Ի՜նչ դողդոջուն ոտեր՝Սըացին որպէս խոտեր,Իջայ վայրիկըս։
Ի՜նչ բողբոջուն այտեր՝Միջօրեայ վարդ էր ցայտեր,Գըտայ մայրիկըս։
Գիրկը գըրկին՝ առաւ ու դըպաւ,Սիրտը սըրտին՝ վառաւ ու կըպաւ՝Թեւեց աչելով․
Ձեռքը ձեռքին՝ առաւ ու հըպաւ,Ճերմակ վարդեակ՝ կուրծքին դըրաւ՝Լռեց պաչելով։