Սիամանթո

Արշալոյսները

Ու արհաւիրքով լեցուն Մեռելները այն ապառաԺուտ
բլուրներուն տակէն,
Որոնց վրայ ըմբոստացումի մեր կարաւանը կը լեռնաւորուէր,
Յանկարծ իրենց մերկ բազուկները դէպի մեզի
տարածելէն,
Նորէն կեանքը վերագտածի իրենց երգերը ցնորաբեր,
Ամէնքը մէկ, անշարԺ ու երկիւղած ու գիշերախառնօրէն
մղձաւանջային,
Տարօրինակ երջանկութիւնով մը երգեցին...։

«Օ՜, կա՛նգ առէք ձեր վերելքին վրայ, ո՜վ
դիւցազունները վաղուան,
Ու մտիկ ըրէ՛ք անոնց որոնք փառքի օր մը մահը
անարգեցին
Ձեզի ու մեր ամէնուն համար...
Մենք, մեռելներս, ձեզի հետ ենք այս առաւօտ,
Այլեւս մեր բազուկի ոսկորներուն ճարճատիւնները,
գիտե՜նք, դիւային,
Սրունքներնուս երկայնքն ի վար ու ձեր ականջին,
ՄահագուԺօրէն պիտի չի հնչեն...։
Քանզի, մեր կմախքները ՝ ալ դագաղներէն ու աւերակ-
ներէն դուրս,
Սա՛ ծաղիկներուն նման, վերէն յորդող լոյսերուն տակ,
Օ՜, աւետի՛ս ձեզի, ալ կը սկսին պայծառօրէն
մսաւորուիլ...։

«Ու նորէն մեր այսչափ ատեն,
Խաւարով ու հողով ու յուսահատութիւնով լեփլեցուն
Կոպերնուս տակը, այս պահուն,
Մեր նայուածքները լիճերու նման կը բացուին։
Ու մեր խեղճ շրթունքները մահէն տրորուած,
Օ՜, գթացէ՛ք, մայրականօրէն, ձեր հրավառ
ճակատներուն պէտք ունին...։

«Մեր գերեզմանի քարերն ու խաչերն արիւնլուայ,
Որոնք մեր մահը ու այս կեանքը մեզի հետ ապրեցան,
Սպասեցէք որ ձեր դիւցազնի գլուխներն անոնց վրայ
Գէթ վայրկեան մը զարհուրանքէն իրենց խոնջէնքը
հանգչեցնեն...։

«Նորէն կ'ըսենք, մենք անոնք ենք որոնք օր մը փրկանքի
Իրենց կեանքը ձեզի համար Եղեռնին տուին...
Ու անոնք դարձեալ որոնք դուք ձեր այսօրուան
երգերովն ամեհի,
Աւերակներու ծանրութեանը տակ ուր ցաւին հետ
վատաբար կը կըքէինք,
Ձեր արարչագործ շունչովը մեզի կեանքը տուիք։

«Ուրեմն ձեր երգերը մեր երգերը թո՛ղ ըլլան,
Բայց թոյլ տուէք որ ձեր ամէն մէկուն պատեանէն
մերկացած սուրը պողպատէ
Սա՛ մեր քարուտ, ու դաԺան, ու մութ ու անողորմ
ճամբան,
Ծիածանի մը հանգոյն մինչեւ Նպատակը լուսաւորէ...»։

Ու ես բլուրներուն վերէն ու դաշտավայրին վրայ,
Անսահմանօրէն ոտքի՛, ինչպէս աշտարակ մը կռանիդէ,
Տեսայ որ, բիւրաւո՜ր ու բիւրաւո՜ր ծննդաբեր մայրերը
սեւահեր
Իրենց նորածին զաւակները ձեռքերնուն մէջ ու
խելայեղօրէն դէպի վե՜ր
Արիւնոտած հորիզոններուն ամբարձուցին,
Զանոնք առաւօտին ճառագայթներուն խորը մխրճելով,
Յաւիտենականօրէն մկրտելու համար...։
Ու բոլորը մէկ իրենց ջինջ ու ծանր ու լուսաւոր ձայնովը
երգեցին...
«Ո՜վ դո՛ւք որ մեր մարմարէ կողերուն մայրութենէն
ստեղծուեցաք,
Ձեր կեանքին առջեւ փակ աչուըները սա լոյսերովը
ոռոգելէն ՝
Խմեցէ՛ք նախ այդ արիւնէն որ արիւնն է ձեր փառաւոր
հայրերուն,
Ու յետոյ ամէն օր մեր առոյգ ստինքներուն կաթը
աստուածային
Ձեր ամէն մէկը պիտի ընէ այնպէս ինչպէս որ ձեր
հայրերը մեզի համար
Սա դաշտերուն մէջը անձնուրացօրէն եղան...։
Ուրեմն Ովսաննա՜յ ձեզի, դո՜ւք՝ մեր միսը, ու դո՜ւք՝
մեր հոգին,
Ու Ովսաննա՜յ անոնց որոնք ձեզի մեր մէջը փառքի օր
մը կերտեցին...»։

Երգերը դադրեցան, մինչդեռ յանկարծ յայտնուեցաւ որ,
Անդին, անծայրածիր ու հեռաւոր արտերուն վրայ,
Բոլոր երիտասարդ ու լայն ու հուԺկու հերկողները մեր
վաղնջական հողերուն,
Իրենց խելայեղ եզները երկաթներուն լծած, ու
յամառօրէն,
Ադամանդէ ու յակինթէ արգասաւոր Արշալոյսները
կ'արօրեն...։

Յատուկ Երաժշտություն
Լարային քառյակ – Քամի
Էլեն Յոլչյան

Լարային քառյակ – Քամի

Լեռնային խաղողի այգիներ
Լեռնային խաղողի այգիներ
Խաղա առցանց