Даниэль Варужан
Կարմիր հողը
Գրասեղանիս վրայ, սա
Սկաւառակին մէջ կայ բուռ մ՚հող, բերուած հոն
Հայրենիքի դաշտերէն:
Նուէր է ան. ― Զայն ինձ ձօնողը կարծեց
Սիրտն իր տրուած, առանց երբեք գիտնալու
Թէ կու տար իր պապերունն ալ միասին:
Զայն կը դիտեմ. ― մերթ ժամեր
Բիբերս անոր վրայ յառած կը մնամ
Լո՜ւռ եւ թախծո՜տ, իբր այդ հողին մէջ յուռթի
Նայուածքս արմատ արձակէր: ―
Կը մտածեմ. ― Գուցէ իր գոյնը բոսոր
Չէ պարգեւուած բնութեան ներհուն օրէնքէն.
Վէրքերու սպունգ մ՚ըլլալով
Խմած է մաս մը կեանքի, մաս մ՚արեւու.
Եւ իբր տարր անպաշտպան
Կարմիր հող մ՚է եղած, հայ հող մ՚ըլլալուն:
Գուցէ իր մէջ կը բաբախեն տակաւին
Դարերը հին-հին փառքին,
Կայծն ամրակուռ սմբակներու որոնց գոռ
Արշաւանքն օր մը ծածկեց
Հայկեան վաշտերն յաղթութեան տաք փոշիով:
Կ՚ըսեմ. ― Իր մէջ դեռ կ'ապրի
Ինքնատիպ ուժն այն որ կազմեց շունչ առ շունչ,
Կեանքս իմ, քու կեանքդ, ու տուաւ,
Կարծես ձեռքով գիտակից,
Նոյն թուխ աչուին նոյն եւ նման հոգիով
Կիրք մ՚Եփրատէն առնուած,
Սիրտ մը կամշոտ, թաքստոց
Ըմբոստանքի ու նաեւ բո՛ւռըն սիրոյ:
Իր մէջ, իր մէջ կը կայծկլտայ հոգի մ'հին ՝
Հին դիւցազնի եղած փսոր մը գուցէ ՝
Կոյսի մ՚աղուոր արցունքով .
Հիւլէ մը կայ Հայկէն, փոշի մ՚Արամէն,
Անանիայէն բիբ մը դէտ ՝
Դեռ աստղերու ճաճանչներով թաթաղուն.
Ա՜զգ մը կայ հոն, սեղանիս վրայ ազգ մը հին,
Որ այսօր իր վերաշողշող այգուն մէջ,
Հողի բնատուր մարմնոյն տակ ինձ կը խօսի,
Կ՚ոգեզինէ ― եւ աստղերու ինչպէս ցանն
Անհունութեան մէջ կապոյտ ―
Փոշիներովն իր հրաբորբ
Հոգիս քաղցրիկ փայլակներով կ'ոռոգէ:
Ու այն ատեն լարը ջղերուս կը դողայ
Սարսուռով մ՚յորդ, ա՛յն սարսուռով ՝ որ մտքին
Հերկերուն վրայ աւելի՛
Ըստեղծիչ է քան գարնան հովն արփագաղջ:
Ու կը զգամ անցքն ուղեղէս
Նոր յուշերո՜ւ, հոգիներո՜ւ դեռ կարմիր
Խոր վէրքերովն իրենց, վրէժի՛ շրթունքներ.
Եւ այդ հողն, այդ փոշին, զոր ես կը պահեմ
Այնքա՜ն սիրով՝ որքան հոգիս պիտ՛ չընէր
Եթէ մարմնոյս աճիւններն
Օր մը մահէն վերջ հովերուն մէջ գտնար.
Այդ պանդուխտ մասն Հայաստանի, մասունքն այդ
Մնացած մեր յաղթ պապերէն,
Բժժանքն ու ձօնն այդ կարմիր,
Սիրտս սեղմած մագիլներով անծանօթ,
Երկինքն ի վեր, գըրքի մը վրայ, թանկագին
Ժամու մը մէջ ժպիտներու, սէրերու,
Կամ քերթուածի մը ծնած վեհ վայրկեանին
Զիս հապըշտապ կը մղէ
Մերթ լալու, մերթ մռնչելու,
Եւ զինելու բռունցքս, հոգիս բռունցքիս մէջ: