William Saroyan

Անունս Արամ է

ԱՄԱՌԸ ԵՐԲ ԵՂԱՆԻ ՍՊԻՏԱԿ ՁԻ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆՔ

Հին բարի օրերէն մէկը՝ երբ ես հազիւ տասը տարեկան էի եւ աշխարհը լի էր երեւակայելի ամէն տեսակ շքեղանքով եւ կեանքը դեռ երազ մը սոսկ՝ հաճոյալից եւ գաղտնալից. հօրեղբօրորդիս Մուրադ, որ խելառին մէկը կը համարուէր ինձմէ զատ իրեն ծանօթ ուրիշ ամէն մարդու կողմէ. ժամն առաւօտեան չորսին մեր տունն եկաւ եւ սենեակիս պատուհանը բախելով արթնցուց զիս։
– Արա՜մ, ձայնեց ան։
Անկողնէս վեր ցատկելով պատուհանէն դուրս նայեցայ։ Աչքերուս չէի կրնար հաւատալ։
Արշալոյսը դեռ ծագած չէր թէպէտ, բայց ամառ էր եւ լուսաբացը ո՜չ շատ հեռու. ուստի բաւականաչափ լոյս էր վստահանալու համար թէ չէի երազեր։
Հօրեղբօրոդիս Մուրադ բազմած էր գեղանի սպիտակ ձիու մը վրայ։ լուխս պատուհանէն դուրս ցցեցի եւ աչքերս շփեցի։
– Այո՜, ըսաւ ան Հայերէն, տեսածդ երազ չէ, այլ՝ ձի մը։ Աճապարելու ես. եթէ դուն ալ կը փափաքիս հեծնել։
Ինծի անծանօթ չէր թէ Մուրադ կեանքի վայելքին սիրահար մ՚էր աւելի քան ուրիշ մէկը՝ որ սխալմամբ ինկած էր այս մոլորակին վրայ։ Բայց եւ այնպէս անկարող էի տեսածիս հաւատալու։
Նախ եւ առաջ՝ իմ կանխագոյն յիշողութիւններս հիւսուած էին ձիերու շուրջ, իսկ առաջին տենչանքներս կեդրոնացած՝ ձի հեծնելու վրայ։
Ասիկա իրերու կացութեան զմայլելի դրուագն էր։
Երկրորդ՝ աղքատ էինք մենք։
Իսկ այս՝ իրերու կացութեան այն դրուագն էր՝ որ աչքերուս տեսածին հաւատալու արգելք կը հանդիսանար։
Աղքատ էինք մենք։ Դրամ չունէինք։ Մեր բովանդակ տոհմը չքաւոր էր։ արօղլանեան գերդաստանի մէն մի շառաւիղը աշխարհի ամենէն ապշեցուցիչ եւ զաւեշտալի չքաւորութեան մէջ կ՚ապրէր։ Ո՛չ ոք, ո՛չ իսկ մեր ընտանիքի ծերունիները կարող էին ըմբռնել թէ ո՞ւրկէ կը ճարէինք մեր փորերը կուշտ պահելու համար հարկ եղած դրամը։ Կարեւորագոյնն այն էր սակայն, որ մենք համբաւաւոր էինք մեր պարկեշտութեամբը։ Մենք մեր պարկեշտութեամբ համբաւաւոր եղած էինք շուրջ տասնըեւմէկ դարեր, նոյնիսկ այն ժամանակ՝ երբ ամենափարթամ գերդաստանը կը հանդիսանայինք երկրի մը մէջ, զոր սիրած էինք շփոթել աշխարհին հետ։ Մենք նախ հպարտ էինք՝ ապա պարկեշտ. եւ յետոյ կը հաւատայինք շիտակի եւ սխալի սկզբունքին։ Մեզմէ ո՛չ ոք կ՚ուզէր օգտուիլ ուրիշի մը նեղ դրութենէն. իսկ գողութեան խօսքն իսկ կարելի չէր ընել։
Հետեւաբար՝ թէպէտ կը տեսնէի այդ վերին աստիճանի զմայլելի ձին, թէպէտ կ՚առնէի անոր վերին աստիճանի ախորժելի հոտը, թէպէտ կը լսէի անոր վերին աստիճանի զգլխիչ շնչառութիւնը, բայց չէի կրնար հաւատալ թէ այն կարող էր ոեւէ կապ ունենալ Մուրադ հօրեղբօրորդւոյս հետ, կամ ինձ հետ կամ մեր ընտանիքի նիրհած թէ արթուն ոեւէ մէկ այլ անդամին հետ։ Որովհետեւ գիտէի թէ Մուրադ չէր կրնար զայն գնած ըլլալ, ապա ուրեմն գողցած ըլլալու էր, իսկ ես կը մերժէի հաւատալ թէ ան երբեւիցէ կարող էր գողութիւն ընել։
Անհնար էր արօղլանեան ընտանիքի ոեւէ մէկ անդամին համար գող մ՚ըլլալ։
Ակնարկս նախ սեւեռեցի հօրեղբօրորդւոյս եւ ապա՝ ձիուն վրայ։ Երկուքին ալ դէմքը կը շողար բարեպաշտիկ անդորրութեամբ եւ խնդումով մը, ինչ որ մէկ կողմէն ինծի կ՚առթէր բերկրանք, միւս կողմէ՝ սարսափ։
– Մուրա՜դ, սկսայ, ուրկէ՞ գողցար այս ձին։
– Պատուհանէն վա՜ր ցատկէ, եթէ կը փափաքիս ձի հեծնել, եղաւ իր կտրուկ պատասխանը։
Ճիշդ էր ուրեմն։ Իսկապէս ան գողցած էր ձին։ Այլեւս ներելի չէր այդ մասին տարակուսիլ։ Այժմ ան եկած էր ինձ եւս հեծնելու պատեհութիւնը տալու, եթէ կը փափաքէի։
Սակայն վերջ ի վերջոյ ինձ այնպէս թուեցաւ թէ սոսկ հեծնելու նպատակով կատարուած ձիու գողութիւնն եւ ոեւէ այլ տեսակի, զոր օրինակ, դրամի գողութիւնը նոյնօրինակ բաներ չէին։ Որքան իմ խելքս կը զօրէր՝ ձիու գողութիւնը գուցէ երբեք ալ գողութիւն չէր։ Եթէ դուք եւս ինձ եւ Մուրադ հօրեղբօրորդւոյս պէս ձիու խենթ եղած ըլլայիք, դուք եւս, գողութիւն պիտի չսեպէիք կատարուածը։ Պէտք չէր որ գողութիւն համարուէր այն, քանի որ ձին ծախու չէր հանուած, իսկ ես վստահ էի թէ այդ բանը երբեք տեղի պիտի չունենար։
– Սպասէ՛ հագուիմ, ըսի։
– Շա՜տ լաւ, բայց աճապարէ՛, պատուիրեց ան։
Հագուստներս հապճեպով վրաս նետելով պատուհանէն ցատկեցի բակը եւ բարձրացայ ձիու քամակը՝ Մուրադ հօրեղբօրորդւոյս ետեւը։
Այդ տարին մենք կը բնակէինք քաղաքին ծայրամասը՝ Ուոլնըտ փողոցին վրայ։ Մեր տան ետեւ կը տարածուէր բաց դաշտը – այգիներ, մրգաստաններ, ջրառուներ եւ դաշտուղիներ։ Երեք րոպէ չանցած արդէն Օլիվ փողոցին վրայ էինք եւ ձին սկսած էր համաչափ ընթանալ։ Օդը թարմ էր եւ շնչելն հաճելի։ Հրաշալի էր զգալ ձիուն վազքը։ Մուրադ՝ որ մեր ընտանիքի ամէնէն խենթուկ անդամներէն մէկն էր նկատուած, սկսաւ երգել, ըսել կ՚ուզեմ, գոռալ։
Ամէն ընտանիք իր մէջ կ՚ունենայ խենթ երակ մը եւ հօրեղբօրորդիս Մուրադ նկատուած էր բնական շառաւիղը մեր տոհմի այդ խենթ երակին։ Իրմէ առաջ կու գար Խոսրով հօրեղբայրս, վիթխարի մարդ մը՝ սեւ մազերով ծածկուած հուժկու գլուխով եւ պեխերով՝ որ ամենահաստն էին Սան Վոկին հովտին մէջ։ Մարդ մը՝ խառնուածքով ա՛յնքան վայրագ, ա՛յնքան դիւրաբորբոք եւ անզուսպ՝ որ հանդիպողը կը պապանձեցնէր միմիայն վրան գոռալով – վնաս չունի, ականջ մի՛ տար։
Այդքան միայն. ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։ Եւ հոգ չէր թէ ո՜վ ինչի մասին կը խօսէր։ Անգամ մ՚իր սեփական որդին՝ Արաք ութը բլակ վազելով կ՚երթայ սափրիչի մը խանութը, ուր իր հայրը պեխերը կոկել կու տար, յայտնելու համար որ իրենց տունն հրդեհ էր ինկած։ Մեր Խոսրովն է որ կը շտկուի իր աթոռին մէջ ու գոռալ – վնաս չունի, ականջ մի՛ տար։ Սափրիչը կը միջամտէ – Բայց տղան կ՚ըսէ թէ տունը հրդեհ է ինկած։ Խոսրով կը գոռայ նորէն – հե՛րիք է, վնաս չունի ըսի, չէ՞։
Հօրեղբօրորդիս Մուրադ ահա այս մարդուն շառաւիղը կը նկատուէր, թէպէտեւ Մուրադին հայրը Զօհրապն էր, որ բացի գործնական մէկն ըլլալէ ուրիշ արժանիք չունէր։ Ահա թէ ի՛նչ էր իրերու վիճակը մեր տոհմին մէջ։ Մէկը կարող էր իր որդւոյն մսին հայրն ըլլալ, բայց այդ դեռ չի նշանակեր թէ ան նաեւ հայրն է անոր հոգւոյն։ Մեր տոհմի հոգեկան յատկութեանց բաշխումը սկիզբէն ի վեր եղած էր քմահաճ եւ խոտորնակ։
Ձին հեծանք թէ չէ՝ հօրեղբօրորդիս սկսաւ երգել։ Կարծես թէ կը գտնուէինք մեր պապենական երկիրը, որը մեր դրացիներէն գէթ ոմանց կարծիքով, մեզի յարմար միակ վայրն էր։ Ձիուն թոյլ տուինք որ ուզածին չափ վազէր։
Ի վերջոյ հօրեբօրորդիս Մուրադ խօսք առաւ կրկին – վա՛ր իջի՛ր, ես կ՚ուզեմ մինակս հեծնել։
– Թոյլ պիտի տա՞ս որ յետոյ ես ալ մինակս հեծնեմ։
– Ատիկա ձիուն գիտնալիք բանն է, վա՛ր իջի՛ր, կրկնեց հօրեղբօրորդիս։
– Ձին վստահաբար թոյլ կու տայ որ ես ալ հեծնեմ, շարունակեցի։
– Այդ կը տեսնենք, պատասխանեց ան։ Մի՛ մոռնար որ ես իմ սեփական վարուելակերպս ունիմ ձիերու հետ։
– Քու ձիերու հետ ունեցած վարուելակերպդ ե՛ս ալ ունիմ, պնդեցի։
– Վա՛ր իջիր։ էթ քու ապահովութեանդ սիրոյն յուսանք որ այդ այդպէս է, աւելցուց Մուրադ։
– Շա՛տ լաւ. մի՛ մոռնար որ ինծի ալ թոյլ պիտի տաս մինակս հեծնել- պնդեցի ես։
Ես վար իջայ, իսկ հօրեղբօրորդիս ձին կրունկներովը խթանելով հրամայեց անոր – վազէ՛։ Ձին վեր ցցուեցաւ իր ետեւի սրունքներուն վրայ, խրխնջաց եւ անձնատուր եղաւ խօլական սրարշաւի մը։
Ասկէ առաջ երբեք ասկէ աւելի ակնհաճոյ տեսարանի մը առջեւ չէի գտնուած։ Մուրադ ձին սրընթաց քշեց չոր խոտերով լեցուն դաշտի մը մէջէն դէպի ջրառու մը, ձիով ցատկեց առուին վրայէն եւ հինգ րոպէ ետք վերադարձաւ վրան գլուխը թրջած։
Արեւը վեր կը բարձրանար։
– Այժմ հեծնելու կարգն իմս – վերսկսայ ես։
Մուրադ ձիէն վար ցատկելով հրամայեց ինձ – հեծի՛ր։
Նետուեցայ ձիուն քամակը եւ պահ մը ամենասարսափելի վախն զգացի։ Ձին անշարժ կեցած էր։
– Ինչի՞ է կը սպասես. կողերը խթանէ, պատուիրեց Մուրադ։ Զայն իր տիրոջը վերադարձնելու ենք դեռ մարդը անկողնէն չելած։
Խթանեցի ձիուն կողերը։ Ան կրկին վեր ցցուեցաւ, խրխնջաց եւ սկսաւ սուրալ։ Ինչ ընելիքս չէի գիտեր։ Փոխանակ դաշտի մէջէն դէպի ջրառուն արշաւելու՝ ձին ճամբայ ինկաւ դէպի Տիգրան Հալէպեանի այգին, եւ երբ հոն հասանք, սկսաւ ցատկռտել որթատունկներու վրայէն։ Ան արդէն եօթը որթատունկերու վրայէն ցատկած էր՝ երբ ես վար ինկայ։ Հակառակ ատոր ձին շարունակեց իր վազքը։
Մուրադ ճամբան ի վար վազելով կը պոռար – քու մասիդ չէ որ մտահոգուած եմ, կարեւորը այդ ձին բռնելն է։ Դուն ա՛յս կողմը գնա, ես ալ սա՛ կողմը կ՚երթամ։ Եթէ իրեն հանդիպելու ըլլաս՝ հետը քաղցրութեա՛մբ վարուէ, ես շուտով կը հասնիմ։
Ես իմ ճամբաս շարունակեցի դարվար՝ մինչ հօրեղբօրորդիս դաշտին մէջէն կը յառաջանար դէպի ջրառուն։ Կէս ժամ անցաւ մինչեւ որ Մուրադ ձին գտաւ եւ ետ բերաւ զայն։
– Շո՛ւտ, վրա՛ն նետուէ, արդէն ամէն մարդ արթնցած է, հրամայեց ան։
– ի՞նչ պիտի ընենք այժմ, հարցուցի ես։
– Կամ անմիջապէս վերադարձնելու ենք զայն եւ կամ պահելու ենք մինչեւ վաղը առաւօտ, պատասխանեց Մուրադ։
Սակայն մտահոգ մէկու մը երեւոյթը չունէր հօրեղբօրորդիս եւ ես վստահ կը զգայի թէ ան ձին պիտի պահէր գէթ ժամանակ մը եւս:
– Ո՞ւր պիտի պահենք զայն. հարց տուի:
– Ես տեղ մը գիտեմ, եղաւ իր պատասխանը:
– Ո՞րքան առաջ գողցար զայն, կրկին հարց տուի ես:
Յանկարծ միտքս ինկաւ որ Մուրադ ժամանակէ մը ի վեր առաւօտները կանուխ այսօրինակ պտոյտներ կ՚ընէր: Այս առաւօտ եկած էր զիս ալ հետն առնելու՝ լաւ գիտնալով թէ ի՜նչքան մեծ փափաք ունէի ձի հեծնելու:
– Ձիուն գողութեան խօսքն ընողը ո՞վ է, պատասխանեց Մուրադ գրգռուած:
– Ինչեւիցէ, երբէ՞ն ի վեր ձիով պտոյտներ կ՚ընես առաւօտները:
– Ասիկա առաջին առաւօտն է:
– Հաւատա՞մ խօսքիդ:
– Ի հարկէ ո՛չ. բայց եթէ բռնուելու ըլլանք այդպէս խօսելու ես. խորհուրդ տուաւ հօրեղբօրորդիս: Չեմ ուզեր որ երկուքս ալ ստախօս դուրս գանք: Որքան որ դուն գիտես՝ մենք ձիով պտոյտ կատարած ենք միայն այս առաւօտ:
– Շա՜տ լաւ. համաձայնեցայ ես:
Ան կամացուկ մը ձին առաջնորդեց լքուած այգիի մը գոմը, որ ժամանակին Ֆէթվաճեան անունով այգեպանի մը պարծանքն էր եղած: ոմին մէջ դեռ կը մնար բաւական վարսակ եւ առուոյտ:
Սկսանք քալել դէպի տուն:
Դիւրին բան չէ ձիերուն ուզածդ ընել տալ. սկսաւ պարծենալ Մուրադ: Ան նախ ջանաց փախուստ տալ, բայց ինչպէս արդէն ըսի քեզի, ես իմ յատուկ վարուելակերպս ունիմ ձիերու հետ: Ես իմ ամղն ուզածս կրնամ ընել տալ անոնց: Անոնք զիս լաւ կը հասկնան:
– Ի՞նչպէս կ՚ընես, հարցուցի:
– Իմ եւ անոնր միջեւ յատուկ հասկացողութիւն մը գոյութիւն ունի, կրկնեց Մուրադ:
– Այո՜, բայց ի՞նչ տեսակ հասկացողութիւն:
– Պարզ եւ պարկեշտ հասկացողութիւն մը:
– Երանի՜ թէ ես ալ կարող ըլլայի նման հասկացողութիւն մը մշակել ձիերու հետ:
– Դու դեռ երախայ մ՚ես: Երբ տասնեւերեք տարեկան ըլլաս՝ դուն ալ կերպը կը սորվիս, եղաւ հօրեղբօրորդւոյս պատասխանը:
Տուն գացի եւ ախորժակով ճաշ մ՚ըրի:
Նոյն կէսօրէ վերջ հօրեղբայրս Խոսրով մեր տունն եկաւ գաւաթ մը սուրճ խմելու եւ սիկարէթ մը ծխելու: Ան բազմեցաւ հիւրանոցը եւ սկսաւ ըմպել իր սուրճը, ծխել եւ վերյիշել մեր հինաւուրց հայրենիքը: Քիչ յետոյ ներս մտաւ ուրիշ այցելու մը, Ճան Բայրօ անունով այգեպան մը, ասորի մը, որ առանձնութենէ մղուած Հայերէն էր սորված: Մայրս մենաւոր այցելուին սուրճ եւ ծխախոտ հրամցուց. եւ ան եւս սիկարէթ մը փաթթելով սկսաւ իր սուրճն ըմպել եւ սիկարէթը ծխել. բայց ի վերջոյ տխուր հառաչ մը արձակելով խօսք բացաւ – անցեալ ամսու մէջ գողցուած սպիտակ ձիս դեռ գտնուած չէ: Խելքիս չի պառկիր կոր:
Հօրեղբայրս Խոսրով չափազանց գրգռուածֆ սկսաւ պոռպռալ – վնաս չունի. ի՞նչ արժէք ունի ձիու մը կորուստը: Մենք բոլորս մի՞թէ կորսնցուցած չենք մեր հայրենի երկիրը: Ի՞նչ իմաստ ունի այսպէս լալ ու ողբալ կորսուած ձիու մը վրայ:
– Շատ դիւրին բան է քեզ պէս քաղքցիներու համար այսպէս մեծ մեծ ջարդել, պատասխանեց Ճան Բայրօ: Հապա ի՞նչ կ՚ըլլայ կառքս: Առանց ձիու կառքն ի՞նչ բանի կու գայ:
– Ականջ մի՛ տար, գոռալով կրկնեց Խոսրով հօրեղբայրս իր սովորական յանկերգը:
– Հոս գալու համար ստիպուած եղայ տասը մղոն տեղ քալել, գանգատեցաւ Ճան Բայրօ:
– Սրունքներդ դեռ կը գործեն չէ՞, պոռաց հօրեղբայրս:
– Ձախ սրունքս տկար է, աւելցուց այգեպանը:
– Ատանկ պարապ բաներու ականջ մի՛ տար, պէ՛, շարունակեց գոռալ հօրեղբայրս:
– Այդ ձին վրաս վաթսուն տոլարի նստաւ, շարունակեց այգեպանը:

– Ես թքեր եմ այդ դրամին վրայ, պոռթկաց Խոսրով հօրեղբայրս: Ապա ոտքի ցատքելով տունէն դուրս ճեմեց՝ ետեւէն ամուր մը փակելով մաղ-դուռը:
Մայրս միջամտելով բացատրեց.
– Ազնիւ սիրտ մ՚ունի ան: Խեղճը այնպէ՜ս հայրենակարօտ է եւ այնպիսի՜ խոշոր կազմ մ՚ունի որ:
Այգեպանը մեկնեցաւ եւ ես հօրեղբօրորդի Մուրադենց տունը փութացի:
Մուրադ նստած էր դեղձենիի մը տակ եւ կը ջանար դարմանել թռչելու անզօր կարմրալանջի մը վիրաւոր թեւը: Ան զրոյցի մէջ էր թռչունին հետ:
– Ի՞նչ է պատահեր, հարց տուաւ ինձ Մուրադ:
– Այգեպան Ճան Բայրոյին հանդիպեցայ, մեզ այցելութեան էր եկած: Ամիս մըն է անցեր ձին բերելէդ ասդին: Կ՚ուզեմ որ խօսք տաս ինծի թէ զայն պիտի չվերադարձնես մինչեւ որ ես ալ հեծնել սորվիմ:
– Տարի մը կ՚առնէ մինչեւ քու սորվիլդ, դիտել տուաւ Մուրադ:
– Այն ատեն տարի մը պահելու ենք զայն, թելադրեցի ես:
– Ի՞նչ, վրաս գոռաց Մուրադ, արօղլանեան գերդաստանի անդամի մը գողութիւն գործելու թելադրա՞նք կ՚ընես: Ձին իր պատկան տիրոջ վերադարձուելու է:
– Ե՞րբ, հարցուցի ես շուարած:
– Ամէնէն ուշը վեց ամիսէն, եղաւ իր պատասխանը:
– Մուրադ թռչունն օդին մէջ նետեց: Խեղճ անասունը թռչելու մեծ ճիգ ի գործ կը դնէր: Երկու անգամ քիչ մնաց վար պիտի իյնար, բայց վերջապէս թռաւ գնաց՝ բարձրէն եւ շիտակ:
Ամբողջ երկու շաբաթ Մուրադ եւ ես առաւօտուն կանուխ դուրս կը բերէինք ձին իր թաքստոց ծառայող լքուած այգիի մը գոմէն եւ վրան կը հեծնէինք: Երբ մինակս հեծնելու կարգն իմս կ՚ըլլար՝ ան որթատունկերու եւ ցած ծառերու վրայէն ցատկռտելով զիս վար կը ձգէր եւ փախուստ կու տար: Այսուհանդերձ ես դեռ յոյսս կտրած չէի թէ ժամանակի ընթացքին Մուրադին չափ լաւ ձի հեծնել պիտի սորվէի:
Առաւօտ մը երբ Ֆէթվաճեանի լքուած այգին կ՚երթայինք՝ քաղաքի ճամբուն վրայ մեր դիմացն ելաւ այգեպան Ճան Բայրօն:
– Բարի լո՜յս, Ճան Բայրօ, ըսաւ Մուրադ այգեպանին:
– Աստուծոյ բարի՜ն, իմ բարեկամներուս տղաքը, պատասխան տուաւ ան: Ի՞նչ է ձեր ձիուն անունը:
– Իմ Սիրտս, ըսաւ Մուրադ Հայերէն:
– Սիրո՜ւն ձիու՝ սիրո՜ւն անուն, եղաւ Ճան Բայրոյի նկատողութիւնը: Կ՚երդնում որ ասիկա քանի մը շաբաթ առաջ ինձմէ գողցուած ձին է: Թոյլ կու տա՞ք որ բերանը քննեմ:
– Անշո՛ւշտ, աճապարեց պատասխանել Մուրադ:
Այգեպանը ձիուն բերանը քննեց:
– Ակռայ առ ակռայ նոյնինքն է, եզրակացուց ան: Պիտի չվարանէի երդում ընել թէ ասիկա իմ ձիս է, եթէ ճանչցած չըլլայի ձեր ծնողքը: Ծանօթ է ինձ ձեր ծնողաց պարկեշտութեան համբաւը: Բայց եւ այնպէս ձին իմ ձիուս զոյգն է: Կասկածամիտ մէկն աւելի պիտի հաւատար իր աչքերուն քան իր սրտին: Բարի ճանապա՜րհ, իմ դեռատի բարեկամներս:
Մնա՜ս բարով, Ճան Բայրօ, պատասխան տուաւ հօրեղբօրորդիս Մուրադ:
Յաջորդ առաւօտ կանուխ Ճան Բայրոյի այգին գացինք եւ ձին գոմը կապեցինք: Շուները մեր բոլորտիքը կը դառնային անաղմուկ:
– Շուներուն նայէ՛, փսփսացի Մուրադին: Կը կարծէի թէ պիտի հաջէին:
– Կը հաջէին եթէ եկողն ուրիշ մէկն ըլլար, յոխորտաց Մուրադ: Սակայն ես անոնց հետ վարուելու կերպը գիտեմ:
Հօրեղբօրորդիս գրկախառնուեցաւ ձիուն հետ: Իր քիթը սեղմելով անոր քթին՝ շոյեց զայն: Ապա մեկնեցանք:
Նոյն կէսօրէ վերջ Ճան Բայրօ իր կառքով մեր տունն եկաւ եւ ցոյց տուաւ իր գողցուած բայց յետոյ վերադարձուած ձին:
– Մէջէն չեմ կրնար կոր ելլել, կը կրկնէր ան: Փա՜ռք Տիրոջ, ձիս թէ՛ ոեւէ ժամանակէ աւելի լաւ վիճակի մէջ է եւ թէ՛ ալ աւելի մեղմաբարոյ:
Հօրեղբայրս Խոսրով, որ այս պահուս հիւրանոցը կը գտնուէր, զայրացած սկսաւ պոռպռալ – ձայնդ կտրէ՛, մարդ Աստուծոյ, ձայնդ կտրէ՛, ատանկ պարապ բաներու ականջ մի՛ տար:
ԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԴԷՊԻ ՀԷՆՖԸՐՏ
Վերջապէս հասաւ այն օրը՝ երբ տարաբախտ հօրեղբայրս ճորգի կարգի դնելու էր իր հեծանիւը եւ երթալու՝ Հէնֆըրտ, մեզմէ քսանեւեօթը մղոն հեռու, ուր կը թուէր թէ պիտի կարենար գործ մը ճարել: Ես եւս ընկերացայ իրեն, թէպէտ նախ խօսք եղաւ իմ տեղս հօրեղբօրորդւոյս Վազգի երթալուն մասին:
Մեր ընտանիքը իր յարկին տակ Ճորգիի նման խեւ մը պատսպարած ըլլալուն համար մասնաւոր դժգոհանք մը արտայայտել չէր ուզեր թէպէտ, բայց կ՚ուզէր գէթ ամրան ընթացքին պահ մը անոր գոյութիւնը մոռնալու առիթն ունենալ: Ճորգիի Հէնֆըրտ երթալն ու գործ մը ճարելն ամէն տեսակէտէ լաւ պիտի ըլլար: Նախ՝ ինքը Ճորգի քիչ մը դրամ պիտի վաստակէր եւ յետոյ՝ պահ մը աչքէ հեռու կ՚ըլլար ան: Կարեւորը զինք աչքէ հեռու պահելն էր:
– ետինն անցնի ինքն ալ իր քանոնն ալ, – կը սրտնեղէր մեծ հայրս: Եթէ երբեք գիրքի մը մէջ կարդալու ըլլաք մարդու մը մասին, որ ծառի մը տակ նստած օրն ի բուն քանոն կը նուագէ, գիտցէ՛ք որ գիրքին հեղինակը անգործնական մարդուն մէկն է: Թո՛ղ երթայ իր քանոնին հետ քիչ մը քրտնի արեւին տակ:
– Հիմա է որ այդպէս կ՚ըսես, – միջամտեց մեծ մայրս: Ես հետդ կը խօսիմ շաբաթ մը յետոյ: Սպասէ՛ մինչեւ որ երաժշտութեան կարօտն զգանք նորէն:
– Պարապ խօ՛սք, – պատասխանեց մեծ հայրս: Եթէ երբեք գիրքի մը մէջ կարդալու ըլլաք թէ՝ երջանիկ մարդն այն է, որ երգել կը սիրէ, գիտցէ՛ք որ գիրքին հեղինակը պարզապէս երազատես մըն է, որ հազար տարիէն գործնական մէկը չի կրնար ըլլալ: Թողէ՛ք որ երթայ: Հէնֆըրտ մեզմէ միայն քսանեւեօթը մղոնի հեռաւորութիւն ունի: Բանաւոր հեռաւորութիւն մը արդարեւ:
– Հիմա է որ այդպէս կ՚ըսես, – կրկնեց մեծ մարս: Երեք օր չանցած մելամաղձոտութիւնը քեզ պիտի պատէ: Այն ատեն վստահ եմ թէ վագրի նման բոլորտիքդ պիտի դառնաս եւ ես պիտի ըլլամ քու վրադ խնդացողը:
– Վերջապէս կնիկմարդ ես, – շարունակեց մեծ հայրս: Եթէ երբեք հարիւրաւոր էջերէ բաղկացած մանր գիրերով գիրքի մը մէջ կարդալու ըլլաք թէ՝ կնիկմարդ ըսուածը իսկապէս հրաշակերտ մըն է, գիտցէ՛ք որ գիրքին հեղինակը իր կնոջմէ երես դարձուցած երազներու աշխարհին մէջ կը թափառի: Թողէ՛ք որ երթայ:
– Խօսքին պարզն այն է՝ որ դուն այլեւս երիտասարդ մը չես եւ այդ է որ քեզ այսպէս մռնչել կուտայ , – քննադատեց զինքը մեծ մայրս:
– Բերանդ գոցէ՛, – սաստեց մեծ հայրս, բերանդ գոցէ՛, թէ չէ ապտակը կը հասնի:
Մեծ հայրս պահ մը աչքերը իր զաւակներուն եւ թոռներուն վրայ պտտցնելէ յետոյ շարունակեց.
– Ես այն կարծիքէն եմ որ ան Հէնֆըրտ երթալու է իր հեծանիւով: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը:
Բերան բացող չեղաւ:
– Ապա ուրեմն այդ հարցը վճռուած է, – եզրակացուց ան: Այժմ տեսնենք թէ ո՜վ երթալու է անոր հետ: Մեր անկարգ տղոցմէ ո՞ր մէկը պիտի կրէ Ճորգիին ընկերակցելու պատիժը: Եթէ երբեք գիրքի մը մէջ կարդալու ըլլաք թէ՝ ուրիշ քաղաքներ ճամբորդելը երիտասարդներու համար հաճելի փորձառութիւն մըն է, գիտցէ՛ք որ գիրքին հեղինակը ութսուն կամ իննիսունամեայ ծերուկ մըն է, որ իր տղայութեան օրերուն տունէն կառքով հեռացած է հազիւ երկու մղոն: Այժմ ո՞ր մէկը պատժելու է: Վա՞գգը: Պատժուողը Վա՞զգը պիտի ըլլայ: Առա՜ջ եկուր, տղա՜յ:
Վազգ ոտքի ելլելով կանգնեցաւ ծերունիին առջեւ: Մեծ հայրս խոժոռ ակնարկ մը նետեց անոր վրայ, պեխերը ոլորելով եւ կոկորդը մաքրելով: Ապա իր ձեռքը դրաւ անոր երեսին վրայ՝ զայն ամբողջապէս ծածկելով: Վազգ անշարժ կեցած էր:
– Կ՚ուզե՞ս Ճորգի հօրեղբօրդ հետ Հէնֆըրտ երթալ, – հարցուց մեծ հայրս:
– Եթէ այդ հաճոյք կը պատճառէ մեծ հօրս՝ կ՚երթամ, – պատասխանեց Վազգ:
Յայտնապէս ծերունին հարցը կը վերանկատէր՝ իր դէմքին տալով մասնաւոր ծամածռութիւն մը:
– Պահ մը մտածե՜նք, – յարեց ան: Ճորգի մեր տոհմի յիմար արարածներէն է, նմանապէս դուն: Չգիտեմ թէ ո՜րքան խոհեմութիւն պիտի ըլլար երկու յիմար կողք կողքի դնել:
Ապա ան դարձաւ միւսներուն:
– Կ՚ուզեմ լսել այս հարցին մասին ձեր ալ կարծիքները: Կը կարծէ՞ք թէ խոհեմութիւն կ՚ըլլայ միեւնոյն տոհմին պատկանող անչափահաս յիմար մը դնել չափահաս յիմարի մը կողքին. կրնա՞յ արդեօք այդ օգտակար ըլլալ մէկն ու մէկին: Յայտնեցէք ձեր կարծիքներն որ նկատի ունենամ զանոնք:
– Կը կարծեմ թէ այդ պիտի ըլլայ մեր ընելիք բնական բանը. խօսք առաւ Զօհրապ հօրեղբայրս: Այո՜. երկու յիմարներ կողք կողքի. չափահասը դուրսը կը գործէ, իսկ տղան տնական գործերու կը նայի եւ կերակուր կ՚եփէ:
– Թերեւս. ըսաւ մեծ հայրս: Մտածե՜նք: Երկու յիմարներ կողք կղոքի. մէկը դուրսը գործելու համար, իսկ միւսը տնական գործերու նայելու եւ կերակուր եփելու: Կերակուր կրնա՞ս եփել, տղա՜յ:
– Անտարակոյս կրնայ եփել, պատասխանեց մեծ մայրս: Ամէն պարագայի տակ գոնէ բրինձ կրնայ խաշել:
– Ճի՞շդ է թէ բրինձ կրնաս խաշել՞ տղա՜յ, հարց տուաւ մեծ հայրս: Չորս գաւաթ ջուր, մէկ գաւաթ բրինձ եւ մէկ թէյի դգալ աղ: Ասոնցմէ լակի տեղ կերակուր պատրաստելու գաղտնիքին ծանօ՞թ ես, թէ չէ մենք լոկ կ՚երազենք:
– Անտարակոյս կրնայ բրինձ խաշել, պնդեց մեծ մայրս:
– Հիմա բերնիդ ապտակ մը կ՚իջեցնեմ, սպառնաց մեծ հայրս: Տղան անլեզու չէ. թոյլ տո՜ւր որ ինք խօսի: Կրնա՞ս այդքանն ընել, տղա՜յ: Եթէ երբեք գրքի մէջ կարդալու ըլլաք թէ՝ տղեկ մը ծերուկի մը իմաստուն պատասխաններ տուած է, գիտցէք որ գրքին հեղինակը չափազանցելու սովոր հրեայ մըն է: Կրնա՞ս լակի տեղ կերակուր նմանցնել եփածդ, տղա՜յ:
– Ես բրինձ խաշած եմ որ կերակուրի նմանած է, – պատասխանեց Վազգ:
– Մէջը պէտք եղածին չափ աղ դրա՞ծ էիր, – հարցուց մեծ հայրս: Եթէ փորձուիս ստել, յիշէ ապտակս:
Վազգ րոպէ մը տատամսեցաւ:
– Կը տեսնեմ թէ բրինձի խօսքն ընելով քեզ քիչ մը նեղը ձգեցինք, նկատել տուաւ մեծ հայրս: Ոեւէ սխալ գործա՞ծ ես բրինձ եփած պահուդ: Ես միայն ճշմարտախօսութենէ հաճոյք կ՚առնեմ: Խօսէ՜ անվախօրէն: Եթէ անվախօրէն ճշմարտութիւնը խօսելու ըլլաս, մարդ աւելին չի կրնար պահանջել քեզմէ: Բրինձի կապակցութեամբ ի՞նչն է որ քեզ նեղը ձգեց:
– Շատ աղի էր, խոստովանեցաւ Վազգ: Այնքա՜ն աղի՝ որ ամբողջ օրը՝ գիշեր ցորեկ ջուր խմել ստիպուեցանք:
– Աւելորդ զարդարանքի հարկ չկայ. միայն ճշմարտութիւնն ըսէ՛ – բրինձը շատ աղի էր: Բնականաբար ամբողջ օրը՝ գիշեր ցորեկ ջուր պիտի խմէիք: Մեզմէ ամէն մէկն այդ տեսակ բրինձ ճաշակած : Մի՛ խորհիր թէ դուն միակ Հայն ես որ ամբողջ օրը՝ գիշեր ցորեկ ջուր խմած է: Միայն ըսէ՛ թէ բրինձը շատ աղի էր: Ես հոս եկած չեմ ձեզմէ բան սորվելու. ես ամէն ինչ գիտեմ: Միայն ըսէ՛ թէ բրինձը շատ աղի էր եւ թոյլ տուր որ ես ինքս որոշեմ թէ գացողը դուն պիտի ըլլաս թէ ոչ:

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Masquerade - Waltz
Aram Khachatryan

Masquerade - Waltz

March 10 1963 NY
March 10 1963 NY
Play Online