Hakob Paronyan

Կսմիթներ

Ոսկին ըսես նէ` հետը խօսք չըլլար. գլուխը առեր կ՚երթայ:

Այսօր հարիւր ութսուն, վաղը երկու հարիւր, հետեւեալ օրը երեք հար­իւր, օր մ՚ալ եթէ իւր կամքին թողուի, մինչեւ հինգ հարիւր պիտի երթայ բա­րեխնամ կառավարութեան կամացը հակառակ:

Տեսա՞ք ժողվելու եւ պահելու բանը, ոսկի պահելու է եղեր. բայց ո՞վ գիտէր, թէ այսչափ պիտի բարձրանար: Մենք ալ շատ անխոհեմութիւն ըրինք. ոսկի պահելու տեղ հին Թատրոնները ժողվեցինք պահեցինք: Ապո՛ւշ, ըսէր մէկը, սա Թատրոնները ոսկի չընե՞ս, ինչո՞ւ պահեր ես:

Ըսող չեղաւ ալ չէ, բայց մենք չհամոզուեցանք. մեր յամառութեան պա­տիժը քաշենք հիմա, որ սորվինք:

***

Դեսպանաժողովին վերջին նիստին վրայօք Եւրոպայէն դեռ լուր մը չա­ռինք, որ հոն տեղի ունեցած բանակցութիւններն իմանայինք ու մեր ընթեր­ցողաց հաղորդէինք, բայց կրնանք այժմէն վստահ ըլլալ, որ խաղաղութիւնը չպիտի խանգարի, ինչպէս որ մեր ազնուականաց կամաւոր գրուիլը ըսածնուս մէկ անժխտելի ապացոյցն է:

Ասկից զատ Իկնաթիեֆի սնտուկներուն խելօք նստիլն ալ կը հաստատէ, որ խաղաղութիւնը չպիտի վրդովի. եթէ պատերազմի ամենափոքր նշան մը երեւնար` սնտուկները իսկոյն դէպի Վոսփոր պտտելու կ՚երթային:

Ռուսիան մեծ զոհողութիւններ ըրած է եւ կ՚ընէ եղեր (եթէ հարկը պա­հանջէ) խաղաղութեան պահպանուելուն համար: Անգղիոյ թագուհւոյն սպառ­նալիքներն ալ կը յիշեցնեն մեզ այն առակը, ուր մայր մը իւր տղուն կ՚ըսէր. «Եթէ այսպէս շարունակ լաս` արջուն կու տամ զքեզ, խելքդ գլուխդ ժողվէ՛»:

Արջը կը լսէ այս խօսքը եւ մինչեւ իրիկուն դռան առջեւ անօթի կը սպասէ, որ տղան լայ ու մայրը զայն իւր առջեւ նետէ:

Տղան կու լայ, արջը կ՚ուրախանայ, բայց վերջապէս իր խաբուած ըլլալը իմանալով, ձայնը կը քաշէ եւ մեծ տրտմութեամբ ետ կը քաշուի:

Չգիտենք վաղը ի՛նչ պիտի ծնի, հիմակուան ծնածը պզտիկ մուկ մ՚է:

***

Ստոյգ աղբիւրները ցամքած են…

Ո՜վ սախաներ, ստոյգ աղբիւր մը ցոյց տուէք ինձ, որ դեսպանաժողովոյ հինգշաբթի աւուր նիստին վրայօք քանի մը կաթիլ լուր առնեմ ու ընթերցո­ղացս ծարաւն անցունեմ:

Հետաքրքրութիւնը որկրամոլութիւն է, ըսաւ գրիչ մը, տեսնելը կամ իմա­նալը կշտանալ է:

Մենք քանի մը ատենէ ի վեր որկրամոլութեան վերջին ծայրը հասած ենք:

Դեսպանաժողովոյ անդամները խոստովանահայր ըլլալու մարդիկ են. քա­նի մը շաբաթէ ի վեր Ռուսիան ու Թուրքիան խոստովանանք կ՚ընեն, անոնց մեղքերը կ՚իմանան, բայց գաղտնիքը դուրս չեն հաներ: Այս մարդիկ աւելի գաղտնապահ ըլլալու յարմարութիւն ունին՝ քան թէ հաշտարար:

Պտտող զրոյցներուն նայելով` մեր կառավարութիւնը մերժեր է իրեն եղած առաջարկութիւնը, բայց իր մերժման մերժումով պատասխանուեր է: Նստող զրոյցներուն նայելով` մեր կառավարութիւնն ալ զոհողութիւն ընե­լով` պատերազմի երկիւղները պիտի փարատէ եղեր: Պտտողներո՞ւն հաւա­տանք թէ նստողներուն:

Ցատկող լուրերուն նայելով` դեսպանաժողովը Վիեննա պիտի մեկնի եւ հոն պիտի ընէ եղեր իւր նիստերը… մինչեւ հիմա եղած նիստերը ասկից վերջը ուր նստելիքնին որոշելու համար էին: Դեսպանաժողովին տեղը փոխելու տեղ աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար` եթէ անոր անդամները փոխէին:

Պառկող լուրերուն նայելով` ուլթիմաթումը Վիեննայէն պիտի ղրկեն եղեր… Վիեննայի մէջէն աղէկ ուլթիմաթում ալ կ՚ելլէ եղեր, մենք գիտէինք, որ միայն գարեջուրն աղէկ է: Եթէ ուլթիմաթումնին ալ իրենց գարեջուրին պէս է՝ ուշադրութեամբ խմելու է, որովհետեւ մէջը ափիոն կը գտնուի եւ կրնայ մեզի չափէն աւելի քնացունել:

***

Մեր թշնամին իր խելքովն այնպէս համոզուած է, որ իրաց այս վիճակը որչափ աւելի երկարի՝ այնչափ աւելի կը վնասէ մեզի: Այս համոզմամբ է, որ գործերը մինչեւ այսօր երկնցուց եւ ասկից ետքն ալ պիտի երկնցնէ:

Ա՛լ ասկից ետքը ուզածին չափ թող երկնցնէ, իրաց այս վիճակը որչափ երկարի՝ մենք ալ այնչափ թղթադրամ պիտի կոխենք ու դրամական տագնա­պին մէջ չպիտի իյնանք:

Ասոր ալ բան մը չկրնար ըսել ա՛, թուղթերը քրիստոնեայ չեն, նամանա­ւանդ սլաւ չեն, որ անոնց ալ ճնշուիլը տեսնելով` վիճակնիս բարւոքել ուզէ:

Իրաց այս վիճակը որչափ ուզէ` թող երկնցնէ, մեզի բան մ՚ալ չկրնար ընել, միայն թղթադրամ կոխել կու տայ:

***

Դեսպանաժողովն ա՛լ համը փախցունել սկսաւ:

Մինչեւ հիմա վեց նիստ ըրաւ:

Ահա բոլոր ըրածը:

Ամէն մարդ հետաքրքրութենէ ճաթելու վիճակին հասաւ. դեսպանաժողո­վին հոգն անգամ չէ. գործելու մասին իրեն օրինակ բռնած է կրիան:

Մէկ նիստին մէջ առաջարկութիւն մը կ՚ըլլայ:

Երկրորդին մէջ այդ առաջարկութիւնը կը մերժուի:

Երրորդին մէջ այդ մերժումը կը մերժուի:

Չորրորդին մէջ ինչո՛ւ համար մերժուելուն պատճառները կը բացատրուին: Հինգերորդին մէջ այդ բացատրութիւններուն մութ կէտերը կը լուսա­ւորուին:

Վեցերորդին մէջ լուսաւորեալ կէտերը կը մթննան:

Ահա քեզի վեց նիստ, որ մէկ նիստ չարժեր:

Մենք ալ կը սպասենք, որ քիչ օրէն ամէն բան լմննայ, որպէսզի առեւտուրը կանոնաւորուի եւ ամէն մարդ ինչ ընելիքը գիտնայ:

Ես ալ շատ սակարկութիւն ըրած եմ, բայց այսչափ չեմ երկնցուցած:

Պատուաւոր մարդ մը կ՚ըսէ.

Այսչափ կրնա՞ս տալ:

Չեմ կրնար տալ:

Խաթերդ համար մէկ երկու բարայ ալ կը ձգեմ:

Գործիս չգար:

Բարի եկար, հազար բարի:

Լմնցաւ, գնաց:

Եկուր հիմա ասոնց ըրածին.

Ինչո՞ւ չես կրնար տալ:

Տալու ըլլաս նէ` գէշ չըլլար:

Չտաս նէ` վախճանդ գէշ կ՚ըլլայ:

Մենք կը փափաքինք, որ տաս:

Թո՛ղ ներեն մեզի վեց տէրութեանց ներկայացուցիչները, իրենց ըրածը ասկից առաջ շուկայի թեզկեահտարները կ՚ընէին. անցնողներուն փեշէն կը քաշէին, խանութնուն մէջը կը նստեցնէին ու համոզելով ստակնին կ՚առնէին:

Թո՛ղ դարձեալ ներեն մեզի այդ այլեւայլ պատուանուններով ներկայացու­ցիչները, անընդունելի առաջարկութիւններ կ՚ընեն ու կ՚ըսեն թէ՝ մեր աղէկու­թեանը համար կ՚աշխատին կոր:

Մէկը իւր ստացուածքէն կապտել եւ վերջը ըսել, թէ քու աղէկութեանդ համար անանկ ըրի, կարծեմ քիչ մը տրամաբանական չէ. դուն ի՞նչ կ՚ըսես, Օգսէն էֆենտի:

Տեսէք ուզածնին ալ ինչ է:

Ա. Գարատաղին քիչ մը տեղ տալ:

Բ. Սերուիոյ սահմանը ընդարձակել (քիչ մը տեղ ալ Սերուիոյ տալ, ըսէ լմնցուր, ճարտասանութիւնը չվիրաւորուիր):

Գ. Պուլղարիոյ մէջ երկու առանձնաշնորհեալ գաւառ կազմել (ինքնօրի­նութիւն ըսէ, մի՛ վախենար):

Դ. Ամէն նահանգի ժողովրդեան մեծագոյն մասին լեզուն գործածել իբրեւ պաշտօնական լեզու (տաճկերէն լեզուն վերցնել):

Ե. Յիշեալ գաւառաց տուրքերը քիչցնել (հապա լրագրաց փո՞ւլը… հա, իրաւ, լրագիրները գաւառ չեն):

Զ. Քաղաքական ոստիկանութիւն կազմել (յաւիտեանս յաւիտենից, ամէն):

Եթէ ասոնք տալու ըլլանք` մեզի համար ասկից աղէկ բան չկրնար ըլլալ եղեր. սըւոնք տալու մէջ ի՛նչ աղէկութիւն կայ մեզի համար, չկրցի հասկնալ: Ի՛նչ բարերար մարդոց ձեռքը ինկանք: Աստուած իմ, եթէ Աստուած չընէ, վաղը ելնենք իրենց ըսենք, թէ մեզի քիչ մը բարութիւն ըրէք` Պոլիսը տուէք, պիտի ըսեն:

Ասոնց խօսքին նայելով` մեզի համար աղէկութիւնը ունեցածնիս չունե­ցածնիս ասոնց յանձնել է:

Կան ըսելիքներ, բայց չեն ըսուիր:

***

Կարծեմ ամէնքդ ալ գիտէք, որ դեսպանաժողովին առաջարկութիւնները մերժեցինք. մերժեցինք կ՚ըսեմ նէ` ես չմերժեցի, այսինքն մերժեցին եթէ մէջերնիդ չգիտցող կայ` թող գիտնայ, որ դեսպանաժողովին առաջարկութիւն­ները մերժեցին(ք):

Եւ արդարեւ ընդունուելու բաներ ալ չէին:

Մեծ ժողովին մէջ երբ կարգը եկեր է մեր փոխանորդին կարծիքն առնելու՝ փոխանորդ հայրը` որ նոյն միջոցին խորին մտածմանց մէջ ընկղմած է եղեր, ոտքի վրայ ելեր սապէս պատասխաներ է.

Էֆենտիմ, այս մարդը չենք կրնար կնիկէն բաժնել, իրարու հետ միշտ
կապուած պիտի մնան:

Ի՞նչ կ՚ընէք կոր, կ՚ըսէ` մշտելով իրեն քով նստող մին, դատաստանական խորհրդոյ մէջ չենք:

Այո՛, էֆենտիմ, մենք ձեզի հետ միշտ կապուած պիտի մնանք, պա­տասխաներ է սթափելով:

Կա՞յ մարդ մը, որ նախ իր շահը չխորհի:

Էնֆիեճեան հայրն ալ իրեն եղած հարցման պատասխանելու տեղ չեր­քեզներու Ասիա փոխադրուելուն դէմ բողոքեր է. ի՞նչպէս եղեր է, որ Հասունի դէմ չէ բողոքեր…

(Սա չերքեզներուն ալ տեղ մը չգտնուեցաւ, որ այս հոգէն խալսէինք. եթէ ինձ հարցուի, կ՚առաջարկեմ, որ Սալիսպրիի տունը փոխադրուին չերքեզները: )

Շատ հաւանական է, որ այս երկու փոխանորդներն, ի վարձատրութիւն իրենց ցոյց տուած պերճախօսութեան, ծերակոյտի անդամ ընտրուին:

***

Խօսքը ձերն է, Մասիս:

«Կ՚ըսուի թէ Գարատաղի ժողովրդեան մէջ աւանդութիւն կայ, թէ Աստուած աշխարհս ստեղծած ժամանակ` լեռները պարկի մը մէջ լեցուցած` աշխարհի ամէն կողմը կը ցանէ եղեր, յանկարծ պարկին յատակը պատռելով՝ մէջը մնացած լեռներուն ամէնն ալ Գարատաղի երկրին վրայ թափեր են: Մենք ալ կ՚ըսենք թէ` արդեօ՞ք նախախնամութիւնն Ադամ նախահօր մեղացն ի պա­տիժ աշխարհի վրայ ցաւերն ու վիշտերը ցանած ժամանակ պարկին յատակը պատռելով` մեծ մասն Հայաստանի վրայ թափեր է»:

Շատ իրաւունք ունի Մասիս այսպէս խօսելու, եթէ նախախնամութիւնը իր կարել տուած պարկին խումաշին քիչ մը ուշադրութիւն ընէր` ո՛չ պարկը կը պատռէր, ո՛չ ալ այսչափ դժբախտութիւն կը թափէր Հայաստանի վրայ:

Նախախնամութիւնը հրէաներէն ծախու առած ըլլալու է ամերիքանը, որովհետեւ ասոնք մինչեւ այսօր աղէկ ապրանք ծախելու սովորութիւնը չունին:

Նախախնամութիւնը պարկին պատռիլը տեսնելով՝ կ՚երեւի որ զայն նորէն կարել տուեր ու թափածները ժողվելու համար Հայաստան իջեր է, բայց թա­փած դժբախտութիւնները ժողվելու տեղ` սխալմամբ խաղաղութիւն, երջան­կութիւն, պատիւ եւ կեանք ժողվեր, պարկին մէջ լեցուցեր, առեր քալեր է:

Չմեղադրենք նախախնամութիւնը, որովհետեւ այն ատենները Սահման­ադրութիւն չկար եւ խումաշներու կարեւորութիւն չէր տրուեր. ինքզինքնիս մեղադրենք, որ Սահմանադրութիւն ունինք եւ դարձեալ չկրցինք քիւրտերու բար­բարոսութենէն խալսիլ:

Թող քիւրտերը շարունակեն իրենց աւարառութիւններն ու սպաննու­թիւնները մինչեւ մարտ մէկ. անկէ ետքը կը տեսնուինք հետերնին:

***

Կ՚ըսուի թէ Սալիսպրին կամ ըստ Լեւընթի սալթպորուն մայրաքաղաքէս մեկնած ատենը Բ. Դռան մասնաւորապէս յանձնարարեր է յոյն ժողովուրդը:

Հիմա շատերը կը հարցունեն, թէ արդեօք ի՞նչ ըսաւ յունաց համար:

Եթէ մեր լսածը ստոյգ է` Սալիսպրին արտաքին գործոց պաշտօնէին զրուցեր է, որ Յունաստանէն պիտի անցնիմ, վրաս ալ քիչ մը ստակ կայ, կը խնդրեմ, որ ինձի քանի մը մարդ տաս, որ հետս գան:

Կ՚ըսուի թէ արտաքին գործոց պաշտօնեան սիրով ընդուներ է Սալիսպրիի այս առաջարկութիւնը:

Ա՜հ, արդար առաջարկութիւնները ե՞րբ մերժած է Բ. Դուռը:

***

Միլան իշխանին հաշտութիւն կնքել ուզելը կարդացած ատենս, ժամա­նակաւ դպրոցին մէջ ֆալախան ուտելս, կամ ս. պատրիարքին ականջէս քա­շելը միտքս կու գայ կոր:

Մեղայ, մեղայ:

Ինչո՞ւ ըրիր, Միլանիկ, ես չըսի՞ քեզի, որ խելօք նստիս:

Մէյ մ՚ալ չեմ ըներ, մեղայ:

Ինչո՞ւ ըրիր:

Ես չըրի, Կորչաքոֆը ըրաւ:

Ինչո՞ւ անոր խօսքերուն ականջ կախեցիր:

Քեզի թագաւոր պիտի ընեմ, ըսաւ:

Ասկից վերջը խելօք պիտի նստի՞ս:

Այո՛:

Վարժապետիդ դէմ չպիտի խօսիս ա՛:

Բնաւ:

Մինչեւ անգամ քեզի անօթի ալ պահէ նէ` բերանդ չպիտի բանաս ա՛:

Չէ:

Ապրիս, տղաս, տեսա՞ր հաւատարիմ աշակերտը, ես ալ ասանկ աշակերտը կը սիրեմ ահա. ելի՛ր տեղդ գնա ու գործդ նայէ:

Այսչափ ծեծի փոխարէն նուէր մը չպիտի՞ տաք ինձի:

Ի՞նչ նուէր:

Զուորնի՞կ է, ի՞նչ է, բան մը կ՚ըսեն կոր:

Տե՛ղդ գնա, քեզի Զուորնիկ մը կու տամ որ…

Բայց տալու ըլլաս նէ` գիտցիր որ շատ ձեւաւոր պիտի ըլլայ տունս:

Չըլլա՛ր, հիմա քեզի՛ տամ նէ` Նիքոլան ալ կ՚ուզէ:

Ի՞նչ կ՚ըլլայ, անոր ալ տուր, ան ալ օտարական մէկը չէ՜ եա:

Դուն անոր գործին մի՛ խառնուիր:

Խե՜ղճ Միլան… սլաւութիւնը իւր ածելին քու մօրուքիդ վրայ փորձեց:

***

Բարլամենթոն քանի մը օրէն պիտի բացուի:

Հիմակւընէ ամէն մարդ հետաքրքրութեամբ կը սպասէ իմանալ, թէ ինչ պիտի խօսի արդեօք օրը հազար ոսկի եկամուտ ունեցող Մարքի տը Սալիս­պրին արեւելեան խնդրոյն վրայ:

Միայն ես հետաքրքիր չեմ, որովհետեւ գիտեմ ի՛նչ ըսելիքը Լրագիր գու­շակած էր, ինձի ալ ըսաւ:

Եթէ ժամանակ ունիք մտիկ ընելու` ձեզի ալ կ՚ըսեմ:

Մարքի տը Սալիսպրին բեմը պիտի ելնէ ու քիթը բերանը սրբելէն ետքը՝ սապէս պիտի խօսի.

Տեարք եւ տիկնայք.

Ձեր հրամանացը համեմատ Պոլիս գացի: Տեսայ հոն կղզի մը, որ իւր դրից տեսարանի, օդի եւ գեղեցկութեան, վերջապէս ամէն կողմէ մեր լորտ եղբայրներուն ուշադրութեանը արժանի է:

Տեարք իմ, այն կղզիին մէջ կերանք մենք ստրիտեաներ, որք շատ համով
են, եւ մանաւանդ Պորտոյի գինիով շատ աղէկ կ՚ուտուին կոր: Եթէ ժողովդ կ՚ը­
բարեհաճի, քուէի դնէ, օր մը որոշէ մէկտեղ ուտենք այդ ստրիտեաներէն:
Ձայն մը. Ժողովս վստահութիւն ունի ձեր վրայ:

Կ՚աղաչեմ բարլամենթոյին նախագահը, որ բարեհաճի այդ ստրիտեաները թագուհւոյն յանձնարարել: Իրաց այս վիճակին մէջ Պոլսոյ փողոցներն ալ կը պտտէինք, ժողովուրդը առջի բերան շատ սիրով ընդունեց զիս, բայց վերջէն սալաշպուր, սալաթ պորու դրաւ իմ անունս:

Այն տեղի ժողովուրդը գլուխը կարմիր բան մը կը դնէ կոր, վրայէն ալ սեւ դերձաններ կը կախէ կոր, օղին ալ շատկեկ կը խմեն կոր:

Խօսքս եզրակացնելով կ՚ըսեմ թէ` ըստ ձեր հրամանաց քոնֆերանսը ըրինք, եւ ըստ ձեր հրամանաց քոնֆերանսին մէջ բան մը չըրինք:

Ծափահարութիւնք:

Օրը հազար ոսկի եկամուտ ունեցող Մարքի տը Սալիսպրին ատենաբանութիւնը լմնցնելուն պէս երթայ իւր աթոռը պիտի նստի եւ ժողովը միաձայն հաւանութեամբ շնորհակալութեան քուէ պիտի տայ Սալիսպրիին:

Եւ իրօք, Սալիսպրին` եթէ ճշմարտախօս մարդ է` ուրիշ կերպ չպիտի կրնայ խօսիլ:

Սպասենք ու տեսնենք:

***

Սա Կորչաքոֆը ուրիշներուն գործին մէջ մտնելը շատ կը սիրէ կոր, մեր Քրիստոստուր էֆենտիին պէս, որ ազգին ծառայութիւն պիտի ընեմ ըսելով` ամէն պաշտօններու մէջ կը մտնէ:

Կորչաքոֆը հիմա սկս ե ր է միւս տէրութեանց հարցունել, թէ ի՞նչ ընթացք պիտի բռնեն:

Իրեն ի՞նչ պէտք է ուրիշներուն բռնելիք ընթացքը. ինքը թո՛ղ ուզած ըն­թացքը բռնէ. ուրիշներու գործին ինչո՞ւ կը խառնուի:

Եթէ ես ըլլայի միւս տէրութեանց տեղը` բռնելիք ընթացքս կը պահէի եւ չբռնելիք ընթացքս կը յայտնէի սա ծերունիին, որ հացին օխան երեք ու կէսի սկսաւ մեզի կերցունել, որ երբ ստակ չգտնանք հաց առնելու եւ անօթութե­նէ մեռնինք՝ ուրախութեամբ պիտի պոռայ.

Ահա հիմա բարւոքեցաւ քրիստոնէից վիճակը:

Աս ի՛նչ ձախող բարերարի հանդիպեցանք, Աստուած իմ:

***

Բարեկենդանի մէջ ենք…

Իմաստութեան դուրսն ենք…

Նախնիքներէ մնացած սովորութիւն մ՚է, որ մարդիկ տարին անգամ մը կը խենթենան, տարին անգամ մը խելքերնին կիրակի կը բռնէ ու խենթու­թիւննին կ՚աշխատի:

Արդ, տարին անգամ մը ամէն մարդ, այր ու կին, ծեր եւ տղայ, հարուստ եւ աղքատ, երեսին դիմակ մը կ՚անցունէ, փողոցներուն մէջ, տուներուն մէջ կը պարէ ու կը ցատկէ:

Այսօր Եզոբոսն ալ չկրնար բարկանալ, ինչու որ ամառը երգեցինք, ձմեռը կը պարենք կոր:

Միայն մենք չենք, աշխարհիս սանձերը բռնող քաղաքագէտներն ալ երեսնուն դիմակ կ՚անցունեն (ամէն օր): Բայց անոնք մեզմէ որոշուելու համար մարդու պատկեր չեն դներ, այլ կենդանիի պատկեր կը դնեն երեսնուն վրայ. օրինակի համար մին` արջու պատկեր, ուրիշ մը` աղուէսի պատկեր, ուրիշ մը` գայլի պատկեր եւ այլն, եւ այս պատկերներով իրարու ներկայանալով` քատ­րիլ կը խաղան ու մեր բախտը կ՚որոշեն…

Այս տարուան քատրիլին մէջ հաւանական է, որ Ռուսիան Անգղիոյ հետ վիզավի ըլլայ: Իսկ ժողովուրդը ամէնուն հետ կ՚ուզէ վիզավի ըլլալ, միայն մէկ քանիներու հետ չուզեր:

Որո՞նց հետ:

Որո՞նց հետ:

Իր պարտատէրերուն հետ:

***

Խաւարը դեռ չբարեհաճեցաւ իւր թեւերը վերցնել արեւելեան խնդրոյն վրայէն, հետեւապէս արեւելեան խնդրոյն ապագան իմ ապագայիս պէս մութ է:

Սըր Սթաֆորթ Նորթքըթ, Մարքի տը Հարթինկթըն, Մըսթըր Տիզրայելի, Գոնթ Տերպի, Մարքի տը Սալիսպրի, Աստուծոյ համար խօսելով, բաւական կը խօսին կոր մեր խնդրոյն համար առանց լոյս մը տալու… ի՛նչ օգուտ, որ մեր խնդիրն խօսքէն աւելի գործքի պէտք ունի: Եթէ խօսքով կարգադրուէին մեր գործերը, մինչեւ հիմա ինչո՞ւ կարգի դրուած պիտի չըլլային:

Ինչեւէ, որովհետեւ իշխանութիւն չունինք ուրիշին խօսելու ազատութիւ­նը բռնաբարելու, թողունք իրենց խօսիլ եւ մեր խնդիրներովը զբօսնուլ այո՛, զբօսնուլ, որովհետեւ չգիտեմ թէ բարլամենթոյին մէջ ի՛նչ պիտի խօսէին մեր անգղիացի եղբայրները` եթէ արեւելեան խնդիրը չըլլար:

Իսկ մենք քսան օր ալ սպասենք, որպէսզի խաւարը իւր թեւերը վեր առնէ ու մեր խնդիրը իւր ապագայովը մէկտեղ ինքզինքը ցցունէ:

Սպասելէն ուրիշ ճար չունինք:

***

Լա Վերիթէ ( ճշմարտութիւն ) անուն լրագիր մը կը հրատարակուի կոր, կարդացած ունի՞ք այդ լրագիրը:

Առջի օրը իմ ձեռքս անցաւ հատ մը այդ ճշմարտութիւն անուն լրագի­րէն եւ քիչ մը խնդացի, որովհետեւ իրեն լրագրին նիւթ ընելիք բանը իր լրա­գրին անուն դրեր է, եւ եթէ երբեք իր տողերուն մէջ ճշմարտութիւն չգտնանք, պատճառն այն է, որ փնտռածնիս իր լրագրին ճակատը փախեր ապաստաներ է:

Յիշեալ թերթին մէջ մեր գտած ճշմարտութիւնն այս է ահա:

***

Ականջնուդ օղ ըլլայ, որ չմոռնաք, եւ ձեր զաւակները տեսանելի եւ անտե­սանելի փորձանքներէն զգուշացնելու ատեննիդ իրենց ըսէք.

Զաւա՛կս, երբ մեծնաս եւ ստիպուիս գաւառները երթալ, եւ երբ լսես, օր մը, որ նոր կուսակալ մը գալու վրայ է այն քաղաքին, որու մէջ կը գտնուիս` չըլլայ որ տղայութիւն ընես եւ կուսակալը դիմաւորելու երթաս, որովհետեւ կուսակալ մը դիմաւորելը մեծ յանցանք է, եւ այս յանցանքիդ համար հրա­ցան կը պարպեն վրադ:

Թերեւս ձեր զաւակները առջի բերան չհաւատան ձեր քարոզին եւ ձեր վրայ խնդան, զանոնք հաւատացնելու եւ ձեր վրայ չխնդացնելու համար առջի օրուան Մասիսն առէք ու կարդացէ՛ք:

«Վանէն Տէր Երեմիա եպիսկոպոս լուր կու տայ հեռագրով ի պատրիարքա­րան` թէ նորընտիր կուսակալն ազգին կողմէն դիմաւորելու ղրկուած Թերզի­պաշեան Յարութիւնի վրայ հրացան պարպեր է Տերվիշ անուն քիւրտ մը եւ վիրաւորեր է: Ոճրագործը բռնուեր է»:

Եթէ ձեր զաւակները հարցունեն թէ` ոճրագործին ի՞նչ պատիժ տնօրիներ են, պատասխանեցէ՛ք իրենց թէ` հայ մը սպաննող քիւրտերը ձերբակալու­թեան կը դատապարտուին եւ ս. պատրիարքն ալ մէկ շաբաթէն մինչեւ վեց ամիս թաքրիր գրելու կը դատապարտուի:

Թերեւս ձեր զաւակները թերահաւատ գտնուին եւ չհաւատան. թերահա­ւատութեան մի՛ վարժեցունէք զիրենք, տարուան մը մէջ տեղի ունեցած սպան­նութեանց հեղինակները քովէ քով շարեցէ՛ք, եւ անոնց անպատիժ մնալը ցցուցէ՛ք իրենց. սակայն այդ սպան ութեանց ատենները սահմանադրութեան հրատարակուած չըլլալն ու իտարեյի քեյֆիյէի տակ գտնուած ըլլալնիս ալ իմացուցէք իրենց…

Ականջնուդ օղ ըլլայ… քիթերնուդ ակնոց ըլլայ… գլուխնուդ շինէոն ըլլայ ի՛նչ ըսեմ որ չմոռնաք եւ այս ըսածներս ձեր զաւակներուն, թոռներուն, թոռներու թոռներուն եւ անոնց ալ թոռներուն ականջը հասցնէք, որպէսզի դա­րուց ի դարս մեր ականջներն ի վար հնչուի այն խօսքը թէ՝ կուսակալ մը դի­մաւորելը յանցանք է:

***

Վարպե՛տ, Կիրակո՛ս, Մարգա՛ր… ջուր բերէ՛ք, ջուր…

Ի՞նչ կայ, կրա՞կ կայ:

Չէ՛, չէ՛, հանըմը մարեցաւ, շուտ ըրէ՛ք, վարպետ, դուն ջուրը բեր, Կիրակո՛ս, դուն բժիշկին վազէ, Մարգա՛ր, դուն ալ դեղագործին գնա… գետ­նին տակը անցնի սա Նիկոմիդիայի աղքատներուն վիճակը…

Ա՜հ, ո՜հ, ո՜ւհ…

Արթնցա՞ր, անուշիկս… ես կատակ ըսի, խե՞նթ եմ, որ շրջազգեստիդ ստակը Նիկոմիդիայի աղքատներուն տամ…

Չիյտես որչափ գէշ եղայ, երբ ըսիր թէ շրջազգեստ չպիտի շինեմ եւ անոր ստակը Նիկոմիդիայի աղքատներուն պիտի ղրկեմ, կարծես թէ գլուխս ի վար պաղ ջուր լեցուցին. նիկոմիդիացիները, ըսի մտքէս, ինձմէ աւելի կը սիրէ կոր, ահ, օֆ… անօթութենէ կը մեռնին կոր տեյի այս տարուան պալոներուն անցեալ տարուայ շրջազգեստո՞վ երթամ ես:

Չէ՛, չէ՛, հանըմ, սիրտդ մի՛ հատցուներ, այս տարուան տեքոլթէդ ալ կը շինուի:

Դուք ալ, նիկոմիդիացի եղբարք, քիչ մը ակռանիդ սեղմեցէք, որ Պոլսոյ հանըմները ձեր պատճառով չմարին:

***

Ինքզինքնին ազգասէր ծախելով ազգային պաշտօններէ ստակ վաստկողներուն անունները թերթերնուս մէջ անկողմնակալութեամբ հրատարակել որոշած ըլլալով՝ կը խնդրենք այդ ազգասէրներէն, որ հաճին անուննին իմա­ցունել մեզ, որպէսզի սխալմունք մը ընելով ճշմարտութիւնը չվիրաւորենք:

***

Անգղիոյ ժողովներուն մէջ զրուցուած խօսքերէն եթէ բան մը հասկցաք` կ՚աղաչեմ, ընթերցողք, ինձի ալ հասկցուցէ՛ք, որ ես ալ ընթերցողացս հա­ղորդեմ:

Թուրքիոյ համար չպիտի պատերազմին եղեր:

Թուրքիոյ ամբողջութիւնը պիտի պահեն եղեր:

Թուրքիան եւ Ռուսիան դէմ առ դէմ պիտի ձգեն եղեր:

Ազնիւ լորտեր, մարքիներ, ըսել կ՚ուզէք, որ Գարատաղին բան մը չտանք, եւ եթէ տալու ըլլանք, Թուրքիոյ ամբողջութիւնը պահելու համար մեր տուածը Գարատաղէն ետ պիտի առնէք:

Ողջ ըլլաք, մեր ալ ուզածն այս է. մենք տանք, դուք առնէք:

Կարծեմ ձեր ուզածն ալ այս է:

***

Կ՚ուզէ՞ք մէկու մը բարի կամ չար ըլլալը հասկնալ, ձեռւընիդ անոր գր­պանը խոթեցէք եւ եթէ որ բան մը չգտնաք հոն, մի՛ վախնաք այն մարդէն, որովհետեւ աշխարհիս ամէնէն բարի մարդն է այն. իսկ երբ տեսնէք, որ մարդ մը առանց գրպանի բանթալոն մ՚է հագեր, մօտեցէ՛ք, եւ երկրպագութիւն ըրէք իրեն, որովհետեւ անիկա սուրբ մ՚է. եւ անանկ սուրբ մը հիմա սրբոց մէջ ալ հազուագիւտ է: Ընդհակառակն, երբ տեսնէք մարդ մը, որուն գրպաններուն մէջ ստակ կը գտնուի, հեռացէ՛ք իրմէ, փախէ՛ք իրմէ, որովհետեւ այդ մարդը բարի չէ՛, եւ կրնայ ձեզի վնաս հասցնել:

Ինչպէս որ բժիշկները մէկու մը հիւանդ կամ առողջ ըլլալը հասկնալու համար անոր լեզուն կամ բազկերակները կը քննեն՝ ես ալ մէկու մը բարի կամ չար ըլլալը իմանալու համար` անոր քսակը կը քննեմ, եւ չեմ սխալիր:

Ինչ որ ուզեն, թո՛ղ ըսեն, ես կ՚ըսեմ, որ բարի մարդը ստակ չկրնար վաս­տըկիլ, եւ պէտք չէ որ վաստկի: Ստակ վաստկելու համար ստախօսու­թիւն պէտք է, սուտ երդում պէտք է, երբեմն ուրիշին կոկորդէն բռնել, սղմել պէտք է, ով որ այս ըսածներուս չհաւտար, կ՚աղաչեմ, կը խնդրեմ, շնորհ ընէ, թո՛ղ ցցունէ մէկը ինձի, որ Աւետարանի հետեւելով սպասաւորներու, կառքերու, վարժապետներու, ձիերու եւ աղուոր պեսլեմեներու տէր եղած ըլլայ: Բայց, չկայ մէկը, որ այս մասին վիճաբանութեան մտնայ հետս, հարուստներն իսկ կ՚ընդունին այս քարոզս, ճշմարտութիւններս, բայց ինքզինքնին ար­դարացնելու համար կ՚ըսեն թէ` առեւտուրի մէջ սուտ խօսիլը, մարդ խաբելը բնաւ չարութիւն չնշանակեր, եւ որպէսզի ընդհանրացնեն այս սուտ ճշմար­տութիւնը կամ այս ճշմարիտ ստութիւնը, մէջերնին առած մ՚ալ հնարեր են ու կ՚ըսեն, տոսթլուք քանթարլան, ալըշվերիշ մըսքալլան: Այս առածը կրկնե­լէն ետքը աչքդ անգամ կը գողնան եթէ յաջողին:

Բայց ինչո՞ւ տարակուսինք այս ճշմարտութեան վրայ, միթէ այսօր չե՞նք տեսնար կոր մարդիկ, որ իմ շահս այսպէս կը պահանջէ ըսելով ուրիշներու դժբախտութեանը պատճառ կ՚ըլլան կոր եւ առանց ամչնալու կ՚արդարանան կոր:

Հարուստ մարդու մը ձին ինձի կից մը կու տայ եւ մարմինս ջարդ ու բուրդ ընելով` գետինը կը պառկեցնէ կոր զիս. ներկայ եղողներէն մէկը չհամար­ձակիր կոր քովս մօտենալու, թեւէս բռնելու եւ զիս վերցնելու, որպէսզի ձիուն արժանապատւութիւնը չվիրաւորուի, որպէսզի ձիուն տէրը չելնէ վաղը իրեն ըսէ թէ` իմ ձիուս հարուածած անձին դուք պաշտպանութիւն ըրած էք եղեր, եւ ասիկա իմ ձիուս անպատւութիւն կը բերէ:

Մարդկութեան համար քրտինք թափող չմնաց աշխարհիս վրայ. առաքի­նութիւնն իր նշանակութիւնը կորուս. անբարոյականութիւնը բարոյականու­թեան դիմակով արձակ համարձակ կը պտտի կոր եւ Թատրոնը կարող չըլլար կոր այս զեղծումները բառնալու. ոչ միայն կարող չըլլար կոր, այլ զանոնք բառնալ աշխատելուն համար ծաղու նշաւակ կ՚ըլլայ կոր… Մէկէն իբրեւ ճգնաւոր կը բամբասուի կոր, ուրիշէն իբրեւ կրօնաւոր կը զրպարտուի կոր, մէկալէն իբրեւ անզգայ կը հարուածուի կոր, ուրիշէն իբրեւ թշնամի յառաջա­դիմութեան կը նախատուի կոր, ապտալ կ՚ըսեն կոր, խըմպըլ կ՚ըսեն կոր: Հարուստ մը իրեն դիմողին բարութիւն չըրած ատեն՝ քթին տա­կէն Թատրոնին քեֆը փախաւ ըսելով կը ծաղրէ կոր զիս, քաւալիէ մը իր տամային մէջքը սխմած ատեն` Թատրոնը չկրցաւ սա մարդկութիւնը օրինաւորութեան մէջ դնել ըսելով իր տամային հետ խնդալէն կը մարի կոր անառակը: Աւելին կայ. երեկոյթներու, պարահանդէսներու երթալու կը քաշ­ուիմ կոր, որովհետեւ երթալուս պէս` մանչ, աղջիկ, այր եւ կին, հոն գտնուող­ները շուրջս կը պատեն կոր եւ կը սկսին կոր զիս քաշել:

Էֆենտի՛, սա ընտանեկան զեղծումները չկրցիք տակաւին շտկել:

Շիտակը, էֆենտիին ձեռնարկութիւնը դժուար է, օրուան մը մէջ չկր­նար գլուխ հանել:

Բայց մի՛ վհատիք. էֆենտի, ապագան ձեզի պիտի օրհնէ:

Էֆենտի, ուրիշ միջոց մը գտա՞ք սա մարդիկը ճամբայ բերելու, սա պարը վերցնելու է… պարը շատ անբարոյական բան է, ինչ ըսէք նէ` իրաւունք ունիք, էֆենտի, չըլլայ որ դուք խաղաք:

Իմ ալ համբերութիւնս կը հատնի կոր, լապտերը վառելուս պէս ինքզինքս պատուհանէն վար կը նետեմ կոր. տուն երթալուս պէս սենեակիս վարագոյր­ները կը ձգեմ կոր, անկողինս կը մտնամ եւ գլուխս վերմակիս մէջ կը քաշեմ կոր, որպէսզի չտեսնամ իրենց երեսը, որոնք ամենայն համարձակութեամբ զարմանալով թէ՝ Թատրոնին պէս մէկը կրնայ եղեր տակաւին գտնուիլ այս դարուս մէջ, ապուշ մը գտեր ենք, թո՛ղ խօսի, մենք ալ հետը էյլենմիշ ըլլանք, կ՚ըսեն կոր: Թո՛ղ որ անդին հազարաւոր պարկեշտ երիտասարդներ կան, որ զիս կը յարգեն կոր. ինչպէս որ միլիոնաւոր աղջիկներ կան, որ ինձի համար հոգի կու տան կոր. բայց ի՛նչ օգուտ, որ ասոնք բացառութիւններ են, եւ բա­ցառութիւն մը որչափ ալ ստուար ըլլայ, չկրնար ընդհանուր կանոն ըլլալ:

(Բնաբանէ շեղած չըլլալս իմացնելու համար պէտք է հոս յիշել, որ այս բացառիկ երիտասարդներն, աղջիկները գրպանը ծակ եղող կուսակցութեան կը վերաբերին):

Եւ ես ի՞նչ կ՚ընեմ կոր ինձի եղած նախատանաց եւ անարգանաց դէմ, կը համբերեմ կոր, գիտնալով` որ իմ խօսքերուս արժէքը ասկից հարիւր տարի ետքը պիտի ճանաչուի, իմ խօսքերուս արդիւնքը իմ թոռներս (Աստուած պահէ զիրենք արեւելեան խնդիրէն) պիտի վայլեն: Միթէ Սոկրատ ալ չհալածուեցա՞ւ, ես ալ Սոկրատէն պզտի՞կ մարդ եմ… Տեմիրճիպաշեան, Կիւրճեան, չօգնէ՞ք քիչ մը ինձի, եղբայրնե՛ր… ինչո՞ւ կայներ երեսս կը նայիք կոր…

Կարծեմ, ընթերցող, այսօր քիչ մ՚աւելի շատախօսութիւն կ՚ընեմ կոր, բայց ի՞նչ ընեմ, կարծիքներ կան, որոնք լակոնականով անհասկանալի կը մնան: Օ՛ն, խնդրոյն դառնանք, բայց դարձած ատեննիս չմոռնանք ըսելու, որ դուռը տունէն մեծ եղաւ, եթէ ուզէք` տունը դռան տեղ գործածեցէ՛ք… Հրէից կիները արդէն դուռը կը նստին:

Ըսի թէ` գրպանը ծակ եղողները բարի կ՚ըլլան. տեսէ՛ք հիմա, թէ ինչո՞ւ ըսի:

Յայտնի է ձեզ, որ Գարատաղի հետ ալ պիտի հաշտուինք այս օրերս:

Անգղիոյ կառավարութիւնը հարիւր հազար ոսկի տալ խոստացեր է Գարատաղին` եթէ ասիկա ետ կենայ Թուրքիայէն հող ուզել:

Անգղիա ի՞նչ բարիք տեսաւ Գարատաղէն, որ անոր այսչափ ոսկի կու տայ կոր, Թուրքիա ի՞նչ բարեկամութիւն տեսաւ Գարատաղէն, որ անոր եր­կիր տայ:

Անգղիա այդ գումարը գարատաղցոց տալու տեղ հայերուն տալու ըլլայ նէ` աւելի քրիստոնէավայել եւ մարդասիրական գործ մը տեսած չըլլա՞ր, այդ գումարը գարատաղցոց տալով, զիրենք չը՞քաջալերեր. եւ ի՞նչ հարկ կայ տեղեր­նին հանգիստ չնստող մարդիկը վարձատրելու:

Աստուած իմ, մինչեւ ե՞րբ ասանկ մարդիկ պիտի փառաւորուին:

Սը՜սսթ… իրաւունք հզօրագունին…

Ինչո՞ւ սը՜սսթ, ինչո՞ւ զօրութիւնը իրաւագունին պիտի չըլլայ եղեր:

Մէյ մ՚ալ ատանկ խօսք մի՛ ըներ. կը խնդան վրադ:

Ինչո՞ւ պիտի չընեմ եղեր: Դիցուք թէ Բ. Դուռը անառակ որդւոյ մը հետ վարուելու պէս վարուի եւ քիչ մը բան զոհելով իր գարատաղցիին, մեզի ըսէ. «որդի իմ կորուսեալ էր եւ գտաւ», բայց Անգղիա ինչո՞ւ խնդրոյն մէջ կը մտնայ կոր եւ հարիւր հազար ոսկի կու տայ կոր անոնց, մինչդեռ ասդին հայերը գաւառաց մէջ անօթութենէ կը մեռնին կոր…

Կ՚աղաչեմ, կը խնդրեմ, չերկնցնենք այս խօսքը եւ բարիներուն համար չէ այս աշխարհը ըսելով` գոցենք այս խօսքը, որովհետեւ զայրոյթ կը զգամ կոր: Քիչ մ՚ալ ուրիշ բանի վրայօք խօսինք:

***

Քանի մը ժամանակէ ի վեր, շաբաթ մը չանցնիր, ուր Թուրքիա նոր դա­րագլուխ մը չունենայ:

Օրինակի համար, երբ ըսուեցաւ, թէ սահմանադրութիւն պիտի հրատա­րակուի` բոլոր թերթերը միաբերան ըսին.

Թուրքիան նոր դարագլո՛ւխ մը ունեցաւ:

Երբ սահմանադրութիւնը հրատարակուեցաւ` ամէնքը պոռացին.

Թուրքիան այսօր նոր դարագլուխ մը ունեցաւ:

Երբ քուէարկութիւնը կատարուիլ սկսաւ, նորէն աղաղակեցին.

Նոր դարագլուխ մ՚ալ այսօր ունեցանք:

Երբ երեսփոխանական ժողովը բացուեցաւ` դարձեալ գոչեցին.

Պերեքեաթ վերսին, նոր դարագլուխ մ՚ալ այսօր ունեցանք:

Թողունք այն անթիւ դարագլուխները, զորս ունեցանք դեսպանաժողովին առաջարկութիւնները մերժած օրերնիս, եւ ուրիշ այլեւայլ պարագանե­րու մէջ:

Լրագիրները ամէն օր նոր դարագլուխ բերելու տեղ աւելի աղէկ կ՚ընեն՝ եթէ երկրիս մէջ գործուած զեղծումներուն բարձման համար ամէն օր կառա­վարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեն:

Օրինակի համար. անցեալ կիրակի, խանի մը մէջ պառկող բեռնակիր մը եկեղեցի երթալու համար` խանէն դուրս ելնելուն պէս` անկարիայի կը բռնուի եւ նոյն օրը մինչեւ իրիկուն անօթի փորով գարի կը կրէ:

Խեղճ բեռնակիրը ի՞նչ հասկնայ հիմա այն նոր դարագլուխէն, եւ ասկից վերջ ո՞ր բեռնակիրն է, որ յանդգնի կիրակի առտու մը եկեղեցի երթալ:

***

Խայալ անուն զաւեշտական թերթին խմբագիրը երեք տարի բանտարկու­թեան դատապարտուեցաւ ծաղրանկար մը հրատարակած ըլլալուն համար:

Այս լուրը կարծեմ հաճոյ չթուեցաւ մեր գրիչին, որովհետեւ, կը տեսնեմ, որ սովորականէն աւելի անհամ գրել սկսաւ:

Երեք տարի բանտարկութիւն…

Եւ ես տեղ մը կէս ժամէն աւելի նստիմ նէ` կը ճաթիմ:

Աղէկ որ ես ծաղրանկարը վերցուցեր եմ եղեր…

Յօդուածներուդ մէջ բան մը չե՞ն կրնար գտնալ:

Յօդուածներն ալ կը վերցունեմ, այնպէս կը հրատարակեմ. ի՞նչ ընեմ, երեք տարի ո՞վ պիտի երթայ հոն նստի:

***

Գաղղիացի տիկնոջ ըրած կտակին ի՞նչ կ՚ըսէք:

85000 (ութսունեւհինգ հազար) ֆրանք թողուցեր է, որ անկար եւ խեղճ շուներուն համար հիւանդանոց մը շինուի:

Երանի այն կենդանեաց, որ Գաղղիոյ հպատակ են…

Անշուշտ այս հիւանդանոցը պիտի ունենայ իւր անկողինները, կերա­կուրը, բժիշկները, դեղերը եւն. հարկաւ հիւանդութենէ ելնող շուներուն օդա­փոխութեան համար գեղ մ՚ալ պիտի յատկացուի:

Բժիշկներուն աչքը լոյս… ճիւղ մ՚ալ աւելցաւ իրենց… ո՛վ գիտէ, ինչ փափաքով պիտի երթան իրենց հիւանդ շուներուն քով. անոնց բազկերակ­ները պիտի քննեն, կուրծքերնուն, կռնակնուն մատով զարնելէն վերջը` ականջ­նին պիտի դնեն. «այս ջուրէն դգալ մը առտու, դգալ մը կէս օրին, դգալ մ՚ալ իրիկունը պիտի խմէք, ծանր բաներ մի՛ ուտէք, քանի մը օր բրինձի ապուրով անցուցէ՛ք: Նայեցէ՛ք, որ չմսիք եւն. պիտի ըսեն»:

Շուներն ալ պոչերնին խաղցունելով պիտի հարցունեն.

Մէյ մ՚ալ ե՞րբ պիտի գաք զիս տեսնելու:

Վաղը:

Վաղը դուրս ելնել կ՚ուզէի:

Քանի մը օր մի՛ ելնէք:

Գործեր ունիմ, չեմ կրնար տունը նստիլ:

Թող տեսնեն մեր հոստեղի աներես շուները, որ փողոցը մէկու մը ձեռքը հաց, պանիր եւ կամ ձուկ, միս տեսնելնուն պէս` վրան կը ցատկեն եւ կը յափշտակեն. մսավաճառներու խանութէն չեն զատուիր. թող տեսնեն եւ սոր­վին` թէ պարկեշտ շուները ինչպէս կը հոգացուին:

Ո՛րչափ երախտապարտ կ՚ընէր զմեզ յիշեալ տիկինը, եթէ շինելիք հիւան­դանոցին քով բանտ մ՚ալ շինել տար մեր շուներուն համար, որոնց ձեռքէն խալսելու համար տուներնիս միս տանելու, փողոցը հաց ուտելու մեծ դժուա­րութիւններ կը քաշենք:

***

Խիկա՛ր, ինչո՞ւ վերցուցիր կսմիթներն:

Անոր համար, որ չէզոքութիւն պահել ստիպուեցայ:

Ինչո՞ւ չէզոքութիւն պիտի պահես:

Որովհետեւ շահերս այդպէս կը պահանջեն: Բայց երբ տեսնեմ, որ չէզոքութիւնն շահերուս դպչիլ կը սկսի, այն ատեն չէզոքութիւնս պիտի կորսնցնեմ:

Փառք Աստուծոյ, գրելու բա՞ն կը պակսի. դիւանագէտներու վրայօք գրելու տեղ` աղջիկներու վրայ կը գրեմ, բրոթոքոլներու, մանիֆեսթներու վրա­յօք խօսելու տեղ` մոտաներու վրայ կը գրեմ, դիւանագէտները կսմթելու տեղ՝ աղջիկները կը կսմթեմ:

Թող կու տա՞ն:

Ինչո՞ւ թող չպիտի տան, աս ալ քաղաքականութեան վերաբերեալ բան մը չէ ա՛, աս խնդրոյն վրայ մի՛ գրեր, ան խնդրոյն վրայ զգուշութեամբ գրէ՛, միւս խնդրոյն հետ զգուշութեամբ վարուէ՛, ասոր վե՞րջը:

Եթէ կ՚ուզես` խոհեմութեամբ մի՛ վարուիր, Տպագրական տեսչութեան նոր ազդարարութիւնը կարդացիր ա՛: Օր մը կը նայիս, որ առտուանց գրասենեակդ երթալուդ պէս` գրասեղանիդ վրայ թուղթ մը կը գտնես. կ՚առնես եւ կը կարդաս.

«Նկատելով, որ Թատրոնը այսինչ թուոյն մէջ այսինչ յօդուածը հրատա­րակած է, թուականէս մինչեւ երեք ամիս դադարեալ պիտի մնայ»:

Այս թուղթին վրայ կը սկսիս երեք ամիս պտտիլ Պոլսոյ փողոցները:

Գոնէ փողոցները մաքուր եւ կանոնաւոր ըլլային… մարդս այնչափ յոգնութիւն չէր կրեր: Բայց ինչո՞ւ պտտիմ. երեք ամսուան համար գործ մը կը գտնամ:

Ի՞նչ գործ:

Նիկողոս մարգարէին պէս գուշակութիւններ կ՚ընեմ. պատերազմի դաշտէն լուր կը գուշակեմ, Պասիրեթի կը տանիմ կը ծախեմ:

Ստակ կու տա՞յ մի:

Ինչո՞ւ չպիտի տայ… շատ նեղը մնամ նէ` Բոթի կ՚երթամ թորբիլ կը հանեմ, հատը մէկ ոսկիի կը ծախեմ:

Հանողը հանեց զանոնք, ալ չմնաց, որ հանես:

Եղբայր, դուն ալ բոլոր դռները կը գոցես կոր. քու հաշուովդ մարդս անօթութենէ մեռնելո՞ւ է:

Ի՞նչ կարծեցիր հապա, աս ժամանակի մէջ գործ գտնելը դիւրի՞ն բան է:

Վիպասանութիւն մը կը գրեմ ու կը հրատարակեմ:

Անօթի մնալու համար աղէկ գործ է:

Վաճառականի մը քով գանձապետ կ՚ըլլամ, օրին մէկն ալ սնտուկը կ՚առնեմ, կը փախչիմ:

Ձեռքէդ չգար:

Ասոր վե՞րջը:

Ասոր վերջը խելքդ ժողվելով անանկ յօդուածներ կը գրես, որ մէկուն չեն դպչիր:

Կ՚աղաչեմ, խնդրոյ մը վրայ երգիծական յօդուած մը գրած ունի՞ս, որ մէկու մը չդպչի, գրած ունիս եթէ անանկ բան մը` ցցուր ինձի, որ իբրեւ օրի­նակ առջեւս դնեմ ու անոր հետեւիմ:

Գրած չունիմ, դուն գրել աշխատելու ես, որ չգոցուիս:

Օրինակի համար, մի՛ ըսեր, թէ օրիորդ Մարգարիտը ամէն օր առ­տւընէ մինչեւ իրիկուն կը պտտի եւ տունը չնստիր բնաւ, այլ ըսէ` թէ շատ պտտիլ պատիւ չբերեր աղջիկներուն, մի՛ ըսեր` թէ Պասիրեթը, Լեւընթը, Վաքըթը, Լա Թիւրքին, Լրագիրը սուտ լուրեր կու տան կոր, այլ ըսէ` թէ լրագիրներուն չվայլեր սուտ լուրեր տալը. մի՛ ըսեր` թէ այսինչ էֆենտին քա­նի մը տարիէ ի վեր ազգային գործերու շնորհիւ կ՚ապրի. այլ ըսէ` թէ ով որ իր խանութը, գործը կը ձգէ եւ ազգային գործերէն դուրս չելներ, չի կրնար պատիւ եւ համարում գտնել. այսպէս ըսելով մարդ վիրաւորած չես ըլլար:

Շատ աղէկ, այնպէս կ՚ընեմ…

Սկսէ՛, նայիմ:

Լաւ. պաշտօնի գլուխ գտնուողներուն չվայլեր օրը երկու անգամ հրաժարական տալ:

Տեսա՞ր, մէկու մը չդպաւ:

Պօղոս առաքեալը ասկից տասնեւինը դար առաջ Տիմոթէոսին եւ հռովմէացւոց շրջաբերական մը գրեց եւ այս շրջաբերականը պատրիարք մը ստորագրեց:

Տեսա՞ր, ինչ անուշիկ կ՚ըլլայ կոր:

Քաղաքական ժողովի անդամ ըլլալով` դատ վարող մէկու մը պոնո ղրկելը աղէկ բան չէ:

Աս ալ աղէկ:

Պարապ բան է մէկուն ըսելը` թէ ես քուկին ստակիդ պէտք չունիմ, քանի որ անիկա քեզի ստակ տալու խօսք մը ըրած չէ եւ մանաւանդ թէ անուղ­ղակի կերպով քեզի ստակ չտալիքն ալ յայտներ է:

Տեսա՞ր, այս եղանակով ոչ ոք կը վիրաւորուի:

Լուր մը չեղած ատենը յաւելուած հանելը պարզապէս աւազակու­թիւն ընել ըսել է:

Այո՛, այնպէս է:

Միշտ երկու կողմը կոտրտուելով քալող եւ ինքզինքը թուալեթի տուող կրօնաւորներէն զգուշանալու է:

Ճիշտ է:

Ըսել է, որ այս եղանակով հարիւր տարի ալ գրելու ըլլամ` բնաւ չեմ գոցուիր:

Այո՛:

Տեսնենք:

Տեսնելու հարկ չկայ, աշխատէ՛, որ այս ընթացքէն չշեղիս:

Բայց թէ որ այս ընթացքին մէջ խղդուելու ըլլամ` այն ատեն ի՞նչ պիտի ըսես:

Այն ատեն պիտի ըսեմ, թէ ով որ լրագրին չգոցուելուն կը փափաքի, պէտք է որ իր ձեռքովը դադրեցունէ զայն: Մնաք բարով:

Երթաք բարով:

Be the first who will comment on this

Other parts of "Կսմիթներ"

Yatuk Music
Holy Affirming, Holy Denying, Holy Reconciling
George Gurdjieff

Holy Affirming, Holy Denying, Holy Reconciling

Man and City
Man and City
Play Online