Հակոբ Պարոնյան
Երկու տերով ծառա մը
Արարված առաջին
ՏԵՍԻԼ Ա
Մեծ սրահ մը, երկու կողմ սենեակներ
ԱՆՏՈՆ, ԿՈՄԻԿ
Կոմիկը աթոռի մը վրայ կը քնանայ. Անտոնը սիկառ ի ձեռին սենեակէն կ՚ելլէ եւ Կոմիկը չտեսնալով
ԱՆՏՈՆ(չորս կողմ փնտռելով) Ո՞ւր գացեր է թշուառականը. բոլոր գործերս երեսի վրայ թողուցի եւ երկու ժամէ ի վեր է, որ զինքը կը փնտռեմ: (Միշտ փնտռելով) Մարդ մը փնտռել ու չգտնալը բաւական տանջանք է ինձի համար, բայց համբերութիւնս կը հատնի, ո՛հ… (Ուժգնակի) Կոմի՛կ, Կոմի՛կ, Կոմի՛կ:
ԿՈՄԻԿ(մէկէն ի մէկ կ՚արթննայ ու տէրը չտեսնար) Ո՜հ, Աստուած… (Դողալով) ինչ դող… ինչ սոսկում… իշու մը ձայն ըլլալու էր, որ այսքան վախ պատճառեց ինձի: (Տէրը կը տեսնէ) ինչ կը տեսնեմ, տէրս… ինքն է… (Առ Անտոն) տէ՛ր, կարծեմ թէ զիս կանչեցիք, աւասիկ եմ:
ԱՆՏՈՆՈ՞ւր կորսուեր էիր, երկու ժամէ ի վեր քեզ կանչելէն հոգիս բերանս եկաւ:
ԿՈՄԻԿ(մեկուսի) Եթէ քառորդ մըն ալ կանչէր հոգին բերնէն դուրս պիտի ելլէր: Ի՞նչ կ՚ուզէք, տէ՛ր. հրամաններուդ պատրաստ կամ:
ԱՆՏՈՆԿ՚ուզեմ որ պապանձի՛ս, եւ աթոռ մը բերես:
ԿՈՄԻԿԼաւ:
ԱՆՏՈՆՏակաւին կը խօսի՞ս:
ԿՈՄԻԿ(աթոռը կը դնէ) Հրամմէ՛, տէր, նստեցէ՜ք. հանգչեցէք, որպէսզի հոգինիդ դարձեալ իր տեղը գտնայ:
ԱՆՏՈՆ(կը նստի) Արդէն այսօր քիչ մը տկարութիւն ունէի, այս տկարութեանս վրայ երկու ժամ շարունակ քեզ փնտռել եւ պոռալը բոլորովին տկարացուց զիս: Ըսէ՛ ուրեմն, ո՞ւր կորսուեր էիր:
ԿՈՄԻԿԿորսուած չէի, տէր. յոգնութիւն առնելու համար քիչ մը աթոռի վրայ նստայ. ապահո՛վ եղի՛ք, որ ձեր ծառան երբեք չկորսուիր:
ԱՆՏՈՆԼաւ, զիս փնտռող մը եղա՞ւ:
ԿՈՄԻԿՄեր պարտատէրներէն բաւական ձեզ փնտռողներ եղան, բայց ես ամէնուն ալ պատասխանեցի. ոմանց քաղաքավարութեամբ եւ ոմանց անքաղաքավարութեամբ, ոմանց անուշութեամբ եւ ոմանց խստութեամբ. ամէնուն ալ հարցումներուն համեմատ պատասխանելով, երբեմն մարդկօրէն, երբեմն իշօրէն, վերջապէս առանց ձեր պատուոյն արատ մը բերելու՝ ամէնն ալ վռնտեցի. աղէկ չըրի՞, տէր:
ԱՆՏՈՆԵս ալ ըլլայի քեզի պէս պիտի ընէի. շատ աղէկ ըրեր ես. կրակ մը բե՛ր սա սիկառս վառեմ:
ԿՈՄԻԿՇատ աղէկ: (Կ՚երթայ):
ՏԵՍԻԼ Բ
ԱՆՏՈՆ(առանձին) Թէպէտ եւ երբեմն երբեմն զիս կը բարկացնէ, բայց դարձեալ շատ գոհ եմ իրմէ: Ճշմարիտը խօսելով ինքզինքս երջանիկ կը սեպեմ այսպիսի ժրաջան ծառայ մը ունենալուս վրայ: Խեղճ Կոմի՛կ, բոլոր օր իմ ետեւէս կը վազէ, կրակ, ջուր եւ այլն բերելու համար. ի վերայ այսր ամենայնի այս պաշտօնը լաւ կրթեց զինքը եւ կը յուսամ, որ քիչ ժամանակէն երեւելի ծառայ մը կրնայ ըլլիլ: Ասկեց ի զատ տնտեսական գիտութեան այնքան հմուտ է, որ անօթութենէ մեռնելու կէտն ալ հասնի, դարձեալ իր եօթն ֆռանք ամսականէն ստակ մը չվատներ. այո՛, այո՛, պէտք է որ իր գովեստը ընեմ: Հագած հագուստները՝ զորս քսան եւ հինգ տարի առաջ իմ հարսանեացս գիշերը իրեն շնորհեր էի` այնպէս մաքուր կը պահէ, որ տասնուվեց տարուան օրիորդ մը անգամ չկրնար պահել. եւ եթէ ողջ մնայ, հարիւր տարի ալ կրնայ հագնիլ։ Ասոնց ամէնը մէկդի թողլով, գանք իր մէկ յատկութեանը, զոր նուազ մարդիկ ունին. իր հաւատարմութիւնը կ՚ուզեմ ըսել. այո՛, իր հաւատարմութեամբն է, որ այսքան սիրելի եղած է ինձի: Ահա այսպիսի յատկութիւններով զարդարուած ծառայ մըն է: Մրջիւնի պէս ժրաջան, ճագարի մը պէս մաքուր եւ շունէն աւելի հաւատարիմ:
ՏԵՍԻԼ Գ
Կոմիկ եւ նոյն
ԿՈՄԻԿ(վազելով) Տէ՛ր, կրակ չկրցի գտնել. տան մէջ ծակ ծուկ չձգեցի, ամէն տեղ նայեցի, չկայ. եթէ ուզէք երթամ կրակի տեղ պաղ ջուր բերեմ. առողջարար է:
ԱՆՏՈՆԴու երթալով ապուշ կը լինիս, տեսած ունի՞ս, որ ջրով սիկառայ վառեն:
ԿՈՄԻԿՋրով սիկառ մարելնին շատ անգամներ տեսեր եմ, բայց վառածնին դժբախտաբար ո՛չ. աղէկ միտքս կը գայ, ձեր կողակիցը հոգին աւանդած գիշերը, Աստուած ողորմի հոգւոյն, տուփ մը լուցկի առեր էի իր կանթեղը վառելու համար. գործս լմնցնելէն յետոյ զանոնք սա գրպանիս մէջը դրի. կարծեմ թէ հոս են. (Կը փնտռէ) վասնզի ես բնաւ բան մը կորուսած չունիմ, եթէ ուզէք վառեմ, ահա գտայ:
ԱՆՏՈՆԹող կենայ, Կոմիկ. (Լալով) այս լուցկիները սրտիս մէջ նոր վէրքեր կը բանան. (Լռութիւն) երջանիկ էի ես կողակցիս հետ. իսկ երբ զինքը կորուսի, երջանկութիւնս ալ մէկտեղ կորսուեցաւ, եւ հիմա այսպէս թշուառ… եւ…
ԿՈՄԻԿՄի՛ լար, տէր, պարապ տեղ մի՛ թափէք ձեր արցունքները. հիմա աւելի երջանիկ էք, ինչու որ բոլոր օր կ՚ուտէք, կ՚ըմպէք, կը քնանաք, ասկեց անդին ի՞նչ երջանկութիւն կ՚ուզէք ունենալ. անփոյթ եղէ՛ք, անփոյթ. անցեալը մտքերնիդ բերելով ապառնիդ մի թշուառացնէք իզուր. անհոգ եղիր, տէր. ես ամէն բան կարգի կը դնեմ. թէ որ երթաք քիչ մը քնանաք, աղէկ կ՚ընէք:
ԱՆՏՈՆԼաւ ըսիր, երթամ քիչ մը քնանամ, որպէսզի տխուր յիշատակները մտքէս ելլեն. ժամէ մը կը գամ, հոս գտնալու եմ զքեզ:
ԿՈՄԻԿՄիշտ հոս պիտի ըլլամ:
ԱՆՏՈՆ(կ՚երթայ)
ԿՈՄԻԿ(անոր ետեւէն կ՚երթայ մինչեւ սենեկին դուռը)
ՏԵՍԻԼ Դ
Թէոփիլե եւ նոյն
ԹԷՈՓԻԼԷԱհ, եթէ զինքը գտնամ բզիկ բզիկ պիտի ընեմ, ինչ ըսել է, տէր մը ամբողջ օր իր ծառան փնտռելու ետեւէ ըլլայ (Դէպի Կոմիկ կ՚երթայ):
ԿՈՄԻԿ(ետ կը դառնայ ու տիրոջը հետ կը զարնուի) Ա՜հ, գլուխս… ո՛ւֆ… դո՞ւք էք, տէր… զի՞ս կանչեցիք, աւասիկ եմ:
ԹԷՈՓԻԼԷՀո՞ս ես. թշուառական. ի՞նչ գործ ունիս հոս:
ԿՈՄԻԿՆերեցէ՛ք, տէ՛ր. ձեր գալստեանը կը սպասէի:
ԹԷՈՓԻԼԷՏուած նամակս տեղը տարի՞ր:
ԿՈՄԻԿԱյո՛. գեղեցի՛կ օրիորդի մը յանձնեցի զայն, եթէ ուրիշ մըն ալ ունիք, տուէ՛ք տանիմ:
ԹԷՈՓԻԼԷՈ՛չ. պատասխանը առի՞ր:
ԿՈՄԻԿԱյո՛, տէր:
ԹԷՈՓԻԼԷ(բարկութեամբ) Ինչո՞ւ չես տար ուրեմն:
ԿՈՄԻԿՏալու բան չկայ, տէր. պատասխանը բերնիս մէջն է: Ինձի ըսին, որ նամակաւ մը ձեզ պիտոր պատասխանեն:
ԹԷՈՓԻԼԷԼաւ, թէ որ նամակը բերելու ըլլան, առանց ուշանալու ինձի բե՛ր:
ԿՈՄԻԿՇատ աղէկ:
ԹԷՈՓԻԼԷԵս երթամ Մարսիլիայի նամակ գրելու. վասնզի շոգենաւը այս իրիկուն կը մեկնի. թէ որ Երուանդը հոս գալու ըլլայ, զրուցէ իրեն թէ զինքը տեսնել կ՚ուզեմ:
ԿՈՄԻԿՔանի մը գիշեր է, որ պարոն Երուանդը տեսած չեմ:
ԹԷՈՓԻԼԷԻ՜նչպէս. երէկ գիշեր հոս չէ՞ր:
ԿՈՄԻԿՈչ, տէր:
ԹԷՈՓԻԼԷԵրուանդը երէկ չեկա՞ւ:
ԿՈՄԻԿՈչ, տէր:
ԹԷՈՓԻԼԷԱռջի իրիկուն հո՞ս էր:
ԿՈՄԻԿՈչ, տէր:
ԹԷՈՓԻԼԷԲայց ո՞ւր է:
ԿՈՄԻԿՈչ, տէր:
ԹԷՈՓԻԼԷԻ՞նչպէս ոչ:
ԿՈՄԻԿՈ՞ւր ըլլալը կը հարցնէք:
ԹԷՈՓԻԼԷԱյո՛:
ԿՈՄԻԿԿարծեմ թէ… թէ… թէ…:
ԹԷՈՓԻԼԷԹէ՞յ կը խմէ, ի՛նչ կ՚ընէ. ըսէ՛ համարձակ, մի՛ վախնար:
ԿՈՄԻԿԹէյ խմել չէ, տէր. այսինքն օրիորդ Մարգրիտի հետ կ՚անցընէ իր ժամերը, դուք զինքը նամակատուն կը ղրկէք, անիկա շիտակ Մարգրիտի տունը կ ՚ երթայ. միշտ անոր հետ կը նստի:
ԹԷՈՓԻԼԷԻ՞նչ կը նշանակէ այս ամէնը:
ԿՈՄԻԿԱյն կը նշանակէ, որ կը սիրէ օրիորդ Մարգրիտը:
ԹԷՈՓԻԼԷԵրուանդէն այսպիսի լուր մը երբեք չէի սպասեր. ինչեւիցէ, բայց լաւ գիտե՞ս որ…
ԿՈՄԻԿԱյսքան կ՚ըսեմ, որ անցեալ շաբաթ զինքը Մարգրիտի բազկացը մէջ տեսի. (Մեկուսի) ուր էր թէ ես ըլլայի Երուանդի տեղ. այո՛, տէր, հիմա կրնաք դատել:
ԹԷՈՓԻԼԷՇատ աղէկ, պէտք է, որ միշտ ինձի իմաց տաս ասանկ բաները. ես երթամ զինքը տեսնալու. բայց դարձած ժամանակս կ՚ուզեմ, որ քեզ հոս գտնամ. ապա թէ ոչ բզիկ բզիկ կ՚ընեմ զքեզ (Կ՚երթայ):
ՏԵՍԻԼ Ե
ԿՈՄԻԿ(առանձին) Բզիկ բզիկ ընել զիս, աս ալ աղէկ. յիրաւի անասունները ինձմէ հարիւր հազար անգամ աւելի երջանիկ են: Անոնք բոլոր օր կ՚աշխատին, իսկ գիշերները կը հանգչին. այլ ես գիշեր ցերեկ շարունակ կ՚աշխատիմ, միշտ արթուն. բնաւ հանգիստ չունիմ. հազիւ թէ մէկ տէրս կը քնանայ, միւսը կ՚արթննայ, մէկը կ՚երթայ, միւսը կը գայ. երկուքն ալ մէկըզմէկու ներհակ բնութիւններու տէր. երկուքին ալ քմացը համեմատ խօսելու պարտաւոր եմ. անտանելի վիճակ. մէկը մխիթարել, միւսը շողոքորթել. բայց զարմանալին ալ այն է, որ հազիւ հազ կրնամ մայր մը հոգալ: Թէ որ մէկ տէր մը միայն ունենայի, մայրս անօթութենէ պիտի մեռնէր եւ այն ատեն… (Կը լայ):
ՏԵՍԻԼ Զ
Մարգիտ եւ նոյն
ՄԱՐԳՐԻՏԿոմիկն է… այո՛, ինքն է, ինչո՞ւ կը լայ արդեօք. Կոմիկ (Գլուխը դպչելով). Կոմի՛կ… Կոմի՛կ…:
ԿՈՄԻԿԱհ, դո՞ւք էք, օրիորդ:
ՄԱՐԳՐԻՏԱյո՛, ես եմ, ի՞նչ ունիս, ինչո՞ւ կը լաս:
ԿՈՄԻԿ(լալով) Թշուառութեանս վրայ կ՚ողբամ, տիրուհիս. ինչ ընեմ ծառայ մ՚եմ. միս մինակ եմ. մխիթարիչ մը չունիմ. ո՜հ, անմխիթար պիտի մեռնիմ:
ՄԱՐԳՐԻՏՄի՛ վախնար, չես մեռնիր դու. երթամ հայրս ղրկեմ, որ գայ քեզ մխիթարէ:
ԿՈՄԻԿՉէ՛, չէ՛, չէ՛. չեմ ուզեր:
ՄԱՐԳՐԻՏՇատ աղէկ. քիչ մը գնա հոսկից, վասնզի առանձին ըլլալ կը փափաքիմ:
ԿՈՄԻԿԼաւ, երթամ. (Խորը կը պահւըտի):
ՄԱՐԳՐԻՏՈ՜ւր էր, թէ Երուանդը շուտով հոս գար ու խօսակցէինք քիչ մը… ի՛նչ ընեմ, կը սիրեմ զինքը… բայց հայրս տակաւին չգիտեր. եւ ի՞նչ, մի՞թէ պիտի բարկանայ, երբ գիտնայ, որ ես Երուանդը կը սիրեմ. չեմ յուսար, վասնզի Երուանդը ազնիւ սիրտ մը ունի եւ մանաւանդ թէ անդիի ծայր սէր իմ վրաս. ոտքի ձայն կը լսեմ… ինքն է… ինչ քալուած… այո՛, չեմ խաբուիր… իմ սիրելիս Երուանդն է… ի՜նչ դէմք… ի՜նչ անուշ նայեցուածք:
ՏԵՍԻԼ Է
Երուանդ եւ նոյնք
ԵՐՈՒԱՆԴ(հազիւ թէ պիտի գրկէ զՄարգրիտ)
ԿՈՄԻԿԷ… է… էյ, պարոն, ի՞նչ կ՚ընես… ո՞ւր ենք:
ԵՐՈՒԱՆԴԻ… ի… ի՞նչ կայ:
ԿՈՄԻԿԻ՞նչ կը փնտռես հոս… ինչո՞ւ կը վախցնես օրիորդը:
ԵՐՈՒԱՆԴԶինքը վախցնելու համար չեկա յ:
ՄԱՐԳՐԻՏԵս բնաւ չվախցայ:
ԿՈՄԻԿԱնիրաւ. օրիորդը առանձին ըլլալ կը փափաքի եւ դու եկեր իր հանգստութիւնը կը վրդովես. կորի՛ր… կորիր… կ՚ըսեմ:
ՄԱՐԳՐԻՏՈ՜հ, Աստուած…:
ԵՐՈՒԱՆԴՈ՞ւր կորսուիմ. ի՞նչ ընեմ, ապուշ է:
ԿՈՄԻԿՕրիորդներու սիրտը գրաւելու համար պէտք է որ քիչ մը քիթդ բերանդ շտկես եւ ապա ներկայանաս անոնց. դու ապուշի մէկն ես, եւ ի՞նչպէս կ՚ուզե՛ս որ օրիորդը քեզ սիրէ… ա՜հ, անիծեալ, գնա՛, գնա՛ չէ նէ…:
ԵՐՈՒԱՆԴԲայց…:
ԿՈՄԻԿԲայց մայց չեմ հասկնար, կորի՛ր, կ՚ըսեմ քեզի. եթէ չկորսուիս, կ՚երթամ Մարգրիտի հօրը ամէն բան կը պատմեմ։
ՄԱՐԳՐԻՏ(առ Երուանդ) Գնա՛, գնա՛, ապուշ է:
ԵՐՈՒԱՆԴ(կ՚երթա երբեմն երբեմն յետս դառնալով):