրիշներէն բարձր ըլլամ. եւ իմ ո՞ր առաւելութիւններուս վրայ հենուած. ես ալ այդ մարդ ըսուած էակի նոյն հասարակ մէկ նմուշթ չե՞մ։

Ո՜ւհ, Աստուա՛ծ իմ, ի՜նչ սարսափ այս մտածումները։ Որքա՜ն դառնութիւն, որքա՜ն թոյն կայ այս խոհերուն տակ, որ ամբողջ հոգիս եւ բոլոր ոգեւորութիւնս չորցնել կսպառնայ։ Ո՛չ. չեմ կրնար հաւտալ, անկարելի՛ է. ո՛չ, ես չեմ կրնարն ոչինչ մը դառնալ։

Յունիս 12

Այս քանի մը օրուան մէջ շրջակայքը տեղ չնմաց չափչփեցի։ Մեր ետեւի լեռը իր թզուկ անտառով, վարը ձորը իր գետակով, մեր պատշգամի դիմացէն վազող արքունի խճուղին իր վերստի սիւներով, այս բոլորը իմ սեփական տունս է կարծես։

Առտուևիրիկուն շատ աղեկ է. ցերեկներն է քիչ մը ֆանֆարլի։ Տնեցիք կքնանան, տունը կլռէ. միւս կողմէն ալ տաքը կճնշէ։ Ընթերցանութիւնն է միակ ընկերս եւ սփոփիչս։ Հետս սնդուկ մը գիրք եմ բերաց. ընելու շա՜տ գործ։

Գեղեցիկ դրացուհիիս գրեթէ ամէն օր կհանդիպիմ կա՛մ առտուները կա՛մ իրիկունը շրջագայութեանս միջոցին։ Նո՛յնն է միշտ. զարմանալի բնաւորութիւն մը. եռուն ու համարձակ. իսկը ազատ թռչուն մը։

Կզգամ, որ իր ուշադրութիւնը գրաւած եմ։

Անցած օր աղախնի յարդէ գլխարկը հափշտակած կվազէր՝ հեւալով, խնդալո, ճչալով. ու քովես այնքան մօտիկ անցաւ, որ օևդըևկոլոնի փափուկ հոտ մը դէմքս պարուրեց։ Նախորդ իրիկունն ալ պզտիկ քրոջը ձեռքէն շրջանակը առած կդարձնէր՝ զուարթ ու շիկնած ետեւէն վազելով. եթէ չզգուշանայի՝ շրջանակը ոտքերուս վրայէն պիտի անցնէր. աղջիկը չոր ժպիտով անցողակի «պարդո՛ն» մը ըսաւ ու շարունակեց։

Երէկ իրիկուն ալ վարը՝ ձորը տեսայ հեռուէն՝ իր եղբօր հետ էր, որ երեսունի մօտիկ գրաւիչ երիտասարդ մըն է, արուեստագէտի երկար մազերով եւ անգլիական այտմօրուքներով։ Աղջիկը ռուսերէն օպերետի մը մէկ սիրուն կտորը կերգէր. եւ աղուոր կերգէր. շատ անուշ եկաւ ինծի այդ մեներգը գետակի ձայն պահող երգակցութեան մէջէն։

Ընդհանրապէս շատ օդային եւ խորհրդաւոր տպաւորութիւն մը կընէ վրաս. եւ բնական կերպո հետաքրքրութիւն առաջացծ է մէջս. երբ դուրս կելլեմ պտոյտի՝ միշտ րեի հանդպելու տարտամ յոյս մը ունիմ. թէեւ երբ կհանդիպիմ՝ ճնշում կզգամ իր հանդուգն կեցուածքէն ու նայուածքէն. եւ իր խոր ու քաշող աչքերէն խուսափելու համար բանով մը զբաղուիլ կձեւացնեմ։

Յունիս 13

Ա՜, ապուշ եմ ես, կատարեալ ապուշ։

Իրիկուան դէմ հօրեղբօրս կնոջ հետ փոքր պտոյտի մըն էինք ելած. գացինք մինչեւ գիւղ։ Մեր վերադարձին՝ հերոսուհիիս տան առջեւէն անցնելու ատեն՝ տեսանք, որ ծառերուն տակ սեղանի մը քով նստած՝ մայր ու աղջիկ կկարէին։

Հարկ եղաւ մօտենանք եւ հօրեղբօրս կինը ինծի ներկայացուց.

- Ամուսնուս եղբօր որդին՝ Երուանդ։

- Երուա՜նդ. և բացականչեց իսկոյն օրիորդը ռուսական արտասանութեամբ եւ կարծես մեծ զարմանքով։

Իրենց անունը Շամիրեան էր. տիկին Նատալիա եւ օրիորդ Վարդուհի։ Այո՛, «Վարդուհի» եւ ո՛չ թէ Ռոզա. ուրեմն գոնէ անունը մնացել էր վրան հայ, շատ զարմանալի կերպով։

- Կարծեմ մէկևերկու անգամ ճամփուն վրայ իրար հանդպելու պատեհութիւնը ունեցանք. և ըսաւ տիկին Նատալիա ծամծմած հայերէնով մը եւ ռուսերէնի հետ խառն բառերով, որոնցմէ ես ինքս գլխուս մէջ ստիպուած էի կանոնաւոր նախադասութիւններ կազմելու։

- Թէեւ ինքը կարծեմ մեզի տեսնել չուզեց. և աւելցուց օրիորդը կատակ հենգութեամբ մը եւ բոլորովին ռուսերէն։

- Ինչպէ՞ս թէ. և հարցուցի ես շուացած այս տեսակ անսպասելի հարձակման մը առջեւ։

- Անշուշտ չէ գիտցած, որ ծանօթ ենք ու դրացի. և պաշտպանեց ինծի հօրեղբօրս կինը։

Ես հոգիիս մէջ աւելի չարացայ այդ պաշտպանողականէն։

և Ո՛չ, տիկին։ տեսէ՛ք, կարմրեցաւ. ըսել է հանցաւոր է. և բացականչեց օրիորդը մատովը ինծի ցոյց տալով ու բարձրաձայն քրքջալով։

Ես ինծի աւելի անհարմար զգացի, թէեւ կխնդայի։ Բարեբախտաբար տիկինները խօսքի բռնուեցան, անոնք սովորաբար իրարու հետ վրացերէն կխօսէին։

Իսկ օրիորդը այդ միջոցին առաւ սեղանէն իր ձեռագործը ու սկսաւ արագ աշխատիլ. բայց հանկարծ նետեց ծունկերուն եւ նորէն ինծի դիմեց ժպտելով.

- Ինչո՞ւ չէք խօսիր, պարո՛ն։

- ՏԻկինները կլսեմ. և ըսի պատասխան մը տուած ըլլալու համար։

- Ուրեմն վրացեէղն գիտէք։

Ալ ետ դառնալ չէի կրնար. ստիպուած էի ստելու.

- Շատ քիչ։

Բայց իսկոյն ալ ստելուս զղջացի ու զայրոյթ զգացի ինքս իմ դէմս։ Միեւնոյն ժամանակ ուղեղս տակնուվրայ կընէի խօսլու հարմար նիւթ մը ճարելու համար։ Ուզեցի օդի մասին խօսիմ՝ ինծի ծիծաղելի թուեցաւ. ամառանոցի մասին խօսիլը շատ էր սովորական։ Եւ հանկարծ մէկենիմէկ հարցուցի.

- Արդեօք կրնա՞մ հետաքրքրուիլ. օրիորդը ո՞ր դպրոցն է հաճախած։

Աղջիկը զսպուած ժպիտով մը երեսս նայեցաւ ու պատասխանեց.

- Թիֆլիսի երրորդ աղջկանց գիմնազիոնը։

- Աւարտա՞ծ էք միթէ։

- Ո՛չ։ Ինչպէ՞ս կըսեն հայերէն։ Ներեցէ՛ք, հայերէն աղեկ չգիտեմ։ Այս ձմեռ վերընթեր դասարանն էի. և աւարտեց խօսքը ռուսերէն։

- Ա՜, ճիշտ ինծի պէս։

- Իրա՞ւ. բախտակից ենք ուրեմն։

Եւ նորէն ձեռագործը վերցուց ծունկերուն վրայէն։ Տիկինները արագ ու շարունակ կխօսէին իրարու ձայն ընդհատելով։ Ես հեռուն կնայէի ծառերուն մէջէն։

Բայց կտեսնէի, որ աղջիկը իր քննող աչքերը հաճախ դէմքիս կգամէր եւ տարօրինակ ժպիտս մը ունէր շրթունքին անկիւնը։ Այո՛, կըմբռնէի, որ վրաս գերազանցութիւն մը ունէր։

- Երեւի պարոնը աւելի խորհիլ կսիրէ, քան խօսիլ. փիլիսոփայորէն. և ըսաւ աղջիկը վայրկեան մը ետքը։

- Իսկ դուք փիլիսոփայութենէն բնաւ չէք ախորժիր, ըստ երեւոյթին. և պատասխանեցի իրեն ակամայ քիչ մը աւելի խիստ։

- Ո՛չ, ինչո՞ւ. ամէն բան իր տեղն ունի. եւ վերջապէս ես միայն կատակ ըրի։

Վերջին նախադասութիւնը ինծի համոզեց, որ վշտանալս նկատած էր։ Հօրեղբօրս կինը հրաժեշտի համար ոտքի ելաւ. կարծես բանտէն կազատուէի։

Թոթուեցի օրիորդին ձեռքը։

- Ասկէ ետքը երբ իրարու հանդպինք՝ կյուսամ, որ գաւազաննուդ կոթը զննելու հարկը պիտի չզգաք, և ըսաւ աղջիկը խորքին մէջ շատ աղուոր ժպիտով մը եւ ամուր ձեռքս սեղմելով։

Աղջկան մը առջեւ ծաղրելի ըլլալէս խայթուած շտապեցի շիտակ սենեակս. եւ մահճակալիս վրայ փռուած երկար ատեն կմտածէի։ Եզրակացութիւնս շատ պարզ էր.

«Ես ապուշ եմ, ապուշ»։

Յունիս 14

Արթնցայ թէ չէ՝ միտքս նոյն խնդրով զբաղիլ սկսաւ։ Սակայն թարմ տպաւորութեան ճնշիչ ազդեցութենէն կազդուրուած, նոր օրուան նոր լոյսին հետ ամէն բան հաճելի կո ղմէն դատելու տրամադիր եւ խորունկ քունով մը ուժովցած, խոհերս նոր ուղղութիւն մը առին։

Սկսած էր երեկուան հակազդեցութիւնը։ Եսս էր, որ կբողոքէր։ Վերջապէս ի՞նչն էր ինծի այդպէս վրդոված։ Աղջկան հետ շնորհքով չխօսելո՞ւս համար։ Սակայն աղջկան մը հետ նորևնոր ծանօթացած ի՞նչ պիտի խօսէի իր հետ։ Այո՛, խենթևխելոք բերնիս եկածը իսկոյն զրուցել ես չեմ կրնար։ Եւ վերջապէս որքան ինքը իրաւունք ունէր ինծմէ խօսիլ պահանջելու, այնքան ալ ես իրաւունք ունէի, դեռ բան մըն ալ աւելի, քանի որ իր հիւրն էի։

Ուրեմն հանցանքս պահանջկոտ չըլլալս է. չխածնելուս համար է, որ ինծի կխածնեն։ Լաևւ. դիւրնի է, ես ալ կրնամ խածնել եւ վախնամ շատ աւելի գէշ։ Այդ աղջիկը համարձակ է ցաւցնելու աստիճան ձեռքս կսեղմէ. աղե՛կ, ես ալ կրնամ լացնելու աստիճան սեղմել։ Ան առանց քաշուելու բերնին եկածը երեսիս կըսէ. աղե՛կ, ե՞ս ինչու պիտի քաշուիմ. մի՞թէ իմ քովս փտտած սրախօսութիւններ քիչ կան։

Անիկա ինծի առաջին անգամէն փիլիսոփայ կանուանէ ծաղրանքով. աղե՛կ, ես ինչո՞ւ իրեն չհասկցնեմ, որ ինքը աշխարհիկ սովորական աղջիկ մըն է, որուն հետ լուրջ խօսակցութեան մը բռնուիլ չես կրնար։ Ահա՜ քեզի պարզութիւն եւ հանդգնութիւն։ Սակայն ատիկա պիտի դառնայ կոպիտ վարմունք. որո՞ւ հոգ, քանի որ ատիկա կպահանջեն ինծմէ։ Շատ աւելի գերադասելի է կոպիտ ըլլալ, քան ծիծաղելի։

Սակայն յուզուիլն աւելորդ է, պէտք է մնալ պաղարիւն. եւ պիտի հարձակուիլ, հարձակման չենթարկուելու համար։ Պարզապէս իր զէնքերը իր դէմ։

Այս որոշումներով զինուած՝ իրիկուան դէմ դուրս ելայ շրջելու, հաստատ համոզուած, որ աղջկան հանդիպելու էի։ Եւ չխաբուեցայ։

Եղբօրը թեւը մտած կուգար դէմս։

Երբ մօտեցանք՝ շիտակ դիմեցի օրիորդին եւ առանց սաստիկ կարմերլուս ուշ դարձնելու, պինդ մը սեղմեցի իր փափուկ ձեռքը, թէեւ անշուտ ո՛չ լացնելու աստիճան։

Քիչ մը զարմացած երեսս նայեցաւ, խնդաց եւ իսկոյն եղբայրն ու ինծի իրարու ներկայացուց։

- Կարծեմ պարոնը նկարիչ է. չափազանց ուրաշ եմ. և բացականչեցի ես։

- Եւ բացականչութիւնս երեւի պարոնին հաճելի եղաւ, որովհետեւ բացաձրակ համակրական շեշտով մըն էր, որ պատասխանեց.

- և Երեւի նկարչութիւնը դո՛ւք ալ կսիրէք։

- Անտարակո՛յս. գեղարուեստներու սիրահար եմ, թէեւ դժբախտաբար բոլորէն ալ բոբիկ։ Ըէ՛ք խնդրեմ, աւելի տեսարաններո՞վ կզբաղիք, թէ.

- Գիտէ՛ք, բարեկա՛մս, ես իրբեւ արհեստաւոր նկարիչ չեմ. արդէն արհեստաւորներէն չեմ ալ ախորժիր, որովհետեւ շահի համար կաշխատին, իսկ շահը ստեղծագործութիւնը կսպաննէ։ Ես պարզ նկարչութեան սիրող մըն եմ, որ միայն արուեստի սիրուն համար կնկարեմ։ Եւ այդ պատճառով է, որ առանց կեղծ համեստութեան, նկարներս անհամեմատ առաւելութիւն մը ունին։

- Ես ուզեցի միայն իմանամ□

- Պետերբուրգ ձմեռուան տեսարան մը նկարած եմ, որ ամբողջ մայրաքաղաքի ուշադրութիւնը գրաւեց։

- Հա՜, ուրեմն տեսարաններով կզբաղուիք։

- Նաե՛ւ տեսարաններով. Կովկասէն լեռնանկար մը ունիմ, որ հիմա իշխան Կալիցինի կեդրոնական դահլիճին մէջն է կախուած. իշխանը իմ մտերիմ բարեկամս է եւ նկարը ես նուիրեր եմ իրեն։ Կասպից ծոէն էտիւդ մը ունէի, որ երբ Այզավովսկին տեսակ՝ մատ խածաւ։ Ամբղջ երկու օր իր հիւրը եղայ եւ ի՜նչ հրաշալի մարդ է։ ինչպէ՜ս իսկական արուեստը ճանչցող ու գնահատող։ Գիտէ՞ք, Այվազովսկին ինքը մէկևերկու թերութիւններ ունի. ես իրեն ալ արդէն ըսի. չժխտեց. բայց ո՞վ է նկատողը։ Անուն է, անգամ մը որ ելլէ, ալ կերթայ։

- Դուք նկարչութիւնը ո՞ւր էք ուսած։

- Եղած եմ Պետերբուրգ, Մոսկվա, Օդեսա, տարի մըն ալ նկարչութեան ծննդավայրը՝ Իտալիա։ Օդեսա եղած միջոցիս գնչոհւհիի մը գլուխ նկարեց, ի որ զօրավարուհին ուղղակի պատկերին վրայ սիրահարեցաւ. զօրավար Մարտինովի տիկինը. գուցէ լսած էք՝ Մոսկվայի ամէնէն գեղեցիկ կինը. գեղեցկութիւնն է, որ գիտէ գեղեցկութիւնը թափանցել. ես իրեն տեսեր եմ իր ամառանորը եւ tՍteևՈևtՍte. նշանաւոր կին է։

- Սրտանց կշնորհաւորեմ ձեր յաջողութիւնները. և ըսի ես եւ դառնալով քրոջը աւելցուցի.

- Սակայն, օրիո՛րդ, չէք խօսիր։ Երեւի այսօր ալ դուխ փիլիսոփայութեան միտում մը ունիք։

- Ո՛չ. և պատասխանեց ժպտալով. և եղբօրս քաջագործութիւնները կլսեմ։

- Ինչպէս երեկ ես՝ տիկիններուն վրացերէնը։

Զգացի, որ համեմատութիւնս շատ համով փախաւ եւ աղջկան վարանումէն օգտուելով շարունակեցի.

- Իսկ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ դուք ալ, ինպէս ես երեկ, խօսելու նիւթ մը ճարելու կդժուարանք. իսկ նկարչութենէն արդէն կշտացած էք երեւի, այնքան խօսած էք ձեր եղբօր հետ։

- Ուրեմն երեկ նիւթ չճարելնո՞ւդ համար չէւք խօսէր։

- Այսինքն, ինչպէս ըսեմ։ Շատ սովորական ու չնչին բանի մը վրայ խօսիլ առաջին անգամ տեսած անձի մը հետ՝ շատ հրապուրիչ բան չէ. իսկ եթէ քիչ մը լուրջ խնդիր հարուցանէի՝ դուք պիտի դժգոհ մնայիք։

- Ինչո՞ւ. ձեզի ո՞վ ըսաւ։

- Որովհետեւ ամէն քիչ թէ շատ լուրջ բան ձեր խառնուածքին համար փիլիսոփայութիւն է, ուրկէ բնականաբար չէք ախորժիր։

- Շատ աննախանձելի գաղափար մըն էք կազմած իմ վրաս. և պատասխանեց խնդալով եւ սկսաւ խաղալ հովանոցի ժապաւէնին հետ։

- Շիտաը փիլիսոփայութենէն ես ալ չեմ ախորժիր. և մէջ նետուեցաւ եղբայրը։և Ատոնք բոլորն ալ կենդանի իրականութիւնը թողած օդային տեսութիւններու ետեւէն վազող մարդիկ են։ Ես իմ մէկ ուրուանկարս անոնց ամբողջ փիլիսոփայութեան հետ չեմ փոխեր։

- Ձեր ո՞ր ուրուանկարը. և հարցուցի ես վերին աստիճանիմիամիտ դէմքով մը եւ գրեթէ ակամայ, ինքնաբերաբար։

- Որեւէ մէկը. որը որ կուզէք. և եղաւ իր անփոյթ ու ինքնավստահ պատասխանը։

Ես ուզեցի մոռցնել տամ նախորդ հարցիս մէջ խլրտող հեգնութիւնը ու դիմեցի քրոջը.

- Իսկ դո՞ւք, օրիո՛րդ, դո՞իք ալ միեւնոյն բարձր գաղափարը ունիք նկարչութեան մասին։

Եւ սկսաւ խօսքը նորէն նկարչութեան շուրջը դառնալ եւ ընդհանրապէս գեղարուեստական ստեղծագործութեան։ Չգիտեմ ճշմարիտ, պարոն նկարչի մեծախօսութիւնը, թէ իմ ռազմական տրամարդութիւնս բարձրացուցեր էր խօսքիս ուժը. կզգայի, որ լաւ կխօսիմ, ե՛ւ խոր, ե՛ւ սուր։

Բաւակնա երկար միասին շրջագայլէն ետքը, երբ արդէն սկսած էր մթնել՝ կանգ առինք մեր տունէն ո՛չ շատ հեռու իրարմէ բաժնուելու համար։

- Ուրախ եմ ձեզի ծանօթանալուս. թարմ հոգի ունիք եւ արուեստագէտի ճաշակ, և ըսաւ պարոն նկարիչը ձեռքս սեղմելով։

- Կտեսնէ՞ք՝ ինչ աղուոր վկայական ստացաք եղբորմես. և վրայ բերաւ քոյրը շատ զարմանալի շեշտով մը, երբ իրարու ձեռքը կսեղմէինք։

Ամբողջ իրիկունը նոյն աշխոյժ տրամադրութեան տակ էի։ Երբ ուշ ատեն մտայ սենեակս ու վայրկեան մը նստեցայ մահճակալին ծայրը՝ ակամայ յիշեցի նախորդ գիշերը։ Ի՜նչ մեծ տարբերութիւն երեկուան եւ այսօրուան խաղ ցած դերերուս մէջ. կարծես իրաւ որ երկու դերեր էին։ Ամէն պարագայի պատահածէն դժգոհ չէի։ Աղջիկը հիմա գիտէ, որ երբ ուզենամ՝ կրնամ իրեն պէս իր թեթեւ դերը խաղալ եւ եթէ չեմ խաղար՝ իմ ըմբռնումներս ու իմ բնաւորութիւնս է պատճառը։ Չէ՛, միանգամ ընդմիշտ վարկս ապահովուած է այդ աղջկան առջեւ։

Միայն կզարմանամ. ինչո՞ւ այսչափ հոգ աղջկան մը առջեւ հոգիս ու վարմունքս բարձրացնելու համար. սեռական հպարտութի՞ւնն է, որ ինծի կմղէ։

"Երազ օրեր" ստեղծագործության մյուս մասերը

Յատուկ Երաժշտություն
Թավջութակի կոնցերտ-ռապսոդիա
Արամ Խաչատրյան

Թավջութակի կոնցերտ-ռապսոդիա

Աղջիկը գրքով
Աղջիկը գրքով
Խաղա առցանց