Զահրատ

Հովուն դէմ

I

Հովուն դէմ
Պզտիկ տղայ մըն է կեցեր արի
Կը նայի

Չի գիտեր
Թէ օր մʼալ ինք
Ինչ հովերով տարուբեր
Պիտի տուայտի

Այս պզտիկ տղան արի
Որ խազի համար կեցեր
Հովուն կը նայի

II

Հովուն դէմ
Պահ մʼազատած անշարժութեան բիրտ լուծէն
Հեղ մը մէկ կողմ հեզ մը միւս կողմ
Ծառին ոստերը կʼոստոստեն

Հովուն դէմ
Վաղանցուկ երջանկութեան մը թափով
Տերեւները կը խաղան
Տերեւները կը պարեն

Լայնանիստ բունն իմաստուն
Որուն մորթը կոշտ է կապեր տարիներու հովուն դէմ
Ներողամիտ կը նայի այդ հանդէսին
Որուն տարրերն իր ծեր լանջքէն են ծներ
Ու կը կանգնի հաստատուն
Հովուն դէմ

Կը յիշէ
Թէ տարիներ առաջ երբ ինքն ալ նրբին
Ձողիկ մըն էր հազիւ թիզ մը հասակով
Ինչ կամքով էր մաքառեր
Զինք տապալել սպառնացող
Հովուն դէմ

Կը նայի
Մեծ հայրիկի մը գորովով եւ հպարտ
Ան կը ժպտի հովուն դէմ

Հովը կʼառնէ ու կը տանի այդ ժպիտը հեռուներն
Հոն ուր մարդիկ կը մարտնչին հովուն դէմ
Երբ հանդիպի
Պզտիկ տղու մը արի
Որ խաղի համար կեցեր իրեն կը նայի

Անոր կը պատմէ գաղտնիքը տեւելու
Հովուն դէմ

III

Հովուն դէմ
Այս հովուն դէմ որ իր հետ սէր իր հետ երազ կը բերէ
Սիրահար Զոյգ մʼէ նստեր
Յաւերժութեան կը նայի

Կը շարժի հովն ու տենչանքներ կʼարծարծէ
Իրաններուն մէջ բերկրանքով սիրոյ հեւքով դողդոջուն

Հովուն դէմ
Այս հովուն դէմ որ իր հետ սէր իր հետ երազ կը բերէ
Սիրահար զոյգ մʼէ նստեր
Յաւերժութեան կը նայի

Կը շարժի հովն ու տենչանքներ կʼարծարծէ
Իրաններուն մէջ բերկրանքով սիրոյ հեւքով դողդոջուն

Կը ճողոպրի իրար փակած կուրծքերն անցք մը եթէ տան
Ու կը դառնայ կրկին ետ
Կը խարխափէ բորբ այտերուն վրայ հրդեհած
Ու սիրակէզ մրմունջներով հծծիւններով գերարբշիռ
Խօլ յորձանքներ կʼուրուագծէ այդ զոյգին շուրջ սիրահար
Որ նստեր
Կʼերգէ սիրերգ մը վաղեմի
Հովուն դէմ

Հովը երազ ու սէր կʼառնէ այդ հին երգին վանկերէն
Ու սլացքով խօլարձակ
Կը ճախրէ լուրթ անհուններու ամենազօր ծարաւով
Կը թաւալի կը ծաւալի մեծադղորդ
Լախտերու պէս կʼիյնայ վար
Տապալելու լեղի պատեր ու պատուարներ խստամբեր
Որ կʼանջատեն մարդը մարդէն անողոք
Զայն գլուխ գլխի կը ձգեն
Իր մենութեան հետ դժնէ
Կը ճախրէ հովն երազկոտ
Իր հետ կʼառնէ ու կը քշէ բեղմնափոշին ոսկեծիլ
ծաղիկներուն գունագեղ
Կը լեցնէ երանութեան ոսկիով
Անջրպետներն որ սիրավառ սիրտերն ի սպառ կը բաժնեն
Յանդգնօրէն
Հովուն դէմ

Ու սիրակէզ մրմունջներու հծծիւններու նուագով
Հովն արբշիռ
Կը սուրայ վեր նորէն վեր
Ստեղնաշարն ի վեր առկայծ ոլորտներու սիրատենչ
Նորէն երկինք ուր մութ ամպեր կը փախչտին ցանուցիր
Հովուն դէմ
Ու կապոյտէն նոր թափ առած կազդուրուած
Օրհներգութեան պէս բարի
Կʼիջնէ վար
Քաղցրամրմունջ տաղի մը պէս խաղաղութեան ու սիրոյ

Ու երբ յոգնած հանդիպի
Պզտիկ տղու մը արի
Որ խաղի համար կեցեր իրեն կը նայի
Անոր կը պատմէ հաճոյքը սիրելու
Հովուն դէմ

IV

Հովուն դէմ
Պեթոն շէնքերը կը կանգնին
Ամենազօր մարդկութեան
Յաղթութեան իբր նշան

Հովուն դէմ
Որ կը փախի խուճապահար փողոցներէն քիւերէն
Որ իր խոյանքը կը փրկէ տանիքներէն վեր միայն
Թումբերն ի վեր բարձրաբերձ
Մարդուն հանճարը կը ցցուի արձանին պէս յաղթապանծ
Հովուն դէմ
Իր որմերով պատուարներով հոյաշէն

Ու մետաղի կուտակներով հաստափեստ
Ագուցուածքովն անոնց խրթին ամրակուռ
Շարժումներովն անոնց անվերջ կշռութաւոր եւ ահեղ
Մարդը կʼերգէ իր յաղթանակն անկաշկանդ
Հովուն դէմ

Հովուն դէմ
Որ կը բախի խելացնոր այդ ձեռակերտ ժայռերուն
Որ կը փշրէ հոն մոլուցքն իր կատաղի
Ու կʼիյնայ

Բայց հակառակ գետնի տիզմին ու փոշիին ամբարիշտ
Կը բարձրանայ կրկին երկինք դէպի կապոյտն անապակ
Հոն երգելու ոսկեղէն փառքն անհուններու լուսաբիբ
Հոն պարզելու ննջարանն իր մաքուր
Մարդուն դէմ

Մարդը խոնջ
Կքած պեթոն ճիւաղներու սահմանէն ներս հեւասպառ
Միօրինակ կշռոյթին տակ մետաղներու կուտակին
Գետնի տիղմին ու փոշիին մէջ անարգ
Մարդը խոնջ
Հովուն ճակատն իր կʼերկարէ քրտնաթոր
Կը չորցնէ քրտինքն աղտոտ աղտոտ հոգին կը լուայ
Հովուն դէմ

Հովը շիթ շիթ քրտինք կʼառնէ ու կը տանի հեռուներն
Հոն ուր կանաչը բնութեան կը տարածուի դեռ անեղծ
Երբ հանդիպի
Պզտիկ տղու մը արի
Որ խաղի համար կեցեր իրեն կը նայի
Կը լռէ հովն իր ամնէն վեհ լռութեամբ ու տխուր
Ու մտազբաղ
Մտահոգ
Հեռուներուն կը նայի

V

Աղաղակ մը
Կը բարձրանայ հովուն դէմ
Աղաղակ մը Աղաղակներ

Աղաղակ մը
Կը ճեղքէ կուրծքը հովուն
Աղաղակներ կը բարձրանան
Հովուն դէմ

Քաղաքներէն մեծ ու փարթամ աւաններէն գիւղերէն
Աղաղակներ կը բարձրանան երբ ահեղ
Պայթիւններով մեծադղորդ
Ռումբեր կʼիյնան
Ու կը ցանեն հոն հուրն իրենց մահասփիւռ
Կը քանդեն մարդն իր երազին հետ ի սպառ
Աղիողորմ աղաղակներ

Կը բարձրանան հովուն դէմ
Հովուն կուրծքին կը խրին
Ու կը վազէ հովն իր կուրծքէն վիրաւոր
Աննպատակ ոստումներով թաւալուն
Մերթ կը սուզի սաղարթներէն վիթխարի
Մոռացումի մշտադալար ծառերուն
Մերթ իր մարմինը կը զարնէ սարալանջէ սարալանջ
Բայց տեւաբար կը լսէ ան թէ ինչպէս
Հազարաձայն արձագանգով
Աղաղակ մը Աղաղակներ
Կը բարձրանան հովուն դէմ

Կանգ կʼառնէ հովը նկուն
Երբ հանդիպի
Փոքրիկ տղու մը արի
Որ անտերունջ կեցեր է իր ապագային կը նայի
Լուռ կը հակի բիբերէն ներս այդ պարզունակ աչքերուն
Կʼարտասուէ հովը տխուր
Կը հեռանայ երերուն
Կը գտնէ լեռ մը բարձրաբերձ ձիւնապսակ կատարով
Ու կողին
Կը մխրճուի
Կը կասի հոն
Ինքնասպան
Ինքնասպան
Մարդուն դէմ:

Յատուկ Երաժշտություն
Սիմֆոնիա N3
Ավետ Տերտերյան

Սիմֆոնիա N3

Ջրհորի մոտ
Ջրհորի մոտ
Խաղա առցանց