Levon Shant

Երազ օրեր

3

Յունիս 21

այսօր ամբողջ օրը Տուրգենեւի թարգմանութեանն էի տուած։ Գործս յաջող կերթայ։ Միայն ինծի կջղայնացնէ պարոն Մկրտիչի մուրճին անվերջ թկթկոցը. պարտէզը աթոռ կշինէ։

Արդէն անոր մուրճին աղմուկը երբեք չի վերջանար։ քովի սենեակը, խոհանոցը, պատշգամը միշտ բաներ մը կը հնարէ իր դժոխային մուրճովը զինուած։ Բայց ի՜նչ մեղադրեմ խեղճը։ մարդս կարո՞ղ է մինչեւ իրիկուն պարապ նստիլ։ Ան դեռ շատ աղեկ վարժուած է։ Ակնթարթ մի ինծի իր տեղը որ դնեմ՝ սիրտս կճաքի։ Ի՜նչ կեանքի դատարկութիւն, ի՜նչ աննպատակ գոյութիւն։

Գիշերը անքնութենէ չարչարուելէ ետքը՝ առտուն կանուխ ելիր ու սաղմոս քաղէ. ետքը քանի մը ումպ թեյ խմէ ու գնայ շուկա, իբրեւ թէ գնումներու, բայց հոս ու հոն հանդպելու ու խօսելու. ետքն ալ թափառէ՝ տան բոլոր անկիւնները դուրս ելած գամ մը, խախտած սռնի մը փնտրելով կամ գնայ խոհանոց քրոջդ ու սպասուհիին օգնելու մինչեւ որ գայ ճաշի ատենը։ Կուշտ ճաշէն ետքն ալ գնայ սենեակդ ու պառկէ՛ եւ արթնցիր ուշ ատեն, ինքդ ալ չգիտնալով ինչ ընելու համար։

Եւ ասիկա անվերջ, առանց որեւէ փոփոխութեան. այս տարունէ գալ տարուանը կրնաս երեւակայել։ Անվե՜րջ, ճիշտ պարզ տարբերական կոտորակի մը պէս, որ օր մըն ալ կարծես նոյն թիւը գրելէ ձանձրացած՝ կդնես բազմակետ մը. կեանքին մեծ բազմակետը ու վերջացաւ։

Եւ ասոր կըսեն ապրիլ։ Եւ պարոն Մկրտիչը, որ շատ սիրելի ու խելքը գլխին մարդ մըն է, չի գանգատիր այդ կեանքէն եւ կուզէ ապրիլ, երկար ապրիլ։ Կզարմանամ։ ԻՆծի համար ոչինչ ու անարժէք բան մըն է կեանքը, երբ չկայ աշխատանք, մաքառում, ձգտումներ ու կիրք, յուզում ու ծրագիր։ Առանց այս բոլոր կենդանի շարժման, առանց այս մշտական հոգեկան եռքին՝ միթէ մահը շատ աւելի իմաստալից ու արժէքաւոր չէ՞։

Յունիս 24

Երկու օր է «հերոսուհիս» չէի տեսած։ Հարբուխ էր եղած եւ իրիկունները դուրս չէր ելլեր։ Կարօտի նման զգացում մը կար մէջս. կուզէի տեսնեմ։

Իրիկունը գիւղէն վերադարձիս, երբ իրենց տան առջեւէն կանցնէի՝ աչքերս անոր կերպարանքը կփնտրէին։

Պատշգամի վրայ եղբարյն էր, որ շեզևլոնին վրայ երկնցած լրագիր կկարդար։ Հեռուէն բարեւեցի եւ հարցուցի օրիորդի առողջութիւնը։

- Բան մը չունի. նազ կընէ. և եղաւ պատասխանը։և Հրամեցէ՛ք վեր. դեռ չէք եղած մեզի։

- Ուշ է քիչ մը. և ըսի վարանքով։

- Եկէք. մայրս ալ, քոյրս ալ ուրախ կըլլան։

Առանց իմ յատուկ որոշման ոտքերս արդէն ուղղուեցան դէպի պատշգամին կից սանդուղները։

Պարոն նկարիչը դէմ եկաւ. եւ երբ պատշգամէն սնեակ մտանք երկուքով՝ մայր ու աղջիկ ոտքի ելան թեյի սեղանէն։

- Աս ի՜նչ հրաշք. և բացականչեց օրիորդը ժպտուն։

- Լսեցի՝ տկար էք. և եղաւ բացատրութիւնը։

Նստեցանք, տիկինը լրացուց քաղաքաւարական հարցերուն շրջանը եւ ծայր տուաւ թեյի սեղանին շուրջը ոստոստուն ու թեթեւ խօսակցութիւն մը։

Օրիորդս ոչինչն չունէ, ր եղբօրը ըսածին պէս. քիչ մը աւելի գիրցած երեւցաւ աչքիս եւ քիչ մը աւելի դժգոյն։ Ինքնաեռին դէմը նստած բաժակները կմաքրէր ու մեզի թեյ կմատակարէր. միեւնոյն ժամանակ կմասնակցէր խօսակցութեան ե՛ւ խօսքով, ե՛ւ իր զուարթ խնդուքով։

Խօսուած լեզուն ռուսերէն էր, բայց ինչպէս եղաւ օրիորդը մէկևերկու նախադասութիւն ըսաւ հայերէն եւ շատկարգին, որ բաւականաութիւն պատճառեց ինծի եւ զգացումս զսպել չկրցայ։

- Ի՛նչ լաւ ըսիք հայերէնը, օրիո՛րդ։ Եւ ինչո՞ւ միշտ հայերէն չէք խօսիր. լաւ առիթ է, կվարժուիք։

- Որովհետեւ աղեկ չգիտեմ. և թսակ նորեն հայերեէն եւ ետեւէն իսկոյն ռուսերէնով աւելցուց. և ռուսերէն լեզուով կրնամ միտքս շատ աւելի նուրբ ու հարուստ արտայայտել։

- Այդ նրբութիւնն ու հարստութիւնը պէտք է ամենքը ունենան իրենց մայրենի լեզուով. եւ ատիկա ձեռք կբերուի խօսելով, քանի որ ձեր օտար դպրոցը այդ տեսակետէն օժանդակել չի կրնար ձեզի։

- Մայրենի լեզո՞ւ. և պարցուց հանկարծ տարօրինակ շեշտով մը. և մայրս ինծի հպետ միշտ ռուսերէն է խօսած. այդպէս չէ՞, մամա՜. և դարձաւ մօրը ծիծաղկոտ ու կ էսևերգող ձայնով մը։

Ես վայրկեան մը վարանեցայ։ Իմ տեսական ըմբռնումիս խիստ գործնական պատախսնա մըն էր դէմ առեր։

- Սիրելի՛ բարեկամս, այդ բոլորը քիչ մըն ալ ճաշակի խնդիր է. և մէջ նետուեցաւ եղբայրը. և ո՛ր լեզուն որ անուշ ու գեղեցիկ է՝ ան ալ կգործածեմ։

- ՀԱյերէնը տգեղ է՝ ըսել կուզէք։

- Շիտակը խօսելով՝ շատ գեղեցիկ չեմ գտներ։

- Կարծեմ ձեր նկարչական ճաշակը այս հարցին մէջ ձեզ օգնել պիտի չկրնայ. և ըսի ես քիչ մը չոր։ևՆախ որ այս կամ այն լեզուով խօսիլը բնաւ ճաշակէ կախուած խնդիր չէ. ձեր քոյրը շատ աւելի ճիշտ պատասխանը տուաւ։ Երկրորդ ալ՝ պահ մը ձեր ըսածը ընդունելով, ո՞ւրկէ գիտէք հայերէնի տգեղ ըլլալը. ձեր ըսած ու ձեր գիտցած հայերէնովը կդատէ՞ք։

- Ուրիշ ինչո՞վ կուզէք որ դատեմ

- Կա՛ հայ գրական լեզու մը ու հայ գրականութիւն։

- Գրականութի՜ւն. և կրկնեց նկարիչը ներողմաիտ հեգնութեամբ մը։և Գրականութիւն մը գրականութիւն դառնալու համար պէտք է խոր ու արժէքաւոր երկեր ու ստեղծագործութիւն ունենայ ի մէջը։

- Դուք կխօսիք ձեր չճանչցած գրականութեան մասին։

Նկարիչը ուսերը թոթուեց, իսկ ես այլեւս լեզուս բռնել չկրցայ.

- Իսկ եթէ նոյնիսկ դեռ չունինք այդ բարձր ու խոր գրական ստեղծագործութիւնները, որ դուք կպահանջէք, ատոր հանցաւորը դո՛ւք էք, պարո՛ն նկարիչ։

- Ե՞ս. և հարցուց խօսակիցս ծիծաղի զարմանքով։

- Այո՛, դո՛ւք, ե՛ս, մե՛նք, մեր երիտասարդութիւնը։ Փոխանակ ուրիշներու հասրտութեամբ հպարտանալու եւ ուրիշներու լեզուն առաջ քաշելու, դեռ չունինք այնքան ինքնութիւն ու հպարտութիւն մենք մեր սեփական հարստութիւնը ունենալու, մեր լեզուն խօսելու, յղկելու ու նրբացնելու, մե՛ր կեանքը, մե՛ր հոգին ու մե՛ր պէտքերը պատկերելու ու արտայայտելու։ Րահամարհելը, չի հաւնի ը ու չձգտելը երբեք ոչինչ ստեղծել չեն կրնար։ Պէտք է սիրել ու գործածել լեզու, ն եթէ կուզէք, որ սրուի ու արժէքներ ստեղծագործէ։

Վայրկեան մը լռութիւն տիրեց։

- Այդ մասին թո՛ղ բանաստեղծները մտածեն. և կամաց մը փեշերը հաւաքեց նկարիչս։և Խնդիրը ինծի չի վերաբերիր. ես նկարիչ մարդ եմ. եւ շիտակը ո՛չ ժամանակ ունիմ, ո՛չլ ալ տրամադրութիւն այդ կարգի բաներու վրայ երկար խորհելու։ Այսքանը միայն ինծի պարզ է, որ մենք հայերս հաստ ու կոշտ ժողովուրդ ենք. նուրբի ու գեղեցիկի ըմբռնումը չունինք. իսկ երեւակայութիւն՝ բնա՛ւ։

- Բարեկա՛մ, ատոնք պարապ ու անարդար խօսքեր են։ Եւ ինչպէ՞ս կրնաք առանց խղճահարուելու պախարակել մաբողջ ժողովրդի մը ընդունակութիւնները։ ժողովրդի մը, որ ձեր մայրն է վերջապէս։

- Ինչո՞ւ պիտի խղճահարիմ, սիրելիս։ Մարդ պէտք է ազատ մտածէ եւ պէտք է լայն ըլլայ մեր մտածման հորիզոնը։ Նեղ, անձուկ միջնադարեան գաղափարներու ժամանակը անցած է. այս դարը քննադատութեան դար է, Վոլտերներու, Զոլաներու ո գին է մեր դարը դարձնողը։

Չպատասխանեցի։ Ներս մտաւ տիկինը եւ խօսակցութիւնը փոխուեցաւ։ Ես սաստիկ անհանգիստ էի. շատ ծանր ու անախորժ զգացում մը կճնշէր հոգիիս վրայ, որ հարկադրուած էի զսպելու։

Քիչ մը վերջը ծանր քայլերով տուն կվերադառնայի։ Լուռ ու խաղաղ գիշեր էր արդեն։ Տերեւ մը անգամ չէր դող դղար, վար իյնող աստղ մը անգամ չկար։ միայն վարէն գետն էր նորէն, ձորէն, իր հին երգը կկրկնէր ամէն բանի անտարբեր։

Վէճը վէրքի մը պէս հետք էր թողեր կրծքիս տակ։ Եւ ես ինծի՛ կմեղադրէի. հիմարի պէս էի վարուած։ առջի օրէն գիտէի դիմացիններուս կարծիքը. ի՞նչ կարիք կար այս աւելորդ ու անհամ բառամարտին։ Ես եւ անոնք տարբեր կեանքով ենք մեծցած եւ տարբեր ոգիով կրթուած։ Իրար երբեք չենք հասկնար։ Հիմա անշուշտ կհամարեն ինծի նեղ գաղափարներու տէր խղճուկ մէկը։ Եւ իրենց վերաբերմամբ իմ մտածածս ալ ատկէ տարբեր բան մը չէ։

Ա՜, ինչո՞ւ գացի ես անոնց տունը։

Յունիս 25

Ամպշող օր մըն էր այսօր։ Ճաշէն առաջ նստած սենեակս պատուհանիս տակ կա շխատէի, երբ Հոռոբսին եկաւ հայտնեց, թէ դրացի օրիորդը եկեր է ու ինծի կհարցնէ։

Շատ զարմացայ. ի՞նչ կուզէր, մանաւանդ երեկուան ծանր հանդիպումէն ետքը. ակամայ կնախատեսէի նոր անախորժութիւն մը։ Բայց եւ այնպէս բնականաբար իսկոյն վեր թռայ ու ելայ պատշգամ։

Օրիորդը իր պզտիկ քրոջը հետ մեր սանդուղին առջեւը կեցած շատ սիրալիր կերպով կխօսակցէր հօրեղբօրս կնոջ հետ, որ մեր պատշգամէն անդադար կկրկնէր, որ գոնէ քանի մը վայրկեան վեր հրամմէ։

Աղջիկը հազիւ բարեւս առաւ, որ ըսաւ։

- Արդեօք քառորդ ժամ մը կրնա՞ք ինծի ընկերանալ. մինչեւ գիւղը, պզտիկ պտոյտ մը։ ձեզի հետ խօսելիք ունիմ։

- Ամենայն սիրով. այս վայրկեանիս. և ըսի ես ու սենեակս նետուեցայ։

«Չըլլայ թէ եղբայրը երեկ գիշեր խսօքերէս շատ վիրաւորուած ըլլայ. քոյրը հիմա եկեր է ինծի զգացնել տալու», կմտածէի տանու հագուստս փոխելով։

Պատշգամէն իջայ թէ չէ՝ մեր տիկնոջ ցտեսութիւն ըսաւ եւ իսկոյն ճամփայ ելանք։

Արքունի ուղին էր, որուն վրայէն կքալէինք. երկու կողմէն ձորի կողերն էին թզուկ ծառերու կրկնեցով մը իրենց ուսերուն մերկութիւնը ծածկած։

Կքալէինք լուռ իրար քովէ, տարօրինակ զսպուած յուզում մը կար մէջս, որ աւելի կհարհրուէր այս երկրարատեւ ու տարօրինակ լռութենէն։ Իր վարմունքը ամէն տեսակետէն ե՛ւ անսովոր էր, ե՛ւ անսպասելի։

Մէկևերկու անգամ քովնդի նայեցաւ երեսս ու ժպտեցաւ առանց սակայն շրթունքները բանալու։ Եւ այսպէս անխօս հասանք մինչեւ այն պզտիկ կամրջակը, որ խճուղին մեր ափէն գետի միւս ափը կանցընէ։

Անցանք կամրջակը. գետն ալ ձախէն աջ անցաւ։

- Կա՛տեա, շրջանակդ չդարձնե՞ս. և ըսաւ պզտիկ ուսին զարնելով։

Երբ փոքրիկը շրջանակին ետեւէն վազելով հարթ ճամփուն վրայ բաւական հեռացաւ՝ օրիորդը առանց այլեւայլութեան դարձաւ ինծի.

- Գիտեմ, որ զարմացած էք եւ հիմա աւելի պիտի զարմանաք։ Կուզէի հայերեէն սորվիմ։ ինչպէ՞ս ընեմ. ինծի ի՞նչ խորհուրդ կուտաք։

- Կանգ առի ու մնացի արձանի պէս։ Աղջիկը նոյնպէս կեցաւ դէմս. շիփևշիտակ ու շեշտակի կնայէր աչքերուս. զարմանալի ու փոխուած դէմք մըն էր դէմինս. եւ բոլորովին տարբեր ու լուրջ արտայայտութիւն մը այդ դէմքին վրայ։

- եւ կուզէի, որ պատասխանէք պարզ ու շիտակ, իբրեւ մօտիկ ու մտերիմ մարդու։

- Պատասխանը ինքնին շատ պարզ է. պէտք է շարունակ կարդաք ու շարունակ խօսիք հայերէն։

- Բայց որո՞ւ հետ խօսիմ. մեր տունը դուք գիտէք. եւ գրական ոճն ու լեզուն դժուար է ինծի հասկնալը միսևմինակ։

- Իրաւունք ունիք, գոնէ սկիզբները պէտք ունիք օգնականի մը։

Աղջիկը հանկարծ քիչ մը գլուխը խոնարհեց եւ գոց հովանոցին ծայրովը գետինը եռանկիւնը մը գծելով ըսաւ.

Եթէ ձեզմէ խնդրեմ, որ դուք ըլլաք այդ օգնականը՝ կընդունի՞ք։

- Ե՞ս. և թռաւ հանկարծ կրծքէս յուզումի շեշտով մը, որ զսպել ու քողարկել չկրցայ։

Աղջիկը աչքերը բարձրացուց գետնէն։ գամեց նորեն շիտակ աչքերուս եւ աւելցուց խիստ լուրջ.

- Շատ կխնդրեմ, որ քաղաքաւարութիւն չընէք եւ ձեր հոգին չբռնադատէք. ես կուզեմ միայն ձեր ազատ ընտրութիւնը. այո՞, թէ ոչ։

- Այո՛, եւ մե՛ծ սիրով։

Հետն ալ չգիտեմ ինչպէս մեկնեցի ձեռքս իրեն։ Աղջիկը իսկոյն բռնեց, սեղմեց եւ հազիւ լսելի ձայնով մըն էր, որ ըսաւ.

- Շնորհակալ եմ։

Սկսանք քալել վերստին։ Եւ հետն ալ իր հետեւեալ խոստովանութիւնը.

- Այս գիշեր ես շատ երկար մտածեցի՝ դիմե՞մ ձեզի այս խնդիրքով, թէ ոչ։ Ձեր մերժումէ՛ն չէ, որ կկասկածէի. ո՛չ, բայց ինքս ալ չգիտեմ՝ ինչու. կամ գուցէ պէտք չէր, որ այս ձանձրոյթը ձեզի տայի. բայց ահա՜, տեսէք, եկեր եմ□

- Այդ խօսքերը կարծեմ անտեղի եւ աւելորդ են այլեւս, քանի որ դուք ինծի դիմեցիք մօտիկութեան ու մտերմութեան անունով։

- Իրաւո՛ւնք ունիք. և պատասխանեց շատ կտրուկ շեշտով մը։և ուրեմն ըսէ՛ք, խնդրեմ, ի՞նչ գիրք ճարեմ եւ ե՞րբ սկսինք։ Ես քիչ մը շուտիկ եմ ամէն բանի մէջ. ներող եղէք։

- Գրքի մասին հոգ քաշելու պէտք չկայ. քովս քանի մը կտոր ունիմ, բան մը կընտրեմ. իսկ սկիլը վաղվընէ շուտը չկայ, քանի որ այդքան շուիտկ էք. և կատակեցի ես։

- Աղե՛կ, ուրեմն վաղ առտու ժամը իննին կսպասեմ. հարմա՞ր է ձեզի այս ժամը։

- Բոլորովի՛ն։

- Կա՛տեա։և պոռաց քրոջը. և կվերադառնա՛նք։

Պզտիկը հասաւ մեզ իր շրջանակին հետ ու քալել սկսանք դէպի տուն։

Ու շարունակ կխօսէինք Կատեայի մասին, անոր առանձնայատկութիւններուն ու բնաւորութեանը մասին. եւ Կատեան ինքն ալ խօսքի կխառնվէր։

Այս բոլոր անցածևդարձածը դեռ լաւ մը չեմ մարսած. ինչպէ՜ս արագ եղաւ եւ անակնկալ. ո՞վ կրնար մտածել։ Եւ չեմ կրնար ծածկել ինքս ինծմէ, որկայծկլտող ուրախութիւն մը թափանցած է հոգիս։ Զարմանալու ալ կարծեմ պատճառ չկայ։ չէ՞ որ իմ խօսքերուս ազդեցութեանը տակ եկաւ ան այս որոշման։

Յուլիս 2

Շբթուան մը չափ է սկսած ենք մեր աշխատութիւնը. օրիորդն ալ, ես ալ մեծ եռանդով ենք գործին փարած. նորութիւն է երկուքիս համար ալ։

Ամէն օր պայմանադրուած ժամուն մեծ անհամբերութեամբ կվազեմ Շամիրեաններուն պարտեզը, ուր ստուերախիտ ծառերուն տակ փայտէ պարզուկ սեղան մը կայ ու երկու աթոռ։ Տեղը օրիորդը ընտրեց չխանգարուելու համար։

Գրքերէս զատեցի «Դաւիթ Բէկը»։ Արդէն քանի մը գլուխ կարդացած ենք։ Օրիորդի ընթերցումը գղշ չէ. նոր ու անսովոր բառերը քիչ մը կկզէ։ Զարմանալի սուր յիշողութիւն ունի։ Եւ անհագ կլսէ թէ՛ լեզուի, թէ՛ մեր կեանքին վերաբերող եւ թէ՛ պատմական բացատրութիւնները, որ անդադար ստիպուած եմ տալու ընթերցանութեան միջոցին։

Երբեմն այնքան լուրջ է ու մտախոհ, որ նոր սկսած ատեննիս կկարծէի, թէ ուշ չի դներ։ Օր օրի զարմանքս կաճի. իր հարցերը հոգեկան ծածուկ ապրումներ, խորհրդածութիւ, ն կասկածներ ու դժգոհութիւններ կմատնեն։

Ի՜նչ սխալ գաղափար էի կազմած այդ աղջկան վրայ երեւոյթէն դատելով։ Ան ինծի համար աղուոր, զուարթ ու կենսուրախ էակ մըն էր, բայց զուրկ խոր ապրումներէ եւ ամէն լրջութենէ հորանջող։ Իր ըրած տպաւորութիւնը հիմա այն պատճառով աւելի մեծ է, որ բնաւ չէի սպասէր։

Հիմա ինքս ինծի կհարցնեմ՝ մի՞թէ այդ նափոյթ ու խայտուն կեղեւին տակ խորունկ հոգի մը կայ պահուտած։ Եւ շիտակը չգիտեմ ինչ պատախսանեմ. վերջին երկու շաբաթուան մէջ այնքան արագ սկսան փոխուիլ կրած տպաւորութիւններս, որ հատատ բան մը ըսելու այլեւս չեմ համարձակիր։ Այսչափը միայն ինծի համար պարզ է, որ մեր այս նոր աշխատանքէն չափազանց գոհ եմ ու ոգեւորուած։

Ձեւականութիւնները շատ շուտով վերացան մեր մէջէն. ո՛չ միայն իմ եւ օրիորդի, այլեւ մեր երկու ընտանիքներու մէջէն։ Ամառանոցի մենութիւնն ու ազատութիւնը, երկու տարեկից տիկիններու հաճախակի հանդիպումները, երիտասարդներուս իրարու կապուիլը ծնունդ տուաւ մեր երկու ընտանիքներու աւելի սէրտ յարաբերութեան։ Նկարիչս պարոն Մկրտիչի հետ ամէն օր կանոնաւոր կերպով կուգայ նարտի կխաղայ. եւ ինչ մեծ ոգեւորութեամբ։ Երկուքն ալ ինքզինքնին անպարտելի կդաւանին այդ մարզին մէջ, եւ շատ զուարճալի է խաղի ատեն անոնց խօսք ու վէճին ականջ դնելը։

Գալով ինծի՝ ամէն օր ճաշէն առաջ արդէն անոնց եմ. իսկ ճաշէն վերջն ալ, երբեմն Վարդուհին մօրը հետ կըլլայ մեզի, երբեմն նորէն ես կերթամ իրենց, որ իրիկուան դէմ խմբով ելլենք պտոյտի։

Եւ Շամիրեաններուն տան մէջ իմ գրաւած դիրքս քանի կերթայ ուղղակի նախանձելի կդառնայ։ Պարոն նկարիչը բացայայտ կերպով ինծի հանդէպ ջերմ համակրանք կցուցադրէ, հակառակ մեր մէջէն անցած մէկևերկու աղիևլեղի վէճերուն. ան միշտ շատ գոհ է, երբ իրեն առիթ ու հնարաւորութիւն կտրուի իր պատկերներուն գոյներուն ու երանգներուն եւ նկարչութեան մասին երկար խօսելու. եւ այդ առիթն ու հնարաւորութիւնը ես անոր հաճախ կուտամ։

«Դուք քոյրս խելքէ հանեցիք, և կըսէ ինծի քմծիծաղ. և բայց վնաս չունի. պարապ մնալէն աւելի աղեկ է լեզու մը սորուիլը. եւ տեսնենք ինչ պիտի սորուի»։

Իսկ օրիորդիս մայրը ինծի, գիտեմ, որ սիրած ու համակրած է առաջին օրէն։ Թէեւ շատ չուզէր, որ աղջիկը ամառն ալ «այսքան մտաւոր աշխատանք ունենայ»։ Բայց եւ այնպէս մեր պարապմունքներուն արգելք չէ։ Եւ ինչպէս արդէն շատոնց նկատած էի՝ Վարդուհին տան մէջ բոլորովին անկախ դիրք մը ունի, դեռ քիչ մըն ալ տիրապետող։

Աւելցնեմ, որ փոքրիկ Կատեայի հետ սաստիկ մտերիմ ենք. երթալուս պէս թեւերուս ու ծունկերուս վրայ է. միայն մեր պարապմունքի ժամերուն խստիւ արգիլուած է իրեն մեզի մօտենալը։

Նոյնիսկ բացևդեղին մազերով, կապուտաչուի ռուս սպասուհին առանձին փութկոտութիւն մը ունի դէպի ինծի ու միշտ խորհրդաւոր ժպիտ մը իր շրթունքին։

Այո՛, այս ձեւը առաւ իրողութիւնը։

Յուլիս 7

Քանի օր է սովորութիւն եմ ըրած, երբ ճաշէն ետքը տաքը կոխէ, կբարձրանամ մեր տան ետեւի անտառակը եւ կփռուիմ կռնակիս վրայ ծառերուն տակ։ Նոսր սաղարթի ճեղքերուն մէջէն կդիտեմ երկնքի մաքուր բացևկապոյտը, ուր հազիւ երբեմն ճերմակ ամպերու փեռեկտումներ, մշտափոփոխ երազական ակներու նման, հանդարտիկ կլողան։

Ու կմտածեմ։ Կմտածեմ կա՛մ յաջորդ օրուան մեր ընելիքի մասին, տալիք հարցերս կընտրեմ, նոր գլխուն հետ կապուած բացատրուելիք կէտերը կորոշեմ, բանաւոր շարադրումներու նիւթեր կզատեմ եւ պատմել տալու զանազան ձեւեր կհնարեմ, որ իր արտայայտութիւնը աւելի կենդանի ըլլայ. կա՛մ յիշողութեանս մէջ կվերարտադրեմ առաւօտեան մեր խօսքերը, վէճերը, աղջկան ընթերցումը, ձայնը, դիրքը, ժպիտն ու նայուածքը։ Մեր այդ աշխատակցութիւնը կեանքիս մէջ մեծ տեղ է գրաուած հիմա։

Այս ցերեկ նոյն այդ գիրքին մէջ ծառերուն տակը կերազէի, երբ հարց մը ծնունդ առաւ գլխուս մէջ։ Եթէ Վարդուհիին տեղ ուրիշ մը ըլլար՝ այսպէս պիտի տարուէի՞ ու ամբողջովին պիտի նուիրուէի՞։ Որոշ պատասխան մը տալու կվարանիմ։

Այո՛, հանձնառութիւնը հանձնառութիւն է եւ ես բարեխիղճ աշխատող մըն եմ ամէն բանի մէջ, բնաւորութիւնս գիտեմ։ Բայց եւ այնպէս անտարակոյս դիմացինիս աղջիկ մը ըլլալը իր որոշ դէրը ունի. ի՞նչ կայ զարմանալու։

Ամէն պարագայի արդէն պարզ կզգամ, որ մեր պարապմունքները ինծի համար միայն պարտականութիւն եւ զբաղմունք չէ, այլ միեւնոյն ժամանակ խորին հաճոյք մը։ Նստած իրենց պարտեզի բաղեղնորւ ետին, նեղ սեղանի մը երկու կողմը, այնքան նեղ, որ երբ երկոքս ալ քիչ մը առաջ կհակինք՝ մազերնիս իրար կշոյեն։ Եւ թարմ թրթիռներով կանացի ձայն մը, որ մարդուս հոգին կշոյէ, երբ կյուզուի։ Եւ իր նայուա՛ծքը եւ խնդո՛ւքը։ Երբեմն այն զգացումը կունենամ, կարծես գինի խմած ըլլամ, երբ մանաւանդ ինքս լուռ՝ իրեն խօսիլ կուտամ։

Չգիտեմ, արդեօք ան ալ իր հոգիին մէջ նման հաճոյք մը ունի՞. ինչ զգալը չգիտեմ, բայց անցած օր ինքը ըսաւ, թէ հիմա իր ամբողջ հոգին լեցուած է մեր այս աշխատանքով։

Յուլիս 11

Այսօր ընդհանուր քաղի պէս բան մը ըրինք մեր մինչեւ հիմա կարդացած մասերուն վրայէն, որ մեզի բնական կերպով բերաւ վէպի գեղարուեստական կողմերու վերլուծութեանը եւ երկի ստեղծագործական արժէքին։

Այնպէս տարուեր ու կլանուեր էինք, որ ժամանակին անցնիլը չէինք նկատած։ Այն ատեն միայն ուշքի եկանք, երբ մայրը երեւցաւ մեր բաղեղնորւն մէջ ու հրաւիրեց ինծի ճաշի։ Ուզեցի շնորհակահլութեամբ հրաժարիլ, ընդգծելով, որ տունը հիմա անշուշտ ինծի կսպասեն։ Տիտինը ծիծաղելով յայտնեց, որ այդ կո ղմէն կրնամ հանգիստ ըլլալ. արդէն ինքը լուր է տուած մեր տունը, թէ ճաշի չեմ երթալու։

Ճաշը անցաւ շատ զուարթ. բոլորս ալ զարմանալի կերպով հրաշալի տրամադրութեան մէջ էինք։ Եղբայրը ճաշէն ետքը ինծի իր աշխատանոցը առաջնորդեց, ուր եղած էի միայն անգամ մը հարեւանցի։

- Իրաւ է, թէեւ ցոյց տալու հոս աւարատած բան մը չունիմ եւ իմ լաւ կտորներս կյուսամ օր մը Թիֆլիս կտեսնէք, և ըսաւ պարոն նկարիչը իբրեւ առաջաբան. և բայց եւ այնպէս մարդս միշտ հաճոյք կզգայ իր աշխատութիւնը ուրիւշի մը ցոյց տալով։

Եւ պարոնը բնաւ այդ հաճոյքը չի զլացաւ իրեն՝ ի հաշիւ իմ ձանձրոյթիս։ Ամբողջ ժամ մը ինծի մէկ կիսատ ու ներկերու մէջ թաթխուած կտաւին առջեւէն միւսին առջեւը կքաշէր. անդադար խօսելով, մեկնելով ու բացատրելով նկարներուն նիւթը, իր նկարելու եղանակը եւ գոյներու նրբութիւններուն դերը. փաստեր ու օրինակներ կբերէր մեծ նկարիչներու խօսքէն ու կեանքէն։

Ես սկիզբը մեծ հետաքրքրութեամբ կհետեւէի իր խօսքին, բայց հետզհետէ հոգնեցայ. եւ իսկապէս ուրախ եղայ, երբ նորէն դարձանք ընդհանուր սենեակը։

Մայրը առաջարկեց աղջկան, որ աղուոր կտոր մը նուագէ դաշնակի վրայ։

- Ա՜, իմ նուագելս. և առարկեց աղջիկը կէսևհեգտնոտ դէմքի արտայայտութեամբ մը, բայց նստեցաւ աթոռին ու դարձաւ ինծի եւ ըսաւ ժպտուն.

- Այո՛, նուագել ալ գիտեմ, ճիշտ հայերէն կարդացածիս չափ։

Լսած էի, որ կնուագէ, բայց դեռ բնաւ ներկայ եղած չէի իր նուագին. եւ դաշնակն ալ ընդհանրապէս ինծի համար հազիւ ծանօթ աշխարհ մըն էր. եւ հետաքրքիր էի, թէ ինչ տպաւորութիւն պիտի ընէ վրաս իր նուագը։

Օրիորդը արագ դուրս քաշեց ձայնատետրերու կոյտէն տետրակ մը եւ սկսաւ արագ թղթատել. հազիւ կրցայ կարդալ տետրակի երեսին վրայ Մենդելսոնի անունը։

Ու նուագը սկսաւ։ Կդիտէի իր երկար ճկուն ու բարակ մատները, որոնք դաշնակի մատներուն վրայէն կվազէին. կդիտէի իր կարճ կտրած մազերը, որոնք նուագի ամէն ցնցումին ուսերուն վրայ կդողդղային. կդիտէի իր պինդ կծկած շրթունքները, որոնք եղանակի զարկերուն հետ մէջէմէջ աւելի պինդ կկծկուէին. կդիտէի ձանյտատրին հառած իր վառ աչքերը։ բայց եւ կհետեւէի իր իուագածին։

Ու չգիտեմ երաժշտութի՞ւնն էր, որ աղջկան կերպարանքն ու էութիւնը այնպէս հրապուրիչ ու եթերային կդարձնէր իմ աչքերուս, թէ՝ աղջիկն էր, որ իր ներկայութեամբ ու իր շունչով այնքան խոր ու յուզիչ կդարձնէր երաժշտութիւնն իմ ականջներուս։

Գիտեմ միայն, որ հոգիս ալեկոծուած էր։

Քիչ մը վերջը կանջատուէի. ու խոհուն դէմքով՝ փոխանակ տուն երթալու՝ իջայ շիտակ ձորը ու կռթնեցայ մամռոտ խոշոր ժայռի մը, որուն վրայ ծուռ ու մուռ ուռենի մը ստուեր կնետէր։

Կէսևկեցած, կէսևնստած ականջ կդնէի գետի խելագար աղմուկին ու կդիտէի անոր անվերջ գալարումներն ու եռանքը ժայռերու գրկին։ Ժամանակը կըռչէր՝ գիտէի. բայց չէի ուզէր տեղէս երերամ. մեղկութիւնը մը տիրած էր հոգիիս։ Կցանկայի այդպէս մնամ անշարժ այդ աղմուկին մէջ անվերջ խոհուն։

Բայց ի՞նչ կխորհէի. ոչի՛նչ. կամ գրեթէ ոչինչն։ Երազի պէս բան մըն էր. դաշնակ մը կար աչքերուս դէմ, որուն վրայ Վարդուհիին նուրբ ու երկար մատները կվազէին եւ արժշտութիւն մը կար իմ հոգիիս մէջ։

Յուլիս 14

Իմ արդի բոլոր մտածումներս կեդրոնացած են ամբողջոին մեր միասին պարապմունքի ժամերուն վրայ։ Առտուները անբնական անհամբերութեամբ որոշեալ ատենին կսպասեմ. եւ միշտ տեսակ մը անհանգիստ ուրախութեամբ կվազեմ Շամիրեաններուն բնակարանը, ուր սովորաբար պատշգամին իսկ վրայ կհանդիպիմ «աշակերտիս», որ նոյն անհամբերութեամբ ինծի կսպասէ։

ան ալ բոլորովին ոգեւորուած է հիմա մեր զբաղումներով։ Գրքի ներկայացուցած հայ կեանքը, հայ տիպարները բուն հայ հողին վրայ, հայ լեռներն ու մեր լեռնական այդ մօտիկ անցեալը Վարդուհիին համար հիմնովին նոր աշխարհ մըն է, որ կբացուի անոր աչքերուն ու հոգիին առջեւ։ Եւ երբ կմտածեմ, որ իմ ներշնչումիս ջերմութեան տակ փթթեցաւ այդ թարմ ու նոր զգացումներուն ծաղիկ՝ը կուցծքս բախտաւորութեամբ կուռի։

Հաճախ կպատմեմ հիմա մեր կեանքէն, գաւառէն, մեր բնութեան գեղեցկութիւններէն, մեր ժողովրդի դառնութիւններէն։ Կնկարեմ իր դէմ իմ երազներս եւ այդ հողին վրայ ծլելիք ապագայ քաղաքակրթութիւնը։ Կգծեմ մեր բոլորիս պարտքը եղող աշխատանքը՝ քայլ մը աւելի ընելու համար դէպի մեր երազներու ապագան։

Աղջիկը կլսէ ինծի՝ աչքերը աչքերուս, անթարթ։ Կամ ինքը կպատմէ իր կեանքէն, կդժգոհի մեր հանրային կաշկանդող պայմաններէն, իր դպրոցական կեանքէն. մանր ու խոշոր, հետաքրքիր ու երկրորդական անվերջ նիւթեր, որոնք սակայն իր հոգին կբանան ինծի եւ ես անհուն ուշադրութեամբ կունկընդրեմ։ Ու հետզհետէ մեր գաղափարները կնոյնանան. մեր ձգտումները իրարու կմօտենան. մեր իդեալները, մեր անուրջները իրարմէ գոյն ու ձեւ փոխ կառնեն։

Եւ մենք ատիկա կզգանք փոխադարձաբար. ու ալ աւելի իրարու կմտերմանանք բնականաբար։

Յուլիս 19

Երեկ մեր աշխատանքը դիտմամ քիչ մը կարճ կապեցի. եւ ետքն ալ ազատ ժամանակէն օգտուելով խնդրեցի, որ մեկնելէս առաջ կտոր մը նուագէ. իբրեւ թէ պատահմամբ եղաւ։ Բայց անպիտանը իսկոյն ըմբռնեց։ Հազիւ քիչ մը նուագած էր, որ հիւրեր եկան ու խանգարուեցաւ։

Եւ այսօր երբ կարդացած գլուխը վերջացուց, ինքը գոցեց գիրքը, գոցեց եւ աչքերը կիսովին եւ ըսաւ նենգամիտ.

- Այսօր կարծես թէ աւելի երաժշտական է տրամադրութիւնս. արդեօք չէի՞ք ցանկար, որ բան մը նուագեմ ձեզի։

Եւ առանց պատասխանիս սպասելու ցատկեց ոտքի, քաշեց ձեռքէս, խնդաց լի կուրծքով, մազերը ճակտէն ետ նետեց ու սլացաւ դէպի սանդուղները։ Ես ալ բնականաբար ետեւէն։

Մինակ էինք՝ ես ու ինքը։ Ու դաշնակը կթնդար։ Տարբեր ոգեւորութեամբ մը կնուագէր. լանջը կդողդղար, մազերը կցատկոտէին, այտերը վարդ էին կտրեր, թարթիչները արագ կթարթէր, եւ իր փղոսկրէ դաստակները կվազէին դաշնամուրի մատներուն վրայ։

Այսօր արդէն երաժշտութիւնը չէր, որ կզգայի. այսօր ինքն էր իր ամբողջ էութեամբ իմ երաժշտութիւնս։

Երբ նուագը դադրեցաւ՝ Վարդուհին բուռն շարժումով մը ցատկեց ու եկաւ ինծի.

- Գո՞հ էք։

Առանց պատասխանի բռնեցի իր ձեռքը, սեղմեցի ու ալ ձգել չէի ուզեր։ Ան ալ իմս կսեղմէր։

Մինչեւ սանդուղներուն գլուխը եկաւ ինծի ճամփու դնելու։ Եւ նորէն առանց խօսելու սեղմեցինք անգամ մըն ալ իրարու ձեռք ու բաժնուեցանք։

Արտասովոր դանդաղ քայլերով ուղղուեցայ տուն. նոյն ծանր շարժումներով բարձրացայ սենեակս ու նստեցայ գրասեղանիս առջեւը աչքերս պարտէզի ծառերուն հառած։

Որչափ տեւեց այդ անշարժութիւնս՝ չգիտեմ. բայց ցնցուեցայ, երբ լսեցի, որ շրթունքներս կըսէին ցած ու խիստ յստակ խօսուածքով մը.

«Կսիրե՛մ, կսիրե՛մ»։

Ու սկսայ մտածել ու սկսայ յիշել բոլոր անցածևդարձածը այս քանի մը շաբաթներու ընթացքում իմ ու այդ աղջկան միջեւ. եւ ըմբռնեցի, որ ես սիրած էի այդ աղջիկը առաջին տեսած օրէս։

Be the first who will comment on this

Other parts of "Երազ օրեր"

Yatuk Music
Vagharshapat
Komitas

Vagharshapat

The girl with a book
The girl with a book
Play Online