Запел Есаян

Քողը

Ամառուան առաջին գեղեցիկ օրերն էին. գարնան յամեցող գովութենէն կարծես ձանձրացած բնութիւնը մէկ քանի օրուան մէջ աճապարեր էր իր բոլոր շքեղութիւնը ստանալու։ Ջերմ եւ պայծառ արեւ մը կը շողշողար կապոյտ երկնակամարին վրայ եւ անոր ճառագայթներուն փայփայանքին ներքեւ Մարմարայի կուրծքը խտղըտալով կը փալփլեր։ Ոսկեղէն անձրեւ մը կը տեղար ամէն կողմ եւ մօտակայ սեւ նոճիներու գագաթներն իսկ արագ եւ բեկբեկ կայծկլտումներ կը փոխանակէին իրարու լուսաւոր եւ ակնախտիղ մշուշի մը մէջ Սթամպօլի սիլուէդը անօսրանալով եւ տեսիլքի մը պէս խուսափելով կ՚անէանար հեռաւորութեան մէջ։

Շոգենաւը ճերմակ փրփուրներու ակօսի մը մէջէն յառաջանալով կը մօտիկանար ասիական ափունքին եւ Սալաճաքի արուարձանը ամբողջովին կը պարզուէր արդէն աչքի առաջք՝ իր մանուածապատ եւ անձուկ շաւիղներով եւ փտած փայտի գոյն ու կարմիր կղմինտրներով ծածկուած տուներով, որոնք աստիճանաբար կը դիզուէին բլրակի մը կողին վրայ։

Ալի Հասան պէյ, գեղեցիկ եւ բարեկազմ զինուորական սպայ մը, ոտքի ելաւ եւ կանգնած սպասեց որ շոգենաւը հանդպի նաւամատոյցին։ Իր թխորակ եւ խրոխտ դէմքը բարութեան եւ քաղցրութեան հակամէտ կը թուէր՝ այն շեշտուող գերութեան պատճառաւ, որ կարծես լեցնելով դէմքին գիծերը, կորսնցնել կուտար անոնց խստութիւնը. իր աչքերը թեթեւ մը կարմրած կոպերու մէջտեղէն երազուն անստուգութիւն մը ունէին։ Լաւ սնած, լաւ հագուած եւ ամէն կարգի անմիջական հոգերէ զերծ մարդու անփութութիւն եւ ինքնավստահութիւն մը՝ իրեն հպարտ կեցուացք մը կուտար։ Հագեր էր ձիաւոր զօրաց յատուկ համազգեստը եւ մինչեւ ծունկերը կը կրէր դեղին կաշեայ մոյկեր։

Աս ի՜նչ զուգադիպութիւն, պէ՛յս, ձայնեց մէկը որ վարի խուցերէն դէպ ի շոգենաւին կամրջակը կը բարձրանար։ Ի՞նչ բարեպատեհ առիթի կը պարտինք ձեր մեծութեան մեր խոնարհ թաղերը գալու դիտաւորութիւնը։

Խօսողը աստիճանակից սպայ մըն էր, նիհար, ջղուտ եւ արաբացիի մը նման թուխ. իր պղնձագոյն դէմքին վրայ պեխերը ձիւնի պէս ճերմկեր էին. բայց աչքերը պահած էին արծիւի սրատեսութիւն մը եւ հուրք մը։

Ալի Հասան իր ընկեարկցին ձայնը լսելով՝ ետեւ դարձաւ, մեծ սելամ մը տուաւ եւ փոխարինելով անոր քաղաքավարական չափազանցեալ բացատրութիւնները, խօսքերու եւ ձեւակերպութիւններու ապշեցուցիչ արագութեան եւ դիւրութեան մը մէջ, յայտնեց թէ Սալաճաք եկած էր՝ երթալ տեսնելու համար իրենց վաղեմի եւ ծերուկ աշխատաւորներէն մէկը որ անդամալուծուած էր եւ անկողնի կը ծառայէր։

Ո՞րն է, պէ՛յս… թերեւս ես ալ յիշեմ։

Իպրահի՛մը. ձեր մեծութիւնը գիտէ թէ անոր քոյրը իմ դայեակս եղած է եւ ինքն իսկ իմ հօրս հետ պատերազմի դաշտին վրայ գտնուելով լուսաղբար եղած են. այս այն Իպրահիմն է որուն շահաբեր գործ մը առաջարկուելով Րումէլի սահմանագլխին վրայ, մերժեց…

Մերժե՞ց…

Այո՛, իր ճերմակ մազերով գլուխը գետին խոնարհեցնելով նախարարին ոտքերուն փարեցաւ եւ արտասուագին աչքերով ըսաւ. «ես քու ստրուկդ եմ, եւ քու հրամաններուդ ենթակայ, բայց Րումէլիի սահմանագլխին վրայ, ո՜վ իմ տէրս, միայն բանակի մէջ եւ իբր զինուոր երթալու երդում ըրած եմ»։

Խորհրդաւոր եւ անխօս դառնութիւն մը երեւցաւ երկու սպաներու դիմագծերուն վրայ. ծերունի եւ ստորադաս Իպրահիմի հայրենասիրութիւնը զիրենք դղրդեց խոր, բայց շփոթ զգացումով մը. երկուքն ալ թերեւս ներքնապէս կը զգային որ իրենք ծերունի զինուորին որ պարզ պայտար մը մնացեր էր զօրանոցին մէջ փափկանկատութիւնը չպիտի ունենային եթէ պաշտօնի կամ աստիճանի բարձրացումով զիրենք ղրկէին Րումէլիի սահմանագլխին վրայ։ Տեսականօրէն երկուքն ալ ունէին դառն կսկիծ, երբ անդրադառնային այդ մտածումին, բայց կեանքը իր բարդ եւ տիրական պահանջները ունի եւ իրենց հայրենասիրական եռանդը կը կորսուէր տարտամ եւ բազմատեսակ ախորժակներու զգայնութեան մէջ։

Երկու պէյզատէները արագութեամբ մտածեցին այս բաներուն վրայ՝ երբ շոգենաւը արդէն հանդպած էր նաւամատոյց. ցանցառ ճամբորդներուն մէջէն լայն տեղ բանալով եւ մէջքերնէն վար կախուած սուրերը շխշխացնելով գետնին վրայ, յառաջացան եւ մտան փոշոտ ու նեղ փողոցներու մէջ։

Ալի Հասան իր ձեռքը բռնած ծրարը ցուցնելով՝ ընկերոջը ըսաւ.

Նարինջ պիտի տանիմ հիւանդին։

Ընկերանամ ձեզի, եթէ կ՚ուզէք, բայց ես ալ բան մը տանիմ Իպրահիմին։

Անուշեղէնը կը սիրէ ծերուկը, ըսաւ Ալի Հասան, եկո՛ւր բակլավա ալ առնենք իրեն համար։

Սպաները շեղեցան իրենց ճամբեն եւ մտան շուկային մէջ. խիտ եւ մթին կրպակներ իրարու քով տարուած էին բայց անոնք պարապ էին, որովհետեւ խանութպանները իրենց բոլոր ապրանքները դուրս հանած եւ զետեղած էին կրպակներուն դրանը առաջք։ Նոր հասած ձուկերու դէզէ մը ծովային բարկ հոտ մը կը բարձրանար, անդին՝ կարմիր եւ դեղին գիծերով շերտաւորուած ղենջակը մէջքերնուն, հուժկու եւ ըմբիշի երեւոյթով խոհարարաներ, բացօթեայ վառարաններու վրայ տեսակ տեսակ խմորեղէններ կը պատրաստէին։

Անանուն եւ գարշահոտ արտաշնչում մը կը տարածուէր ամէն կողմ. հողէն նոր ելած բանջարեղէններու աղբային խոնաւ հոտը, օրեր է ի վեր մնացած եւ շարունակ ջրուած կանանչեղէններու վերահաս փտութեան հետ՝ կը խառնուէր ձուկի եւ տապկուած խմորեղէնի հոտերուն։ Բայց այս ամէնուն վրայ շլացուցիչ արեւը կը ծագէր, կը լուսաւորէր եւ իր ճառագայթներու ոսկեղէն խաղովը կ՚այլափոխէր ամէն ինչ. կարմիր եւ դեղին շերտերով ղենջակները իրենց երանգներուն ամէնէն ուժգին արտացոլումը ունէին եւ շուկային մէջտեղը մորացած ցեխի ճահիճը դանդաղօրէն շոգիանալով, կապտորակ եւ գետնին վրայ ծածանող մշուշի մը կը փոխուէր՝ ուրկէ, նոյնիսկ երբեմն կը սլանային ոսկեզօծ ճաճանչներ։

Ալի Հասան եւ Ատիլ պէյերը բեռնաւորուած պտուղներով եւ անուշեղէններով՝ մտան թաղերուն մէջ։ Երկար ատեն քալեցին անձայն եւ ամայի ուղիներէ, որոնց երկու կողմը փլատակի վիճակին վերածուած հին տուներ իրարու կը կրթնէին եւ կարծես զօրաւոր հովէ մը տարուիլ, քշուելու վտանքին ենթարկուած էին։ Վանդակապատ պատուհաններու ետեւէն ո՛չ մէկ ձայն, ուրախութեան թէ տխրութեան, չէր լսուէր։ Ո՛չ մէկ մանկական աղաղակ չէր բարձրանար այդ պահուն՝ հնամենի այդ տուներէն. որոնց ամբողջութիւնը աւերակի, քանդումներու եւ անասելի աղէտի մը մխրեցնող զգացումը կը ներշնչէր։

Փողոցի փոշիէն գորշացած տերեւներով ծառեր, վտիտ եւ չոր ոստերով կը ցցուէին երբեմն տուներու ետեւէն եւ կ՚աւելցնէին այս աւերածութեան տպաւորութիւնը։

Հակառակ շողշողուն արեւին, անոր ճառագայթները չէին սպրդեր այս խոնաւ եւ տղմուտ փողոցներուն մէջ ուր երբեմն երեւցող պարտէզներու փլփլած քարաշէն պատերուն վրայ, ստուար մամուռ մը թաւշային եւ հում կանանչով կը սողար ամէնուրեք։

Բայց երբ երկու զինուորականները ելան ցից եւ կարճ զառիվերէ մը, տուները հետզհետէ ցանցառցան, ընդարձակ եւ արեւոտ պարտէզներ յայտնուեցաւ իրենց նայուածքին եւ նոյն իսկ ասդին անդին վաղահաս կլիսիններու մանիշակագոյն եւ քաղցր ողկոյզներ, որոնք մագլցելով տուներն ի վեր՝ զանոնք կը հագուեցնէին իրենց փարթամ եւ գարնանային պատմուճանով։

Բարձունքին վրայ երկուքն ալ կեցան եւ իրենց առնական կուրծքերը ցցելով՝ լայն մը շնչեցին, իրենց աչքերը պտտցնելով Մարմարայի ընդարձակ եւ փալփլուն տարածութենէն մինչեւ Վոսփորի մշուշոտ եւ ոլորապտոյտ գիծը։

Մինչեւ այդ միջոցին, երկու ընկերները կը խօսակցէին սովորական եւ ընթացիկ բաներու վրայ, իրարու կը հաղորդէին իրենց զօրանոցի յատուկ բամբասանքներ, յառաջացումներ, տեղափոխութիւններ եւայլն։ Կը խօսէին նաեւ քաղաքական խնդիրներու մասին, զգուշանալաով վճռական կարծիք մը յայտնելէ եւ իրարմէ սպասելով որոշ ուղղութիւն մը դէպքերու եւ դէմքերու վրայ, ինչ որ առանց եզրակացութեան կը յանգեցնելու՝ կ՚երկարաձգէր իրենց խօսակցութիւնը եւ կը թուլցնէր անոր շահեկանութիւնը։ Բայց երբ բարձունքին վրայ եկան, Ալի Հասան ընդհատեց իր խօսքը, շուրջը նայեցաւ եւ գոչեց խանդաղատանքով.

Ամա՜ն Ալլա՜հ, ինչպէս գեղեցիկ է։

Լայն եւ ամառնային շունչ մը կը մտնար իր էութեան մէջ կը բարձրացնէր իր տրամադրութիւնները. յուզուած զգայնութիւն մը թռիչք կուտար իր հոգւոյն։ Դողդոջուն եւ արեգնաւէտ բանաստեղծականութիւն մը թրթռաց իր մէջ երկարատեւ եւ հեծեծագին երգի մը պէս, ու քաղցր տխրութիւն մը պատեց զինքը։ Մահուան եւ սիրոյ տարտամ եւ աննպատակ իղձեր զիրար խաչաձեւեցին իր տպաւորութեանց մէջ եւ ինքզինքը տրամադիր զգաց ղուրպան ըլլալու ո եւ է ջախջախիչ գեղեցկութեան եւ մեծութեան համար…

Ատիլ պէյ իր սրատես արծիւի աչքերը սեւեռած Սթամպօլի պարիսպներուն կը մտածէր բոլորովին ուրիշ բաներու վրայ եւ երկուքն ալ լանկարծ սթափեցան եւ շարունակեցին ճամբանին։

Թաղերէն հեռու, պարտէզներու մէջ կորսուած էր Իպրահիմ աղային տնակը։ Բարակ ձողիկներէ կազմուած ցանկապատ մը կը յայտնէր իր համեստ կալուածին սահմանը. ոչ ոք չէր երեւնար այդ միջոցին, բայց հեռուէն Գուրան կարդացող պառաւ կնոջ մը խռպոտ եւ ծեքծեքուն ձայնը կուգար, ձայն մը որ պահած էր սակայն իր երբեմնի սրտառուչ գեղեցկութեան հետքերը։

Երկու սպաները բացին ցանկապատին դռնակը, մտան հերկուած եւ պարարտ արտերու մէջ եւ ուղղուեցան դէպի տնակը։ Յանկարծ վարդագոյն էնթարի մը երեւցաւ իրենց աչքին. երիտասարդ աղջկան մը ճկուն եւ դիւրաթեք հասակը կը ծածկէր անիկա, որ ոստոստող քայլերով, չհերկուած դաշտի մը դալարիւններուն մէջէն բանջար կը հաւաքէր։

Չէին տեսնար անոր դէմքը եւ իրարու հետ չէին խօսէր, իրենց ձայնովը զայն չխրտչեցնելու համար։ Մթնոլորտը լեցուն էր բուրումնաւէտ բոյսերու գլխիչ հոտով եւ պառաւին ձայնը մաշած նուագարանի մը բեկբեկ թրթռացումով կը շարունակէր երգել։ Հեշտագին սարսուռ մը կը դողար ամէն կողմ եւ զինուորականները զգուշութեամբ կը յառաջանային, բայց իրենց սուրերուն աղմուկը հասաւ աղջկան ու անիկա ետեւ դարձաւ երբ շատ մօտիկցած էին արդէն իրեն։ Խպնելով՝ գլուխը բաց երեւնալուն համար անծանօթ երիտասարդներու, անիկա հապճեպ շարժումով իր քօղը վեցրուց ուսերուն վրայէն, գլուխը ծածկեց եւ եղնիկի մը պէս խուսափելով իրենցմէ, հեռացաւ գնաց։

Բայց երկու ընկերները տեսեր էին անոր ժպտուն եւ ճառագայթող, դէմքը ականջներէն կախուած արծաթէ խոշոր օղակներով շրջանակուած, տեսեր էին անոր պատանեկան բոցավառ եւ հեգնոտ նայուածքը եւ իրարու նայեցան բարեցակամութեամբ ժպտելով։


Քանի մը վայրկեանէ ի վեր երկու զինուորականները նստեր էին Իպրահիմին քով պզտիկ աթոռակներուն վրայ եւ կը խօսակցէին բարեկամաբար։ Վանդակապատ պատուհաններէն լոյս մաղուեով կը ծածանէր եւ կէտկիտուելով կը խաղար ճերմակ տախտակամածին վրայ. ծայրայեղ մաքրութիւն եւ պարզութիւն կը տիրէր սենեակին մէջ. գետինը փռուած անկողնին մէջ. Իպրահիմ կը հանգչէր կզկտելով իր յօդացաւէ կարկամած սրունքները՝ որոնք ոչ միայն զինքը կանդամալուծէին այլ եւ ցաւագին ցնցումներ կը պատճառէին իր ամէնափոքր շարժումներուն իսկ։ Բայց անոր արեւազուրկ եւ կնճռոտած դէմքը շուտով կը ստանար իր սովորական անդորրութիւնը եւ ստոյիկեան համբերատարութեամբ կը մը տոկար բաղդին իրեն վերապահած ցաւերուն։

Անոր քթանի պէս ճերմկած մազերուն եւ մօրուքին մէջէն չափազանցօրէն թուխ դէմքը համակրելի էր եւ բարձր զգացումներու դրոշմը կը կրէր. յայտնի էր որ ո եւ է իտէալ յարատեւ կերպով ընդլայնած էր իր հոգին ու զինքը ընդունակ դարձուցած էր վերացումներու։ Իր սեւ եւ ծերութենէ նուաղած աչքերը հանդարտ եւ մեղմ լոյս մը ունէին, որոնց մէջ կ՚արտավցոլար իր անխարդախ եւ ջինջ մտածումը, շրթունքը միայն, մթնցած եւ գալարուն, իր ֆիզիքական տանջանքներուն հետքը կը կրէր եւ ձեռքերը ջղուտ, ուռած յօդուածներով կը յայտնէին իր երկարատեւ եւ չարքաշ կեանքը։

Անիկա կը խօսէր կամ կը պատասխանէր երկու սպաներուն՝ խաղաղ հանդիսաւորութեամբ մը։ Յուզուեր էր անոնց իր վիճակին համար ցոյց տուած շահագրգռութենէն, բայց իր զգացումը կը յայտնէր արժանաւոր պարզութեամբ մը, հակառակ որ իր այցելուները իր գերադասեալները ըլլային. ո՛չ մէկ կողմէն ամբարտաւան խրոխտութիւն եւ ո՛չ ալ միւս կողմէն ծառայական խոնարհութիւն կ՚արտայայտուէր եւ ասիկա կը դիւրացնէր իրենց տեսակցութիւնը։

Միջոց մը Ատիլ պէյ ծերունի պայտարին հետաքրքրութիւնը կը գոհացնէր՝ զօրանոցի պատմութիւններ ընելով, երբ Ալի Հասան հակառակ իր ջանքերուն, ուշադրութիւնը չէր կրնար կեդրոնացնել խօսակցութեան վրայ, իր մտածումը սուրալով հեռուները՝ կը ցրուէր զանազան ուղիներով։ Անսահման յոգնութիւն մը կը ջլատէր զինքը եւ ներքին վայելք մը կը զգար սենեակին զովութեանը մէջ հանգչելով եւ ծերունիին համաչափ եւ պատկառելի ձայնը լսելով. կարծես թէ գինով էր ու չէր գիտեր որ զգացածը ուրախութիւն էր թէ տխրութիւն։ Ամէն անգամ որ ջանք կ՚ընէր սթափելու, իր վրդովուած յիշողութեան մէջ կը կանգնէր վարդագոյն էնթարիով աղջիկը, արծաթեայ օղակներով զարդարուած եւ որուն հեգնոտ եւ բոցեղ աչքերը կարծես թէ հոգին կը դղրդէին ցաւագին եւ հեշտաւէտ զգացումով մը։ Մայրամուտէն առաջ մեկնեցան, որովհետեւ Ալի Հասան կը բնակէր Ոսկեղջիւրի հեռաւոր թաղերէն մէկուն մէջ եւ կը շտապէր։ Իպրահիմի սենեակին սեմէն հեռանալէ առաջ՝ կը լսէին նալններու համաչափ աղմուկը պարտէզին մէջ եւ պառաւ կնոջ թաւ եւ սրտագրաւ ձայնը որ ատենը մէյ մը կը գոչէր.

Ատիլէ՜… հո՜ւ…

Ոսկի ձայն մը հեռաւորութեան մէջ նուաղած, ձայն մը՝ որ դեռ մանկական էր բայց արդէն ստացեր էր երիտասարդուհիի շեշտի ջերմութիւն մը՝ կը պատասխանէր մօրը, ու ասիկա անբացատրելի եւ արբեցուցիչ երաժշտութեան մը պէս քաղցր թուեցաւ երիտասարդ սպային։

Անցան պարտէզներէն, առանց մէկու մը հանդիպելու, բայց Ալի Հասանի գրգռուած երեւակայութեանը կ՚երեւար ամէն թաւուտներու, ամէն կիսաստուերներու մէջ ճերմակ քօղի մը ծածանումը. անթիւ անգամներ խուսափուկ եւ սպիտակ հեւք մը անցաւ իր հմայուած աչքերուն առաջքէն, ինչպէս եթէ աղաւնիներուն աննիւթական թռիչք մը ըլլար, ու իր խռովուած էութեան մէջ այդ տեսիլքը մաքուր եւ անբիծ զգայնութիւն մը ներշնչեց ու իրեն թուեցաւ նաեւ որ մատղաշ աղջկան հոգին պչրանքով եւ հեգնանքով կը խաղար իր զգացումներուն հետ՝ առանց այդ բանին կարեւորութիւնը զգալու։

Նաւամատոյցը բաժնուեցաւ իր ընկերոջմէն եւ նետուեցաւ վերջին շոգենաւին մէջ. մարդ չկար գրեթէ, եւ մութը կը բարձրանար երկրէն ստուերներու թանձր ծուէններով։ Երկինքը թեթեւ ամպերով ծածկուած էր եւ հեռաւոր փարոսներ իրենց լուսեղէն նայուածքը կը քթթէին, երբեմն նուազելով լուսարձակներու արազ եւ ճերմակ ճառագայթներուն մէջ։

Անսահմանելի խաղաղութիւն մը կ՚իջնէր բնութեան վրայ. հեռաւոր գիւղանկարներ շուքով պարփակուած, հանդիսաւոր բան մը ունէին։ Քաղաքը լուռ էր եւ հանդարտ, ու միայն ուժգնօրէն ակօսուող ջուրերուն շաչիւնը, շոգենաւին մեքենաներուն համաչափ հեւքին խառնուելով՝ կը լեցնէր միջոցը։

Ալի Հասան մտազբաղ եւ շփոթ տրամադրութիւններով կը պտտէր կամրջակին վրայ. այդ միջոցին իր միտքը պարապ զգաց. կարծես ո եւ է մտածում, ո եւ է զգայնութիւն չկար իր հոգիին խորը, բայց ահա այդ ներքին լռութեան եւ դադարի մէջէն լսեց խրոխտ եւ անուշ ձայն մը, լսեց ինչ որ անգիտակցութեան մը րոպէին իր հոգին արտասանած էր թերեւս եւ որուն արձագանգը կը վերադառնար իր զօրեղ եւ եռանդուն էութեան մէջ։

Իմ աղաւնի՛ս, իմ վա՛րդս, իմ սիրակա՜նս… փաղաքշիչ բառեր կը խուժէին իր մտքին մէջ։ Անգամ մըն ալ իր հոգին լեցուեցաւ մահուան եւ սիրոյ խորհուրդով։

Ղուրպա՜ն ըլլամ քու հասակիդ որ վարդի թուփի մը կը նմանի, ղուրպա՜ն ըլլամ քու աչքերուդ որոնց լոյսը սիրտս փայփայեց, ղուրպա՜ն այտերուդ որոնց վրայ արծաթէ օղերուն ցոլքը լուսնի լոյսին կը նմանի՜…

Ալի Հասան այն գիշերը անցուց խռովուած վիճակի մէջ. քանի՛ անգամներ արթնցաւ քաղցր եւ մոլորեցնող անրջանքներէ որոնք զինքը կը ցնցէին ու իրեն համար անդիմադրելի բան մը դարձաւ այդ հազիւ թէ ընդնշմարուած աղջկան ցանկութիւնը։

Հետեւեալ առաւօտ Ալի Հասան նախաճաշիկի միջոցին իր մօրը յայտնեց.

Աննէ՜, ես պիտի ամուսնանամ է՜հ… կեանքը անհամ է առանց ընկերուհիի, ես պիտի ամուսնանամ եւ շուտով։

Մայրը իր դէմքը խոժոռցուց. ամուսնաթող կին էր եւ մինակը մեծցուցեր էր տղան, դժկամակելով կրկին ամուսնանալու։ Ալի Հասան իր մխիթարութիւնը, իր փառքը, իր հարստութիւնը եղած էր։ Զէհէր հանըմ գեղեցիկ եղած էր ու տարիներ ետքը իր դէմքը պահած սարայլըի նրբութիւնն ու ազնուապետական վէսութիւնը. իր բարձր ու ճկուն հասակը, իր կամարաձեւ յօնքերուն ներքեւէն փայլող սեւ ու գեղեցիկ աչքերը, իր նուրբ քիթը, ու վաղեմի սովորութեամբ մը քառմէնով կարմրած շրթունքը՝ մոռցնել կուտային թառամած մորթը եւ քունքերուն խորշոմները։ Նախկին պալատական, հեռաւոր եւ անծանօթ երկիրներէն բերուած Չէրքէզուհի, անիկա մէկ օր միայն փառքի գագաթնակէտին վրայ ըլլալէ ետք, անկողինէ անկողին հասեր էր շատ անփառունակ եւ համեստ ամուսնութեան մը։ Բայց Զէհէր հանըմ համակրեր էր Ալի Հասանի հօրը ու առաջին անգամ զգացեր էր սիրոյ սարսուռը. առաջին անգամն ըլլալով նաեւ իր կնոջական կողերը բացուեր էին մայրութեան համար։

Իրեն համար, իր կնոջ արժանաւորութեան եւ զգացումներու կեանքը կը սկսէր այդ օրէն. բաղդաւոր եւ երջանիկ եղած էր. բայց կարճատեւ ժամանակի մէջ։ Իր ամուսինը հարճի մը հետ կրկին ամուսնացած ըլլալով, յանկարծ նախկին պալատական գերուհին զգացեր էր որ այդ կացութիւնը անհանդուրժելի է իրեն եւ խնդրեր էր իր սիրած ամուսինէն ու արձակէ զինքը։ Այդպէս ալ եղեր էր ու Զէհէր հանըմ առանձնացեր էր այլեւս իր տղուն հետ որ աստիճան մը անտարբերութեամբ, քիչ մըն ալ իբր փոխարինութիւն, ամուսինը իր քով թողեր էր ետ առնելու պայմանով այն օրը որ կրկին ամուսնանար. ու Ալի Հասանի մայրը չէր ամուսնացած։

Շատ բան տեսած ու շատ բան կրած կնոջ փորձառութեամբ ու նաեւ բնական խելքով՝ ազատ թողեր էր տղան եւ միջոցներ գտեր էր զայն իրեն պահելու եւ ուրիշ կնոջ մը մուտքը արգիլելու համար տան մէջ։ Բայց իր այդ դիտաւորութիւնները գաղտնի մնացած էին. ընդհակառակը իր տղուն կը խօսէր երբեմն ամուսնութեան վրայ։

Կէօրիւճի կիներ յաճախ կ՚այցելէին իրենց եւ հարէմներու խորհուրդին մէջ ծածկուած գեղեցկուհիներու նկարագրութիւնը կ՚ընէին մօրը եւ զաւկին, անիրական հէքեաթի մը պէս կը լսէր Ալի Հասան ասոնք նկարագրուած կիներուն մէջ ամէն ճաշակի ու ամէն ախորժակներու համար կային։

Հաւկիթէն նոր ելած վառեակի պէս միամիտ եւ փափուկ է. աչքերը որ ըսե՛ս, հեշտութեան ծով մըն է, կարծես մթին գիշեր մըն է որուն մէջ կայծակ մը կը փայլատակէ, կարծես երկնքի հրաշալիքներուն վրայ բացուած պատուհան մըն է, ո՜վ պէյս, իր ճկուն իրանը հովերէ տարուբեր բաղեղի ոստի մը կը նմանի եւ անիկա վայել է քու նոճիի հասակիդ…

Ու նկարագրութիւնը կը շարունակուէր ուրիշի մը վրայ։

Անոր խօսուածքը, վերջալոյսի պահուն յոգնած եւ պապակած ճամբորդի մը ականջին հեռուէն հասած աղբիւրի մը կարկաչիւնին կը նմանի անոր մշքահոտ եւ մատղաշ մարմինը, ձիւնափառ լանջքը, ծառերուն շուքին մէջ աճած ծաղիկի մը թերթերուն փափկութիւնը ունին. իսկ բերանը որ ըսե՛ս, նոր բացուած նռան ծաղկի կը նմանի, ցօղազարդ վարդի կոկոնի մը պէս է որ համբոյրի կը սպասէ բացուելու համար. անոր ծովի պէս մազերը անաստղ գիշերի մը նման սեւ են, նայուածքը երազ մըն է. ու անունը շրթներու վրայ քաղցր է մեղրի պէս…

Ալի Հասան ու մայրը վանդակապատ պատուհաններուն ետեւ, կապերտներով ծածկուած ցած բազմոցներու վրայ ծալլապատիկ նստած մտիկ կ՚ընէին ու բարեացակամութեամբ կը ժպտէին, երկուքն ալ մղուած տարբեր տարբեր զգացումներէ, մինչ իրենց բուրումնաւէտ ծխախոտէ մշուշապատ միջոցին մէջէն գեղեցկութիւններու պատկերներ իրարու կը յաջորդէին եւ կ՚անհետանային իսկոյն։

Այլ սակայն այս իտէալ կիներու տեսիլքը ոչ մէկ խորունկ ազդեցութիւն կ՚ընէր Ալի Հասանի վրայ, որուն երեւակայութիւնը խաղաղ էր եւ որուն ճաշակները դրական էին։ Միւս կողմէ, իր ազատ կեանքը զինքը զէրծ կը պահէր այդ կարգի հրապուրանքներէ եւ ամուսնութեան անհրաժեշտութիւնը չէր ներկայացներ։

Երբեմն ալ ճարպիկ միջնորդ կիներ ուզելով գգուել իր զինուորականի ախորժակները՝ տարբեր պատկեր կը ներկայացնէին։

Ցորենի հասակի մը պէս խարտեաշ է ու աչքերը կապոյտ են մայիսի երկնքի պէս, նորածագ արշալոյսի նման լոյս եւ շնորհ կը ճառագայթէ իր անձէն։ Անիկա բուրումնաւէտ է շուշանի բաժակի մը պէս… ՊԷ՜յս… քեզի որուն այնքա՛ն կը վայլէ սուրը եւ հրացանը, կը վայլէ նաեւ այս աղջիկը որ կարծես անհաւատներէն յափշտակուած գանձ մըն է։

Ալի Հասան բոլոր այս խոստումներուն փոխարէն կը ժպտէր, կը կատակէր եւ ի վերջոյ քաղաքավարութեամբ կը ճամբէր յուսախաբ միջնորդները։

Բայց այս անգամ խնդիրը տարբեր էր։ Ծերուկ Իպրահիմի նորահաս աղջիկը ոչ մէկ կերպով համապատասխան չէր այդ հուրիներուն, բայց անիկա իր զգացումները վրդովեր էր ուժգնօրէն եւ ուզածը անմիջապէս ունեցող մարդու քմահաճոյքով՝ կը դժգոհէր որ ինքը չկրցաւ անմիջապէս մօտենալ վարդագոյն էնթարիով աղջկան. ինչպէս պիտի մօտիկնար եւ քաղէր ճամբուն վրայ ծաղկած ծաղիկ մը։ Մտքէն իսկ չանցուց նաեւ մտածել թէ անիկա զինք հաճելի կը գտնա՞ր թէ ոչ, ինքը զայն ընտրած էր իբր կին, սիրած էր անոր ճկուն մարմինը, սիրած էր անոր ճերմակ քօղին տակ ծածկուած ճակատը, հեգնող ու կայծկլտուն աչքերը, արծաթէ օղերը թխորակ եւ տժգոյն այտերուն վրայ՝ որոնք վայրկենապէս գունաւորուեր էին վարդագոյն ալիքով մը, իրենց ներկայութեան, ու անոր փախուստն անգամ պարտէզին ածուներուն մէջէն, իր փափաքը կը գրգռէր ու կ՚ուզէր զայն ձեռք անցունել երկչոտ եւ սիրուն թռչունի մը պէս։

Ալի Հասան նախաճաշիկը վերջացնելով մօրը անհանգիստ նայուածքին ներքեւ, կը մտածէր արագօրէն բոլոր այս բաներուն։ Ու անգամ մըն ալ եզրակացուց։

Աննէ՜, ես որոշած եմ ամուսնանալ։

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу

Другие части "Քողը"

Ятук Музыка
Экспромт
Арно Бабаджанян

Экспромт

Женский портрет
Женский портрет
Играть онлайн