Zahrat

Մարդու միս

Սարգիս Պօղոսեանին

Երբ երկու կողմը շէնքեր շինեցին
Փողոցը ծնաւ

Մեծ էին շէնքերն այնպէս հոյակապ որ երբ հարցուցին
Փողոց չեմ ըսաւ պողոտայ եմ ես

Եւ ալ ամէն օր մեծ մարդիկն ըսես թէ ինքնաշարժերն
Իրենց շքեղութեամբ զայն փայփայելէն անցան ու գացին

Փողոցը կրեց հոսանքն այդ հարուստ զարդերն այդ փարթամ

Իր մորթին վրայ գոհարներու պէս

Կարծես ամէն ինչ արագ ու փայլուն տօնական էին
Պերճանքը ճանչցաւ

Եկան ու գացին հետքերն ալ տակաւ կորսուեցան միշտ
Մէկ բան չմոռցաւ

Թէ օր մʼալ մարդ մը բոպիկ ոտքերով անցաւ տատամսոտ
Այդ օր պողոտան մարդու միս ճանչցաւ

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Aria and Toccata for violin and piano
Ghazaros Saryan

Aria and Toccata for violin and piano

Egyptian masks
Egyptian masks
Play Online