Vahan Tekeyan
Վերջին մրմունջք
Յիշատակներ գունդագունդ կը խուԺեն վրաս այս գիշեր...
Ինչ որ եղաւ ու չեղաւ կ'անցնի մտքիս առջեւէն՝
Արեւահատ, սովահար տղոց նման լուսեղէն,
Որոնց ես մահը տեսայ ու կը լսեմ ճիչը դեռ...։
Իմ ամբողջ կեանքս այս գիշեր. իր յոյսերով, յուշերով՝
Իր վարդերուն յոյսերով, իր յուշերով փուշերուն,
Կը գրաւէ սիրտս անսէր, կ'ողողէ աչքս անքուն,
Մինչեւ կոկորդս ան կ'ելլէ իբրեւ աղի, լեղի ծով...։
Ա՜հ, լաւագոյն է չըլլալ եւ լաւագոյն է հիմայ
Դադրիլ այլեւս ըլլալէ ու երթալ հոն ուր չըկայ
Ոչ ըսպասում, ոչ պատրանք, ոչ անցեալ, ոչ ապաքայ...։
Ալ հիմայ պէտք է, հոգիս, պատրաստըւիլ լռության,
Չաւաղելով, չողբալով, եւ մոռնալով յավիտեան
Գալարատանջ երգելու այս սփոփանքն ալ ունայն...։
Like
Save
Want to read
Be the first who will comment on this
Yatuk Music
George Gurdjieff
The Resurrection Of Christ
De Profundis
Play Online