Zahrat

Գունավոր սահմաններ

Սահմանափակ

Մէկ երկու երեք չորս հինգ քայլ լայնքին
Մէկ երկու երեք չորս քայլ երկայնքին
Պզտիկ աշխարհ մը մեր ոտքերուն տակ
Տասնըութ քայլով շրջանն աշխարհին

Արտասահման

Ով աղուորներ զոր սիրեց անյուսօրէն գաղտնարար
Թէկուզ ըլլաք դուռ դրացի նոյն թաղէն
Արտասահմանս դուք էք

Կապոյտ

Թէ կրնաս կապոյտը բացատրէ որդին
Ոչ ծով է տեսեր ոչ լիճ ոչ երկինք
Ոչ ալ կապուտաչուի որդ մըն է սիրեր
Դուք այդ կապոյտը ինծի հարցուցէք

Կանաչ

Երբ կանաչ փէչդ հագուիս
Հաւկիթէն նոր ելած
Ցախսարիկի կը նմանիս
Մինչդեռ գիտեմ դուն երկչոտ եղնիկ ես
Անտառներու լոյս կանաչը սրտիդ

Սեւ

Բոլոր գոյները լոյսերը բոլոր
Սէրերը բոլոր
Երբ վանես կեանքէդ
Ահա թէ քեզի սեւը կը մնայ
Բարով գործածես

Դեղին

Բոլոր դեղինները հողէն կʼելլեն
Հասունցած հասկերն արտերուն
Ոսկին մատիդ վրայ

Ու բոլոր դեղինները դէպի հող կʼերթան
Մազերը սա չուէտացի աղջկան
Կամ թէ Մինկը որ
Բրինձ կը ցանէ Եանկ֊Ցէի ափին

Սահման

Կաւիճը ձեռքին

Գիծեր կը քաշէ մեր շուրջ զերդ սահման

Իսկ ես քերթողի սպունգով խոշոր
Բոլոր գիծերը կը սրբեմ ի սպառ
Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Aria and Toccata for violin and piano
Ghazaros Saryan

Aria and Toccata for violin and piano

Still-life with bottles
Still-life with bottles
Play Online