Hakob Paronyan

Թատրոն

ՈՒՂԵՐՁ ԱՌ ՔԱՅՍԵՐԼԻ ԱՀՄԵՏ ԲԱՇԱՅ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ԶՄԻՒՌՆԻՈՅ

Լրագիրք պատմեցին Իզմիրի դէպքը, արգոյ հասարակութիւնն ալ կարդաց ու իմացաւ եղածն. մեզ կը մնայ ուղերձ մը հրատարակելով շնորհակալու­թիւննիս յայտնել առ Քայսերլի Ահմետ բաշայ, որ Յովհաննէս Վէմեանն ու ընտանիքն սրօք եւ սուսերօք ծեծել տալով հանել տուաւ իւր հօրմէ ժառան­գած տունէն, որ իւր եղբարցը մէկուն կողմէն պարտքի փոխարէն աւանդ տրուած է եղեր վաճառականի մը:

Ո՜վ Քայսերլի Ահմետ բաշայ, ձեր այս քաջասրտութիւնը բոլոր աշխարհ հիացուց. կանանց վրայ յարձակելու եւ զանոնք նուաճելու համար շատ ուժ եւ քաջութիւն ունենալու է մէկը, եւ դուք ձեր քաջութեամբը շատ դիւրութեամբ յաջողեցաք կնիկները սրով նուաճելու: Ապահով եղի՛ք, որ եթէ կանանց դէմ պատերազմ մը հրատարակուի, բանակին հրամանատարը դուք պիտի ըլլաք: Հասարակութիւնը շատ շնորհակալ է ձեզմէ, որ առանց Պոլիսէն զօրք ուզելու կրցաք քանի մը կնիկներ ու պզտի տղաքներ զսպել, անոնց թեւը, գլուխը կոտ­րելով եւ արեան մէջ թաթխելով: Հասարակութիւնը դարձեալ շնորհակալ է ձեզմէ, որ այդ կնիկները ու պզտի տղաքները կախել չտուիք, որովհետեւ քա­ջութիւն ցցունելու փափաքը կրնար զձեզ դէպի հոն մղել:

Ընդունեցէ՛ք, տէր, մեր յարգանաց ո՛չ այնչափ խորին հաւաստիքը եւ աշ­խատեցէք ուրիշ գաւառաց կնիկներն ու տղաքներն ալ սրօք եւ բրօք գանա­կոծել տալով` ձեր քաջասրտութեան ապացոյցներէն զմեզ չզրկել:

ԲԱՐԵԽՆԱՄ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանէն հասած լուրերն վերջապէս կը յայտնեն թէ` հարստահա­րութիւնը Մշոյ կուսակալ կարգուած է, թէ` հարստահարութիւնն է Մուշը կա­ռավարողը:

Չկայ հոն ո՛չ ստացուածքի ապահովութիւն, ո՛չ կենաց եւ ո՛չ ալ պատուոյ երաշխաւորութիւն, այլ կայ հոն յափշտակութիւն, մարդասպանութիւն, պատ­ուոյ բռնաբարում եւ վերջապէս այն ամէն չարիքներն, որ կառավարութիւն չու­նեցող քաղաքի մը մէջ միայն կրնան գործուիլ:

Կարինէն Մասիսի ղրկուած նամակ մը հետեւեալ տեղեկութիւններն կու տայ:

«Քաղաքս հասած լուրերն եւ մասնաւոր տեղեկութիւններն զՄուշ մեծ յուզման եւ վտանգի մէջ կը նկարագրեն. անխուսափելի եւ ծանրակշիռ վտանգի ենթարկուած է հոն տեղի ազգայնոց վիճակը: Եկած գիրերն անստորագիր են, որ միայն կը ծանուցանեն թէ` հեռագիրն ու փոսթան մեզ համար արգիլուած են, թէ` այգիները կը կտրեն, կը ճմլեն, կ՚ոչնչացունեն, եւ եթէ հոն անձ մը դիմացնին ելնէ` դանակով կը զարնեն, թէ` հնձանները, դէզերն ու մարագները կ՚այրուին, թէ` ուր որ հայ մը տեսնուի, խաչ եւ հաւատք կը հայհոյեն, թէ` մանուկ տղաքներէն մինչեւ ծեր, այր եւ կին, առ հասարակ կը գանակոծուին տաճիկներէն, թէ` հայ աղաները կառավարութեան ժողովքները երթալէ դադրած են եւ այլն. կարծես կառավարութիւն չկայ Մշոյ մէջ… Մուշէն եւ գեղերէն 300֊400 տնուոր հանրագրութիւն կազմեր են տաճկընալու համար… եւ այլն եւ այլն եւ այլն»:

Արդեօք Տպագրական տեսչութիւնը կը ներէ՞ մեզ այս անլուր վայրենու­թեանց, բարբարոսութեանց ու գազանութեանց տակ հեծեծող մեր եղբարց կա­կանաբարձ հառաչանաց արձագանք տալ, անոնց հետ արտասուել, քուրձ զգեն­լով եւ մեր սրտէն արիւն հոսեցնելով մեր տխուր ճակատագիրն ողբալ: Արդ­եօք, կ՚ըսենք, Տպագրական տեսչութիւնն գոնէ այս շնորհն կ՚ընէ՞ մեզ, թէ մեր սրտին, զգացմանց ու արտասուաց վրայ ալ տիրելու իշխանութիւն ու­նենալով` մեր դժբախտութիւնն ողբալն ալ կ՚արգիլէ…

Հայերն ամէն վիշտ ու տառապանք, աքսոր ու հալածանք կրելէն ետքը, այսօր ամենայն յօժարութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կը տանին հպատա­կութեան լուծը, եւ ասոր փոխարէն կը բռնաբարուին թէ՛ ստացուածքի, թէ՛ կրօ­նի եւ թէ՛ պատուոյ կողմանէ: Այս լուծն հպատակութեան ըլլալէ դադրած` գե­րութեան լուծ եղած է, ու այնքան ծանրացած` որ անբերելի ըլլալով` Մշոյ հա­յերն ա՛լ անկարող կ՚ըլլան զայն կրելու եւ հարստահարութենէ խալսելու յոյ­սով կրօնափոխութեան դիմել կ՚որոշեն:

Հպատակ ազգ մը, երբ առ կառավարութիւնն ունեցած պարտաւորութիւնները կը կատարէ, լիուլի իրաւունք կ՚ունենայ կառավարութենէն ինչքի, կենաց եւ պատուոյ ապահովութիւն խնդրել. եւ կառավարութիւնն պարտաւոր է անոր այս խնդիրքն կատարել ո՛չ իբրեւ շնորհ, այլ իբրեւ իրեն պարտքը: Գաւառաց հայերը դարերէ ի վեր կը հարստահարուին, դարերէ ի վեր թաքրիրներ կը գրուին ու հարստահարութիւնները դարերէ ի վեր կը շարունակուին. արդ, կամ այն է, որ գաւառաց հայերը միայն տուրք վճարելու եւ հարստահարուելու դատապարտուած են, կամ այն է, որ բարեխնամ կառավարութեան գաւառաց մէջ գտնուած չարախնամ կուսակալներն անկարող ըլլալով հարստահարիչները զսպելու, ոճրագործութեանց տեսարանին առջեւ նարկիլէ քաշելով կը զուարճանան:

Ասոնց ո՛րն ալ հաւանական ըլլայ` սա ճշմարիտ է, որ գաւառաց հայերն զրկուած են այն ամէն իրաւունքներէն, զորս հլու եւ հաւատարիմ հպատակ ազգերն կը վայելեն ամէն տեղ եւ ամէն ատեն:

Լսածնուս նայելով` ս. պատրիարք հայրն Մեծ Եպարքոսին ներկայա­ցեր ու Մշոյ այս վիճակն նկարագրելով ետ դարձեր է գոհացուցիչ խոստում­ներով:

Աղօթենք Աստուծոյ, որ այս խոստումներն իր նախորդաց պէս ապար­դիւն չմնան ու բարձր. Մահմուտ Նետիմ բաշային օրով իսպառ վերնան գաւառներէն այս հարստահարութիւններն, որ հակառակ բարեխնամ կա­ռավարութեան կամացը տեղի կ՚ունենան:

ՈՒՂԵՐՁ ԱՌ ՔԱՅՍԵՐԼԻ ԱՀՄԵՏ ԲԱՇԱՅ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ԶՄԻՒՌՆԻՈՅ

Լրագիրք պատմեցին Իզմիրի դէպքը, արգոյ հասարակութիւնն ալ կարդաց ու իմացաւ եղածն. մեզ կը մնայ ուղերձ մը հրատարակելով շնորհակալու­թիւննիս յայտնել առ Քայսերլի Ահմետ բաշայ, որ Յովհաննէս Վէմեանն ու ընտանիքն սրօք եւ սուսերօք ծեծել տալով հանել տուաւ իւր հօրմէ ժառան­գած տունէն, որ իւր եղբարցը մէկուն կողմէն պարտքի փոխարէն աւանդ տրուած է եղեր վաճառականի մը:

Ո՜վ Քայսերլի Ահմետ բաշայ, ձեր այս քաջասրտութիւնը բոլոր աշխարհ հիացուց. կանանց վրայ յարձակելու եւ զանոնք նուաճելու համար շատ ուժ եւ քաջութիւն ունենալու է մէկը, եւ դուք ձեր քաջութեամբը շատ դիւրութեամբ յաջողեցաք կնիկները սրով նուաճելու: Ապահով եղի՛ք, որ եթէ կանանց դէմ պատերազմ մը հրատարակուի, բանակին հրամանատարը դուք պիտի ըլլաք: Հասարակութիւնը շատ շնորհակալ է ձեզմէ, որ առանց Պոլիսէն զօրք ուզելու կրցաք քանի մը կնիկներ ու պզտի տղաքներ զսպել, անոնց թեւը, գլուխը կոտ­րելով եւ արեան մէջ թաթխելով: Հասարակութիւնը դարձեալ շնորհակալ է ձեզմէ, որ այդ կնիկները ու պզտի տղաքները կախել չտուիք, որովհետեւ քա­ջութիւն ցցունելու փափաքը կրնար զձեզ դէպի հոն մղել:

Ընդունեցէ՛ք, տէր, մեր յարգանաց ո՛չ այնչափ խորին հաւաստիքը եւ աշ­խատեցէք ուրիշ գաւառաց կնիկներն ու տղաքներն ալ սրօք եւ բրօք գանա­կոծել տալով` ձեր քաջասրտութեան ապացոյցներէն զմեզ չզրկել:

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄ

Նոյեմբեր քսանըչորսին Տպագրական տեսչութեան կողմէ հետեւեալն ըն­դունեցինք.

«Թատրոն նամ էրմենիճէ ղազեթայ աղրազէ միւպթենի մուհարիրաթ ճիւմլեսինտեն օլմաք իւզրէ Մուշտան ալարագ կեչեն ճումաա էրթեսի կիւնքի նիւսխեսինէ հիւլասաթեն տերճ իթտիկի մեքթուպուն էթրաֆընա հիւզն ու մաթեմ ալամեթի վազ էթմիշ վէ մեքթուպը մեզքիւրտէ միւնտերիճ արաճիֆ վէ միւպալաղաթէ պինա իտերէք զիյրինէ թեճա­վուզի պազի միւթալաաթ տախի իլաւէ էթմիշ օլտուղունտան թարիխի իլանտեն իթիպարեն պիր մահ միւտտեթլէ թաթիլ իտիլմիշտիր»:

91 թշրինի սանի 24 վէ 92 զիլքատէ 71

Թատրոնի դադարումը, ինչպէս որ կը հասկցուի վերոգրեալ ծանուցու­մէն, Մուշէն առնուած նամակն սեւ գիծերով շրջապատելնէս ու անոր վրայ չա­փազանց լեզու գործածելնէս յառաջ եկած է:

Եթէ գիտնայինք, որ սեւ շրջանակը մեր հասկցածէն տարբեր կերպով պի­տի նկատուի, եթէ գիտնայինք, որ մեր լեզուն չափազանց պիտի կարծուի, ո՛չ այդ սեւ գիծերը կը դնէինք, ո՛չ ալ այդ լեզուն կը գործածէինք: Մենք այն­պէս համոզուած էինք, որ Մուշի նամակն սեւ շրջանակի մը մէջ դնելով՝ հետեւած էինք տպագրութեան այն ամենապարզ կանոնին, որով խմբագիրներն սեւ շրջա­նակի մէջ կ՚առնեն տխուր լուրերն. մենք այդ լեզուն գործածելով՝ վստահ էինք, որ մեղմ, օրինաւոր, աղերսալի եւ գթութիւն հայցող թշուառի մը լեզուն կը խօսէինք. սխալած ենք եղեր, եւ մեր սխալանաց պատիժը կրեցինք:

Սակայն այս հարուածն մեզի այնքան դառն երեւցաւ, որ մինչեւ այսօր ո՛ւր որ սեւ գիծ մը կը տեսնանք կոր նէ` հազար մղոն հեռուէն կը քալենք կոր. եւ աս ալ բնական է, կէոզ կէորտիւյինտեն գորգար կ՚ըսէ տաճկական առածը. եւ որովհետեւ մարդս պէտք է որ վնասուած բանէ մը խրատուի եւ անկէ հեռու փախչի, մենք ալ հրաման ղրկեցինք տպարան, որ թերթերնուս մէջ որչափ գիծ կայ նէ` ամէնն ալ դուրս վանէ. թող գիծէն գալիք բարիքն Աստուծմէն գայ: Ասոր ի պատասխան՝ տպարանապետը հարցուցած էր` թէ գիծն հանէ, տեղը ի՞նչ դնէ: Գիծերն հանէ՛, տեղը ինչ կ՚ուզես նէ` ան դիր, ըսինք իրեն: Ուրախ ենք, որ տպարանապետն անմիջապէս կատարեր է մեր խնդիրքը, որով Թատ­րոնն այսօր առանց գիծերու ներկայանալով՝ դադարման առիթ տուող բաներէն մին իր մէջէն պակասեցուցած կ՚ըլլայ:

Աստուած մէյ մ՚ալ ասանկ ցաւ չցցունէ…

ՀԱՆԳԻՍՏ ՄՇԵՑԻ ՊԱՐՈՆ ՄԿԸՐԻ

Աշխարհի մէջ կարի սակաւաթիւ եղած են այն մարդիկը, որ մասնաւո­րի մը կամ ընդհանրութեան մը բարիք կ՚ընեն՝ միայն բարի՛ք ընելու նպատա­կով. այս անձանց է պահուած ճշմարիտ փառաց ժառանգորդ ըլլալու իրաւուն­քը, այս անձանց է Աստծոյ արքայութեան մէջ բարձր աստիճան:

Հայ ազգը այս օրերս սակաւաթիւ անձերէն մէկը կորոյս. հայ ազգը չճանաչեց զանի, բայց այն անձը ո՛չ միայն լաւ ճանաչեց իր ազգը, այլեւ անոր համար մաշեցաւ, անոր համար հիւծեցաւ եւ իր բոլոր հարստութիւնը անոր պիտոյիցը ծախսեց. պա՛րզ ապրեցաւ, աղքատութեան մէ՛ջ ապրեցաւ, անծանօթ եւ աննշան ապրեցաւ, վասնզի փառաց եւ պատուոյ համար չապրե­ցաւ. ազգին համար միայն ապրեցաւ եւ ազգին տանը մէջ, Ազգային Հիւան­դանոցին մէջ կնքեց իր թանկագին կեանքը:

Մշեցի պարոն Մկըրն էր ասի, Մշեցի Մկըր կը կոչէին ամէն զինքը ճանչցողները եւ այս անունով գոհ կ՚ըլլար ինքը. վասնզի իր մեծ երջանկու­թիւնը իր հայրենեաց անուան յաճախ յեղյեղուիլն ու անկորուստ մնալն էր, իր հայրենեաց` որուն համար նիւթապէս եւ բարոյապէս կարի՛ շատ աշխատեցաւ: Տակաւին աչքներնուս առջեւն է Մշեցի Մկըրը ազգային վարչութեան ժողովնե­րուն մէջ, որ իր հայրենակցաց վիճակին բարւոքութեան համար երեսանկեալ կ՚աղաչէր ոտքի վրայ կանգնած այն էֆենտի, պէյ, եպիսկոպոս, պատրիարք եւ այլ աստիճանաւոր անձանց առջեւ, որոնցմէ շատ մեծ էր ինքը, թէեւ Մշեցի Մկըր անունն ու կապոյտ վարտիք մը կրելով` շատ մեծ էր անոնցմէ, վասնզի ոչ ոք անոնցմէ իրեն չափ սիրտ, միտք, ստակ եւ կեանք մաշեցուցած էին հայրենեաց համար:

Արեւելեան պատերազմի ատեն շահու համար Խրիմ գացած ու հոն իր աչալրջութեամբ 4 հազար լիրայէն աւելի ստակ շահած էր. այս գումարն ամ­բողջ Մշոյ գաւառին մէջ ցանեց` ստակին տեղ մարդ բուսցունելու փափաքով եւ իր այս հարստութենէն իր որդւոցը միայն այնչափ բաժին հանելով, որով միայն Մշոյ մէջ կրնան ապրիլ, թերեւս այն դիտաւորութեամբ ըրաւ ասի, որ իր տղայքը ստիպուին իրենց հայրենիքէն չհեռանալու:

Ինքն գրել կարդալ չէր գիտեր, բայց բնական հանճար ունէր եւ անով հասկցած էր թէ, իր հայրենակցաց թշուառութեան մէկ գլխաւոր պատճառն ալ տգիտութիւնն էր. ուստի ամէն ջանք ըրաւ, որ իր հայրենեաց ապագայ զա­ւակներուն թշուառութիւնը հնար եղածին չափ թեթեւցնէ:

Ատեն մը Տոլմապահճէի կազհանէն պաշտօն մը ունէր, որով ամիսը 3 հազար ղուրուշի չափ ստակ կը վաստկէր: Արդի վեհափառ Գեւորգ կաթողիկոս ձանձրացած ըլլալով այս անձին ստէպ երթալ զինքը անհանգիստ ընելուն` Տարնոյ ժողովրդին այլ եւ այլ խնդիրներովը, աղաչեր էր զՏատեան Պօղոս պէյ, որ երթայ կազհանէին տնօրէնէն խնդրէ, որպէսզի չթողու զՄշեցի Մկըր ստեպ պատրիարքարան երթալուն: Բաշան զինքը կանչեր եւ հրաման ըրեր էր, որ չերթայ հոն, թէ ոչ զինքը կը վռնտէ: «Քառասունըհինգ տարի է որ կ՚ապրիմ, հինգ տարի է, որ քու հացդ կ՚ուտեմ, անկէ առջի քառսուն տարիներուն մէջ իմ հացս տուող Աստուածս այսուհետեւ ալ կու տայ. ես իմ ազգիս համար աշխատելէն չեմ կրնար ետ կենալ», պատասխաներ էր Մշեցի Մկըր եւ անմիջա­պէս առեր քալեր է հոնէն` այն ամսական 3000 ղուրուշ շահը իր ազգին սիրուն զոհելով:

Քսանըհինգ տարիէ ի վեր իւր բոլոր հարստութիւնը եւ իր վաստակը իւր հայրենեաց նուիրեց. ինք ալ հոս հիւրասիրութեամբ, աղքատասիրութեամբ եւ ամենայն պարկեշտութեամբ ու ողջախոհութեամբ ապրեցաւ:

Ա՛հ, քանի անգամ որ կը տեսնէի այս մեծ մարդը, կը դիտէի անոր բարձր հասակը, միայն աչացաւով վիրաւորուած վեհ դէմքը եւ կը լսէի անոր համեղ այլ ազդու ձայնը, մեծ մխիթարութիւն կը զգար սիրտս, զի անտէրունչ ազգիս տէրութիւն եւ պաշտպանութիւն ընելու անշահադէտ կամք, սիրտ եւ հոգի մը կը տեսնէի:

Աւա՜ղ, այս անհողդողդ կամքը, այս բարի սիրտը, այս վեհ հոգին ալ վերացաւ:

Երանի՜ թէ հանգուցեալ Մշեցի պարոն Մկըրին ցանած սերմերէն այլ մշե­ցիներ յառնէին անոր հոգւովն ու սրտովը ուռճացած:

ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ

Մեր բարեկամներէն մին Թատրոնի դադարման վրայ ցաւակցութիւն յայտնող եւ զգացմամբ լի նամակ մը դրկած ըլլալով մեզ ի հրատարակու­թիւն, սիրով կը հրատարակենք զայն չափազանց լեզուով գրուած տողերն կէտադրութեամբ անցնելով:

… Էֆենտի

Թատրոնիդ դադարման վրայ մեծ ցաւ զգացի: Նախ անոր համար որ .............., ..............: Երկրորդ` անոր համար, որ .............. ՝ .............. ՞ ..............: Երրորդ` անոր համար, որ .............., .............. (. ) ..............: Չորրորդ` անոր համար, որ .............. ՛ .............. ՜ ..............: Բայց որովհետեւ Թատրոնը ..................., ..................... ՞ ...........................: Թէպէտեւ .............. (.............. ) .............. բայց ինչո՞ւ համար .............., .............. որովհետեւ .............., .............. որո՞ւ կ՚ըսես .............. «.............. » .............. անհրաժեշտ պէտք է .............. ճշմարտութիւնը .............., .............. այն ինչ .............., դուն ուրեք .............. իբրեւ կայծ

.............. (.............. ).............. «.............. » .............. ծանր է ծանր .............. ` .............. յառաջադիմութիւն, յառաջադիմութիւն .............., .............. ՞՞՞՞ .............. ո՞ւր ես, ո՜վ .............., .............. ՝ .............. ըստ որում .............., .............. իբր այն, թէ մարդս .............. ՝ .............. քանի որ մարդս .............., .............., .............. պէտք է որ մարդս ..............: Ասիկա յայտնի ճշմարտութիւն մ՚է .............., չեմ ըսեր թէ բոլորովին .............. ՞ .............., որովհետեւ ես ալ ...................................... ո՞չ ապաքէն դուն ալ .......................................... յայտնի է որ, աս ալ .............. ՞՞՞ .............. դժբախտութիւնը հոն է, որ .............., .............., .............. սրտի զգացումներն ..............: .............., միտքերն .............. ոտքերը .............. շղթայազերծ ալիքներու նման .............. նաւուն առագաստները ..............: .............. ՞ .............., .............. ՞ .................... ասիկա կը հերքեմ ...................................: ................... կը մաղթեմ .............. բարէ՜ .............. ՝ .............. ՞ ............... բարոյապէս .............. ։ .............. ափսո՜ս .............., որչափ ալ վնասակար .............. ՝ ..............

…Տէր. հաճեցէ՛ք սոյն նամակս ձեր դիտողութիւններով մէկտեղ հրա­տարակել ձեր ազատախօս թերթին մէջ, որով մնամ ցաւակից բարեկամդ՝

Գ. Թ.

Մեծ. Գ. Թ.

Շնորհակալ եմ ձեր սրտին զգացումներէն : Այո՛, իրաւունք ունիք, որովհետեւ .............. ո՞վ կը յուսար, որ .............., .............. բայց դուք պիտի ըսէք թէ` .............. ամենեւին, վասնզի .............. բայց ինչեւէ ..............: Մինչդեռ .............. ըստ որում .............. եւ այլն

Քոյդ
Թատրոն

Թատրոնի դադարման միջոցին ազգային քանի մի թերթեր ալ դադրած` բայց վերջէն իրենց ներուելով՝ նորէն հրատարակուիլ սկսած ըլլալնուն համար մեր ցաւակցութիւնն ու խնդակցութիւնն միանգամայն կը յայտնենք:

ԲԱՌԵՐՈՒ ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ

Ի՞նչ է լուսանկար պատկերը.

Շողոքորթ մը` որ ամէնէն տգեղին իսկ գեղեցիկ ես, կ՚ըսէ:


Ի՞նչ է յուսահատութիւնը.

Ունեցածը յիմարաբար նետել:


Ի՞նչ է արդի քաղաքականութիւնը.

Քոնսոլիտի բիացան` որուն ժամ մը ետքը ինչ ըլլալիքը խաղացողներն ալ չգիտեն:


Ի՞նչ է հիւանդութիւնը.

Պարտատէրներուն ձեռքէն խալսելու միակ միջոց:


Ի՞նչ է պատմութիւնը.

Ետիդ նայիլ, առջեւդ տեսնել:


Ի՞նչ է տղու մը աշխարհ գալը.

Միեւնոյն գրքի նոր տպագրութիւնը:


Ի՞նչ է գերեզմանը.

Անդիի աշխարհին անշարժ թրամուէյը:


Ի՞նչ է ծերութիւնը.

Մահուան հետ ճիլվէ ընող:


Ի՞նչ է Այվազ ը.

Մարդկային քերականութեան կանոններու մէջ բացառութիւն մը:

ԵՐԿՈՒ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՐՍԸ

Աշխարհիս վրան ամէն արուեստ իրեն յատուկ գործիքներ ունի. նկարիչն` իր վրձինը, փայտահատը՝ իր կացինը եւն:

Կարգուիլն ալ արուեստ մ՚է: Սիրելու արուեստը այս օրուան օրս մեծ տեղ մը կը բռնէ, էսնաֆներուն ամէնէն բարձրն է, եւ անոնք միայն կրնան յարիլ այս արուեստին, որոնք որ սիրելու գործիքն ունին, հասկցար հարկաւ, որ սիրտ ըսել կ՚ուզեմ:

Շատերն այս արուեստը իբր տղու խաղալիք կը նկատեն, դիւրին բան մը կը կարծեն, եւ առանց գործիքի անոր մէջը կը մտնեն:

Պատմենք:

Բոլոր կենացը մէջ Աստղիկին երեսը բնաւ չտեսած, յիշողութեան տկա­րութեանը պատճառաւ, երիտասարդութեանը ժամանակը կարգուելու մոռցած` եօթանասուն տարու ակռաները թափած ծերուկ մը զաշխարհ ճաշակել կը փափաքի, եւ իր բարեկամներէն մէկուն հետ խորհրդակցելէ վերջը` ասկէ իբր երկու ամիս առաջ՝ աղուոր, սիրուն, տասնըչորս տարու աղջկան մը հետ կը կարգուի:

Չեմ յիշեր, ո՞ւր կարդացեր եմ, թէ ամուսնութիւնը արօր մ՚է, որուն լծուած են այրն ու կինը:

Քեզի կը հարցնեմ հիմա, ընթերցող, ի՞նչպէս կ՚երթայ այն արօրը` որուն լծուած են եօթանասուն տարու ծերուկ մը եւ տասնըչորս տարու աղջիկ մը:

Աղջիկը քալել կ՚ուզէ, ծերուկը չկրնար քալել, բոլոր բեռը աղջկան վրայ կը մնայ:

Ի՞նչ ըսեմ ան ծերերուն, որ արօրի վրայ նստելու տարիքնուն մէջ, հոն կը լծուին, եւ արօրն ալ, իրենց ընկերն ալ կէս ճամբան կը թողուն:

Վայրկեաններ, ժամեր, օրեր կ՚անցնին, երկու ամիս կ՚ըլլայ, հարսը իր սրտին համապատասխանող սիրտ մը չգտնալով ամուսնոյն վրայ` մօրը իմաց կու տայ:

Մայրը կ՚երթայ, իր աղջիկը կը լուծէ արօրէն, կ՚առնէ կը տանի:

Ծերուկը լծուած կեցած է դեռ: Ծերուկին համար կ՚ըսեն թէ` Հասունիսթ է եղեր:

Իրաւ է, շատ հասուն է, ուտուելու արժանի պտուղ մըն է: Որկրամոլ գե­րեզմանը չլսէ:

ՓՈՒՆՋԻՆ ԱՆԿՈՂԻՆԸ

Փունջին ուրբաթ աւուր թերթին մէջ կը կարդանք` որ մարդուն մէկը ան­կողին մ՚է հնարեր: Այս անկողինը իրիկւընէ կը յարդարես եղեր եւ արթննալ ուզած ժամուդ` քեզի վեր վեր նետելով՝ կ՚արթնցնէ եղեր. եւ մինչեւ որ չել­նես նէ` հանգիստ չկենար եղեր:

Ասիկա նոր գիւտ մը չէ, ասանկ անկողիններ մայրաքաղաքիս մէջ եւ այ­լուր շատ կը գտնուին, եւ որոնք ոչ թէ միայն ուզած ժամանակդ` այլ չուզած ժամանակդ ալ քեզ կը ցատկեցնեն եւ թող չեն տար, որ քնանաս:

Ասոնց մէկ աղէկ տեսակն ալ կայ, որ ամենեւին չքնացներ, այս տեսակ անկողիններուն մէջ պառկողները հետեւեալներն են.

Սիրուհիներէն վռնտուած սիրահարներ:

Լրագիրնին դադրած եւ չդադրած խմբագիրներ:

Ամսականնին չառնող վարժապետներ:

Խօսքերնին չքալեցնող երեսփոխաններ:

Իրենց վիճակէն հեռու գտնուող առաջնորդներ:

Ի նպաստ իրենց տրուած ներկայացումներէն վնասուող դերասաններ:

Թրախոմայով աղջիկ առնողներ:

Սնտուկին տակէն ծակած թաղականներ:

Թրամուէյ բանող փողոցները գտնուող տուներուն մէջ նստողներ:

ԵՐԱԶԻ ՄԷՋ ԳՐՈՒԱԾ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ

Ասկէ քանի մը շաբաթ առաջ` Մեղու յօդուածի մը մէջ երազ մը գրած էր, այս գիշեր ալ երազին մէջ յօդուած մը գրեց:

Երազնուս մէջ տեսածնիս եւ լսածնիս գրելու ազատ ըլլալով` յիշեալ յօդ­ուածը հոս ալ կը դնենք:

Լրագրական օրէնք

Յօդ. Ա. Բոլոր լրագիրները դադրեցնել:

Յօդ. Բ. Խմբագիրներն անօթութեան վարժեցնել:

Յօդ. Գ. Աչքերու համար տեսչութիւն մը դնել, որպէսզի անիրաւութիւն մը տեսնելնուն պէս` զանոնք տեսնելէ դադրեցնէ:

Յօդ. Դ. Լրագիր մը իր ուզածը ամենայն ազատութեամբ կրնայ խորհիլ, բայց չկրնար խօսիլ:

Յօդ. Ե. Լրագիր մը իր խմբագրին վրայ կրնայ յարձակիլ:

Մնացած յօդուածները լրագրական տեսչութեան դէմ ըլլալուն համար՝ աւրած ենք:

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Enzeli
Alexander Spendiaryan

Enzeli

March 18 1963 NYC
March 18 1963 NYC
Play Online