Даниэль Варужан

Գեղեցկութեան արձանին

Կ՚ուզեմ ըլլայ քու մարմարիո՛նդ պեղուած
Ոլիմպոսի ամենէն խոր արգանդէն.
Եւ իմ մուրճիս տակ ըզգենու հրեղէն
Միս մը կնոջ, լոյսով, տենդով սրարբած։

Աչքերդ ըլլան վիհեր՝ ուր մարդ երբ սուզի՝
Յաւերժին մէջ անմահացած ըզգայ զինք.
Գիծերդ անեղծ ըլլան, ըլլան քու ըստինք
Դաշնակութիւն մ՚ուր կենսահիւթը յուզի։

Մերկ ըլլաս դուն բանաստեղծի մ՚հոգւոյն պէս,
Եւ հեթանոս այդ մերկութեանդ ներքև
Տառապի՛ մարդն, ու չկրնայ դպչիլ քեզ։

Թէ հարկ ըլլայ զոհ մը ընել քեզ պարգև,
Բագինիդ ե՛ս պիտի ուզեմ մորթուիլ՝
Որպէսզի կուճդ ըմպէ արեանս հուսկ կաթիլ։


Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу
Ятук Музыка
Колыбельная
Александр Спендиарян

Колыбельная

Портрет Шушаник Надирян
Портрет Шушаник Надирян
Играть онлайн