Զապել Եսայան
Քողը
4
Իրիկնամուտի թերաստուերը կը քողարկէր գիւղանկարը ցանկապատէն անդին, Ճէմիլի մթին դէմքին վրայ աչքերը կը վառէին ցանկութենէ եւ յուսահատութենէ եւ երբ Ատիլէ գլուխը վեր բարձրացնելով, իր աչքերը կուրցնող արցունքներուն մէջէն տեսնէր անոր նայուածքը, գլուխը կը շարունակէր ցնցել մերժումով. անողոք ճակատագրականութիւն մը սիրողը սիրածէն կը բաժնէր եւ մինչ մորթին մէջ հալող երանգները ու աշնանային երեկոներու զովութիւնը, ինչպէս նաեւ բուի պէս վայող քամիին հեծեծանքը կը հրաւիրէին մարդիկը խաղաղ եւ երանաւէտ գորովանքի, ամէն մէկը աւելի ուժգին կ՚զգար իր սեւ բաղդը. ու այս պատճառաւ էր թերեւս որ ուշ ատեն, ճամբուն վրայ երկարաձգուող ողբական եւ լալագին սիրոյ երգերը ցաւի երգեր էին միանգամայն եւ կը յարմարէին իւրաքանչիւրին հոգեկան տրամադրութեան։
Գիշերը յառաջացած էր, բայց Ոսկեղջիւրի իրենց բնակարանին մէջ՝ Ալի Հասան եւ մայրը չէին քնանար ու կը խօսէին։ Ձմեռը սկսած էր եւ ձիւնը կը տեղար անդադար ալ աւելի լռութեան մէջ մխրճելով հանդարտ քաղաքը։ Կապերտներով ծածկուած սենեակին մէջ կրակարանին պղինձը կը պլպլար եւ կրակներու դէզ մը ճերմակ մոխիրի խաւին ներեւէն կարմիր սուտակի ցոլքեր կ՚արձակէր, մայր ու տղայ պահ մը դադրեցան խօսակցելէ եւ Ալի Հասան յոգնած եւ մտազբաղ ցած բազմոցին վրայ երկնցաւ ու սկսաւ ծխել. մայրը նստած էր դէմը ուրիշ բազմոցի մը վրայ եւ ո եւ է նպատակ հետապնդող անձի աթնութեամբ կը դիտէր իր տղուն շարժուձեւերը եւ արտայայտութիւնը, անոնցմէ գուշակելու համար իր սերմենած զգացումներուն եւ գաղափարներուն արդիւնքը. բայց իր տղան որ այնքան դիւրաւ հասկնալի էր իրեն համար, ահա կը դառնար անթափանցելի ու Զէհէր հանըմ ծայրայեղ կերպով մտահոգ էր։
Երկրորդ «փուսուլա» մը եկեր էր Իպրահիմէն.
«Ես, Իպրահիմ, անգամ մըն ալ կ՚ըսեմ քեզի որ արձակես իմ աղջիկս»։
Այդպէս ալ պէտք է ընել. մարդը իրաւունք ունի. Իսլամի վայել չէ խեղճ աղջկան մը կեանքը կաշկանդել աննպատակ։ Լսեցի որ կրկին պիտի ամուսնանա՜յ, «խըսմէթ»ը մի՛ կապեր, արձակէ զայն…։
Զայրոյթի տագնապէ մը տժգունեցաւ զինուորականը՝ անիկա մէկ ոստումով ոտքի ելաւ.
Պիտի ամուսնանա՜յ…
Աչքին առաջքէն կ՚անցնէին կայծակի արագութեամբ գողտր եւ յանկուցիչ տեսիլներ։ Ատիլէի պատկերը երբեմն որոշ կը ներկայանար իրեն եւ երբեմն ալ կ՚անհետանար տարտամութեան մէջ. կցկտուր մանրամասնութիւններ կը յամառէին. վզին վրայ ինկած մազի խոպոպիկ մը, ծոծրակին գիծը, քունքերուն վրայ՝ լաւ գծուած յօնքերուն վերջաւորութիւնը ու Ատիլէի երջանիկ օրերուն ժպիտը ու զուարթութիւնը, Ալի Հասան յիշեց, համբոյրը անոր խնդացող բերնին վրայ երբ փափուկ եւ ծաղկի թերթերու պէս զով շրթներուն ետեւէն կ՚զգար կարծրութիւնը անոր մանրիկ եւ սուր ակռաներուն։
Աննէ՜… Աննէ՜…
Ինչո՞ւ չարձակես զինքը. ինչո՞ւ «խըսմէթ»ին դէմ երթաս. աղջկանը պակա՞սը կայ քեզի համար եւ ի՞նչ տեղերէ։
Աննէ՜, ըսաւ Հասան կտրուկ ձայնով մը, ճի՞շդ է որ պիտի ամուսնանայ։
Այո՛, հաստատ տեղէ լսեցի։
Որո՞ւ հետ։
Չեմ գիտեր, կրնայ Ատիլ պէյը ըլլալ, կրնայ Ճէմիլը, կրնայ ուրիշ մէկը…
Գոռ եւ վայրագ աղաղակ մը խաբանեց մօրը ձայնը. Ալի Հասան սենեակէն դուրս ելաւ քանի մը րոպէ ետքը մայրը լսեց որ տանը դուռը կը փակուէր դղրդիւնով։
Ալի Հասան խուսափելով իր տունէն միջոց մը խելակորոյս թափառեցաւ թաղերուն մէջ. ձիւնը միշտ կը տեղար բայց ինքը չէր զգար ո՛չ ցուրտը, ո՛չ յոգնութիւնը. արտակարգ ուժգնութեամբ փոթորիկ մը կը գոռար իր հոգիին մէջ ու զինքը կը խարազանէր հակասական զգացումներով. իր վրդովուած էութեան մէջ Ատիլէ կը ներկայանար փոխն ի փոխ իր լաւ ու գէշ օրերուն մէջ. զայն կը տեսնէր առաջին օրուան պատկերով Սալաճագի պարտէզին մէջ. վարդագոյն «էնթարի»ն հագած ու անոր չարաճիճի ժպիտը, արծաթեայ օղերուն լուսնային ցոլքը անոր թուխ այտերուն վրայ։ Ու ա՛յն աչքերը որոնց վրայէն քօղը ինքը վերցուցեր էր առաջին անգամ, պիտի նայէին յուզուած հետաքրքրութեամբ մը ուրիշ մարդու մը աչքերո՜ւն… երբե՛ք, երբե՛ք…
Կը յիշէր հիմակ Ատիլ պէյ քօղարկուած շահագրգռութիւնը Ատիլէի մասին, կը յիշէր այն անբացատրելի արտայայտութիւնը զոր տեսեր էր անոր դէմքին վրայ երբ իմացեր էր կնոջը փախուստը… նոր փեսացուն Ատիլ պէյն է՜ր… այո՛, այո՛… եւ այդպէս բան չպիտի ըլլար։
Ամէն մէկ մտածում, ամէն մէկ յիշատակ զինքը կը ցնցէր ցաւագին ուժգնութեամբ մը. ինչո՞ւ այդ սիրուն եւ շնորհալի աղջկան սիրտը կոտրեր էր, ինչո՞ւ արհամարհեր էր անոր խոնարհութիւնը եւ բոլորանուէր սէրը. ու անդիմադրելի ցանկութիւն մը զայն տեսնելու, անոր սիրտը շահելու եւ կրկին զայն իր թեւին ներքեւ առնելու, զինքը խանդավառեց։
Ուշ ատեն գնաց զարկաւ իր մէկ ընկերոջը դուռը եւ հոն անցուց գիշերը, չուզելով տուն դառնալ ուր կ՚զգար թէ պիտի գտնէր իր մայրը արթուն եւ զինքը հետապնդելու պատրաստ. կ՚զգար որ չարիքին աղբիւրը մայրը եղած էր եւ առաջին անգամը ըլլալով իր զգացումները թշնամական կը դառնային անոր նկատմամբ, կը տեսնէր մօրը վտիտ «սիլուէդ»ը, անոր բարձր եւ տիրական հասակը, աչքերուն մթին եւ խորհրդաւոր լոյսը եւ Ալի Հասան կը խուսափէր իր տունէն։
Առաւօտուն կանուխ մեկնեցաւ դէպի Սալաճագ. շոգենաւ չգտնելով անցաւ Սկիւտար, ուրկէ վարձու ձիով մը բարձրացաւ դէպի այն բարձունքը ուր երջանկութիւնը ընդնշմարեր էր առաջին անգամ. մռայլ դառնութիւն մը զինքը խոժոռ կը դարձնէր եւ ան ո եւ է դիմադրութեան պարագային կը պատրաստուէր պայքարելու, չէ՞ որ իր «նիքեահլը»ն էր Ատիլէ եւ իրաւունք ունէր զան բռնի ուժով իր տունը տանելու, այո՛, բռնի ուժով. ու կ՚զգար Ատիլէի բաբախուն ու սարսափած էութիւնը իր կուրծքին վրայ, կը զգար անոր նուաղած աչքերուն քաղցրութիւնը, դիմադրող եւ դողդոջուն շրթները, բազուկներուն անզօր պրկումը, կ՚զգար բոլոր ասոնք ու իր հոգիին խորերէն անծանօթ ու կարծես դարաւոր ձայն մը, առեւանգումի եւ վայրագութեան ախորժակներով արթնցած, յաղթանակի ուրախութիւնը կ՚երգէր։
Բայց երբ Ալի Հասան Իպրահիմի տնակին մօտեցաւ եւ զայն տեսաւ ձիւնապատ դաշտերէն անդին, ճերմակ բեռին տակ ճնշուած կմախային ծառերու ճիւղերուն ցանցին ետեւէն, ամբողջ եռանդը մարեցաւ ու ինքզինքը երկչոտ զգաց տղու մը պէս, ձին կապեց ցանկապատին ու մտիկ ըրաւ, ինչպէս այն առաջին օրը՝ պառաւին կերկերաձայն եւ սրբազան երգը կը հասնէր իրեն, բայց ո՞ւր է շքեղ արեւը, ո՞ւր էին պերճ եւ երանգաւոր բուսականութիւնը եւ ո՞ւր էր մանաւանդ ճերմակ եւ ծփացող քօղը իր սիրականին։
Իր յուզուած հոգիին մէջ երկարօրէն թրթռաց տխուր բանաստեղծականութիւնը անցած բաներուն, սարսուռ մը համակեց զինքը ու զգաց որ այդ պահուն ամէն անձնուիրութեան եւ ամէն զոհողութեան պատրաստ էր։
Ինչպէ՞ս անցաւ ցանկապատէն, ինչպէ՞ս անցաւ տնակին սեմէն… ինքն ալ չէր գիտեր. կարծես երազի մը մէջ կը քալեր. իր յուզումի պղտորուած աչքերուն առջեւ կը յամառէր տեսիլքը խուսափող կիներուն. Ատիլէ ուրուականի մը պէս ճերմկած ու քօղը ծածկած մինչեւ աչքերը, շուարուն, եղերական, կը վարանէր ասդին անդին ու չէր գիտեր ո՞ր ուղղութեամբ ընթանալ եւ Ալի Հասանի նայուածքէն փախչի. վերջապէս արագ եւ անշշուկ կ՚անհետանար անիկա դուռնէն անդին, խտացող ստուերին մէջ՝ մինչ իրեն կը հետեւէր մօրը յամր եւ ծանր քայլերուն թաւ աղմուկը։
Փոխանակ երջանակացնելու, ուրեմն դժբախտացուցե՞ր էր այդ խոնարհ եւ մեկուսացախ ընտանիքը։ Ալի Հասանի խղճմտանքը կը յանդիմանէր զինքը. ուրեմն իր առաջին հանդիպումը Ատիլէի հետ չարի՞ք մը եղած էր։ Հիմակ մնացած Իպրահիմի հետ կը տեսնէր որ անոր շրթները կը դողդոջէին եւ ինքը չէր գիտեր որ կ՚աղօրէ՞ր թէ կ՚անիծէր անիկա, այլ սակայն ինքն ալ դժբախտ էր, խորապէս դժբախտ եւ եկած էր ներողութիւն եւ հաշտութիւն խնդրելու այդ պատկառելի ծերունիէն։
Իպրահիմ լուռ եւ խոժոռ նստեր էր անկողինին մէջ եւ յուզմունքին սաստկութենէն գլուխը կը շարժէր անշարժ իրանին վրայ կարկամած մատները ջղաձգօրէն կը գալաուէին վերմակին վրայ ու անիկա ցաւատանջ ու միանգամայն ահաբեկող երեւոյթ մը ունէր, ատելութիւնը ու զայրոյթը կը գոռային անոր գլխուն մէջ։
Ալի Հասան ոտքի վրայ կեցած, տաժանելիօրէն քրտինքը կը սրբէր ճակտին վրայէն ու աչքերը գետինը յառած կը մնար չհամարձակելով ոչ շարժում մընել, ոչ խօսք մը արտասանել. վերջապէս սակայն մօտիկցաւ ծերունիին, գետին հակեցաւ եւ ուզելով անոր ձեռքը համբուրել ծնրադրեց անկողնին քով։
Պապաճիիմ… ներէ՛ ինծի… ներէ՛ ինծի։ Ծերունիին աչքերը դարձան։
Ո՛չ, ո՛չ, ատելութիւնը քիչ անգամ եկած բոյն դրած է իմ հոգիիս մէջ, բայց երբ անգամ մը հոն է՜…
Ծերունին դանդաղօրէն բռունցքը վերցուց եւ որովհետեւ բազուկին շարժումներուն տէրը չէր, անիկա միջոցին մէջ պահ մը դեդեւելէ ետքը ինկաւ կուրծքին վրայ խոր հեւք մը արձակել տալով իրեն։
Սոսկալի լռութիւն մը յաջորդեց։
Իր զգացած ճնշումին մէջ Ալի Հասան մոռցեր էր իր սիրոյ երազները, իր ցանկութեան նոպաները ու հիմա միակ մտածում մը ունէր. հեռանալ Իպրահիմի հրաշէկ գամի պէս իր սիրտին մէջ մխուող նայուածքէն, բայց այդ նայուածքը հետզհետէ թուլցաւ, ծերունիին շրթները կրկին սկսան դողդոջել յամառօրէն շարժելով մօրուքը կուրծքին վրայ, անոր պղնձագոյն ճակատը խորշոմեցաւ ու դառնութեան եւ յուսահատութեան ստուեր մը անցաւ դէմքին վրայէն։
Ո՜վ Աստուածս, ամենակարող եւ հզօր, ո՞ր անծանօթ յանցանքիս պատիժն էր աս, մեղանչեր եմ ուրեմն անգիտակցութեամբ. քանի որ ո՛չ վատ, ո՛չ անարդար եւ ո՛չ ալ փցուն եղեր եմ կեանքիս մէջ… ո՜վ Աստուածս, ամենակարող, եւ հզօր, ինչո՞ւ ինծի մոռցար այս աշխարհիս վրայ, ուրեմն իմ ճակատս գրուած էր դառնութեամբ եւ սրտմտութիւնո՞վ մեռնիլ խաղաղութեամբ ապրելէ ետքը…
Պապաճիի՜մ… կը թօթովէր Ալի Հասան խորապէս զգացուած ծերունիին ցաւէն, ներէ ինծի, միայն ներէ՛ եւ ուրիշ բան չեմ ուզեր ես։
Ուրուականային նայուածք մը, կարծես աննշմարելի մշուշի մը ետեւէն աղօտացած կը նայէր զինուորականին. կը տեսնէ՞ր զինքը ծերունին. գիտէ՞ր թէ ո՛վ էր ինքը, զառանցանքներ չէի՞ն անոր բերնէն ելած խօսքերը. Ալլահ, Ալլա՜հ… ողորմէ՛ մեզի, Իպրահիմ այդ անցեալ եւ արդէն մեռած ոգիի նայուածքով կը խօսէր իրեն հետզհետէ մեղմ եւ ողբական շեշտով մը։
Ես խոնարհ էի եւ մեծութեան չէի ցանկար, համակերպելով բաղդին ընծայած բոլոր դժուարութիւններուն, չէի նետուած կեանքի փոթորկալի ալիքներուն մէջ եւ ափունքը կեցած հեռուէն կը դիտէի ուրիշներուն սոսկալի եւ արիւնոտ պայքարը, Աստուծոյ ամվիճելի կամքովը արեւին լոյսը ընծայուեր էր աչքերուս եւ ապրելու ուրախութիւնը իբր Աստուածային շնորհ վայելեցի… իմ կեանքս շուք չէ ձգած ո եւ է մարդկային արարածի վրայ եւ կերած հացս իմ արդար իրաւունքս եղած է։ Ոչ մէկ օր եւ ոչ մէկ ժամ չեմ խափաներ ուրիշին երջանկութիւնը ու վայրի ծառի պէս ապրեր եմ առանձնութեան եւ խաղաղութեան մէջ…։ Երկար ատեն անզաւակ մնացած ըլլալով, համակերպած էի արդէն իմ բաղդիս երբ Աստուծոյ շնորհը մեր վրայ ճառագայթեց ու Ատիլէս աշխարհ եկաւ. երբ առաջին անգամ աչքերուն լոյսը տեսայ, երբ առաջին անգամ շրթներուն ժպիտը տեսայ, կարծես նոր արեւ մը ծագեցաւ ինծի համար. ան իմ միակ ինչքս, իմ միակ երջանկութիւնս դարձաւ, իրմով ուրախացայ եւ իրմով մանկացայ… անիկա իմ ճերմակ աղաւնիս էր, իմ աչքիս լոյսը, իմ սրտիս ջերմութիւնը… ու ահա օր մը ուրուրը մտաւ իմ տանս մէջ… օ՜ֆ…
Ես վատ ու անարժան մարդ եմ, խղճա՛ իմ վրաս ու ներէ՛ ինծի…
Աստուծոյ դիմէ, քու յանցանքիդ քաւութեանը համար, միայն Ան է մեծ, ամենաբարի եւ անյիշաչար… Ես, Իպրահի՛մ անհաշտ ատելութեամբ կ՚ատեմ քեզի, դում իմ «տիւշմանս» ես, դուն իմ աղջկանս դահիճը…
Հեծեծագին լաց մը խափանեց ծերունիին խօսքերը. Ալի Հասան լալու անվարժ մարդու ուժգնութեամբ կ՚արտասուէր, իր լայն եւ հուժկու ուսերը ծռած էին դէպ առաջ եւ ամէն մէկ հեծմունքին կուրծքը տաժանքով կը թնդար. բայց երբ միջոց մը շնչասպառ՝ լռեց. իրեն թուեցաւ որ հեռուէն ուրիշ հեծեծանք մը, աւելի մեղ, աւելի ներդաշնակ, կը պատասխանէր իր լացին։
Յուսահատած մեկնեցաւ Ալի Հասան, առանց հաշտութեան բարեւ մը կարենալ առնելու ծերունիէն. որ իր բոլոր աղերսանքներուն անողոք յամառութեամբ պատասխանեց.
Ոչ, ո՛չ… Այլեւս մէկ պարտաւորութիւն ունիս մեզի հանդէպ, պիտք է արձակես աղջիկս…
Ալի Հասան չհամարձակեցաւ խօսիլ իր օրինական իրաւունքներուն վրայ, չմտաբերեց անսաստել այդ տարօրինակ ծերունիին ատելութեան եւ երբ տանը սեմէն դուրս ելաւ, անսահման դժբախտութեան մը զգացումը ունեցաւ եւ ի զուր աչքերը յառեց պարտէզին հեռաւորութիւններուն։ Ամէն կողմ ցուրտ ձիւն, ամայութիւն, եւ Ատիլէի սենեակին վանդակներուն ետեւէն ի զուր ձգտեցաւ կնոջը ցաւագին սիլուէդը տեսնել եւ գոնէ հաճելի յիշատակ մը պահել այդ տխուր այցելութենէն։
Քանի մը օրեր անցեր էին եւ Ատիլէի արձակման թուղթը դեռ չէր եկած, ծերունին կ՚սպասէր զայրացած անհամբերութեամբ եւ կինը համակերպելով իր ամուսնոյն ցանկութեան, ինքն ալ անտաբեր կը դառնար. բայց օրեր եւ օրեր կը սահէին եւ շուք մը իսկ չէր անցներ այդ ամայի բարձունքին վրայէն, գերեզմանային լռութիւն կը տիրէր ամէն կողմ եւ կեանքը կ՚անցնէր այդ լքուած եւ դժբաղդ յարկին ներքեւ այն մռայլ տխութեամբ որ յուսահատական ցաւերը յառաջ կը բերեն։
Ալի Հասան այցելութենէն ի վեր, միայն Ատիլէ փոփոխութիւն կրեր էր. այդ խոնարհ եւ միամիտ կնոջ հոգիին մէջ ուժգին փոթորիկ մը յառաջ եկած էր, որովհետեւ իր անել կացութիւնը եւ իր զգացումները դէմ առ դէմ կուգային։ Ինքը խուսափելով հանդերձ իր ամուսինէն, անսահման երջանկութիւնով մը տեղեկացեր էր որ Ալի Հասան իրեն կարօտը ունէր. թէ զղջացած էր իրեն ըրած նախատինքին եւ թէ զինքը կը սիրէր ուժգնօրէն . լսեր էր անոր հեծկլտալը հօրը անկողնին քով եւ սիրտը վառեր էր անօրինակ կրակով մը. որքա՜ն պիտի ուզէր երթալ իր սիրականին քով, զայն ամոքել, անոր արցունքները սրբել եւ իմացնել մանաւանդ որ տրամադիր էր մոռնալու իր կրած ցաւը, խեղդելու իր բուռն սիրոյն մէջ նախանձի զգացումը եւ ամուսնոյն հետեւելու ուր որ կ՚ուզէր, ի՜նչ պայմաններու մէջ որ կ՚ուզէր. այդ պահուն Ատիլէ ինքզինքը պատրաստ կ՚զգար ամէն կարգի խոնարհութեան, առանց իր սպային ի՞նչ էր ինքը. անոր կաղնիի հասակին շուքին մէջ ապրիլ. ոտքին փոշին ըլլալ, եւ «ղուրպան» ըլլալ անոր. ի՞նչ հաճոյքով պիտի մեռնէր անոր աչքերուն ներքեւ… Մահը գերագոյն հեշտանքն էր անոր մօտ, անոր տիրական եւ հուժկու սիրոյն մէջ. իր սիրականին ձեռքով տառապիլը միթէ երջանկութիւն չէ՞ր, ինչո՞ւ խուսափեր էր այդ դառն հաճոյքէն. ի՞նչ «շէյթան» ցցուեր էր հոգիին մէջ այն առտուն եւ զինքը հեռու քշեր տարեր էր իր երջանկութեան սեմէն. իր սիրականը զինքը փայփայած ատեն վիրաւորած էր. բայց հիմա, ցաւի եւ տխրութեան օրերէ վերջն է որ կ՚զգար այդ հարուածին քաղցրութիւնը. ակամայ նոյնութիւն մը կ՚զգար իր տիրոջ ձեռքով զէնուած գառնուկին հետ, երբ մատաղի տօնին օրը, սուր դաշոյնը մխած ատեն ոչխարին վզին մէջ, զոհին գեղեցկութիւնը կը գովէր գողտր եւ փաղաքշիչ բառերով…
Այլ սակայն Ատիլէ գիտէր որ իր հոգեկան տրամադրութիւնները, իր ալեկոծուող սէրը անզօր ալիքի մը պէս պիտի փշրուէր հօրը ապառաժեայ կամքին դէմ, գիտէր որ իր հայրը ո՛չ ըսելէ ետքը, այո՛ չէր ըսեր, գիտէր ասիկա, նոյն իսկ երբ ինքը տառապէր այդ ոչէն եւ տառապեցնէր իր սիրելիները, հայրը, Իպրահիմ, իր շրթներով արտասանած կամքը չէր ուրանար, անոր հոգին պողպատի պէս կարծր էր. անիկա կը չարչարուէր բայց տեղի չէր տար եւ անիկա իր ո՛չը արտասաներ էր աղջկանը հաշտութեան դէմ։
Այն իրիկունն իսկ, երբ Ալի Հասան մեկնեցաւ յուսահատած, Իպրահիմ առաջին անգամը ըլլալով երես առ երես խօսեցաւ աղջկանը հետ։
Ատիլէ՛, ըսաւ հանդիսաւոր շեշտով մը, ուղիղ նայելով աղջկանը աչքերուն մէջ եւ ատիկա հօր նայուածք չէր, այլ գերադաս մէկու մը հրամայական ակնարկը.
Ատիլէ՛, քու միջոցաւդ զիս նախատելէ ետքը, այդ անարժան իսլամը որ չկրցաւ յարգել ծերունիի մը ճերմակ մօրուքը ու Աստուծոյ իրեն շնորհած բաղդը, եկաւ ու ներումն խնդրեց ինձմէ, ու ես մերժեցի…
Պահ մը լռեց. Ատիլէ, ոտքի վրայ կեցած եւ խորապէս յուզուած կ՚արտասուէր լռին ու անոր աչքերէն արցունքը կը հոսէր առանց ճիգի. բայց անոր տժգունած դէմքին վրայ այնքա՛ն սովորական դարձեր էր արտասուքի խոնաւութիւնը որ Իպրահիմ չհասկցաւ այդ օրուան վիշտին յատուկ նշանակութիւնը։ Իմ անոր մէջ ո՛չ մէկ կապ կայ այլեւս, աւելցուց ծերունին, իր մեղքին քաւութիւնը թո՛ղ Աստուծմէ խնդրէ, Աստուած ամենազօր է եւ ողորմած… ու իր տրամադրութիւններն անքննելի են։
Դարձեալ կանգ առաւ, իր պղնձագոյն դէմքին վրայ կապտացած շրթները կը դողդողջէին առանց բառ մը արտաբերելու, բայց յանկարծ գոռ եւ տիրական ձայնով գոչեց անիկա
Ատիլէ՛, հրամայեցի իրեն որ արձակէ քեզ…
Այո՛, հա՛յր… թոթովեց աղջիկը։
Բայց անիկա վատ ու նենգաւոր է ու իմ մահուանս պիտի սպասէ…
Հա՛յր…
Ու դուն պէտք է խոստանաս ինծի Ատիլէ… որ այլ եւս երբե՛ք, բայց երբե՛ք չպիտի հաւանիս իր կինը դառնալու։
Աւելի առատ, արցունքները կը հոսէին աղջկան դէմքին վրայէն ու Իպրահիմ վիզը ձգտած. աչքերը տենդոտ՝ պատասխանին կ՚սպասէր։ Նոյն միջոցին կինը ներս մտաւ ու ահաբեկած հօր ու աղջկան դիրքէն, բազմոցին անկիւնը կզկտեցաւ անիկա կը դիտէր զանոնք ու կարծես աղէտի մը կը սպասէր.
Այո՛, հայր, ըսաւ վերջապէս Ատիլէ հեծեհագին ու իրեն թուեցաւ որ իր եւ կեանքին միջեւ սեւ վարագոյր մը կ՚իջնէր այդ րոպէին։
Ալի Հասան ան օրուընէ ի վեր ինկած էր մռայլ տխրութեան մը մէջ եւ չէր կրնար իր Իպրահիմի տուած խոստումը կատարել. երբեմն կ՚ըմբոստանար ծերունիին յամառութեան դէմ, երբեմն կը մտածէր գործադրել իր օրինական իրաւունքները, բայց կարծես երկաթէ ձեռք մը արգելք կ՚ըլլար իրեն, ու քանի՛ դժուարութիւններ կը շատնային, քանի իր կինը տեսնալը անկարելի կը դառնար, այնքա՛ն աւելի բուռն տենջանքով կը ցանկար անոր. իր քունը խռովուած էր եւ ցորեկները կ՚անցունէր շուարուն անստուգութեան մը մէջ. ամէն պարագային օրէ օր կը յետաձգէր իր կինը արձակելը. ատով անանցանելի անջրպետ մը չդնելու համար իր եւ կնոջը միջեւ եւ արգիլելու համար Ատիլէի կրկին ամուսնութիւնը որ մղձաւանջի մը պէս կը հալածէր զինքը։
Երբ Ատիլէ հաշտութեան ո եւ է յոյս կորսնցուց, սեւ տխրութիւնով մը համակուեցաւ, հոգեկան տառապանքներէն տկարացած իր մարմինը մէկէն ենթարկուեցաւ քայքայման։ Անիկա հետզհետէ դարձաւ տմոյն ուրուական մը որ իր ծնողքին աչքին իսկ այլեւս օտար կը թուէր։ Քանի Ատիլէ կը տկարանար, այնքան աւելի Իպրահիմ կ՚ամրապնդուէր Ալի Հասանի դէմ ունեցած ատելութեանը մէջ. անոր գաղափարն իսկ պժգալի սողունի մը պէս քստմնելի կը դառնար իրեն։ Այլեւս ո՛չ մէկ բառ չէին արտասաներ անցեալին վրայ ու այդ տնակին երեք դժբաղդ արարածներն ալ կը սպասէին անօրինակ եւ անխուսափելի աղէտի մը։
Իպրահիմ շատ աւելի հիւանդ կը զգար ինքզինքը, բայց այլեւս ոչ մէկ ցաւի ծամածռութիւն կը տեսնուէր իր դէմքին վրայ. անիկա իր հզօր կամքովը կը յամառէր ապրելու, սպասելով որ իր աղջիկը արձակուէր՝ երբ դեռ իր աչքերը բաց էին։
Այսպէս անցաւ ձմեռուան մնացեալ օրերը եւ երբ վաղահաս գարունը ժպտեցաւ բնութեան, Ատիլէ պարզ ցրտառութեան մը հետեւանքով անկողին ինկաւ։ Երկու շաբաթի չափ բուժարար բոյսերով, աղօթքներով ու կախարդներու հմայեկներով ջանացին զայն ոտքի հանել։ Իպրահիմ խնդրեց որ աղջկան անկողինը իր քով փոխադրեն ու ժամեր, ժամեր, լռին եւ ակնապիշ կը դիտէր անոր աստիճանական հիւծումը։ Իբրեւ վերջին ապաւէն երբ մայրը աղջկանը ճերմակեղէնը եւ հագուստը ծրարած՝ Ճեմիլի միջոցաւ կը ղրկէր որպէս զի տէրվիշները կարդան անոր վրայ, Իպրահիմ անգամ մըն ալ իր մոլորած աչքերը ուղղելով Ճէմիլի, գոռաց դառնութեամբ։
Գնա՛, ըսէ՛, այդ վատ արարածին որ արձակէ աղջիկս։
Օրհնուած ծրարը չէր վերադարձեր երբ Ատիլէ յուզմունքի արտասովոր տագնապի մը մէջ առանց գանգատ մը արտայայտելու մեռաւ ու իր հոգին խուսափեցաւ իր տառապած մարմինէն արագ եւ թեթեւ ոստումով մը։
Արշալոյսը նոր ծագէր էր եւ գարնանային առաւօտներուն յատուկ զովութիւն մը կը ցրտացնէր օդը. սենեակին «քաֆէս»ներուն ետեւէն ճերմակ լոյսը կը մաղուէր դողդղալով, Իպրահիմի անկողնին մօտիկ. գետինը՝ փսիաթին վրայ՝ դրած էին Ատիլէի պատանքուած մարմինը ու մայրը գլխուն վերեւ ծալլապատիկ նստած. ձեռքերը ծունկերուն զարնելով. կուլար ու կ՚ըսէր…
Վա՜յ, վայ, ինծի… ո՜վ իմ աչքիս լոյսը, իմ հոգիիս ճառագայթը, ինչո՞ւ մարեցաւ, ինչո՞ւ հոգէառ հրեշտակը չտեսաւ իմ սնարս եւ եկաւ քու սնարիդ վրայ թառեցաւ։
«Ով իմ աղաւնիս, եթէ աչքերդ չպիտի բացուին ու շրթներդ չպիտի խնդան, ինչո՞ւ արեւը կը ծագի… ինչո՞ւ ծառերը կը ծաղկին։
«Ո՞ւր գացին այտերուդ վարդագոյնը ու աչքերուդ լոյսը, ո՞ւր կը ժպտի քու շրթներուդ ժպիտը։
«Ո՜վ իմ աչքիս լոյսը, իմ հոգիիս ճառագայթը, դուն որ մարեցար, ես ինչո՞վ ապրիմ հիմա… վա՜յ, վայ… ինծի»։
Մայրը իր անսահման համակերպութիւնը եւ լռութիւնը կը խզէր աղջկանը մահուան րոպէին, իր զաւկին բաղդը որոշեր ու տնօրիներ էին անոր հայրն ու ամուսինը ու ինք ձայն չէր ունեցեր. իր կարծիքն իսկ չէին հարցուցեր, ու հիմակ որ իր մէկ հատիկը մահուան պատանքներուն մէջ էր. հիմա՛կ էր միայն որ ին կարգը կուգար խօսելու։
Իպրահիմ լուռ եւ եղերական, չոր եւ տենդոտ աչքերը ուղղած դիմացը, երբեմն միայն խոր հառաչանք մը կ՚արձակէր։
Ալլահ… Ալլա՜հ…
Պարտէզին խոնաւ հողերուն վրայ օտար ներբաններ կը դեգերէին խուլ աղմուկ մը հանելով։ Իպրահիմ իր կարկամած ու անդամալոյծ անդամներուն վրայ իրանը ցցած, անշարժ բռունցքները գալարուն վերմակին եզերքին, հետզհետէ աւելի վայրագ, կը գոչէր։
Ալլա՜հ… Ալլա՜հ…
Յանկարծ հեռուէն սրարշաւ ձիու մը սմբակները քառատրոփ թնդացին, պառաւը ականջ դնելով հասկցաւ ու ահաբեկած անհետացաւ մեռելի սենեակէն. մղձաւանձային տագնապի մը մէջ սգաւոր հայրը իր կարգին մտիկ կ՚ընէր ու ժամանակ չունեցաւ մտածումի մը յանգելու, երբ Ալի Հասան երեւցաւ սեմին վրայ։ Անիկա այնքան գունատ էր, այնքան ուրուականային որ զարմացուց ծերունին. դէմ առ դէմ զիրար կը սեւեռէին եւ իրենց մէջ դրուած էր գետինը Ատիլէի նրբին մարմինը որ պատանքին մէջ պարուրուած մանկական մարմին մը կը թուէր, երկու այրերը կը շարունակէին իրարու նայիլ կռիւի պատրաստուող անհաշտ թշնամիներու պէս։ Երկուքն ալ գալարուած անսահման ցաւով չէին արտասուեր ու իրենց վիշտը ատելութեան կը փոխուէր։
Վերջապէս Ալի Հասան հաստատ եւ կորովի քայլերով մօտիկցաւ դիակին եւ առանց ուշադրութիւն ընելու Իպրահիմի աղաղակին՝ հակեցաւ անոր վրայ։
Մի՛, վատ եւ անօրէն մարդ, մի՛ դպչիր աղջկանս։
Իպրահիմ իր անշարժ սրունքներուն վրայ կը գալարուէր գերմարդային ջանքեր ընելով կանգնելու եւ բռնի ուժող արգիլելու համար Ալի Հասանը, իր ձայնը հետզհետէ աւելի, գոռ խռպոտ եւ ահարկու, կուրծքը պատռելով կը բարձրանար։
Մի՛, մի՜ դպչիր աղջկանս…
Ալի Հասան աւելի ազդուած այդ ձայնէն քան թէ Իպրահիմի արգելքէն, կեցաւ. յուզմունքի սաստկութենէն ձեռքերը կը դողային եւ ծունկերը կը կթոտէին։
Իմ կինս, իմ կինս… կը թոթեվէր անիկա, կուզեմ վերջին անգամ մը տեսնել զայն։
Բայց երբ անգամ մըն ալ ինքզինքը գտնալով Ալի Հասան ձեռքը երկնցուց Ատիլէի երեսը քօղարկող պատանքի ծալքին, սարսափած ետ ընկրկեցաւ։
Նոյն րոպէին Իպրահիմ անկողնէն դուրս պոռթկացեր էր սողալով եւ իր ատելութեամբ ու գերմարդկային վիշտով զօրեղացած՝ ծունկերուն վրայ կեցաւ ու իր դեդեւուն բազուկը որ երբէք չէր հնազանդեր իր կամքին, այս անգամ հնազանդեցաւ եւ լախտի մը պէս ինկաւ ծնրադրած Ալի Հասնաի գլխուն վրայ. անոր կարկամած մատները գինովի եւ ոգեւարի ջղաձգումներով կառչեցան սպային մազերուն եւ անգամ մըն ալ գոչեց։
Ո՜վ անօրէն, ստրուկի զաւա՜կ, մարդկային կեղտի փրփո՜ւր, դուն ալ այլեւս չես կրնար իմ աղջականս երեսը տեսնել… դուն չուզեցիր զայն արձակել, մահը խլեց զայն քեզմէ…
Իմ կի՜նս, իմ կի՜նս, կը կրկնէր Ալի Հասան խելակորոյս։
Բայց ծերունին արհամարհելով անոր վիշտը շարունակեց։
Այլ եւս կինդ չէ ան, «նիքահը պօշ» է ու քու եւ իր մէջ «նամէհրամ» կայ…
Ու Իպրահիմ իր ազատ մնացած ձեռքովը խլեց Ալի Հասանի ձեռքէն պատանքին ծալքը ու անով ամբողջապէս քօղարկեց իր աղջկանը դէմքը։