Zahrat

Թուաւոր քերթուած

Թիւ մը թիւի քով թիւ թիւերու մէջ
Ու թիւերու մէջ կորսուած թիւ մը
Չըլլալու տենչն է
Տարբեր ըլլալու պահանջն է ձերը
Նմաններու մէջ տարբեր ըլլալու
Տարբեր ըլլալու պահանջն է ձերը
Ամբողջութեան մէջ ամբողջին նման
Չկորսուիլն է
Ձեր ամբողջ դատը
Ամբողջութեան մէջ չկորսուիլը
Տարբեր իսկ ըլլաք բոլորէն տարբեր
Բոլորէն նոյնքան տարբեր ըլլալու
Ի վերջոյ դարձեալ դարձեալ իրարու
Նման ըլլալու
Սարսափին է ձերը
Դարձեալ անանուն թիւ մը մնալու
Ու գիտնալու թէ լոկ զէրօ մըն է
Ի վերջոյ ամէն թիւի վախճանը

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Symphonic Panel "Armenia"
Ghazaros Saryan

Symphonic Panel "Armenia"

My daughters
My daughters
Play Online