Zapel Yesayan
Սիլիհտարի պարտեզները
ԳԼՈՒԽ Բ, Դպրոցը
Այն ժամանակ (1888) Սկիւտարի Ս. Խաչ վարժարանը վերակազմութեան շրջանին մէջ էր։ Վարժարանն արդէն ունեցեր էր անցեալին մէջ փայլուն տարիներ։ Օր. Զապել Խանճեան (հետագային հռչակ ստացած բանաստեղծուհի Սիպիլ անունով) յաճախած եւ շրջանաւարտ եղած էր Ս. Խաչ վարժարանէն։ Վահրամ Թորգոմեան եւ եղբայրը այդ դպրոցը աւարտելէ յետոյ կրցեր էին հետեւիլ համալսարանական ուսմունքի։ Ամենուն կարծիքը այն էր որ դպրոցը ամէն տուեալ ունէր կրկին բարձրանալու երկրորդական վարժարանի աստիճանին եւ պատրաստելու երիտասարդ սերունդ մը, ատակ՝ կեանքի նոր պահանջները դիմաւորելու յաջողութեամբ։
Հետզհետէ հասարակութեան այն խաւը, որ կը ստանձնէր թաղային գործերու ղեկավարութիւնը, կը դառնար գիտակից իր դերին։ Նոր հարստացող առեւտրականներ, որոնք իրենց ետեւէն կը քաշէին միջակ կարողութեան տէր գործի մարդիկ եւ շուկային խանութպաններ, որոնք առաջիններուն կապուած էին նիւթական շահերով, յաջողեր էին հրաժարեցնել նախկին պահպանողական եւ կղերամիտ թաղական խորհուրդը, «հաճի աղա»ները, եւ նոր հոգաբարձուները ընտրեր էին երիտասարդ, լուսաւորեալ, ուսմունք ստացած մարդերէ։ Այս նոր հոգաբարձուներուն մէջ շատ լաւ կը յիշեմ Ֆերհատեան եւ Աւգեր էֆէնտիները, երկուքն ալ եւրոպական կրթութիւն ստացած, որոնք եռանդով կը հետեւէին եւ կը հսկէին ծրագրուած վերակազմութեան։
Գլխաւոր եւ ցաւոտ խնդիրը ծաղկոցն էր ուր կը յաճախէին չորսէն եօթը տարեկան չքաւոր երեխաներ։ Ծաղկոցը երկսեռ չէր. աղջկանց դպրոցը ունէր իր ծաղկոցը եւ մանչերուն դպրոցը՝ իրը։ Երկու բաժանմունքներն ալ յանձնուած էին հինէն մնացած պառաւ վարժուհիի մը եւ ծերունի պատուելիի մը, որոնց ամբողջ դերը կը կայանար մանուկները լուռ եւ անշարժ պահելու մէջ եւ այդ նպատակին հասնելու համար, անոնք չէին վարաներ ծեծի դիմելու եւ երեխաները ահաբեկման ենթարկելու։
Աղջկանց ծաղկոցը կը գրաւէր մեր դպրոցի առաջին յարկի մեծ սրահը։ Գէշ խնամուած եւ վատ սնած երեխաներու յատուկ գարշահոտությունը կը տիրապետէր մթնոլորտին։ Բազմաթիւ երեխաներ կը քնանային իրենց գլուխը դրած գրասեղաններուն վրայ։
Այնտեղ գրել կարդալ կը սորվեցնէին փոքրերուն գրեթէ Կարապետ աղայական մեթոտներով, աւանդական այբբենարանի մը վրայ, որուն առաջին էջին վրայ սեւ խաչ մը կար, տակը գրուած «խա՛չ, օգնեա ինձ»։ Շնորհիւ այն բանին որ ես գրեթէ մինակս սորված եմ կարդալ, այդ զզուելի այբբենարանը ինձ չէ տանջած, բայց գիտեմ որ ան մղձաւանջ էր այն ժամանակի երեխաներուն։ Ինչքա՜ն տաք արցունք թափուած է անոր էջերուն վրայ… ինչքա՜ն մանկական շրթունքներ հեկեկալով հեգած են անոր վանկերը. բէ այբ՝ բա, բէ է՝ բէ… իմ ընկերուհիներէս մէկը ինծի ըսած է որ մեսրոպեան տառերը, այդ գարշահոտ ծաղկոցին մէջ, արցունքի մշուշի մը ետեւէն՝ իրեն կ’երեւային ինչպէս զզուելի անասնիկներ եւ իր խորշանքը այնքան մեծ էր որ գիշերը երազը կը տեսնէր։
Յաջորդող էջերուն վրայ վանկերը երկու սիւնակներու բաժնուած անիմաստ բառեր կը կազմէին եւ երթալով կը դառնային բազմավանկ բառեր։ Վերջին էջին՝ բառերը մանր գիրերով վեցավանկ էին. խաղաղասիրական, փղշտացիական, եւ այլն։
Ցուրտէն ճաթռտած, անարիւնութենէ կապտացած մանկական մատներու վրայ, պառաւ եւ նեղսիրտ վարժուհիին քանակը կ’իջնար անխնայ եւ, փոխանակ երգի եւ ուրախ ժխորի, աղեկտուր լացեր, անօգնական երեխայի հեւքոտ հեծկլտանքներ կը բարձրանային այդ ծաղկոցէն։
Այդ երեխաները Սկիւտարի «ստորին խաւերը» կազմող մարդոց զաւակներն էին, գրեթէ ամբողջովին ձրի։ Ոջլոտ, հիւանդոտ, կէս կուշտ, կէս անօթի, այդ անճար երեխաները աւելի մեծ թշուառութեան կ’ենթարկուէին աշնան եւ ձմեռուան խոնաւ եւ ցուրտ օրերուն։ Կը յիշեմ դեռ դժբախտ երեխաներ, որ հարկադրուած ցեխոտ ոտնամանները հանելու՝ ծակծկուած գուլպաներով կը բարձրանային սրահ։
Նոր հոգաբարձութիւնը վերջապէս յաջողեցաւ վերջ դնել այդ վիճակին։ Ան նշանակեր էր երիտասարդ վարժուհի մը եւ օգնական մը եւ ծաղկոցը դարձաւ երկսեռ։
Ծաղկոցի նոր վարժուհին, Աշճեան մականունով, սիրուն երիտասարդուհի մըն էր, հոգածու իր արդուզարդին, միշտ կը կրէր ճերմակ ասեղնագործուած օձիք եւ թեւնոցներ։ Անիկա գրած եւ հրատարակած էր «Դեղին վարդեր» անունով բանաստեղծութիւն մը, ինչ որ փառքի լուսապսակ մը կու տար իրեն։ Կը սիրէի զինքը եւ հակառակ որ ոեւէ կապ չունէր ինձ հետ, կէս օրի արձակուրդի ժամերուն կը դեգերէի իր շուրջը։ Ան օր մը ժպտեցաւ ինձ եւ ես երախտապարտ մնացի այն ժպիտին։ Անիկա մեղմ եւ քաղցր բնաւորութիւն ունէր եւ յաճախ մատիտը կը հանէր եւ բան մը կը գրէր տետրակին մէջ եւ յետոյ երազուն նայուածքը կը յառէր անորոշ կէտի մը։ Անշուշտ նոր բանաստեղծութիւններ կը գրէր, բայց չեմ կարծեր որ «Դեղին վարդեր»էն ետք ոեւէ բան հրատարակած ըլլայ։
Մեծերուն բաժինը կը յաճախէին մինչեւ տասնըչորս տարեկան աղջիկներ, որոնք կը պատկանէին հասարակութեան զանազան խաւերուն։ Կային առեւտրականներու քանի մը աղջիկներ, որոնք ազգական էին թաղականի կամ հոգաբարձուի։ Կային նաեւ երկու-երեք տասնեակ ձրիներ, այսինքն բացայայտ չքաւորի զաւակներ։ Իսկ աշակերտուհիներու ստուար մեծամասնութիւնը արհեստաւորներու կամ փոքրիկ խանութպաններու աղջիկներ էին։ Էսնաֆի զաւակներ, ինչպէս կ’ըսէին, որոնք առաւել կամ նուազ բարեկեցիկ ընտանիքներէ էին։ Առեւտրականներու աղջիկները գոռոզ էին եւ արհամարհական նոյնիսկ վարժուհիին եւ ուսուցիչներու նկատմամբ, որոնք կարծես իրենց ծնողքին կամ ազգականին վարձկաններն էին։ Վարժուհին եւ ուսուցիչներէն ոմանք կը քծնէին այդ աղջիկներուն, բարձր նիշեր կը դնէին, ներողամիտ եւ ժպտուն էին երբ ոեւէ յանցանք գործէին, եւ այդ բոլորը չէր վրիպեր մեր ուշադրութենէն։
Էսնաֆի աղջիկներն էին սակայն որ կու տային ամենէն ընդունակ եւ յաջող աշակերտուհիները եւ ասոնցմէ էր որ դուրս կու գային խառնուածք ունեցող աղջիկներ, որոնք կը բողոքէին անարդարութիւններու դէմ, կը պաշտպանէին տկարները եւ երբեմն իրենց անձին վտանգով կը կազմակերպէին ըմբոստական շարժումներ։
Տասներկու տարեկանիս արդէն կը ճանչնայի արտաքին աշխարհը դպրոցի աշխարհին մէջէն՝ իր հակասութիւններով, իր պայքարներով, իր անհաշուելի շերտաւորումներով։ Դպրոցը մանրանկարն էր մեծերու այն աշխարհին, որ հետագային իր կարգին պիտի ճանչնայի։ Գծուծ հաշիւներ, սնափառութիւններ, կեղծիք, ստախօսութիւն, եսասիրութիւն… Այնտեղ կային աղջիկներ, որ բարենիշ ձեռք բերելու համար կ’ենթարկուէին ամէն ստորնութեան եւ որոնք հետագային նիւթական միջոցներ կուտակելու համար գործադրութեան պիտի դնէին նոյն կարգի միջոցներ։ Այնտեղ կային նաեւ անձնական շահու եւ փառքի անփոյթ աղջիկներ, որոնք անտրտունջ կը պատժուէին եւ չէին մատներ իրենց ընկերուհիները։ Կային որ սիրտբուխ էին եւ րոպէի տրամադրութեան տակ կարող էին ըլլալ վեհանձն, անձնազոհ, բայց հետեւողական չէին իրենց վարմունքին մէջ։ Կային որ հլու, հնազանդ կ’ենթարկուէին դպրոցական իշխանութեան պատուէրներուն եւ իրենց վարմունքը կէտ առ կէտ կը պատշաճեցնէին իշխանութեանց ցանկութիւններուն, իսկ ուրիշներ, ընդհակառակն, իրենց դատողութեան անկախութիւնը կը պահպանէին ամէն գնով։
Բայց մանաւանդ խտրութիւնը, որ դպրոցի պաշտօնէութիւնը կը դնէր հարուստներու եւ աղքատներու մէջ, չէր վրիպեր մեր ուշադրութենէն եւ արդարութեան ու իրաւունքի զգացումները կ’արծարծէր մեզմէ ոմանց մէջ։
Իմ այդ շրջանին կեանքս մտաբերելով, վերստին կ’ապրիմ անհաւասար պայքարի մէջ եղող մէկու մը կրած բարոյական բխումները։ Միշտ արթուն եւ պատրաստ ինքզինքը պաշտպանելու, միշտ լարուած դրութեան մէջ, եւ երբեմն ալ մղուած անդիմադրելի զգացումէ՝ անցնելու յարձակողականի, առանց նկատի ունենալու գալիքի փորձանքները։
Այսպիսի տրամադրութենէ մը մղուած, օր մը յարձակած եմ մեր վարժուհիին վրայ, որ քանակովը զարկաւ աղքատիկ աղջկան մը ցուրտէն վիրաւոր մատներուն։ Հետեւանքները շատ ծանր կրնային ըլլալ, բայց հայրս, որուն խօսեր էին իմ «անորակելի արարք»իս մասին, հարցուցեր էր տնօրէնին.
– Հապա մէյ մը հարցուցէք թէ ինչո՞ւ աղջիկս յարձակեցաւ վարժուհիին վրայ։
Օրէնքով մարմնական պատիժը վերցուած էր եւ դպրոցը նախամեծար համարեց սահիլ այդ խնդրին վրայէն։
Բայց դպրոցին մէջ ամենէն տաժանելի պահը ճաշի ժամն էր։
Ամէն մէկ աշակերտուհի իրեն հետ կը բերէր ցերեկուան ճաշը, չքաւորները փոքրիկ ծրարներով, որոնց մէջ կային հաց եւ քանի մը ձիթապտուղ եւ երբեմն միայն չոր հաց. կը պատահէր որ այդ չոր հացի ծրարն ալ չըլլար։ Հարուստները իրենց տան ծառային միջոցով կը ղրկէին մեծ ափսէներ, երկու-երեք տեսակ կերակուրներով եւ անուշեղէնով։ Ընդհանրապէս վարժուհին հրաւիրուած կ’ըլլար այդ ափսէներէն մէկուն առաջ։ Էսնաֆի տղաքը կ’ունենային մէկ տեսակ կերակուր եւ եղանակին համեմատ միրգ մը։ Կիրակոս աղբարը, դպրոցին տնտեսը, կը կատարէր սպասարկութիւնը անոնց, որ տան ծառայ չունէին, իսկ տնտեսուհին, կախարդի երեւոյթով պառաւ մը, որ կը կերակրուէր հարուստներու սակառներու մնացորդներով, կերակուրները կը տաքցնէր կրակարանին վրայ։ Խորտիկներու հոտը, երբեմն խորովածի ախորժաբեր բուրումը կը բռնէր սեղանատունը։ Անոնք որ կերակուր ունէին, անհամբեր ախորժակով կը նստէին իրենց ափսէներուն առաջ, իսկ չքաւորները կը խռնուէին անկիւն մը, հեռու միւսներէն։
Միշտ այդ ժամին անորոշ անհանգստութիւն մը կը գրաւէր հոգիս։ Տարտամօրէն կը դիտէի քոյրս, որ, օժտուած ուժեղ ախորժակով, կը սկսէր ճաշել, մինչ ինձ համար ճարպոտ կերակուրներու ճենճի հոտը նողկալի էր։ Ա՜հ, եթէ թոյլ տային որ թթու լեմոն մը ուտէի նարինջի պէս…
Այն ժամանակ դեռ որոշակի չէին կարող դատել կացութիւններու անհաւասարութենէ բխող անարդարութիւնը, բայց տարտամ խղճահարութիւն մը ինձ կը տանջէր, եւ անտարակոյս իմ բնաւորութեան մէկ հակասութեան հետեւանքով կը զայրանայի չքաւորներու դէմ, որ իրենց ողորմելի երեւոյթով ինձ կը ներշնչէին այդ զգացումը եւ եթէ հնարաւոր ըլլար, բուռն միջոցով մը կ’արտայայտէի իմ այդ զգացումս։
Օր մը, պարտէզը, նախընթրիքի պահուն, Մելինէ անուն աղջիկ մը կեռաս կ’ուտէր։ Դեռ նոր թեւակոխած էինք գարունը եւ կեռասը կը համարուէր հազուադէպ։ Անոր դէմ նստած էր չքաւոր աղջիկ մը եւ գող կատուի աչքերով կը դիտէր կեռասները։ Մելինէ մէկ ափին մէջ բռնած էր կեռասները եւ միւս ձեռքով կը բռնէր կեռասի մը կոթօն եւ կը մօտեցնէր բերնին եւ մէկ կողմէն կը խածնէր հիւթեղ պտուղը։ Դիմացը նստած աղջիկը ամէն անգամ իր ցանկացող շրթներով ուտելու շարժում մը կ’ընէր եւ բերնին ջուրերը կը վազէին։
Այս տեսարանը ինձ տակնուվրայ ըրաւ եւ, չհանդուրժելով, վայրենիի ճապուկ շարժումով մօտեցայ, խլեցի կեռասները Մելինէի ափէն եւ մէկ թափով նետեցի պարտէզի պատէն անդին։
Եւ երբեք չհասկցայ թէ ինչո՞ւ փոխանակ Մելինէի, չքաւոր աղջիկն էր որ հեծեծանքով սկսաւ լալ։
Ո՛չ իմ տարեկիցները եւ ոչ ալ մեծերը կը հասկնային իմ հոգեկան խռովքները եւ ընդհանուր կարծիքն այն էր որ բուռն եւ անգութ երեխայ եմ։ Բայց ուրիշներու կարծիքը կշիռ չունէր ինձ համար, ոչ թէ որովհետեւ այնքան դատողութիւն ունէի որ արհամարհէի այդ կարծիքը, այլ որովհետեւ շատ ամբողջական կերպով ենթակայ էի իմ ներքին, յաճախ անգիտակից մղումներուս։ Կը խորհէին որ անսիրտ եմ եւ անտարբեր իմ շրջապատիս ինձ ունեցած հոգածութեան եւ գորովին, բայց չէին երբեք մտածեր որ յոգնած եւ ձանձրացած էի այն յարատեւ ուշադրութենէն, որ իմ հիւանդկախ երեխայի մանկութիւնս հրաւիրեր էր իմ վրայ։ Ինչ որ ես կ’ուզէի՝ այլեւս ուրիշ բան էր։ Թո՛ղ մէկը հակէր փափկութեամբ իմ խռովայոյզ հոգիիս վրայ եւ ես ամբողջութեամբ կը յանձնուէի անոր։
Կը մտածէին որ երես առած, շփացած երեխայ եմ, բայց ես անվերջ կը տանջուէի, սակայն ոեւէ կերպով չէի յայտներ իմ տանջանքը։ Շատ եմ տառապած մանաւանդ այն անհարկի եւ անգութ զգացումէն, որ գթութիւն կը կոչեն, բայց որ վստահ եմ որ ուրիշ բան է։ Ոեւէ առիթի յանկարծ աղիքներս կը գալարուէին այդ տանջալի զգացումով, որ սակայն փոխանակ ինձ մեղմացնելու, կը դարձնէր բուռն եւ յարձակողական։
Այդ զգացումը հրէշային չափերով կ’աճէր իմ մէջ, երբ տարին երկու անգամ ձրիներուն հագուստ կը կարէին դպրոցին մէջ։ Թաղին «բարեգործ» հարուստները քանի մը թոփ կերպաս կը նուիրէին դպրոցին. «իրենց թափոն ապրանքները կը քշեն» կ’ըսէր Երանիկ մօրաքոյրս։ Դպրոցին մէջ, բոլոր աշակերտներու ներկայութեան, վարժուհին մէկիկ-մէկիկ կը կանչէր ձրիները եւ անոնց ցանկը կը պատրաստէր։ Յետոյ ձեւագիտութեան վարժուհին, տիկին Ֆիլոռը – ի՜նչպէս սրտանց կ’ատէի այդ կինը – չափերը կ’առնէր եւ կը սկսէին հագուստները ձեւել դասարանի մը մէջ, որ կը դառնար արհեստանոց, եւ կը կարէին մեծ աշակերտուհիներու մասնակցութեամբ։
Ամէն անգամ որ ընդհանուր սրահէն աղջիկ մը կը կանչէին հագուստը փորձելու համար, սիրտս կը սեղմուէր անձկութեամբ եւ ինձ կը թուէր որ պատահածը ահռելի բան մըն է։ Բայց այդ աղջիկներէն շատերը ժպտուն եւ գոհունակ դէմքերով կը վերադառնային սրահ… Մէկ անգամ աղջիկ մը մերժեց հագուստը։ Անիկա Ատրինէ անունով հազիւ տասնըմէկ տարեկան երեխայ մըն էր, նաւավարի աղջիկ, որուն հայրը մեռեր էր երկու տարի առաջ։ Անիկա մռայլ եւ անհաղորդ աղջիկ էր։ Օր մըն ալ այլեւս չեկաւ դպրոց։ Յետոյ լսեցինք որ մեռեր է թոքատապէ։
Զատկի կամ Ծնունդի Կիրակին, միօրինակ հագուած ձրիները շարքով կը տանէին եկեղեցի, որպէսզի իրենց բարերարները իրենց աչքերով տեսնեն կատարուած բարիքին արդիւնքը։ Պատարագիչ առաջնորդը կը դրուատէր իր քարոզին մէջ այդ բարերարներուն քրիստոնէավայել բարեսրտութիւնը եւ կը բացատրէր որ հարստութիւնը Աստուծմէ տրուած աւանդ մըն է իր ընտրեալներուն եւ թէ ան իրապէս կը պատկանի չունեւորներու։ Բայց քարոզը կը վերջանար մաղթանքներով քսակներու առատութեան եւ շահաւէտ գործեր բացուելու մասին։
Ձրիները կարծես այդ հանդիսաւոր օրերուն կը զգային իրենց անփառունակ վիճակը։ Ինչքա՜ն վայրահակ գլուխներ տեսած եմ այդ շարքերուն մէջ, ինչքա՜ն տխուր աչքեր եւ երբեմն ցասումէ փայլատակող ակնարկներ. բայց այս վերջինները շատ հազուադէպ էին։ Եւ այդ «բարերարները» երախտապարտութիւն կը յուսային այդ թշուառ երեխաներէն…
Բարեբախտաբար հայրս իր կարգին ցասումով կ’արտայայտուէր այդ երեւոյթին յանդէպ եւ ամէն առիթի կ’ըսէր որ այդ կարգի բարիքը չարիք է, քանի որ այդ խեղճ երեխաներուն արժանապատուութեան զգացումը ոտնակոխ կ’ըլլայ։ Օր մը հայրս տուն հրաւիրեց տնօրէնը եւ անոր խօսեցաւ, պնդելով որ վերջ պէտք էր դնել այդ երեւոյթին։
– Բայց, Մկրտի՛չ աղա, ըսաւ տնօրէնը, այդ ձրիները դժգոհ չեն. ընդհակառակն ուրախ են որ նոր հագուստ պիտի ունենան։
– Աւելի՛ գէշ, ըսաւ հայրս։
Այդ տնօրէնը ատաբազարցի երիտասարդ մըն էր թաւ յօնքերով եւ պեխերով։ Անիկա քաղցրաբան էր, ժպտուն եւ հաճոյակատար։ Կը ջանար սիրաշահիլ ծնողները, բայց մասնաւորապէս քծնող էր հարուստներուն։ «Ճիզուիտ» մարդ է, կ’ըսէին իրեն համար։ Անիկա շատ յարգալիր էր հօրս նկատմամբ, որովհետեւ հօրս խօսքը կշիռ ունէր թաղին մէջ։ Ես ալ կը նպաստաւորուէի այդ հանգամանքէն։ Տնօրէնը կը ջանար անուշ տեղը կապել կամ «վրան ծածկել», երբ իմ մասիս գանգատ ըլլար ուսուցչէ մը կամ վարժուհիէն։ Եւ յաճախ այդ գանգատները կ’ըլլային։
Դեռ երրորդ դասարանէն հայերէն լեզուն եւ քերականութիւնը կը սորվէինք գրաբար. կ’ընէինք թարգմանութիւններ գրաբարէ աշխարհաբար եւ քերականական վերլուծումներ։ Աշխարհաբարի համար կը պատրաստէինք միայն շարադրութիւններ։ Ուսուցիչը, որ Տէօվլէթեան անունով մէկն էր, կու տար մեզ շարադրութեան նիւթը եւ կը բացատրէր թէ ի՛նչպէս պիտի զարգացնենք այդ նիւթը։ Աշակերտուհիներէն ոմանք իրենց միտը կը պահէին ուսուցիչին խօսքերը եւ գրեթէ բառացի կ’արտագրէին։ Ուրիշներ, օգտուելով ուսուցիչի ցուցմունքներէն, անձնատուր կ’ըլլային այն կեղծ զգացողութեան, որ այն ժամանակները կը համարուէր խիստ հետաքրքրական։ Այս շարքին մէջ էին շարադրութեան առաջինները։ Իսկ չորս աշակերտուհիներ, դասարանին պոչը, որոնցմէ երկուքը կուլ էին, երկուքը անկարգ, ոչ մէկ ձեւով չէին գրեր, կամ հազիւ երեք-չորս տող բան կը գրէին։ Ես այդ վերջիններէն էի։
Լաւ կը յիշեմ շարադրութեան նիւթերը.
– «Փոթորիկ ծովու վրայ. նաւ մը կ’ընկղմի. ճամբորդներու օրհասական վիճակը»։ «Պատերազմի դաշտ գացող զինուոր մը, որ իր հօրը կը գրէ. նկարագրել պատերազմը եւ զինուորին որդիական զգացումները»։ «Ողբ վաղամեռիկ աղջկան մը մասին»։ «Հիւծախտէ բռնուած երիտասարդ մը, որ հրաժեշտ կ’առնէ կեանքէն» եւայլն, եւայլն։ Այդ շարադրութիւնները կը մարզէին աշակերտուհիները կեղծ ռոմանթիզմի մէջ եւ պիտակուած էին «ա՜հ»երով եւ «ո՜հ»երով, բնութեան շաբլոն նկարագրութիւններով ու թխմուած էին գերադրական ածականներով։ Այդ բոլորը ինձ չէր հրապուրեր եւ մազաչափ չէր ազդեր իմ վրաս։ Ես ու միւս «անկարգ» աշակերտուհին, որ Հրանուշ կը կոչուէր, նոյնիսկ երբեմն բացայայտ կը ծաղրէինք ուսուցիչին տուած պատուէրները եւ առաջին դասաւորուող աշակերտուհին։ Մեր դիմադրութիւնը «գեղեցիկ դպրութեան» դասերուն եւ ծաղրանքը յաճախ սուղի կը նստէին մեզ, բայց կը շարունակէինք։ Այդ Հրանուշը ուժեղ նկարագրով աղջիկ մըն էր։ Անոր հայրը քէօշէն սրճարան մը ունէր։ Առաջին տարիէն որ Ս. Խաչ վարժարանը մտայ, բարեկամացայ, նոյնիսկ մտերմացայ Հրանուշին հետ։ Երեք տարի յետոյ օր մըն ալ գժտուեցայ իրեն հետ լուրջ պատճառով մը։ Անիկա հետագային ամուսնացեր էր դերասանուհի Սիրանուշի եղբօրը հետ։ Տասնեակ տարիներ իր հետքը կորսնցուցեր էի։ Զինադադարէն յետոյ, քեմալական յառաջխաղացումէն փախչողներու հետ, ան գաղթեր էր Ֆրանսա, եւ օր մըն ալ եկաւ ինձ գտաւ Փարիզի մօտ, Վիրոֆլէի բնակարանս։
Նոյն Հրանուշն էր. խենթ-խելօք, ինքնուրոյն եւ անսանձ։ Վաղուց մոռցեր էի գժտութիւնս եւ անկեղծ սիրով համբուրուեցանք։ Ամուսինը մեռեր էր եւ, իր միակ տղուն ուսմունք տալու համար, Հրանուշ կ’աշխատէր Փարիզի բանուորական թաղի մը մէջ, ճաշարանի մը խոհանոցը։ Թելադրեցի իրեն մտնել արհեստակցական միութեան մէջ։ Ուշիմ աչքերով կը հետեւէր իմ խօսքերուս։ Անկէ յետոյ կրկին հետքը կորսնցուցի։
Այն հետեւողական դիմադրութիւնը, որ ցոյց կու տայի դպրոցական ռեժիմին, չէր կարող աննկատելի մնալ։ Թէ՛ տունը եւ թէ դպրոցը կը պախարակէին ինձ այդ մասին։ Անցեր էին այլեւս այն ժամանակները, երբ շուրջս կը տեսնէի միայն ժպտուն դէմքեր եւ կը լսէի քաղցր ու փաղաքուշ խօսքեր։ Այլեւս ամէնքն ալ ինձ կը նայէին խոժոռ աչքերով, կ’ուղղէին ինձ յանդիմանութիւններ եւ ամենավատ գուշակութիւններ կ’ընէին իմ ապագայիս մասին։
Միայն հայրս յոյսը չէր կտրած ինձմէ։ Ան ոչ միայն մեծ համբերութեամբ կը պատասխանէր իմ հարցումներուս, գոհացում տալով իմ անյագ հետաքրքրութեանս, այլեւ յաճախ ինքը ինձ կը խօսէր լրջութեամբ եւ խոհականութեամբ, ինչպէս եթէ մեծ ըլլայի։
Այդ խօսակցութիւնները տեղի կ’ունենային ընդհանրապէս պարտէզը։ Վարդենիներու եւ մեխակի ածուներու կողքէն քալելով ան ինձ կը խօսէր եւ կը բացատրէր աշխարհը։ Ինչ որ ան ժամանակներէն ըմբռնած էի, այն էր որ հայրս ունէր շատ խոր զգացում անհատական արժանապատուութեան։ Ան կը հանդուրժէր ամէն բանի, կը տանէր նիւթական եւ այլ դժուարութիւնները անտարբերութեան հասնող համբերութեամբ, կը բաւէր որ իր արժանապատուութեան զգացումը վիրաւորանքի չենթարկուէր։ Հօրս ներքին մեծ հպարտութիւնը տպաւորութիւն կ’ընէր իմ վրաս։ Այդ զգացումն էր որ կը ղեկավարէր նաեւ իր վերաբերմունքը դէպի ուրիշ անհատները, որովհետեւ հայրս հաւասար բծախնդրութեամբ ուշադիր եւ հոգածու էր դէպի ուրիշներու արժանապատուութեան զգացումը եւ բուռն կերպով կը բողոքէր, եթէ ոեւէ մէկը փորձէր ոտնակոխ ընել ոեւէ մէկուն հպարտութիւնը։ Ան խտրութիւն չէր դներ մարդոց մէջ։ Ոչ նիւթական վիճակը (մանաւանդ նիւթական վիճակը), ոչ ընկերային խաւը, ոչ ազգութիւնը չէին կշռեր իր դատողութեան մէջ։ Իրեն համար արհամարհելի էին, «մարդ չէին» անոնք, որ զուրկ էին արժանապատւութեան զգացումէ։ Այդ էր իր բարոյական լծակը, իր հիմնական սկզբունքը եւ իր բոլոր բարոյական ըմբռնումները կը բխէին այդ սկզբունքէն։
Ճիշդ է որ հայրս հետագային չդաւաճանեց ինքզինքին, ամէն կարգի փորձանքներու եւ դժուարութիւններու մէջ անեղծ պահեց իր արժանապատուութեան զգացումը եւ պարտադրեց զայն ամենուն ու գլուխը միշտ բարձր, հպարտ ու անայլայլ, անկնճիռ դէմքով եւ ժպտուն աչքերով հասաւ մինչեւ ալեւոր ծերութիւն։
Հօրս խօսքերը, որ կը բխէին իր բարոյական սկզբունքներէն, մեծ գոհացում կու տային ինձ։ Իմ պատանեկան եռանդս կը յագենար հօրս տուած բացատրութիւններով եւ պատուէրներով։ Անոնք կը յաջողէին աստիճանաբար կարգ ու սահման դնել այն խռովայոյզ քաոսին, որ իմ ներքին էութիւնս էր։ Իմ մէջ տեղի կ’ունենային ընդհարումներ, յաղթանակներ եւ պարտութիւններ, որոնք ինձ կը նետէին հակասական զգացումներու մէկ ծայրայեղութենէն միւսը, բայց հօրս խօսքերուն ազդեցութեան տակ համերաշխութիւն առաջ կու գար իմ ներքին էութեան մէջ եւ աստիճանաբար կը հասնէի իմ հոգեկան միութեան։
Իմ երկար եւ դէպքերով հարուստ կեանքի ընթացքին, շատեր ազդեցութիւն գործած են իմ վրաս, ոմանք նոյնիսկ յաջողած են իմ կեանքի ղեկը դարձնել իր ուղղութենէն, բայց ոչ ոք այնքան հիմնական եւ խոր ազդեցութիւն գործած է իմ վրաս, որքան հայրս իր խօսքով եւ կեանքով։
Երբ ձմեռուան ամիսներուն կը փակուէինք տանը ներքնամասը եւ մեր երկուքի առանձնութիւնը անկարելի կը դառնար, այսուամենայնիւ հայրս կը շարունակէր իր բարերար ազդեցութիւնը գործել, օգուտ քաղելով ամէն դէպքէ եւ եղելութենէ։ Երբեմն ալ կը խօսէր իր Կովկաս անցուցած տարիներու մասին. կը պատմէր դրուագներ իր ըրած ճամբորդութիւններէն, կը նկարագրէր թիփեր, տարազներ, լեռնականներու բարքեր։ Կրակարանին վրայ ջուրը կը խժար չայնիկին մէջ, թէյին նուրբ բուրմունքը կը տարածուէր օդին մէջ եւ ես վերացած, զմայլանքով մտիկ կ’ընէի։
– Մէկ ցանկութիւն ունիմ կեանքիս մէջ, կ’ըսէր հայրս, որ երբեք զուր ցանկութիւն չէր յայտներ։ Մեռնելէ առաջ անգամ մըն ալ տեսնէի Թիֆլիսը։
– Երթանք, հայրի՛կ, կ’ըսէի այն անյոյս յոյսով, որ թերեւս այդ ըլլար։
– Եթէ դուն օր մը տեսնես Թիֆլիսը, կը պատասխանէր ան, իմ աչքերովս ալ նայէ…։
Ու օր մը իրաւամբ տեսայ Թիֆլիսը ու մինչ կառքը կ’անցնէր կամուրջի մը վրայէն, ինձ թուեցաւ որ ոչ թէ առաջին անգամ կը մտնեմ անծանօթ քաղաք մը, այլ կը վերադառնամ ինձ արդէն շատոնց ծանօթ եւ կարօտով ցանկացած քաղաք մը։
Ինչքա՜ն հիմնովին տարբեր էր իրական կեանքը այն պատկերացումէն, որ հօրս խօսքերուն ազդեցութեան տակ ես ինձ համար կը կազմէի։ Ամէն ինչ ինձ կը վիրաւորէր եւ զայրոյթի նոպաներ յառաջ կը բերէր իմ մէջ։
Հետզհետէ սկսայ աւելի գիտակցական արհամարհանք ունենալ այն մարդոց նկատմամբ, մանաւանդ այն ուսուցիչներուս, որոնք զուրկ էին հօրս դաւանած առաքինութիւններէն։ Կարծես իմ մէջս դատարան մը կար, ուր անվերջ ու խիստ դատաստանի կ’ենթարկուէին հանդիպած անձերս եւ եղելութիւնները։ Կ’ատէի կեղծիքը եւ քծնելու ունակութիւնը, որ այնքան տարածուած էր դպրոցի պաշտօնէութեան մէջ։ Երբ հոգաբարձու մը կամ հարուստ թաղեցի մը այցելութեան կու գար դպրոց, կը տեսնէի թէ ի՛նչպէս կեղծ ժպիտով կամ քծնանքով կը վերաբերէին վարժուհին եւ ուսուցիչները դէպի այդ մարդիկը։ Կը լսէի պարագաներու յարմարող խօսքեր, որոնք գիտէի թէ սուտ էին, եւ խորապէս կը տառապէի։ Եւ որովհետեւ ձեւը չէի գիտեր զգացած սրտնեղութիւնս յայտնելու, բուռն արարք մը կը գործէի, որուն իմաստը ոչ ոք կը հասկնար, ոչ իսկ հայրիկս, բայց եւ հետեւանքները կը կրէի անտրտունջ։