Захрат

Մշուշ

Քոյր ե՞ս անունդ մոռցայ
Թէ ոչ քիչ մըն ալ դուն անուն չունէիր
Ինչո՞ւ համար կը մսէին սարփինաները բարի
Երբ ձեռք ձեռքի կը քալէինք մշուշին մէջ որ չկար
Յանկարծ շուրջս նայեցայ
Չկայիր
Քոյր ե՞ս արդեօք չտեսայ

Թէ ոչ քիչ մըն ալ դուն երբեք չկայիր
Ի՞նչու համար կը մսէին բարի սարփինաները
Մշուշին մէջ որ չկար
Կը քալէինք ձեռք ձեռքի
Միլիոնաւոր առաւօտներ ակնթարթի մէջ ծնան
Կը վախնայիր կը մսէիր սարփինային պէս բարի
Քոյր ե՞ս արդեօք չկայի
Թէ ոչ քիչ մըն ալ դուն կայիր առանձին

Ի՞նչու անունդ մոռցայ

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу
Ятук Музыка
Спартак - Адажио
Арам Хачатрян

Спартак - Адажио