Акоп Паронян

Քաղաքավարութեան վնասները

Բռնաւոր մը կայ, որ գեղեցիկ անուան տակ ծածկուած` զմեզ գերութեան կը դատապարտէ նոյնիսկ այն առանձնաշնորհմանց մէջ, զորս մեր կամքն կը շնորհէ մեզ եւ որոց չհակառակիր օրէնքն։ Այս բռնաւորը բնութեան ալ կը հակառակի եւ թոյլ չտար անոր, որ ազատ համարձակ գործէ մարդ էակին վրայ։ Այս բռնաւորը քաղաքավարութիւնն է։ Այս բռնաւորին հակառակորդներն անկիրթ կ՚անուանուին յանիրաւի։

Այս քաղաքավարութիւնն քաշուելու բան չէ մանաւանդ անոնց համար, որ կը սիրեն եւ տրամադրութիւն ունին բնութեան օրինաց հետեւիլ եւ այս ընթացքով երջանկութիւն գտնել։ Հասկցնելու համար, թէ որչափ կը չարչարուին, կը հարստահարուին այս խեղճերն, արժան կը դատենք քանի մ՚օրինակներ մէջ բերել։

Բարեկամներէդ մէկուն անուան տօնախմբութեան ներկայ գտնուիլ կը փափաքիս։ Ընթրելէն յետոյ կ'ելնես, բարեկամիդ տունը կ'երթաս, ուր սիրալիր ընդունելութիւն մը կը գտնես։ Մէկ ժամու չափ նստելէն ետքը աչքերդ կը սկսին գոցուիլ, եւ կ'ուզես բազմոցի վրայ ընկողմանիլ։ Քաղաքավարութիւնը կ՚արգիլէ։ Ախորժակով ընթրած ըլլալով` գօտիդ քիչ մը թուլցնելու կամ քակելու պէտքը կը զգաս։ Հրաւիրելոց առջեւ ասանկ պէտք մը զգալն հակառակ է քաղաքավարութեան։ Քունը երթալով կը ծանրանայ արտեւանացդ վրայ։ Բազմութեան մէջ եկող քունն անկիրթին մեծն է, վանել հարկ է այդ քունը։ Բնութիւնը քնացի՛ր կ՚ըսէ, քաղաքավարութիւնը մի՛ քնանար կը պոռայ։

Փորձէ եւ քիչ մը քնացի՛ր։

Տան տէրը գլխուդ վրան կը տնկուի։

Ինձի նայեցէ՛ք, կը պոռայ սպասաւորներուն, քիչ մը ջուր բերէ՛ք Պապիկ աղային։

Չէ, չէ, չեմ ուզեր ջուր։

Ինչո՞ւ կը քնանաք, Պապիկ աղայ։

Նստած տեղս քունս եկաւ, ներեցէ՛ք։

Մեզմէ չախորժեցար։

Քաւ լիցի։

Ուրիշներուն տունը մինչեւ առտու կը նստիս, մեր տունը շուտ մը կը քնանաք։

Շատ կերայ այս գիշեր, այդ պատճառաւ…

Ոչ աս է, ոչ ան, կ՚ըսէ տան տիկինը, մեր տունն աղէկ զբօսում չկայ անոր համար…

Կ'աղաչեմ, մի՛ խօսիք այդպէս։

Ուրիշ տուն մը գտնուիք նէ, հարկաւ ա՛լ աւելի պիտի զբօսնուիք եւ զուարճանայիք։

Սիկարայ մը բերէք Պապիկ աղային, կը հրամայէ տան տէրը։

Խնձոր մը ըստկեցէք Պապիկ աղային, կը հրամայէ տան տիկինը։

Շնորհակալ եմ։

Խահուէ մ՚եփեցէ՛ք։

Թէյ մը բերէ՛ք։

Ելի՛ր, սանկ քիչ մը պտտէ, Պապիկ աղայ, որ քունդ փախչի։

Եկո՛ւր, սքանպիլ մը խաղանք, որ չքնանաս, կը պոռայ անդիէն ուրիշ մը։

Շնորհակալ եմ, դուք քեյֆերնուդ նայեցէք։

Չըլլար, սքանպիլ մը պիտի խաղամ քեզի հետ։

Պապիկ աղան չկրնար դիմադրել։ Կը սկսի սքանպիլ խաղալ։ Հազիւ կը խաղայ երեք քառորդ, եւ ահա քունն վերստին կու գայ։

Մի՛ քնանար, Պապիկ աղայ։

Չեմ քնանար կոր։

Կը քնանաս կոր, Պապիկ աղայ։

Չեմ քնանար կոր։

Եթէ կ'ուզես, բոլքայ մը պարէ՛, որ քունդ փախչի։

Բոլքայ չեմ գիտեր։

Կը սորվիս։

Թող տուէք զիս, Աստուածնիդ սիրէք նէ, անդիի սենեակը կ'երթամ, կը քնանամ քիչ մը։

Անկարելի բան է։ Տօնախմբութեան մէջ կը քնացուի՞։

Բռնութեամբ պարի կը հանեն Պապիկ աղան, որ մտքէն իրարու ետեւէ կը շարէ այն խօսքերը, զորս բարկութիւնն արտասանել կու տայ մեզ նմանօրինակ պարագայից մէջ։

Պարը կը վերջանայ։ Պապիկ աղային քունը կը փախչի։

Մէկ երկու ժամէն հրաւիրեալները ոտք կ'ելնեն մեկնելու համար։ Պապիկ

աղան ալ կ՚ելնէ տուն կը դառնայ։ Անկողին կը մտնէ, չկրնար քնանալ. քունն անդառնալի կերպով փախած է։ Կ՚ելնէ անկողինէն, քիչ մը կը կարդայ, որ քունը գայ, չգար. ուրիշ քնաբեր գիրք մը կ՚առնէ. հնար չէ քնանալ նոյնիսկ եթէ… Օրուան կեանքը կարդայ։ Այսպէս Պապիկ աղան մինչեւ առտու կը տապլտկի անկողնոյն մէջ եւ կը սկսի այն ատեն քնանալ, ուր ամէն մարդ կ'արթննայ եւ գործի կ'երթայ։

Ահաւասիկ քաղաքավարութեան արդիւնքը։

Թող չերթար, էֆենտիմ, թող տունը նստէր, պիտի առարկուի մեզ։

Միթէ մարդս իւր տան մէջ աւելի՞ ազատ է։

Փորձենք։

Իրիկունը տունդ կը դառնաս, հագուստներդ կը հանես եւ գիշերազգեստդ կը հագնիս եւ սենեակիդ մէկ անկիւնը կը քաշուիս, կը նստիս։ Քիչ մը կ'անցնի, կերակուրի սեղանը կը դրուի։ Կինդ, հայրդ, մայրդ, զաւակներդ, եղբայրներդ, քոյրերդ, թոռներդ կ'առնես եւ վար կ'իջնաս ընթրելու։ Սեղանէն կ'ելնես, խահուէդ կը խմես եւ սանկ կ'երկննաս բազմոցիդ վրայ։

Չաթ, չաթ, չաթ…

Վա՜աայ… հի՞ւր է արդեօք…

Չաթ, չաթ, չաթ…

Ո՞վ մտիկ պիտի ընէ ասոնք, նա… ըսէք որ հոս չեմ…

Չըլլար, պատուհանէն տեսան։

Չաթ, չաթ, չաթ…

Վերը տարէ՛ք եւ ըսէք, որ Պապիկ աղան անհանգիստ է այսօր։

Չաթ… չաթ…

Դուռը կը բացուի։

Վեր հրամմեցէ՛ք, վեր հրամմեցէ՛ք։

Հիւրերը վեր կ'ելնեն։

Պապիկ աղան վստահ է ալ, թէ փորձանքն անցուց։

Կէս ժամ կ'անցնի, չանցնիր, Պապիկ աղային դուռը կը բացուի, եւ հիւրերէն մին ներս կը մտնէ։

Պապիկ աղայ։

……

Չայն չկայ, արդեօք կը քնանա՞յ կոր… Պապիկ աղա՛յ…

……

Կը քնանայ կոր։

Պապիկ աղան արթուն է։

Արթնցնենք… Պապիկ աղայ, Պապիկ աղայ… ըսելով հանդերձ կը հրէ, կը հրմշտկէ Պապիկ աղան, որ արթննայ։

Պապիկ աղային ճարը կը հատնի, կ'արթննայ։

Դո՞ւք էք, մոսիո Բոլ։

Ես եմ… անցած ըլլայ։

Շնորհակալ եմ։

Տիկինն ըսաւ, թէ անհանգիստ էք։

Այո՛, շատ անհանգիստ եմ։

Թէ գլխու ցաւ ունիք։

Այո՛։

Ես ալ ըսի, որ երթամ, նայիմ անգամ մը Պապիկ աղան, վերջը չըսէ, թէ մեր տունն եկեր է ու չէ ուզեր քովս գալ։

Շնորհակալ եմ։

Ի՞նչպէս եղաւ, որ գլխու ցաւ ունեցաք։

Իրաւ որ չեմ գիտեր… ա՛հ, չեմ կրնար գլուխս բռնել… կ'աղաչեմ, վեր գացէ՛ք դուք, ինձի համար անհանգիստ մի՛ ըլլաք, քիչ մը քնանամ նէ, կ'անցնի։

Չէ, էֆենտիմ, չէ, քնանալով չանցնիր։ Էնքսէիդ քեօքը քիչ մը հարտալ պտտցնենք. սա հարտալը բերէ՛ք։

Չեմ ուզեր բարեկամ։

Դուն չիյտե՜ս. սա հարտալը բերէ՛ք…

Հարտալը կը բերեն… Մոսիո Բոլ էնքսէին քեօքը կը դնէ հարտալը։

Քիչ մ՚ալ լիմոն բերէ՛ք։

Թող մնայ, ճանըմ։

Քիչ մը լիմոն բերէ՛ք։ Հիւանդին խօսքը մտիկ չըլլուիր։

Լիմոնը կը բերեն եւ ճակտին վրայ կը պահեն…

Քիչ մը րոմ բերէ՛ք։

Րոմը ի՞նչ պիտի ընես։

Բերէ՛ք քիչ մը րոմ, շո՛ւտ եղէք։

Թող մնայ, քուզում, պապամ, թող մնայ պէ՛, ո՜ւուֆ…

Շուտ ըրէք, րոմը բերէ՛ք։

Րոմ կը բերուի։ Մոսիո Բոլ րոմով կը շփէ Պապիկ աղային գլուխը։

Անցա՞ւ քիչ մը ցաւը։

Ո՛չ։

Րախը բերէք. րախը… շուտ…

Չեմ ուզեր, մոսիո Բոլ, ճիյերս…

Րախը… կրակին մէջ տաքցուցէք…

Տաքցուցինք…

Պապիկ աղայ, շոգին քթիդ քաշէ՛։

Քաշեցի։

Թեթեւցա՞ւ քիչ մը ցաւը։

Ո՛չ։

Ջուր տաքցուցէք… ոտքերը մէջը դրէք…

Չէ, ճանըմ…

Ջուր պաղեցուցէք… գլուխը մէջը դրէք…

Անցաւ, մոսիո Բոլ, անցաւ…

Չանցնի պիտի տէ, ինչ պիտի ընէ, ինձի մոսիո Բոլ կ'ըսեն…

Կեցիր, հագուիմ, ու վեր երթանք։

Աղէկ որ եկայ։

Շնորհակալ եմ։

Եթէ չի գայի, մինչեւ առտու պիտի քաշէի՞ր այս ցաւը։

Այո՛։

Եւ պիտի ըսէիր, թէ մոսիո Բոլը քովս չեկա՞ւ։

Այո՛։

Շո՛ւտ ըրէ, հագուէ՛ ուրեմն։

Հիմա՛։

Պապիկ աղան կը հագուի ու վեր կ՚ելնէ։

Օ՜օօ, Պապիկ աղայ, անցած ըլլայ։

Անցած ըլլայ, Պապիկ աղայ։

Ի՞նչպէս էք, Պապիկ աղայ։

Շնորհակալ եմ։

Այս գիշեր ձեզի անհանգիստ ըրինք։

Ընդհակառակն, գլխուս ցաւն անցաւ։

Խօսեցէ՛ք, նայինք, Պապիկ աղայ։

Պապիկ աղայ հակառակ իւր կամաց` կը սկսի խօսիլ։

Հիւրերը կը նստին այնչափ, որչափ որ պէտք է Պապիկ աղային քունը հեռու հալածելու համար, եւ կը մեկնին։

Պապիկ աղան բաժնուած իւր քունէն` մինչեւ առտու հիւրերն անիծելով կը տքնի։

Ի՞նչ ընէ այս մարդն։

Ի՞նչպէս կեանք վարէ քաղաքավարութեան այս զոհն։

Շարունակենք։

Պապիկ աղան ստիպողական գործ մ՚ունի եւ կը ստիպուի մէկ կողմէ գործին վազել եւ միւս կողմէ պանիր ու հաց ուտել փողոցի մէջ։

Քաղաքավարութիւնը կ՚արգիլէ փողոցի մէջ անօթենալը։ Կ՚ուզէ բարեկամի մը խանութը մտնել եւ հոն ճաշել իւր պանիրն ու հացը։

Քաղաքավարութիւնը միշտ կը պոռայ, թէ բարեկամի մը խանութը ճաշարան չէ։

Պապիկ աղան խօսք տուած է մէկուն. ժամադիր եղած է մէկու մը հետ։

Թող անօթի երթայ ժամադրութեան տեղը, կ՚ըսէ քաղաքավարութիւնը։

Պապիկ աղան կը հնազանդի։ Նոյն օրն անօթի կ՚անցունէ եւ իրիկուան տուն կը դառնայ թեթեւ տկարութեամբ։

Այս ապաշխարանքին փոխարէն մարդկութիւնն ի՞նչ վարձատրութիւն կ՚ընէ Պապիկ աղային, որ քաղաքավարութեան դէմ չմեղանչելու համար օր մը ծոմ պահեց։ Ոչինչ։ Ո՞վ իմացաւ Պապիկ աղային այս զոհողութիւնն։ Ո՛չ ոք։ Բայց Աստուած չընէ, եթէ փողոցն ուտելով քայլէր, ո՜րքան խօսքեր պիտի լսուէին…

Իմացա՞ք Պապիկ աղային ըրածը։

Վաճառականի մը կը վայլէ՞, եղբայր։

Իւր վարկը կոտրեց, մե՜ղք, բիացայի վրայ 20. 000 ոսկւոյ վարկ ունէր։

Քիչ մը համբերէր թող, փաթլամիշ չպիտի ըլլար եա՛…

***

Թորոս աղան առաւօտուն տունէն կ՚ելնէ բեռնաւորեալ այն յանձնարարութիւններով, զորս կինն ընդհանրապէս կ՚ընէ էրկան, եւ որոնց գործադրութիւնն միմիայն դրամով կ'ըլլայ։

Թորոս աղայ դրամ չունի եւ սակայն իւր տիկնոջ յանձնարարութիւնները կատարելու փափաք ունի։

Դժուարութիւն չկայ Թորոս աղային կացութիւնը գուշակելու։

Շուկան չգացած` զբօսարան կ'երթայ ըստ իւր սովորութեան առաւօտեան խահուէն խմելու համար։ Զբօսարանի մէջ կան ուրիշներ ալ, որ կը խօսին այլ եւ այլ նիւթոց վրայ։ Թորոս աղան իւր սիկարը կը պլորէ եւ խահուէ մը կ՚ապսպրէ։

Ա՛հ, Թորոս աղայ, կը պոռայ զբօսարանի մէկ անկիւնը նստող մարդուն մէկը, քովս եկուր, քովս եկուր, նայինք։

Թորոս աղան մտմտալու բաներ ունի, գոնէ ժամ մ՚առանձին մնալու պէտք ունի, ուստի քիչ մը կը վարանի բարեկամի հրաւէրն ընդունելու։

Թորոս աղայի խահուէն հոս բերէ՛ք, կը պոռայ Ստեփաննոս աղան (այս է անկիւնը նստողին անունը)։

Թորոս աղան բարեկամին քովը կ'երթայ, հակառակ իւր կամաց, բոլորովին մտազբաղ։

Ի՞նչպէս էք, Թորոս աղայ, ի՞նչպէս ժամանակ կ'անցուցէք, նայինք։

Սանկ, նանկ։

Գիտէ՞ք` մեր վարած կեանքն ինչի կը նմանի, կեցէք, ձեզի պզտիկ առակ մը պատմեմ։

Ստեփաննոս աղան կը սկսի երկար պատմութիւն մը, զոր երբեմն երբեմն կ՚ընդմիջէ` Թորոս աղային ուշադիր ունկնդրութիւնը հրաւիրելու համար, մինչդեռ Թորոս աղան մտածութեանց մէջ թաղուած` կը խորհի, թէ ուր դիմել հարկ է պզտիկ փոխառութիւն մ՚ընելու եւ անով իր տղայոց կօշիկ, գլխարկ մայրենի լեզու գնելու եւ դպրոցին թոշակը վճարելու համար։

Պատմութեան ընթացքին մէջ Թորոս աղան տասն անգամ ոտքի կ՚ելլէ երթալու համար. Ստեփաննոս աղան օձիքէն կը բռնէ եւ թող չտար` ըսելով, թէ պատմութիւնն հետաքրքրաշարժ է, եւ եզրակացութիւնն սքանչելի։

Վերջապէս երկու ժամ խօսելէն ետքը Ստեփաննոս աղան կը հասնի եզրակացութեան, այսինքն երեսփոխանաց ոմանց ատենաբանութեան աւետեաց երկիրն, եւ կը կնքէ իւր պատմութիւնն ըսելով. «Ահա մեր վարած կեանքն այս անասունին կեանքին կը նմանի». եւ պատմութիւնն լմնցելուն պէս՝

Ծօ՛ տղայ, սա տոմինոն բեր, կ՚ըսէ։

Ինձի հրաման տուէք, որ երթամ։

Չէ, չէ, կ'աղաչեմ, բարթի մը տոմինոյ խաղանք. կէսուակէ՞ս առնենք քարերը, թէ՞ քաշենք. քաշելն աղէկ չէ։

Գործ ունիմ, երթամ պիտի։

Նստէ, պէ՛ մարդ, էնֆիէ մը քաշէ՛, նայիմ սըկեց։

Ժամանակ չունիմ նստելու, արդէն ուշ ալ մնացի։

Ծօ՛, սա տոմինոն բեր, ըսի, չիմացա՞ր, խո՞ւլ ես, ի՞նչ ես։

Մնաք բարով։

Թող չեմ տար, այսօր գործի պիտի չերթամ ես, դուն ալ մի՛ երթար, ժամանակ կ'անցունենք հոս։

Չէ, ճա՛նըմ, գործի օր է, չեմ կրնար նստիլ։

Խօսքս կոտրե՞ս պիտի։

Թորոս աղայ, դուն ալ երկար ըրիր ա՛, այսչափ նազ չեն ըներ, նստէ՛ կ'ըսեն կոր նէ, կը նստին, կ'ըսեն հոն գտնուողներէն մէկ երկուքը։

Գործ ունիմ, էֆենտիմ, գործ։

Բարեկամաց ալ խաթրը կը սեպեն քիչ մը, էֆենտիմ, խաթըր իչին չիյ թաւուք ենիր։

Թորոս աղային ճարը կը հատնի եւ կը ստիպուի հպատակիլ հասարակաց կարծեաց։

Տոմինոն կը բերեն։ Թորոս աղան կարելի եղածին չափ շուտ կը խաղայ, որ ժամ առաջ խալսի այս փորձանքէն։ Ստեփաննոս աղան մէկ քար դնելուն մէյ֊մէկ պատմութիւն կ՚ընէ, մերթ անցած պատրիարքաց վրայ, երբեմն Սահմանադրութեան վրայ եւ միշտ ազգային լրագրութեան վրայ, այնպէս որ Թորոս աղան ժամերով կը սպասէ, որ կարգն իրեն գայ խաղալու։

Կրնամ երեւակայել, թէ ինչ կը զգայ Թորոս աղան, ես որ այս տողերը գրած ժամանակս հազար անգամ աթոռիս վրայ կը ցատկեմ։

Թորոս աղան ինքզինքը կ՚ուտէ։ Ստեփաննոս աղան կը զարմանայ Թորոս աղային աճապարելուն վրայ։

Ժամ ու կէս կը տեւէ տոմինոն. Ստեփաննոս աղան կը կորսընցնէ խաղը։

Է՛յ, Թորոս աղայ, րախիները եկան, բարթի մ՚ալ խաղանք։

Ոտքդ պագնեմ, Ստեփաննոս աղայ, կ'աղաչեմ, զօռ մի ըներ, չօլուխ չոճուխի տէր եմ ես։

Ատա՛մ, Աստուած ողորմած է, տիւշեշը իմ քովս է… ահա դրի…

Խօսք չեմ կրնար կոր հասկցնել, ժամանակ չունիմ կ'ըսեմ կոր, էֆենտիմ։

Շեշպեշըդ դիր նայիմ։

Տէր ողորմեա, Տէր Աստուած, մեղայ։

Ժամանակ չունիմ կ'ըսես կոր, ժամանակ կ'անցունես կոր. մինչեւ հիմա լմնցուցած էինք խաղը… շեշպեշըդ դիր։

Ես պիտի երթամ… մնաք բարով։

Գնա պէ, ատա՛մ, գնա՛, առտւընէ ի վեր ես պիտի երթամ, ես պիտի երթամ, ես պիտի երթամ, գնա՛, գնա՛։

Բարկանալու իրաւունք չունիք, կարծեմ։

Ատանկ բաներ կ'ըսես կոր քի, մարդը կը ճաթեցնես կոր, էֆենտիմ, մենք քեզի աս տեղ զինճիրով կապած չենք ա՛, աս մերեթը երկու բարթի կը խաղան, սովորութիւնն ասանկ է. չպիտի խաղայիր նէ, հիչ թող չխաղայիր. ամէն բան օրէնք մ՚ունի. կանոն մ՚ունի. րախիները կը խմեն ու չեն փախչիր ա՛, աֆ կ'ընես ամա, ըրածնիդ քիչ մը չվայլեր։

Պէ ճանըմ, փոխանորդ մը ձգեմ, երթամ։

Ասոր աս տեղը պատրիարքարան չէ…

Բարթի մ՚ալ, քարթի մ՚ալ, Թորոս աղայ, կը կրկնեն քովը նստողները։

Թորոս աղան կը զիջանի` հազար անգամ զղջալով զբօսարան մտած ըլլալուն վրայ։

Այս անգամ Թորոս աղան կը յաղթուի։ Յաղթանակը տանողին իբր մրցանակ օղի մը կը հրամցնէ եւ կը պատրաստուի երթալու։

Էնֆիէ մը չե՞ս քաշեր, Թորոս աղայ։

Մեծաւ հաճութեամբ։

Պոլիս պիտի իջնաք, այնպէս չէ՞։

Այո՛։

Ետի գուլէ պիտի երթա՞ք։

Ոչ, շուկայ պիտի երթամ։

Պիտի աղաչէի ձեզի, որ Եւրոպայէն եկած էնֆիեյէն ինձի կէս օխայ առնէիք. քանի փարայ է նէ, վերջը կու տամ։

Աղէկ, բայց…

Բայց գիտէ՞ք, ուսկից պիտի առնէք. Ղալաթա Մոմխանէ մէկը կայ, հոն գացէք, Ստեփաննոս աղայի համար է` ըսէք, իմ ենֆիեյէս թող տայ, նայէ, որ չխաբուիս։

Թորոս աղան քսակը փող մ՚անգամ չունի, ուրիշ ձեւով մը կ'ուզէ հասկցնել այդ հրամանին անգործադրելիութիւնը, ուստի՝

Ներեցէք, կ՚ըսէ, այսօր չեմ կարող այդ կողմերն անցնիլ։

Ատա՛մ, քառասուն տարին անգամ մը բան մը աղաչեցի, ան ալ չես կատարեր. դուն բնաւորութիւնդ բոլորովին փոխած ես, պամպաշխայ բան մը եղեր ես։

Կը ցաւիմ որ…

Գոնէ Քում֊քաբու իջիր ու եկենիս ըսէ, որ ան առնէ ու քեզի տայ, որ բերես. բայց ստակը դուն տուր, եկենիս քով պելքի ստակ չգտնուիր։

Ժամն արդէն ութ եղաւ, Թորոս աղայ, կ՚ըսէ ուրիշ մը, առնողն առաւ, ծախողը ծախեց, ասկեց ետքը երթաս, ի՞նչ պիտի ընես. եկուր քեզի հետ բարթի մը թաւլու խաղանք։

Աս աւելի աղէկ կ'ըլլայ կը յարէ Ստեփաննոս աղան։

Ո՛չ, ո՛չ, պէտք է որ երթամ, կ՚ըսէ Թորոս աղան եւ զբօսարանէն դուրս կը նետէ ինքզինքն երթալու համար… շուկա՞յ, ո՛չ, առանձին տեղ մը գտնելու եւ քիչ մը հայհոյելու համար. «Մշակ»֊ի խմբագրատունն գոնէ մօտ ըլլար…

***

Շաբաթ օր է, պիտի ածիլուի Գասպար աղան։

Սափրիչի մը խանութը կ'երթայ։

Սանկ շուտ մը կ'ածիլե՞ս ինձի եւ մազերս ալ կը կտրե՞ս։

Ինչո՞ւ չէ։

Գասպար աղան կը նստի աթոռին վրայ։

Սափրիչն ատենական գործողութիւնները կատարելէն ետքը կը սապոնէ իւր նոր յաճախորդն եւ կը դիմէ իւր զէնքերուն։

Քեզի սա կ'աղաչեմ, որ ածելիդ սուր ըլլայ, որովհետեւ իմ մօրուքս քիչ մը սերթ է, վերջը դուն ալ կը չարչարուիս, ես ալ։

Հանգիստ եղէք, կը պատասխանէ սափրիչն` սուր ածելի մը ընտրելու երեւոյթն ունենալով։

Գիտնալու էք, որ բերտահ ալ չեմ ուզեր. սանկ վրայէն թեթեւ կերպով անցնելու, ձգելու է։

Ճանըմ, հոգ մ՚ընէ՛ք, սափրիչ կայ, սափրիչ ալ կայ, կ՚ըսէ սափրիչն եւ ածելիով սպառազինեալ կը մօտենայ Գասպար աղային։

Շատ աղէկ։

Գլուխդ սանկ դիր, նայիմ։

Դրինք։

Գործողութիւնը կը սկսի, որուն անմիջապէս կը յաջորդէ արիւնհեղութիւնը։

Կտրեցիր, եղբայրս, կամաց ըրէ քիչ մը։

Պզտիկ չիպան մը կար հոն, ան արիւնեցաւ. չօլբայ պերպերին թրաշ եղեր ես։

Ասդին ալ կտրուեցաւ։

Հոն ալ մազը ծուռ բուսեր էր. անանկ պերպեր մ՚ունիս եղեր որ…

Ծնօտիս վրա՞ն հապա…

Ծնօտդ կերկի բռնեցիր տէ, անկից եղաւ։ Մի՛ վախնար դուն, ես զանոնք հիմա քիչ մը բամբակով կը թխմեմ։

Վազ անցայ, պապա՛մ, հոգիս ցաւեցաւ, երեսս կրակի պէս կ'էրի կոր։

Սանկ թեթեւ բերտահ մ՚ընեմ ու երեսդ անուշահոտ քացախով լուամ նէ, կ'անցնի, բան չմնար։

Չեմ ուզեր բերտահ, չեմ ուզեր, լմնցո՛ւր։

Առանց բերտահի չըլլար։

Ճանըմ, գլուխն իմս չէ՞ մի։

Գլուխդ քուկդ է, բայց ամէն խանութ պատիւ մ՚ունի, ածիլուելու մազեր կան տակաւին երեսիդ վրայ ասդին անդին։ Ասանկ ձգելն մեզի անպատւութիւն է։ Դուն սանկ դիր գլուխդ եւ հանգիստ եղիր։

Պէ ճանըմ, զօռ ով զիս տանջե՞լ կ'ուզես, ի՞նչ ըսել է աս, ես քու խաղալի՞քդ եմ, պատիւդ պաշտպանելու համար իմ երե՞սս ընտրեցիր ասպարէզ. դահիճի պէս գլուխս տնկուեր, կեցեր ես։

Բարկացած կ'երեւաք կոր, անոր համար չեմ ուզեր պատասխանել. միայն կ'աղաչեմ, որ քիչ մը համբերէք, ու լմնցնենք սա գործը։

Սափրիչը կը յաջողի նստեցնել Գասպար աղան, որ գլուխն սափրիչին տրամադրութեան տակ դրած` անոր ածելիին քերթուածներուն վանկերը կը համրէ ակռաները սխմելով։ Բայց վերջապէս համբերութիւնը կը հատնի եւ յանկարծ աթոռէն կը ցատկէ`

Հերիք պէ, մա՛րդ, հերիք, արեան մէջ ձգեցիր երեսս` ըսելով։

Լմնցաւ, լմնցաւ, կը պատասխանէ սափրիչն եւ պարզ ջուրով կը լուայ Գասպար աղային երեսը։

Էո՜ֆ, էո՜ֆ…

Տես, դադրեցաւ արիւնը, չորս տեղէն միայն կը բխի կոր, ան ալ քիչ մը բուտրայով կ՚անցունենք հիմա։

Ըրէ՜, եղբայր, ինչ որ պիտի ընես, լմնցուր. պիթտիմ պէ ատա՛մ, պիթտիմ։

Չեմ ուրանայ, թէ մօրուքդ քիչ մը սերթ է։

Առաջուց ըսինք ձեզի, էֆենտիմ։

Սափրիչն իւր բոլոր ուժն կը սպառէ բրնձի փոշիով դադրեցնել արիւնահեղութիւնը եւ չյաջողիր։

Հարիւր տրամի մօտ արիւնս հանեցիր, պէ ատա՛մ։

Ծօ՛, սա շիշէն տուր։

Աշակերտը սրուակ մը կը բերէ. պարունակութիւնն դժոխային քարէ պատրաստուած բաղադրութիւն մ՚ըլլալու էր, որովհետեւ ամէն անգամ, որ փետուրի մը ծայրով կը քսէր այն ջուրէն Գասպար աղային երեսը, Գասպար աղան դժոխային ցաւեր կը զգար եւ վեր֊վեր կը ցատկէր։

Ահա լմնցաւ, սիրտդ հանգիստ ըլլայ, ըսաւ սափրիչը Գասպար աղային` սրուակն աշակերտին դարձնելով։

Շնորհակալ եմ, շնորհակալ եմ, պատասխանեց Գասպար աղան։

Հիմա մազերդ։

Չէ, չէ, չեմ ուզեր, մազերս թող մնան` ըսելն, հինգնոց մը նետելն ու դուրս ելնելն մէկ ըրաւ Գասպար աղան։

Այս չափ ալ աքսի մարդ բնաւ տեսած չունիմ, մրմռաց ինքն իրեն սափրիչը։

Իսկ Գասպար աղան ինքզինքն փողոցի մէջ գտնելուն պէս հառաչեց ու ողբաց սապէս.

Աս ի՜նչ թոհաֆ աշխարհ է, գլուխնուս պիլէ տէր չենք կրնար կոր ըլլալ…

***

Խոնարհութիւն կայ, խոնարհութիւն ալ կայ։

Են մարդիկ, որ բարձրանալու եւ ուրիշներն խոնարհեցնելու համար խոնարհութիւնը գործիք ըրած են իրենց։

Կան մարդիկ, որ խոնարհութեան կը դիմեն` հարիւրին քսան զեղջելու համար իրենց պարտքէն։

Յաճախ պատահած եմ այնպիսի մարդոց, որ խոնարհութեան ապաւինած են իրենց մէկ բարեկամը կողոպտելու համար։

Կը գտնուին նաեւ մարդիկ, որ խոնարհութեան մէջ գտած են մարդ խաբելու ամէնէն դիւրին միջոցը։

Սակաւք են, որ խոնարհ կ'ըլլան` խոնարհ ըլլալու համար։

Սպասելով որ մեր Բարոյական ախտաբանութիւնը, որուն կը վայլէ ճառել այս նիւթին վրայ, ընդարձակօրէն խօսի այն անձանց վրայ, որք խոնարհութիւնն խանութ ըրած են իրենց, անցնինք այսօր ներկայացնել անձ մը, որ կը խոնարհի բարձրանալու նպատակով միայն։

Սրբոյն Թադէոսի եւ Բարթուղիմէոսի տօնախմբութենէն քանի մ՚օր ետքը Յակոբոս աղայ իւր Բարթուղիմէոս անուն մէկ բարեկամին այցելութիւն կ՚ընէ` շնորհաւորութեան պարտքը կատարելու համար։

Ընդունելութեան սենեակն, ուր առաջնորդուած էր Յակոբոս աղան, պզտիկ էր։ Արդէն այժմու ընդունելութեան բոլոր սենեակները պզտիկ են, վասնզի քիչ ծախքով կը կահաւորուին։ Այս սենեակն ունէր պատշգամ մը, որ հազիւ կրնար տանիլ երկու մարդ, անկեան երկու բազմոցներ, ուր երկ֊երկու մարդ միայն կրնային նստիլ, եւ վեց հատ աթոռ։ Բազմոցները բեռնաւորուած էին, երբ ներս մտաւ Յակոբոս աղան։ Տան տէրն հրաւիրեց Յակոբոս աղան պատշգամը նստիլ, եւ Յակոբոս աղան ընդունեց հրաւէրն եւ գնաց բազմիլ պատշգամը։ Յաւելունք ըսել, թէ Յակոբոս աղան անանկ մարդ մ՚է, որ ուր քաշես, կ'երթայ. կեղծ մերժումներէն, արուեստակեալ յարգանքներէն չախորժիր. մէկ խօսքով` պարզ մարդ մ՚է. այսինքն այն մարդերէն է, զոր կը պաշտեմ ես։ Աւուր պատշաճի քանի մը խօսքեր փոխանակուելէն յետոյ հիւրերուն եւ տան տիկնոջ մէջտեղ` սենեակին դուռը բացուեցաւ։

Հրամմեցէ՛ք, էֆենտի, ըսաւ տան տիկինն` ոտք ելնելով եւ իրար անցնելով։

էֆենտին խոնարհութեամբ բարեւեց հիւրերն եւ դռանը մօտ դրուած, այսինքն երրորդ եւ վերջին, աթոռին վրայ նստաւ։

Տէր ողորմեա, ի՞նչ կ'ընէք, էֆենտի, սանկ վեր հրամմեցէք, ըսաւ տանտիկինը։

Չէ, չէ, հոս հանգիստ եմ։

Չըլլար, վեր հրամմեցէ՛ք։

Կը խնդրեմ, տիկին, վնաս չունի, հոս աւելի հանգիստ եմ։

Բազմոցի հիւրերն եւ Յակոբոս աղան իրենց քովն առնել կ'ուզեն էֆենտին, որ կը մերժէ։

Իրաւ որ սա չեղաւ, չվայլեց… խաթերս համար սա պատշգամը անցի՛ր։

Հրամմեցէ՛ք, կ՚ըսէ Յակոբոս աղան ոտք ելնելով։

Չեմ ուզեր, նստեցէ՛ք։

Յակոբոս աղան կը նստի։

Ըրածդ իրաւ որ չվայլեր, էֆենտի, աթոռին վրայ անհանգիստ ես, սա պատշգամը հանգիստ է, տես ի՞նչ աղէկ է։

Յակոբոս աղան կը կանգնի նորէն։

Չեմ ուզեր։

Յակոբոս աղան դարձեալ կը նստի։

Չէք ուզեր, բայց նստեցէ՛ք` ինչ աղուոր է, ծովն ալ կ՚առնէ։

Յակոբոս աղան նորէն ոտք կ՚ելնէ։

Ինչո՞ւ կը ստիպէք, տիկի՛ն։

Յակոբոս աղան նորէն կը նստի։

Ես պատշգամը նստիմ նէ, բնաւ չեմ նեղանար. նաւեր, շոգենաւեր կու գան, կ՚անցնին, ձկնորսները ձուկ կ'որսան, շատ աղէկ է. ոտքդ պագնեմ, քուզում էֆենտի, քիչ մը նստէ։

Յակոբոս աղան վերստին կը կանգնի։

Կը խնդրեմ, տիկի՛ն։

Կ'աղաչեմ։

Մի՛ թախանձէք։

Խաթերս համար։

Հարկ չկայ։

Ոտքդ պագնեմ։

Տէր ողորմեա։

Արեւդ սիրեմ։

( Տակաւին Յակոբոս աղան ոտքին վրայ է։)

Չէ ըսինք ա՛։

Չէ մի՛ ըսեր, տես ինչ աղուոր է։

Գիտեմ։

Շոգենաւները…

Տեսած եմ։

Դիմացի լեռները…

Այո՛։

Տուները, ծառերը…

Այո՛, գիտեմ։

Ձկնորսները… յայտէ՛ էֆենտի։

Տիկի՛ն։

Շատ աղէկ, վերջը կը նստիս։

Յակոբոս աղան կը նստի։

Էֆենտին եթէ հաւանէր պատշգամը նստիլ Յակոբոս աղային քով, խնդիրը պիտի փակուէր, եւ, հետեւաբար, պիտի զրկուէր այն հաճոյքէն, զոր տան տիկնոջ թախանձանքները կը պատճառէին իրեն։ Էֆենտիին փափաքն էր բարձրանալ շարունակ, ցորչափ պիտի մնար այն սենեակին մէջ, եւ այս միջոցն յարմար դատած էր հասնելու համար իւր նպատակին։

Միւս կողմէն Յակոբոս աղան կը վիրաւորուէր, որովհետեւ պարտականութիւն չէր զգար խոնարհիլ ուրիշ մը բարձրացնելու համար եւ անուան մը շնորհաւորութեան առթիւ այս եղանակով նուաստանալուն վրայ կը ցաւէր։ Այսուամենայնիւ իւր ցաւն ծածկելու կը ջանար եւ կը համբերէր։

Միւս հիւրերուն եւս հաճոյ չէր թուեր տան տիկնոջ եւ էֆենտիին ընթացքն, եւ կը սպասէին, որ առեւտուրներուն նուազութեանը եւ օդոյն գեղեցկութեանը վրայ բացուած խօսքն վերջանայ, ու ելնեն, երթան։

Վերջապէս սա պատշգամը քիչ մը չնստեցար, ըսաւ նորէն տիկինը։

Սանկ քիչ մը նստէ՛, տես Վարնայի շոգենաւն է, որ կու գայ։

Էֆենտին շարժում մ՚ըրաւ։

Յակոբոս աղան ոտք ելաւ։

Էֆենտին թիկնոցի ետեւի գրպանէն թաշկինակը հանեց եւ քիթը սրբեց։

Այս էր շարժման պատճառը։

Յակոբոս աղան նորէն նստեցաւ` այս անգամ ալ էֆենտիին քթին զոհուելով։

Այս հարաւային հողմերն ալ չվերջացան, որ հարբուխէ խալսէինք, ըսաւ տան տիկինը. ամէնուս վրայ թուլութիւն մը կայ, սրտի նեղութիւն մը. չելար սա պատշգամը նստելու, որ սիրտդ բացուէր քիչ մը, էֆենտի՛։

էֆենտին քիչ մը շարժեցաւ ձեւով մը, որ կարծես կ'ընդունէր տիկնոջ հրաւէրը։

Յակոբոս աղան ոտք ելաւ եւ հրամցուց էֆենտիին։

Չէ՛, չէ՛… սա նասըրս քիչ մը ցաւեցաւ, անոր համար ոտքս սանկ դրի, որ հանգիստ ընեմ։

Յակոբոս աղան դարձեալ նստեցաւ` այս անգամ ալ էֆենտիին ոտքին զոհուելով։

Ամէնուն քովը հազ մը կայ, մարդ չկայ, որ չհազայ, յարեց տան տիկինը, կուրծքի ցաւ ալ կայ… կ'իմանամ, որ ուրիշ հիւանդութիւններ ալ կան եղեր. էֆենտի՛, պատշգամը անցի՛ր ու ոտքդ երկնցուր քիչ մը։

Յակոբոս աղան երթալու համար ոտք ելաւ եւ գլուխը ծռելով` «ձեր հրամանաւն երթանք, տիկի՛ն», ըսաւ։

Նստեցէ՛ք քիչ մը, Յակոբոս աղայ, ինչո՞ւ կ՚աճապարէք… գործ ունիք նէ, զօռ չեմ ըներ։

Այո, գործ ալ ունիմ։

Քիչ մ՚ալ նստեցէ՛ք։

Քիչ մ՚ալ նստիմ, որ քիչ մ՚ալ նախատուիմ, ըսաւ ինքնիրեն Յակոբոս աղան եւ նստեցաւ։

Յակոբոս աղայ, ի՞նչպէս է մեր պատշգամը։

Շատ աղէկ է։

Ես շատ անգամ հոս կը նստիմ եւ չեմ նեղանար… էֆենտին չախորժիր կոր։

Էֆենտին կը զգայ, թէ թախանձանաց վերջերն է, որովհետեւ Յակոբոս աղան երթալ կ'ուզէ, ուստի որպէս թէ տան տիկնոջ խօսքը չկոտրելու համար՝

Քիչ մը նստիմ սա պատշգամը, որ խօսքը գոցուի, կ՚ըսէ եւ կ'երթայ նստելու պատշգամն, զոր թողած էր արդէն Յակոբոս աղան։

Ինչո՞ւ կ'երթաք, Յակոբոս աղայ, քիչ մ՚ալ նստեցէ՛ք, կ՚ըսէ տան տիկինը։

Ոչ, երթամ պիտի։

Կ'աղաչեմ, քիչ մ՚ալ։

Ձեր հրամանովն երթանք, տիկի՛ն։

Եթէ ստիպողական գործեր ունիք, չեմ ստիպեր, որ մնաք։

Այո, ստիպողական գործ ունիմ։

Շատ շատ բարեւներ կ՚ընեմ…

Գլխուս վրայ…

Ձեր տիկինին…

Ըլլայ։

Ձեր աղջիկներուն։

Շատ աղէկ։

Պզտիկին ալ աչքերը կը համբուրեմ։

Շնորհակալ եմ։

Դարձեալ հրամմեցէ՛ք, Յակոբոս աղա՛յ։

Դուք ալ հրամմեցէ՛ք։

Մեզի մի՛ մոռնաք։

Չենք մոռնար։

Տիկինդ ալ մէկտեղ բե՛ր։

Կու գանք։

Տիկինը բեր օր մը, որ քիչ մը պատշգամը նստի։

Նստի, ( մեկուսի ) որ ինձի պէս խայտառակուի։

Մեր պատշգամը շատ աղէկ է։

Անանկ է։

Յակոբոս աղան կը մեկնի։

Ինքզինքը փողոց գտնելուն պէս կը սկսի խորհրդածութեանց.

«Քառասուն անգամ ոտք ելնել, քառասուն անգամ նստիլ, որպէսզի էֆենտին նստի պատշգամը, պարապ տեղը պզտիկնալ, խոնարհիլ… խայտառակուիլ հիւրերուն առջեւ։ Խելք չըրի. առաջին անգամ, երբ տիկինն էֆենտին պատշգամը հրամցուց, պատշգամէն իջնելու էի… պզտիկութիւն պիտի ըլլար թէեւ, բայց գոնէ մէկ անգամ պիտի ըլլար եւ ոչ թէ քառասուն անգամ, որպէս եղաւ։ Գետնին տակը անցնէր սա պատշգամը… Ի՞նչ սորվելիք ունիմ, ի՞նչ շահ ունիմ ես ան էֆենտիէն, որուն քով ասանկ պզտիկ մնալու ստիպեցին զիս… Ե՞ս ուզեցի պատշգամը նստիլ. ինքը հրամցուց, ես ալ ընդունեցի. եթէ էֆենտիին համար պիտի պահէր պատշգամը, ինչո՞ւ զիս հրամցուց հոն։ Բայց տիկինը յանցանք չունի… ի՞նչպէս չունի… ան ալ ունի յանցանք, բայց էֆենտին է բուն յանցաւորը։ Երանելի՛, քեզի պատշգամը հրամմէ՛ կ'ըսեն կոր, եկուր դուն ալ նստէ, ես ալ նստիմ, լմննայ գործը… զիս քառասուն անգամ խայտառակելու ի՞նչ հարկ կայ։ Ասկից վերջը ոչ թէ միայն չպիտի նստիմ պատշգամը, այլ նաեւ զաւակներուս ալ պիտի կտակեմ, որ հեռու փախչին պատշգամներէ… շատ դպաւ ինձի այս գործը։ Եթէ տուն մ՚այցելութեան երթամ, սենեակին դռան քով պիտի նստիմ. պարապ տեղը խայտառակ ըլլալու ժամանակ չունիմ»։

Այցելութեան օրերուն մէջ ենք, սիրելի ընթերցողներ, եւ այս իսկ է պատճառ ներկայ յօդուածիս հրատարակութեան։ Զգուշացէք պատշգամ նստելէ. ընտրեցէք ձեզ անանկ տեղ մը, ուսկից արտաքսուելու նուաստութեան մէջ չգտնուիք։ Գիտեմ, երբ այլ եւ այլ վիճակի հիւրերով լեցուած սենեակ մը մտնէք, կը շուարիք, կը մնաք եւ չէք գիտեր, ուր նստիլ։ Ծերերը չեն յարգուիր, որ տարիքի կարգով նստիք։ Խելքն ալ ստակ չըներ, որ խելքի կարգով տեղ մ՚ընտրէք։ Առաջնութիւնն ոսկւոյ կը տրուի, ուստի ոսկւոյ թիւերու կարգով տեղ մ՚որոշելու աշխատեցէք։ Կը տեսնես, որ աղքատ ծեր մը անկիւնը նստեր է, եթէ երկու ոսկի ունիս վրադ, գնա այդ ծերունիին կռնակին վրայ նստէ։ Կը պատահի սակայն երբեմն, ինչպէս արդէն տեսաք, որ ամէնէն հարուստն ամէնէն վար կը նստի դռան քով. վերջէն եկող եւ անկէ նուազ հարուստ մը դռան դո՞ւրսը նստի։ Ահա ծանր խնդիր մը, որ ամէն տարի այցելութեանց օրերուն մէջ կը յուզուի եւ շատ սխալներով կը լուծուի։

Ըստ մեր խոնարհ կարծեաց` միջոց մը կայ միայն, որ այս անպատեհութիւնները կը բառնայ եւ արժանապատւութիւններ վիրաւորելու երկիւղը կը փարատէ։

Ո՞րն է այդ միջոցը։

Այբուբենի կարգով նստիլ։

Այսինքն ժամկոչ մը, որուն անունն այբով կը սկսի, իրաւունք պիտի ունենայ վեր նստիլ այն վաճառականէն, որուն անուան սկզբնատառն Բ կամ Գ կամ Դ եւ այլն է։

Այս միջոցը թէպէտեւ քիչ մը ծիծաղաշարժ է, բայց սկզբունքի վրայ հիմնուած է։

***

Աթանաս աղան կոշտ մարդ մը ճանչցուած է։

Բայց գիտէ՞ք Աթանաս աղան ինչու համար կոշտ մարդ մը ճանչցուած է։

Աթանաս աղային կոշտ մարդ մը ճանչցուած ըլլալուն գլխաւոր պատճառը սա է, թէ Աթանաս աղան չհաճիր, որ երիտասարդները, մանաւանդ իրեն անծանօթ երիտասարդները չափազանց մտերմաբար վարուին իւր կնոջը հետ եւ յօժարութիւն ունենան ամէն առթիւ ծառայութիւն մատուցանել իւր կողակցին։ Պէտք չէ ասկից հետեւցնել սակայն, թէ Աթանաս աղան նախանձոտ է կամ Աթանաս աղան կնոջը հաւատարմութեանը վրայ կասկած ունի. բնաւ երբեք։ Աթանաս աղային, վերջապէս, հաճոյ չթուիր, երբ երիտասարդ մ՚իրմէ աւելի անձնանուիրութիւն ցոյց կու տայ իւր տիկնոջը։ Պատճա՞ռ։ Թերեւս ինքն ալ չգիտեր եւ թերեւս կը վախնայ իսկ պատճառ մը փնտռելու։

Եւ եղաւ, որ գիշեր մը քանի մ՚ընտանիքներ այցելութիւն ըրին Աթանաս աղային։ Աթանաս աղան, այր հիւրասէր, ընդունեց հիւրերն այն պատուով, որուն արժանի էին։ Քանի մը վայրկեան յետոյ դուռը զարնուեցաւ, բացուեցաւ, եւ քսանչորս տարեկան երիտասարդ մը, Աթանաս աղային անծանօթ, ներս մտաւ սենեակէն եւ երկու ծունկերն իրարու կցելով, գլուխը մինչեւ գետինը խոնարհեցնելով՝ բարեւեց ներկաները եւ թիկնաթոռի մը մէջ ընկղմեցաւ` ոտք ոտքի վրայ դնելով։ Այս երիտասարդն, որպէս վերջէն հասկցուեցաւ, Աթանաս աղային տունն այցելող հիւրերուն միոյն տունը գնացեր էր եւ անկից տեղեկանալով, թէ Աթանաս աղային տունը գնացեր էին, պահապանի մ՚առաջնորդութեամբ Աթանաս աղային դուռը զարկեր էր։ Գիծ մը քաշենք հոս։ Հօրեղբայր մ՚ունէի, որ կ'ըսէր. «մարդիկ կան, որ եթէ քիչ մը բարձրէն նուագարանի ձայն մը լսեն, կը հարցնեն. ո՞ր կողմն է երկնից սանդուխը»։ Եւ այսօր իսկ շատ կան այս կարգի մարդիկ, որոնց դասուն կը վերաբերէր նաեւ մեր երիտասարդը։ Փակենք գիծը։ Արդ, հարկ չկայ ըսելու, թէ Միհրան այսպէս կ'անուանուէր երիտասարդը առաջին անգամն էր, որ կը մտնէր Աթանաս աղային տունը, բայց սենեակը մտնելուն պէս այնպիսի եղանակով մը սկսաւ վարուիլ, որ կարծես թէ Աթանաս աղային եւ անոր տիկնոջը հետ քառասուն տարիէ ի վեր կը տեսնուէր։ Այսպէս, հազիւ քանի մը վայրկեան մնաց թիկնաթոռի վրայ եւ ահա ոտք ելաւ եւ մօտենալով Աթանաս աղային տիկնոջն, որ աթոռի մը վրայ նստած էր`

Կ'աղաչեմ, տիկին, ըսաւ, թիկնաթոռի վրայ նստեցէք։

Հոգ չէ, հոս աղէկ եմ։

Տիկին, կ'աղաչեմ։

Շնորհակալ եմ։

Ոտւընիդ պագնեմ, խօսքս մի՛ կոտրեր, ձեր փափուկ մարմինը փայտի վրայ հանգչելու սահմանուած չէ։

Պարոն, առաւ անդիէն Աթանաս աղան, տիկինը հոն հանգիստ է, դուք նստեցէք ձեր թիկնաթոռը եւ անհանգիստ մի՛ ըլլաք տիկնոջ համար։

Այո, այո, հոս շատ աղէկ եմ, յարեց տիկինը։

Ոչ, ոչ ըրաւ Միհրան, կարելի չէ, որ հոս թողում զձեզ, եւ Աթանաս աղային կինն թեւէն բռնելով առաւ, թիկնաթոռը տարաւ եւ հոն նստեցուց։

Աթանաս աղան չհաճեցաւ այս արարողութեան վրայ, բայց քաղաքավարութիւնը խնդրեց, որ իւր տհաճութիւնն ինքը միայն զգայ ու գիտնայ։

Աթանաս աղան հնազանդեցաւ քաղաքավարութեան եւ բերանը չբացաւ, սակայն կը ջանար հնարք մը գտնել իմանալու համար գոնէ, թէ ով էր այն երիտասարդն եւ ինչու համար եկած էր։ Աթանաս աղային այս հետաքրքրութիւնը բարեբախտաբար չուշացաւ փարատուելու։ Հիւրերէն տիկին մը տեսնելով, որ Միհրան Աթանաս աղային հետ որպէս ծանօթի մը հետ կը վարուէր, հարցուց անոր.

Միհրանիկ, շատո՞ւնց կը ճանչնաք Աթանաս աղան։

Ես չեմ ճանչնար զինքը, պատասխանեց անմիջապէս Աթանաս աղան։

Ես ալ չեմ ճանչնար, յարեց Միհրան, բայց ուրախ եմ, որ ձեր շնորհիւը ճանչցայ։ Ձեզի գնացի, տիկին, եւ սպասաւորէն իմացայ, որ հոս եկեր էք, ես ալ եկայ` մեր բարեկամներուն բարեկամները մեր ալ բարեկամներն են ըսելով

Աթանաս աղայ, յարեց տիկինը, Միհրանիկը եղբօրս տղան է։ Միհրանիկ, Աթանաս աղային հետ եղբօր պէս կը տեսնուինք, տիկինն ալ Աթանաս աղային տիկինն է. ազնիւ տիկին մ՚է, Աթանաս աղան ալ բարի մարդ մ՚է։

Շատ աղէկ, պատասխանեց Աթանաս աղան։

Ինքնզինքս բարեբախտ կը համարիմ Աթանաս էֆենտիին եւ անոր տիկնոջը հետ ծանօթանալուս համար, ըսաւ Միհրան եւ գրպանէն ծխախոտի տուփն քաշելով` սիկարայ մը հրամցուց Աթանաս աղային կնոջը։

Շնորհակալ եմ, չեմ գործածեր։

Տիկին, իմ ծխախոտս առաջին տեսակն է։

Շնորհակալ եմ։

Առէ՛ք, կ'աղաչեմ։

Բայց չեմ ծխեր։

Եթէ կ'ուզէք, աւելի բարակ շինեմ։

Բարակութեան վրայ չէ, սովրած չեմ…

Մի՛ մերժէք։

Չեմ ուզեր։

Չէ մի՛ ըսէք։

Պարոն Միհրան, տիկինը սովորութիւն չունի սիկարայ ծխելու, կ'աղաչեմ, մի՛ ստիպէք զինքը…

Աթանաս աղայ, շատ մեղմ է իմ ծխախոտս. առէք, տիկին, առէք. Աթանաս աղայ, կ'աղաչեմ, հրաման ըրէք ձեր տիկնոջն, որ չմերժէ։

Կարծեմ` ըսինք, թէ չգործածեր։

Կը խնդրեմ, ըսէք, որ առնէ, ձեր խօսքը չմերժեր… ծխախոտս ընտիր է… մասնաւորապէս տիկիններու համար է… անուշ է… կ'աղաչեմ, հրաման ըրէք, որ առնէ։

Տիկինը խնդիրը չերկարելու համար կ՚առնէ սիկարը։

Միհրան քիչ մը ներկայից խօսակցութեանը կը խառնուի, յետոյ հայելիին առջեւը կ'երթայ եւ ձեռքով մազերը կը շտկէ։ Սենեակին մէջ փոքրիկ պտոյտ մը կ՚ընէ` Ֆաուսթէն քանի մը կտորներ մրմռալով եւ նորէն կը դառնայ Աթանաս աղային տիկնոջը.

Ա՛հ, տիկին, կ՚ըսէ, կարմրցեր էք, եթէ նեղուեցաք, պատուհան մը բանամ։

Հարկ չկայ։

Կաս֊կարմիր կտրեր էք, տիկին, կը քրտնիք, վերջը կը մսիք, հիւանդ կ'ըլլաք։

Հոգ մի՛ ընէք։

Չէ, չէ, պիտի բանամ պատուհան մը։

Չուզեր։

Տիկինը նեղութիւն կը զգայ Միհրանին ընթացքէն։ Աթանաս աղան, որ բնաւ ունկն չդնէր հիւրերու խօսակցութեան եւ միայն Միհրանը կը դիտէ, կը նեղուի նոյնպէս։ Բայց ճար չկայ, համբերելու է, մինչեւ որ վտանգն անցնի։

Միհրան կը շարունակէ իւր ընթացքը։

Չըլլա՞յ, որ գլուխնիդ ցաւի, տիկին։

Բան մը չունիմ, ճա՛նըմ։

Քովս աղէկ լաւանտայ ունիմ, տամ քիչ մը ու շփեցէք ձեր ճակատը։

Գլխու ցաւ չունիմ։

Պարոն Միհրան, չգա՞ս քովերնիս նստիլ ու խօսելու, յոգնեցաք պտտելով, կ՚ըսէ անդիէն Աթանաս աղան։

Գամ պիտի, տիկինն անհանգիստ է, ու քիչ մը լաւանտայ տամ, կ'ըսեմ։ Բացէք քիչ մը, տիկին, ձեր թաշկինակը, սանկ քիչ մը դնեմ, քանի մը կաթիլ, հոտւըտացէ՛ք, քիչ մ՚ալ քիթերնիդ քաշեցէ՛ք։ Ասոր հոտը շուտ չելլար, ամիսներով կ'երթայ։ Ի՜նչ անտանելի ցաւ է գլխու ցաւն, իմ գլուխս եկած է տէ, գիտեմ։

Տիկինն հնազանդելով ակնարկին, զոր Աթանաս աղան ըրաւ իրեն, տեղէն կ՚ելնէ ու էրկանը քով կ'երթայ կը նստի։

Ես կ'երթամ, հօրաքոյր, ըսաւ Միհրան բարկութեամբ այն կնոջ, որ քիչ մ՚առաջ ներկայացուցած էր զինքն Աթանաս աղային։

Ինչո՞ւ։

Վերջը կ'ըսեմ։

Ի՞նչ եղար մէկէն ի մէկ, Միհրանիկ։

Էնսիւլթ… էնսիւլթ… ես էնսիւլթի չեմ կրնար դիմանալ։

Ի՞նչ եղաւ, ոտքդ պագնեմ, Միհրանիկ։

Էնսիւլթ… էնսիւլթ… եւ կ'ուզեմ, որ դուն ալ հետս գաս… ինձի էնսիւլթ հէ՜է… էնսիւլթ հէ՜է, ես մարդու զաւակ եմ… Աթանա՛ս աղա…ընկերութեանց մէջ շատ մտած եմ… ինձի հէ՜է… էնսիւլթ հէ՜ է՜… էնսիւլթ հէ՜է… հէ՜է էնսիւլթ… ինձի… ինձի էնսիւլթ… ինձի պէս մարդու էնսիւլթ… վնաս չունի… ե՛լ, սիրելի հօրաքոյրս, երթանք… էնսիւլթ հէ՜է… շուտ ըրէ, ինձի հէէ՜… շալդ դիր… ինձի էնսիւլթ հէ՜է… տուներնիս երթանք վնաս չունի, Աթանա՛ս աղայ…

Ի՞նչ ըրին քեզի, պարոն Միհրան։

Անանկ է եա՛, հասկնանք գործը, ըսին քանի մը գլուխներ, որ քիչ մը ծանր ըլլալ կը թուէին։

Տիկինին լաւանտայ պիտի տայի, որ ճակատը շփէ եւ հոտւըտայ… տիկինը մերժեց եւ ամուսնոյն քովը նստեցաւ… ասկից աւելի ի՞նչ ծանր էնսիւլթ կրնար ըլլալ զգայուն սրտի մը։

Ես ասոր համար չգնացի եւ եթէ լաւանտան մերժեցի, պատճառն այն էր, որ գլխու ցաւ չունէի, պատասխանեց տիկինը։

Տեսա՞ք մի եա, սխալ հասկցողութիւն, էֆենտիմ։

Շատ սխալ, յարեց Աթանաս աղան` միմիայն փակելու համար միջադէպ մը, որուն վրայ բառի մ՚արտասանութիւնն իսկ իրեն նեղութիւն կը պատճառէր։

Դուն ալ կը նայիմ, քի խենթ ես, պարոն Միհրան, պոռաց անդիէն հօրաքոյրը։

Ամէնքը խնդացին։

Տղա՞յ ես, ի՞նչ ես… Աթանաս աղան անանկ մա՞րդ է… տիկինն էնսիւլթ ընող կնի՞կ է… խումրիի պէս կենճ է նէ… բերան ունի, լեզու չունի…թոաֆ տղայ մ՚ես… հայտէ ելէք, քատրիլ մը դարձուցէք։

Անանկ է նէ, ներումն կը խնդրեմ. ես, շիտակը, հասկցայ, որ Աթանաս աղան աչք ըրաւ, ու տիկինն ալ քովէս ելաւ։

Հայտէ, ելէ՛ք, քատրիլ մ՚ըրէք։

Միհրան կ՚ընտրէ իւր պարուհին եւ կը յայտնէ զայն.

Մատամ Աթանաս իմ տամաս է։

Դարձեալ կրճտումն ատամանց Աթանաս աղայի։ Կը սկսին քատրիլի ։ Աթանաս աղան մէկ անկիւն քաշուած` Միհրանին ոտներուն ու ձեռներուն շարժմանցը կը հետեւի աչքերով։ Քատրիլին բոլոր ձեւերը կը կատարուին, կը սպառին։ Միհրան կը ստեղծէ նորանոր ձեւեր, որոց տրամադրութեան համեմատ քաւալիեները տամաներուն հետ անանկ շղթաներ կը կազմեն, որ աղէկ տպաւորութիւն չեն ըներ Աթանաս աղային վրայ։ Շղթաներն երթալով կ'երթան եւ կնճռալի երեւոյթ մը կ'առնեն։ Աթանաս աղան հաճոյք չզգար այն շղթաներէն, բայց հաճոյք չզգալը չկրնար յայտնել` վախնալով, որ էնսիւլթ մ՚ալ ըրած կ'ըլլայ, բայց հաճոյք չզգալն ալ չուզեր շարունակել, ուստի պարողներուն ուղղելով խօսքը կ՚ըսէ.

Չյոգնեցա՞ք, չյոգնեցա՞ք, հիւանդ պիտի ըլլաք, եկէք նստեցէք, քիչ մ՚ալ խօսինք։ Քատրիլն ալ բան մ՚ըլլայ պարէ։

Մենք չյոգնեցանք, չյոգնեցանք, կը պատասխանեն։

Ան ձեւերն հեռուանց շատ տձեւ կ'երեւան կոր, քատրիլի չեն նմանիր կոր… թեւերնիդ պիտի ցաւցնէք… այսչափ խաղացիք, հերիք է… կենէ դուք գիտէք, ամա…

Աթանաս աղայ, անհոգ եղիր, մենք չենք ցաւցներ, չենք ցաւցներ մենք։

Քրտնեցաք, վերջը պիտի մսիք։

Չքրտնեցանք, չենք մսիր։

Աթանաս աղան նկատելով, թէ չյաջողեցաւ այս հնարքը, հրաման կ՚ընէ, որ քոնեաք բերեն։ Քոնեաքը կը բերուի։

Մէյ֊մէկ քոնեաք խմեցէք։

Պարողներն նախ կը մերժեն եւ ապա, Աթանաս աղային թախանձանաց վրայ, կ՚ընդունին քոնեաքը, եւ այս եղանակաւ կը վերջանայ պարը։ Պարը կը վերջանայ, բայց Աթանաս աղան «անձրեւէն փախչիմ» ըսելով` կարկուտի կը բռնուի։ Միհրանն Աթանաս աղային տիկինը թեւը կ'առնէ, ու կը սկսին սրահի մէջ ճեմել։ Աթանաս աղան կը կանչէ տիկինը։ Միհրան թող չտար` առարկելով, թէ քաւալիէի մը նուիրական պարտականութիւնն է իւր տաման պտտցնել, զի մի՛ քրտինքն պաղի եւ հիւանդութիւն բերէ։ Միհրան քառորդի մը չափ պտտելէն յետոյ Աթանաս աղային տիկնոջը հետ` թիկնաթոռի մը վրայ կը նստեցնէ զայն եւ իրար կ'անցնի մուշտակ մը գտնելու եւ տիկնոջը կռնակը դնելու համար։

Քիւրք մը, քիւրք մը, պզտիկ քիւրք մը… տիկինը չմսի… Աթանաս աղայ, տիկնոջ քիւրքն ո՞ւր է…

Սենեակը տաք է, կը պատասխանէ Աթանաս աղան։

Ի՞նչպէս տաք… չըլլար, էֆենտիմ, չըլլար… իմ բարտըսիւս բերեմ… եւ իւր թիկնոցը կը բերէ։

Չեմ ուզեր, չեմ ուզեր, կ՚ըսէ տիկինը։

Կ'աղաչեմ, տիկին, պարէ յետոյ զգուշութիւններ պէտք է… Ի՞նչ վնաս ունի… սանկ քիչ մը շարժեցէք, որ դնեմ կռնակնիդ։

Թող մնայ, չուզեր, շնորհակալ եմ։

Միհրան մտիկ չըներ, իւր կամք կը կատարէ։

Աթանաս աղան չգիտ է ր, ինչպէս մեկնել Միհրանին այս վարմունքը։ Կը խորհի, կը դատէ, կը տրամաբանէ, բայց չուզեր եզրակացութիւն մը հանել։

Մեկնելու ժամը կու գայ։ Հիւրերն ոտք կ'ելնեն, մնաք բարովները, մեզի ալ հրամմեցէք ները իրարու կը յաջորդեն։ Ասդին ալ Միհրան Աթանաս աղային տիկնոջը ձեռքն ափին մէջ առած կը թօթուէ ու կը թօթուէ զայն` հազար ու մէկ յարգանքներ արտայայտելով տիկնոջ։

Շատ երջանիկ եղայ` զձեզ ճանչնալու պատիւը վայելելուս համար, ո՜ւր էր, թէ շատոնց ճանչցած ըլլայի զձեզ, տիկին, որ գեղեցիկ սեռին մէջ կը փայլիք, որպէս ակն պատուական, կը յուսամ, թէ այսուհետեւ յաճախ զձեզ տեսնելու բարեբախտութիւնը չպիտի զլանաք ինձ… դուք ալ հրամմեցէք հօրաքրոջս տունը… ժամանակ կ՚անցնենք… միջադէպին համար ձեր ներողութիւնը կը խնդրեմ… վերստին տեսնուինք. եթէ լաւանտան հաւնեցաք, լաւանտային շիշը հոս թողում… բայց չէ, ուրիշ մը կ'առնեմ ձեզի համար… մնաք բարով… մեծապէս գոհ եմ այս գիշերուան զբօսանքէ… ներեցէք, եթէ պակասութեան մը մէջ գտնուեցայ… մնաք բարով… կը սպասենք ձեզի… հրամմեցէք… կեցէք բարեաւ…

Հիւրերը կը մեկնին, ինչպէս նաեւ Միհրան։

Աս ի՞նչ պուլաշըխ զեւզեկ է եղեր, կ՚ըսէ Աթանաս աղան տիկնոջը` հիւրերուն մեկնելէն ետքը։

Դուն ալ կը նայիմ, որ թոհաֆ մարդ մ՚ես. պուլաշըխ է նէ, մեզի ի՞նչ. պոշ բաներու համար սիրտ կը հատցունես։

Ըրածները վայլո՞ւն բաներ էին։

Է, ի՞նչ ըրաւ չոճուխը, գլուխնուս ելաւ, նստեցա՞ւ. քիչ մը զեւզեկ է եղեր, ի՞նչ ընենք։

Կը նեղուիս կոր տէի, բարկացայ ես։

Է, քիչ մը նեղացայ առջի բերան, բայց վերջը վարժուեցայ։

Ոչ խիպ ունի, ոչ ամօթ։

Խիպի, ամօթի բան չկայ հոս. չեմ հասկնար, ինչու այսչափ կը բարկանաս։

Անոր համար բարկացայ, որ քեզի սըխընթը կու տար կոր… չէ նէ, ինչուս պէտք իմին… բայց կը վայլէ՞, որ երիտասարդ մը ուրիշի կնոջը հետ այսչափ թեքլիֆսիզ տեսնուի… տեսնողները ծուռ մտքի կը տանին. ես ալ եթէ ուրիշի մը կնոջ հետ անոր այսպէս վարուիլը տեսնամ, ի՞նչ մեղքս պահեմ, կը գայթակղիմ…

Պարէ տղան մտքէն անցունէ անանկ բան մը…

Սանքի ուրիշի կնոջ մը հետ այսպէս վարուիլը տեսնամ նէ, կ'ըսեմ կոր ես, դուն չհասկցար… բայց ինչ որ ալ ըլլայ, վայլուն բան չէ։

Պոշ խօսքե՜ր…

Աթանաս աղան խնդիրը փափուկ կը գտնէ եւ կը լռէ։

Հետեւեալ գիշերն Աթանաս աղան եւ իւր տիկինը կ'ընթրէին։ Յանկարծ Միհրան երեւցաւ անոնց։

Բարիկուն, տիկին, բարիկուն, Աթանաս աղայ, ձեզի տեսնելու համար եկայ. այս գիշեր հօրաքրոջս տունը պիտի երթանք` քիչ մը ժամանակ անցունելու։

Շնորհակալ եմ, բայց ժամանակ չունիմ այս գիշեր, պատասխանեց Աթանաս աղան։

Անկարելի է, մինչեւ որ ձեզի չառնեմ, չեմ երթար։

Սարսափելի սանճի մը ունիմ։

Ատ ուրիշ։

Այո՛, սարսափելի սանճի մը։

Իրաւունք ունիք։

Այո՛, սարսափելի սանճի մը։

Ատոր ըսելիք չունիմ։

Այո՛, սարսափելի սանճի մը. ի՞նչ է, չիյտեմ։

Հանգիստ ըրէք ուրեմն այս գիշեր։

Այո՛, սարսափելի սանճի մը, նստելու իսկ ժամանակ չունիմ, երթամ պառկիմ պիտի, սարսափելի սանճի մը։

Գացէք, պառկեցէք, ես տիկինը կ'առնեմ, կը տանիմ, հոգ մի՛ ընէք, վերջն ալ կը բերեմ. Աթանաս աղայ, դուն հանգիստդ նայէ։

Ան ալ չկրնար գալ, ան ալ սարսափելի գլխու ցաւ ունի։

Դուրս ելլալուն պէս գլխու ցաւը կ'անցնի։

Չանցնիր։

Տիկինը ձեռնպահ է։

Գոնէ տիկինն առնեմ, տանիմ պիտի։

Չըլլար։

Իլլեքի պիտի տանիմ, որոշուած է։ Կը սպասեն կոր նէ…

Խիկարի էջերն չեն բաւեր, եթէ պատմել սկսինք Միհրանին թախանձանքը, Աթանաս աղային բարկութիւնն եւ տիկնոջն անտարբերութիւնը. ուստի փութանք յայտնելու, թէ Աթանաս աղան ճարահատեալ ստիպուեցաւ համակերպիլ Միհրանին հրամանաց։ Միհրան մեծ փոյթ եւ եռանդն ցոյց տուաւ, Աթանաս աղային տիկնոջ թուալեթի միջոցին ետեւէն հայելի բարձրացուց, վերարկուն բռնեց, որ հագնի, կօշիկները հագցուց եւ անոնց խրացքը կապեց։ Աթանաս աղան չճաթեցաւ։ Միհրան փողոցն ալ մեծ հոգ տարաւ, որ տիկինը ցեխոտ տեղեր չկոխէ, շատ անգամ թեւը մտաւ, քանի մ՚անգամներ ձեռքէն բռնեց ու ջուրերու հոսանքէն անցուց` ցատկեցնելով զայն։ Աթանաս աղան ալ ինքզինքը հոսանքի տուած կը հետեւէր անոնց` իւր անձին երեք քառորդն ուտելով։ Վերջապէս հասան Միհրանին հօրաքրոջը տունը, Միհրան ուզեց Աթանաս աղային տիկնոջ լաստիքները հանել։

Ի՞նչ կ'ընէք, պարոն Միհրան, թող տուէք, որ հանէ լաստիքները, զահմեթ մի՛ ընէք, շնորհակալ ենք, ըսաւ Աթանաս աղան` վերջին բառերը շեշտելով։

Ի՞նչ վնաս ունի, էֆենտիմ, մեր պարտականութիւնն է։

Բնաւ ձեր պարտականութիւնը չէ, կ'աղաչեմ, ինքը թող հանէ։

Տիկինը հանեց լասթիքներն, ու վեր ելան։

Տան տէրերն ու հիւրերը բարեւներ փոխանակեցին իրարու հետ, յետոյ սկսան խօսակցիլ այլ եւ այլ նիւթերու վրայ, քանի մը տիկիններ եւ օրիորդներ բամբասեցին, յետոյ քիչ մ՚երգեցին, քիչ մ՚ալ պարեցին Աթանաս աղային տիկինը չպարեց եւ վերստին սկսան խօսակցութեան։ Պէտք չէ մոռնալ սակայն, թէ Միհրան մերթ ընդ մերթ Աթանաս աղային տիկնոջ քով կ'երթար եւ ձեռներն շփելով այնպիսի շարժումներ կ'ընէր, որք կրնային թարգմանուիլ այսպէս. «Պատրաստ եմ ձեզի ծառայելու»։ Տիկինն ալ ժպիտով մը կը պատասխանէր. «պէտք չունիմ ձեր ծառայութեանէ։ Իրերն այսպէս կը շարունակուէին, երբ յանկարծ պզտիկ միջադէպ մը իրաց վիճակը ծանրացուց։

Միհրանին հօրաքոյրն, որ Միհրանին քով նստած էր բազմոցի մը վրայ, հրաւիրեց Աթանաս աղային տիկինն, որ իւր քովը նստի։ Տիկինն ընդունեց հրաւէրը, բայց տեղը քիչ մը նեղ էր։ Ամուսիններ կան, որ չեն ուզեր իրենց կանանց նեղ տեղեր նստիլը։ Ուստի`

Անհանգիստ եղաք հոն, պարոն Միհրան, պոռաց Աթանաս աղան տեղէն ելնելով, եկէք իմ տեղս նստեցէք։

Կ'աղաչեմ, Աթանաս աղայ, ոտքդ պագնեմ, արեւդ սիրեմ, անհանգիստ չեմ, շատ աղէկ եմ հոս, նստեցէք տեղներնիդ։

Իրաւ, նեղեցի զձեզ, պարոն Միհրան, յարեց Աթանաս աղային տիկինը։

Ամենեւին, Աստուած վկայ, որ չնեղեցիք ինձի, հօրս հոգւոյն վրայ կ՚երդնում, որ շատ հանգիստ եմ, կ ե նճութեանս խէրը չտեսնամ, թէ որ հանգիստ չեմ, ինչո՞ւ պարապ խօսքեր կ'ընէք։ Աստուածդ սիրես, նստէ տեղդ, Աթանաս աղայ, չէ նէ, մէյ մ՚ալ երեսդ չեմ նայիր։

Ինչո՞ւ սիրտ կը հատցնէք, Աթանաս աղայ, նեղուի նէ, թող ելլայ, տղայ չէ եա՛։

Իրաւ որ նեղեցի, ես կ'ելլամ, ըսաւ Աթանաս աղային կինն ու ելաւ էրկանը քով նստաւ։

Տեսա՞ք մի, դարձեալ էնսիւլթ, էնսի՜ւլթ է այս ինձի, պոռաց Միհրանը։

Աթանաս աղայ, իրաւ որ այս քիչ մը էնսիւլթ է, կրկնեցին քանի մը տիկիններ։

էնսիւլթի ի՞նչ կայ, հարցուց Աթանաս աղան։

Ի՞նչ էնսիւլթ, կրկնեց Աթանաս աղային տիկինը։

Մենք գիտենք եա՛, բայց մեր տունը պատուաւոր է…

Քանաբէի վրայ երեք հոգի նստեր էին, տեղ չկար, տիկինը մազ մնաց, որ Միհրանի ծունկին վրայ պիտի նստէր եւ նեղէր պիտի տղան։

Թող նեղէր, քեզի չպիտի նեղէր ա՛, անոր ծունկին վրայ պիտի նստէր, տղայ չէր ա՛, թող ելնէր, թէ որ ծունկը ցաւէր… ասանկ բաներ չվայելեր, Աթանաս աղայ, ձեր ըրածն ամէնուս ալ կը դպչի, ներեցէք։

Բայց բան մը չըսինք, կարծեմ։

Կարծեմ, թէ էնսիւլթի բան մը չեղաւ, ըսաւ Աթանաս աղային տիկինն` ուժ տալով իւր էրկանը։

Եթէ չըրիք, կու գաք նորէն քովս կը նստիք, որ մենք ալ հասկնանք, թէ էնսիւլթ ըրած չէք, ըսաւ Միհրանին հօրաքոյրը։

Հարկ չկայ, ա՛լ երթանք պիտի։

Տիկին, քիչ մը նստեցէք, որ սա խօսքը գոցուի։

Տիկինը կ'երթայ, քանի մը վայրկեան կը նստի` այս անգամ Միհրանին հօրաքրոջը տալով մարմնոյն ծանրութեան մեծ մասը։

Այսչափ ալ լրբութիւն կենացս մէջ տեսած չունէի, ըսաւ Աթանաս աղան ինքնիրեն։

Էնսիւլթի խնդիրն ալ վերջացաւ, ըսաւ Միհրան եւ տեղէն ելաւ։

Քանի մը տիկիններ իրարու փսփսացին.

Աթանաս աղային համար կոշտ է կ'ըսեն նէ, իրաւունք ունին եղեր։

Է՛հ, երթանք, ըսաւ Աթանաս աղան եւ ոտք ելաւ։

Տիկինն ալ մնաք բարովները լմնցուց, եւ էրիկ կնիկ դուրս ելան։

Տեսա՞ր մի խայտառակութիւնը։

Ինչո՞ւդ պէտք։

Վրան նստելու պէս կ'ընես կոր տէ, տեղէն չերերար կոր սրիկան։

Չէ՛, ճանըմ, չէ՛, սրիկայ չէ, միամիտ է։

Միամի՞տ է մի, լիրբին մէկն է։

Տեսա՞ր, որ անանկ չէ գործը։

Անանկ չէ տէ, ի՞նչպէս է գործը։

Ատ զեւզեկին ո՞վ կարեւորութիւն կու տայ. գացի նստեցայ, շրջազգեստս ծունկին դպաւ քիչ մը, ի՞նչ վնաս ունի, ով կը սեպէ ան թեթեւը. բայց դուն մէկէն ի մէկ խոյլանմիշ կ'ըլլաս, պարապ տեղը խօսք կը հանես։

Միամիտ է եղեր…

Միամիտ է եա՛։

Ես անանկ միամտութենէն չեմ ախորժիր եւ մէյ մ՚ալ դուռ չեմ բանար այդ անառակին։

Արդարեւ, կան կանայք, որ միամտութեան կը վերագրեն ամէնէն աւելի յստակ եւ զուտ անառակութիւնները, բայց Աթանաս աղային տիկինն կանանց այդ դասուն չվերաբերիր, միայն թէ առանց գիտնալու՝ թեթեւ հաճոյքներ կը պատճառէ երբեմն ուրիշներուն, բայց երբ համոզուի, թէ դիմացինին միտքը ծուռ է, անմիջապէս կը սկսի զգուշանալ, որպէս այս անգամ կը համաձայնի Աթանաս աղային` իւր տանը դռները փակել Միհրանին, որ դեռ կը շարունակէ շաբաթը երկու երեք անգամ անոնց դուռը զարնել։ Աթանաս աղան որոշած է, կ'ըսեն, Միհրանին գլուխն ի վար ջուր թափել պատուհանէն, եթէ օր մ՚ալ իրենց դուռն ափ առնէ։ Եւ տուշը ոչ էնսիւլթ է եւ ոչ ալ քաղաքավարութեան հակառակ։

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу

Другие части "Քաղաքավարութեան վնասները"

Ятук Музыка
Святое Утверждение, Святое Отрицание, Святое Примирение
Георгий Гурджиев

Святое Утверждение, Святое Отрицание, Святое Примирение