Сиаманто

Յոգնութիւն

Հոգիիս վրայ լուսինը կը ձիւնէ…

Օ՜, դէպի Խաւարներն ու Մոռացումը քալէ՛,
Ո՜վ յոգնած ու դանդաղ ու ծանր ուխտաւոր,
Աղբիւրներու սա՛ պայծառ տղուն հետ առանձին.
Ան հոնտեղերը մարմարէ մեհեաններ գիտէ,
Ուր հինաւուրց աստուածները՝ ազնուօրէն զօրաւոր,
Քու յոգնութիւնդ կը հասկնան…
Ու մարդկօրէն անոր մեծ ցաւը կ՚ապրին…։
Աւա՜ղ, մինչեւ ե՞րբ մեր մարմինները տարփաւոր
Այսչափ տենդօրէն պիտի գալարուին…
Դէպի փայտէ դագաղները դարաւոր՝
Յաւիտենական ու ապարդիւն կեանքին,
Վերջապէս իրիկուն մը մխրճուելու համար…
Թէեւ այնչա՜փ չարաշուքօրէն
Արհաւիրքով լեցուն, բայց փրկարար ծոցը հողին։
Գիտեմ, սքեմիդ մէջի վանականի իրանդ ոսկիէ
Շատ ապրած Աստուածի մը խոնջէնքն ունի.
Ուրեմն եկո՛ւր սա խարտեաշ ու խորունկ ու լուռ ու մերկ հարսներէն լեցուած՝
Մեր գինիի նուիրական սափորն ա՛լ վար դնենք,
Թէեւ ան մեր երգերուն խենթութիւնը կ՚ըլլար…
Ու այն բոլոր արշալոյսէ ծաղիկները, որ քաղեցինք,
Անկարելի պաշտամունքին համար…
Այս բոլորը ձգենք, մեր կուրծքերուն ադամանդէ խաչերուն հետ,
Ո՜վ բարեկամ ու բախտակից ու հոյակապ քրմապետ,
Այնպէս չէ՞, ես ալ այս բոլորը ճանչցայ,
Քեզի հետ ա՛յնչափ ապարդիւնօրէն,
Իմ սիրահար տղու խօլաթեւ իրիկուններուս մէջէն,
Յոգնած եւ արիւնոտ ճակատիս դիմաց, անհունօրէն, առ յաւէտ…։
Ու արդէն աւազներու մոգերն աստղերուն տակ ըսին թէ
Հողին բոլոր գինիները ա՛լ մոլախինդ պիտի ըլլան,
Ու բոլոր կապոյտ շուշաններն ալ ձեր Յոյսի ծաղկանոցին,
Ամենը մէկ, յանկարծօրէն ագռաւներու պիտի փոխուին…
Ու յետոյ գիտես որ բոլոր օձերը փեթակներուն տակ,
Մեզի համար այն սե՜ւ անձրեւներէն ի վեր, հիմակ,
Մահագուժօրէն վաղուան մեղրը կը պատրաստեն,
Ու դեռ կարծեմ թէ գետնափորներուն մէջ է որ
Բոլոր բրուտները, մեռելներու հողերէն,
Ո՞ր ժամանակէն ի վեր ապրողներուն համար մինչեւ այսօր
Ջուրի կուժեր կը շինեն…
Ու այն լամպարը, որով Ցնորքը կը հսկենք մեր կտաւէ վրանին տակ,
Ահաւասի՛կ, քեզի կ՚ըսեմ, Արշալոյսէն դեռ շատ առաջ պիտի մարի…։
Օ՜, թեւդ թեւիս անցո՛ւր ու խարխափելէն քալէ՛,
Ո՜վ ծանր ու դանդաղ ու յոգնած ուխտաւոր,
Որովհետեւ վաղորդայնը անգթօրէն սուտ է…
Ու մեր զգայախաբի ոտուըներն ալ յոգնած,
Կեանքին մինչեւ Իրիկունները երթալու համար։
Դէպի խաւարն ու Մոռացումը թափանցէ՛,
Ջուրերու երիտասարդ զաւակին հետ առանձին,
Ու քու տարագիր ճամբորդի տառապանքդ բոլոր
Ու այն աղջամուղջի դարերը, զոր օրերն ուսերուդ վրայ հարկեցին…
Այդ բոլորը ամէնը մէկ ինծի տո՛ւր…
Ու միսիդ պատանքներն ալ հոգիիս վրան նետէ՛…
Թեւդ թեւին անցո՛ւր ու քալէ՛ Ցաւին հետ հայրօրէն,
Անոր վիրաւոր եղնիկի աչուըներն իմաստուն
Կեանքին բոլոր ճամբաները գիտեն…

Հոգիիս վրայ լուսինը կը ձիւնէ…

Будьте первым, кто оставит комментарий по этому поводу
Ятук Музыка
Симфоническое Панель "Армения"
Лазарос Сарьян

Симфоническое Панель "Армения"

Обнаженная
Обнаженная
Играть онлайн