Զահրատ

Ծառ

Այդքան պերճանք այդքան պչրանք այդքան լոյս
Չեն բաւեր
Ծածկել արիւնը որ շիթ շիթ կը կաթի
Ճիւղերէդ
Այդքան աւիչ այդքան տերեւ այդքան ցօղ
Չեն բաւեր
Որ հաւատանք թէ արեւներ պիտի քաղենք
Ճիւղերէդ
Այսքան արիւն այսքան արցունք այսքան վիշտ
Չեն բաւեր
Որ մենք դարձեալ սիրտ չկախենք
Ճիւղերէդ

Յատուկ Երաժշտություն
Շուշիկի
Կոմիտաս

Շուշիկի