Siamanto
Հարսին երազը
«Ու տարիներով մինաւորիկ՝ պատուհանիս առջեւ նստած՝
Ես քու ճամբուդ կը նայիմ, իմ սրտահատո՜ր հեռաւորս,
Ու այս գրով կ՚ուզեմ քեզի իմ մարմինիս ու մտքերուս
Անտէր սարսուռն անգամ մըն ալ երգելու…։
Ա՜հ, մեկնած օրուանդ արեգակը չե՞ս յիշեր,
Արցունքիս չափ առատ էր եւ համբոյրիս չափ հրաշո՜ւնչ,
Խոստումներուդ չափ բարի՛ էր եւ քու դարձիդ չափ արագ,
Մեկնած օրուանդ արեգակը եւ աղօթքներս չե՞ս յիշեր,
Երբ ջրին կուժն ես քու ձիուդ շուքին վրան սրսկեցի…
Որպեսզի քու առջեւէդ ծովերն ե՛տ դառնային,
Եւ ցամաքը ոտքերուդ տակը ծաղկոտէր…։
Ա՜հ, մեկնած օրուանդ արեգակը սե՜ւ գիշերի փոխուեցաւ…
Ու սպասումիս արցունքները տարիներու տարափին տակ,
Աչուըներէս, այտիս վրան, աստղերու պէս հոսելով՝
Անոնց վարդերն ահաւասիկ որ այրեցի՜ն…։
Ա՛լ կը բաւէ, քու ծարաւէդ ես իմ ծամերս փետտե՜լ կ՚ուզեմ,
Քու բաժակիդ գինիէն դեռ գինո՜վ եմ…
Ու բացակայ պերճ հասակէդ սգաւոր։
Յիշատակիդ ետեւէն ծովերուն պէս կը հառաչեմ,
Եւ ժամուն դուռը ծնկուըներս խոցոտելէն,
Արեւմուտքին դառնալով՝ կը պաղատիմ.
Ծովերն օր մը ծայրէ ի ծայր թո՜ղ ցամաքին,
Ու ակնթարթ մը երկու աշխարհը թո՜ղ իրարու մօտենան…
Այնուհետեւ արքայութեան ու արեւի ա՛լ պէտք չունիմ.
Վերադարձի՛ր մեր տնակին սեմին վրայ, ես քու ճամբուդ կը սպասեմ,
Ձեռքս պարապ քու ձեռքերէդ, սեւերովս քե՛զ կ՚երազեմ…
Վերադարձի՛ր, մեր պարտէզին պտուղներուն պէս անուշ,
Սրտիս սէրը քեզի համար իր համբոյրը կը պահէ։
Ա՜հ, իմ կաթնաթոյր կողերս դեռ մայրութիւն չի ճանչցան…
Եւ հարսանեկան իմ ոսկեթել քողերովս
Դեռ չի կրցայ խանձարուր մը զարդարել…
Ու որորանի մը առջեւ նստած դեռ չերգեցի՜, դեռ չերգեցի՜
Հայ մայրերուն մաքուր օրօրն երկնային…։
Վերադարձի՛ր, ա՛լ կարօտս կատար չունի,
Երբ սեւ գիշերն այսպէ՜ս կու գայ իր պատանքները քակել…
Երբ բուերը բակին մեջը իրարու դէմ կը վայեն,
Երբ հեծեծանքս կը հատնի եւ արցունքներս կ՚արիւնին…
Լքուած հարսի երազներուս մէջ մենաւոր,
Ես իմ ձեռքովս, դեւի մը պէս, ալ կը սկսիմ
Գլխուս վրան՝ իմ մօտաւոր գերեզմանիս հողը մաղե՜լ…»։