Zapel Yesayan

Կեղծ հանճարներ

Ա․

Տաճատ Չարըքեան յանկարծ արթնցաւ, դրանը կը զարնէին, ո՞վ կրնար ըլլալ առաւօտուն այդ ժամուն, եւ ահա գաղափար մը լուսաւորեց իր միտքը. ցրուի՜չն, ցրուիչն է…։

Եւ առանց հագուելու մէկ ոստումով դրանը մօտ եկաւ, գետինին պաղութիւնը բոպիկ ոտքերը կը վիրաւորէր, բայց ի՞նչ փոյթ, դուռը հազիւ թէ կէս մը բացած էր եւ ահա ցրուիչը իրեն կարկառեց երկայնաձեւ կնքուած նամակը։

Դուք է՞ք պարոն Չարըքեանը, ըսաւ հարբուխոտ ձայնով մը եւ անունին իւրաքանչիւր վանկը կարծես կոտրտելով ակռաներուն ներքեւ. Տաճատ յափշտակեց նամակը, ո եւ է ուրիշ առթիւ չպիտի հանդուրժէր որ իր անունը այդքան գէշ արտասանէին, ինչպէս պիտի չուզէր որ, նոյն իսկ ցրուիչին ներկայանար այդ անպատշաճ երեւոյթով, բայց երկու օր է որ սու մը չունէր եւ այդ նամակին կ՚սպասէր։ Կը ցանկար, երկու շաբաթներէ ի վեր, հետեւաբար զարմանալի չէ որ կէս մը ցուրտէն կէս մը յուզմունքէն դողդղալով նամակը բացաւ մանր գիրերով լեցուած չորս էջերու մէջ բաղձացուած չէքը գտաւ եւ այն ատեն միայն յիշեց որ դուրսը ցրուիչը կը սլքտար իր պախշիշին համար։

Առանց իր ծիծաղելի կէս մերկութեանը մտածելու, քաջութիւնը ունեցաւ կրկին դուռը բանալու եւ ըսելու.

Մանրուկ չունիմ, ներողութի՛ւն։

Հոգ չէ, պարոն, պատասխանեց ցրուիչին հարբուխոտ ձայնը։

Հակառակ չէքին ազդած ուրախութեանը, Տաճատ Չարըքեան գլխէն մինչեւ ոտքը սարսռաց եւ զգաց որ սենեկին պաղ օդը կը ճնշէր իր ուսերուն վրայ. այն ատեն աճապարանքով կրկին անկողին մտաւ որ դեռ գաղջ մնացած էր եւ սկսաւ օրօրուիլ մէկզմէկէ աւելի ժպտուն մտածումներով, նամակը չըմինէին վրայ ձգած էր բայց չէքը քովն էր եւ երբեմն երբեմն կը նայէր թուանշաններուն 400 ֆրանք… ամբողջ հարստութիւն մը աղքատ ուսանողի մը համար։

Տաճատ Չարըքեան բարձրահասակ, ուժեղ եւ հաճելի երեւոյթով երիտասարդ մըն էր, գմբէթաձեւ եւ լայն ճակատին վրայէն մազերը հետզհետէ կ՚ընկրկէին կարծես, թեթեւ մը գռուզ շագանակագոյն մազեր՝ որոնք գագաթին վրայ ցանցառ բայց ծոծրակին վրայ հոծ՝ զարմանալի սիլուէթ մը կը շինէին. ամբողջ գլուխը դէպ ի ետեւ երթալու ձեւ մը պիտի ունենար՝ եթէ իր սրածայր մօրուքը հակառակ ուղղութեան մէջ չափազանց ցցուած չհակակշռէր այս տպաւորութիւնը. աչքերը աննշան, պզտիկ եւ մազերուն գոյնը գրեթէ միշտ ծածկուած էին ակնոցներուն ներքեւ. վերջապէս իր գլուխը բռնելու ձեւէն, քալուածքէն շարժումներէն այնպիսի անսահմանելի բան մը կ՚արտաշնչուէր որ փողոցէն անցած ատեն անծանօթ անցորդներն իսկ մտածելու էին։

Արդեօք ո՞վ է։

Իր գմբէթաձեւ եւ մէկ երկու թեթեւ ուռեցքներով ճակատը կարծես խոշորցած ընդլայնուած, տեղ տեղ դուրս ցցուած եւ ակօսուած էր մեծ եւ անհասանելի մտածումներու յաճախումներով. բնականէն խոժոռ յօնքերը գրեթէ միշտ իրարու մօտիկցած էին սեւեռեալ խորունկ մտածումի մը մէջ։ Այդ տղան գրեթէ բնաւ չէր խնդար եւ իր ընկերներուն զուարճութիւնները կ՚արհամարհէր. այլ սակայն իր դէմքին վրայ ներկայ կամ անցեալ վշտի մը արտայայտութիւնն ալ չկար, իր դիմագիծերը հանդարտ էին եւ կարելի է ըսել առանց արտայայտութեան. Տաճատ Չարըքեան ուրիշ մարդ էր, անսովոր, հազուագիւտ անթափանցելի։ Անիկա մեծ մարդ էր։ Մէկը որ առիթ ունեցած ըլլար մեծ հանճարներու գործերը կարդալու առանց անոնց պատկերները տեսած ըլլալու՝ անխուսափելիօրէն պիտի մտածէր Տաճատ Չարըքեանը տեսնելով։

Պայրըն, Շէքսբիր, կամ Կէօթէ այսպէս ըլլալու էին։

Տաճատ իր ճակատին վրայ հանճարի կնիքը կը կրէր եւ այդ կնիքը զինքը ընկճած էր բոլորովին։ Անուններ կան որ դժուար է կրելը ըսած է մէկը, դէմքեր կան որ աւելի դժուար է կրելը ապահովաբար։ Ձեւով մը իր երեւոյթին արժանապատուութիւնը ունէր եւ կարելի է ըսել թէ իր երեւոյթը պարտաւորած էր զինքը մեծ մարդ ըլլալու։ Ասկէ զատ սակայն Տաճատ Չարըքեան իրաւամբ օժտուած երիտասարդ էր։

Պզտիկուց այն կանխահաս եւ խելացի տղաքներէն եղած էր որու համար ամենէն ցանկալի բաները գուշակած էին։

Ի՛նչ հանճարեղ երեւոյթ ունի սա տղան, կ՚ըսէին անծանօթ այցելուներ, երբ իր ճակատը կը տեսնէին աննշան տղաքներու՝ աննշան գանկերուն մէջերէն։

Միւս կողմանէ՝ իր ուսուցիչները որ մօտէն գիտակ էին իր ապշեցուցիչ ընդունակութիւններուն, զինքը կը շոյէին կը շփացնէին։ Դեռ դպրոցի գրասեղաններուն վրայ, պարգեւաբաշխութեան ճառերը ինք կը գրէր, տղոց երգերը, ոտանաւոր կ՚երկնէր եւ անոնց եղանակներ կը շինէր։ Իսկ քննութեան մեծ սրահին մէջ իր պատկերներն էին որ ամենէն աւելի ուշադրութիւն կը գրաւէին, ըլլայ իրենց գոյներու յանդուգն պէսպիսութեամբ, թարմութեամբ, ըլլայ compositionներու զարմանալի ճոխութիւնովը։

Իրաւամբ ապշեցուցիչ տղայ էր Տաճատ Չարըքեան, կարծես թէ շատ հաճոյակատար պարիկներ իր մատները օժտած էին մասնաւոր թեթեւութիւնով մը եւ կարողութիւնով մը. Տաճատ երկու մատիտի հարուածով պատկեր մը կը շինէր։ Ինչպէս իր երեւակայութեանը թռիչք կուտային ու ականջին կը մրմնջէին այն սիրուն երգերը որոնք կը կազմէր Տաճատ դաշնակին առաջքը անցած իր թափառող մատներուն քմահաճոյքովը։ Իր կարողութիւնը այնքան անկասկածելի էր իրեն եւ ուրիշ տղոց համար որ Չարըքեան իր բերանաբաց մնացած ընկերներուն ներկայութեանը՝ մէկ կողմէն կը խօսէր եւ միւս կողմէ մատները կը պտտցնէր դաշնակին վրայ ուզուած նօթը փնտռելով եւ ամբողջ երգեր յօրինելով զորս գրի առնելու իսկ փութկոտութիւն չունէր, այնքա՜ն վստահ էր թէ երբ որ ուզեր աւելի գեղեցիկները կրնար ընել։

Նախ եւ առաջ իր կարողութիւնները երեւան եկած էին ամեն ճիւղերու մէջ. յետոյ կամաց կամաց հեռացած էր այն դասերէն, որոնք ուշադրութեան եւ յարատեւ աշխատութեան կարօտ էին, գլխաւորապէս թուաբանութիւնը դատապարտուեցաւ իրմէ. մէկ երկու տղաք որոնք հաշուելու ընդունակութիւն ունէին չարաչար արհամարհուեցան այնպէս որ ատեն մը եղաւ որ Տաճատ Չարըքեանի չսիրած դասերուն զէրօ առնելը պատուոյ տիտղոսի պէս բան մըն էր. ուսուցիչները գիտնալով Չարըքեանի կարողութիւնը գեղարուեստի ուրիշ ճիւղերու մէջ աչք կը գոցէին իրեն, եւ բացառութիւն մը կ՚ընդունէին զայն ու ուրիշներու յանդիմանած կամ յորդորած ատեննին յաճախ կ՚զգացնէին այդ բացառութիւնը։

Պէտք է հաշուել գիտնալ ամեն բանէ առաջ կը հասկնա՞ք, կեանքը ծայրէ ծայր հաշիւ է, երեւակայութիւնով, բանաստեղծութիւնով բան չըլլար. Տաճատը օրինակ պիտի տաք նէ, Տաճատը ուրիշ, անոր պէս տաղանդ ունեցէք, հանճար ունեցէք, ի՛նչ կուզէք նէ ըրէք. անանկ մարդիկը բացառութիւն են, ազգի մը մէջ մէկ երկու հատ կ՚ըլլայ կամ չըլլար։

Պզտիկ հանճարեղ տղան իր գմբեթաձեւ ճակատը կը ցցէր – շարժում մը որ պիտի մնար իր վրայ – եւ վերէն կը նայէր իր ընկերներուն, իր ուսուցիչին, ամբողջ մարդկութեան, այդ օրերէն՝ դեռ հոգիով մաքուր եւ տղայ, տարտամօրէն զգաց թէ ինքը այն առանձնաշնորհեալ մարդերէն մէկն է որ դեր մը ունին կատարելիք աշխարհիս մէջ. թէ իր հանճարը նուիրական աւանդ մըն է զորս պահպանելու եւ որուն յաղթանակել տալու պարտական է ի՛նչ գնով որ ըլլայ. այն ատեն տասներկու տարեկան էր, եւ արդէն իրեն համար սկսած էր ուրիշներուն շահերը, հաճոյքները, նախասիրութիւնները, նոյն իսկ կեանքը յարաբերական արժէք մը ստանալ։

Sens moralի պակասութեան յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է Եսին եւ ուրիշներուն մէջ եղած ընկերական հաւասարակշռութեան մը խանգարումը. այդ առաջին խանգարումը խրամատ մը բացած էր արդէն իր եւ ուրիշներուն մէջ որ երթալով պիտի լայննար մի եւ նոյն ատեն զինքը ներքին առանձնութեան մը դատապարտելով՝ որ սկիզբը պիտի ըլլար իր Եսին տարապայման կերպով մեծ տեսնելուն։

Եթէ Տաճատ Չարըքեան վատոյժ տղայ մը ըլլար պիտի ճնշուէր իր գլխուն ծանրութեան տակ եւ անշշուկ պիտի անցնէր աշխարհիս վրայէն, բայց անոր հանճարեղ գլուխը տեղաւորուած էր թիկնեղ եւ հաստատուն մարմինի մը վրայ, առողջ՝ եւ ապրելու ընդունակ միակ տկարութիւն ունենալով իր ձայնը որ խեղդուող խուլ եւ անհանգստող բան մը ունէր, եւ չափազանց յոգնութիւն կը պատճառէր 5 վայրկեանէ աւելի զինքը մտիկ ընողներուն։ Իր ձայնին այդ ապիկարութիւնը ներքին եւ մեծ ցաւերէն մէկն էր։ Իր կանխահաս մտքով եւ ուրիշներու վրայ ազդեցութիւն ունենալու անյագ ծարաւին բնազդովը, հասկցած էր թէ ձայնը մեծ բան եւ յաճախ ամեն բան է. միւս կողմանէ ստիպուած ինքզինքը ծիծաղելի կացութեան մը մէջ չդնելու եւ իր հանճարին պատշաճ դիրքով մը ներկայանալու ամէնուն, նոյն իսկ ամենէն մտերիմներուն՝ ազնուական լռութեան մը դատապարտեց ինքզինքը հետզհետէ այնքան խօսելով որքան անհրաժեշտ էր։ Թերեւս այս ձայնի պակասութեան պատճառաւ էր որ, անմիջապէս երեք արուեստներուն մէջէն՝ որոնք հաւասարապէս կը ժպտէին իրեն, նկարչութիւնը ընտրեց։

Այն ատեն իր տասնեւչորրորդ տարիքին մէջ էր եւ շրջանաւարտ պիտի ըլլար թաղային վարժարանէն։

Be the first who will comment on this

Other parts of "Կեղծ հանճարներ"

Yatuk Music
Shooshiky
Komitas

Shooshiky

Beyond the curtain
Beyond the curtain
Play Online