Զապել Եսայան

Սիլիհտարի պարտեզները

Մարմարայի ափերուն վրայ

Մարմարայի ասիական եզերքը, պատսպարուած խաղաղ ծոցիկի մը մէջ, յունական աննշան գիւղ մըն էր Մալթեփէ։ Այնտեղ օդը մեղմ էր, կեանքը աժան եւ ծովի լոգարանները բնականէն յատակուած էին նուրբ աւազով։ Մանկութեան տարիներս ամառը ինձ կը տանէին այդ գիւղը, բժիշկի պատուէրով։ Յետոյ, երբ մայրս անցուց իր հիւանդութեան տագնապալի շրջանը, բժիշկը օգտակար համարեց ծովի լոգանքները ե՛ւ մօրս համար։

Հայտար փաշայէն մինչեւ Իզմիտ երկաթուղիի երկայնքին շարուած այդ գիւղերը կը հայթայթէին մայրաքաղաքին այն առաջնակարգ սեղանի խաղողը, աշխարհահռչակ «չաւուշը», որ կը փոխադրէին Պոլիս մեծ սակառներու, քիւֆէներու մէջ, եզան սայլերով։ Փոխադրական այս պայմաններուն մէջ, բնական էր որ մայրաքաղաքի մերձաւոր գիւղերը առաւելութիւն ունէին հեռաւոր գիւղերուն վրայ։ Երկաթուղիի շինութիւնը շրջեր էր այդ կացութիւնը։ Մինչեւ Գարթալ՝ Մարմարայի այդ ափի կարմրորակ հողը, բացի այգեմշակութիւնը, ընդունակ չէր տարածուն մշակութեան։ Կ. Պոլսոյ ամենէն մերձաւոր ծովափնեայ գիւղերը դարձեր էին ամարանոցներ, իսկ Պուտանճըգ եւ Մալթեփէ յոյն բնիկ մշակներու եւ Րումելիէն եկած գաղթականներու յամառ աշխատանքով ստեղծեր էին բանջարանոցներ։

Առաջին տարիներուն, Մալթեփէ գիւղագնացութեան կու գային երկու-երեք արհեստաւորի հայ ընտանիքներ, երկաթագործ կամ եազմաճի։ Ծովափէն բաւականին հեռու կային նաեւ քանի մը քէօշկեր, սեփականութիւն թուրք պաշտօնատարներու, որոնք ընդհանրապէս ամբողջ տարին փակ կը մնային։

Հետզհետէ, սակայն, Մալթեփէի համբաւը մեծցաւ։ Շնորհիւ իր կլիմայական յատկութիւններուն, ինչպէս նաեւ նուրբ աւազով ծածկուած լոգարաններուն, ան դարձաւ տկարակազմ եւ անարիւն պատանիներու համար առաջնակարգ բուժատեղի։ Մեծ քազինօ մը բացուեցաւ կայարանին մօտ եւ շքեղ հիւրանոց մը՝ ծովեզերքը։ Նաւարկութիւն հաստատուեցաւ Իշխանաց կղզիներուն հետ, որտեղի ամառանոցայինները կ’անցնէին Մալթեփէ եւ օգտուելով երկաթուղիէն աւելի կ’արագացնէին երթեւեկութիւնը մայրաքաղաքին հետ։

Մալթեփէ, այդ անշուք եւ պարզուկ գիւղը, եղած է իմ մանկութեանս երկնային դրախտը։ Ամէն տարի, գարնան, յոյսը այդ վայրը փոխադրուելու, ինձ կը պահէր տենդագին անհամբերութեան մէջ։ Ամբողջ ձմեռը կ’երազէի այդ երջանկութիւնը, կ’երազէի ծովը եւ այն անթիւ վայելքները, որ ծովեզերքը կ’ընծայէ երեխաներուն։ Երբ մեծերը կ’ըսէին արհամարհանքով «ի՞նչ կայ Մալթեփէ…», կը զարմանայի, որովհետեւ այդ գիւղը ինձ համար կը պարունակէր անթիւ հրապոյրներ։ Կը յիշէի դաշտերը, կալսը, գոմերը եւ այն պարարտ ու յագեցնող հոտը, որ եզներու ռունգերէն կ’արտաշնչուէր, նոյնիսկ աղբի եւ յարդի հոտը։ Կը յիշէի Քոքոնայի տունը, ուր սենեակներ կը վարձէինք, անոր տղուն, խաշնարած Եորկիի հետ ըրած փախուստներս դէպի հեռաւոր արօտավայրեր լեռնալանջերու վրայ, կը յիշէի հռոմէական կիսաւեր աքըտիւքներու վրայէն յանդուգն երթեր, երբ հարկ կ’ըլլար ոստում մը ընել բացուածքի մը վրայէն, ալպանացիներու բանջարանոցները եւ գամփռները, որոնք ընտանեցած էին մեզ հետ եւ որոնց մազոտ եւ թաւ գլուխները գրկելու համար բազուկներս կարճ կու գային, գամփռեր, որոնց բամբ հաջիւնը կը սարսափեցնէր պատահական անցորդները։ Կը յիշէի ընտանիքով պտոյտներ սարալանջերու վրայ, ուր գիւղի խաշնարածներու կը հանիպէինք եւ որոնք մեզ կ’ընծայէին ողորեայ փոքրիկ կողովներու մէջ խոճա եմիշի ըսուած, մեծերու համար անհամ, բայց ինձ համար անմահական վառ կարմիր եւ հիւթեղ վայրի պտուղը. հեռաւոր այազմաները, ուր որոշ տօներու ամէն կողմերէ կու գային կիներ ու տղամարդիկ, յոյն ու յունադաւան, րումելիցիներ, ալպանացի, սերպ, բոսնիակ, եբիրեցի պարտիզպաններ, այգեմշակներ, իրենց յատուկ տարազներով, որոնք կ’երգէին խումբերով, կը պարէին խումբերով եւ երբեմն կը մեներգէին եղեգնեայ սրինգի ընկերակցութեամբ։

Ու այդ բոլորը վերյիշելով վերստին կ’ապրէի, որոնց մասին երբեմն կը խօսէի անընդհատ եւ երբ կ’անդրադառնայի որ չեմ կարող ուրիշները վարակել իմ ոգեւորութիւնով, կը տխրէի, կը լռէի, բայց եւ սովորութիւն կը ստանայի գրելու այդ ետ մղուած զգացումներու եւ պատկերներու մասին։

Քանի դեռ ամառը հեռու էր, կը վերյիշէի Մալթեփէն քաղցրութեամբ եւ երանութեամբ, բայց քանի գարունը կը յառաջանար, այնքան այդ երանութիւնը կը փոխուէր անձկութեան, որովհետեւ, ամէն տարի, հայրս մշտնջենական նիւթական դժուարութիւններու մատնուած, կը վարանէր որոշում մը առնելու։

Եւ վերջապէս որոշումը կ’երթար առաջ Արթին ամուճային հետ, որ իր ծանօթներէն մէկուն ձիաքարշ սայլը կը վերցնէր։ Բեռները կը դնէին սայլին վրայ, Իւղաբեր մօրաքոյրս կը տեղաւորուէր իրեն համար սարքուած անկիւն մը եւ Արթին ամուճա սայլը կը քշէր։ Իրիկունը ամուճան առանձին կը վերադառնար եւ մեզ կը յայտնէր որ Քոքոնային տունը սենեակները վարձուած են։ Ան չէր սիրեր գիւղը եւ կ’արհամարհէր մեր ճաշակը։

– Ի՞նչ էք հասկցեր, պէ՜… կ’ըսէր ան, ատ գեղէն։

Երբ ի վարձատրութիւն իր կրած նեղութեան Երանիկ մօրաքոյրս կ’ըսէր իրեն.

– Ամուճա՛, օր մը դուն ալ գնա Մալթեփէ։

Արթին ամուճա կը բացագանչէր.

– Ես չէհիր ուշաղի եմ, հազ չեմ ըներ գեղացիները, խամ մարդիկ են։

Այլեւս կրնայինք ճամբա ելլել։ Բայց այնքան մեծ էին հօրս դժուարութիւնները որ երբեմն շաբաթ մը կ’ուշանայինք իրականացնել մեր ծրագիրը։ Այդ միջոցին անհամբերութիւնը եւ ուրախութիւնը ինձ կը դարձնէին տենդոտ, տաքութիւնս կը բարձրանար. տնեցիները կը մնային տատամսոտ եւ խեղճ հայրս իր զով ձեռքերը կը դնէր ճակտիս վրայ, խարխափող մատները բազկերակիս, կը մատնուէր մտատանջութեան։

Ընդհանրապէս առաջին օրը հայրս մեզ կ’ընկերանար։ Կառքով կ’երթայինք մինչեւ Հայտար փաշա, ուր կ’առնէինք գնացքը։ Առաջին անգամ վայրաշարժը ինձ երեւցած է հսկայական մեծութեամբ։

Առաջուց գիտէի մեր անցնելիք կայարանները. հոգիս կը դողար յուզումով, երբ ծովը կը տեսնէի տարածուած մեր դիմաց, եւ փալփլուն՝ արեւի ճաճանչներէն։ Գնացքին մէջ կիները կը գանգատէին տաքէն, ծարաւէն, կը ձանձրանային անգործ նստելէն եւ աստիճանաբար ինքզինքս կը զգայի օտար եւ հեռաւոր իմ մերձաւորներէս։ Բայց հայրս կը հասկնար իմ զգացումներս եւ արձագանգ կու տար իմ բոլոր հետաքրքրութիւններուն եւ կրած տպաւորութիւններուն։

Այն վերջին տարին, որ Մալթեփէ գացինք, դպրոցի շրջանը աւարտելէ յետոյ, տասնըչորս տարեկան էի։ Նախորդ տարիներու զբօսանքները եւ խաղերը այլեւս նոյն հմայքը չունէին ինձ համար։ Իմ տարեկից յոյն գիւղացի տղաքն ալ փոխուեր էին եւ մեր մէջ եղած կապերը խզուեր էին։ Նոյնիսկ Եորկին, որ երեք տարով մեծ էր ինձմէ, կը քաշուէր ինձ հետ խօսելու եւ երբ տանը կից գոմին առաջ իրարու հանդիպէինք, ան կը մտնէր գոմ եւ կը պահուըտէր։ Երբ առանձին պտոյտի գացած միջոցիս, գիւղացի պատանի մը, վերյիշելով մեր սանձարձակ խաղերը, դէպի ինձ վազէր, ոեւէ պատահական գիւղացի կը սաստէր պատանին եւ յարգանքի կը հրաւիրէր։

Ես այլեւս երեխայ չէի։ Աշխարհը այլափոխուեր էր ինձ համար։ Աչքերս ուրիշ կերպ կը դիտէին շրջապատը, բնութեան տեսակները։ Ծովը այլեւս անսահման ջուրի տարածութիւն մը չէր, որուն եզերքը կիսամերկ կը խաղայինք խճաքարերու հետ, այլ կապոյտ ալեծուփ տարածութիւն մը, որ խորքը կը կազմէր իմ տարտամ երազներուս եւ ա՛լ աւելի տարտամ ցանկութիւններուս։ Իմ աչքերս տխրեր էին, դիմագիծերս հանգստացեր էին մանկական ծամածռութիւններէն եւ երբ երիտասարդ գիւղացի մը իմ անցքիս յունարէն լեզուով գովեստ մը ուղղէր, կը շառագունէի հակառակ իմ կամքիս։ Երբեմն միտքս կը սեւեռէր դպրոցի մէջ կրած տպաւորութիւններուս վրայ, բայց անոնք ալ հետզհետէ կը քողարկուէին մշուշով։ Մեծ եւ լայն բնութիւնը ինձ գրկեր էր ծոցին մէջ եւ իմ մարդկային բնազդներս կը զարթեցնէր ծովի մեղմ մրմունջներով, սիւքի քաղցր շոյանքով եւ հեռաւոր լեռներու կապոյտ տեսիլքով։

Այս ներամփոփ տրամադրութեանս կը նպաստէր նաեւ առողջական վիճակս, որ անգամ մըն ալ դարձեր էր մտահոգիչ։ Իմ շուրջս եղողները վերստին սկսեր էին դողալ ամէն բանէ եւ ինձ տրուած հոգածութիւնը եւ խորհուրդները զգացնել կու տային ինձ որ վտանգը դարանակալ կը սպասէր իմ կեանքի ճամբուս վրայ։

Երբեմն ծովեզերքը, ժայռի մը վրայ նստած, աչքերս յառած փերուզի պէս կապոյտ ծովին եւ տխրութեամբ կը մտածէի որ թերեւս շուտով պէտք է հրաժարիլ այս լուսահեռ աշխարհէն։ Մահը ինձ կը ներկայանար որպէս դաւաճան թշնամի, որուն դէմ պէտք է կռուիլ բոլոր միջոցներով։ Ինձ հետ բերեր էի Դուրեանի բանաստեղծութիւնները եւ անվերջ կը կարդայի եւ աստիճանաբար կ’իւրացնէի վաղամեռիկ երիտասարդի մը հոգեբանութիւնը։

Քանի՜-քանի՜ պատանիներ եւ երիտասարդուհիներ, մեր բանաստեղծական Սկիւտարի մէջ, մեռեր էին, «հողերը առեր պառկեր էին», մինչեւ վերջին շունչը երգելով իրենց յուսահատ թախիծը։ Անոնք թողեր էին անգիր երգեր, որ իրենց մերձաւորները, ծանօթները շրթունքէ շրթունք հաղորդեր էին։ Այդ տրտում եւ վաղամեռիկ երիտասարդներէն ոմանք, – որոնց անշուք շիրիմներուն վրայ ծննդեան եւ մահուան թուականները այնքա՜ն մերձաւոր էին – յանպատրաստից երգեր էին իրենց հուսկ երգը եւ իրենց աչքերը փակեր էին շքեղ վերջալոյսներու վրայ։

Արդեօք ես ալ մէկը չէի՞ այդ նախասահմանեալներէն…։ Ու մինակս ես ինձ մէջ ամփոփուած կը տանէի այդ ճնշիչ բեռը, որուն ծանրութիւնը յանկարծ զգացեր էի տարեկան քննութիւններէն յետոյ, երբ դպրոցը փակուելէ ետք ինքզինքս զգացեր էի մինակ եւ յոգնած։ Եւ այժմ Մալթեփէի մէջ, ինձ հարկադրուած անգործ եւ հայեցողական կեանքի մէջ յանկարծ որոշ շրջագիծ կը ստանար ինձ սպառնացող վտանգը։

Տենդը, ամէն իրիկուն, մեղմօրէն, բայց յամառօրէն կը սողոսկէր երակներուս մէջ, անքնութիւնը կը ջլատէր ուժերս եւ առաւօտեան դէմ միայն կ’ընկղմէի ծանր քունի մէջ, ընդհատուած դուրսի աղմուկներէն, գիւղական կեանքի յատուկ ձայներէն, աքլորներու զիլ երգը, եզներու բառաչիւնը, Քոքոնային գոռում-գոչումը Եորկին արթնցնելու համար, եւ վերստին ծանր քունը քրտինքի շոգիի մէջ։

Ո՜հ, անգութ գեղեցկութիւնը անանցանելի բնութեան, որու առաջ անցնող ստուեր մըն է իմ նորազարթ երիտասարդութիւնս։ Երբ կռնակի վրայ պառկած կը դիտեմ երկնակամարը եւ ճերմակ ու թեթեւ ամպերը, որոնք ցիր ու ցան ժանեակներու պէս կը զարդարեն երկինքը, ուժգնօրէն կը խորհիմ որ ես ինքս պիտի ընկղմիմ անոր մէջ։ Ես չեմ հաւատար յետ մահու կեանքի եւ մտածումէս միանգամ ընդմիշտ վտարուած են կրօնական զգացումները, եւ այդ սփոփարար է։ Չկայ իմ մէջ սարսափ, այլ տեսակ մը ընկրկում եւ արդէն իսկ մահուան յաղթահարելու տրամադրութիւն եւ ահա, փոխանակ երթալու այն արահետներէն, որ սկիւտարցի հանճարեղ բանաստեղծը բացեր է կթոտ քայլերով, ես կը գրեմ իմ բանաստեղծութիւնս, արձակ, իմ յատուկ բնութեանս դրդումով։

«Ո՜հ մահ, որ ծներ ես ինձ հետ, որ եղեր ես իմ երկուորեակը, կ’ուզեմ քեզ ճանչնալ ու նայիլ քու աչքերուդ շեշտ նայուածքով Մի սպառնար ինձ որպէս ինձ անծանօթ պատուհաս, դուն կաս, որովհետեւ ես կամ, ու առանց ինձ դու սին ստուեր մըն ես, ծիծաղելի խրտուիլակ»։

Բանաստեղծութիւնը կը վերջանար մահուան դէմ յարձակողականով. «Եւ ես կը յաղթեմ քեզ նոյնիսկ մահուանս րոպէին... » եւ այլն։

Այն տարին ամառային շքեղ եւ արեւաշող օրերը տեւեցին մինչեւ աշնան վերջերը։ Այգուն առաջին ժամերէն յետոյ, օդի շարժում մը զգալի կ’ըլլար եւ ցանցառ ամառանոցայինները, «հիւրերը», դուրս կու գային իրենց փակ փեղկերով տուներէն։ Ոմանք կ’երթային դէպի բարձրութիւն մը, ուր հինաւուրց եւ ամայի ապարանքի մը առաջ մենաւորիկ մայրի մը իր լայն ճիւղերը կը տարածէր։ Ոմանք ալ կ’իջնէին ծովափ, քիչ մը զովութիւն յուսալով։ Մօտիկ եւ հեռաւոր բանջարանոցներու մէջ արտեզեան հորերը կը սկսէին ճռնչել եւ հետզհետէ կը լսուէր գոմ դարձող անասուններու երկարաձիգ բառաչիւնը։

Գիւղի փողոցներէն անցած ատեն կը զգայինք քախցուի, խմորման մէջ եղող ճզմուած խաղողի բարկ հոտը. մինչ սեմերու վրայ նստած պառաւ եւ ժիր գեղջկուհիներ գուլպայ կը հիւսէին արտորալով եւ անընդհատ շատախօսելով։ Եւ ամէն փողոցներու բերնէն կը տեսնուէր Մարմարան իր փերուզէ պսպղուն կապոյտով։

Ծովը ընդհանրապէս խաղաղ էր իր գրեթէ անծալ մակերեսով։ Որոշ ժամերու, երբ օդը նպաստաւոր ըլլար, պահ մը կ’ուրուագծուէր եւրոպական ափունքը եւ կ’անհետանար իսկոյն լուսեղէն մշուշի մը ետեւ։ Բայց Մարմարայի գլխաւոր զարդը կը կազմէին Իշխանաց կղզիները իրենց յարափոփոխ երեւոյթներով։

Այգուն առաջին ժամուն այդ կղզիները եթերային թեթեւութիւն մը կը ստանային։ Անոնք կարծես փետուրի պէս կը ծփային զով կուրծքին վրայ։ Քանի ժամը կը յառաջանար, անոնք կ’ամրանային, շրջանագիծ կը ստանային եւ միջօրէին շքեղ եւ դալար փունջերու պէս կը խրոխտային իրենց գեղեցկութեան մէջ։ Երեկոները, վերջալուսային ցոլքերով վառուած, փոխն ի փոխ խառնուելով եւ անջատուելով երկինքի շառագոյն ամպերէն, կարծես պայքարի կը մտնէին աներեւոյթ զօրութիւններու հետ։ Ծովափին վրայ մեր պտոյտի ընթացքին, մեր տեսողութեան մէկ կէտէն միւսը անոնք երբեմն կը կուտակուէին, երբեմն կը հեռանային իրարմէ, շարքով կեցած նաւերուն նման, որոնք իրենց ցռուկները կ’ուղղեն անվերադարձ մեկնումներու։

Աստղային գիշերներու մէջ, անոնք կը խարսխէին իրենց տեղերուն վրայ եւ անոնց ծովափնեայ կողերուն անհամար լոյսեր կը վառուէին։ Երբեմն ճերմակ նաւակ մը կ’անջատուէր անոնցմէ եւ յունական սիրահրաւէր երգ մը կը թրթռար օդին մէջ հետզհետէ մերձենալով։

Կէս գիշերին, մթին ու ամուր, որոնք կը բարձրանային ամբարտակներու նման եւ կարծես կը խոկային իրենց առանձին գոյութիւններուն մէջ։ Լուսինը իր արծաթեայ շողերը կ’անձրեւէր ծովուն վրայ եւ կոհակներու կատարները կը պսպղային սատափեայ քթթումներով։

Այն ժամանակ դեռ շոգենաւեր չէին երթեւեկեր կղզիներուն եւ ասիական ափունքին միջեւ։ Միայն ձկնորսներ կը մօտենային մէկ կամ միւս կղզիին ամայի ափունքին եւ մեր ծովափը կը բերէին ցողաթուրմ եւ լիքը ուռկաններով կարմրախայտեր, սարդիններ եւ ուրիշ արծաթագոյն մանր ձուկեր։

Ֆայիզէ

Նոյն տարին, Օգոստոս ամսուն, մեր հարեւան տունը վարձուեցաւ։ Քոքոնան, երբ վերադարձող կովերուն կաթը կը կթէր մատներու արագ եւ րիթմիկ շարժումներով, մօրաքրոջս յայտնեց որ գալիք վարձուորները թրքուհիներ են։ Քանի մը օր ետքը թրքուհիները եկան։ Անոնք երկու հոգի էին. տարեց կին մը եւ հազիւ տասնըհինգ տարեկան աղջիկ մը՝ Ֆայիզէ։

Ֆայիզէ տարի մը առաջ հայրը կորսնցուցեր էր թոքախտէ եւ մայրը կրկին ամուսնացեր էր։ Անիկա նիհար եւ տժգոյն աղջիկ մըն էր, սեւ երազուն աչքերով եւ բարակ յօնքերով, որոնք կը միանային իրարու թեթեւ աղուամազով մը։ Առաջին օրէն մեր նայուածքները իրարու հանդիպեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւնով եւ շուտով առիթը գտանք իրարու հետ ծանօթանալու։

Տարեց կինը մեծ մայրն էր։ Ան առաւօտէն մինչեւ իրիկուն անդադար կը գանգատէր չար բախտէն, որ զինքը հարկադրեր էր գալ Մալթեփէ, այդ անշուք ամառանոցը, թոռնուհիին պատճառով։ Ան կը գանգատէր տաքէն, մժեղներէն եւ դրկից ախոռներէ արտաշնչուող հոտերէն։

Իրիկնային ժամերուն, երբ Գայըշ Տաղըի կողմէն զով սիւքը կը փչէր, Ֆայիզէի մեծ մայրը կու գար կը նստէր պատին կռթնած նստարանի մը վրայ, Քոքոնային հետ կողք կողքի եւ անոր կը պատմէր իր տէրտերը։ Քոքոնան անընդհատ կը հիւսէր եւ պառաւ թրքուհին անվերջ կը ծխէր։

Նիհար, գրեթէ չորցած Քոքոնան երբեմն ընդոստ ոտքի կ’ելլէր եւ աղմուկով կը վռնտէր թռչունները խաշած հատիկներու վրայէն, որ փսիաթի մը վրայ տարածած էր չորցնելու համար։

Այդ շատախօս կիներուն քով լուռ նստած իրարու կը նայէինք, կարծես իրար կը հարցափորձէինք։ Ֆայիզէ գլխուն վրայ կը կրէր ճերմակ քող մը, որ ասեղնագործուած էր ճակտին վրայ։ Օր մը ինձ նուիրեց նման քող մը, որպէսզի կարենանք միասին պտոյտի երթալ ծովեզերք։

Այդ օրէն սկսեալ միասին կ’երթայինք այգիներն ու պարտէզները, կ’երթայինք արտերը, ուր գիւղացիներ իրենց ցորենը կը կալսէին, կը նստէինք կալսին վրայ եւ շուրջանակի կը դառնայինք ցորենի դէզերուն շուրջ, կիզիչ արեւին տակ։ Յետոյ կ’երթայինք դէպի ձիթենիները գիւղին սահմանին վրայ, ուրկէ վտիտ առու մը կ’իջնէր դէպի ծովը։

Ձիթենիի մը տակ նստած մինչեւ ուշ ատեն կը խօսակցէինք։ Ֆայիզէ շարունակական յուզման մէջ էր։ Ան յուզմունքով կը խօսէր ամէն բանի վրայ, մանաւանդ մօրը կրկին ամուսնութեան մասին, որ զինքը շատ վշտացուցեր էր։

Ֆայիզէ բծախնդիր հոգածութիւն ունէր իր գեղեցկութեան, մորթին փափկութիւնը պահպանելու, արդուզարդի եւ այլ այս կարգի բաներուն մասին։ Պզտիկ հայելիի մէջ յաճախ կը դիտէր իր դէմքը եւ գոհունակութեամբ կը ժպտէր։ Իրիկունը, յանկարծ երկուքս մէկ զգացինք օտար մարդու մը ներկայութիւնը։ Ոտքի ելանք եւ ետեւ դառնալով տեսանք բոկոտն եւ թուխ երիտասարդ մը, որ ֆէսը մինչեւ յօնքերը իջեցուցած, գիշատիչի աչքերով մեզ կը դիտէր։ Ձեռքը բռնած էր նոր կտրուած ծառի ոստ մը, որ երբեմն կը զարնէր ձիթենիի մը բունին։

Տեղը ամայի էր, եւ բաւական հեռու էինք գիւղէն։ Առաջին անգամ իրական սարսափը գրաւեց հոգիս։ Մարդը դանդաղ քայլերով մօտեցաւ մեզ եւ թրքերէն լեզուով ժամը հարցուց։ Այն ատեն Ֆայիզէ հրամայեց մարդուն որ կանգ առնէ։ Մարդը կեցաւ եւ մենք շտապով հեռացանք։ Երբ ծովեզերք հասանք, սկսանք վազել առանց ետեւ նայելու եւ շնչասպառ վիճակի մէջ հասանք գիւղի առաջին տուները։

Յոյն երեխաները կը խաղային ասդին-անդին։ Ձկնորսի նաւեր մեղմօրէն կը ծփային իրենց տեղերուն վրայ, կապուած նաւամատոյցներու գերաններուն։ Յունական ընտանի բարբառը կը լսուէր ամէն կողմերէ։ Այն ատեն կանգ առինք եւ նստեցանք շունչ առնելու համար։ Ես հիացած կը նայէի Ֆայիզէին. ան ըսաւ խուլ ձայնով . – Կ’ուզէր մեզ բռնաբարել։

– Թո՞ւրք էր, հարցուցի։

– Ի հարկէ, ըսաւ Ֆայիզէ շնչատ ձայնով. րայա մը պիտի չհամարձակէր մօտենալ թրքուհիի։

Որոշեցինք այլեւս երբեք չերթալ ամայի վայրեր եւ պատահածը ծածկել մեր ծնողներէն, որպէսզի արգելք չըլլան մեր ազատ պտոյտներուն։

Նահատ պէյ, Ֆայիզէի մօրեղբայրը, յաճախակի կու գար Մալթեփէ իր քրոջ աղջկան առողջութեանը մօտէն հետեւելու համար։ Հազիւ երեսուն տարեկան, ան թուխ երիտասարդ մըն էր որուն ակնոցներուն ետեւէն սեւ աչքերը խոր թախիծ կ’արտայայտէին։ Ան կը խօսէր մեղմօրէն եւ կը վարուէր ամենուն հետ անխտիր ծայրայեղ քաղաքավարութեամբ։ Ֆայիզէ շատ կը սիրէր մօրեղբայրը եւ յաճախ կը խօսէր ինձ անոր մասին։ Մենք այլեւս գիտէինք իր ժամանման օրերը եւ ժամը ու Ֆայիզէի հետ կ’երթայինք կայարան, դիմաւորելու։ Երբ գնացքէն իջնող մարդոց մէջ կը նշմարէինք իր ակնոցները, ուրախութեամբ կը վազէինք դէպի ան։ Նահատ պէյ մեզ կը ժպտէր եւ նիհար ձեռքը տանելով ֆէսին՝ կը բարեւէր յարգանքով։ Յետոյ ոեւէ պատրուակով մեզմէ կը հեռանար եւ մեզ կը պատուիրէր տուն դառնալ եւ ճամբաներուն վրայ իրեն չսպասել։ Մենք դժկամութեամբ կը կատարէինք իր պատուէրը եւ օր մը ես ինքս բողոքեցի։

Այն ատեն երիտասարդ բժիշկը ընդոստ դարձաւ ինձ, խոր հառաչեց եւ ըսաւ.

– Ուրեմն, քիւչիւք հանըմ, ճշմարտապէս ուրա՞խ էք ինձ տեսնելով…

Իր տղան, Ֆայիզէի հայրը, «սխալմունք»ի մը հետեւանքով, որովհետեւ «անանկ մարդ չէր», քաղաքական յանցանքով աքսորուեր էր Սինոպ, ուր վաստակեր էր «այդ հիւանդութիւնը»։ Իրենք տարիներով քարշ եկեր էին դռները, ինկեր էին աժեմին-չաժեմին ոտքը եւ վերջապէս յաջողեր էին ստանալ աքսորականի շնորհը։ Բայց Ֆայիզէի հայրը վերադարձեր էր անճանաչ ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս եւ տարի մը առաջ մեռեր էր, մինչեւ վերջին շունչը խեղդուելով զայրոյթէն։

Իրիկուն մը, վերջապէս, Նահատ պէյ եւ հայրս հանդիպեցան իրարու, ինչ որ բուռն կերպով կը ցանկայի։

Թուրք բժիշկը մեծ վստահութեամբ խօսեցաւ հօրս հետ ընդհանուր թշնամիին, սուլթանական բռնապետութեան դէմ եւ նկարագրեց թէ ի՛նչպէս գաւառներու եւ նոյնիսկ մայրաքաղաքին մէջ թուրք երիտասարդութիւնը ենթարկուած էր անողոք հալածանքի։ Անհամար ուսանողներ զոհ գացեր էին եւ անհամար ուրիշ երիտասարդներու գլխուն սպառնալիքը կախուած էր։ Ամէն կողմ լրտեսներ կը վխտային, նոյնիսկ տուներու մէջ, եղբայրը եղբօրը չէր կրնար վստահիլ… պարզ կասկածի վրայ ձերբակալուածները անհետ կը կորսուէին։ Շոգենաւը կը լեցնէին աքսորականները եւ Սարայ Պուրնիի բաց ծովը կը թափէին այդ թշուառները, որոնք կ’անհետանային հոսանքի մէջ։

Թուրք բժիշկը այս բոլորը պատմելով ա՛լ աւելի կը տխրէր եւ ատենը մէկ կը հառաչէր.

– Եազըք պիզէ՜… Եազըք…։

Հասկցայ որ հայրս տեղեակ էր այդ դէպքերուն եւ լրջութեամբ մտիկ կ’ընէր. երբեմն միայն մանրամասնութիւն մը կը հարցնէր, որուն բժիշկը կը պատասխանէր բարեխղճութեամբ։ Ես կը սպասէի որ հայրս հարցում ուղղեր նաեւ Անատոլուի մէջ հայերուն պատահած դէպքերու մասին, բայց հայրս լռութիւն կը պահէր։ Վերջապէս բժիշկը ինքնաբերաբար անդրադարձաւ այդ խնդրին։

– Անշուշտ տեղեակ էք, ըսաւ ան հօրս, թէ ինչե՜ր կը պատահին հայաբնակ գիւղերու մէջ։ Ի՜նչ զեղծումներ, ի՜նչ ապօրինի արարքներ… բայց թուրք գիւղացիներն ալ ենթարկուած են նոյն տերեպէյիներու անխիղճ կեղեքումներուն։ Ամբողջ խնդիրը այն է որ միանանք եւ միացած ուժերով տապալենք բռնապետութիւնը։

Հայրս լուռ կը լսէր։

Բժիշկը, որոշ չափով յուսախաբ հօրս լռութենէն, խօսեցաւ իմ եւ Ֆայիզէի առողջութեան մասին։ Իր կարծիքով նոյն հիւանդութենէն կը տառապէինք – յամառող անարիւնութիւն։ Բժիշկը լաւատես էր. իր կարծիքով պէտք էր ժամանակ շահիլ։

– Քանի տարիները անցնին, այնքան վտանգը կը հեռանայ, ըսաւ ան, եթէ շրջապատող պայմանները լաւ ըլլան։ Եւ ինձ դառնալով՝

– Կը սիրէ՞ք, ըսաւ նաւակով պտոյտները ծովուն վրայ։

Սա իմ վաղեմի երազս էր եւ երախտապարտութեամբ ժպտեցայ բժիշկին։

Անգամ մըն ալ անոր տխուր աչքերը սեւեռեցան իմ վրաս. անիկա խոր հառաչեց եւ դառնալով հօրս ըսաւ.

– Ե՞րբ արդեօք մեր եւ ձեր միջեւ կանգնած պատնէշները պիտի քանդուին։

Հայրս դարձեալ լուռ մնաց։

"Սիլիհտարի պարտեզները" ստեղծագործության մյուս մասերը

Յատուկ Երաժշտություն
Դիմակահանդես - Վալս
Արամ Խաչատրյան

Դիմակահանդես - Վալս

Իսպանական պարուհի, 1901
Իսպանական պարուհի, 1901
Խաղա առցանց