Грикор Зограб

Երջանիկ մահը

Ա.

Տօքթօռ Վահանեան սովորական բժիշկ մը չէ․ մարմնի հիւանդութիւններուն չափ ու, թերեւս անոնցմէ աւելի, հոգիի ցաւերուն հետամուտ, հետաքրքիր բժիշկն է անիկա։ Իր ըմբռնումին ու դատողութեան չափ՝ իր ներողութեան սահմանը ընդարձակ է։ Գիտութեան ֆօրմիւլներուն, կամ իր արհեստին մեքենական կիրառումին մէջ տափակցած ու չքացած միտք մը չէ։

Իր հմտութեան մեծութիւնը՝ չոր ու ցամաք ապառաժի զանգուածին չի նմանիր բնաւ, այլ դալար դաշտավայրի մը ծիծղուն երեւոյթը ունի։

Վաթսունի մօտ, մազը մօրուքը ճերմկած, տկարակազմ, բայց զուարթախոհ մէկն է Տօքթօռը։

Մահուան դէմ՝ իր քառասուն տարուան բժիշկի մղած պայքարովը, մտերմութիւն մը հաստատած է կարծես անոր հետ․ անոր ամէն դաւերը ու խաղերը գիտէ․ անոր զարհուրելի, երբեմն յանկարծահաս ու երբեմն յամեցող հարուածներուն բոլոր գաղտնիքները ուսումնասիրած է։

Իր խօսակցութիւնը օգտաւէտ դասերով, ուղիղ դիտողութիւններով ու իմաստուն խորհրդածութիւններով կը վխտայ։ Անձնական փորձառութենէն ու յիշատակներէն ընդելուզուած պատմութիւնները հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՚ըլլուին։

Գատըգիւղի իր տանը մէջ իրիկուն մը ժողվուեր էինք, եւ մարդոց համար ամենէն հետաքրքական հարցումը մէջտեղ նետուեցաւ յանկարծ։ Ո՞րն էր հազար տեսակ մահերուն ամենէն քաղցրը, բժշկական ու հոգեբանական կրկին տեսակէտով։

Յայտնուած կարծիքներուն մէջ համաձայնութիւն չկար․ առողջ ու կայտառ աղջիկ մը, որ Ռաֆայէլ կարդացեր էր եւ դալուկ ու նիհար կազմուածքի մը կը տենչար, թոքախտի հիւծումն է, ըսաւ, էն գեղեցիկ մահը․ երիտասարդի մը կարծիքին նայելով՝ ռէվոլվէրի գնդակն էր ուղեղին մէջ․ ուրիշ մը՝ ծովահեղձ ըլլալը ամենէն քիչ տանջանք տուող վախճան մը ըլլալուն վրայ պնդեց․ քլորոֆորմը երկու կուսակից գտաւ։

Բնութեան ու գիտութեան հնարած բոլոր միջոցները զատ-զատ քննուեցան ու քննադատուեցան․ ամէնքն ալ իրենց աղէկ ու գէշ կողմերը ունեին։

Տօքթօռը ինքը, մտիկ կ՚ընէր ամենուս, առանց բառ մը արտասանելու․ վէճը կ՚երկարեր ու համաձայնութեան մը գալէ հեռու էինք։

Ես, ըսաւ Տօքթօռը, խոսքերնիս կտրելով, ամենէն քաղցր մահը տեսայ, բայց չեմ կրնար պնդել որ ամէն անգամ մարդս կրնայ զայն իր ձեռքին տակ ունենալ․ մէկ հատիկ մահն էր ասիկա, զոր իմ տեսած հազարաւորներուս մէջէն, ոչ միայն ամենէն հեշտն էր կրնամ ըսել, այլ իրօք քաղցրն ու երջանիկն էր։

Պատմութիւն մը ունէր լեզուին ծայրը․ խելօք կեցած տղոց պէս մտիկ ըրինք զինքը։

Բ.

Տասը տարի կայ անկէ ի վեր․ Բարեկենդանի գիշեր մը իմ դրացիներէս մէկուն տանը մէջ երեկոյթ մը կար․ տիկին… անունը պէտք չէ ձեզի, այնպէս չէ՞, քառասունը հազիւ թեւակոխեր էր, բայց երեսունը հինգ տարու չէր ցուցներ վրայէն․ այն շատ հաւնուած ու շատ սիրուած կնիկներէն մէկն էր, որոնց սերունդը հետզհետէ պակսելու, անհետանալու վրայ է մեր մէջ․ իր մասին պատմուած առասպելներու վրայ ամենէն առաջ եւ ամենէն շատ խնդացողը ինքն էր։ Սուտ պարկեշտութիւններու, կեղծաւոր կարմրութիւններու կինը չէր այն կինը․ գլխէն մինչեւ ոտքը ամեն բան խիզախ ու համարձակ էր վրան։

Աղվոր կուրծք մը չունեցողները միայն decollete-ին թշնամի են, - կ՚ըսեր խնդալով, եւ յօժարակամ կը պարզէր իր լանջքին կոհակները քոռսէին բացուածքէն։

Էրիկը, ծերունի մը, հայր մը գրեթէ տարիքով, հօր մը թոյլտւութիւնները, ազատութիւնները թողած էր անոր։ Էն աղուոր երիտասարդները, էն շնորհքով մարդիկը իր շուրջն էին, թիթեռնիկներու պէս դառնալով, երբեմն էրելով մրկելով, իր ջերմ ու կիզիչ մթնոլորտին մէջ։

Բոլոր կիները չէին քաշեր զինքը, կը նախանձէին, կը չարախօսէին իր վրայ․ անոր համարձակ վարմունքը իրենց պարտկուած մեղքերուն, իրենց շինծու ամօթխածութեանը դեմ պայծառ արեւի մը հալածիչ լոյսին կը նմանէր՝ խպնոտ ստվերներու վրայ սփռուած։

Ասոր հետ մէկտեղ, երբեք չէին պակսեր անոր տունէն, անոր երեկոյթներէն, ուր էն աղուոր, էն զուարթ, էն նրբամիտ ընկերութիւնը գտնելուն ապահով էին։

Ատեն ատեն կը կանչէին զիս այս տունէն, տիկնոջ համար որ մարելիքի պէս տագնապներ կ՚ունենար երբեմն։ Առջի քննութենէս՝ սրտի հիւանդութեան մը հաստատ նշանները գտեր էի վրան, բայց զինքը չխռովելու համար բաւականացեր էի ըսելով․

Բան մը չեն ասոնք, պարզ ջղային անհանգստութիւններ։

Գլխաւոր բանը քիչ մը հանդարտ կեանք վարելու պէտքն էր․ այս եղաւ իմ պատուէերս ալ․ բայց ո՞վ մտիկ կ՚ըներ ինծի։

Օր մը նեղացայ։

Տիկին,- ըսի,- պարապ տեղը երթալ գալէն չեմ ախորժիր․ քանի որ իմ պատուիրած բանս չէք ըներ, պէտք չկայ որ զիս կանչէք ուրիշ անգամ․ աւելի հաճոյակատար բժիշկի մը դիմեցէք, խնդրեմ։ Հիւանդս հասկցաւ, եւ որովհետեւ մտքի ու սրտի տէր կին մըն էր, իսկոյն ներում խնդրեց այնպիսի քաղցր ու անուշ ձայնով մը, որուն դէմ կենալու էն քարսիրտ մարդն անգամ կարող չէր։

Ձեր աղէկութեան համար է իմ պահանջումս․ չեմ կրնար առողջութեան բոլոր կանոններուն հակառակ ձեր վարած կենցաղին աւերումները տեսնել եւ լուռ կենալ, չեմ կրնար ձեզ չարգիլել այս կեանքը շարունակելէ։

Օր մը աւելի՞ ապրելու համար, Տօքթօռս,- պատասխանեց ինծի ժպտալով,- օր մը աւելի՞ տառապելու համար․ եւ բռնելով ձեռքս, ստիպելով զիս որ քովը նստիմ, երբ ես մեկնելու կը պատրաստվեի արդէն, շարունակեց․

Դուք, բժիշկներ, կեանքը երկարացնելու աշխատող մարդիկ, կիներուն՝ այս հէգ էակներուն կեանքը պահպանելու մի՛ աշխատիք, քանի որ չէք կրնար այդ կեանքը իր թարմութեան, իր գեղեցկութեան մէջ անայլայլ ու հաստատ պահել․ ճերմակած թափած մազերու, փոթփոթած երեսի, թուլցած միսի մը աւելի կամ նուազ տեւողութիւնը նշանակութիւն չունի․ կինը իր երիտասարդութեան, իր հրապոյրներուն մէջ կրնա՞ք վար դնել, կեցնել։ Չէ՞ք կրնար, թող տվեք ուրեմն որ երթայ հոսկէ․ իր պաշտօնը, իր կոչումը աւարտած է ան․ ի՜նչ, կը պահանջես ձայնը մարած երգիչէն՝ որ սրահին վրա՞յ կենայ, մինչեւ որ սուլեն, ծաղրեն ու նախատեն զինքը․ կինը ծիծաղ մըն է, պէտք չէ որ լացի փոխուի։

Հիւանդութիւնը կը սաստկանար, հեղձումները կը յաճախէին ու միշտ խուլ կը մնար անիկա իմ խրատներուս, եւ իր զբօսանքի, հաճոյքի կեանքը անխափան կը շարունակէր։ Տարօրինակ, բայց թերեւս ամենէն ուղիղ ըմբռնումն էր իրենը՝ աշխարհիս մէջ կնոջ մը դերին եւ կոչումին վրայ։ Յոյսը եւ Ուրախութիւնն էր ինքը եւ անձնուրաց արիութեամբ մը կը բաշխէր իր կենդանութիւնը, իր շնորհը, իր հրապոյրը, երբոր ինքը պէտք ունէր ատոնց, Քօբէի մանիշակ ծախող աղջիկին պէս,

Elle mourait de l'hiver, en vendant le printemps.

Գ.

Երեկոյթը իր ամենէն ցնծայոյզ վայրկեանին մէջն էր։ Շատ մը աղուոր կիներ, շատ մը շնորհալից աղջիկներ, այնքան ալ երիտասարդ մարդիկ ու պատանիներ․ լուռ ըղձանքներով ծանրացած մթնոլորտ մը, որուն մէջ՝ տանտիկինը իր հասակին ու արդուզարդին շքեղութեամբը ամենէն զմայլելին կը հանդիսանայ։

Քովես՝ պզտիկ ձայն մը․ ասանկ երեկոյթներու սովորական չարախոսութիւնները, որոնց ամենէն թունաւորները տանտիրուհւոյն դեմ կ՚արձակուէին։

Տեսէք, իր սիրած երիտասարդէն վայրկեան մը չի բաժնուիր․ մարդ չի սեպեր աս կնիկը։

Երիտասարդը՝ տժգոյն ու նիհար մէկն էր, զոր կիները իրարու ձեռքէ կը խլէին։ Իր վրդոված կեանքին կը պարտէր այս ձգողութիւնը։ Ուրոյնութիւն մը ունէր անիկա, եւ իրեն յատուկ դրոշմ մը կար իրեն պատկանող ամէն բանի մէջ։ Արհամարհոտ պզտիկ ժպիտ մը նուրբ ու սեւ պեխերուն ծայրը. կոպերը կտրած աչքեր, որոնք իր գիշերամոլ մարդու յոգնութիւնները կը պատմէին․ վէս խրոխտութիւն մը, որ վաղաթարշամ երիտասարդութեանը վրայ ծաւալած ծանրութեան պէս բանի կը նմանէր, կարծես ուսումներու եւ հսկումներու մէջ խորասուզուող մարդու ծանրութիւնը։

Մտքի ու ճաշակի տէր մէկն էր։ Իրաւագիտութիւն սորվելու համար Եւրոպա կեցած տարիներէն՝ միջակ վկայականով մը, բայց նրբացած իմացակնութեամբը վերադարձած էր հոս։ Համալսարանին սրահներէն աւելի՝ գեղեցիկ կիներու քով, միանգամայն՝ տաղանդաւոր մարդոց եւ լաւագոյն ընկերութեանց մէջ մտած ու ապրած էր, մսխելով, փճացնելով ունեցածը եւ չունեցածը։ Հոս ոչ փաստաբան եղեր էր եւ ոչ դատաւոր․ անկեղծութեամբ, քաջութեամբ խոստովանած էր իր ապիկարութիւնը։

Ամէն ինչ չափաւոր, գրեթէ մեղմ էր իր վրայ, իր ձայնը, իր շարժումները․ բայց ատոր խորը կը տեսնայիր անձնավստահ մարդու, կամ՝ աւելի ճիշդը ըսելու համար՝ իր գերազանցութիւնը գիտցող մարդու մը անխռով հանդարտութիւնը։

Աղջիկներու ետեւեն չէր վազեր․ երեխաներ անոնք՝ իր փորձ, գրեթէ հայրական աչքին։ Զիջում մը, ստորնացում մը պիտի ըլլար իրեն համար խռովել կոյսի մը մաքուր հոգին․ այս կենցաղասէր մարդուն մէջ՝ ահա այս կերպ իր կեանքին հակասող ազնուութիւններ ալ կային։ Իր ասպետական, կռիւով, հարձակումով բերդ առնող մարդու համբաւին եւ սովորութեանցը հակառակ էր տեսլական սիրոյ մը հեռանկարովը աղջկան մը սրտէն ներս սպրդիլ․ այս Ոդիսեւսի միջոցները իրեն չէին պատշաճեր։

Զրուցուածին նայելով՝ տարիէ մը ի վեր տիկին ….-ի մտերիմն էր, ու ամէնքը, իրենց բոլոր չարախօսութեանց մէջ անգամ, այս երկուքին միջեւ ճշմարիտ ներդաշնակութիւն մը գտեր էին որ երկուքին ալ սովորական էակներ չըլլալէն առաջ կուգար անշուշտ։

Դ.

Հիմա կը պարէին․ այրերը իրենց պահանջումներուն անհամբերութիւնը բերելով հոս ալ, կիները իրենց անձնամատոյց մեղկութիւնը․ խօլական գիրկընդխառնումներու, վէտվէտումներու անընդհատ շարք մըն էր այս ամէնը։

Վալսին՝ Տիկինն ալ եկաւ այն երիտասարդին հետ, որ իր խօսակիցը եղած էր գրեթէ շարունակ, եւ պարողներուն մէջ այս եղաւ էն շնորհալի զոյգը։ Զմայլած կը դիտէինք զիրենք․ պար մը չէր այս, այլ շլացուցիչ բան մը, եթերային ու ցնորական սլացում մը, յափշտակութիւն մը, քերթուած մը ամբողջ։

Միւս պարողները իրենք ալ կանգ առեր էին այս զոյգին շուրջը հիացած, հիացում, որուն մէջ նախանձը իր արդար բաժինը ունէր։

Յանկարծ, սայթակումի պէս բան մը պատահեցաւ, կինը իր բոլոր ծանրութեամբ վայր իյնալու պէս եղաւ․ երիտասարդը մեծ ճիգով հաջողեցաւ իր գիրկին մէջ բռնէլ զայն։

Ոտքը սահեցաւ,- կ՚ըսէին։

Ոչ, աւելի բան մըն էր, նուաղում մը ունեցեր էր։

Հասե՛ք, Տօքթօռ,- պոռաց երիտասարդը։

Իսկոյն քովը վազեցի ու երկուքնիս բազմոցին վրայ տեղաւորեցինք զինքը․ հազիւ կրցաւ աչքերը բանալ․ անմիջապէս տեսայ սրտի կաթուածի բոլոր նշանները։

Ընդհանուր տակնուվրայութեան մէջ՝ դեղ մը ապսպրելն անգամ անկարելի կը դառնար․ օտարականները հեռացուցինք. հիւրերը մէկիկ մէկիկ մեկնեցան․ բայց դեռ սանդուխներուն վրայ անոնց ոտնաձայնը չմարած, անիկա իր հոգին աւանդեց, գլուխը իր սիրած տղուն գիրկին մէջ, նոյնիսկ իր բոյնին մէջ նետահար սպաննուած թռչունի մը պէս, ժամանակ չձգելով, որ դեղ կամ դարման մը ընեմ։

Այս եղաւ ահա իր վախճանը․ կեանքին բոլոր երանութիւնները միացած խտացած էին այն երկվայրկեանին մէջ, ուր կեանքը կը թողուր․ ասկէ աւելի երջանիկ մահ մը կրնա՞ք երեւակայել, պատրաստել, շինել ձեզի համար։

Հիւանդութիւններու, ցաւերու մէջ չտառապեցաւ ծերութիւնը չփճացուց իր շնորհները․ պաշտելի ու պաշտուած կինը մնաց մինչեւ վերջի վայրկեանին ու ընդհանուր զմայլումով մը ողջունուած, իր սիրած տղուն թեւին վրայէն գնաց հեռացաւ անիկա։ Բաժակի մը պէս, որ կոչունքի մը սեղանի վրայ, ցնծութեան մաղթանքներու, բախումներու մէջ կը փշրուի, փոխանակ դուրսը սպասաւորներու ձեռքով, լուացքի աղտոտ ջուրին մէջ օր մը կոտրելու անհետանալու, այս կինն ալ էն շնորհագեղ պատկերի մը մէջ գերագոյն երջանկութիւնը զգացած ու պարգեւած ժամուն անհետացաւ։
Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу
Ятук Музыка
Экспромт
Арно Бабаджанян

Экспромт