Сиаманто

Յոյսին ճամբան

Ու անոնք, հսկայաձեւ ռահվիրաները մարմարեղէն
Յոյսին,
Ըմբոստացումներու ապառաԺներէն իրենց ճակատներն
արիւնած,
Բայց աչուըներնէն անասելի արհաւիրք մը արձակելով
Ու իրենց փշրող ակռաներուն տակ հրաշէկ դանակներ
տրորելէն ՝
Աւերակներու քառուղիի մը վրայ, այս իրիկուն
ՏԺգունութեանս հետ երես երեսի, ինծի ըսին.

«Ո՜վ դուն որ քու մատուըներովդ աչուըներդ փորեր ՝
Այս ընդվզումի ու խօլ երիվարումներու պահուն
Վճռական փոթորկումներուն անտարբեր՝
Այսպէս շրթունքներըդ դէպի Ցաւը կարկառած՝
Ու բազուկներդ, պաղատանքի մէջ, յոգնածօրէն դէպի
վեր,
Առաւօտէ առաւօտ ու իրիկուընէ իրիկուն,
Անշա՜րԺ, մեզի համար զոհուածներուն վրայ, եղբօր
մը պէս, բայց վայրապար ՝
Քու վէրք դարձած նայուածքներուդ բոլոր արիւնը
տուիր...


«Օ՜ նախ քու փորուած բիբերդ անհուն,
Մեր պաշտամունքի ջահերուն դարձո՛ւր,
Ու մտածումովդ մեզի ունկնդրէ,
Գիտենք որ դուն երազող մըն ես ու այլուրներէն
սթափեցար,
Ոգեւարներու աղերսող հռնդիւններէն հրաւիրուած,
Ու իրենց քարուքանդ մարմիններուն գալարանքէն
սարսափահար,
Անոնց վրայ քու երգերուդ թաղմանական հանգիստին
հետ,
Ձեռուըներուդ հանգչեցնող շարԺումները տարածելու...

«Բայց նուիրական Ցաւը ինքն իր մէջը ձգէ՛,
Ո՜վ դուն, ողջակիզումներու ուխտուած սպիտա՜կ տղայ։
Երբե՛ք պէտք չէ խաղաղութիւնը խռովել ինկածներուն
Եթէ նոյն իսկ նայուածքներուդ արիւնին աղբիւրներովն
ալ ըլլայ։
Ու դուն մտածումովդ այսուհետեւ, յաւերԺապէս
Փառքերու ճակատագրին սահմանուած
Աստուածային մարմարներու զանգուածներէն ՝
Քու Ձեւերուդ խենթութեանը համեմատ,
Եթէ կ'ուզես, Տառապանքը, դարերուն համար,
քանդակէ՛.
Բայց, մի՛ մոռնար, Անոր աչուըներն ու բերանը ու
հոգին, տարփօրէն,
ընդվզումի ստինքներուն կարկառելու...։

«Ու յետոյ ու մանաւանդ ըլլալու համար ԱՆ ՝ որ պէտք
է ըլլալ վերջապէս,
Այս մաքառումի ու ակնկալութեան օրերուն,
Ամբողջ երկիրը, ստուերիդ մէջէն, հոգիիդ հետ,
առանձին,
Հորիզոնէ հորիզոն քալէ՛ դուն,
Աւաններէն, ու դաշտերէն, ու արտերէն անծայրածիր,
Դէպի քաղաքներն, ու գիւղերն, ու հնձաններն հեռաւոր.
Ու քայլիդ վրայ անխոնջօրէն նորէն վերադարձիր,
Եւ մոլեգնաբար Մահը հոտոտէ՛,
Գիտե՜ս որ պէտք է բաղխուիլ անկէ,
Բանալու համար մեծ ճամբաները Յոյսին,
Որպէսզի, վերջապէս, Երազին ձիերը փոթորկանման
Մեր կամքին ձեռուըներէն դիւցազնաբար վարուելէն ՝
Յաղթանակին կատարները արձանանան...։

«Ու վայրկեան մը մթաստուերին մէջէն,
Եթէ կրնաս, անհունօրէն ետիդ դարձիր,
Ու տես մեռելներու հողէն Ժայթքումն յանկարծական
Որ գերեզմաններուն ու քանդուած քաղաքներուն
տակէն,
Մէկէն ի մէկ փրկութեան ոգումներէն շնչաւորուած՝
Մեր ետեւէն, այս իրիկուն, տենդօրէն ոտքի ՝
Դէպի Յոյսին բացաստանները պիտի քալէն։
Ու անոնց հաւատքին հրայրքը նայէ՛ ու սիրտ ա՛ռ,
Տե՛ս իրենց ծանր քարերն ու սեւ խաչերը փայտէ
Հողէն յոգնած ուսերնուն վրայ,
Տե՛ս իրենց պատանքներն իրարու արիւնէ կարմիր ՝
Խաւարներու հովերուն տարածած,
Ու տե՛ս, տե՛ս բոլորն ալ մէկ մէկու առջեւ կարծես թէ
ծնրադիր, տե՛ս,
Իրարու համար անգամ մըն ալ մեռնելու երդումները
կ'ընեն...։

«Ու ամէնքն ալ հոն պիտի ըլլան, այսօր, մեզի հետ,
Անոնք որ կոյր են ու անոնք որ անկար,
Ու անոնք որ իրենց վիզերը խելայեղօրէն
Մէկ մէկու հոգիի համար
Դէպի Եղեռնը երկարեցին...։
Ու անոնք ալ որ մեր վարպետներն եղան ընդվզումի,
Որոնց խօսքերը մեր խօսքերն են, այս իրիկուն,
Ու իրենց հոգին մեր պաշտամունքը առ յաւէտ։

«Ու տակաւին ամբոխը կայ անոնց ՝ որոնց սարսափին
աղէկ որ չընդհարեցար դուն,
Միայն մենք գիտենք թէ անոնց մարմինները ո՜րչափ
ամեհի են,
Ու իրենց աչուըներն ու շարԺումները ո՛րչափ ահարկու...
Ու այն արիւնը որ եղբայրներու գլխատումէն իրենց
մտքովն ըմպեցին
Օ՜, անոնց գանկերուն մէջը ՝ յաղթանակներու ծարաւէն
գինով արծիւներու
Անսահման թեւաբախումները բացաւ...։

«Ու դեռ մայրերը կան, արգասաբեր ու հերարձակ,
Որ վերը, վրաններուն մէջը դաշտավայրին,
Իրենց յուռթի ու լայն ու լուսաւոր կողերուն տակ,
Մեր վաղորդայնները նորէն փառաւորելու համար
Մոլեգին Դիւցազներու կարմիր երկունքը կ'ապրին...։

«Բայց հիմա որ առաւօտը պայծառօրէն մօտեցաւ,
Ու դուն մեր հոգիները ճանչցար,
Ո՜վ երազելէն ոգեվարող եղբայր,
Եկո՛ւր, որպէսզի մեր շրթունքները քու շրթունքներդ
ընդունին
Վայրկեանի մը ու յաւիտենականութեան մը համար...։
Ու դեռ Արիւնին նուիրական պղծումէն չկարմըրած՝
Սա՛ փայլակէ սուրը կտրիճօրէն ձեռքդ ա՛ռ,
Ու անով մեր ամէնուն սուրերը սա՛ աստղերուն
մաքրութեանը տակ,
Երդումներուն Երդումը ընելէն խաչաձեւէ՛...
Ու գէթ անգամի մը համար ՝ ինքնիրմէդ դուրս
գահավիԺելէն ՝
Եթէ կրնաս, մեզի հետ քալէ։ Ահաւասի՛կ ճամբան»։


Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу
Ятук Музыка
Песня Айсоров
Георгий Гурджиев

Песня Айсоров

К источнику
К источнику
Играть онлайн