Hakob Paronyan

Նետ

Խ. Հ. Դերձակեան ստորագրութեամբ նամակ մը ստացանք Իզմիրէն… դժբախտաբար։ Արգոյ նամակագիրն զմեզ լիրբ, համարձակ, ապերախտ, խարդախ, վատ անուանելէն ետքը՝ կը յաւելու, թէ ինձի պէս մարդու հետ գործ ընել չուզեր։ Նամակն կարդալէն յետոյ քիչ մը մտմտալով սա համոզումը գոյացուցինք, թէ մեծապատիւ նամակագիրն զմեզ ուրիշ մէկու մը նմանցուցած է անպատճառ։

Ալֆոնս Քարի ողջմտութեանը վրայ ոչ ոք կը կասկածի։ Այս Ալֆոնս Քարը լաւ չեմ յիշեր, բայց կը կարծեմ, թէ նմանօրինակ լեզուով իրեն նամակ գրողի մը ըսած է ատենօք. «Հաճեցէք, պարոն, ուղարկել ինձ ձեր ականջներուն հասցէն»։

Խիկար ` որ արտօնութիւն չունի անանկ խօսքեր ընելու` խոնարհաբար կը խնդրէ Իզմիրի բարեխնամ եւ պերճախօս առաջնորդէն, որ քիչ մ՚աւելի ուժ տայ իւր քարոզներուն։

Աղաչելով մեծ. Խ. Հ. Դերձակեան էֆենտին, որ շնորհ ընէ ընդունիլ մեր ամենախոնարհ յարգանաց հաւաստիքն, կը խնդրենք, որ ուշադրութիւն ընէ քիչ մը հետեւեալ տողերուն։

Խիկարի ամբողջ թերթերն հրատարակուած են եւ գործակալաց ղրկուած են։

Մեր Իզմիրի նախորդ գործակալէն չունեցանք ցարդ նամակ մ՚որ յայտնէ, թէ Խիկարին այսինչ թիւն ստացած չէ։

Խիկար 100 մեճիտիէի փոխարէն 10 ոսկի միայն ընդունած է շնորհիւ իւր գործակալին ազգասիրութեան, ինչպէս ըսած ենք արդէն։

Արդ, անոնք, որ կ'ուզեն ստանալ Խիկարի նախորդ շրջանի թիւերն` դիմելու են մեր Իզմիրի նախորդ գործակալին։ Իսկ անոնք, որ չեն ուզեր` իրենց ընդունած թիւերն ետ դարձնելու իրաւունքն լիուլի կը վայելեն։

Զօրաւոր ապացոյցներ կան, որ կը հաստատեն, թէ Խիկարի ամբողջ թիւերն հասած են Իզմիր։

Ա՛րդ, իրողութիւնն այսպէս լինելով, կը խնդրեմ, որ երկու բարեկամաց կարդաք ձեր ինձ գրած նամակն եւ անոնց կարծիքն ինձ հաղորդել հաճիք։

Գալով այդ կէտին, թէ այսուհետեւ չէք ուզեր Խիկար ստանալ, համամիտ չեմ ձեզի։ Պէտք է որ կարդաք դուք Խիկար, եւ ես պիտի ղրկեմ ձեզի, ամէն միջոց ի գործ պիտի դնեմ, որ կարդաք զայն, մինչեւ իսկ բռնի պիտի կարդալ տամ, առանց ստակ մ՚ուզելու սակայն։ Դուք, երբա՛յր, կարօտ էք Խիկարին, որ ձեր քաղաքավարական եղանակն կրնայ բարեփոխել, եւ, հետեւապէս, օր մը փրկել զձեզ թուքէ մը կամ ծեծէ մը, որովհետեւ քիչ մը դժուար է ամէն տեղ Պարոնեաններու պէս մարդոց հանդիպել։

Այս առթիւ կ'աղաչենք մեր Իզմիրի մեծ. գործակալն, որ հաճի հինգ օրինակ Խիկար ղրկել ձրիաբար առ մեծ. Խ. Հ. Դերձակեան էֆենտի։ Միայն թէ ամէն անգամ ստացագիր մ՚առնուի իրմէ սապէս. «Ստացայ հինգ օրինակ Խիկար (այնինչ) ամսոյ»։

Միտք ունինք Դերձակեան էֆենտիի նամակն ամբողջ հրատարակել, եթէ յաջողինք Միարիֆ ե ն արտօնութիւն առնուլ։

***

Վիեննայի Մխիթարեան վանքէն հրատարակուեցաւ թերթ մ՚ Ամսօրեայ Հանդէս անուն, որուն առաջին թիւն ստացանք եւ կարդացինp, թէ հաւն ինչպէս կ՚ելնէ հաւկիթէն։

Մխիթարութեան արժանի թերթ մ՚է սա. եւ տարակոյս չկայ, թէ աւելի շատ համբաւ կը գտնէր, եթէ Վարնայի գիւղերէն մէկուն մէջ լոյս տեսնէր։

Կը վախնանք, որ Վիեննայի Մխիթարեան վանուց համբաւն պիտի նսեմացնէ այս հանդէսն, եթէ սա չարատաւորէ յիշեալ վանուց հռչակն։

***

Եւ մենք խեղճ արարածքս կը կարծենք, թէ վերջացաւ բարեկենդանը։

Տասնեւիններորդ լուսաւորեալ դարուս մէջ դիմակի գործածութիւնն սովորութիւն մը, պէտք մը դարձած է։ Մարդիկ սորված են ա՛լ իրենց դէմքը դիմակ անցունել, ինչպէս վարժուած են իրենց ոտքը գուլպայ եւ իրենց ձեռքը ձեռնոց անցունելու։ Ընկերութեանց մէջ, խորհրդարանաց մէջ առանց դիմակի մտնելն, բոկոտն եւ բոբիկ ձեռքով մտնելու չափ ծաղրելի է։ Ուստի անոնք, որ անդիմակ են՝ ըմբռնած չեն տակաւին դարուս քաղաքակրթութեան ոգին, անկիրթ են, յանձնապաստան են, տիրացու են, դասատու են, տնտես են, ժամկոչ են, մեռելաթաղ են, ննջեցեալ են, եւ իբր այն` արժանի դիմակաւորաց կարեկցութեան։

Աստուա՜ծ իմ, ե՞րբ պատիւ պիտի ունենանք տեսնելու մարդ մ՚ըստ պատկերի ձերում։ Չմեռած գոնէ անգամ մը բնական դէմք մը տեսնելու բարեբախտութիւնը պիտի չունենա՞նք։ Դիմակներու բախումէն դէմք մը չպիտի՞ ծագի բնաւ։

Տասնեւեօթը տարիներէ յետէ կ'աղաչեմ բազմանուն կղերականի մ՚որ հաճի վայրկեան մը վար առնել իւր դիմակն եւ ցոյց տալ ինձ իւր դէմքը։ Բոլոր աղաչանքս ու պաղատանքս ապարդիւն կը մնան, կը մերժէ խնդիրքս եւ,

Չըլլար, ամօթ է, պատասխանը կու տայ ինձ միշտ։

Ո՜հ… ամչնալն ամօթ է այսօր։

Վա՜յ անոնց, որ սորված են ամչնալու։

Երանի՜ քեզ ո՛ Ք… պիտի ապրիս դու։

Խիկար շատուց կորուսած է բնական դէմքեր տեսնելու յոյսը, որովհետեւ համոզուած է, թէ որքան յարգուի դիմակներու ազատութիւնն՝ այնքան աւելի պիտի ծածկուի ճշմարտութիւնը։ Խիկարին այս համոզումն` օր ըստ օրէ աւելի կը հաստատեն այն խնդիրներն, որք իրարու կը յաջորդեն ազգային շրջանակին մէջ։

Ազգային լրագրաց մէջ…

Չմոռնանք ըսել, թէ ազգային լրագիրներն ալ դիմակաւոր են։

Ազգային լրագրաց մէջ խնդիր մը կը հրատարակուի։

Այժմեան խնդիրներն, ինչպէս յայտնի է, դիմակաւոր կը մտնեն ու կը պարեն լրագրաց մէջ։

Ընթերցողն կ'աշխատի, որ այդ խնդրոյն խորը քննէ, ուսումնասիրէ եւ յետոյ իրեն համար համոզում մը գոյացնէ։ Հազիւ թէ համոզում մը գոյացնել կը կարծէ եւ ահա լրագիրն ու խնդիրն կը փոխեն իրենց դիմակը։ Ընթերցողը կը սկսի խնդիրն անոր ստացած նոր դիմակէն քննել, եւ խնդրոյն վրայ գաղափար մը կազմելու պահուն, ուրիշ լրագրի մը մէջ խնդիրն բոլորովին տարբեր կաշիով դիմակաւորեալ կը տեսնէ։ Կը կործանին, հիմն ի վեր կը տապալին իւր ենթադրութիւններն, դատողութիւններն եւ հետեւութիւնները։ Հետաքրքիր է, սակայն կ'ուզէ հասկնալ։ Ծանօթներէն տեղեկութիւն առնելու կ՚որոշէ։ Օրը տասը բարեկամէ տեղեկութիւն կը հարցնէ. անոնք ալ կու տան։ Այս տասը տեղեկութիւններն ալ իրարու հակառակ են, այնպէս որ մէկ օրուան մէջ տասն անգամ տարբեր պատասխաններ տալու կը ստիպուի բարեկամաց.

Անանկ է նէ` կը դպչի, ինձի ուրիշ կերպով հասկցուցին։

Անանկ է նէ` չդպչիր, ինձի տարբեր կերպով պատմեցին։

Գործն ասանկ է նէ` ասոնք իրաւունք ունին։

Գործն ատանկ է նէ` ատոնք իրաւունք ունին։

Գործն անանկ է նէ` անոնք իրաւունք ունին։

Այո՛, այո՛, ասանկ ըլլայ նէ` տալու է։

Ատ ուրիշ խնդիր, անանկ է նէ` հարկաւ տալու չէ։

Եթէ ըսածդ ստոյգ է` ես ըլլամ նէ` կու տամ։

Տակէն այն խնդիրը կը ծագի կոր նէ` չեմ տար։

Վրայէն ադ խնդիրը կու գայ կոր նէ` կու տամ։

Այսչափ դիմակներու մէջ կարելի՞ է միթէ դիմակաւոր համոզում չունենալ։

***

Հատ մ՚ալ։

Այս անգամ ալ Աղեքսանդրիայէն ստացանք նամակ մը լի հայհոյութեամբք եւ սպառնալեօք։

Այս անգամ նամակին ստորագրութիւնն է Գ. Արշաւիր։

Գ. Արշաւիր քաջ համարակալ մ՚է, ըստ իւր վկայութեան։

Իւր տոմարագիտական պատւոյն խնայելու համար միայն չհրատարակեցինք Խիկարի վերջին թերթին մէջ իւր նամակն, որ զմեզ գովելով կը սկսէր եւ կը վերջանար ընդունելով Տիւզէնճեան ի համարակալութեան առթիւ մեր քննադատութիւնն, միայն երկու դիտողութիւններ ընելով, դիտողութիւններ` որոց հրատարակութիւնն իւր հաշուագիտական տաղանդին Գ. Արշաւիր հաշուագիտական տաղանդ ունի, միշտ ըստ իւր վկայութեան վնասակար դատուելով չհրատարակուեցան Խիկարի մէջ։

Գ. Արշաւիրի յիշեալ դիտողութիւններն, որ մեծ արժէք ունին` դարձեալ ըստ իւր վկայութեան, չհրատարակուեցան, որովհետեւ անոնք, ինչպէս հասկցուցած ենք մեր վերջին թերթին մէջ, դպրոցական գրասեղանի վրայ միայն կրնան ներկայացուիլ տկար աշակերտաց կողմէ։

Կարծիքներն ազատ են, հետեւաբար Գ. Արշաւիր ազատ է հայհոյել, ինչպէս նաեւ ուրիշ թերթի մը մէջ հրատարակել իւր դիտողութիւններն ու քննադատութիւններն, բայց իրաւունք չունի ստիպել Խիկարն, որ իմաստակաց հետ վիճաբանութեան մտնէ։

Գ. Արշաւի՛ր, գիտցէք, թէ Խիկար ալ կրնայ բարկանալ, եւ թէ` խնդիրն երբ հայհոյութեան վրայ է՝ առաջ Աստուած կրնայ զքեզ հայհոյութեանց մէջ խղդել իբրեւ ազգային թերթ, այնքան հռչակ ու համբաւ ունի ազգային մամուլն պերճախօսութեան այս գլուխին մէջ։

Գործդ գնա՛, ուրեմն։

Այս անգամ աղով ազատեցար, ուրիշ անգամ զգուշացիր սպունգէ։

***

Պ. Հրազդան կը փափաքի, որ իւր վրայ խօսին, միշտ խօսին, աղէկ կամ գէշ, խօսին վերջապէս։

Պ. Հրազդան այս անգամ ալ զմեզ խօսել տալու փափաք կը յայտնէ, իւր սրտաճմլիկ Օրուան կեանքով ուզելով ճմլել նաեւ մեր… ոտքը, մոռնալով սակայն, թէ հեծնելու արհեստը շատ յառաջ գնացած է այսօր եւ չէ ինչ, որ էր Բաաղամու օրով։ Բնական է ուրեմն, որ թոյլ չտանք իրեն շիտակ ճամբան թողուլ ու պատերուն քսուիլ։ Բնական է նաեւ, որ իրմէ վնասուելու բնաւ երկիւղ չունենանք, ո՛րքան ալ երերածուփ տատանի նա, որովհետեւ զՊարոնեան բարձեալ տանի ։

Պ. Հրազդան ազատ է երիտասարդ խմբագրի մը մահէն եւ եպիսկոպոսի մը գերեզմանէն ծաղու նիւթ քաղել, ինչպէս նաեւ ազատ է մէկու մը մահուան վրայ կատակերգութիւն մ՚արտասանել իբրեւ դամբանական. այս իւր գրական ճաշակն է, որուն ըսելիք չունինք։ Բայց երբ դէպքերը կը խեղաթիւրէ, կամ սուտն իբրեւ ճշմարիտ կլլեցնել կ'ուզէ` կ՚ապացուցանէ, թէ կը վախնայ կամ ճշմարտութենէ կամ հրեշտակէ։ Եւ այս մասին ըսելիք ունինք։

«Ծաղկազարդի իրիկուն մը, կ՚ըսէ Հրազդան, քարոզիչ եպիսկոպոս մը ժողովրդեան կ'ըսէր. «Աւանակներ էք, էշեր էք… բայց իմ էշերս չէք, բայց իմ աւանակներս չէք, հապա Քրիստոսին էշերն էք, Քրիստոսին աւանակներն էք»։

Որքան տող այնքան սխալ։

Ահաւասիկ բուն եղելութիւնը։

Մեծ. Արփիար էֆենտի Արփիարեան Վարդավառի շաբթուն մէջ օր մը յիշեալ լուսահոգի եպիսկոպոսին տունը կ'երթայ մէկ բարեկամովն։ Խօսակցութեան միջոցին Արփիար էֆենտին լուսահոգիին արժանապատւութիւնը կը վիրաւորէ։ Լուսահոգին` որ ազատամիտ մէկն էր` այն ատեն կը պոռայ Արփիար էֆենտիին. «Դուք աւանակներ էք, էշեր եք… բայց իմ էշերս չէք, իմ աւանակներս չէք, հապա… եան էֆենտիի էշերն էք…»։ Լուսահոգին ճշմարտախօսութեան համար հոգի կու տար։

Մասնաւոր տեսակցութիւն մ՚իբր եկեղեցւոյ բեմին վրայ կատարուած իրողութիւն մը նկարագրել եւ Քրիստոսի էշն… եան էֆենտիի իշուն հետ շփոթել պարզապէս աչք գոցել է կամ ճշմարտութեան առջեւ կամ գայլի մ՚առջեւ։

Պ. Հրազդան կը շարունակէ.

«Եպիսկոպոսի ձայնը զարհուրելի տեսակէն որոտընդոստ էր եւ նոյն շաբթուն Պարոնեան Թատրոնին մէջ կը գրէր, թէ Օրթագիւղի քարոզիչին ձայնը կը լսուէր մինչեւ նաւամատոյցէն, որ եկեղեցիէն բաւական հեռու է։ Եւ եպիսկոպոսն յաջորդ կիրակին կը պատասխանէր միշտ սեղանին վրայէն ես ի՞նչ ընեմ, որ այդ ղազեթաճիին ականջներն այնքան երկարն են, որ այնքան հեռու տեղէն ձայնս կը լսէ»։

Դարձեալ սխալ։ Լուսահոգին պատասխանեց ոչ թէ բեմին վրայէն` այլ իւր տանը մէջ, ոչ թէ ժողովրդեան` այլ Թատրոնի խմբագրին։ Ահաւասիկ իւր պատասխանը.

«Ձեզի խաբար բերողին ականջները քիչ մը երկար ըլլալու են»։

Այն թուականին մեծ. Արփիար էֆենտի Արփիարեան էր մեզի ասանկ լուրեր տուողը։ Քանի մ՚օր ետքը տեսանք Արփիարեան էֆենտին յիշեալ նաւամատոյցին վրայ եւ ցաւ յայտնեցինք իրեն, ըսելով՝ թէ սուտ տեղեկութիւններ կը հաղորդէր մեզ։ Արփիարեան էֆենտի պատւոյն վրայ երդում ըրաւ, թէ նաւամատոյցէն ականջովն լսած էր լուսահոգիին ձայնը։ Եւ մենք ալ հաւատացինք, ո՛չ թէ վստահելով միայն իւր ականջներուն երկայնութեան, այլ նաեւ փորձառութեամբ համոզուած լինելով արդէն, թէ օր մը օրանց սուտ լուր մը հաղորդած չէր մեզ։

Նոյն համոզումն եւ կարծիքն ունինք նաեւ այսօր մեծ. Արփիարեան էֆենտիի վրայ եւ լիայոյս ենք. թէ պիտի փութայ գայթակղեալ միտքերն բուժել, ուղղելով սխալն Հրազդանի` Միդասայ թոռան, որուն մնամ յարգանօք խոնարհ համետագործ։

***

Աւետիս Սուրէնեան, վկայեալ փաստաբան Գաղղիոյ իրաւագիտութեան համալսարանի, Պահճէ քաբու, Շէյխ֊Իսլամ խան, երկրորդ յարկ, թիւ 6 ստորագրութեամբ քննադատական նամակ մը հրատարակուեցաւ Ճերիտէի Շարգիյէի մէջ ընդդէմ քանի մը կէտերու Մեկնութիւնք վաճառականական օրինաց յօդուածին, զոր միեւնոյն թերթին մէջ կը հրատարակէ մեծ. Սիմոն էֆենտի Թընկրեան։

Մեծ. Սիմոն էֆենտի Թընկրեան փոխանակ յստակ եւ ամէն մահկանացուաց հպելի լեզուով պատասխանելու իւր քննադատ մեծ. Աւետիս էֆ. Սուրէնեան, վկայեալ փաստաբան Գաղղիոյ իրաւագիտութեան համալսարանի, Պահճէ Քաբու, Շէյխ Իսմալ խան, երկրորդ յարկ, թիւ 6֊ին, բաւական շնչարգելութիւն պատճառող եւ առատ քրտինք բերող ոճով մը խնդիրը կը շփոթէ. յետոյ քիչ մը Պոսիւէն կը կողոպտէ եւ լատիներէնը կորսնցնելով սաբիենս թիսիմորում քոնսիլիա Ֆաթուա Էրունդ մը կ՚արձակէ. պէտք չէ, որ միլիթեմուս այլ լապոռեմուս կ՚ըսէ առանց ինվիթա Մինեռվայի ։ Յետոյ բերնուց կը զրուցէ « Քոմ լա դեդ տը Մետիւզ, մատամ սը մեռո, մատամ է մոռդ, ժը նը մը սան բուեն պլեսէ» ։

Voilà justemant ce qui fait que votre fille est muette.

Եթէ մեծ. Սիմոն էֆ. Թընկրեան այս ոճով եւ վեցլեզուեան բարբառով պիտի խօսի մեծ. Աւետիս էֆենտի Սուրէնեան` վկայեալ փաստաբան Գաղղիոյ իրաւագիտութեան համալսարանի, Պահճէ Քաբու, Շէյխ Իսլամ խան, երրորդ յարկ, թիւ 6֊ի հետ, դժուար չէ գուշակել այժմէն, թէ յաղթանակը տանելու յոյս չտար։ Իսկ եթէ ինքն եւս համոզուած է, թէ խօսքն արծաթ է, իսկ լռութիւնն ոսկի, որպէս յիշած էինք յունարէն, բոլորով սրտիւ կը բարեմաղթենք, որ քիչ մ՚աւելի ոսկի ունենայ։

Վերջացնելով մեր խօսքն` մայրաքաղաքիս առողջապահական ժողովոյն ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք մեծ. Սիմոն էֆենտի Թընկրեանի յիշեալ յօդուածին վրայ։

***

Ազգ. լրագիրներէն մին ծանուցանելով Ալիք էֆենտիէն վերջին օրերս հրատարակուած տնտեսական ու ելմտական շաբաթաթերթը հետեւեալ բարեմաղթութեամբ կ ՚ ողջունէ զայն։

«Յարատեւութիւնք ու յաջողութիւնք կը մաղթենք այս օգտակար ձեռնարկին » ։

Բարեմաղթութիւնն աւելի ազդու, աւելի զօրաւոր, աւելի յոգնակի կ'ըլլար եթէ գրուէր սա պէս.

«Յարատեւութիւնք եւք յաջողութիւնք կըք բարեմաղթենք այսք օգտակարք ձեռնարկինք»։

Բարի լոյս, ո՛ շաբաթաթերթ ելմտական։

***

Պարտաճանաչութիւն կամ ճանաչումն պարտուց ։

Այս տիտղոսով տետրակ մը հրատարակուած է այս օրերս։

Ջուր կամ ջուր

Արդեօք տետրակին պարունակութեանը մէջ ալ ասանկ կամեր կա՞ն. եթէ կան, կ'աղաչեմ ինձի ղրկեցէք զանոնք, որ տեսնամ անգամ մը։

***

Հակառակ մեր կամաց հարկադրուած ենք դարձեալ աւանակը հոլովել… բայց ոչ Հ…ի վրայ, այլ Լեզուի մէկ յօդուածին վրայ։

Այս բանասիրական հանդէսն, որպէս կ'երեւի, մեծ կարեւորութիւն կու տայ այս կենդանւոյն ստուգաբանութեան։

Անոր արժանապատիւ խմբագիրն, այսինքն Լեզուի եւ ոչ թէ աւանակին քանի մը տարիներ առաջ Մասիսի մէջ հրատարակած էր յօդուած մ՚որու խորագիրն էր Աւանակը հա՞յ է ։

Այն ատեն բերանացի հասկցուցին իրեն թէ այսինքն խմբագրին եւ ոչ թէ աւանակին հայն աւանակ չէ եւ միանգամայն խրատեցին նորին արժանապատւութիւնն, որ հայոց արժանապատւութիւնն վիրաւորելու հանգամանք ունեցող բացատրութիւններէ կամ բառախաղերէ զգուշանայ։ Եւ խնդիրը գոցուեցաւ։ Բայց մեծ եղաւ մեր զարմանքն, երբ Լեզուի վերջին թերթին մէջ կարդացինք անասուններու վրայ լեզուաբանական յօդուած մ՚որու մէջ ըսուած էր Հայ էշը ։

Այս կատակը, ո՜ Լեզու, ծանր է, եւ չէ այն կատակներէն, զոր երբեմն կ՚ընէ Ծիծաղն ընթերցողք գիտեն արդէն, թէ Ծիծաղը թերթիս խմբագրին շունն է ձեր կատակը մարդ կը վախցնէ եւ եթէ Լաֆոնթէն ողջ ըլլար` փայտի բազում հարուածներ կը շալկէինք։

Արդ, կը խնդրենք, ո՛ Լեզու, ջանացէք, որ ձեր լեզուն այնպէս համեմատին ձեր ականջներուն, որպէս ձեր ականջները կը համեմատին…

Գտիր նայիմ անծանօթը…

Համեմատութիւնն աղէկ բան է. Երից կանոնը պէտք է նոյնիսկ լեզուաբանական ախոռին մէջ։

***

Ազգային լրագիր ն երն ապշելով ու զարմանալով հրատարակեցին ծնունդն տ ղու մ՚որ մէկ մարդու գլուխ եւ մէկ հատ ալ ձկան գլուխ ունի եղեր։

Ի՞նչ կայ զարմանալու, մայրն յղիութեան ժամանակ ձուկերու շատ նայած կ'ըլլայ եւ տղան ալ ձկան գլուխով կը ծնի։

Միթէ հոս չկա՞ն իշու գլուխով մարդեր, կամ մարդու գլուխով աւանակներ։

Ասոր համար քուէարկութիւն պէտք չէ կարծեմ։

***

Ի՞նչ պիտի ընենք Հիպպոկրատայ աշակերտաց հետ։

Ասոնք սկսան շատ արագ վազել եւ մանաւանդ ոստոստելով ընթանալ սկզբունք փոխելու մէջ։

Բժիշկները մինչեւ հիմա կ'ըսէին մեզ, թէ մարդս պառկած ժամանակը գլխուն տակը բարձ մը դնելու է, զի մի ՛ արիւնն գլուխը վազէ։

Բժիշկ մ՚ելեր այժմ կ՚ըսէ, թէ ոտքերն գլուխէն աւելի բարձր ըլլալու են, որպէսզի արիւնն վար չվազէ։

(Այս անիծեալ արեան հետ փորձանքի հանդիպած ենք արդէն ամէնքս ալ, նոյնիսկ արիւնն ալ այսօր չգիտ ե ր, թէ ուր վազէ… բժշկաց ձեռքէն)։

Եւ շատերն սկսած են արդէն բարձի վրայ դնել իրենց ոտքերը։ Ուստի շատ կռիւներ եւ վէճեր սկսած են յ առաջ գալ։ Տարակոյս չկայ, թէ այս մասին երկու հակակարծիք անձերուն միոյն ոտքերը միւսին գլխուն կողմը պիտի գտնուին եւ փոխադարձաբար։ Ոմանք ալ սին վէճերու տեղի չտալու համար ստիպուած են ոտքի բարձն գլխուն բարձէն աւելի բարձր շինել։ Շատերն ալ իրենց ոտքերը չուանով պատէն կը կախեն եւ այնպէս կը պառկին։

Բայց մի՛ կարծէք, թէ այս դրութիւնն երկար տեւէ, գալ շաբթու ուրիշ բժիշկ մը կ ՚ ելնէ ու կը պոռա յ.

Վերցուցէք բարձը ձեր գլխուն տակէն, նետեցէ՛ք նաեւ ձեր ոտքի բարձը, այդ դրութիւնն վնասակար է առողջութեան, բարձր բարձ մ՚առէք միայն եւ ձեր մէջքին տակը դրէք, որպէսզի արիւնն անարգել կատարէ իւր շրջանն։

Եւ այն ատեն ճիշտ կշիռի դիրք կ'ունենանք։ Բայց դիտելի է, թէ մեր քնացած ժամանակը կրնա՞նք մեր հաւասարակշռութիւնը պահել։ Խնդիրը կը փոխուի երբ արթուն ենք։ Կանայք կը դնեն արդէն այդ բարձն երբ փողոց ելնեն։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս առողջապահական տեսակէտով է, որ դուռնիւռ կը գործածեն։

Այս խնդրոյն մէջ մտնելն վեր է մեր ոտնահասութենէ, հետեւապէս կուրօրէն հնազանդելով, պարտաւոր ենք քիչ մը ժամանակ մեր ոտքերուն տակն ալ բարձ մը դնել, տեսնենք ի՞նչ պիտի ընէ սա արիւնը։

Չենք ուզեր անցնիլ սակայն առանց յանձնարարելու Երուսա ղ էմու վանուց միաբանութեան, որ չմոռնայ բարձ մը դնել ի՛ւր ելմտացոյցին պարտուց տակը, որպէսզի արիւնը հոն չվազէ եւ չտկարացնէ պահանջքի կողմը։ Մէկ երկու ամիսն ան գ ամ մը հաշուեցոյց հանելով, անոր մէջքին տակն ալ դնելու է բարձ մը, տեսնելու համար, թէ հաւասարակշի՛ռ է, թէ ոչ։

***

Նշմարած է՞ք արդեօք, որ անասնոց ալ բարոյականութեան մեծ անկում կայ։

Ոսկեղէն դարու գազանները պատուաւոր էին, ուրիշին իրաւունքը չէին ուտեր. արդի կենդանիները գող, աւազակ են։

Կատուներու վրայ մասնաւորելով խօսքս` կրնամ ըսել, թէ ասոնք բնաւ արժանապատւութիւն չունին։

Արժանապատւութիւնն ալ խօ՞սք է, բնաւ խիպ չունին եւ այլոց իրաւունքն կ՚ուտեն այն համարձակութեամբ` որով պիտի վայլէին իրենցը։ Գող են, յափշտակիչ են, բայց վարպետ են։ Ի ՜ նչպէս որակեմ չգիտեմ, կարծես տեսակ մը պանքայի տնօրէններ են։

Գիշեր չանցնիր, ուր սեղանի վրայ քանի մը պատառ միս թոյլ չտան կատուներու յափշտակել։ Հեզութեամբ եւ քաղաքավարութեամբ կը մօտենան եւ սեղանէն միս կը յափշտակեն կ'երթան։ Իմ սեղանս Երուսաղէմի վա՞նք կը կարծեն արդեօք այս անպիտանները։

***

Ուսումնասիրելու համար, թէ ջերմութիւնն, լոյսն ու խոնաւութիւնն ինչ ազդեցութիւն ունին լրագրաց ուղղութեան վրայ, պէտք է քննել ուղղութիւնն քանի մը լրագրաց, որ լուսաւոր կամ խոնաւ կամ ջերմ տեղեր կը խմբագրուին։

Լուսաւոր սենեակներու մէջ խմբագրուած յօդուած մը յստակութեամբ կը փայլի։

Տաք սենեակներու մէջ խմբագրուածն թոյլ կը լինի։

Խոնաւ սենեակներու մէջ շարադրուածն անհոգի մարմին կը դառնայ։

Շատուց փորձուած է, թէ տեղը մեծ ազդեցութիւն ունի խմբագրի մը կարծիքներուն վրայ։

Ընդհանրապէս հակասութիւն կը գտնուի այն յօդուածին մէջ, որուն կէսը մէկ սենեակի մէջ եւ կէսն ուրիշ սենեակի մէջ շարադրուած է։

Այս իսկ է պատճառ, որ ազգ. Ընդհ. ժողովոյ Ղալաթիոյ մէջ տուած որոշումներն Քումքաբուի մէջ տուած որոշումներուն ծուռ աչօք կը նային շատ անգամ եւ բարեւ չեն տար անոնց։

Ազգ. ժողովները տեղ փոխելու չեն։

Հապա եղանակնե՞րը…

Ամէն գրագէտ կրնայ իւր անձին վրայ փորձել բաղդատելով իւր ամառուան եղանակին արտադրութիւններն գարնան եղանակին արտադրութեանց հետ։

Սկզբանց մէջ ամէնէն աւելի յամառ կարծուածն տարին չորս անգամ սկզբունք կը փոխէ.

Գարնան սկզբունք,

Ամառուան սկզբունք,

Աշնան սկզբունք,

Ձմեռուան սկզբունք։

Եւ օր պիտի գայ, յորում ամէն մարդ առանց քաշուելու պիտի ըսէ.

Այս է իմ ամառուան սկզբունքս. այս է ամառուան բանթալոնս ըսելու պէս։

Եւ այն օրն հեռու չէ։

***

Մրցանա՞կ, թէ նուէր։

Ոմանք մրցանակ կ'ըսեն։

Ոմանք նուէր կ'ըսեն։

Ես ոչ մին կ'ըսեմ եւ ոչ միւսն, այլ պարզապէս ողորմութիւն կ'ըսեմ եւ իմ խնդակցութիւնս կը յայտնեմ Միրախորեան եւ Ալլահվերտեան էֆենտիներուն, որ յաջողած են Իզմիրեանցի կտակին գութը շարժ ե լ իրենց անձին վրայ։

Կարեկցութեան արժանացած են իրենց գործերն, եթէ պէտք է հաւատալ քննիչներու վկայութեանց, որք ոչ թէ մրցանակի, այլ քաջալերութեան արժանի կը դատեն այդ երկասիրութիւններն։

Քանի մը բացատրութիւններ կան, որք տկարութիւն կը նշանակեն եւ այս բացատրութիւններն են.

Քաջալերութեան արժանի է.

Տակաւին պզտիկ է.

Առաջին գործն է.

Փորձառու չէ տակաւին.

Ապագային համար յոյս կու տայ.

Այս բացատրութեանց ամէնէն զօրաւորն առաջինն է, որովհետեւ տկարներն են արժանի քաջալերութեան։ Եւ տակաւին կ'ըսեն, թէ կտակն անբռնաբարելի է։

Տկարներն քաջալերելն քաջերն վհատեցնել չէ՞։

Երկու առագաստաւոր կը մրցին։

Մին ետ կը մնայ եւ կ'երթայ մրցանակը կ ՚ առնէ։

Ինչո՞ւ։

Ետ մնացած ըլլալուն համար։

Ե ՞ տ մնացողներու խոստացուած է մրցանակ։

Ո՛չ։

Ինչո՞ւ ուրեմն կ ՚ առնէ։

Որպէսզի քաջալերուի եւ ապագային մէջ աւելի արագ ընթանայ։

Տեսակ մը բարեգործութիւն է այս, եւ ուրախ ենք, թէ այդ երկասիրութեան ց հեղինակներն մասամբ դարմանեցին վնասն, որ այդ գործոց տպագրութեան ծախքէն յառաջ եկած էր. այսուամենայնիւ ազգային արժանապատւութեան տեսակէտով կը տրտմինք, տեսնելով` որ այդ կտակի մնայուն յանձնաժողովոյ առաջին գործողութիւնն արժանի չէ մրցանակի։

Տար Աստուած, որ օտար լրագիրներն հետաքրքրութիւն չունենային մրցանակի արժանացած այդ գործերն թարգմանել տալու, թէեւ վստահ ենք, թէ ոչ մէկ հայ մ՚որ ազգային արժանապատւութեան նախանձախնդիր է ՝ պիտի յօժարի թարգմանութեան սոյն տխուր պաշտօնն ընդունելու։

***

Խիկար եւս պատիւ ունի բանալ մրցանակի ասպարէզ մը, եւ հրաւիրել հետեւեալներն, որ մրցին իրարու հետ։

Խմբագիրներն` ստախօսութեան ճիւղին մէջ.

Երեսփոխաններն` իրարու խօսք չհասկնալու մէջ.

Հոգեբարձութիւններն` դասատուաց ամսականները չվճարելու ճիւղին մէջ.

Գրագէտներն` անօթութեան դիմանալու կարողութեան մէջ.

Լեզուաբաններն` հայերէն բառերն իրենց ուզածին պէս մեկնելու մէջ.

Կիներն` նորաձեւութիւն ստեղծելու մասնագիտութեան մէջ.

Էրիկներն` կանանց պճնասիրութեան ծախուց համբերելու մէջ.

Երկաթուղւոյ պաշտօնեաներն` ճամբորդներու հետ նուազ քաղաքավարութեամբ վարուելու մէջ.

Տպարանապետներն` զիրար կործանելու չափ աժան դասագրքեր հրատարակելու մէջ.

Հարուստներն` հիւանդանոցի շինութեան համար իրենց քսակին բերանը գոցելու մէջ.

Պատուելի միսիոնարներն` ի դիմաց Տիրոջ` գաւառաց մէջ քրիստոնեա ն երն ի քրիստոնէութեան դարձնելու մէջ.

Փաստաբաններն` ճշմարտութիւնը հալածելու մէջ.

Բժիշկներն` հիւանդներ մեռցնելու մէջ.

Բեռնակիրներն ՝ անցորդներու գլուխը պատռելու մէջ.

Թրամուէյի քոնտիւքթեօրներն` անցորդները գծ է ն հեռացնելու համար ուժով հրելու եւ անոնց քիթը բերանը արիւնոտելու մէջ.

Սրճարանապետներն` գարիով խահուէ եփելու մէջ, եւ այլն եւ այլն եւ այլն։

Մրցանակաց բաշխումը հանդիսաւոր կերպով տեղի պիտի ունենայ 1888 օգոստոսի վերջը։

***

Մարդ յանձնարարելու նոր եղանակ։

Կ'աղաչեմ, կրնա՞ք ըսել ինձ, թէ ի՞նչ տեսակ մարդ է սա ձեր դրացին։

Աղէկ մարդ է… բայց ինձի մի՛ հարցներ։

Խօսքին կը հաւատացուի՞։

Կը հաւատացուի… բայց մի՛ ստիպեր զիս, որ խօսիմ անոր վրայ։

Վստահելի՞ մարդ է։

Վստահելի է… պատասխանատւութիւն չեմ առներ վրաս։

Ինչո՞ւ։

Խօսիլ մի՛ տար զիս։

Խաբեբա՞յ է։

Ես մարդ աւրելու բնութիւն չունիմ… ինչուս պէտք իմին… բարի մարդ է, վէսելամ ։

Հետը գործ կրնա՞մ ընել։

Զեր գիտնալու բանն է… այն մարդը իմ բարեկամս է… թող որ բարեկամս չըլլար ալ նէ` ես սովորութիւն չունիմ մարդու ետեւէն խօսելու։ Անոր ըրածներն բոլոր աշխարհ գիտէ արդէն, քանի֊քանի հոգիներու հետ ընկեր եղաւ ու վնաս տուաւ… բայց ինչո՞ւս պէտք իմին։

Ըսել է, որ զգուշանամ։

Քուկին գործդ դուն գիտես, աղբար, այդ մարդուն ստակ տուի՞ր մի, գնաց, ալ չես կրնար ետ առնել… բայց իզմէ իմացած մի ՛ ըլլար… Չեմ ուզեր ես մարդ աւրել… բարի մարդ է, բարի։

Ընկեր ըլլա՞մ հետը։

Դուն գիտես… պաթմիշ ըլլալ կ'ուզես նէ` եղիր… կը ցա ւ իմ, որ զիս խօսելու կը ստիպես կոր… Աղէկ մարդ է, աղբար, աղէկ… ես կը սիրեմ ան մարդը…

Շնորհակալ եմ ձեր տեղեկութիւններէն։

Պապա մարդ է, պապա, անանկ անուշ կերպով կը խաբէ, որ կը զարմանաս… այսուամենայնիւ ինչո՞ւս պէտք իմին… չեմ ախորժիր մարդ բամբասելէ, գէշ բան է, անանկ չէ ՞ մի…

Անանկ է, շնորհակալ եմ։

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
The Resurrection Of Christ
George Gurdjieff

The Resurrection Of Christ

Autumn Eve, 1972
Autumn Eve, 1972
Play Online