Զահրատ
Ոսպ ստկող կինը
Ոսպ մը ոսպ մը ոսպեր ոսպ մը քար մը ոսպ մը ոսպ մը քար մը
Կանաչ մը սեւ մը կանաչ մը սեւ մը քար մը կանաչ ոսպ մը
Ոսպ ոսպի քով քար ոսպի քով յանկարծ բառ մը բառ ոսպի քով
Յետոյ բառեր ոսպ մը բառ մը բառ բառի քով յետոյ խօսք մը
Ու բառ առ բառ խօլ բարբառ մը հինցած երգ մը հին երազ մը
Յետոյ կեանք մը ուրիշ կեանք մը կեանք կեանքի քով ոսպ մը կեանք մը
Դիւրին կեանք մը դժուար կեանք մը ինչու դիւրին ինչու դժուար
Բայց քով քովի կեանքեր կեանք մը յետոյ բառ մը յետոյ ոսպ մը
Կանաչ մը սեւ մը կանաչ մը սեւ մը կանաչ երգ մը
Կանաչ ոսպ մը սեւ մը քար մը ոսպ մը քար մը քար մը ոսպ մը
Հավանել
Պահպանել
Ուզում եմ կարդալ
Դարձիր առաջին մեկնաբանողը
Յատուկ Երաժշտություն
Կոմիտաս
Ալ Այլուղս
Հուրի մրգերով
Խաղա առցանց