Լևոն Շանթ
Երազ օրեր
5
Յուլիս 30
Թէեւ մեր պարապմունքին ժամերը իրենց սովորական ընթացքով կսահին ըստ երեւոյթին, թէեւ մեր յարաբերութիւնը իր սովորական հոսանքով կշարունակուի կարծես, սակայն իրապէս փոխուած է շատ բան։
Երկուքս ալ կզգանք, որ կձգտինք իրարու, երկուքս ալ գիտենք փոխադարձաբար, որ ջերմ կապուած ենք իրարու։ Բայց միայն գիտենք. ո՛չ իսկ բառ մը մեր գիտցածը արտայայտելու համար։
Աղջիկը երեւի կսպասէ, որ ես ծայրը բանամ։ Իսկ ես՝ առաջ կկարծէի, թէ հպարտութիւնն է լեզուս կապողը. կամացևկամաց կըմբռնեմ, որ միայն ատով իմ բռնած դիրքս չի բացատրուիր։ Գուցէ խորքին մէջ իր զգացումներուն վրայ դեռ բացարձակ վստահ չեմ. կամ կզգուշանամ գուցէ ծիծաղելի քայլ մը առնելէ. կարելի է պարզապէս առաջին խոստովանութեան դժուարութիւնն է ասիկա։
Այս բոլորէն դուրս լռութեանս մէջ կարծես տարօրինակ վախ մըն ալ կայ. անորոշ եւ տարտամ վախ մը թանկագին բանէ մը զրկուելու, անփոխարինելի բան մը կորսնցնելու։ Բիւրեղէ նուրբ ու թանկարժէք գեղարուեստական անօթի մը դպչելու երկիւղը, որ մի՛ գուցէ կոտրուի։
Եւ վերջապէս, իրաւ է, այս ապրումներուն մէջ դեռ շատ եմ երեխայ։ Այսօրուան դէպքը որքան ծիծաղելի, այնքան ալ բնորոշ է։
ԻՐիկուան դէմ մեր երկու ընտանիքները բոլորս միասին իջած էինք գետի ափը բանջարանոցները։
Հաշալի իրիկուն մը։ Բա՛ց, սրտի լայնացում տուող երկինք մը. ժպտո՛ւն, ամենուս դէմքին ժպիտ նուիրող վերջալոյս մը վարդէ ամպերու ցիրևցան դեզերուն մէջէն։
Ուրախ էինք ամենքս, բայց Վարդուհիի խայտուն բերկրանքին չափ չկար։ Ըսենք՝ ամենքս ալ կպոռայինք, կվազէինք, իրարու ձեռքէ պտուղ կխլէինք. ձայներնիս ու ծիծաղնիս լեցուցեր էր ձորը։
Մութ էր արդէն, երբ դէպի տուն ճամփայ ինկանք։ Ես ու Վարդուհին ետ մնացինք ամենքէն, կարծես թէ պատահմամբ եղաւ։
Հազիւ քանի մը քայլ ըրեր էինք միասին ձորն ի վեր, երբ Վարդուհին խոր շունչ մը առաւ ու կեցաւ.
- Ա՜, ինչպէ՜ս հոգնեցայ։
- Շատ վազեցինք. հանգիստ ելէ՛ք. և խորհուրդ տուի ես իմաստուն կերպով։
Լռեց. մէյ մըն ալ հանկարծ նորէն կանգ առաւ շիփևշիտակ դէմս ու աչքերուս խորքը նայելով ըսաւ կտրուկ.
- Գիտէ՞ք, պարոն Երուանդ. դուք կին էակէ մը բնաւ պիտի չսիրուիք։
- Մի՞թէ. և բացականչեցի ես ապշահար այս անակնկալ յայտնութեան դէմ. և եւ ինչո՞ւ այդպէս կենթադրէք։
- Մասնաւոր ենթադրութեան կարիք չկայ. որովհետեւ կնոջ մը հաճոյանալու ամենեւին փոյթ չունիք։ Այսքան ատեն է միասին ենք. պարզ հաճոյախօսութիւն մը, տարրական հաճոյակատարութիւն մը չեմ տեսած ձեզմէ. անգամ մը թեւերնիդ չառաջարկեցիք ինծի, թէեւ քանի մը անգամ յայտնած եմ դիտմամբ հոգնած ըլլալս։
- Ներող եղէք. կընդունիմ անքաղաքավարութիւնս. հանցանքը միամտութեանս է. չեմ հասկացած, որ ձեր «հոգնած եմ» ըսելը, «թեւերնիդ տուէք» ըսել է։
- Նախ ես ատիկա յիշեցի օրինակի համար. բայց արդէն ինքնին այդ չհասկնալնիդ նշան է, թէ ինչ աստիճան անփոյթ էք կնոջ հանդէպ։
- Եւ հետեւաբար կկարծէք, թէ սիրոյ մէջ երբեք յաջողութիւն պիտի չունենա՞մ. և ըսի ես տխուր շեշտով մը։
- Եթէ չփոխուիք. և աւելցուց ժպտուն։
- Եթէ ա՛յդ է պայմանը՝ պէտք է որ փոխուիմ, նոյնիսկ այս վայրկեանէս։ Օրիորդ, կհաճի՞ք թեւս ընդունիլ. և ըսի իր առջեւը խորունկ խոնարհութիւն մը ընելով։
- Անշո՛ւշտ. սիրո՛վ. և ըսաւ բարձր խնդուքով եւ մինչեւ արմունկը մեր դաստակը կամաց մը թեւս անցուց
- Բարակ շապիկ մը միայն մեր բազուկները իրարմէ կզատէր. խելագարի պէս սեղմել կուզէի կրծքիս ինծի հանձնուած այդ թեւը ու մեծ ճիգով կզսպէի թեւս, որ սկսաւ դողալ։
Եւ ան զգաց իհարկէ թեւիս դողը եւ իր խօսքն ու ծիծաղը անմիջապէս կտրեցաւ։
Լուռ քանի մը քայլ ըրինք։ Աղջիկը մեղմ ու զգուշութեամբ ետ քաշեց ձեռքը թեւէս ու ըսաւ.
- Ձեզի նեղել չեմ ուզէր. մնացէք հաւատարիմ ձեր բնաւորութեան. դուք նման չէք ուրիշներուն։
- Անշուշտ կգերադասէիք, որ նման ըլլայի ուրիշներուն։
- Շատ կսխալիք, եթէ այդպէս կկարծէք. և եղաւ իր կտրուկ պատասխանը, որ ինծի անչափ դուր եկաւ։
Քայլերնիս արագացուցինք, հասանք ու միացանք խումբին։
Օգոստոս 6
Մեր ընթերցանութեան ժամերը այլեւս դադրած են լուրջ աշխատանք ըլլալէ։ Իսկապէս գիրքը չէ հիմա մեզի իրար բերողը, այլ ներքին բուռն պահանջ մը իրարու հետ ըլլալու, իրարու քով ըլլալու։ Ատիկա իսկ այլեւս հերիք չի գար. մեր ձեռքերը ծարաւ ունին իրար դպած ըլլալու, իրար բռնելու բազմատեսակ պատրուակներով խօսակցութեան ընթացքին։
Նախորդ օրը սեղանին վրայէն վար ձգեց իր հովհարը, կարծեմ պատահմամբ եղաւ. ցռեցա, որ վերցնեմ. ինքն ալ ծռեցաւ եւ մեր գլուխները եկան իրարու. հարու տուող երկու այծերու կնմանէինք. Իր մազերը թափեր էին ճակտիս, քունքերուս ու երեսներուս վրայ, ուր կգալարէին. ու հարբած էի ես անոնց անուշ բոյրէն. գլուխս դժուարով բարձրացուցի։
Երեկ իրիրոկն ալ մօրը հետ երեքով քիչ մը քալելու ելանք իրենց տան առջեւը։ Կխօսակցէինք շատ կարգին. խօսքի միջոցին բան մը նշելու համար հանեցի ծոցիս փոքրիկ տետրակը. խլեց ձեռքէս ու փախաւ՝ սպառնալով բոլոր մէջինը կարդալ։ Ինկայ ետեւէն. քանի՜ անգամ բռնեցի, քանի՜ անգամ ազատուեցաւ ու փախաւ։ Մայրը կխնդար ու կհանդիմանէր իր աղջիկը, թէ ամօթ է, երեխայ չէ այլեւս, ահագին աղջիկ է։ Իսկ իմ իրտս ուրախութենէ կթփրտար, երբ իր մարմնին ու կրծքին հպումը կզգայի կրծքիս ու թեւերուս վրայ։
Այսօր ալ երբ իրենց սանդուղներէն բարձրացայ՝ դէմս վազեց խնդալով, թէ «մեր դասարանը ջրհեղեղի տակ է». գիշերը տան տէրը եկած եւ առատօրէն ջրած էր ամբողջ պարտէզը։
- Եկէ՛ք պատշգամ. հոն ալ պարտէզի պէս է եւ առանձի՛ն. և աւելցուց իսկոյն խորհրդաւոր ժպիտով մը։
Եւ իր սովորական հանկարծ շարժումովը թեթեւ մը քաշեց թեւէս, հանեց պատշգամ, առաջնորդեց դէպի մեծ բազկաթոռը եւ ինքն ալ նետուեցաւ դէմ սօրրան աթոռին. սկսաւ խօսիլ ու ճոճուիլ, իբրեւ նախաբան մեր աշխատանքին։
Պատշգամը, շիտակ է, պարտէզի պէս էր. երկու խոշոր կաղնի իրենց ծերացած ճիւղերը կտարածէին անոր վրայ. իսկ պատշգամին երեք եզերքները շարուած էին մեծ ու փոքր թաղաբներու մէջ ամէն տեսակի ծաղիկներ, որոնցմէ գինովցնող հոտ մը կծաւալէր արեւի հետզհետէ զօրացող շոյանքին տակ։
Վարդուհին կարդալ սկսաւ, բայց պարզ էր, որ մտքերուն չէր հետեւիր. ես ալ չէի հետեւիր։ Բացի մեր սովորական ներքին խանգարումէն, օդն ալ շատ ծանր էր այսօր. օգոստոսի բացառիկ տաք օրերէն մէկը։
- Չէ՛, ալ չեմ կրնար. և ընդհատեց հանկարծ ու գիրքը ձգեց ծունկներուն։
- Ընդհատեցէ՛ք. և ըսի. և կխօսինք։
Գիրքը իսկոյն նետեց քովի աթոռին վրայ։ Գլուխը ետ ձգեց, աչքերը գոցեց եւ սկսաւ ճոճուիլ։ Մազերը երկու կողմէն առաջ սահեցան ու ծփուն շրջանակի մը մէջ առին իր սիրելի դէմքը։ Ես հափշտակուած կդիտէի, երբ հանկարծ աչքերը բացաւ ու գամեց իմ աչքերուս։
Ի՞նչ կար նայուածքիս մէջ՝ չգիտեմ, բայց տեսայ, որ հանկարծ սաստիկ կարմրեցաւ ու վեր թռաւ իր օրորուն աթոռէն։ Կեցաւ դէմս ու խենթևխելոք բաներ մը ըսինք իրարու. գնաց պատշգամին եզերքը, ծաղիկ մը փրցուց ու սկսաւ ջղաձգօրէն փեթրտել։
- Տեսէ՛ք, ի՜նչ անուշ կհոտի. և բացականչեց, եկաւ նորէն ինծի եւ իր ճմրթած մեխակին թերթիկները ափով սեղմեց դէմքիս։ Շրթունքներս եկան իր մատներուն։
- Հատ մը մեխակ կուզէ՞ք. և հարցուց հարբած ժպիտով մը։
- Այո։ Քաղուա՛ծ ձեր այս մատներովը։
Թաղարներուն վրայ քիչ մը փնտրեց. կընտրէր։ Փրցուց ու նետուեցաւ դէպի ինծի. ձեռքս մեկնեցի, որ առնեմ։
- Ոչ. և ըսաւ. և ե՛ս պիտի ձեր կուրծքը անցընեմ։
- Խնդրե՛մ։
Մէկ շարժումով մը նստեցաւ իմ բազկաթոռիս բազուկին վրայ, ծռեցաւ վրաս ու ծաղիկը տարաւ օձիքիս օղակին. օղակի կարուած էր, սկսաւ աշխատիլ կերպ մը ծաղիկը անցընելու. եւ այդ ճիգերուն մէջ այնքան մօտ եկաւ, որ իր կուրծքը հարեցաւ վզիս ու դէմքիս։ Կզգայի իր շնչելը արագ ու անկանոն։ Իսկ իմ շունչիս օդը հանկարծ կարծես պակսեցաւ։ Եւ որպէսզի հանկարծ իր մէջքը չի գրկեմ՝ երկու ձեռքով ամուրբ ռնեցի իր երկու թեւերը ուսերուն մօտիկ ու կամաց մը ելայ ոտքի։ Եւ սըի.
- Անչափ, անչափ շնորհակալ եմ ձեր այս սրտագին նուէրին համար։ Եւ կարծեմ այս տաք ու խեղդող օդին տակ այլեւս ոչինչ ըեն չենք կրնար. լաւ է երթամ տուն։
- Երթա՞լ կուզէխ. և բացականչեց աղջիկը մեծ զարմանքով։
- Կարծեմ ատ է շիտակը. բայց հետս կտանիմ բախտիս ծաղիկը. և ըսի խնդալով. թեթեւ մը շոյեցի կրծքիս կարմրաւուն մեխակը ու ձեռքս մեկնեցի հրաժեշտի։
Վարդուհին ապշած ու վարանքով, գրեթէ մեքենաբար ձեռքը տուաւ ինծի, որ ես ամուր սեղմեցի եւ արագ վազեցի սանդուղներէն վար։
Շիտակ տուն, շիտակ սենեակս եւ նետուեցայ անկողնիս վրայ քիթ ու բերնիս։
«Ինչո՞ւ ձգեցի. ինչո՞ւ եկայ. ինչո՞ւ չգրկեցի. ինչո՞ւ վշտացուցի աղջիկը». կկրկնէի անդադար մտքիս մէջ։
Սա ի՞նչ հիմար ու անիմսատ բան էր ըրածս, ե՛ւ կոպիտս, ե՛ւ անբնական։ Հիմա ի՞նչ պիտի մտածէ, ի՞նչ պիտի զգայ խեղճ աղջիկը։
Հոգեկան խառնաշփոթ ու խիստ անախորժ վիճակի մէջ կդառնային մտքերս, ինքս ինծի չհասկնալով, ինքս ինծի հետ անհաշտ, երբ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ սենեակիս դուռը կզարնեն։
Հազիւ գլուխս դժգոհութեամբ բարձրացուցած էի բարձէս, որ դուռը բացուեցաւ ու սեմին վրայ տնկուեցաւ Միքէն։
- Խեր ըլլայ, ի՞նչ է պատահեր. և հարցուց զարմանքով եւ երկար եեւ ուշադիր դէմքս դիտելով։և Չխօսի՞ս. չըլլա՜յ թէ աղջիկդ ճամփու դրաւ քեզի։ Եթէ բոլոր սիրահարուածներու դէմքը այդ տեսակ է, լաւ է՝ կեանքիս մէջ բնաւ չսիրահարիմ։
Զգացի, որ ճշմարտութիւնը գուշակելու շատ մօտերը կպտտկի։ Եւ նեղ վայրկեաններուն յատուկ ճարպիկութեամբ մը իսկոյն դերս փոխեցի։
Աշխոյժ վեր ցատկեցի, նստեցայ անկողնիս եզերքին ու ըսի.
- Սիրահարիլը սքանչելի բան է եղեր, Միքէ. երդում կընեմ, որ սիրահարիմ պիտի. եւ քեզի ալ նոյնը կհանձնարարեմ։
- Ի՞նչ ըսել է «պիտի». միայն «պիտի»ևի մը համար կարելի՞ է այդ աստիճան ապուշ դէմք մը առնել։
- Ապուշդ քեզի՛ պահէ ու ականջ դի՛ր։ Շիտակը ինծի համար ալ տարօրինակ բան մըն էր հետս պատահածը։ Քիչ մը առաջ այս խեղդող տաքէն նեղուած՝ պառկեր էի ու խենթևխելոք կմտապէի. հակնարծ միտքս ինկաւ քու անցեալ օրուան պատմական երեւակայութիւնը. իյիշե՞ս անտառին մէջ որ ըսիր։
- Աղե՛կ. ե՞տքը։
- Ետքը միտքս սկսաւ այդ պատմութիւնը շարունակել. կամացևկամաց ոգեւորուեցայ՝ դարձաւ կատարեալ վէպ. իբրեւ թէ եւս Սիւնեաց Սեպուհս Գուգարաց օրիորդի նշանածն եմ, եւ քեզի հետ նշանածիս այց կերթամ Բդեշխին ամառանոցը։
- Է՜ևէ՜. և երկարեց Միքէն իր ձայնը։
- Սկսայ երեւակայել ինչպէս մեզի կդիմաւորեն եւ ինչպէս վերջը կտեսակցինք Սիւնեաց օրիորդին հետ։ Մնացինք մինակ ես ու ինքը։ Թաղարներով, ծաղիկներով շրջապատուած տեղ մըն էր. պատշգամի նման բան մը։ Օրիորդը ինծի համար թաշկինակի պէս բան մըն էր ասեղնագործած, որ ինքը իր ձռեքով ուզեց վիզս անցընէ. այնքան մօտեցաւ, որ կլսէի սրտին զարկերը իմինիս մօտիկ։
- Է՜ևէ՜. և ըրաւ Միքէն նորէն ե՛ւ հեգնոտ, ե՛ւ ծիծաղով։
- Ալ ի՞նչ «է՜ևէ՜». թեւերս բարձրացուցի, որ իր անձնատուր կուրծքը բազուկներուս մէջ շղթայեմ, դուռը զարկին. դո՛ւն էիր։
- Վա՜յ, շունդաշնորդի՛, ի՞նչ գէշ տեղն եմ հասեր։ Հիմա կհասկնամ՝ թէ ինչու այնպէս չարացած երեսս կնայէիր։ Կուզես՝ ես երթամ ու դուն նորէն շարունակէ. միայն գիտցիր՝ ինչէ որ պիտի զրկուիս։ Եղբայրս պատուական գինի է ճարեր, մայրիկս ալ այսօր եփեր է քիւֆթէ. իրիկուան դէմ ալ ձիերով աղուոր պտոյտ մը։ Ընտրէ. երազական Սիւնեաց օրիորդի համբո՞յրը կուզես, թէ ընտիր գինի, փառաւոր քիւֆթէ եւ աշխոյժ ձի մը։
- Ընտրութիւնը դժուար է, բայց□և ըսի ես գլխարկս առնելով։
- Հա՛, կտեսնեմ, դեռ բոլորովին չես հիմարացեր։ Մա՜րշ։
Խենթ օր մը անցուցի։ Հոգեկան մշտական ծփում մը ներսը ծածուկ, բախտաւոր ու շոյող. կեղծելու անհրաժեշտութիւն. ուրախ ու անփոյթ երեւնալու ճիգեր։ գիտի, հարկինք, խօսք ու կատակ. եւ միեւնոյն ժամանակ խորքէն դժգոհութիւն մը ինքս ինծի դմէ։
Հոգեկան այս երկւութիւնը վերջ գտաւ միայն իրիկուան դէմ, երբ Միքէի հետ հեծանք ձիերը եւ ձիերը չափ առին։
Զարմանալի կերպով հանկարծ զգացում ը մէջս խուժեց, հպարտ ինքնագիտակցութիւն մը. եւ իսկոյն ինկաւ ինքս իմ վարմունքիս դէմ ունեցած անհաշտ տրամարդութիւնս։ Զգացի՝ որ ուրաշ էի Վարդուհիի համբոյրին ու ձգողութեանը դեռ դիմադրել կարողանալուս համար. եւ ըմբռնեցի, որ այգդ բոլորը իմաստ ունէր. կուզէի, որ տեւեր իմ այս հոգեկան վիճակս. տեւէր ու աճէր զգացումներուս այս խայտանքը։ Ամէն դիմադրութիւն, ամէն սանձում կբազմապատկէր մեր մէջ եղած լարումը։ Եւ եզրակացուցի, որ ճիշտ ատոր համար էր անշուշտ, որ երկուքս ալ կլռէինք անլռելին ու կզսպէինք անզսպելին։
Բայց եւ կհասկնայի, որ հասած էինք հնարաւոր սահմանը. այսօրուան փորձը կըսէր ինծի, որ իր քովը եւ իրեն հետ առանձին այլեւս անկարելի էր աչքակապուկ խաղալը. մեր յուզումը կյորդէր. եւ ի՛ր, եւ ի՛մ։
Ես որ ձիս խթանած էի ու ինկեր էի առաջ, հանկարծ սանձերը քաշեցի եւ թողի, որ Միքէն հաւասարի ինծի։ Հազիւ էին մեր ձիերը իրարու զոյգ եկեր, որ դարձայ ընկերոջս եւ առաջարկեցի՝ յաջորդ օրը առտուն կանուխ երթանք որսի շրջակայ անտառները՝ ինչպէս արդէն քանի մը անգամ խօսած ու ծրագրած էինք իրեն հետ, բայց հետաձգած էինք միշտ ու չէինք իրագործած։
Միքէն իկսոյն համաձայնեցաւ, քիչ մը մտածեց եւ հարցը վրաւ աւելի լուրջ հողի վրայ։ Երկու ժամուայ չափ Դելիջանէն հեռու Աղստաֆայի ճամփուն վրայ շատ փոքր գիւղի մը մէջ կապրէր իր մօրքուրը. վաղը կերթանք ու գիշերը կմնանք հոն. մօրքուրին երեք տղաքը, մանաւանդ միջնակը, յայտնի որսորդ է եղած։ Յաջորդ օրը անոնց հետ միասին կելլենք որսի եւ իրիկունը կվերադառնանք տուն։
Այս ծրագրի մանրամասնութիւնները մշակելով ձիերուն գլուխները դարձուցինք դէպի Դելիջան հանգիստ քալուածքով մը։
Եւ հիմա այս տողերը, որ կգրեմ՝ մինակ ու սենեակին լամպին տակ՝ կարծես թէ ըրածիս քիչ մը զղջացած եմ։ Երկու օր ամբողջ Վարդուհին չտեսնելը չափազանց դժուար է արդեն. այլեւ կմեղքանամ Վարդուհիս. այսօրուան իմ նշանաւոր փախուստէս ետքը՝ խեղճը հիմա ի՞նչ պիտի զգայ եւ ի՞նչ պիտի մտածէ։
Բայց այլեւս ետ քաշուիլ չեմ կրնար եւ չեմ ուզեր. հոսանքը կքշէ ինծի. թո՛ղ քշէ։ Միայն որոշեցի, որ առտուն երկու սրտանց տող կգրեմ իրեն ու ներողութիւն կխնդրեմ, թէ հրաւիրուած եմ որսի։
Օգոստոս 10
Նոր վերադարձայ տուն եւ ուշ գիշերով։ Հօրեղբօրս կինը սկսած էր անհանգստանալ. ինծի կսպասէր երեկ իրիկուն, ինչպէս Միքէի հետ մեր դիտաւորութիւնն էր։ Բայց Միքէի մօրքուրն ու տղաքը լսել անգամ չուզեցին ու պահեցին օր մըն ալ։
Աղուոր ալ քոյր մը ունին։ Ամէն անգամ, որ աղջկան խորունկ աչքերուն կնայէի՝ սիրտս կսեղմուէր. անոր աչքերուն մէջ Վարդուհիիս հոգին կկարդայի, որուն կարօտը կայրէ հոգիս։
Այսօր երեք օր է չեմ տեսած Վարդուհին. եւ արդեն գինովի պէս բան մըն էի այս երեք օրը. ֆիզիկական հոգնութեան մէջ խեղդել կջանայի զգացումներս եւ խօսք ու աղմուկի եւ նոր տպաւորութիւններու տակ մոռացում կփնտրէի։
Երեկ առտու եւ այս առտու հրացաններն առած ինկանք անտառին խորքը. միջնակ տղան իրաւ որ բաւական թիվով թռչուն զարկաւ ե՛ւ իր, ե՛ւ մեր փոխարէն. զարմանալի նշան առնել գիտէ, իսկ ես իսկապէս նշան առնելու վարժութիւններ կընէի, քան որս։ Այս որս ըսուածին մէջ ինծի հետաքրքողը խելագար վազվզուքն է անտառին մէջ, իբրեւ թէ մեծ բանի վրայ ես։ Մարդ չի նայիր ժայռ, փոս, ջուր, ծառ, չորցած ջիւղերը ձեռքերդ կճանկռտեն, մառացներուն փուշը ծոծրակդ կճանկէ, երբ արագ տակովն անցնիլ կփորձես. ոտքդ տապալուած ծառերու կուգայ եւ ջրերու մէջ կճողփես շտապումիդ ատեն։ Բայց ո՞վ է ուշադրութիւն ընողը։ Այդ միշտ անհանգիստ բանի մը որոնումն է հետաքրքիրը. թէ չէ ինքնինի շատ անսիրտ ու վայրէնի բան մըն է բոլորովին աւելորդ տեղը խեղճ կենդանիները սպաննելը։ Երբեմն մէջերնին այնքա՜ն գեղեցիկները կան եւ այնքա՜ն մարդկային նայուածք ունին, երբ ինկած են վիրաւոր ու մահամերձ։
Ընկերներուս ծաղրին չենթարկուելու համար այս բոլորը իհարկէ ոչ ոքի չէի ըսեր։ Արդեն առանց ատոր ալ բաւական ենթակայ էի իրենց կատակներուն, քանի որ ոչինչ չէի զարկած երկու օորուան ընթացքին։ Եթէ ըսէի, որ զարնել ալ արդեն չէի ուզեր՝ վրաս բոլորովին պտի խնդային։
Շատ աւելի խոր հաճոյք կպատճառէր ինծի, երբ իրիկունները արեւին թեքուելէն ետքը չորսով կելլէինք ձիարշաւի. մեծ եղբայրը գալ չէր կրնար։ Ձիու սէրկ կզգամ, որ ունի. եւ հիմա կհիւսուի մէջս կնոջ սիրոյ հետ։
Երբ ձին կսլանայ, երբ հովը ականջիս տակ դիւցազնական խօսքեր կսուլէ, հագուստներս կուռեցնէ եւ ձիուն բաշը օդին կուտայ, երբ ես ձիուս մէջքին փակած, հակած դէպի գլուխը, մրրիկի պէս կխոյանամ, անսովոր ու դժուար արտայայտելի խտիտ մը կզգամ մէջս թէ՛ մարմնական, թէ՛ հոգեկան. ու կարթննան մէջս լեռնցի մարդու բնազդներ. ինծի այնպէս կթուի, թէ Վարդուհին է գիրկս, որ կրծքիս սեղմած հեռու, հեռու կփախցնեմ։
- Տղա՛, քիչ կամաց. և կպոռայ Միքէն ետեւէս։
Իսկ այսօր քանի կմօտենայինք Դելիջանին, այնքան անհամբերութիւնը կաճէր հոգիիս մէջ. թէեւ մեր ձիերը շատ հանգիստ կքալէին։ Նախ փոքրիկ յոյս մը ունէի, որ հասնելուս պէս կրնայի վայրկեան մը Շամիրեաններուն հանդիպիլ ու Վարդուհին տեսնել։ Բայց շատ ուշ հասանք։ Միքէէն զատուելէս ետքը, երբ տուն կուղղուէի, ժամը տասը անցած էր արդեն։ Եւ Վարդուհիենց ամառանոցը մթութեան ու ծառերուն մէջ քուն մտած ստուեր մըն էր միայն։
Երբ քովեն կանցնէի ծանր քայլերով՝ հոգիս կզգար, թէ ինչքան մօտիկ եմ իրեն. ան կարելի է քունի մէջ էր արդեն, գուցէ երազներու մէջ, գուցե արթուն էր ու ինծի կերազէր, գուցե ան ալ կզգար մօտիկութիւնս։
Գիշեր բարի, աղջի՛կս. ես ալ գրիչս վար դնեմ, ելլեմ ու պառկիմ։
Օգոստոս 11
Առտուն արթնցա շատ կանուխ։ ու չգիտէի ի՞նչ ընեմ, որ ժամանակ անցնի. ժամացոյցիս սլաքն ալ կարծես դիտմամբ տեղէն չէր երերար։
Շուշտևշուտ ծառերու կանանչութեան մէջէն երեւցող Վարդուհիենց տան կարմիր կտուրին կնայէի, կարծես անկէ կուզէի ճմլող կարօտս առնեմ։
Հազիւ ժամացոյցիս սլաքը իննին մօտենալու վրայ էր, որ ալ չհամբերեցի. քիչ մը շտկեցի վրաս ու նետուեցայ Շամիրեաններուն կո ղմը. բայց երբ տանը մօտեցայ, դիտմամբ սկսայ աւելի ծանր քալել, որ շատ շտապելս աչքի չիյնայ։
Պատշգամը մարդ չկար, մտայ սրահը՝ նորէն մարդ չկար. խոհանոցի կողմը կարծես շարժում կար։
- ո՞վ է. և ձայն տուաւ տիկինը գոգնոց մը մէջքը կապած եւ երկար շերեփ մը ձեռքը խոհանոցէն դուրս գալով։
- Բարե՛ւ ձեզի, տիկի՛ն. աս ո՞ւ րեն. ձեզի մինա՞կ են թողեր, ի՞նչ է։
- Այո՛, բոլորովին մինակ։ Երիտասարդները փիքնիկ կազմակերպեցին, քանի մը ընտանիք միասին։ Այդքան հեռուները ես չեմ ուզեր. քալելը դժուար է։ եւ վերջապէս պիտի պտտին, պիտի խաղան, պիտի պարեն. թող անոնք զվարճանան։ Ա՛յ, ես ալ մտածեցի մորիի անուշ եփեմ։ աս ալ իմ փիքնիկը. և եզրակացուց դառն կատակով մը։և Հրամմեցէ՛ք ներս. և աւելցուց իբրեւ քաղաքաւարութիւն։
- Ո՛չ, շնորհակալ եմ. ինչո՞ւ խանգարեմ ձեզի. առայժմ ցտեսութիւն։
Դարձայ ու ծանրևծանր սկսայ իջնել սանդուղներէն. զարմանալի զգացում մը կար մէջս. կարծես տիկինը իր անուշոտ դերեփը զարկած ըլլար քիթ ու բերնիս։ Իմ եռացող անհամբերութիւնս եւ ճմլող քնքուշ կարօտս զարնուեր էին բոլորովին անակնկալ կերպով կոշտ ու անախորժ բանի մը։
«Պիտի խաղան, պիտի պտտին, պտի պարեն»։ Այո՛, Վարդուհին հիմա ուրիշներու հետ էր. կխաղար, կպտտէր ու կպարէր երիտասարդներու հետ. հիմա ան կպարէր ուրիշներու թեւերուն մէջ։ Վարդուհին խօսքի մէջ ըսած էր ինծի արդն, որ պարելը շատ կսիրէ, ինչպէս եւ աղմուկևվազվզուքը եւ սալոնական խաղերը։
Հապա ի՞նչ։ Որովհետեւ կսիրէ ինծի՝ փոխէ՞ պիտի իր բնաւորութիւնը, իր զուարճութիւնները. որովհետեւ կսիրէ ինծի՝ ալ ուրիշներու հետ պիտի չըլլա՞։
Ասոնք բոլորը հիմար մտածումներ են իհարկէ։ Ճշմարտութիւնն ան է, որ այս չարաբաստիկ փիքնիկը շատ ձախորդ օր պատահեցաւ։ Եւ հիմա ի՞նչ ընեմ ես մինչեւ վաղը։
Որոշեցի նստիմ ու նամակներս գրեմ. հինգ վեց նամակներ ունէի պատասխանելիք, որ օր օրի կհետաձգէի՝ թէ՛ մեր տունը, թէ՛ դուրսը ընկերներու, թէ՛ ճեմարան։
Նամակները բռնեցին ամբողջ օրս ճաշէն առաջ ու ճաշէն ետքը։ Իրիկուան դէմ տարի նամակներս գիւղ ու փոստեցի եւ ըոնկէ ալ հանդիպեցայ Միքէին։
Միքէի հետ տուն կվերադարնայի. գիւղի հրապարակն էինք, որ հանկարծ դիմացի փողոցէն նշմարեցի հեռուն Վարդուհին իր եղօրբը քրոջը եւ ուրիշ երկու երիտասարդներու եհտ. հաւանօրէն նշանաւոր փիքնիկէն կվերադառնային։
Սիրտս սկսաւ մուրճի պէս զարնել։ Երբ բաւական իրար մօտեցանք՝ Կատեան հեռուէն վազեց ուղղակի դէպի ինծի, թեւերուս մէջ առի ու համբուրեցի քնքշանքով։
Հրապարակին ճիշդ մէջտեղը քոյր ու եղբայր զատուեցան իրենց ընկերներէն եւ ո ւղղուեցան դէպի մեզի, քանի որ կեցած էինք իրենց բռնելիք ճամփուն վրայ։
- Աս ո՞ւ րէք. մղջտեղ չկաք. և բացականչեց պարոն նկարիչը կէսևկատակ, կէսևլոլւջր, բարեւս առնելով. և այս տեսակ դրացնութի՞ւն կըլլայ։
- Անիրա՛ւ ես. դուն ինքդ շա՞տ պարտաճանաչ դրացի մըն ես, որ ուրիշները կմեղադրես. և պատասխանեց Վարդուհին եղբօրը, միեւնոյն ժամանակ շատ քա ղաքավարի ձեռք տալով ինծի եւ Միքէին։
- Իմ բանս ուրիշ է, քոյրի՛կ. առտու իրիկուն զբաղուած մարդ եմ. և եղաւ եղբօր հեգնոտ պատասխանը։
- Ատիկա միակողմանի դատողութիւն է։ ամէն մարդ ալ իր գործերն ու զբաղումներն ունի։ Պարոն Երուանդը այնքան ժամանակ է հատկացուցեր մեզի մինչեւ հիմա, որ մենք պարտական ենք շնորհակալ ըլլալու։ Անիրաւ խօսք լսել չեմ կրնար։
Եւ այս բոլորը ըսուած էր ինծի համար բոլորովին օտար շեշտով մը եւ շատ քաղաքավարի. եւ ընդհանրապէս իր շարժումներն ու նայուածքն ալ շատ հանգիստ ու առօրեայ։
«ևեւեր են». մտածեցի ես։
- Գոնէ՛, պատմեցէ՛ք նայինք. մենք ալ մասնակից ըլլանք ձեր այդ զբաղումներուն եւ զուարճութիւններուն. և ըսաւ նկարիչը ժպտուն։
Եւ ծայր տուաւ խօսակցութիւն մը, որ ալ անընդհատ շարունակուեցաւ ամբողջ ճանապարհին իրիկուան կամացևկամաց թանձրացող մթութեան մէջէն։
Միքէն էր գլխաւորապէս խօսքը վարողը. կպատմէր մեր որսերէն զանազան մանրամասնութիւններ եւ կպատմէր համով։ կատակեց ու նկարագրեց իմ որսորդական ձախլիկութիւններս. եւ պարոն նկարիչը ամբողջ կրծքովը կխնդար։
Եւ Վարդուհին ալ։ Եղբօրը ըեւէն միշտ անբաժան կկատակէր, կծիծաղէր իր սովորական եղանակով։ Ինծի ալ հարցումներ կուղղէր, շատ չեզոք տրամադրութեամբ մը. կարծես երկրորդ անգամ կտեսնուէինք։
«ևեւեր են». կրկնեցի նորէն մտքիս մէջէն, բայց զգացի, որ փոքրիկ վախ մը մտեր էր հոգիս։
Քիչ մը վերջը Միքէն հրաժեշտ կառնէր, որ ետ դառնայ տուն։ Նկատեցի, որ Վարդուհին խնդալով մէկևերկու վայրկեան ձեռքը բռնած սկսաւ խօսիլ խենթ բանի մը վրայ։ Արդեն ամբողջ վերի խօսակցութեան միջոցին շարունակ Միքէի հետ էր իր խօսքերով, իր ուշադրութեամբ ու իր աչքերով։
Անհաճոյ զգացում մը խայթեց սիրտս։
Զսպուած անհամբերութեամբ իրենց տունը հասնելնուս կսպասէի, որ մինակ մնանք. մեր առած իւրաքանչիւր քայլը դար մը կտեւէր։ վերջապէս հասանք եւ եղբարյը սովորականին պէս շիտակ բարձրացաւ ու գնաց ներս։ Կատեան ալ վազեց մայրը գտնելու։
Ես ու Վարդուհին մնացինք մինակ. մութ էր արդեն. հազիւ կշնչէի ու կսպասէի, թէ ի՞նչ պիտի ըսէ։
- Գիշե՛ր բարի, պարո՛ն Երուանդ. և ըսաւ Վարդուհին կատարեալ պարզութեամբ եւ սկսաւ սանդուղներէն բարձրանալ։
- Դո՞ւք ալ կերթաք ներս. և թռաւ շրթունքներէս։
- Հա՛, իրաւունք ունիք. և բացականչեց, կեցաւ, նայեցաւ ետ սանդուղներուն վրայէն եւ ըսաւ։և սպասեցէ՛ք վայրկեան մը, խնդրեմ. երթամ ձեր «Դաւիթ Բէկը» բերեմ։
- «Դաւիթ Բէ՞կը». ինչո՞ւ համար։և հարցուցի ապշած։
- Կտեսնեմ, որ ձեր ընկերոջ գալէն ետքը ազատ ժամանակ չունիք. եւ չեմ ուզէր ձեզի նեղել կամ խանգարել։ Ես խորապէս շնորհակալ եմ ձեզի բոլոր ձեր թափած աշխատանքին համար. եւ կհասկնամ, որ այլեւս պէտք է ընդհատենք։
- Հիմար բաներ կխօսիք. մեր աշխատանքը պիտի շարունակուի. վաղ առտու ճիշտ ժամանակին կուգամ զբաղուելու. և ըսի ես իրար ետեւէ հոգիիս խորքէն։
- Ներեցէ՛ք. բայց գրեր էիք, որ առտուները որսի կերթաք։
- Այո՛, օ՛ր մը, երկո՛ւ, ո՛չ հաւիտեան. ալ վերջացա՛ւ. և բացականչեցի ես սաստիկ յուզուած։
- Ա՜խ, այդպէ՜ս. վերջացա՞ւ։ դո՛ւք գիտէք. վէպը ձեր տրամարդութեան տակն է. և ըսաւ, վազեց սանդուղներէն վեր ու մութին մէջ աներեւոյթ եղաւ։
Մնացի քարացած սանդուղներու ոտքին։ Ես բոլորովին ուրիշ կերպ կերեւակայէի մեր վերստին հանդիպումը. անզուսպ ու խելագար բան մը։ Եւ ահա՜ հանկարծ այս պաղ, անտարբեր ու անակընկալ վերջաբանը։
Միթէ, իրա՞ւ, այս բոլորը միայն կձեւացնէ։ Թէ՞ ես եմ հիմար ապուշին մէկը։ Ինքս սիրահարեր եմ ու կերեւակայեմ, թէ ան ալ կսիրէ ինծի։
Է՜, խենթ խաղ մըն էր, գուցէ, այնպէս մէկ երկու օր, սիրախաղ մը, որ եկաւ ու անցաւ։ Ես եմ, որ այդ ամենուն սկսայ լուրջ վերաբերուիլ։ Բայց մի՞թէ այն բոլորը, որ մեր մէջ անցաւ, սովորական բաներ էին, միթէ այ կերպո՞վ կվարուի այդ աղիջկը ամէն տղու հետ։
Ինչո՞ւ ոչ. ահա՜ Միքէն. ինծի հետ ալ նոյն կերպով չսկսա՞ւ. նոյն ձեռքի սեղմումները, նոյն ժպիտները, նոյն կատակներն ու նայոււածքները։
Ի՜նչ գռեհիկ տափակութիւն իմ կ ողմէս, որ այդ հասարակ աշխարհիկ ձեւերը իմ ազնիւ զգացումներուս պատասխանը կածեցի։
Եւ դառն փլուզում մը հոգիիս մէջ կքալէի դէպի տուն։
Աստուա՛ծ իմ, մի՞թէ հնար է, մի՞թէ իրաւ է այս բոլորը։ Կխենթենամ։