Կաղանդի գիշեր
Ամէն ինչ ծայրէն վերսկելու
Ի վերջոյ նորէն այդպէս ըլլալու
Տօնն է այս գիշեր  
Լոյսեր վառեցէք   եթէ չի բաւեր
Ձեզ տաքցնելու ձեր լոյսը ներքին  
Տօն է այս գիշեր  
Պահ մը ամէն ինչ վերջացնելու
Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու
Տօնն է այս գիշեր  
Յոյսեր վառեցէք   եթէ չեն բաւեր
Ձեզ տաքցնելու ձեր յոյսերը հին  
Տօն է այս գիշեր  
Ի վերջոյ նորէն այսպէս մնալու
Քիչ մը աւելի յուսալքուելու
Տօնն է այս գիշեր  
Երգել փորձեցէք   եթէ չէք մոռցեր
Խանդոտ երգերը ձեր պարմանութեան  
Տօն է այս գիշեր  
Զուր տեղ վատնուած օրերն յիշելու  
Գոյութեան տխուր հաշուեկշիռին
Տօնն է այս գիշեր  
Լոյսեր ու յոյսեր վառեցէք գոյն գոյն  
Երգեր երգեցէք հինէն ու նորէն  
Տօն է այս գիշեր  
Գոյատեւելու տօնն է այս գիշեր

