Сиаманто

Հայ դաշտերուն պաղատանքը

« ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ աշխարհներէն մինչ հովիտներն Եփրատեան,
Մեր ընդերքներէն բարձրացող պաղատանքն ու պարսաւը ձե՛զ կ'ուղղենք,
Կեանքին հանդէպ դրուԺաններ, հեռացողնե՛ր, կամ երկչոտնե՛ր.
Հալածական կամ աքսորեալ դո՛ւն վտարանդի կամ տարագիր,
Ո՞ւր էք, եւ ո՞ւր են ձեր բազուկները որ մեր կողերը կ'արօրէին...
Ո՞ւր էք եւ դուք հին օրերու անկաշառ եւ անկնճիռ ճակատներ,
Երբ ձեր քրտինքն հուԺկու եւ վեհ հողագործի,
Մարգարտի պէս կուգար հոսիլ ծալքերուն մէջը մեր ակօսին,
Հին օրերու ձեռուընե՜ր, ո՞ւր էք դուք, ձեռքեր օրհնեալ,
Ձեռքեր անպի՜ղծ, ձեռքեր յուռթի՛ եւ արգաւա՜նդ,
Ձեռքեր բարի՜ եւ բեղմնաւոր, ձեռքեր վսե՜մ եւ վճռակա՜ն,
Երբ ցորեանին սրբազան սերմը ձեր ափին մէջ,
Հալած ոսկու հեղեղի պէս լայնաբուռն կը ցանէիք...։
Ու գութանին երգը կ'երգէիք... եւ ձեր եզներն յաղթամարմին,
Իրենց երկաթը շանթերու պէս մեր ընդերքը մխրճելէն...
Արտավարէ արտավար, հպարտօրէն բառաչելով կը հերկէին...
Ու ներդաշնակ անձրեւներն եւ արեւը, մեծ օրէնքին կշիռներուն համեմատ,
Կ'իջնէին ձեր հողին յանձնած հատիկները բեղմնաւորել...։
Եւ երբ ամառը կը ծնէր կամ աշունին մահէն առաջ՝
Քաղաքներէն եւ գիւղերէն՝ գերանդիով, մանգաղներով բեռնաւոր,
Հազարներով կու գայիք, հայ դաշտերէն Մարդկութեանն իբր ընծայ,
Անխտրական ցորեանին հասուն հասկերն հնձելու...։
Բայց քանի գարուն եւ աղաչաւո՜ր աշուններ եկան անցան,
Եւ անծաղիկ ու անպտուղ մեր անսահմանը ձեզ կը սպասէ...
Ա՜հ գթացէ՜ք հայրենական եւ հաւատարիմ ձեր հողերուն,
Գթացէ՜ք այն այրիներուն եւ վարդի նման որբերուն,
Որ առաւօտէն յուսաբեկ եւ իրիկունէն եղերական,
Իրենց կուրծքերը կոծելով՝ մեր քարացած սե՜ւ կողերէն,
Երկու բո՜ւռ հունձք, ա՜փ մը ցորեան կը պաղատին...։
Ու հայ դաշտէն կը հեռանան, կեանքին օրէնքն անիծելով՝
Եւ բնութիւնն ալ, իր բարիքն ալ, իր բերքերն ալ անմատոյց։
-Հազարաւոր տարիներու դուք անարԺան Ժառանգորդներ
Օտարութեան եւ մոլութեան ճամբաներէն մեզի դարձէք,
Յոյսէն խաբուած կամ աղէտէն հալածական բայց չարիքին յաղթահարող՝
Աշխատողներ՝ բոլորդ մէկ ձեր բարեգութ բնութեանը գրկին եկէք.
Ամէն բարիք մեր լանջքերէն եւ լեռներէն կը ծնանի...
Ամէն մետաղ մեր խաւին տակ հրաշանիւթ իր գանձն ունի...
Մեզմէ միայն կրնաք կորզել Յոյսի ոսկին եւ գինիներն Երազին...
Յաղթանակները մենք կու տանք ու պարտութիւնները մեզի են...
Վերադարձէ՛ք, որդիներ, ձեր գութանին եւ արօրին Ժանգը նորէն սրբելու.
Թո՛ղ նորէն ձեր հնադարեան հայրենի հողը ծաղկոտի...
Թո՛ղ մեր հունձքերն հովտէ հովիտ՝ ծովերուն պէս տարածուին...
Թո՛ղ կալերն ու որաները, բլուրէն վեր, լուսնակին հետ բարձրանան,
Թո՛ղ հայ հովիւն մարգերուն մէջ, իր նախահօրը նման,
Իր սրինգին սարսուռներովը իր հլու հօտը հրամայէ...
Ձորին վրայ, ջրաղացը խաղաղութեամբ թո՛ղ շարԺի...
Ու առատութիւնը թո՛ղ նորէն գայ մեր սրտերուն վրայ լացող՝
Հայկեան ցեղի պղտոր աչքերը լուսավառել...
Ամէն բարիք եւ մարդկային չարիքներու ամէն դարման,
Մեր խորհուրդէն, մեր խաւերէն, մեր օրէնքէն պէտք է յուսալ...
Ու այսպէս՝ Ձիթենիին ոստերուն հետ աստուածաբոյս,
Սուրն ալ մեզմէ կը ծնանի, սրբութիւնն ալ Ցորեանին...»։

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу
Ятук Музыка
Шушики
Комитас

Шушики

Горы, 1923 г.
Горы, 1923 г.
Играть онлайн