Misak Metsarents

Մթնշաղներ

Վերջալոյսի աղջիկն է իր կուսութեան մէջ քրքում.
Ինչո՜ւ մինակ մընացի երազիս հետ թախծագին.
Թմբիներու բոյրին տակ, նուռիներու ծաղիկին՝
Ա՜հ, ինչո՞ւ ես մընացի գիրկն երազին այս տրտում։

Ո՜վ դուն հիրիկ ծաղկանոյշ, երբ անցար հետ լոյսերուն,
Բան մը փլաւ հոգւոյս մէջ քայքայումով ողբագին,
Դարձիր քի՜չ մըն ալ Ժպտէ սա լուսաբաղձ հիւանդին՝
Որ քիչ առ քիչ կը մեռնի՜ կառչած իր խօլ յոյսերուն...։

Մութը կ'իջնէ հոգւո՜յս՝ ուր վաղո՜ւց գիշեր է արդէն.
Ըսպասումի՜ ցայգ՝ ուր դեռ շողաց լո՜յսն երազին.
Հազիւ քիչ մը բոյր ծըծած մոռացումին ես վարդէն
Նորէն քեզի՜ կը դառնամ, ա՜կն արեւիս ոսկեծին։

Լուսնի պայծառ տիւին տակ պիտի համրեմ անդադար,
Բուստէ զարկերն ոգեւոր՝ առոյգ սիրոյ երազին.
Ա՜հ, քիչ մը լո՜յս, Ժըպի՜տ մը՝ որ կեա՜նք ինծի պիտի տար,
Եւ փարատէր լըքումն՝ որ կը ծանրանայ իմ ուսին։

Եկո՜ւր, արդէն կը մըսի՜ն հէգ երազներն իմ որբուկ,
Ա՜լ յոգնած եմ անցնելէն կածաններէ մենաւոր,
Անձրեւ կ'իջնէ հոգւոյս մէջ, կը զգամ մահուան սրսըփուք,
Ձեռքս է պարապ մընացեր դատարկին մէջ սըգաւոր։

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Swinging Bach
David Balasanyan

Swinging Bach